Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը կրնայ քեզի օգնել ուրախութիւն գտնելու

Աստուածաշունչը կրնայ քեզի օգնել ուրախութիւն գտնելու

Աստուածաշունչը կրնայ քեզի օգնել ուրախութիւն գտնելու

ԹԷԵՒ Աստուածաշունչը բժշկական գիրք մը չէ, սակայն կը խօսի դրական կամ բացասական յուզումներուն ունեցած ազդեցութեան մասին՝ անհատին մտային ու ֆիզիքական առողջութեան վրայ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է, բայց կոտրած սիրտը ոսկորները կը չորցնէ»։ Ասկէ զատ, կը կարդանք. «Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, ոյժդ քիչ է»։ (Առակաց 17։22. 24։10) Վհատութեան զգացումները կրնան մեզ ուժասպառ դարձնել, ուստի կը սկսինք տկար ու խոցելի զգալ եւ չենք ուզեր փոխուիլ կամ օգնութիւն խնդրել։

Վհատութիւնը կրնայ անհատին հոգեւորականութեան ալ ազդել։ Անարժէք զգացող անհատները յաճախ կը խորհին թէ երբեք չեն կրնար Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն կամ իր օրհնութիւնը վայելել։ Նախորդ յօդուածին մէջ յիշուած Սիմոնը վստահ չէր թէ «Աստուած իրեն պիտի հաճէր»։ Սակայն Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ ան զինք հաճեցնել ջանացող անհատներուն հանդէպ դրական տեսակէտ ունի։

Աստուած կը հոգայ

Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ «Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ»։ Աստուած «կոտրած ու խոնարհ սիրտը» չ’անարգեր, այլ կը խոստանայ ‘խոնարհներուն հոգին կենդանացնել եւ կոտրած սրտերը ապրեցնել’։—Սաղմոս 34։18. 51։17. Եսայեայ 57։15

Առիթով մը, Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս հարկ տեսաւ իր աշակերտներուն ուշադրութեան յանձնել այն իրողութիւնը թէ Աստուած Իր ծառաներուն մէջ լաւ բաները կը տեսնէ։ Օրինակով մը ան պատմեց թէ Աստուած ճնճղուկի մը գետին իյնալը կը նկատէ,– աննշան բան՝ մարդոց մեծամասնութեան աչքին։ Ան նաեւ ցցուն ըրաւ թէ Աստուած մարդոց մասին ամենափոքր մանրամասնութիւնը գիտէ, նոյնիսկ՝ անոնց գլուխին մազերուն համրանքը։ Յիսուս իր օրինակը եզրափակեց՝ ըսելով. «Ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք»։ (Մատթէոս 10։29-31) * Յիսուս նշեց թէ հաւատացեալ անհատը ինքն իր անձին մասին ի՛նչ որ ալ խորհի, Աստուծոյ աչքին արժէքաւոր է։ Իրականութեան մէջ, Պետրոս առաքեալ մեզի կը յիշեցնէ թէ «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։—Գործք 10։34, 35

Հաւասարակշռութիւն պահպանէ

Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը յորդորէ որ մեր անձին հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ մշակենք։ Պօղոս առաքեալ ներշնչման ներքեւ գրեց. «Ինծի տրուած շնորհքով կ’ըսեմ ձեզմէ ամէն մէկուն, որ իր մասին աւելի բարձր համարում չունենայ՝ քան ինչ որ պէտք է մտածէ, հապա խոհեմութեա՛մբ մտածէ, հաւատքի չափին համեմատ՝ որ Աստուած բաշխած է իւրաքանչիւրին»։—Հռովմայեցիս 12։3, ԱՎ

Վստահաբար չենք ուզեր մեր մասին շատ բարձր համարում ունենալ, ինքնահաւան դառնալու աստիճան. ո՛չ ալ կ’ուզենք միւս ծայրայեղութեան երթալով՝ մենք մեզ անարժէք նկատել։ Փոխարէն, մեր նպատակը պէտք է ըլլայ մեր անձին մասին տրամաբանական տեսակէտ մշակել, որ հաշուի կ’առնէ թէ՛ մեր կարողութիւնները եւ թէ մեր սահմանափակումները։ Քրիստոնեայ կին մը ասիկա հետեւեալ կերպով արտայայտեց. «Ես չարութեան մարմնացումը չեմ. ո՛չ ալ արտակարգ ընդունակութիւններու տէր մէկը։ Ամէն անհատի պէս, թէ՛ լաւ կողմեր եւ թէ վատ կողմեր ունիմ»։

