Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա «ձեր գլխուն բոլոր մազեր»ը համրած է

Եհովա «ձեր գլխուն բոլոր մազեր»ը համրած է

Եհովա «ձեր գլխուն բոլոր մազեր»ը համրած է

«[Ճնճղուկներէն] մէկը գետինը չ’իյնար առանց ձեր Հօրը հրամանին [«գիտութեան», Անթիլիաս]։ Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 10։29, 30

1, 2. (ա) Յոբ ինչո՞ւ խորհեցաւ թէ Աստուած զինք լքած էր։ (բ) Յոբի արտայայտութիւնները նշանակեցի՞ն թէ ան Եհովայի մէկ հակառակորդը դարձած էր. բացատրէ։

«ԵՍ ՔԵԶԻ կ’աղաղակեմ ու ինծի պատասխան չես տար. կը կանգնիմ ու դուն ինծի ուշադրութիւն չես ըներ։ Դուն ինծի հանդէպ անգութ եղար, ձեռքիդ զօրութիւնովը թշնամիի պէս կը վարուիս ինծի հետ»։ Այս խօսքերը ըսող մարդը մեծապէս կը տառապէր, քանի որ իր ապրուստի միջոցները կորսնցուցած էր, տարօրինակ աղէտ մը իր զաւակներուն կեանքը խլած էր, եւ ուժաթափ դարձնող հիւանդութենէ մը բռնուած էր։ Մարդուն անունը Յոբ էր, իսկ անոր տագնապալից փորձառութիւնը Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած է մեր օգտին համար։—Յոբայ 30։20, 21

2 Յոբի արտայայտութիւնները կրնան այն տպաւորութիւնը ձգել թէ ան Աստուծոյ մէկ հակառակորդը դարձած էր, բայց պարագան այս չէր։ Ան պարզապէս իր վշտացած սիրտէն կը խօսէր։ (Յոբայ 6։2, 3) Ան չէր գիտեր թէ իր փորձութիւններուն պատճառը Սատանան էր, ուստի սխալ կերպով եզրակացուց թէ Աստուած զինք լքած էր։ Առիթով մը, Յոբ նոյնիսկ Եհովայի ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար երեսդ կը պահես ու զիս քեզի թշնամի կը սեպես»։ *Յոբայ 13։24

3. Երբ նեղութիւններու հանդիպինք, թերեւս մեր միտքէն ի՞նչ կ’անցնի։

3 Այսօր Եհովայի ծառաներէն շատեր խիստ նեղութիւններ կը քաշեն՝ պատերազմներու, քաղաքական կամ ընկերային խռովքի, բնական աղէտներու, ծերութեան, հիւանդութեան, ահռելի աղքատութեան եւ կառավարական արգելումի պատճառով։ Հաւանաբար դուն ալ որոշ դժուարութենէ կը տառապիս։ Երբեմն թերեւս կը խորհիս թէ Եհովա իր երեսը կը ծածկէ քեզմէ։ Թէեւ Յովհաննու 3։16–ի խօսքին քաջատեղեակ ես,– «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ»,– սակայն ամոքումը հորիզոնին վրայ չըլլալով, թերեւս հարց կու տաս. ‘Աստուած իրապէս կը սիրէ՞ զիս։ Ան տառապանքս կը նկատէ՞։ Ան անհատապէս զիս կը հոգա՞յ’։

4. Պօղոս ստիպուած էր ո՞ր յարատեւ կացութեան տոկալ, եւ այսպիսի պարագայ մը ի՞նչ կերպերով կրնայ մեզի ազդել։

4 Նկատի առ Պօղոս առաքեալի պարագան։ Ան գրեց. «Ինծի մարմնի խայթոց մը տրուեցաւ, Սատանայի հրեշտակ մը, զիս նեղելու համար, . . . ասոր համար երեք անգամ աղաչեցի Տէրոջը, որ մէկդի ընէ ինծմէ»։ Եհովա անոր պաղատանքը լսեց։ Այսուհանդերձ ան Պօղոսի նշեց թէ հրաշալի լուծումով պիտի չմիջամտէր։ Փոխարէն, Պօղոս Աստուծոյ զօրութեան պէտք էր ապաւինէր, որ իրեն պիտի օգնէր իր «մարմնի խայթոց»ին դիմանալու։ * (Բ. Կորնթացիս 12։7-9) Պօղոսի նման, թերեւս յարատեւ փորձութենէ մը կը տառապիս, եւ հարց կու տաս. ‘Այն իրողութիւնը թէ Եհովա երեւութապէս ոչինչ ըրած է փորձութեանս նկատմամբ, կը նշանակէ՞ թէ ան իմ պարագայէս տեղեակ չէ կամ թէ ինձմով հետաքրքրուած չէ’։ Վստահաբար պատասխանը ո՛չ է։ Ինչ որ Յիսուս ըսաւ իր առաքեալները ընտրելէն քիչ ետք, կ’ընդգծէ Եհովայի խոր հետաքրքրութիւնը Իր հաւատարիմ ծառաներէն իւրաքանչիւրին հանդէպ։ Տեսնենք թէ Յիսուսի խօսքերը ներկայիս ի՛նչպէս կրնան մեզ քաջալերել։

