Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երրորդ Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

Երրորդ Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Երրորդ Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

«ԵԹԷ արդարները զօրանան, ժողովուրդը կ’ուրախանայ, բայց երբ ամբարիշտը իշխանութիւն ունենայ, ժողովուրդը կը հեծէ»։ (Առակաց 29։2) Աստուածաշունչի Գ. Թագաւորաց գիրքը վառ կերպով կ’ապացուցանէ այս առակին ճշմարիտ ըլլալը։ Անիկա Սողոմոնի կենսագրութիւնը կը պատմէ, որուն իշխանութեան ընթացքին վաղեմի Իսրայէլ ապահովութիւն ու մեծ բարգաւաճութիւն կը վայելէ։ Գ. Թագաւորաց գիրքը նաեւ կը խօսի Սողոմոնի մահէն ետք ազգին բաժանման մասին, եւ 14 թագաւորներու մասին, որոնք իշխեցին Իսրայէլի եւ Յուդայի մէջ։ Անոնցմէ միայն երկու թագաւոր յարատեւաբար Եհովայի հաւատարիմ էին։ Ասկէ զատ, գիրքը վեց մարգարէներու գործունէութիւնները կը պատմէ, ի ներառեալ՝ Եղիայի գործունէութիւնը։

Երեմիա մարգարէն գիրքը գրեց Երուսաղէմի ու Յուդայի մէջ, եւ արձանագրութիւնը կը ծածկէ շուրջ 129 տարի,– Հ.Դ.Ա. 1040–էն մինչեւ Հ.Դ.Ա. 911։ Գիրքը գրելու ատեն, Երեմիա ակներեւօրէն օգտագործեց կարգ մը հին աղբիւրներ, ինչպէս՝ «Սողոմոնին պատմութեան գիրքը»։ Այդ արձանագրութիւնները այլեւս գոյութիւն չունին։—Գ. Թագաւորաց 11։41. 14։19. 15։7

ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԹԱԳԱՒՈՐ ՄԸ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՌԱՋԱՑՆԷ

(Գ. Թագաւորաց 1։1–11։43)

Գ. Թագաւորաց գիրքը կը սկսի այն հետաքրքրաշարժ դրուագով թէ Դաւիթ թագաւորի որդին՝ Ադոնիա կը փորձէ իր հօր գահը խլել։ Նաթան մարգարէին արագօրէն գործի լծուիլը ծրագիրը կը խափանէ, եւ Դաւիթի որդին՝ Սողոմոն կը գահակալուի։ Եհովա նորաթագ թագաւորին խնդրանքին կը հաւանի եւ անոր կու տայ «իմաստուն ու հանճարեղ սիրտ մը», ինչպէս նաեւ ‘հարստութիւն ու փառք’։ (Գ. Թագաւորաց 3։12, 13) Թագաւորին իմաստութիւնը անզուգական է, իսկ անոր հարստութիւնը՝ անհամեմատելի։ Իսրայէլ խաղաղութեան եւ բարգաւաճութեան ժամանակաշրջան մը կը վայելէ։

