Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ամէն բանի մէջ հաւատարի՞մ ես

Ամէն բանի մէջ հաւատարի՞մ ես

Ամէն բանի մէջ հաւատարի՞մ ես

«Ան որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ է, շատի մէջ ալ հաւատարիմ կ’ըլլայ»։—Ղուկաս 16։10

1. Եհովա ի՞նչ կերպով հաւատարիմ է։

ԲՆԱՒ նկատա՞ծ ես թէ ծառի մը շուքին ի՛նչ կը պատահի օրուան ընթացքին։ Արդարեւ անոր չափն ու ուղղութիւնը շարունակ կը փոխուին։ Մարդկային ջանքերն ու խոստումները յաճախ շուքին նման անհաստատ են։ Միւս կողմէ, Եհովա Աստուած ժամանակի ընթացքին չի փոխուիր։ Իրեն ակնարկելով որպէս ‘լոյսի Հայր’, Յակոբոս աշակերտ կ’ըսէ. «Որուն մէջ բնաւ փոփոխութիւն կամ դառնալու շուք մը չկայ»։ (Յակոբու 1։17) Եհովա անփոփոխ ու վստահելի է, նոյնիսկ ամենաչնչին մանրամասնութիւններու մէջ։ «Աստուած հաւատարիմ է»։—Բ. Օրինաց 32։4

2. (ա) Ինչո՞ւ մենք մեզ պէտք է քննենք՝ տեսնելու համար թէ հաւատարի՛մ ենք կամ ոչ։ (բ) Հաւատարմութեան մասին ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

2 Աստուած իր երկրպագուներուն վստահելիութիւնը ի՞նչպէս կը նկատէ։ Ա՛յնպէս՝ ինչպէս Դաւիթ նկատեց, որ անոնց մասին ըսաւ. «Իմ աչքերս երկրի հաւատարիմներուն վրայ պիտի ըլլան՝ որպէսզի բնակին ինծի հետ. պարկեշտութեան ճամբայէն ընթացո՛ղը պաշտօն պիտի կատարէ ինծի»։ (Սաղմոս 101։6, ԱՎ) Այո, Եհովա իր ծառաներուն հաւատարմութենէն կ’ախորժի։ Վաւերական պատճառով մը, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Տնտեսէն կը պահանջուի որ հաւատարիմ ըլլայ»։ (Ա. Կորնթացիս 4։2) Հաւատարիմ ըլլալը ի՞նչ կը պարփակէ։ Կեանքի ո՞ր մարզերուն մէջ հաւատարմութեամբ պէտք է վարուինք։ Իսկ ‘պարկեշտութեան ճամբայէն ընթանալը’ ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ։

Ի՛նչ կը նշանակէ հաւատարիմ ըլլալ

3. Ի՞նչ բան մեր հաւատարմութիւնը կ’ապացուցանէ։

3 «Մովսէս . . . հաւատարիմ էր ծառայի մը պէս», կ’ըսէ Եբրայեցիս 3։5–ը։ Ի՞նչի հիման վրայ Մովսէս մարգարէն հաւատարիմ սեպուեցաւ։ Խորանը շինելու եւ կանգնեցնելու նկատմամբ, «Մովսէս Տէրոջը իրեն բոլոր պատուիրածին պէս ըրաւ՝ այնպէս ըրաւ»։ (Ելից 40։16) Եհովայի երկրպագուները ըլլալով, հնազանդութեամբ իրեն ծառայելով հաւատարմութիւն կը ցուցաբերենք։ Անշուշտ ասիկա կը պարփակէ Եհովայի հաւատարիմ մնալ, երբ խիստ փորձութիւններ կը դիմագրաւենք։ Սակայն մեծ փորձութիւններ յաղթահարելը միակ ազդակը չէ որ մեր հաւատարմութիւնը կ’ապացուցանէ։ Յիսուս ըսաւ. «Ան որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ է, շատի մէջ ալ հաւատարիմ կ’ըլլայ եւ ան որ քիչի մէջ անիրաւ է, շատի մէջ ալ անիրաւ կ’ըլլայ»։ (Ղուկաս 16։10) Հաւատարիմ պէտք է մնանք նոյնիսկ պզտիկ հարցերու մէջ։