Ինչո՞ւ «մի՛ վախնաք»

5, 6. (ա) Յիսուս իր առաքեալներուն ի՞նչպէս օգնեց որ գալիք բաներէն չվախնան։ (բ) Պօղոս ի՞նչպէս վստահ էր թէ Եհովա զինք կը հոգար։

5 Յիսուս առաքեալներուն արտակարգ զօրութիւն շնորհեց, ի ներառեալ՝ «իշխանութիւն . . . պիղծ ոգիներուն վրայ, որպէս զի զանոնք հանեն եւ ամէն ցաւ ու ամէն հիւանդութիւն բժշկեն»։ Բայց ասիկա չնշանակեց թէ անոնք փորձութիւններէ ու դժուարութիւններէ զերծ կեանք մը պիտի վարէին։ Ընդհակառակը, Յիսուս մանրամասնօրէն նկարագրեց անոնց պատահելիք կարգ մը բաներ, եւ զիրենք յորդորեց. «Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար հոգին սպաննել. հապա աւելի անկէ վախցէք, որ կրնայ հոգին ու մարմինը գեհենին մէջ կորսնցնել»։—Մատթէոս 10։1, 16-22, 28

6 Իր առաքեալներուն օգնելու որ հասկնան թէ ինչո՛ւ պէտք չէր վախնային, Յիսուս երկու օրինակ տուաւ, ըսելով. «Չէ՞ որ երկու ճնճղուկ մէկ դանկի կը ծախուին եւ անոնցմէ մէկը գետինը չ’իյնար առանց ձեր Հօրը հրամանին [«գիտութեան», Անթիլիաս]։ Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են։ Ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք»։ (Մատթէոս 10։29-31) Նկատէ թէ Յիսուս տառապանքի դիմաց չվախնալը առնչեց վստահ ըլլալուն թէ Եհովա անհատապէս մեզ կը հոգայ։ Ակներեւօրէն Պօղոս առաքեալ այս վստահութիւնը ունէր։ Ան գրեց. «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ։ Ան որ իր Որդիին չխնայեց, հապա մեր ամենուն համար մատնեց զանիկա, ալ ի՞նչպէս անոր հետ բոլոր բաները մեզի չի պարգեւեր»։ (Հռովմայեցիս 8։31, 32) Ի՛նչ որ ալ ըլլան դիմագրաւած դժուարութիւններդ, կրնա՛ս վստահ ըլլալ թէ Եհովա անձնապէս կը հոգայ քեզ, այնքան ատեն որ իրեն հաւատարիմ կը մնաս։ Ասիկա ա՛լ աւելի բացայայտ պիտի դառնայ, մինչ առաքեալներուն տրուած Յիսուսի յորդորը մօտէն կը քննենք։

Ճնճղուկի մը արժէքը

7, 8. (ա) Յիսուսի օրերուն ճնճղուկները ի՞նչպէս կը նկատուէին։ (բ) Ըստ երեւոյթին, Մատթէոս 10։29–ն ինչո՞ւ կը գործածէ Յունարէն այն բառը որ փոքր ճնճղուկին կ’ակնարկէ։

7 Յիսուսի լուսաբանութիւնը ազդուօրէն կը նկարագրէ Իր ծառաներէն իւրաքանչիւրին հանդէպ Եհովայի հոգածութիւնը։ Նախ նկատի առ ճնճղուկներուն օրինակը։ Յիսուսի օրերուն, ճնճղուկները կ’ուտուէին, բայց քանի որ բերքին կը սպառնային, ընդհանրապէս վնասակար թռչուններ կը նկատուէին։ Ճնճղուկները ա՛յնքան շատ ու աժան էին, որ երկու ճնճղուկի գինը ներկայ արժէքով հինգ սէնթէ նուազ էր։ Այդ գումարին կրկնապատիկով ձեռք կը ձգուէին ո՛չ թէ չորս ճնճղուկ, այլ՝ հինգ, սեպելով հինգերորդը բոլորովին անարժէք բան մը։—Ղուկաս 12։6

