Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»

Եհովա «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»

Եհովա «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»

«Ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 11։6

1, 2. Եհովայի ծառաներէն ոմանք ինչո՞ւ բացասական զգացումներու դէմ կը պայքարին։

«ԱՒԵԼԻ քան 30 տարի է որ Եհովայի Վկայ եմ, բայց երբեք այդպէս կոչուելու արժանի չեմ զգացած», կը խոստովանի Պարպարա։ * «Թէեւ ռահվիրայութիւն ըրած եմ եւ բազմաթիւ այլ առանձնաշնորհումներ վայելած եմ, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը օգնած է որ սրտանց համոզուիմ թէ արժանի եմ Վկայ անունը կրելու»։ Գիթ համանման գաղափարներ կ’արտայայտէ՝ ըսելով. «Երբեմն անարժէք զգացած եմ, քանի որ Եհովայի ծառաները երջանիկ ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ ունին, բայց ես երջանիկ չէի։ Ասիկա յանցապարտութեան զգացումներ յառաջացուց, հարցերը բարդացնելով»։

2 Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն շատեր, թէ՛ անցեալին եւ թէ ներկայիս, նոյնանման զգացումներու դէմ պայքարած են։ Երբեմն այս վիճակէն կ’անցնի՞ս։ Թերեւս խնդիրներդ կը կուտակուին, մինչ կը թուի թէ հաւատակիցներդ կեանքը կը վայելեն, հոգեր չունին ու երջանիկ են։ Ուստի կը զգաս թէ ո՛չ Եհովայի հաւանութիւնը ունիս, ո՛չ ալ իր ուշադրութեան արժանի ես։ Հապճեպով մի՛ եզրակացներ թէ այս է պարագան։ Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ. «[Եհովա] չարհամարհեց ու չքամահրեց դժբախտին տառապանքը, ու երեսը անկէ չծածկեց, հապա իրեն լսեց՝ երբ իրեն աղաղակեց»։ (Սաղմոս 22։24, ԱՎ) Մեսիայի մասին այս մարգարէական խօսքերը ցոյց կու տան թէ Եհովա ո՛չ միայն իր հաւատարիմ ծառաներուն կը լսէ, այլեւ՝ զանոնք կը վարձատրէ։

3. Ինչո՞ւ այս իրերու դրութեան ճնշումներէն պաշտպանուած չենք։

3 Այս իրերու դրութեան ճնշումներէն ո՛չ ոք պաշտպանուած է, նոյնիսկ՝ Եհովայի ժողովուրդը։ Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ Եհովայի գլխաւոր թշնամիին՝ Բանսարկուին իշխանութեան ներքեւ է։ (Բ. Կորնթացիս 4։4. Ա. Յովհաննու 5։19) Փոխանակ հրաշալիօրէն պաշտպանուելու, իրականութեան մէջ Եհովայի ծառաները Սատանայի գլխաւոր թիրախն են։ (Յոբայ 1։7-12. Յայտնութիւն 2։10) Հետեւաբար մինչեւ Աստուծոյ որոշած ժամանակը, պէտք է ‘նեղութեան մէջ համբերենք’ ու ‘ստէպ աղօթքի կենանք’, վստահ ըլլալով թէ Եհովա կը հոգայ մեզ։ (Հռովմայեցիս 12։12) Թող երբեք մեր միտքէն չանցնի թէ Եհովա Աստուած մեզ չի սիրեր։

Համբերատարութեան վաղեմի օրինակներ

4. Եհովայի կարգ մը հաւատարիմ ծառաներուն օրինակը տուր, որոնք նեղացուցիչ պարագաներու տոկացին։

