Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Չորրորդ Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

Չորրորդ Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Չորրորդ Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ Դ. Թագաւորաց գիրքը Գ. Թագաւորաց գիրքի պատմութեան շարունակութիւնն է։ Անիկա 29 թագաւորներու մասին կը խօսի,– Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութենէն 12 թագաւոր եւ Յուդայի հարաւային թագաւորութենէն 17 թագաւոր։ Դ. Թագաւորաց գիրքը նաեւ կը պատմէ Եղիա, Եղիսէ ու Եսայի մարգարէներուն գործունէութիւնները։ Անիկա միշտ ժամանակագրական շարքաւորումով չէ գրուած, բայց կը պարփակէ Սամարիայի ու Երուսաղէմի կործանման իրադարձութիւնները։ Դ. Թագաւորաց գիրքը կը ծածկէ 340 տարի,– Հ.Դ.Ա. 920–էն մինչեւ Հ.Դ.Ա. 580, երբ Երեմիա մարգարէն զայն ամբողջացուց։

Դ. Թագաւորաց գիրքը ի՞նչ արժէք ունի մեզի համար։ Անիկա մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովայի ու իր գործառնութիւններուն մասին։ Անոր մէջ յիշուած թագաւորներուն, մարգարէներուն եւ ուրիշներու արարքներէն ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ։ Այժմ քննարկենք Դ. Թագաւորաց գիրքը։

ԵՂԻՍԷ ԵՂԻԱՅԻ ԿԸ ՅԱՋՈՐԴԷ

(Դ. Թագաւորաց 1։1–8։29)

Ոքոզիա թագաւոր իր վերնատան վանդակապատէն վար կ’իյնայ ու կը հիւանդանայ։ Եղիա անոր կ’իմացնէ թէ պիտի մահանայ։ Ոքոզիայի մահէն ետք, անոր եղբայրը Յովրամ գահ կը նստի։ Մինչ այդ, Յովսափատ Յուդայի վրայ թագաւոր է։ Եղիա մրրիկով կ’առնուի, եւ իր օգնականը՝ Եղիսէ իրեն կը յաջորդէ որպէս մարգարէ։ Եղիսէ շուրջ 60 տարի կը ծառայէ ու բազմաթիւ հրաշքներ կը գործէ։—Տես «Եղիսէի հրաշքները» խորագրով շրջանակը։

Երբ Մովաբացի թագաւորը Իսրայէլի դէմ կ’ապստամբի, Յովրամ, Յովսափատ եւ Եդովմի թագաւորը անոր դէմ կը պատերազմին։ Անոնց յաղթանակ կը տրուի, Յովսափատի հաւատարմութեան շնորհիւ։ Անկէ ետք, Սուրիայի թագաւորը Իսրայէլի վրայ անակնկալ յարձակում մը կը ծրագրէ։ Սակայն Եղիսէ ծրագիրը կը խափանէ։ Սուրիացի թագաւորը կը զայրանայ ու կը ղրկէ «ձիեր ու կառքեր եւ բազմաթիւ զօրքեր», զինք ձերբակալելու համար։ (Դ. Թագաւորաց 6։14) Ան երկու հրաշք կը կատարէ ու Սուրիացիները խաղաղութեամբ իրենց երկիրը կը ղրկէ։ Անկէ ետք, Սուրիացի Բենադադ թագաւորը Սամարիան կը պաշարէ։ Ասիկա սաստիկ սով կը պատճառէ, բայց Եղիսէ կը նախագուշակէ թէ սովը վերջ պիտի գտնէ։

