Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ծնողնե՛ր, ձեր ընտանիքին կարիքները հոգացէք

Ծնողնե՛ր, ձեր ընտանիքին կարիքները հոգացէք

Ծնողնե՛ր, ձեր ընտանիքին կարիքները հոգացէք

«Եթէ մէկը իրեններուն . . . հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է»։—Ա. Տիմոթէոս 5։8

1, 2. (ա) Ինչո՞ւ քաջալերական է տեսնել ընտանիքներ քրիստոնէական ժողովներուն մէջ։ (բ) Ընտանիքը ի՞նչ կարգ մը մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, ճիշդ ժամանակին ժողովներուն հասնելու համար։

ԵՐԲ ժողովասրահին մէջ ժողովը չսկսած շուրջդ նայիս, կը տեսնես մաքուր ու կոկիկ հագուած երախաներ, որոնք իրենց ծնողներուն քով նստած են։ Հաճելի չէ՞ տեսնել այս ընտանիքներուն ցուցաբերած սէրը Եհովայի եւ իրարու հանդէպ։ Սակայն դիւրաւ կը մոռցուի այն մեծ ջանքը որ ընտանիքը կը թափէ, ճիշդ ժամանակին ժողովներուն հասնելու համար։

2 Ծնողները յաճախ օրն ի բուն զբաղած կ’ըլլան, իսկ ժողովի երեկոները՝ ընտանիքին յայտագիրը աւելի խճողուած կ’ըլլայ։ Ընթրիք պիտի պատրաստուի, առտնին գործեր պիտի կատարուին ու դպրոցական պարտականութիւններ պիտի ամբողջացուին։ Ծնողները ամենածանր բեռը կը կրեն, վստահ ըլլալով որ իւրաքանչիւր երախայ մաքուր է, կերած է ու պատրաստ է։ Անշուշտ անակնկալ բաներ կրնան անյարմար ժամանակին երախաներուն պատահիլ։ Անդրանիկ զաւակը խաղալու ատեն իր տաբատը կը պատռէ։ Կրտսերը իր ճաշը կը թափէ։ Երախաները կը սկսին իրարու հետ վիճիլ։ (Առակաց 22։15) Արդի՞ւնքը։ Նոյնիսկ բծախնդիր ծնողական ծրագիրը կրնայ խանգարուիլ։ Այսուհանդերձ, գրեթէ միշտ ընտանիքը Թագաւորութեան Սրահ կը հասնի՝ ժողովը սկսելէն առաջ։ Ի՜նչ քաջալերական է զանոնք հոն տեսնել շաբաթէ շաբաթ, տարուէ տարի, մինչ երախաները կը մեծնան եւ կը սկսին Եհովայի ծառայել։

3. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Եհովա ընտանիքները մեծապէս կ’արժեւորէ։

3 Թէեւ որպէս ծնող պարտականութիւնդ երբեմն դժուար է, նոյնիսկ՝ մաշեցուցիչ, կրնաս վստահ ըլլալ թէ Եհովա ջանքերդ մեծապէս կ’արժեւորէ։ Եհովա ընտանեկան կարգադրութեան ծագում տուողն է։ Իր Խօսքը կ’ըսէ թէ ամէն ընտանիք իրմէ «անուն կ’առնէ»,– կամ գոյութիւն կը ստանայ։ (Եփեսացիս 3։14, 15) Ուստի, երբ ծնողները կը ջանան իրենց ընտանեկան դերերը շիտակ կերպով կատարել, տիեզերքի Գերիշխան Տէրը կը պատուեն։ (Ա. Կորնթացիս 10։31) Ասիկա մեծ առանձնաշնորհում մը չէ՞։ Ուստի յարմար է որ ծնողներուն տուած Եհովայի նշանակումը նկատի առնենք։ Այս յօդուածը պիտի քննարկէ ընտանիքը հոգալը, որ այդ նշանակումին մէջ պարփակուած է։ Վերաքաղ ընենք երեք կերպեր, որոնցմով Աստուած կ’ակնկալէ որ ծնողները հոգան։

