«Երանի՜ անոնց որ գիտակից են իրենց հոգեւոր պէտքին»
«Երանի՜ անոնց որ գիտակից են իրենց հոգեւոր պէտքին»
ԵՐԲ թռչունները առաւօտուն կ’արթննան, յաճախ կը ճըւճըւան, ապա կը թռչին ուտելիք փնտռելու համար։ Երեկոյեան անոնք կը վերադառնան իրենց բոյնը, քիչ մը կը ճըւճըւան, ապա կը պառկին։ Անոնք որոշ եղանակներուն կը զուգաւորուին, հաւկիթ կ’ածեն եւ իրենց ձագերը կը մեծցնեն։ Այլ անասուններ ալ նման ընթացքի կը հետեւին։
Մարդ արարածը տարբեր է։ Ճիշդ է որ կ’ուտենք, կը քնանանք եւ կը բազմանանք, բայց գրեթէ բոլորս այս բաներով չենք բաւարարուիր։ Կ’ուզենք գիտնալ թէ ինչո՛ւ հոս ենք։ Մեր կեանքին մէջ իմաստ կը փնտռենք։ Նաեւ կ’ուզենք ապագայի նկատմամբ յոյս ունենալ։ Այս լուրջ կարիքները մարդկութեան յատուկ յատկութիւն մը ցոյց կու տան,– հոգեւորականութիւն, կամ հոգեւոր բաներու կարիք ու կարողութիւն ունենալ։
Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած
Աստուածաշունչը մարդկային բնոյթին հոգեւոր երեսակին պատճառը կը բացատրէ, ըսելով. «Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք»։ (Ծննդոց 1։27) «Աստուծոյ պատկերով» ստեղծուիլը կը նշանակէ թէ, մեղքով ու անկատարութեամբ արատաւորուած ըլլալով հանդերձ, մենք Աստուծոյ որոշ յատկութիւնները արտացոլացնելու կարողութիւն ունինք։ (Հռովմայեցիս 5։12) Օրինակ, կրնանք նորարար ըլլալ։ Նաեւ ունինք որոշ չափով իմաստութիւն, արդարութեան զգացում եւ իրարու հանդէպ անձնազոհ սէր ցուցաբերելու կարողութիւն։ Ասկէ զատ, կրնանք անցեալին մասին խորհրդածել եւ ապագային համար ծրագրել։—Առակաց 4։7. Ժողովողի 3։1, 11. Միքիայ 6։8. Յովհաննու 13։34. Ա. Յովհաննու 4։8
Աստուած պաշտելու մեր բնածին փափաքը յստակօրէն կը յայտնէ մեր հոգեւոր կարողութիւնը։ Եթէ մեր Ստեղծիչին հետ հաղորդակցելու կարիքը պատշաճօրէն չլեցնենք, իսկական ու մնայուն երջանկութիւն չենք կրնար Մատթէոս 5։3, ՆԱ) Սակայն զգոյշ պէտք է ըլլանք որ այդ կարիքը գոհացնենք հոգեւոր ճշմարտութիւնով,– իրողութիւններ Աստուծոյ, իր չափանիշներուն եւ մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակին մասին։ Հոգեւոր ճշմարտութիւնը ո՞ւր կրնանք գտնել։ Աստուածաշունչին մէջ։
գտնել։ Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ անոնց որ գիտակից են իրենց հոգեւոր պէտքին»։ («Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է»
Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Պօղոսի խօսքերը ներդաշնակ են Յիսուսի խօսքերուն հետ, որ աղօթքի մը մէջ Աստուծոյ ըսաւ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է»։ Ներկայիս այդ Խօսքը կը ճանչնանք որպէս Սուրբ Գիրք կամ Աստուածաշունչ, եւ մեր կողմէ խոհեմութիւն է քննել թէ մեր հաւատալիքներն ու չափանիշները անոր հետ ներդաշնա՞կ են կամ ոչ։—Յովհաննու 17։17
Մեր հաւատալիքները Աստուծոյ Խօսքին հետ համեմատելով, վաղեմի Բերիայի ժողովուրդը կ’ընդօրինակենք, որոնք ստուգեցին թէ Պօղոսի ուսուցումները Սուրբ Գրութիւններուն հետ ներդաշնակ էին։ Փոխանակ Բերիացիները քննադատելու, Ղուկաս անոնց կեցուածքը գովեց։ Ան գրեց. «Ասոնք . . . Աստուծոյ խօսքը կատարեալ յօժարութեամբ ընդունեցին եւ ամէն օր գրքերը կը քննէին թէ այս բաները ճի՞շդ են»։ (Գործք 17։11) Համատարած կրօնական ու բարոյական հակասական ուսուցումներուն ի տես, կարեւոր է որ ազնուամիտ Բերիացիներու օրինակին հետեւինք։
Հոգեւոր ճշմարտութիւնը բնորոշելու ուրիշ կերպ մըն է՝ տեսնել թէ անիկա մարդոց կեանքին ի՛նչպէս կ’ազդէ։ (Մատթէոս 7։17) Օրինակ, աստուածաշնչական ճշմարտութեան համաձայն ապրելով անհատը պէտք է ըլլայ աւելի լաւ ամուսին, աւելի լաւ հայր, աւելի լաւ կին կամ աւելի լաւ մայր, ընտանեկան երջանկութիւնը աւելցնելով ու գոհունակութիւնը խորացնելով։ Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն»։—Ղուկաս 11։28