Ժամանակ մը ետք, Եղիսէ Դամասկոս կ’երթայ։ Բենադադ թագաւոր, որ այժմ հիւանդ է, Ազայէլը կը ղրկէ հարցնելու թէ արդեօք իր հիւանդութենէն պիտի բուժուի՞։ Եղիսէ կը նախագուշակէ թէ թագաւորը պիտի մահանայ ու Ազայէլ անոր տեղ պիտի թագաւորէ։ Յաջորդ օրը Ազայէլ թաց լաթով թագաւորը կը խեղդէ ու իշխանութեան գլուխը կ’անցնի։ (Դ. Թագաւորաց 8։15) Յուդայի մէջ, Յովսափատի որդին՝ Յովրամ թագաւոր կ’ըլլայ, եւ իրեն կը յաջորդէ իր որդին՝ Ոքոզիա։—Տես «Յուդայի եւ Իսրայէլի թագաւորները» խորագրով շրջանակը։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

2։9—Եղիսէ ինչո՞ւ խնդրեց ‘Եղիայի ոգիին կրկնապատիկը ունենալ’։ Որպէս Իսրայէլի ղրկուած մարգարէ իր պատասխանատուութիւնը կատարելու համար, Եղիսէ կարիք պիտի ունենար Եղիայի ցուցաբերած հոգիին, այսինքն՝ նոյն քաջութեան ու անվեհերութեան։ Ասոր անդրադառնալով, Եղիսէ խնդրեց Եղիայի ոգիին կրկնապատիկը ունենալ։ Եղիսէ Եղիայի կողմէ նշանակուած էր իբր յաջորդ, եւ վեց տարի անոր ծառան եղած էր, ուստի զինք նկատեց իր հոգեւոր հայրը, իսկ ինք Եղիայի հոգեւոր անդրանիկին նման էր։ (Գ. Թագաւորաց 19։19-21. Դ. Թագաւորաց 2։12) Հետեւաբար ինչպէս բառացի անդրանիկը իր հօր ժառանգութենէն կրկնապատիկ բաժին կը ստանար, նոյնպէս Եղիսէ Եղիայէ խնդրեց ու հոգեւոր ժառանգութենէն կրկնապատիկ բաժին ստացաւ։

2։11—Եղիա մրրիկով ո՞ր «երկինք»ը ելաւ։ Անիկա ո՛չ ֆիզիքական տիեզերքի հեռաւոր մասն է, ո՛չ ալ հոգեւոր վայրն է, ուր Աստուած եւ իր հրեշտակային որդիները կը բնակին։ (Բ. Օրինաց 4։19. Սաղմոս 11։4. Մատթէոս 6։9. 18։10) Եղիայի ելած «երկինք»ը երկրագունդի օդոլորտն էր։ (Սաղմոս 78։26. Մատթէոս 6։26) Ըստ երեւոյթին, կրակէ կառքը զինք փոխադրեց ուրիշ վայր մը երկրագունդի վրայ, ուր շարունակեց ապրիլ որոշ ժամանակ մը։ Իրականութեան մէջ, տարիներ ետք Եղիա նամակ մը գրեց Յուդայի Յովրամ թագաւորին։—Բ. Մնացորդաց 21։1, 12-15

5։15, 16—Եղիսէ ինչո՞ւ Նէեմանի ընծան չընդունեց։ Եղիսէ ընծան մերժեց, քանի որ գիտակցեցաւ թէ Նէեմանի հրաշալի բուժումը կատարուեցաւ ո՛չ թէ իր ոյժով, այլ՝ Եհովայի։ Ան երբեք չմտածեց իր աստուածատուր պաշտօնէն նիւթապէս շահիլ։ Ներկայիս ճշմարիտ երկրպագուները չեն ջանար Եհովայի ծառայութենէն անձնական շահեր ձեռք ձգել։ Անոնք Յիսուսի յորդորին կ’անսան. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք»։—Մատթէոս 10։8

