Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Զգացումներուդ հետ կը պայքարի՞ս

Զգացումներուդ հետ կը պայքարի՞ս

Զգացումներուդ հետ կը պայքարի՞ս

ԼԵՆԱ իր կեանքին մեծ մասը անցուցած է բացասական զգացումներու դէմ պայքարելով։ Ան ըսաւ. «Մանկութեանս շրջանին երկար տարիներ լլկուիլը ինքնայարգանքս կործանեց։ Զգացի թէ բոլորովին անպէտ եմ»։ Սիմոն ալ իր պատանեկութեան մասին կ’ըսէ. «Ներքին մեծ պարապութիւն կար ու համոզուած էի թէ անարժէք էի»։ Այսպիսի զգացումներէ յառաջ եկած ապերջանկութիւնը ներկայիս լայնատարած է։ Դեռատիներուն հեռախօսով խրատ տուող ընկերութիւն մը կ’ըսէ թէ հեռաձայնող դեռատիներուն գրեթէ կէսը «անարժէք ըլլալու մնայուն զգացումներէ» կը տառապի։

Կարգ մը մասնագէտներու համաձայն, անատակութեան զգացումները յառաջ կու գան, երբ ուրիշներ պատճառ կ’ըլլան որ անհատը անարժէք զգայ։ Այս մտավիճակը կրնայ զարգանալ, երբ անհատը յարատեւ կը յանդիմանուի, չափազանց ու խստիւ կը քննադատուի, կամ անգթօրէն կը շահագործուի։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պատճառը, անհատը կը կրէ ուժաթափ ընող եւ նոյնիսկ կործանարար հետեւանքներ։ Վերջերս կատարուած բժշկական ուսումնասիրութիւն մը յայտնեց թէ իրենց անձին հանդէպ բացասական զգացումներ ունեցողները, իրենք իրենց եւ ուրիշներուն չվստահելու հակումը ունին, եւ անգիտակցաբար կը տկարացնեն սերտ յարաբերութիւններն ու բարեկամութիւնները։ Ուսումնասիրութեան տեղեկագրութիւնը կ’ըսէ. «Առումով մը, անոնք ‘կը ստեղծեն’ ա՛յն վիճակները, որոնցմէ ամենէն շատ կը վախնան»։

Այդ կերպով զգացողները յաճախ իրենց «խռովիչ խորհուրդներ»ուն զոհ գացած են։ (Սաղմոս 94։19, ՆԱ) Անոնք կը խորհին թէ ի՛նչ ալ ընեն, չեն կրնար բարեփոխուիլ։ Երբ բան մը սխալ ընթանայ, անոնք բնազդականօրէն իրենք զիրենք կը մեղադրեն։ Եթէ ուրիշներ զիրենք գովեն իրենց իրագործումներուն համար, անոնք ներքնապէս կը զգան թէ խաբեբայ մըն են, որ ուշ կամ կանուխ պիտի քօղազերծուի։ Հաւատալով թէ իրենք երջանիկ ըլլալու արժանի չեն, շատեր ինքնակործան վերաբերմունքի կը բռնուին, եւ զայն սրբագրելու անկարող կը զգան։ Վերոյիշեալ Լենան սննդառութեան լուրջ խանգարում մը զարգացուց, ինքնայարգանք չունենալուն պատճառով, եւ ան կ’ըսէ. «Զգացի թէ անկարող եմ բան մը փոխելու»։

Այսպիսի «խռովիչ խորհուրդներ»ու հետ պայքարող անհատները, ի մահ այս կերպով զգալու դատապարտուա՞ծ են։ Այս զգացումները նուաճելու համար կարելի՞ է բան մը ընել։ Աստուածաշունչը սկզբունքներ եւ գործնական խրատները կը հայթայթէ, որոնք շատերուն օգնած են այս պայքարէն յաղթական դուրս գալու։ Այս սկզբունքներէն ոմանք ի՞նչ են, եւ ի՞նչպէս տառապողներուն օգնած են որ ուրախութիւն գտնեն։ Յաջորդ յօդուածը պիտի բացատրէ։