Յիսուսի խօսքերը մեր միտքը կը բերեն իր երկնաւոր Հօր խօսքերը, որ վաղեմի Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ։ Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար»։ (Եսայեայ 48։17, 18) Վստահաբար այս սիրալիր կոչը բարութիւն ու արդարութիւն սիրող բոլոր անհատներուն սիրտին կը դպչի։
Ոմանք կը նախընտրեն ‘զիրենք հաճոյացնող բաներու մասին լսել’
Աստուած այդ սրտագին կոչը Իսրայելացիներուն ուղղեց, քանի որ կրօնական սուտերով մոլորուած էին։ (Սաղմոս 106։35-40) Մենք ալ ստութիւններէ պէտք է զգուշանանք։ Դաւանեալ Քրիստոնեաներու մասին Պօղոս գրեց. «Ժամանակ պիտի գայ, երբ մարդիկ ականջ պիտի չկախեն առողջ վարդապետութեան, այլ՝ իրենց սեփական ցանկութիւններուն համապատասխանող եւ զիրենք հաճոյացնող բաներու մասին խօսող ուսուցիչներ պիտի փնտռեն։ Պիտի չուզեն ճշմարտութիւնը լսել»։—Բ. Տիմոթէոս 4։3, 4, Անթիլիաս
Կրօնական առաջնորդները կը խօսին մարդիկ հաճոյացնող բաներու մասին, սխալ ցանկութիւնները յագեցնող արարքներուն աչք գոցելով, ինչպէս՝ արտամուսնական սեռը, միասեռականութիւնը եւ գինովութիւնը։ Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. Հռովմայեցիս 1։24-32
Աստուածաշունչը յստակօրէն կ’ըսէ թէ այսպիսի բաներու հաւանութիւն տուողները եւ զանոնք ընողները՝ «Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն»։—Անտարակոյս Աստուածաշունչի չափանիշներուն համաձայն ապրիլը քաջութիւն կը պահանջէ, մանաւանդ ծաղրանքի դիմաց։ Եհովայի Վկաներուն մէջ շատեր կան, որոնք անցեալին թմրամոլներ, գինեմոլներ, պոռնիկներ, կռուամոլներ, գողեր ու ստախօսներ էին։ Այսուհանդերձ անոնք Աստուծոյ Խօսքը լուրջի առին եւ սուրբ հոգիին օգնութեամբ իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցուցին, որպէսզի «Տէրոջը արժանի կերպով քալեն»։ (Կողոսացիս 1։9, 10. Ա. Կորնթացիս 6։11) Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն ունենալով, անոնք նաեւ ներքին խաղաղութիւն եւ ապագայի նկատմամբ իսկական յոյս ձեռք ձգեցին։
Թագաւորութեան յոյսը
Հնազանդ մարդոց մնայուն խաղաղութիւն բերելու աստուածաշնչական յոյսը պիտի իրագործուի Աստուծոյ Թագաւորութեան միջոցով։ Յիսուս իր տիպար աղօթքին մէջ ըսաւ. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ (Մատթէոս 6։10) Այո, միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ երաշխաւորել որ Աստուծոյ կամքը պիտի կատարուի երկրի վրայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այս երկնային Թագաւորութիւնը,– Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած կառավարութիւնը,– Աստուծոյ միջոցն է երկրագունդի վրայ Իր արդարացի գերիշխանութիւնը արտայայտելու։—Սաղմոս 2։7-12. Դանիէլ 7։13, 14
Այդ երկնային Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլալով, Յիսուս Քրիստոս հնազանդ մարդիկը պիտի ազատագրէ ամէն տեսակ ստրկութենէ, ի ներառեալ Ադամական մեղքէն եւ անոր բերած հիւանդութիւններէն ու մահէն։ Յայտնութիւն 21։3, 4–ը կ’ըսէ. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ . . . Եւ ինք [Եհովա Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։
Համայն աշխարհի մէջ մնայուն խաղաղութիւն պիտի տիրէ։ Ինչո՞ւ ասկէ վստահ ենք։ Եսայեայ 11։9–ն պատճառը կը յայտնէ. «Անոնք [Թագաւորութեան հպատակները] պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ Այո, երկրի վրայ ամէն մարդ Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւն պիտի ունենայ եւ իրեն հնազանդ պիտի ըլլայ։ Այս հեռանկարը սիրտդ կ’ոգեւորէ՞։ Եթէ այո՛, հիմա է ժամանակը որ սկսիս «Տէրոջը գիտութիւն»ը իւրացնել։