Սողոմոն կ’ամբողջացնէ կարգ մը շինարարական ծրագիրներ, ինչպէս՝ Եհովայի տաճարը եւ կառավարական շէնքեր։ Եհովա զինք կը հաւաստիացնէ. «Քու թագաւորութեանդ աթոռը Իսրայէլի վրայ յաւիտեան պիտի հաստատեմ», պայմանաւ որ ան հնազանդ մնայ։ (Գ. Թագաւորաց 9։4, 5) Ճշմարիտ Աստուածը նաեւ զինք կը զգուշացնէ անհնազանդութեան հետեւանքներէն։ Սակայն Սողոմոն բազմաթիւ օտարազգի կիներ կ’առնէ, եւ անոնց ազդեցութեամբ կը սկսի սուտ պաշտամունք մատուցանել իր յառաջացած տարիքին։ Եհովա կը նախագուշակէ թէ անոր թագաւորութիւնը պիտի բաժնուի։ Հ.Դ.Ա. 997–ին Սողոմոն կը մահանայ եւ իր 40 տարուան իշխանութիւնը վերջ կը գտնէ։ Անոր որդին՝ Ռոբովամ գահ կը նստի։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։5—Ադոնիա ինչո՞ւ փորձեց գահին վրայ ձեռք դնել, մինչ Դաւիթ տակաւին ողջ էր։ Աստուածաշունչը ոչինչ կ’ըսէ։ Սակայն տրամաբանական է եզրակացնել թէ Ադոնիայի երէց եղբայրները՝ Ամնոն, Աբիսողոմ եւ հաւանաբար Քիլաբ, արդէն մահացած ըլլալով, ան խորհեցաւ որ ի՛նք գահաժառանգն էր որպէս Դաւիթի ողջ զաւակներուն երիցագոյնը։ (Բ. Թագաւորաց 3։2-4. 13։28, 29. 18։14-17) Զօրաւոր սպարապետ Յովաբի եւ հեղինակաւոր քահանայապետ Աբիաթարի աջակցութիւնը ունենալով, Ադոնիա հաւանաբար վստահ էր որ իր փորձը պիտի յաջողէր։ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ ան գիտէր որ Դաւիթ մտադրած էր գահը Սողոմոնի յանձնել։ Ադոնիա «գէր անասուններ մորթեց», բայց Սողոմոնը եւ Դաւիթի հաւատարիմ եղողները չհրաւիրեց։ (Գ. Թագաւորաց 1։9, 10) Ասիկա կը թելադրէ թէ ան Սողոմոնը մրցակից նկատեց։

1։49-53. 2։13-25—Սողոմոն ինչո՞ւ Ադոնիան սպաննեց, իրեն ներում շնորհելէ ետք։ Թէեւ Բերսաբէ չըմբռնեց, բայց Սողոմոն զատորոշեց թէ Ադոնիա ի՛նչ դիտաւորութեամբ կը խնդրէր Աբիսակը որպէս կին առնել։ Գեղեցիկ Աբիսակ Դաւիթի հարճը սեպուեցաւ, թէեւ Դաւիթ անոր հետ պառկած չէր։ Այդ ժամանակուան սովորութեան համաձայն, ան միայն Դաւիթի օրինաւոր ժառանգորդին պիտի պատկանէր։ Ադոնիա թերեւս խորհեցաւ որ Աբիսակը իբր կին առնելով, կրնար ետքը դարձեալ փորձել գահը խլել։ Ադոնիայի խնդրանքը նկատելով թագաւոր ըլլալու ցանկութեան դրսեւորում, Սողոմոն ներումը չեղեալ սեպեց։

6։37–8։2—Տաճարին նաւակատիքը ե՞րբ տեղի ունեցաւ։ Տաճարը ամբողջացաւ Հ.Դ.Ա. 1027–ի ութերորդ ամսուան մէջ, Սողոմոնի իշխանութեան 11–րդ տարին։ Այդպէս կը թուի թէ կահաւորումը եւ այլ պատրաստութիւններ տեսնելը 11 ամիս առին։ Նաւակատիքը տեղի ունեցած ըլլալու է Հ.Դ.Ա. 1026–ի եօթներորդ ամսուան մէջ։ Արձանագրութիւնը կը նկարագրէ այլ շինարարական ծրագիրներ, տաճարը ամբողջանալէ ետք եւ անոր նաւակատիքը նշելէ առաջ, ակներեւօրէն շինարարութիւններուն մասին տեղեկութիւնը ամբողջացնելու համար։—Բ. Մնացորդաց 5։1-3