5։18, 19—Նէեման ներում կը խնդրէր, քանի որ ստիպուած էր կրօնակա՞ն արարքի մը մասնակցիլ։ Սուրիացի թագաւորը ակներեւօրէն տարիքոտ ու տկար էր, եւ ստիպուած էր Նէեմանի ձեռքին վրայ կռթնիլ։ Երբ թագաւորը Ռեմօնի երկրպագէր, Նէեման ալ կը խոնարհէր, բայց ո՛չ թէ առ ի պաշտամունք, այլ՝ միայն թագաւորին օգնելու նպատակով։ Ան Եհովայէ կը խնդրէր որ իրեն ներէր այս ոչ–զինուորական պարտականութիւնը կատարելուն համար։ Նէեմանի խօսքին հաւատալով, Եղիսէ անոր ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ»։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։13, 14. Ուշադրութեամբ դիտելով սորվիլը եւ խոնարհութեամբ վարուիլը կրնան կեանքեր փրկել։

2։2, 4, 6. Եղիսէ հաւանաբար վեց տարի Եղիայի ծառան ըլլալով հանդերձ, պնդեց զինք չձգել։ Հաւատարմութեան եւ բարեկամութեան ի՜նչ ընտիր օրինակ։—Առակաց 18։24

2։23, 24. Ըստ երեւոյթին, երախաները Եղիսէն ծաղրեցին, քանի որ տեսան Եղիայի պաշտօնական վերարկուն հագած ճաղատ մարդ մը։ Անոնք Եղիսէն ճանչցան որպէս Եհովայի ներկայացուցիչը եւ պարզապէս չուզեցին որ իրենց շրջանին մէջ մնայ։ Անոնք իրեն ըսին. «Ելի՛ր», այսինքն՝ թող շարունակէ դէպի Բեթէլ բարձրանալ կամ Եղիայի պէս վեր առնուի։ Բացայայտ է որ երախաները իրենց ծնողներուն թշնամական կեցուածքը արտացոլացուցին։ Որքա՜ն էական է որ ծնողներ իրենց զաւակներուն սորվեցնեն Աստուծոյ ներկայացուցիչները յարգել։

3։14, 18, 24. Եհովայի խօսքը միշտ կը կատարուի։

3։22. Նորածագ արեւի ճառագայթներուն ցոլացումը յառաջ բերաւ այն պատրանքը թէ ջուրերը արիւն էին, հաւանաբար քանի որ նոր բացուած ջրանցքները կարմիր հող կը պարունակէին։ Եհովա կրնայ իր նպատակները իրագործելու համար բներեւոյթներ գործածել։

4։8-11. Սունամացի կինը գիտակցելով որ Եղիսէ «Աստուծոյ մէկ սուրբ մարդն է», զինք հիւրասիրեց։ Նոյնը պէտք չէ՞ ընենք Եհովայի հաւատարիմ երկրպագուներուն։

5։3. Իսրայելացի աղջնակը կը հաւատար թէ Աստուած կրնայ հրաշքներ գործել։ Ան նաեւ քաջութիւն ունէր իր հաւատքին մասին խօսելու։ Դեռատինե՛ր, կը ջանա՞ք Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ ձեր հաւատքը զօրացնել եւ քաջութիւն հաւաքել որ ճշմարտութիւնը բաժնէք ձեր ուսուցիչներուն եւ դասընկերներուն հետ։

5։9-19. Նէեմանի օրինակը ցոյց չի՞ տար թէ հպարտ անհատը կրնայ խոնարհութիւն սորվիլ։—Ա. Պետրոս 5։5

5։20-27. Գէեզի ի՜նչ սուղ գին վճարեց, քանի որ փորձեց նենգամտութեամբ վարուիլ։ Կրկնակի կեանք ապրելէն յառաջ եկած սրտատանջութեան ու ողբերգութեան մասին խորհրդածելով, այդ ընթացքին հետեւելէ կը զգուշանանք։

ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒ ՅՈՒԴԱ Կ’ԱՔՍՈՐՈՒԻՆ

(Դ. Թագաւորաց 9։1–25։30)