Նիւթապէս հոգալ

4. Ընտանիքին մէջ, Եհովա ի՞նչ կարգադրութիւններ ըրած է, երախաներուն կարիքները հոգալու համար։

4 Պօղոս առաքեալ գրեց. «Եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8) Պօղոս «մէկը» ըսելով, ո՞վ ի մտի ունէր։ Ընտանիքի գլուխը, որ սովորաբար հայրը կ’ըլլայ։ Աստուած կնոջ ալ յարգարժան դեր մը կու տայ, որպէս իր ամուսինին օգնականը։ (Ծննդոց 2։18) Աստուածաշունչի ժամանակներուն, յաճախ կիները իրենց ամուսիններուն կ’օգնէին ընտանիքի կարիքները հոգալու։ (Առակաց 31։13, 14, 16) Ներկայիս, միածնող ընտանիքներու թիւը հետզհետէ կ’աւելնայ։ * Բազմաթիւ Քրիստոնեայ միածնողներ իրենց ընտանիքի կարիքները հոյակապ կերպով կը հոգան։ Անշուշտ շատ աւելի լաւ է որ ընտանիքը ունենայ իր երկու ծնողները, եւ հայրը առաջնորդութիւնը առնէ։

5, 6. (ա) Իր ընտանիքին նիւթապէս հոգ տանելու համար, հայրը ի՞նչ խոչընդոտներ կը դիմագրաւէ։ (բ) Աշխարհիկ գործին հանդէպ ո՞ր տեսակէտը պահպանելը Քրիստոնեայ ծնողին կրնայ օգնել որ յարատեւէ։

5 Ա. Տիմոթէոս 5։8–ի մէջ, Պօղոս ինչպիսի՞ հոգատարութիւն ի մտի ունէր։ Բնաբանը կը թելադրէ թէ ան ուղղակիօրէն կը խօսէր ընտանիքին նիւթական կարիքներուն մասին։ Ներկայ աշխարհին մէջ, ընտանիքին գլուխը նիւթապէս հոգ տանելու համար շատ խոչընդոտներ կը դիմագրաւէ։ Տնտեսական նեղութիւնը, գործէ արձակուիլը, անգործութիւնը եւ ապրուստի սղութիւնը համատարած են։ Ի՞նչ բան կրնայ ծնողին օգնել որ այսպիսի մարտահրաւէրներու դիմաց յարատեւէ։

6 Ծնողը պէտք է յիշէ թէ ինք Եհովայէ ստացած նշանակում մը կը կատարէ։ Պօղոսի ներշնչեալ խօսքերը ցոյց կու տան թէ այս պատուէրին հնազանդելու կարող բայց չհնազանդող անհատը, «անհաւատ»ի մը կը նմանի։ Քրիստոնեան իր կարելին պիտի ընէ որ Աստուծոյ առջեւ այս կեցուածքը չունենայ։ Սակայն ցաւալի է որ ներկայիս շատեր ‘անգթութեամբ’ յատկանշուած են։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1, 3) Արդարեւ անհամար հայրեր իրենց պատասխանատուութիւնը չեն կատարեր, իրենց ընտանիքը նեղ կացութեան մատնելով։ Քրիստոնեայ ամուսինները իրենց ընտանիքի կարիքները հոգալու նկատմամբ այդ կարծրասիրտ ու զանցառու կեցուածքը չեն որդեգրեր։ Իրենց գործակիցներէն շատերուն հակառակը, Քրիստոնեայ հայրերը ամենէն աննշան գործը կը նկատեն պատուարժան ու կարեւոր, Եհովա Աստուածը հաճեցնելու միջոց մը, քանի որ անոր միջոցով կրնան իրենց սիրելիներուն կարիքները հոգալ։