9։10-13—Մովսիսական Օրէնքին հետ ներդաշնա՞կ էր ինչ որ Սողոմոն ըրաւ, Տիւրոսի թագաւորին՝ Քիրամի 20 քաղաք տալով Գալիլիայի երկրին մէջ։ Օրէնքին նշածը Ղեւտացւոց 25։23, 24–ի մէջ, հաւանաբար կը կիրարկուէր միայն Իսրայելացիներուն բնակած շրջանին։ Կրնայ ըլլալ որ Քիրամի տրուած քաղաքները բնակուած էին ոչ–Իսրայելացիներու կողմէ, թէեւ Խոստացեալ Երկրի սահմանէն ներս կը գտնուէին։ (Ելից 23։31) Սողոմոնի ըրածը նաեւ կրնայ նշել թէ ան կատարելապէս Օրէնքին չենթարկուեցաւ, ինչպէս երբ ‘իրեն համար ձիեր շատցուց’ եւ բազմաթիւ կիներ առաւ։ (Բ. Օրինաց 17։16, 17) Յամենայն դէպս, Քիրամ նուէրէն գոհ չէր։ Թերեւս քաղաքները լաւ վիճակի մէջ չէին՝ իրենց հեթանոս բնակիչներուն անհոգութեան պատճառով, կամ անկարեւոր վայրերու մէջ կը գտնուէին։

11։4—Ծերութի՞ւնը պատճառ եղաւ որ Սողոմոն իր յառաջացած տարիքին անհաւատարիմ դառնայ։ Ծերութիւնը հաւանաբար դեր չունէր։ Սողոմոն շատ երիտասարդ էր երբ սկսաւ իշխել, եւ 40 տարի թագաւորելով հանդերձ, խոր ծերութեան չհասաւ։ Ասկէ զատ, ան Եհովայէ բոլորովին չհեռացաւ։ Ըստ երեւոյթին, ան փորձեց միջդաւանութեան կերպ մը կիրարկել։

Դասեր՝ մեզի համար.

2։26, 27, 35. Եհովայի նախագուշակած բանը միշտ կը կատարուի։ Հեղիի զարմէն եղող Աբիաթարի պաշտօնազրկումը, «Հեղիին տանը համար Տէրոջը ըսած խօսքը» կատարեց։ Իսկ Փենէհէսի զարմէն եղող Սադովկ Աբիաթարի տեղը առնելով, Թուոց 25։10-13–ը կատարուեցաւ։—Ելից 6։25. Ա. Թագաւորաց 2։31. 3։12. Ա. Մնացորդաց 24։3

2։37, 41-46. Որքա՜ն վտանգաւոր է խորհիլ թէ կրնանք Աստուծոյ օրէնքը բեկանել ու անպատիժ մնալ։ ‘Դէպի կեանք տանող նեղ ճամբայէն’ դիտումնաւոր կերպով դուրս ելլողները, իրենց անխոհեմ որոշումին հետեւանքները պիտի կրեն։—Մատթէոս 7։14

3։9, 12-14. Եհովա կը պատասխանէ իր ծառաներուն անկեղծ աղօթքներուն, երբ կը խնդրեն հարկ եղած իմաստութիւնը, հասկացողութիւնն ու ուղղութիւնը որ իր ծառայութիւնը կատարեն։—Յակոբու 1։5

8։22-53. Սողոմոն Եհովայի հանդէպ սրտագին գնահատանք արտայայտեց, նշելով թէ ան հաւատարիմ սիրոյ Աստուած, խոստումներ Կատարող եւ աղօթքի Լսող է։ Նաւակատիքի աղօթքին վրայ խոկալը պիտի օգնէ որ խորապէս գնահատենք Աստուծոյ անձնաւորութեան այդ եւ այլ երեսակները։

11։9-14, 23, 26. Հետագային երբ Սողոմոն անհնազանդ դարձաւ, Եհովա հակառակորդներ մէջտեղ հանեց։ Պետրոս առաքեալ կ’ըսէ. «Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։—Ա. Պետրոս 5։5