4, 5. «Քիչ բանի մէջ» մեր հաւատարմութիւնը ի՞նչ կը յայտնէ։

4 Երկու պատճառի համար կարեւոր է որ ամէն օր «քիչ բանի մէջ» հնազանդ ըլլանք։ Առաջին, անիկա Եհովայի գերիշխանութեան հանդէպ մեր կեցուածքը կը յայտնէ։ Պահ մը խորհէ մարդկային առաջին զոյգին՝ Ադամի ու Եւայի դիմաց դրուած հաւատարմութեան փորձին մասին, որ դժուար կամ տաժանալի պահանջ մը չէր։ Եդեմի պարտէզին մէջ անոնց զանազան ուտելիքներ մատչելի էին. անոնք միայն «բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն» պիտի չուտէին։ (Ծննդոց 2։16, 17) Հաւատարմօրէն այս պարզ հրամանին հնազանդելով, մարդկային առաջին զոյգը ցոյց պիտի տար թէ Եհովայի իշխանութիւնը վեր կը բռնէր։ Մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ Եհովայի ցուցմունքներուն հետեւիլը կը յայտնէ թէ Եհովայի գերիշխանութեան կողմը դիրք բռնած ենք։

5 Երկրորդ, «քիչ բանի մէջ» ի՛նչպէս վարուիլը կ’ազդէ հետագային թէ «շատի մէջ» ի՛նչպէս պիտի վարուինք, այսինքն՝ երբ աւելի մեծ հարցերու առջեւ գտնուինք։ Այս առնչութեամբ, նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Դանիէլի ու իր հաւատարիմ երեք ընկերներուն՝ Անանիայի, Միսայէլի ու Ազարիայի։ Անոնք Հ.Դ.Ա. 617–ին Բաբելոն աքսորուեցան, մինչ հաւանաբար պատանիներ էին, ու Նաբուգոդոնոսոր թագաւորի արքունիքը տարուեցան։ «Թագաւորը անոնց օրական ռոճիկ սահմանեց՝ թագաւորին ազնիւ կերակուրէն ու իր խմած գինիէն, որպէս զի անոնք երեք տարի սնանին ու ետքը թագաւորին առջեւ կայնին»։—Դանիէլ 1։3-5

6. Դանիէլ ու իր երեք Եբրայեցի ընկերները ի՞նչ փորձութիւն դիմագրաւեցին բաբելոնական արքունիքին մէջ։

6 Սակայն Բաբելոնացի թագաւորին կերակուրը այս չորս Եբրայեցի պատանիներուն դժուարութիւն յարուց։ Շատ հաւանաբար թագաւորին համեղ ճաշը կը պարփակէր Մովսիսական Օրէնքին արգիլած կերակուրները։ (Բ. Օրինաց 14։3-20) Թերեւս մորթուած անասուններուն արիւնը պատշաճօրէն չէր թափուած, եւ անոնց միսը ուտելը կրնար Աստուծոյ Օրէնքը բեկանել։ (Բ. Օրինաց 12։23-25) Կերակուրը նաեւ թերեւս կուռքերուն մատուցուած էր, ինչպէս Բաբելոնացի երկրպագուները սովորաբար կ’ընէին, միասնաբար ճաշելէ առաջ։

7. Դանիէլի ու իր երեք ընկերներուն հնազանդութիւնը ի՞նչ ցոյց տուաւ։

7 Բաբելոնացի թագաւորին պալատականները անկասկած սննդառական արգելքներուն մեծ կարեւորութիւն չէին տար։ Սակայն Դանիէլ ու իր ընկերները իրենց սիրտին մէջ վճռած էին չպղծուիլ՝ Իսրայէլի տրուած Աստուծոյ Օրէնքին արգիլած ուտելիքները ուտելով։ Ասիկա Աստուծոյ հանդէպ իրենց հաւատարմութեան հետ կապ ունեցող հարց մըն էր։ Ուստի անոնք ընդեղէն ու ջուր խնդրեցին, եւ ասիկա իրենց շնորհուեցաւ։ (Դանիէլ 1։9-14) Այսօր, ոմանք թերեւս այս չորս պատանիներուն ըրածը աննշան նկատեն։ Սակայն անոնք Աստուծոյ հնազանդելով ցոյց տուին թէ Եհովայի գերիշխանութեան հարցին մէջ ի՛նչ դիրք բռնած են։