4 Եհովայի վաղեմի ծառաներէն շատեր ստիպուած էին նեղացուցիչ պարագաներու տոկալ։ Օրինակ, Աննա «տրտմալից հոգի» ունէր՝ անզաւակ մնալուն պատճառով,– վիճակ մը՝ որ Աստուծոյ կողմէ մոռցուած ըլլալու համահաւասար նկատեց։ (Ա. Թագաւորաց 1։9-11) Երբ ատելավառ Յեզաբէլ թագուհիին կողմէ կը հալածուէր, Եղիա վախցաւ ու Եհովայի աղօթեց. «Ալ հերի՛ք է, ո՛վ Տէր, ա՛ռ իմ հոգիս, քանզի ես իմ հայրերէս լաւ չեմ»։ (Գ. Թագաւորաց 19։4) Իսկ Պօղոս առաքեալ իր անկատարութեան ծանր լուծը շօշափելով՝ խոստովանեցաւ. «Երբ բարին ընելը կամենամ, չարը իմ քովս կ’ըլլայ», ապա աւելցուց. «Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ ես»։—Հռովմայեցիս 7։21-24

5. (ա) Աննա, Եղիա ու Պօղոս ի՞նչպէս վարձատրուեցան։ (բ) Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչպէս կը մխիթարէ մեզ, եթէ բացասական զգացումներու դէմ կը պայքարինք։

5 Անշուշտ գիտենք թէ Աննա, Եղիա ու Պօղոս տոկացին Եհովայի ծառայութեան մէջ, եւ Ան առատօրէն վարձատրեց զանոնք։ (Ա. Թագաւորաց 1։20. 2։21. Գ. Թագաւորաց 19։5-18. Բ. Տիմոթէոս 4։8) Այսուհանդերձ անոնք մարդկային ամէն տեսակ յուզումներ ունեցան, ի ներառեալ՝ վիշտ, յուսահատութիւն եւ վախ։ Ուստի պէտք չէ զարմանանք, եթէ երբեմն բացասական զգացումներ ունենանք։ Ի՞նչ կրնաս ընել, երբ կեանքի մտահոգութիւնները պատճառ ըլլան որ հարց տաս թէ Եհովա իրապէս կը սիրէ՛ քեզ կամ ոչ։ Կրնաս Աստուծոյ Խօսքով մխիթարուիլ։ Օրինակ, նախորդ յօդուածին մէջ քննարկեցինք Յիսուսի խօսքը՝ թէ Եհովա «ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ» համրած է։ (Մատթէոս 10։30) Այս քաջալերական խօսքը ցոյց կու տայ թէ Եհովա իր իւրաքանչիւր ծառայով խորապէս հետաքրքրուած է։ Նաեւ մտաբերէ Յիսուսի օրինակը ճնճղուկներուն մասին։ Եթէ Եհովա այդ փոքր թռչունին գետին իյնալը կը նկատէ, ինչո՞ւ պիտի անտեսէ դժուարին կացութիւնդ։

6. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կրնայ մխիթարել անոնք որ բացասական զգացումներու դէմ կը պայքարին։

6 Իրապէս կարելի՞ է որ մենք՝ անկատար մարդիկս՝ թանկագին ըլլանք ամենազօր Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ աչքին։ Այո՛։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչի բազմաթիւ հատուածներ այս առնչութեամբ մեզ կը հաւաստիացնեն։ Անոնց վրայ խոկալով, կրնանք սաղմոսերգուին խօսքերը երկրորդել, որ ըսաւ. «Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին»։ (Սաղմոս 94։19) Նկատի առնենք Աստուծոյ Խօսքին կարգ մը մխիթարական արտայայտութիւնները, որոնք մեզի պիտի օգնեն լիովին ըմբռնելու թէ Աստուած մեզ կ’արժեւորէ եւ պիտի վարձատրէ, մինչ կը շարունակենք իր կամքը կատարել։

Եհովայի «սեփական գանձ»ը

7. Եհովա Մաղաքիայի միջոցով ի՞նչ քաջալերական մարգարէութիւն մը տուաւ փտած ազգին։

7 Հ.Դ.Ա. հինգերորդ դարուն, Հրեաներուն մէջ ողբալի վիճակ մը կը տիրէր։ Քահանաները անպատշաճ անասուններ կ’ընդունէին եւ զանոնք Եհովայի զոհասեղանին վրայ կը զոհէին։ Դատաւորները աչառութեամբ կը վարուէին։ Կախարդութիւնը, ստութիւնը, խարդախութիւնն ու շնութիւնը լայնատարած էին։ (Մաղաքեայ 1։8. 2։9. 3։5) Մաղաքիա այս փտած ազգին ապշեցուցիչ մարգարէութիւն մը հաղորդեց, նշելով թէ ժամանակի ընթացքին, Եհովա իր ժողովուրդը ընդունելի վիճակի պիտի վերադարձնէր։ Կը կարդանք. «Անոնք իմս պիտի ըլլան, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Այն օրը երբ իմ սեփական գանձս հաւաքեմ, անոնց պիտի խնայեմ, ինչպէս մարդ մը կը խնայէ իր որդիին, որ իրեն ծառայութիւն կ’ընէ»։—Մաղաքեայ 3։17