11։30-40. Յերոբովամի վերաբերեալ Աքիայի մարգարէացած բաներուն համար, Սողոմոն թագաւոր ջանաց Յերոբովամը սպաննել։ Թագաւորը շուրջ 40 տարի առաջ շատ տարբեր կեցուածք մը ունէր, երբ մերժեց Ադոնիայէ եւ միւս դաւադիրներէն վրէժ առնել։ (Գ. Թագաւորաց 1։50-53) Անոր վերաբերմունքը փոխուեցաւ, քանի որ Եհովայէ հեռացաւ։

ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԱԺՆՈՒԻ

(Գ. Թագաւորաց 12։1–22։54)

Յերոբովամ եւ ժողովուրդը Ռոբովամ թագաւորին քով կու գան եւ կը խնդրեն որ իր հօր՝ Սողոմոնի պարտադրած բեռը թեթեւցնէ։ Փոխանակ անոնց խնդրանքը շնորհելու, Ռոբովամ կը սպառնայ բեռը ծանրացնել։ Տասը տոհմեր կ’ապստամբին ու Յերոբովամը կը թագադրեն, թագաւորութիւնը երկու մասի բաժնելով։ Ռոբովամ կ’իշխէ հարաւային թագաւորութեան վրայ, որ Յուդայի ու Բենիամինի տոհմերէն կը բաղկանայ, իսկ Յերոբովամ կ’իշխէ Իսրայէլի տասը–ցեղեան հիւսիսային թագաւորութեան վրայ։

Որպէսզի ժողովուրդը պաշտամունքի համար Երուսաղէմ չերթայ, Յերոբովամ երկու ոսկիէ հորթ կը շինէ,– մէկը Դանի մէջ, իսկ միւսը Բեթէլի մէջ։ Յերոբովամէ ետք Իսրայէլի մէջ իշխող կարգ մը թագաւորներն են՝ Նադաբ, Բաասա, Էլա, Զամբրի, Թաբնի, Ամրի, Աքաաբ եւ Ոքոզիա։ Իսկ Յուդայի մէջ Ռոբովամի կը յաջորդեն Աբիա, Ասա, Յովսափատ եւ Յովրամ։ Այս թագաւորներուն ժամանակ գործունեայ եղող մարգարէներէն ոմանք են՝ Աքիա, Սեմայիա, Աստուծոյ անանուն մարդը, Յէու, Եղիա եւ Միքիա։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

18։21—Ժողովուրդը ինչո՞ւ լուռ մնաց, երբ Եղիա ըսաւ որ կա՛մ Եհովայի եւ կամ Բահաղի հետեւին։ Հաւանաբար անոնք անդրադարձան որ Եհովայի չէին մատուցանած իր պահանջած բացարձակ պաշտամունքը, եւ հետեւաբար յանցաւոր զգացին։ Կամ՝ թերեւս անոնց խղճմտանքը ա՛յնքան կարծրացած էր, որ սխալ չնկատեցին Բահաղը պաշտել մինչ կը դաւանէին Եհովայի երկրպագուներ ըլլալ։ Միայն Եհովայի զօրութիւնը տեսնելէ ետք, անոնք ըսին. «Եհովան է Աստուած, Եհովան է Աստուած»։—Գ. Թագաւորաց 18։39

20։34—Եհովա Աքաաբի յաղթանակ տալէ ետք Սուրիացիներուն վրայ, Աքաաբ ինչո՞ւ անոնց թագաւորը՝ Բենադադը չսպաննեց։ Փոխանակ Բենադադը սպաննելու, Աքաաբ անոր հետ դաշինք կնքեց, որուն համաձայն փողոցներ պիտի շինէր Սուրիայի մայրաքաղաքին՝ Դամասկոսի մէջ, ակներեւօրէն շուկաներ հաստատելու համար։ Նախապէս Բենադադի հայրը նոյն կերպով Սամարիայի մէջ հրապարակներ շինած էր առեւտրական նպատակներով։ Ուստի Բենադադ ազատ արձակուեցաւ, որպէսզի Աքաաբ կարենար առեւտրական շահագրգռութիւններ հաստատել Դամասկոսի մէջ։

Դասեր՝ մեզի համար.