8. (ա) Երեք Եբրայեցիները հաւատարմութեան ի՞նչ ճակատագրական փորձ մը դիմագրաւեցին։ (բ) Փորձութեան արդիւնքը ի՞նչ էր, եւ ասիկա ի՞նչ կէտ կը լուսաբանէ։

8 Անկարեւոր թուող բանի մը նկատմամբ հաւատարիմ մնալը, Դանիէլի երեք ընկերները պատրաստեց որ աւելի մեծ փորձութեան մը հետ գլուխ ելլեն։ Բաց Դանիէլ գիրքին 3–րդ գլուխը եւ կարդա՛ թէ ի՛նչպէս երեք Եբրայեցիները մահապատիժը դիմագրաւեցին, մերժելով Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնեցուցած ոսկիէ արձանը պաշտել։ Անոնք թագաւորին առջեւ վստահութեամբ իրենց որոշումը յայտարարեցին. «Ահա՛ մեր պաշտած Աստուածը կրնայ մեզ ազատել բորբոքած կրակի հնոցէն. քու ձեռքէդ ալ մեզ պիտի ազատէ, ո՛վ թագաւոր։ Նոյնիսկ եթէ չընէ, գիտցի՛ր, ո՛վ թագաւոր, թէ մենք քու աստուածներդ պիտի չպաշտենք եւ քու կանգնեցուցած ոսկիէ արձանիդ պիտի չերկրպագենք»։ (Դանիէլ 3։17, 18, ԱՎ) Եհովա զիրենք ազատե՞ց։ Այս երիտասարդները կրակի հնոցին մէջ նետող պահակները մեռան, բայց երեք հաւատարիմ Եբրայեցիները ետքը ողջ դուրս եկան,– նոյնիսկ առանց խանձուելու։ Յարատեւաբար հաւատարիմ ըլլալը օգնեց անոնց որ պատրաստ ըլլան այդ ճակատագրական փորձին ընթացքին հաւատարիմ մնալու։ Ասիկա չի՞ լուսաբաներ պզտիկ բաներու մէջ հաւատարիմ ըլլալու կարեւորութիւնը։

Հաւատարմութիւն՝ «անիրաւ մամոնային մէջ»

9. Ղուկաս 16։10–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերուն բնաբանը ի՞նչ է։

9 Նշելէ առաջ այն սկզբունքը թէ չնչին բաներու մէջ հաւատարիմ եղողը՝ կարեւոր բաներու մէջ ալ հաւատարիմ կ’ըլլայ, Յիսուս իր ունկնդիրները խրատեց. «Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ ըրէք, որպէս զի երբ անիկա պակսի ձեզ յաւիտենական բնակարաններու մէջ ընդունին»։ Ապա ան խօսեցաւ քիչի մէջ հաւատարիմ ըլլալու մասին, եւ աւելցուց. «Ուստի եթէ անիրաւ մամոնային մէջ հաւատարիմ չըլլաք, ճշմարիտ հարստութիւնը ո՞վ պիտի հաւատայ ձեզի։ . . . Ծառայ մը չի կրնար երկու տէրերու ծառայութիւն ընել, վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի եւ միւսը արհամարհէ։ Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային»։—Ղուկաս 16։9-13