8. Մաղաքեայ 3։17–ն ինչո՞ւ սկզբունքով կրնայ մեծ բազմութեան կիրարկուիլ։

8 Մաղաքիայի մարգարէութիւնը արդի կատարում ունի, հոգիէն օծուած Քրիստոնեաներուն կապակցաբար, որոնք 144,000–է բաղկացած հոգեւոր ազգ մը կը կազմեն։ Այդ ազգը արդարեւ Եհովայի «սեփական գանձ»ը կամ «սեփական ժողովուրդ»ն է։ (Ա. Պետրոս 2։9) Մաղաքիայի մարգարէութիւնը նաեւ կը քաջալերէ «մեծ բազմութիւն»ը, որոնք ‘աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր են՝ ճերմակ հանդերձներ հագած’։ (Յայտնութիւն 7։4, 9) Անոնք օծեալներուն հետ մէկ հօտ կը կազմեն, մէկ Հովիւի՝ Յիսուս Քրիստոսի ներքեւ։—Յովհաննու 10։16

9. Եհովա իր ժողովուրդը ինչո՞ւ «սեփական գանձ» կը նկատէ։

9 Եհովա իրեն ծառայողները ի՞նչպէս կը նկատէ։ Մաղաքեայ 3։17–ին համաձայն, ան զանոնք կը նկատէ ինչպէս սիրառատ հայր մը իր որդին կը նկատէ։ Նաեւ նկատի առ այն ջերմ արտայայտութիւնը, որով իր ժողովուրդը կը նկարագրէ,– «սեփական գանձ»։ Այլ թարգմանութիւններ այդ արտայայտութիւնը կը թարգմանեն՝ «նրանք իմը կը լինեն», «իմ սեպհականութիւնը» եւ «գոհարներս»։ Եհովա իրեն ծառայողները ինչո՞ւ մեծապէս կ’արժեւորէ։ Պատճառներէն մէկը այն է, թէ գնահատող Աստուած մըն է։ (Եբրայեցիս 6։10) Ան կը մօտենայ սրտանց իրեն ծառայողներուն եւ զանոնք արժէքաւոր կը նկատէ։

10. Եհովա իր ժողովուրդը ի՞նչպէս կը պաշտպանէ։

10 Արժէքաւոր ինչք մը ունի՞ս որ սեփական գանձ կը նկատես։ Վստահաբար զայն պահպանելու համար քայլեր կ’առնես։ Եհովա նմանապէս իր «սեփական գանձ»ը կը պաշտպանէ։ Ճիշդ է որ ան իր ժողովուրդէն չի հեռացներ կեանքի բոլոր փորձութիւններն ու ողբերգութիւնները։ (Ժողովողի 9։11) Բայց Եհովա իր հաւատարիմ ծառաները կրնայ հոգեւորապէս պաշտպանել եւ պիտի պաշտպանէ։ Ան հարկ եղած զօրութիւնը կու տայ անոնց, որպէսզի որեւէ փորձութեան տոկան։ (Ա. Կորնթացիս 10։13) Մովսէս Աստուծոյ վաղեմի ժողովուրդին՝ Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Ուժովցէ՛ք ու քա՛ջ եղէք, . . . Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ ի՛նք քեզի հետ պիտի երթայ. ան քեզ երեսի վրայ պիտի չթողու ու քեզ պիտի չլքէ»։ (Բ. Օրինաց 31։6, ԱՎ) Եհովա իր ժողովուրդին հետ վարձահատոյց կերպով կը վարուի։ Անոնք իր «սեփական գանձ»ն են։