Յէու ամբողջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր կ’օծուի։ Ան անմիջապէս գործի կը լծուի որ Աքաաբի տունը կործանէ։ Ան հմտութեամբ ‘Իսրայէլէն բնաջինջ կ’ընէ Բահաղը’։ (Դ. Թագաւորաց 10։28) Իմանալէ ետք թէ Յէու իր որդին սպաննեց, Ոքոզիայի մայրը՝ Գոթողիա ‘կ’ելլէ որ Յուդայի ամբողջ թագաւորական սերունդը բնաջնջէ’ եւ գահին վրայ ձեռք կը դնէ։ (Դ. Թագաւորաց 11։1) Ոքոզիայի միայն կաթնկեր մանչը՝ Յովաս կը փրկուի, վեց տարի պահուած կը մնայ, ապա Յուդայի վրայ թագաւոր կը նշանակուի։ Յովիադա քահանայի կողմէ դաստիարակուելով, Յովաս կը շարունակէ ընել ինչ որ Եհովայի առջեւ ուղիղ է։

Յէուէ ետք, Իսրայէլի վրայ իշխող բոլոր թագաւորները կ’ընեն ինչ որ Եհովայի առջեւ չար է։ Եղիսէ բնական մահով կը մեռնի Յէուի թոռան ժամանակ։ Յուդայի մէջ Յովասի յաջորդող չորրորդ թագաւորն է՝ Աքազ, եւ ան ‘Եհովայի առջեւ ուղղութիւն չ’ըներ’։ (Դ. Թագաւորաց 16։1, 2) Սակայն անոր որդին՝ Եզեկիա թագաւոր ‘Տէրոջ կը յարի’։ (Դ. Թագաւորաց 17։20. 18։6) Հ.Դ.Ա. 740–ին, երբ Եզեկիա Յուդայի վրայ թագաւոր է, իսկ Ովսէէ՝ Իսրայէլի վրայ, Ասորեստանցի Սաղմանասար թագաւոր ‘Սամարիան կ’առնէ ու Իսրայէլը Ասորեստան կը փոխադրէ’։ (Դ. Թագաւորաց 17։6) Յետոյ օտարներ կը հաստատուին Իսրայէլի մէջ ու սամարական կրօնքը ծագում կ’առնէ։

Յուդայի մէջ Եզեկիայի յաջորդող եօթը թագաւորներէն միայն Յովսիա քայլեր կ’առնէ երկրէն սուտ պաշտամունքը վերցնելու։ Ի վերջոյ, Հ.Դ.Ա. 607–ին, Բաբելոնացիները Երուսաղէմը կը գրաւեն ու ‘Յուդա իր երկրէն գերի կը տարուի’։—Դ. Թագաւորաց 25։21

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

13։20, 21—Այս հրաշքը կրօնական մասունքները պատուելուն թիկունք կը կանգնի՞։ Ո՛չ։ Աստուածաշունչը ցոյց չի տար թէ Եղիսէի ոսկորները կը պատուուէին։ Աստուծոյ զօրութիւնն էր որ այս հրաշքը կատարեց, ինչպէս էր պարագան Եղիսէի ըրած բոլոր հրաշքներուն, երբ ողջ էր։

15։1-6—Եհովա ինչո՞ւ Ազարիան (կամ՝ Ոզիան) բորոտութեամբ զարկաւ։ «Երբ [Ոզիա] ուժովցաւ, անոր սիրտը հպարտանալով չարութիւն ըրաւ եւ իր Տէր Աստուծոյն դէմ յանցանք գործեց ու Տէրոջը տաճարը մտաւ, որպէս զի խունկի սեղանին վրայ խունկ ծխէ»։ Երբ քահանաները «Ոզիա թագաւորին դէմ կեցան» ու անոր ըսին որ «սրբարանէն դո՛ւրս ելլէ», ան քահանաներուն դէմ բարկացաւ եւ Եհովա զինք բորոտութեամբ զարկաւ։—Բ. Մնացորդաց 26։16-20

18։19-21, 25—Եզեկիա Եգիպտոսի հետ զինակցութիւն կնքա՞ծ էր։ Ո՛չ։ Ռափսակի ամբաստանութիւնը անհիմն էր, ինչպէս սուտ էր իր դաւանութիւնը թէ «Եհովայի հրաման»ով եկած էր։ Հաւատարիմ Եզեկիա թագաւորը բոլորովին Եհովայի ապաւինեցաւ։

Դասեր՝ մեզի համար.