7. Ինչո՞ւ տեղին է որ ծնողներ Յիսուսի օրինակին մասին խորհրդածեն։

7 Ընտանիքի գլուխը նաեւ օգտակար կրնայ գտնել Յիսուսի կատարեալ օրինակին մասին խորհրդածել։ Մտաբերէ թէ Աստուածաշունչը մարգարէաբար Յիսուսի կ’ակնարկէ որպէս մեր «Յաւիտենական Հայր»ը։ (Եսայեայ 9։6, 7, ՆԱ) «Վերջին Ադամը» ըլլալով, Յիսուս ազդուօրէն կը փոխարինէ ‘առաջին Ադամը’, որպէս հաւատացեալ մարդոց հայրը։ (Ա. Կորնթացիս 15։45) Ադամին հակառակը, որ անձնասէր հայր դարձաւ, Յիսուս իտէալ հայրն է։ Աստուածաշունչը իր մասին կ’ըսէ. «Ասով գիտցանք Քրիստոսին սէրը, որ անիկա իր կեանքը մեզի համար տուաւ»։ (Ա. Յովհաննու 3։16) Այո, Յիսուս իր կեանքը սիրայօժար զոհեց ուրիշներուն համար։ Ան նաեւ օրէ օր պզտիկ հարցերու մէջ ուրիշներու կարիքները իր կարիքներէն առաջ դասեց։ Ծնողնե՛ր, շատ լաւ կ’ընէք եթէ անոր անձնազոհ հոգին ընդօրինակէք։

8, 9. (ա) Ծնողները ի՞նչ կրնան սորվիլ թռչուններէն, իրենց պզտիկներուն անձնուրացաբար ուտելիք հայթայթելու մասին։ (բ) Քրիստոնեայ ծնողներէն շատեր ի՞նչպէս անձնազոհութեան հոգի կը ցուցաբերեն։

8 Ծնողները կրնան անձնուրաց սիրոյ մասին շատ բան սորվիլ, Աստուծոյ կամակոր ժողովուրդին ուղղուած Յիսուսի խօսքերէն. «Քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ»։ (Մատթէոս 23։37) Հոս Յիսուս վառ կերպով կը նկարագրէ մայր հաւ մը, որ իր ձագերը իր թեւերուն տակ կը պաշտպանէ։ Արդարեւ ծնողներ շատ բան կրնան սորվիլ մայր թռչունի մը պաշտպանելու բնազդէն, որ իսկոյն իր կեանքը կը վտանգէ իր ձագերը պաշտպանելու համար որեւէ վնասի դէմ։ Սակայն յատկանշական է տեսնել նաեւ թէ ծնող եղող թռչունները ամէն օր ի՛նչ բաներ կ’ընեն։ Անոնք անդադար ասդին անդին կը թռչին, կեր փնտռելով։ Նոյնիսկ երբ ուժասպառ դառնան, անոնք ուտելիքը կը նետեն իրենց ձագերուն բաց բերանին մէջ, որոնք զայն կը կլլեն ու սովորաբար աւելին կ’ուզեն։ Եհովայի անասնական ստեղծագործութիւններէն շատեր իրենց ձագերուն կարիքները հոգալու կերպին մէջ «բնազդականօրէն խելացի» են։—Առակաց 30։24, ՆԱ

9 Նմանապէս, համայն աշխարհի մէջ Քրիստոնեայ ծնողները հիանալի կերպով անձնազոհ հոգի կը ցուցաբերեն։ Կը նախընտրէք դուք վնասուիլ, քան՝ թոյլ տալ որ ձեր զաւակներուն վնաս մը գայ։ Ասկէ զատ, ամէն օր սիրայօժար զոհողութիւններ կ’ընէք ձեր ընտանիքին կարիքները հոգալու համար։ Ձեզմէ շատեր առտու կանուխ կ’ուղղուին մաշեցուցիչ կամ ձանձրանալի գործ մը աշխատելու։ Դուք ծանր կ’աշխատիք, որ ձեր զաւակները սննդարար ճաշ ուտեն։ Կը ճգնիք, որպէսզի ձեր զաւակները մաքուր հագուելիք, պատշաճ բնակարան եւ բաւարար ուսում ունենան։ Ասոնք կ’ընէք օրէ օր, տարուէ տարի։ Վստահաբար այս անձնազոհութիւնն ու համբերատարութիւնը Եհովան կը հաճեցնեն։ (Եբրայեցիս 13։16) Սակայն միեւնոյն ատեն չէք մոռնար որ ձեր ընտանիքին հոգ տանելու աւելի կարեւոր կերպեր կան։

