«Անոնք չհամակերպեցան»
«Անոնք չհամակերպեցան»
«ԵՐԱՆԻ՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար», ըսաւ Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն։ (Մատթէոս 5։11) Ներկայիս Եհովայի Վկաները ուրախ են, քանի որ Քրիստոսի ուսուցումին ու օրինակին հետեւելով, ամէն պարագայի ներքեւ «աշխարհէն» անջատ կը մնան, քաղաքական գետնի վրայ չէզոք կեցուածք կը բռնեն եւ Աստուծոյ հանդէպ ուղղամտութիւն կը պահպանեն։—Յովհաննու 17։14. Մատթէոս 4։8-10
Նախկին Սովետական Միութեան մէջ՝ ի ներառեալ Էսթոնիայի մէջ, Եհովայի Վկաներուն անտեղիտալի կեցուածքին մասին, Լուտերական աստուածաբան եւ Աստուածաշունչի թարգմանիչ Թոմաս Փօլ, իր գիրքին մէջ (Kirik keset küla, Եկեղեցին՝ գիւղին մէջտեղը) կը գրէ. «Քիչեր գիտեն թէ ի՛նչ պատահեցաւ 1951 Ապրիլ 1–ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն։ Եհովայի Վկաներէն ու անոնց բոլոր համակիրներէն ձերբազատուելու արշաւ մը ծրագրուած էր,– ընդամէնը 279 հոգի ձերբակալուեցան ու Սիպերիա արտաքսուեցան։ . . . Անոնց առիթ տրուեցաւ որ իրենց հաւատքը ուրանան՝ պաշտօնական թուղթ մը ստորագրելով, որպէսզի չարտաքսուին կամ չբանտարկուին։ . . . Նախապէս ձերբակալուած անհատներուն հետ մէկտեղ, անոնց թիւը 353–ի հասաւ, ի ներառեալ՝ առնուազն 171 հոգի, որոնք պարզապէս անոնց ժողովքներուն կ’ընկերակցէին։ Անոնք չհամակերպեցան,– նոյնիսկ՝ Սիպերիայի մէջ։ . . . [Էսթոնիայի Լուտերական] Եկեղեցիին անդամներէն քիչեր Եհովայի Վկաներուն հաւատքին նման հաւատք ունէին»։
Համայն աշխարհի մէջ Եհովայի Վկաները Աստուծոյ կ’ապաւինին որ իրենց օգնէ հաւատարիմ ու հնազանդ մնալու իրեն, ի հեճուկս հալածանքին։ Անոնք կ’ուրախանան գիտնալով թէ իրենց հաւատարմութիւնը մեծապէս պիտի վարձատրուի։—Մատթէոս 5։12