Եհովա ‘վարձատրող է’

11, 12. Եհովան որպէս Վարձատրող գնահատելը ի՞նչպէս կ’օգնէ որ կասկածի զգացումներուն դէմ պայքարինք։

11 Եհովա նաեւ կ’ապացուցանէ թէ իր ծառաները կ’արժեւորէ, զանոնք վարձատրելով։ Ան Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Ասով զիս փորձեցէ՛ք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, թէ արդեօք ձեզի երկնքի պատուհանները պիտի չբանա՞մ ու ձեզի օրհնութիւն թափեմ, այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ»։ (Մաղաքեայ 3։10) Անշուշտ Եհովա ի վերջոյ իր ծառաները պիտի վարձատրէ յաւիտենական կեանքով։ (Յովհաննու 5։24. Յայտնութիւն 21։4) Այս մեծարժէք վարձատրութիւնը կը յայտնէ Եհովայի սիրոյն ու առատաձեռնութեան տարողութիւնը։ Անիկա նաեւ ցոյց կու տայ թէ ան իրապէս կ’արժեւորէ իրեն ծառայողները։ Եհովան առատաձեռն Վարձատրող նկատելը կրնայ մեզի օգնել որ Աստուծոյ առջեւ մեր կեցուածքին հետ կապ ունեցող որեւէ կասկածի դէմ պայքարինք։ Իրականութեան մէջ, Եհովա մեզ կը յորդորէ որ զինք Վարձատրող նկատենք։ Պօղոս գրեց. «Ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։—Եբրայեցիս 11։6

12 Անշուշտ Եհովայի կը ծառայենք քանի որ կը սիրենք զինք,– ո՛չ թէ քանի որ կը խոստանայ մեզ վարձատրել։ Այսուհանդերձ վարձատրութեան մը յոյսը ի մտի ունենալը անպատշաճ կամ եսասիրական բան մը չէ։ (Կողոսացիս 3։23, 24) Քանի որ զիրենք կը սիրէ եւ մեծապէս կ’արժեւորէ, Եհովա նախաքայլը կ’առնէ ու կը վարձատրէ զինք սրտանց փնտռողները։

13. Փրկանքի կարգադրութիւնը ինչո՞ւ մեզի հանդէպ Եհովայի սիրոյն մեծագոյն ապացոյցն է։

13 Եհովայի աչքին մարդկութեան արժէքին մեծագոյն ապացոյցն է՝ փրկանքի կարգադրութիւնը։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ (Յովհաննու 3։16) Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին հայթայթումը բոլորովին կը հակասէ այն գաղափարին, թէ մենք Եհովայի աչքին անարժէք ենք կամ սիրուած չենք։ Արդարեւ, եթէ Եհովա մեզի համար շատ սուղ գին մը վճարեց,– իր միածին Որդին զոհելով,– վստահաբար մեզ խորապէս կը սիրէ։

14. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Պօղոս փրկանքը ի՛նչպէս նկատեց։

14 Ուստի, երբ ժխտական զգացումները քեզ պատեն, փրկանքին վրայ խորհրդածէ։ Այո, զայն նկատէ Եհովայի կողմէ քեզի՛ տրուած պարգեւ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ ըրաւ։ Մտաբերէ անոր խօսքը. «Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ ես»։ Բայց ան աւելցուց. «Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով», որ «զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց»։ (Հռովմայեցիս 7։24, 25. Գաղատացիս 2։20) Այս խօսքը չի նշանակեր թէ Պօղոս անձնագով էր։ Ան պարզապէս վստահ էր թէ Եհովա զինք անհատապէս կ’արժեւորէր։ Պօղոսի նման, դուն ալ պէտք է սորվիս փրկանքը նկատել Աստուծոյ կողմէ քեզի տրուած անձնական պարգեւ։ Եհովա ո՛չ միայն հզօր Փրկիչ է, այլեւ՝ սիրառատ Վարձատրող։

Սատանայի «հնարքներ»էն զգուշացի՛ր

15-17. (ա) Բանսարկուն ի՞նչպէս բացասական զգացումները կը շահագործէ։ (բ) Յոբի փորձառութեամբ ի՞նչպէս կրնանք քաջալերուիլ։