10. «Անիրաւ մամոնայ»ի գործածութեան մէջ ի՞նչպէս կրնանք հաւատարմութիւն ցուցաբերել։

10 Բնաբանին համաձայն, Ղուկաս 16։10–ի մէջ գտնուող Յիսուսի խօսքերուն սկզբնական կիրարկումը առնչուած էր «անիրաւ մամոնայ»ի՝ մեր նիւթական միջոցներուն կամ ստացուածքներուն՝ գործածութեան։ Անոնք անիրաւ կոչուած են, քանի որ նիւթական հարստութիւնը,– մանաւանդ դրամը,– մեղաւոր մարդոց ազդեցութեան տակ է։ Ասկէ զատ, հարստութիւն ձեռք ձգելու ցանկութիւնը կրնայ անիրաւ արարքներու առաջնորդել։ Հաւատարմութիւն կը ցուցաբերենք, մեր նիւթական ստացուածքները իմաստութեամբ գործածելով։ Փոխանակ զանոնք եսասիրական նպատակներու համար գործածելու, կ’ուզենք զանոնք գործածել Թագաւորութեան շահերը յառաջացնելու եւ կարիքաւորներու օգնելու համար։ Այս կերպով հաւատարիմ ըլլալով, Եհովա Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի հետ բարեկամութիւն կը մշակենք, որոնք «յաւիտենական բնակարաններ» կը հայթայթեն։ Անոնք մեզ այս վայրերուն մէջ պիտի ընդունին, մեզի շնորհելով յաւիտենական կեանք՝ կա՛մ երկինքի մէջ եւ կամ երկրային դրախտին մէջ։

11. Ինչո՞ւ պէտք չէ ետ կենանք տանտէրներուն բացատրելէ թէ Եհովայի Վկաներուն կատարած համաշխարհային գործին ի նպաստ եղած նուիրատուութիւնները կ’ընդունինք։

11 Նկատի առ նաեւ թէ ի՛նչ պատեհութիւն կ’ընծայենք անոնց, որոնց Աստուածաշունչ կամ աստուածաշնչական գրականութիւններ կը ներկայացնենք, երբ Թագաւորութեան պատգամը կը յայտարարենք ու կը բացատրենք թէ Եհովայի ժողովուրդին կատարած համաշխարհային գործին ի նպաստ եղած նուիրատուութիւնները կ’ընդունինք։ Այսպիսով անոնք պատեհութիւն չե՞ն ունենար որ իրենց նիւթական միջոցները իմաստուն կերպով գործածեն։ Թէեւ Ղուկաս 16։10–ի սկզբնական կիրարկումը կապ ունի նիւթական միջոցներու գործածութեան հետ, սակայն նոյն սկզբունքը կեանքի այլ մարզերուն ալ կը կիրարկուի։

Պարկեշտութիւնը շա՜տ կարեւոր է

12, 13. Ո՞ր մարզերուն մէջ պարկեշտութիւն կրնանք ցուցաբերել։

12 Պօղոս առաքեալ գրեց. «Համոզուած ենք թէ ունինք մաքուր խղճմտանք ու կ’ուզենք ամէն բանի մէջ վարուիլ պարկեշտութեամբ»։ (Եբրայեցիս 13։18, ԱՎ) «Ամէն բան» արտայայտութիւնը վստահաբար կը պարփակէ ելեւմուտքին առնչուած բոլոր հարցերը։ Մեր պարտքերն ու տուրքերը փութով ու պարկեշտօրէն կը վճարենք, մեր խղճմտանքին պատճառով եւ գլխաւորաբար քանի որ Աստուած կը սիրենք ու իր ցուցմունքներուն կը հնազանդինք։ (Հռովմայեցիս 13։5, 6) Ի՞նչ կ’ընենք երբ կորսուած բան մը կը գտնենք։ Կը ջանանք զայն իր տիրոջ վերադարձնել։ Ասիկա ի՜նչ հոյակապ վկայութիւն մը կու տայ, երբ բացատրենք թէ ի՛նչ բան մղեց մեզ այս քայլը առնելու։