8 Խորհէ նաեւ այս հասարակ թռչունին չափին մասին։ Բաղդատմամբ բազմաթիւ ուրիշ թռչուններու, նոյնիսկ լիահաս ճնճղուկը շատ մանր է։ Այսուհանդերձ Մատթէոս 10։29–ի մէջ «ճնճղուկ» թարգմանուած Յունարէն բառը յատկապէս փոքր ճնճղուկին կ’ակնարկէ։ Յիսուս բացայայտօրէն կ’ուզէր որ իր առաքեալները շատ աննշան թռչուն մը երեւակայէին։

9. Ճնճղուկներու օրինակով Յիսուս ի՞նչ ազդեցիկ կէտ մը կը սորվեցնէ։

9 Ճնճղուկներուն վերաբերեալ Յիսուսի ըրած համեմատութիւնը ազդեցիկ կէտ մը կը սորվեցնէ. ինչ որ մարդոց աչքին անարժէք կը թուի, Եհովա Աստուծոյ աչքին կարեւոր է։ Յիսուս այս ճշմարտութիւնը ա՛լ աւելի շեշտեց, աւելցնելով թէ Եհովա կը նշմարէ փոքր ճնճղուկին ‘գետին իյնալը’։ * Դասը յստակ է։ Եթէ Եհովա Աստուած ամենէն փոքր ու աննշան թռչունին ուշադրութիւն կ’ընծայէ, որքա՜ն աւելի հետաքրքրուած պիտի ըլլայ մարդ արարածի մը դժուարին կացութեամբ, որ ընտրած է իրեն ծառայել։

10. «Ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են» խօսքին իմաստը ի՞նչ է։

10 Ճնճղուկներուն օրինակէն զատ, Յիսուս ըսաւ. «Ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են»։ (Մատթէոս 10։30) Այս համառօտ բայց խորիմաստ խօսքը կը շեշտէ ճնճղուկներու օրինակին կէտը։ Ի՞նչպէս։ Սովորական մարդու գլուխը շուրջ 100,000 մազ ունի։ Ընդհանրապէս մէկ մազը միւսին կը նմանի, եւ ո՛չ մէկ մազ յատկապէս մեր ուշադրութեան արժանի է։ Այսուհանդերձ Եհովա Աստուած իւրաքանչիւր մազ կը նկատէ ու կը համրէ։ Այս ըլլալով պարագան, մեր կեանքին մէջ մանրամասնութիւն մը կա՞յ, որ Եհովա չի կրնար գիտնալ։ Վստահաբար Եհովա իր իւրաքանչիւր ծառայի անզուգական կազմուածքը կը հասկնայ։ Արդարեւ «Տէրը սրտին կը նայի»։—Ա. Թագաւորաց 16։7

11. Դաւիթ ի՞նչպէս վստահութիւն յայտնեց թէ Եհովա անձնապէս իրմով հետաքրքրուած էր։

11 Դաւիթ, որ շատ տառապեցաւ, վստահ էր թէ Եհովա իրեն ուշադրութիւն կ’ընծայէր։ Ան գրեց. «Ո՛վ Տէր, զիս քննեցիր ու ճանչցար։ Դուն գիտես իմ նստիլս ու ելլելս, իմ խորհուրդս հեռուէն կ’իմանաս»։ (Սաղմոս 139։1, 2) Դուն ալ կրնաս վստահ ըլլալ թէ Եհովա քեզ անձնապէս կը ճանչնայ։ (Երեմեայ 17։10) Աճապարանօք մի՛ ենթադրեր թէ ա՛յնքան աննշան ես, որ Եհովայի ամենատես աչքերը քեզ չեն նկատեր։

«Արցունքներս քու տիկիդ մէջ դի՛ր»

12. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Եհովա իր ժողովուրդին տառապանքներուն քաջատեղեակ է։