Անշուշտ այսպիսի հաւասարակշռուած հայեցակէտի մը մասին խօսիլը դիւրին է, իսկ զայն ձեռք ձգելը՝ դժուար։ Երկար տարիներէ ի վեր մեր անձին մասին զարգացուցած չափազանց բացասական տեսակէտէն ձերբազատուիլը, մեծ ջանքի կը կարօտի։ Այսուհանդերձ Աստուծոյ օգնութեամբ կրնանք մեր անձնաւորութիւնը եւ մտահորիզոնը փոխել։ Իրականութեան մէջ, Աստուծոյ Խօսքը կը յորդորէ մեզ որ ասիկա ընենք։ Կը կարդանք. ‘Ձեր վրայէն հանեցէք այն ձեր առաջուան վարմունքը ունեցող հին մարդը, որ խաբեբայ ցանկութիւններով ապականուած էր եւ ձեր մտքով ու հոգիով [«միտքը դրդող ոյժով», ՆԱ] նորոգուեցէք եւ նոր մարդը ձեր վրայ հագէք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է’։—Եփեսացիս 4։22-24

Եթէ ջանանք փոխել ‘մեր միտքը դրդող ոյժը’, այսինքն՝ մեր միտքին տիրական հակումը, կրնանք մեր չափազանց բացասական անձնաւորութիւնը դրական անձնաւորութեան վերածել։ Նախորդ յօդուածին մէջ յիշուած Լենան անդրադարձաւ որ եթէ իր միտքէն չհեռացնէր այն գաղափարը թէ մէկը զինք չի կրնար սիրել կամ իրեն օգնել, ո՛չ մէկ բան կրնար իր անձին հանդէպ իր զգացումները փոխել։ Աստուածաշունչի ո՞ր գործնական խրատները օգնեցին Լենայի, Սիմոնի եւ ուրիշներու որ այս փոփոխութիւնը ընեն։

Ուրախութիւն յառաջացնող աստուածաշնչական սկզբունքներ

«Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ»։ (Սաղմոս 55։22) Գլխաւորաբար աղօթքը կրնայ մեզի օգնել իսկական ուրախութիւն գտնելու։ Սիմոն կ’ըսէ. «Երբ վհատիմ, Եհովայի կը դիմեմ եւ իր օգնութիւնը կը խնդրեմ։ Բնա՛ւ չէ եղած պարագայ մը, երբ իր զօրութիւնն ու առաջնորդութիւնը չեմ զգացած»։ Երբ մեզ կը յորդորէ որ մեր հոգը Եհովայի վրայ ձգենք, սաղմոսերգուն մեզի կը յիշեցնէ թէ Եհովա ո՛չ միայն կը հոգայ մեզ, այլեւ՝ իր օգնութեան ու աջակցութեան արժանի եղող անհատներ կը նկատէ մեզ։ Հ.Դ. 33–ի Պասեքի գիշերը, Յիսուսի աշակերտները իր մօտալուտ մեկնումին մասին լսելով տրտմած էին։ Յիսուս զիրենք յորդորեց որ Հօրը աղօթեն, ապա աւելցուց. «Խնդրեցէք ու պիտի առնէք, որպէս զի ձեր ուրախութիւնը լման ըլլայ»։—Յովհաննու 16։23, 24

«Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ (Գործք 20։35) Ինչպէս Յիսուս սորվեցուց, տալը իսկական ուրախութիւն գտնելու բանալի մըն է։ Աստուածաշունչի այս ճշմարտութիւնը կիրարկելով, ուրիշներու կարիքներուն վրայ կը կեդրոնանանք, քան՝ մեր անատակութեան վրայ։ Ուրիշներուն օգնելով եւ անոնց երախտագիտութիւնը տեսնելով, մեր անձին հանդէպ աւելի դրական կը զգանք։ Լենան համոզուած է թէ իր դրացիներուն հետ Աստուածաշունչի բարի լուրին մասին կանոնաւորաբար խօսիլը երկու կերպով իրեն կ’օգնէ։ Ան կ’ըսէ. «Առաջին, անիկա ինծի կու տայ այն երջանկութիւնն ու գոհունակութիւնը, որոնց մասին Յիսուս խօսեցաւ։ Երկրորդ, ուրիշներուն ցուցաբերած դրական ընդառաջումը ինծի կ’օգնէ ուրախ ըլլալու»։ Առատաձեռնօրէն մեր անձէն տալով, Առակաց 11։25–ի խօսքին ճշմարտութիւնը պիտի վայելենք. «Ան որ կ’ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի»։

«Վշտալից մարդուն բոլոր օրերը գէշ են, բայց ուրախ սիրտը մշտնջենական կոչունքի մէջ է»։ (Առակաց 15։15) Բոլորս կրնանք ընտրել թէ ի՛նչպէս մենք մեզ ու մեր պարագաները նկատենք։ Կրնանք նմանիլ այն անհատին, որ ամէն բան ժխտական կերպով կը դիտէ ու կը վշտանայ, կամ կրնանք ընտրել դրական կերպով խորհիլ, «ուրախ սիրտ» ունենալ, եւ կոչունքի մէջ եղողի մը նման ուրախ ըլլալ։ Սիմոն կ’ըսէ. «Կը փորձեմ կարելի եղածին չափ դրական մնալ։ Անձնական ուսումնասիրութեամբ ու ծառայութեամբ կը զբաղիմ, եւ աղօթքի մէջ կը յարատեւեմ։ Նաեւ կը փորձեմ լաւատես անհատներու ընկերակցիլ եւ ուրիշներուն նեցուկ կանգնիլ»։ Այս սրտավիճակը իսկական ուրախութեան կ’առաջնորդէ, ինչպէս Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ. «Ո՛վ արդարներ, Տէրոջմով ուրախ եղէ՛ք ու ցնծացէ՛ք, ցնծութեամբ երգեցէ՛ք դուք ամէնքդ, որ սրտով ուղիղ էք»։—Սաղմոս 32։11

«Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայրը նեղութեան ատենուան համար ծնած է»։ (Առակաց 17։17) Սիրելիի մը կամ վստահելի խրատատուի մը մեր սիրտը բանալը կրնայ մեզի օգնել որ բացասական զգացումները հակակշռի տակ առնենք։ Ուրիշներուն հետ խօսիլը կ’օգնէ որ հարցերը հաւասարակշռուած ու դրական տեսանկիւնէ դիտենք։ Սիմոն կ’ըսէ. «Զգացումներս արտայայտելը շատ կ’օգնէ։ Հարկ է որ մէկու մը ըսես թէ ի՛նչպէս կը զգաս։ Յաճախ, ամէն պէտք եղածը միայն արտայայտուիլն է»։ Որքա՜ն ճշմարիտ է առակին խօսքը. «Մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ, բայց աղէկ խօսքը կ’ուրախացնէ զանիկա»։—Առակաց 12։25

Ի՛նչ կրնաս ընել

Նկատի առինք Աստուածաշունչի բազմաթիւ հոյակապ ու գործնական սկզբունքներէն միայն քանի մը հատը, որոնք կրնան մեզի օգնել բացասական զգացումները յաղթահարելու եւ իսկական ուրախութիւն գտնելու։ Եթէ անատակութեան զգացումներու դէմ կը պայքարիս, քեզ կը քաջալերենք որ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը մօտէն քննես։ Սորվիր իրատես ու հաւասարակշռուած զգացում մշակել անձիդ հանդէպ ու Աստուծոյ հետ ունեցած յարաբերութեանդ հանդէպ։ Սրտանց կը մաղթենք որ Աստուծոյ Խօսքին առաջնորդութեամբ կարենաս բոլոր ըրածներուդ մէջ իսկական ուրախութիւն գտնել։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 6 Սուրբ Գրութիւններուն այս հատուածը մանրամասնօրէն նկատի առնուած է էջ 23-24։