9։7, 26. Աքաաբի տան դէմ յայտարարուած ծանր դատաստանը ցոյց կու տայ թէ Եհովա գարշելի կը նկատէ սուտ պաշտամունքն ու անմեղ արիւն թափելը։

9։20. Իր կառքը կատաղաբար վարելու Յէուի համբաւը ապացուցանեց թէ ան նախանձախնդիր էր իր յանձնարարութիւնը կատարելու մէջ։ Դուն ճանչցուա՞ծ ես որպէս Թագաւորութիւնը նախանձախնդրաբար ծանուցանող։—Բ. Տիմոթէոս 4։2

9։36, 37. 10։17. 13։18, 19, 25. 14։25. 19։20, 32-36. 20։16, 17. 24։13. Կրնանք վստահ ըլլալ թէ ‘Եհովայի բերանէն ելած խօսքը միշտ կը յաջողցնէ այն բանը, որուն համար զայն կը ղրկէ’։—Եսայեայ 55։10, 11

10։15. Ինչպէս Յովնադաբ ամբողջ սիրտով ընդունեց Յէուի հրաւէրը որ իրեն միանայ կառքին մէջ, նոյնպէս «մեծ բազմութիւն»ը Յիսուս Քրիստոսի եւ իր օծեալ հետեւորդներուն կամովին թիկունք կը կանգնի։—Յայտնութիւն 7։9

10։30, 31. Յէուի արձանագրութիւնը անթերի չըլլալով հանդերձ, Եհովա գնահատեց անոր բոլոր ըրածները։ Արդարեւ ‘Աստուած անիրաւ չէ, որ մեր գործը մոռնայ’։—Եբրայեցիս 6։10

13։14-19. Որովհետեւ Յէուի թոռը՝ Յովաս չճգնեցաւ, այլ միայն երեք անգամ նետերով գետինը զարկաւ, Սուրիայի վրայ սահմանափակ յաղթանակ տարաւ։ Եհովա մեզմէ կ’ակնկալէ որ իր նշանակած գործը ամբողջ սիրտով ու նախանձախնդրաբար կատարենք։

20։2-6. Եհովա «աղօթքի լսող»ն է։—Սաղմոս 65։2

24։3, 4. Մանասէի արիւնապարտութեան պատճառով, Եհովա Յուդայի «չուզեց որ ներէ»։ Աստուած անմեղներուն արիւնը կը յարգէ։ Կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա անմեղ արիւն թափողներէն վրէժ պիտի առնէ, զանոնք բնաջնջելով։—Սաղմոս 37։9-11. 145։20

Մեզի համար արժէքաւոր է

Դ. Թագաւորաց գիրքը Եհովան կը նկարագրէ որպէս խոստում Կատարող։ Իսրայէլի թագաւորութեան եւ Յուդայի թագաւորութեան բնակիչներուն աքսորը, մեր ուշադրութեան կը յանձնէ Բ. Օրինաց 28։15–29։28–ի մէջ արձանագրուած մարգարէական դատաստանին գործադրումը։ Դ. Թագաւորաց գիրքը ցոյց կու տայ թէ Եղիսէ մարգարէն մեծապէս նախանձախնդիր էր Եհովայի անունին ու ճշմարիտ պաշտամունքին, իսկ Եզեկիա եւ Յովսիա թագաւորները՝ խոնարհ էին ու Աստուծոյ Օրէնքը կը յարգէին։