13 Ամէն բանի մէջ հաւատարիմ ու պարկեշտ ըլլալը կը պահանջէ որ մեր գործատեղիին մէջ պարկեշտ ըլլանք։ Գործի մէջ պարկեշտ ըլլալը մեր ներկայացուցած Աստուծոյ վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ։ Ժամանակ չենք ‘գողնար’, ծոյլ ըլլալով, հապա ծանր կ’աշխատինք, որպէս թէ Եհովայի։ (Եփեսացիս 4։28. Կողոսացիս 3։23) Եւրոպական մէկ երկրին մէջ կ’ենթադրուի թէ պաշտօնեաներուն մէկը երրորդը նենգամտօրէն կը փորձէ բժշկական արտօնագիր ներկայացնել հիւանդութեան արձակուրդի համար։ Աստուծոյ իսկական ծառաները չքմեղանքներ չեն հնարեր որ գործի չերթան։ Երբեմն Եհովայի Վկաները պաշտօնի բարձրացում կը ստանան, քանի որ գործատէրերը կը նկատեն անոնց պարկեշտութիւնն ու ծանր աշխատանքը։—Առակաց 10։4

Հաւատարմութիւն՝ մեր քրիստոնէական ծառայութեան մէջ

14, 15. Քրիստոնէական ծառայութեան մէջ մեր հաւատարիմ ըլլալը ի՞նչ կերպերով կրնանք ապացուցանել։

14 Մեզի վստահուած ծառայութեան մէջ ի՞նչպէս հաւատարմութիւն կը ցուցաբերենք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն ատեն գովաբանութեան զոհ մատուցանենք Աստուծոյ, այսինքն՝ իր անունը դաւանող շրթունքներուն պտուղը»։ (Եբրայեցիս 13։15, ԱՎ) Դաշտի ծառայութեան կանոնաւորաբար մասնակցիլը, անոր մէջ հաւատարմութիւն ցուցաբերելու գլխաւոր կերպն է։ Ինչո՞ւ թոյլ տանք որ ամիս մը անցնի, առանց Եհովայի ու իր նպատակներուն մասին վկայելու։ Քարոզչութեան կանոնաւորաբար մասնակցիլը նաեւ կը բարելաւէ մեր հմտութիւններն ու ազդուութիւնը։

15 Դիտարան–ի ու Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին ներկայացուցած թելադրութիւնները կիրարկելը, դաշտի ծառայութեան մէջ հաւատարմութիւն ցուցաբերելու այլ ընտիր կերպ մըն է։ Եբր թելադրուած կամ այլ իրատես ներկայացումներ կը պատրաստենք ու կը գործածենք, չե՞նք նկատեր թէ մեր ծառայութիւնը աւելի արդիւնաբեր կը դառնայ։ Երբ Թագաւորութեան պատգամով հետաքրքրուած անհատի մը կը հանդիպինք, ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը փութով կը հետապնդե՞նք։ Իսկ հետաքրքրուած անհատներու հետ մեր սկսած Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւններուն հոգ տանելու մէջ վստահելի ու հաւատարի՞մ ենք։ Ծառայութեան մէջ հաւատարիմ ըլլալով պիտի փրկենք թէ՛ մեզ, թէ՛ մեզ լսողները։—Ա. Տիմոթէոս 4։15, 16

Աշխարհէն անջատ մնալ

16, 17. Ի՞նչ կերպերով կրնանք ցոյց տալ թէ աշխարհէն անջատ ենք։

16 Աստուծոյ աղօթած ատեն, Յիսուս իր հետեւորդներուն մասին ըսաւ. «Ես քու խօսքդ անոնց տուի ու աշխարհ զանոնք ատեց, վասն զի աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ։ Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, հապա որ զանոնք չարէն պահես։ Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ»։ (Յովհաննու 17։14-16) Հաւանաբար հաստատօրէն վճռած ենք աշխարհէն անջատ մնալ մեծ հարցերու մէջ, ինչպէս՝ չէզոքութիւն, կրօնական տօներ ու սովորութիւններ, եւ անբարոյութիւն։ Սակայն ի՞նչ կրնանք ըսել փոքր հարցերու մասին։ Կրնա՞յ ըլլալ որ նոյնիսկ առանց անդրադառնալու, աշխարհի ճամբաները սկսած են մեզի ազդել։ Օրինակ, եթէ զգոյշ չըլլանք, մեր հագուելակերպը դիւրաւ կրնայ անպատուաբեր ու անպատշաճ դառնալ։ Հաւատարիմ ըլլալը ‘ամօթխածութիւն եւ պարկեշտութիւն’ կը պահանջէ հագուստի ու յարդարանքի մարզին մէջ։ (Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10) Այո, «բնա՛ւ սայթաքում չենք պատճառեր՝ որեւէ բանի մէջ, որպէսզի մեր սպասարկութիւնը չարատաւորուի։ Հապա ամէն բանի մէջ մենք մեզ կը հաստատենք որպէս Աստուծոյ սպասարկուներ»։—Բ. Կորնթացիս 6։3, 4, ԱՎ