Հոգեւորապէս հոգալ

10, 11. Մարդկային կարեւորագոյն կարիքը ի՞նչ է, եւ Քրիստոնեայ ծնողները նա՛խ ի՞նչ պէտք է ընեն որ իրենց զաւակներուն այս կարիքը գոհացնեն։

10 Հոգեւորապէս հոգալը ա՛լ աւելի էական է, քան՝ նիւթապէս հոգալը։ Յիսուս ըսաւ. «Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ»։ (Մատթէոս 4։4. 5։3) Ծնողնե՛ր, հոգեւորապէս հոգալու համար ի՞նչ կրնաք ընել։

11 Այս նիւթին շուրջ յաճախ կը մէջբերուի Բ. Օրինաց 6։5-7–ն։ Հաճեցէք Աստուածաշունչը բանալ ու այս համարները կարդալ։ Նկատեցէք թէ նա՛խ ծնողներուն կ’ըսուի որ իրենց հոգեւորականութիւնը մշակեն, Եհովայի հանդէպ սէր կերտելով եւ իր խօսքերուն անսալով։ Այո, Աստուծոյ Խօսքին լուրջ աշակերտը պէտք է ըլլաք, Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կարդալով եւ անոր վրայ խոկալով, այնպէս որ Եհովայի ճամբաներուն, սկզբունքներուն եւ օրէնքներուն հանդէպ իսկական հասկացողութիւն ու սէր մշակէք։ Որպէս արդիւնք, ձեր սիրտը Աստուածաշունչի գրաւիչ ճշմարտութիւններով պիտի լեցուի, ձեզ մղելով որ Եհովայով ուրախանաք եւ իր հանդէպ երկիւղ ու սէր զգաք։ Ձեր զաւակներուն հաղորդելիք բազմաթիւ բարի բաներ պիտի ունենաք։—Ղուկաս 6։45

12. Ծնողները ի՞նչպէս կրնան Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները իրենց զաւակներուն կրկին անգամ սորվեցնելու մէջ Յիսուսի օրինակին հետեւիլ։

12 Հոգեւորապէս զօրաւոր ծնողները ի վիճակի են Բ. Օրինաց 6։7–ի խրատը կիրարկելու,– Եհովայի խօսքերը ամէն առիթով իրենց զաւակներուն ‘կրկին անգամ սորվեցնել’։ Եհովա լաւ գիտէ թէ բոլորս,– մանաւանդ երախաները,– բան մը սորվելու համար կրկնումի պէտք ունինք։ Յիսուս իր ծառայութեան մէջ կրկնում գործածեց։ Օրինակ, երբ իր աշակերտներուն կը սորվեցնէր հպարտ ու մրցակցական ըլլալու փոխարէն խոնարհ ըլլալ, ան այս սկզբունքը կրկնելու զանազան կերպեր գործածեց։ Ան սորվեցուց պատճառաբանելով, օրինակ տալով, եւ նոյնիսկ՝ ցուցադրելով։ (Մատթէոս 18։1-4. 20։25-27. Յովհաննու 13։12-15) Սակայն յատկանշական է որ Յիսուս երբեք անհամբերութիւն չցուցաբերեց։ Նմանապէս, ծնողները իրենց զաւակներուն հիմնական ճշմարտութիւններ սորվեցնելու համար կերպեր պէտք է գտնեն, համբերութեամբ Եհովայի սկզբունքները կրկնելով մինչեւ որ զանոնք իւրացնեն ու կիրարկեն։