Թագաւորութեան պատգամը մտիկ պիտի ընե՞ս
Թագաւորութեան միջոցով Աստուած Սատանայի բոլոր գործերը պիտի խափանէ եւ մարդոց պիտի սորվեցնէ իր արդար ճամբաները։ Ուստի զարմանալի չէ որ Թագաւորութիւնը Յիսուսի ուսուցումին առանցքը կազմեց։ Ան ըսաւ. «Պէտք է ինծի որ . . . Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ»։ (Ղուկաս 4։44) Քրիստոս իր աշակերտներուն պատուիրեց որ այս նոյն պատգամը ուրիշներուն հետ բաժնեն։ (Մատթէոս 28։19, 20) Ան նախագուշակեց. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։14) Այդ վերջը շատ մօտեցած է։ Հետեւաբար որքա՜ն կարեւոր է որ պարկեշտաբարոյ անհատներ մտիկ ընեն փրկաբեր բարի լուրը։
Նախորդ յօդուածին մէջ նշուած Ալպերթը Թագաւորութեան պատգամը լսեց, երբ իր կինն ու տղան սկսան Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Սկիզբը, Ալպերթ կասկածեցաւ։ Ան նոյնիսկ տեղական կղերականէ մը խնդրեց որ իր կնոջ ու տղուն այցելէ, Վկաները քօղազերծելու համար, բայց ան չուզեց խառնուիլ։ Ուստի Ալպերթ որոշեց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուիլ, սխալներ գտնելու համար։ Միայն մէկ նիստէ ետք, ան սկսաւ ուսումնասիրութեան մասնակցիլ, եւ ուզեց աւելին գիտնալ։ Հետագային ան բացատրեց թէ ինչո՛ւ իր կեցուածքը փոխեց, ըսելով. «Ասիկա ճիշդ իմ փնտռածս էր»։
Ի վերջոյ, Ալպերթ սկսաւ իր հոգեւոր կարիքը լեցնել։ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը իրեն տուաւ ի՛նչ որ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան կը փնտռէր,– ընկերութենէն ներս թափանցած անարդարութեան ու փտածութեան լուծումը եւ ապագայի նկատմամբ յոյս մը։ Ան Աստուածաշունչի ճշմարտութեան շնորհիւ ներքին խաղաղութիւն ունեցաւ։ Քու հոգեւոր կարիքիդ գոհացում կը տրուի՞։ Լաւ կ’ըլլայ որ կարդաս էջ 6–ի շրջանակին բովանդակած հարցումները։ Եթէ կը փափաքիս յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ, Եհովայի Վկաները սիրով պիտի ուզեն քեզի օգտակար ըլլալ։
[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 6]
ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԱՐԻՔԻԴ ԳՈՀԱՑՈՒՄ ԿԸ ՏՐՈՒԻ՞
Քու ստացած հոգեւոր սնունդովդ գո՞հ ես։ Կը հրաւիրենք քեզ որ հետեւեալ հարցումները կարդաս եւ նշան դնես այն հարցումին քով, որուն շիտակ պատասխանը գիտես։
□ Ո՞վ է Աստուած, եւ ի՞նչ է իր անունը։
□ Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս։ Ան ինչո՞ւ պէտք էր մեռնէր։ Անոր մահը ի՞նչպէս կրնայ քեզի օգտել։
□ Սատանան գոյութիւն ունի՞։ Եթէ այո՛, ան ի՞նչպէս մէջտեղ եկած է։
□ Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք։
□ Ի՞նչ է Աստուծոյ նպատակը երկրին ու մարդկութեան համար։
□ Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։
□ Ի՞նչ են Աստուծոյ բարոյական չափանիշները։
□ Ընտանիքէն ներս, Աստուած ամուսինին ու կնոջ ի՞նչ դերեր նշանակած է։ Ի՞նչ են Աստուածաշունչի կարգ մը սկզբունքները, որոնք ընտանեկան երջանկութեան կը նպաստեն։
Եթէ այս հարցումներէն որեւէ մէկուն պատասխանէն վստահ չես, կրնաս Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ գրքոյկը ապսպրել։ Այս գրքոյկը, որ շուրջ 300 լեզուներով հրատարակուած է Եհովայի Վկաներուն կողմէ, կը քննարկէ աստուածաշնչական 16 հիմնական նիւթեր եւ վերոյիշեալ բոլոր հարցումներուն կը պատասխանէ։
[Նկարներ՝ էջ 4]
Անասուններուն հակառակը, մարդ արարածը հոգեւոր կարիք ունի
[Նկար՝ էջ 5]
«Զիրենք հաճոյացնող բաներու մասին խօսող ուսուցիչներ պիտի փնտռեն»։—Բ. Տիմոթէոս 4։3, Անթիլիաս
[Նկար՝ էջ 7]
Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութիւնը մնայուն խաղաղութիւն պիտի բերէ