12։13, 14. Երբ կենսական որոշումներ պիտի կայացնենք, իմաստուն ու հասուն անհատներու խրատը պէտք է փնտռենք, որոնք Սուրբ Գրութիւններուն լաւատեղեակ են եւ աստուածային սկզբունքները մեծապէս կը յարգեն։

13։11-24. Կասկածելի թուող խրատը կամ թելադրութիւնը, նոյնիսկ եթէ տրուի բարենպատակ հաւատակիցի մը կողմէ, պէտք է համեմատուի Աստուծոյ Խօսքին ողջամիտ ուղղութեան հետ։—Ա. Յովհաննու 4։1

14։13. Եհովա մեզ կը քննէ, մեր մէջ բարի բան մը փնտռելով։ Այդ բարի բանը որքա՛ն ալ աննշան ըլլայ, ան կ’աճեցնէ զայն մինչ մեր լաւագոյնը կ’ընենք իրեն ծառայելու։

15։10-13. Խիզախօրէն պէտք է մերժենք հաւատուրացութիւնը եւ յառաջացնենք ճշմարիտ պաշտամունքը։

17։10-16. Սարեփթայի այրին Եղիան ընդունեց որպէս մարգարէ, եւ Եհովա անոր հաւատքի արարքները օրհնեց։ Այսօր, Եհովա նաեւ մեր հաւատքի արարքները կը նկատէ, եւ Թագաւորութեան գործին զանազան կերպերով թիկունք կանգնողները կը վարձատրէ։—Մատթէոս 6։33. 10։41, 42. Եբրայեցիս 6։10

19։1-8. Խիստ հակառակութեան դիմաց, Եհովայի զօրակցութենէն կրնանք վստահ ըլլալ։—Բ. Կորնթացիս 4։7-9

19։10, 14, 18. Ճշմարիտ երկրպագուները երբեք առանձին չեն։ Անոնք Եհովան եւ իրենց համաշխարհային եղբայրութիւնը ունին։

19։11-13. Եհովա բնութեան մէկ աստուածը կամ բնութեան ուժերուն մարմնացումը չէ։

20։11. Երբ Բենադադ Սամարիան կործանելու նկատմամբ յոխորտաց, Իսրայէլի թագաւորը պատասխանեց. «Իր զէնքը մէջքը կապողը [առ ի պատրաստութիւն պատերազմելու, կռիւէն յաղթական վերադառնալէ ետք] զանիկա մէջքէն հանողի պէս չպարծի»։ Երբ նոր պարտականութիւն մը դիմագրաւենք, պէտք է զգուշանանք սնապարծի մը ցուցաբերած չափազանց ինքնավստահութիւնը ունենալէ։—Առակաց 27։1. Յակոբու 4։13-16

Մեզի համար մեծ արժէք ունի

Սինա լերան մօտ Օրէնքին տրուիլը պատմելով, Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Ահա ես այսօր ձեր առջեւ օրհնութիւն ու անէծք կը դնեմ. Օրհնութիւնը՝ եթէ հնազանդութիւն ընէք ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքներուն, որոնք ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ, եւ անէծքը՝ եթէ ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքներուն չհնազանդիք ու խոտորիք այն ճամբայէն, որ ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ»։—Բ. Օրինաց 11։26-28

Այս էական ճշմարտութիւնը որքա՜ն յստակօրէն մեր ուշադրութեան կը յանձնուի Գ. Թագաւորաց գիրքին մէջ։ Ինչպէս տեսանք, այս գիրքը նաեւ կը սորվեցնէ արժէքաւոր այլ դասեր։ Արդարեւ անոր պատգամը կենդանի ու զօրեղ է։—Եբրայեցիս 4։12

[Նկար՝ էջ 9]

Սողոմոն տաճարը եւ այլ շէնքեր կառուցանեց