13, 14. Ո՞ր առիթներով ծնողները կրնան իրենց զաւակներուն կրկին անգամ սորվեցնել Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները, եւ ի՞նչ գրականութիւններ գործածելով։

13 Ընտանեկան ուսումնասիրութեան նիստերը այս ուսուցումը հաղորդելու շատ յարմար առիթներ են։ Արդարեւ Աստուածաշունչի կանոնաւոր, շինիչ եւ ուրախ ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը, ընտանիքին հոգեւորականութեան ողնայարն է։ Աշխարհի տարածքին Քրիստոնեայ ընտանիքները այս ուսումնասիրութենէն հաճոյք կը քաղեն, Եհովայի կազմակերպութեան հայթայթած գրականութիւնները գործածելով եւ ուսումնասիրութիւնը իրենց զաւակներուն կարիքներուն յարմարցնելով։ Այս ուղղութեամբ Մեծ Ուսուցիչէն սորվիր եւ Պատանիները կը հարցնեն—գործնական պատասխաններ գիրքերը ուշագրաւ օրհնութիւն մը եղած են։ * Սակայն ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը երախաներուն սորվեցնելու միակ ժամանակը չէ։

14 Ինչպէս Բ. Օրինաց 6։7–ն ցոյց կու տայ, ձեր զաւակներուն հետ հոգեւոր նիւթերու մասին խօսելու բազմաթիւ առիթներ կան։ Կրնաք ձեր զաւակներուն հոգեւոր կարիքները հոգալ, երբ միասնաբար կը ճամբորդէք, առտնին գործերը կը կատարէք կամ կը հանգստանաք։ Անշուշտ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն մասին անդադար ձեր զաւակներուն պէտք չէ «դասախօսէք»։ Փոխարէն, ջանացէք ընտանեկան զրոյցները շինիչ ու հոգեւոր մակարդակի վրայ պահել։ Օրինակ, Զարթի՛ր պարբերաթերթը այլազան նիւթերու շուրջ բազմաթիւ յօդուածներ կը բովանդակէ։ Այս յօդուածները կրնան ճամբան հարթել որ խօսակցիք Եհովայի անասնական ստեղծագործութեան, բնական գեղեցկութեամբ օժտուած վայրերու, եւ մշակոյթներու ու կենցաղներու սքանչելի այլազանութեան մասին։ Այս խօսակցութիւնները կրնան երախաները մղել որ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին հայթայթած գրականութիւնները աւելի կարդան։—Մատթէոս 24։45-47

15. Ծնողները ի՞նչպէս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ քրիստոնէական ծառայութիւնը հետաքրքրական ու վարձահատոյց նկատեն։

15 Ձեր զաւակներուն հետ շինիչ զրոյցներ ունենալով կրնաք հոգեւոր այլ կարիք մը լեցնել։ Քրիստոնեայ երախաները պէտք է սորվին իրենց հաւատքը ուրիշներու հետ ազդուօրէն բաժնել։ Երբ Դիտարան կամ Զարթի՛ր պարբերաթերթին մէջ նշուած հետաքրքրական կէտի մը մասին կը խօսակցիք, փորձեցէք զայն ծառայութեան հետ կապել։ Օրինակ, կրնաք ըսել. «Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար եթէ աւելի շատ անհատներ Եհովայի մասին այս կէտը գիտնային։ Քու կարծիքովդ, ի՞նչպէս կրնանք անհատի մը հետաքրքրութիւնը արթնցնել այս նիւթին շուրջ»։ Այսպիսի խօսակցութիւններ երախաներուն փափաքը կը զօրացնեն որ իրենց սորվածը ուրիշներուն հետ բաժնեն։ Իսկ երբ ձեզի հետ ձեր զաւակները ծառայութեան կը մասնակցին, անոնք պիտի տեսնեն թէ ի՛նչպէս ձեր ըսածը կը գործադրէք։ Անոնք նաեւ պիտի սորվին թէ ծառայութիւնը հետաքրքրական գործունէութիւն մըն է, որ խոր գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն կը պատճառէ։—Գործք 20։35

