Եհովան փառաբանել դպրոցին մէջ
Եհովան փառաբանել դպրոցին մէջ
ՀԱՄԱՅՆ աշխարհի մէջ, դեռատի Վկաներ դպրոցին մէջ Աստուած փառաբանելու կերպեր կը գտնեն,– թէ՛ իրենց խօսելակերպով եւ թէ վարքով։ Նկատէ անոնց նախանձախնդրութիւնը ցոյց տուող կարգ մը փորձառութիւններ։
Յունաստանի մէջ դեռատի Վկայի մը նշանակում տրուեցաւ, որ երկրագունդի մթնոլորտին ապականութեան մասին տեղեկագրութիւն մը պատրաստէ։ Դիտարանի գրականութիւններու նիւթերու ցանկ–ին մէջ փնտռելէ ետք, ան օգտակար տեղեկութիւններ գտաւ Զարթի՛ր պարբերաթերթին մէջ, եւ իր շարադրութեան եզրափակութեան մէջ նշեց թէ նիւթին աղբիւրը այս պարբերաթերթն էր։ Ուսուցչուհին իրեն ըսաւ թէ ասիկա իր կարդացած ամենալաւ շարադրութիւններէն մէկն էր։ Հետագային ուսուցչուհին տեղեկութիւնները գործածեց դասախօսաշարի մը մէջ, լաւ արդիւնք ձեռք ձգելով։ Ուստի դեռատի քոյրը որոշեց Զարթի՛ր–ի այլ թիւեր տալ ուսուցչուհիին, ի ներառեալ այն թիւը որ կը բովանդակէ՝ «Առանց ուսուցիչներուն ի՞նչ պիտի ընէինք» խորագրով յօդուածաշարքը։ Ուսուցչուհին դասարանին մէջ Զարթի՛ր պարբերաթերթը գովաբանեց, եւ աշակերտները սկսան զայն խնդրել։ Ուստի քոյրը զանազան թիւեր բերաւ դպրոց, որպէսզի աշակերտները կարենան զանոնք կարդալ։
Պենինի մէջ, Ափրիկէ, դեռատի Քրիստոնեայ մը անսովոր ճնշում մը դիմագրաւեց։ Ըստ տեղական սովորութեան, իր կարգ մը դասակիցներուն ծնողները համաձայնեցան դժուար նիւթերուն համար ուսուցիչներ վարձել, իրենց զաւակները քննութեան պատրաստելու։ Սակայն ուսուցիչները ընտրեցին Շաբաթ առաւօտուն դասաւանդել։ Դեռատի Վկան առարկեց. «Շաբաթ առաւօտ ամբողջ ժողովքը միասին կը քարոզէ։ Անիկա ինծի համար շաբթուան ամենէն ուրախ ժամանակն է եւ զայն բնա՛ւ ուրիշ բանի մը հետ չեմ փոխանակեր»։ Պատանուհիին հայրը, որ Վկայ մըն էր, համամիտ գտնուելով ջանաց դասընթացքի յայտագիրը փոխել, բայց ի զուր։ Պատանուհին որոշեց դասընթացքին չհետեւիլ եւ շարունակել ժողովքին հետ քարոզչութեան մասնակցիլ։ Իր դասակիցները զինք ծաղրեցին եւ քաջալերեցին որ հրաժարի վկայելէ ու իր Աստուածը պաշտելէ։ Անոնք վստահ էին թէ ան քննութեան մէջ պիտի ձախողէր։ Սակայն ճիշդ հակառակը պատահեցաւ. անոնք բոլորն ալ ձախողեցան, իսկ մեր դեռատի քոյրը յաջողեցաւ, եւ անշուշտ ծաղրանքը վերջ գտաւ։ Այժմ աշակերտները իրեն կ’ըսեն. «Պէ՛տք է շարունակես Աստուծոյդ ծառայել»։
Չեխ Հանրապետութեան մէջ, 12 տարեկան աղջնակ մը նշանակում ստացաւ, որ գիրքի մը մասին տեղեկագրութիւն պատրաստէ։ Անոր մայրը թելադրեց որ Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը գիրքը գործածէ։ Աղջնակը իր տեղեկագրութիւնը սկսաւ սա հարցումներով. «Ի՞նչ կը խորհիք։ Ո՞վ է ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը»։ Ան խօսեցաւ Յիսուսի, երկրի վրայ անոր ապրած կեանքին եւ անոր ուսուցումներուն մասին։ Ապա ան նկատի առաւ «Ներողամտութեան դաս մը» խորագրով գլուխը։ Ուսուցչուհին բացագանչեց. «Ասիկա լաւագոյն տեղեկագրութիւնդ է», եւ երախտագիտութեամբ գիրքէն օրինակ մը ընդունեց։ Դասակիցներէն ոմանք ալ գիրքը ուզեցին։ Յաջորդ օրը աղջնակը ուրախութեամբ 18 գիրք բաշխեց։
Այսպիսի դեռատիներ մեծապէս կ’ուրախանան դպրոցին մէջ Եհովան փառաբանելով։ Բոլորս թող ընդօրինակենք անոնց նախանձախնդրութիւնը։