15 Սակայն թերեւս դեռ դժուար կը գտնես հաւատալ թէ Աստուծոյ Խօսքին ներշնչեալ մխիթարութիւնները իրապէս քեզի կը կիրարկուին։ Թերեւս կը զգաս թէ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ յաւիտեան ապրելու վարձատրութիւնը ուրիշներո՛ւն մատչելի է, բայց դուն պարզապէս անոր արժանի չես։ Այս պարագային, ի՞նչ կրնաս ընել։

16 Անկասկած քաջածանօթ ես Եփեսացիներուն ուղղուած Պօղոսի յորդորին. «Ձեր վրայ հագէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք Սատանային հնարքներուն դէմ դնել»։ (Եփեսացիս 6։11) Երբ Սատանայի մեթոտներուն մասին խորհինք, տեղին ըլլալով անմիջապէս մեր միտքը կու գան նիւթապաշտութիւնն ու անբարոյութիւնը,– փորձութիւններ՝ որոնք անցեալին թէ ներկայիս, Աստուծոյ ժողովուրդէն շատեր ծուղակը ձգած են։ Բայց պէտք չէ անտեսենք Սատանայի ուրիշ մէկ հնարքը,– մարդիկ համոզել թէ Եհովա Աստուծոյ կողմէ սիրուած չեն։

17 Բանսարկուն հմտօրէն կը շահագործէ այս զգացումները, մարդիկ Աստուծմէ հեռացնելու համար։ Մտաբերէ Բաղդատի խօսքերը Յոբի. «Մարդը ի՞նչպէս պիտի արդարանայ Աստուծոյ առջեւ։ Կնոջմէ ծնածը ի՞նչպէս կրնայ մաքուր ըլլալ։ Ահա լուսինն ալ լոյս չի տար ու անոր աչքերուն առջեւ աստղերն ալ մաքուր չեն. Ալ ո՞ւր կը մնայ մարդը, որ որդ մըն է ու մարդու որդին՝ որ ճճի մըն է»։ (Յոբայ 25։4-6. Յովհաննու 8։44) Ի՜նչ վհատեցուցիչ խօսքեր։ Ուստի թոյլ մի՛ տար որ Սատանան քեզ յուսահատեցնէ։ Միւս կողմէ, Սատանայի ծրագիրներուն քաջատեղեակ եղիր, որպէսզի քաջութիւն ու կորով ունենաս ա՛լ աւելի պայքարելու, շիտակը ընելու համար։ (Բ. Կորնթացիս 2։11) Ինչ կը վերաբերի Յոբին, Եհովա զինք սրբագրեց ու վարձատրեց՝ իր համբերատարութեան համար, իրեն տալով կորսնցուցածին կրկնապատիկը։—Յոբայ 42։10

Եհովա «մեր սրտերէն մեծ է»

18, 19. Աստուած ի՞նչպէս «մեր սրտերէն մեծ է», եւ ի՞նչ կերպով «ամէն բան գիտէ»։

18 Ճիշդ է որ վհատութեան զգացումները յաղթահարելը դժուար է, եթէ խոր արմատ կապած են։ Այսուհանդերձ Եհովայի հոգին կրնայ քեզի օգնել որ աստիճանաբար ‘ամրոցներ քանդես, որոնք Աստուծոյ գիտութեան դէմ են’։ (Բ. Կորնթացիս 10։4, 5) Երբ ժխտական խորհուրդները կը սպառնան քեզ ճզմել, խորապէս մտածէ Յովհաննէս առաքեալի սա խօսքերուն մասին. «Ասով կը ճանչնանք թէ ճշմարտութենէն ենք։ Մեր սրտերուն համարձակութիւնովը անոր առջեւ պիտի երեւնանք։ Եթէ մեր սրտերը մեզ մեղադրեն, մենք գիտենք թէ Աստուած մեր սրտերէն մեծ է եւ ամէն բան գիտէ»։—Ա. Յովհաննու 3։19, 20