12 Եհովա ո՛չ միայն իր իւրաքանչիւր ծառան կը ճանչնայ, այլեւ՝ իւրաքանչիւրին տառապանքներուն քաջատեղեակ է։ Օրինակ, երբ Իսրայելացիները որպէս ստրուկներ կը հարստահարուէին, Եհովա Մովսէսի ըսաւ. «Արդարեւ Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ եւ գործավարներուն պատճառով անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի. վասն զի անոնց նեղութիւնները գիտեմ»։ (Ելից 3։7) Որքա՜ն մխիթարական է գիտակցիլ թէ երբ փորձութեան մը կը տոկանք, Եհովա պատահածը կը տեսնէ եւ մեր աղաղակները կը լսէ։ Ան վստահաբար մեր տառապանքին նկատմամբ անտարբեր չէ։

13. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովա իրապէս իր ծառաներուն կը կարեկցի։

13 Իսրայելացիներուն հանդէպ Եհովայի զգացումներն ալ կը յայտնեն իրեն հետ յարաբերութիւն մէջ եկող անհատներով հետաքրքրուիլը։ Անոնց տառապանքին պատճառը յաճախ իրենց կամակորութիւնը ըլլալով հանդերձ, Եսայի Եհովայի մասին գրեց. «Անոնց բոլոր նեղութիւններուն ատենը նեղութիւն քաշեց»։ (Եսայեայ 63։9) Հետեւաբար Եհովայի հաւատարիմ ծառայ մը ըլլալով, կրնաս վստահ ըլլալ թէ երբ կը տագնապիս, Եհովա կը տագնապի։ Ասիկա քեզ չի՞ մղեր որ դժուարութիւնները քաջաբար դիմագրաւես եւ շարունակես լաւագոյնդ ընել անոր ծառայելու։—Ա. Պետրոս 5։6, 7

14. Սաղմոս 56–ը ի՞նչ պայմաններու ներքեւ յօրինուեցաւ։

14 Սաղմոս 56–ի մէջ բացայայտ է թէ Դաւիթ թագաւոր համոզուած էր որ Եհովա կը հոգար զինք եւ կը կարեկցէր իրեն։ Ան այս սաղմոսը յօրինեց, երբ ատելավառ Սաւուղ թագաւորէն կը փախչէր։ Դաւիթ Գէթ գնաց, բայց երբ Փղշտացիները զինք ճանչցան, ան վախցաւ որ բռնուի։ Ան գրեց. «Թշնամիներս ամէն օր կ’ուզեն զիս կլլել, վասն զի շատ մարդիկ ամբարտաւանութիւնով ինծի հետ կը մարտնչին»։ Իր վտանգաւոր կացութեան ի տես, Դաւիթ Եհովայի դիմեց։ Ան ըսաւ. «Ամէն օր իմ բաներուս վնաս կու տան, իմ վրայովս անոնց բոլոր խորհուրդները չարիքի համար են»։—Սաղմոս 56։2, 5

15. (ա) Դաւիթ ի՞նչ ըսել ուզեց երբ Եհովայէ խնդրեց որ իր արցունքները տիկի մը մէջ դնէ կամ գիրքի մը մէջ գրէ։ (բ) Երբ հաւատքի փորձութեան մը կը տոկանք, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

15 Ապա, ինչպէս արձանագրուած է Սաղմոս 56։8–ի մէջ, Դաւիթ հետեւեալ հետաքրքրաշարժ խօսքերը կ’ըսէ. «Իմ թափառական պտըտիլս համրեցիր, արցունքներս քու տիկիդ մէջ դի՛ր։ Միթէ անոնք քու գրքիդ մէջ գրուած չե՞ն»։ Եհովայի գորովալից հոգատարութեան ի՜նչ սրտագրաւ նկարագրութիւն մը։ Ճնշումի ներքեւ, թերեւս արցունքով Եհովայի աղաղակենք։ Նոյնիսկ կատարեալ մարդ Յիսուս ասիկա ըրաւ։ (Եբրայեցիս 5։7) Դաւիթ համոզուած էր որ Եհովա զինք կը դիտէր եւ իր տառապանքը պիտի յիշէր, որպէս թէ իր արցունքները տիկի մը մէջ պահելով կամ զանոնք գիրքի մը մէջ արձանագրելով։ * Եթէ կը զգաս թէ արցունքներդ այդ տիկին մեծ մասը կը լեցնեն կամ գիրքին շատ մը էջերը կը ծածկեն, կրնա՛ս մխիթարուիլ, քանի որ Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Տէրը մօտ է անոնց՝ որոնց սիրտը կոտրած է, ու հոգիով ճմլուածները կը փրկէ»։—Սաղմոս 34։18, ԱՎ

