«Հալածուեցաւ՝ իր հաւատքին համար»
«Հալածուեցաւ՝ իր հաւատքին համար»
ԻՏԱԼԻԱՅԻ հիւսիսը գտնուող Չերնոպիօ գիւղաքաղաքը, յիշատակարան մը հաստատեց տեղական զբօսայգիի մէջ, մարդկային իրաւունքներուն բեկանումի զոհերը յիշատակելու համար։ Յուշատախտակներէն մէկը նուիրուած է Նարսիսօ Ռիթի։ Ան Իտալացի ծնողք ունէր, ծնաւ Գերմանիայի մէջ, եւ 1930–ական թուականներուն Եհովայի Վկայ եղաւ։ Հիթլերի վարչաձեւին ներքեւ Եհովայի Վկաները հալածուեցան, քանի որ մերժեցին Հիթլերը ճշմարիտ Աստուծմէ՝ Եհովայէ վեր դասել։
Երբ Կեսթափոն երեւան հանեց որ ինք Դիտարան պարբերաթերթը կեդրոնացման ճամբարներէն ներս կը մտցնէր, Ռիթ Չերնոպիօ փախաւ։ Հոն իրմէ խնդրուեցաւ որ Դիտարան–ը Իտալերէնի թարգմանէ եւ զայն մօտակայ հաւատակիցներուն բաշխէ։ Անոր աշխոյժ գործունէութիւնները աննկատ չմնացին։ Էս.Էս. պատասխանատու մը ու իր մարդիկը Ռիթի տունը ներխուժեցին, զինք ձերբակալեցին եւ «քրէական» ապացոյցները գրաւեցին,– երկու Աստուածաշունչ եւ քանի մը նամակ։ Ռիթ Գերմանիա արտաքսուեցաւ, Տախաուի կեդրոնացման ճամբարին մէջ բանտարկուեցաւ, եւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտէն քիչ առաջ մահապատիժի ենթարկուեցաւ։ Ան «հալածուեցաւ՝ իր հաւատքին համար», կ’ըսէ Չերնոպիոյի յուշատախտակը։
Նացի հալածանքին զոհ գացող Նարսիսօ Ռիթի եւ հարիւրաւոր այլ Վկաներու հաւատքը, այժմու Քրիստոնեաները կը քաջալերէ Եհովայի հաւատարիմ մնալու, որ տիեզերքի մէջ միակ Անձնաւորութիւնն է որ իրենց պաշտամունքին արժանի է։ (Յայտնութիւն 4։10) Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ անոնց որ հալածուած են արդարութեան համար»։ Աստուած անոնց արարքները պիտի յիշէ եւ զիրենք պիտի օրհնէ, իրենց խիզախ ընթացքին համար։—Մատթէոս 5։10. Եբրայեցիս 6։10