19 «Աստուած մեր սրտերէն մեծ է» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։ Երբեմն մեր սիրտը մեզ կը դատապարտէ, յատկապէս երբ չափազանց կը կեդրոնանանք մեր անկատարութիւններուն ու թերութիւններուն վրայ։ Կամ՝ թերեւս մեր ենթահողին պատճառով, մեր անձին մասին ժխտականօրէն մտածելու ծայրայեղ հակում ունինք, սեպելով թէ մեր ամէն ըրածը, Եհովայի առջեւ ընդունելի չէ։ Յովհաննէս առաքեալի խօսքերը մեզ կը հաւաստիացնեն թէ Եհովա անկէ աւելի մեծ է։ Ան մեր սխալանքներէն անդին կը նայի ու մեր իսկական հնարաւորութիւնը կը զատորոշէ։ Ան նաեւ գիտէ մեր շարժառիթներն ու դիտաւորութիւնները։ Դաւիթ գրեց. «Ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։ (Սաղմոս 103։14) Այո, Եհովա մեզ աւելի լաւ գիտէ, քան՝ մենք մեզ։

«Վայելչութեան պսակ» եւ «արքայական թագ»

20. Եսայիի վերահաստատման մարգարէութիւնը ի՞նչ կը յայտնէ Իր ծառաներուն հանդէպ Եհովայի տեսակէտին մասին։

20 Եսայի մարգարէին միջոցով, Եհովա իր վաղեմի ժողովուրդին վերահաստատման յոյս տուաւ։ Երբ Բաբելոն աքսորուէին, սրտաբեկ անհատները ա՛յս մխիթարութեան ու երաշխիքին կարիք պիտի ունենային։ Խօսելով այն ժամանակին մասին երբ իրենց հայրենիքը պիտի վերադառնային, Եհովա ըսաւ. «Տէրոջը ձեռքին մէջ՝ վայելչութեան պսակ ու քու Աստուծոյդ ձեռքին մէջ արքայական թագ պիտի ըլլաս»։ (Եսայեայ 62։3) Այս խօսքերով, Եհովա իր ժողովուրդը արժանապատուութեամբ ու շքեղութեամբ պատեց։ Ներկայիս ան նոյնը ըրած է իր հոգեւոր Իսրայէլ ազգին։ Կարծես թէ ան զիրենք բարձրացուցած է, որպէսզի բոլորին հիացմունքին արժանանան։

21. Ի՞նչպէս կրնաս վստահութիւն ունենալ թէ Եհովա քեզ պիտի վարձատրէ՝ հաւատարմօրէն տոկալուդ համար։

21 Թէեւ այս մարգարէութիւնը գլխաւորաբար օծեալներուն կը կիրարկուի, սակայն ցոյց կու տայ այն արժանապատուութիւնը որ Եհովա կը շնորհէ իրեն ծառայող բոլոր անհատներուն։ Հետեւաբար, երբ կասկածի զգացումները քեզ պատեն, յիշէ թէ անկատար ըլլալով հանդերձ, կրնաս Եհովայի աչքին «վայելչութեան պսակ»ի եւ «արքայական թագ»ի նման արժէքաւոր ըլլալ։ Ուստի շարունակէ իր սիրտը ուրախացնել, լրջօրէն ջանալով իր կամքը կատարել։ (Առակաց 27։11) Այս կերպով, կրնաս վստահ ըլլալ թէ Եհովա քեզ պիտի վարձատրէ՝ հաւատարմօրէն տոկալուդ համար։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 1 Անուններէն ոմանք փոխուած են։

Կը յիշե՞ս

• Մենք ի՞նչպէս Եհովայի «սեփական գանձ»ն ենք։

• Ինչո՞ւ կարեւոր է Եհովան Վարձատրող նկատել։

• Սատանայի ո՞ր «հնարքներ»էն պէտք է զգուշանանք։

• Ի՞նչ կերպով Աստուած «մեր սրտերէն մեծ է»։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 28]

Պօղոս

[Նկար՝ էջ 28]

Եղիա

[Նկար՝ էջ 28]

Աննա

[Նկար՝ էջ 30]

Աստուծոյ Խօսքը բազմաթիւ մխիթարական գաղափարներ կը բովանդակէ