Աստուծոյ մտերիմ բարեկամը ըլլալ

16, 17. (ա) Ի՞նչպէս գիտենք թէ Եհովա իր ժողովուրդին դիմագրաւած խնդիրներուն նկատմամբ անտարբեր չէ։ (բ) Եհովա ի՞նչ ըրած է, որպէսզի մարդիկ իրեն հետ մտերմութիւն վայելեն։

16 Այն իրողութիւնը թէ Եհովա ‘մեր գլխուն բոլոր մազերը’ համրած է, գաղափար մը կու տայ մեր պաշտած՝ նկատառու ու հոգածու Աստուծոյն մասին։ Թէեւ միայն խոստացեալ նոր աշխարհին մէջ է որ ամէն վիշտ ու տառապանք վերջ պիտի գտնէ, սակայն Եհովա ներկայիս իր ժողովուրդին համար սքանչելի բան մը կ’ընէ։ Դաւիթ գրեց. «Տէրոջը բարեկամութիւնը իրմէ վախցողներուն հետ է ու իր ուխտը անոնց կը սորվեցնէ»։—Սաղմոս 25։14

17 ‘Տէրոջ բարեկամութեան’ գաղափարն իսկ կը թուի անկատար մարդոց հասկացողութենէն վեր ըլլալ։ Այսուհանդերձ Եհովա իրմէ վախցողները կը հրաւիրէ իր վրանին մէջ հիւրեր ըլլալու։ (Սաղմոս 15։1-5) Իսկ Եհովա իր հիւրերուն համար ի՞նչ կ’ընէ։ Ըստ Դաւիթի, ան իր ուխտը անոնց կը գիտցնէ։ Եհովա անոնց կը վստահի, իր «գաղտնիքը» մարգարէներուն յայտնելով, այնպէս որ կարենան գիտնալ թէ ի՛նչ են իր նպատակները եւ ի՛նչ պէտք է ընեն անոնց համաձայն ապրելու համար։—Ամովսայ 3։7

18. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Եհովա կ’ուզէ որ իրեն հետ սերտ յարաբերութիւն ունենանք։

18 Իրապէս սրտապնդիչ է գիտնալ թէ անկատար մարդիկ կրնան Ամենաբարձրին՝ Եհովա Աստուծոյ մտերիմ բարեկամները ըլլալ։ Իրականութեան մէջ, ան մեզ կը յորդորէ որ ասիկա ընենք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»։ (Յակոբու 4։8) Եհովա կ’ուզէ որ իրեն հետ սերտ յարաբերութիւն ունենանք, եւ արդէն քայլեր առած է այս յարաբերութիւնը կարելի դարձնելու համար։ Յիսուսի փրկանքի զոհը ճամբան հարթած է որ Ամենակալ Աստուծոյ հետ բարեկամութիւն վայելենք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մենք զանիկա կը սիրենք, վասն զի ան առաջ մեզ սիրեց»։—Ա. Յովհաննու 4։19

19. Համբերատարութիւնը ի՞նչպէս կրնայ Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը ամրացնել։

19 Այդ սերտ յարաբերութիւնը կ’ամրանայ, երբ աննպաստ պարագաներու ներքեւ կը տոկանք։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Համբերութիւնը թող ունենայ իր կատարեալ գործը, որպէսզի կատարեալ եւ ամբողջ ըլլաք, եւ ոչինչ պակսի ձեզի»։ (Յակոբու 1։4, ԱՎ) Դժուարութիւններու տոկալով ի՞նչ «գործ» կ’իրագործուի։ Մտաբերէ Պօղոսի «մարմնի խայթոց»ը։ Անոր պարագային համբերատարութիւնը ի՞նչ իրագործեց։ Պօղոս իր փորձութիւններուն մասին հետեւեալը ըսաւ. «Մեծ հաճոյքով պիտի պարծենամ առաւելապէս իմ տկարութիւններո՛վս, որպէսզի Քրիստոսի զօրութիւնը հանգչի իմ վրաս։ Ուստի կը յօժարիմ տկարութիւններու, արհամարհանքներու, հարկադրանքներու, հալածանքներու եւ տագնապներու՝ Քրիստոսի համար, որովհետեւ երբ տկար եմ՝ ա՛յն ատեն զօրաւոր եմ»։ (Բ. Կորնթացիս 12։9, 10, ԱՎ) Պօղոսի փորձառութիւնը այն էր թէ Եհովա հարկ եղած զօրութիւնը կը հայթայթէր,– նոյնիսկ՝ «անսահման զօրութիւնը»,– որպէսզի կարենար տոկալ։ Ասիկա, իր կարգին, զինք մօտեցուց Քրիստոսի ու Եհովա Աստուծոյ։—Բ. Կորնթացիս 4։7, Անթիլիաս. Փիլիպպեցիս 4։11-13

20. Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա մեզի նեցուկ պիտի կանգնի ու մխիթարէ, երբ նեղութիւններ դիմագրաւենք։

20 Եթէ Եհովա թոյլ տուած է որ փորձութիւններդ շարունակուին, ի մտի ունեցիր իր տուած խոստումը իրմէ վախցողներուն. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ»։ (Եբրայեցիս 13։5) Կրնա՛ս Եհովայի զօրակցութիւնն ու մխիթարութիւնը վայելել։ Ան ‘գլուխիդ բոլոր մազերն ալ’ համրած է։ Ան համբերատարութիւնդ կը տեսնէ, վիշտդ կը զգայ, սրտանց քեզ կը հոգայ, եւ բնաւ ‘պիտի չմոռնայ գործդ ու այն սէրը՝ որ ցոյց տուիր իր անունին համար’։—Եբրայեցիս 6։10

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 2 Արդար Դաւիթ եւ Կորխի հաւատարիմ որդիները համանման խօսքեր ըսին։—Սաղմոս 10։1. 44։24

^ պարբ. 4 Աստուածաշունչը չի յայտներ թէ Պօղոսի «մարմնի խայթոց»ը ի՛նչ էր։ Անիկա թերեւս ֆիզիքական հիւանդութիւն մըն էր, ինչպէս՝ տկար տեսողութիւնը, կամ կ’ակնարկէր սուտ առաքեալներու եւ ուրիշներու, որոնք Պօղոսի առաքեալ ըլլալը ու ծառայութիւնը հարցականի տակ կը դնէին։—Բ. Կորնթացիս 11։6, 13-15. Գաղատացիս 4։15. 6։11

^ պարբ. 9 Կարգ մը ուսումնականներ կը թելադրեն թէ ճնճղուկին գետին իյնալը թերեւս չ’ակնարկեր միայն անոր մահուան։ Անոնք կ’ըսեն թէ բնագիր լեզուին մէջ այս խօսքը կրնայ նշել ուտելիքի համար թռչունի մը գետին իջնելը։ Եթէ պարագան այս է, ուրեմն Աստուած կը նշմարէ ու հոգ կը տանի թռչունին, երբ անիկա առօրեայ գործունէութեամբ զբաղած է, եւ ո՛չ թէ միայն երբ մեռնի։—Մատթէոս 6։26

^ պարբ. 15 Վաղեմի ժամանակներուն, տիկերը կը շինուէին ոչխարի, այծի եւ արջառի խաղախուած մորթով։ Անոնց մէջ կաթ, կարագ, պանիր կամ ջուր կը դնէին։ Իսկ իւղը կամ գինին կը դրուէր այն տիկերուն մէջ, որոնց մորթը աւելի լման կերպով խաղախուած էր։

Կը յիշե՞ս

• Ի՞նչ ազդակներ պատճառ կրնան ըլլալ որ անհատ մը զգայ թէ Աստուած զինք լքած է։

• Ճնճղուկներու եւ մեր գլուխին մազերը համրուած ըլլալուն մասին Յիսուսի տուած օրինակներէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։

• Անհատի մը արցունքները Եհովայի ‘տիկին’ կամ ‘գիրքին’ մէջ դրուիլը ի՞նչ կը նշանակէ։

• Ի՞նչպէս կրնանք «Տէրոջը բարեկամութիւնը» վայելել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 23]

Ճնճղուկներու վերաբերեալ Յիսուսի օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ

[Նկարին աղբիւրը]

© J. Heidecker/VIREO

[Նկար՝ էջ 24]

Եհովա ինչո՞ւ Պօղոսի «մարմնի խայթոց»ը չվերցուց

[Նկար՝ էջ 25]

Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կարդալով, վստահ կ’ըլլանք թէ Աստուած անձնապէս կը հոգայ մեզ