16. Երախաները իրենց ծնողներուն աղօթքները մտիկ ընելով ի՞նչ կրնան սորվիլ։

16 Ծնողները իրենց զաւակներուն հոգեւոր կարիքները նաեւ կը հոգան երբ կ’աղօթեն։ Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց ի՛նչպէս աղօթել եւ շատ անգամ անոնց հետ աղօթեց։ (Ղուկաս 11։1-13) Պահ մը խորհեցէք թէ Եհովայի Որդիին հետ աղօթելը ի՜նչ բաներ սորվելու պատեհութիւն ընծայեց անոնց։ Նոյնպէս, ձեր զաւակները ձեր աղօթքներէն շա՜տ բան կրնան սորվիլ։ Օրինակ, անոնք կրնան սորվիլ թէ Եհովա կ’ուզէ որ սրտանց արտայայտուինք, որեւէ մտահոգութիւն իրեն յայտնելով։ Այո, ձեր աղօթքները կրնան ձեր զաւակներուն սորվեցնել սա կենսական հոգեւոր ճշմարտութիւնը. անոնք կրնան իրենց երկնաւոր Հօր հետ յարաբերութիւն ունենալ։—Ա. Պետրոս 5։7

Զգացականօրէն հոգալ

17, 18. (ա) Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կը յայտնէ երախաներուն սէր ցոյց տալուն կարեւորութիւնը։ (բ) Հայրերը ի՞նչպէս կրնան Եհովան ընդօրինակել, իրենց զաւակներուն սէր արտայայտելու մէջ։

17 Անշուշտ երախաները նաեւ կարեւոր զգացական կարիքներ ունին։ Աստուծոյ Խօսքը ծնողներուն կը յայտնէ թէ այս կարիքները հոգալը շա՜տ կարեւոր է։ Օրինակ, դեռահասակ կիներուն յորդոր տրուած է որ իրենց «զաւակնին սիրեն»։ (Տիտոս 2։4) Արդարեւ երախային սէր ցուցաբերելը տրամաբանական է։ Ասիկա երախային կը սորվեցնէ սիրել եւ կենսատեւ օգուտներ կը բերէ։ Իսկ երախային սէր չցուցաբերելը մեծ վիշտ կը պատճառէ եւ Եհովան չընդօրինակել կը նշանակէ, որ մեզի հանդէպ անսահման սէր ունի, հակառակ մեր անկատարութիւններուն։—Սաղմոս 103։8-14

18 Եհովա նոյնիսկ նախաքայլը կ’առնէ իր երկրային զաւակները սիրելու։ Ինչպէս Ա. Յովհաննու 4։19–ն կ’ըսէ. «Ան առաջ մեզ սիրեց»։ Յատկապէս հայրերը պէտք է ընդօրինակեն Եհովայի օրինակը, նախաքայլը առնելով որ իրենց զաւակներուն հետ սիրալիր կապ հաստատեն։ Աստուածաշունչը հայրերը կը յորդորէ. «Ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, որպէս զի չվհատին»։ (Կողոսացիս 3։21) Երախաները մեծապէս կը զայրացնէ այն տպաւորութիւնը թէ ծնողը զիրենք չի սիրեր կամ չ’արժեւորեր։ Իրենց զգացումները արտայայտելու վարանող հայրերը լաւ կ’ընեն եթէ Եհովայի օրինակը մտաբերեն։ Եհովա երկինքէ՛ն խօսեցաւ, որպէսզի իր Որդիին հանդէպ իր հաճութիւնն ու սէրը արտայայտէ։ (Մատթէոս 3։17. 17։5) Ասիկա Յիսուսը որքա՜ն քաջալերած ըլլալու էր։ Նոյնպէս, երախաները շատ ոյժ եւ քաջութիւն կ’առնեն, երբ իրենց ծնողներուն սէրն ու հաճութիւնը արտայայտող պարկեշտ խօսքերը լսեն։

19. Կրթութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է, եւ Քրիստոնեայ ծնողները կը ջանան ի՞նչ հաւասարակշռութիւն պահել։

19 Անշուշտ ծնողական սէրը միայն բառերով չ’արտայայտուիր։ Սէրը գլխաւորաբար արարքներով կ’արտայայտուի։ Նիւթապէս եւ հոգեւորապէս հոգալը կրնայ ծնողական սիրոյն մէկ արտայայտութիւնը ըլլալ, մանաւանդ երբ ծնողները սէրէ մղուած ասիկա ընեն։ Ասկէ զատ, կրթելը ծնողական սիրոյն կենսական մէկ դրսեւորումն է։ Արդարեւ «Տէրը իր սիրածը կը խրատէ»։ (Եբրայեցիս 12։6) Միւս կողմէ, չկրթելը կամ չխրատելը ցոյց կու տայ թէ ծնողը կ’ատէ իր զաւակը։ (Առակաց 13։24) Եհովա միշտ կը պահէ պատշաճ հաւասարակշռութիւնը, «չափաւորութեամբ» խրատելով։ (Երեմեայ 46։28) Սակայն անկատար ծնողներու համար այս հաւասարակշռութիւնը պահելը միշտ դիւրին չէ։ Այսուհանդերձ անիկա կ’արժէ որ ձեր ամէն ջանքը թափէք։ Հաստատ ու սիրալիր կրթութիւնը երախային կ’օգնէ որ հետագային երջանիկ ու արդիւնաբեր կեանք մը վարէ։ (Առակաց 22։6) Այս չէ՞ ինչ որ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ ծնող կը փափաքի իր զաւակին համար։

20. Ծնողները ի՞նչպէս կրնան իրենց զաւակներուն լաւագոյն պատեհութիւնը տալ որ ‘կեանքը ընտրեն’։

20 Ծնողնե՛ր, երբ Եհովայի ձեզի նշանակած կարեւոր գործը կատարէք,– ձեր զաւակներուն նիւթական, հոգեւոր ու զգացական կարիքները հոգալ,– վարձատրութիւնները մեծ են։ Ձեր զաւակին լաւագոյն պատեհութիւնը կու տաք որ «կեանքը ընտրէ», եւ ապա «ապրի»։ (Բ. Օրինաց 30։19) Այն երախաները որ կ’ընտրեն Եհովայի ծառայել եւ չափահաս ըլլալէ ետք կեանքի տանող ճամբային մէջ կը մնան, իրենց ծնողներուն անսահման ուրախութիւն կը պատճառեն։ (Սաղմոս 127։3-5) Այս ուրախութիւնը առյաւէտ է։ Սակայն երախաները ի՞նչպէս կրնան հիմա Եհովան փառաբանել։ Յաջորդ յօդուածը այս նիւթը պիտի քննարկէ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Թէեւ այս յօդուածը պիտի ակնարկէ հօր որպէս հոգացող, սակայն նոյն սկզբունքները նաեւ կը կիրարկուին այն Քրիստոնեայ կնոջ, որ կը ծառայէ իբրեւ գլխաւոր հոգացող։

^ պարբ. 13 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

Ծնողները ի՞նչ կրնան ընել, որպէսզի իրենց զաւակներուն կարիքները հոգան՝

• նիւթապէս։

• հոգեւորապէս։

• զգացականօրէն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 12]

Ծնողները նա՛խ իրենց հոգեւորականութիւնը պէտք է մշակեն

[Նկար՝ էջ 13]

Ծնողները շատ մը առիթներով կրնան իրենց զաւակներուն սորվեցնել Ստեղծիչին մասին

[Նկար՝ էջ 14]

Իրենց ծնողքին հաճութեան արտայայտութիւնները լսելով, երախաները կը զօրանան ու կը քաջալերուին