17 Որովհետեւ կ’ուզենք Եհովան պատուել, մեր ժողովներուն համար յարգալից կերպով կը հագնինք։ Նոյնն է պարագան երբ համաժողովներուն ներկայ կը գտնուինք։ Մեր հագուստը համեստ ու ներկայանալի պէտք է ըլլայ։ Ասիկա մեզ դիտողներուն վկայութիւն կ’ըլլայ։ Նոյնիսկ հրեշտակները մեր գործունէութեան ուշադրութիւն կ’ընծայեն, ինչպէս Պօղոսի ու իր Քրիստոնեայ ընկերակիցներուն լարուած աշխատանքը նկատեցին։ (Ա. Կորնթացիս 4։9) Իրականութեան մէջ, միշտ վայելչաբար պէտք է հագնինք։ Ոմանք հագուստի ընտրութեան մէջ հաւատարիմ ըլլալը թերեւս աննշան բան կը սեպեն, բայց Աստուծոյ աչքին անիկա կարեւոր հարց է։

Հաւատարմութեան օրհնութիւնները

18, 19. Հաւատարմութեան օրհնութիւնները ի՞նչ են։

18 Ճշմարիտ Քրիստոնեաները «Աստուծոյ բազմազան շնորհքին բարի տնտեսներ»ն են։ Այս հանգամանքով անոնք «Աստուծոյ հայթայթած ոյժ»ին կ’ապաւինին։ (Ա. Պետրոս 4։10, 11, ԱՎ) Ասկէ զատ, որպէս տնտեսներ մեզի վստահուած են Աստուծոյ շնորհքին արտայայտութիւնները, ի ներառեալ ծառայութիւնը։ Բարի տնտեսներ ըլլալու համար կ’ապաւինինք Աստուծոյ հայթայթած ոյժին,– ‘անսահման զօրութեան’։ (Բ. Կորնթացիս 4։7, Անթիլիաս) Ասիկա ի՜նչ ընտիր մարզում մըն է, որ մեզի կ’օգնէ գալիք որեւէ փորձութիւն դիմագրաւելու։

19 Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Տէ՛րը սիրեցէք, ո՛վ անոր բոլոր բարեպաշտները. արդարեւ Տէրը հաւատարիմները կը պաշտպանէ»։ (Սաղմոս 31։23, ԱՎ) Թող վճռենք հաւատարիմ մնալ, լիովին վստահ ըլլալով թէ Եհովա «բոլոր մարդոց Փրկիչն է, մանաւանդ հաւատացեալներուն [«հաւատարիմներուն», ՆԱ]»։—Ա. Տիմոթէոս 4։10

Կը յիշե՞ս

• Ինչո՞ւ «քիչ բանի մէջ հաւատարիմ» պէտք է ըլլանք։

• Ի՞նչպէս կրնանք հաւատարիմ ըլլալ՝

պարկեշտութեան վերաբերեալ։

ծառայութեան մէջ։

աշխարհէն անջատ մնալու մէջ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 18]

Քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղողը, շատի մէջ ալ հաւատարիմ կ’ըլլայ

[Նկար՝ էջ 19]

‘Ամէն բանի մէջ վարուեցէք պարկեշտութեամբ’

[Նկար՝ էջ 19]

Դաշտի ծառայութեան լաւ նախապատրաստուիլը՝ հաւատարմութիւն ցուցաբերելու ընտիր կերպ մըն է

[Նկար՝ էջ 20]

Համեստ հագուելակերպ ու յարդարանք ունեցիր