Դ. Թագաւորաց գիրքին նշած թագաւորներուն, մարգարէներուն եւ ուրիշներու վերաբերմունքին ու արարքներուն մասին խոկալով, արժէքաւոր դասեր չե՞նք սորվիր թէ ի՛նչ բանի հետամուտ ըլլանք եւ ի՛նչ բանէ խուսափինք։ (Հռովմայեցիս 15։4. Ա. Կորնթացիս 10։11) Այո, «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ»։—Եբրայեցիս 4։12

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 14]

ԵՂԻՍԷԻ ՀՐԱՇՔՆԵՐԸ

1. Յորդանանի ջուրերը կը բաժնուին։—Դ. Թագաւորաց 2։14

2. Երիքովի գէշ ջուրերը կը բուժուին։—Դ. Թագաւորաց 2։19-22

3. Արջեր կը պատառեն յանցագործ տղաներ։—Դ. Թագաւորաց 2։23, 24

4. Բանակին ջուր կը հայթայթուի։—Դ. Թագաւորաց 3։16-26

5. Այրի մը ուտելի իւղ կը ստանայ։—Դ. Թագաւորաց 4։1-7

6. Սունամացի ամուլ կին մը զաւակ կ’ունենայ։—Դ. Թագաւորաց 4։8-17

7. Երախայ մը յարութիւն կ’առնէ։—Դ. Թագաւորաց 4։18-37

8. Թունաւոր ապուրը ուտելի կը դառնայ։—Դ. Թագաւորաց 4։38-41

9. 20 հացով հարիւր մարդ կը կերակրուին։—Դ. Թագաւորաց 4։42-44

10. Նէեման իր բորոտութենէն կը բուժուի։—Դ. Թագաւորաց 5։1-14

11. Գէեզի Նէեմանի բորոտութեամբ կը զարնուի։—Դ. Թագաւորաց 5։24-27

12. Կացինին երկաթը կը ծփայ։—Դ. Թագաւորաց 6։5-7

13. Սպասաւոր մը կը տեսնէ կրակէ ձիեր ու կառքեր։—Դ. Թագաւորաց 6։15-17

14. Սուրիական բանակը կուրութեամբ կը զարնուի։—Դ. Թագաւորաց 6։18

15. Սուրիական բանակը դարձեալ կը սկսի տեսնել։—Դ. Թագաւորաց 6։19-23

16. Մեռած մարդ մը կը կենդանանայ։—Դ. Թագաւորաց 13։20, 21

[Ցուցակ/Նկարներ՝ էջ 12]

ՅՈՒԴԱՅԻ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐԸ

Սաւուղ/Դաւիթ/Սողոմոն. Հ.Դ.Ա. 1117/1077/1037 *

ՅՈՒԴԱՅԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՒԱԿԱՆ (Հ.Դ.Ա.) ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ռոբովամ ․․․․․․ 997 ․․․․․․ Յերոբովամ

Աբիա/Ասա ․․․․ 980/978 ․․․․

․․ 976/975/952 ․․ Նադաբ/Բաասա/Էլա

․․ 951/951/951 ․․ Զամբրի/Ամրի/Թաբնի

․․․․․․ 940 ․․․․․․ Աքաաբ

Յովսափատ ․․․․․․ 937 ․․․․․․

․․․․ 920/917 ․․․․ Ոքոզիա/Յովրամ

Յովրամ ․․․․․․ 913 ․․․․․․

Ոքոզիա ․․․․․․ 906 ․․․․․․

(Գոթողիա) ․․․․․․ 905 ․․․․․․ Յէու

Յովաս ․․․․․․ 898 ․․․․․․

․․․․ 876/859 ․․․․ Յովաքազ/Յովաս

Ամասիա ․․․․․․ 858 ․․․․․․

․․․․․․ 844 ․․․․․․ Յերոբովամ Բ.

Ազարիա (Ոզիա) ․․․․․․ 829 ․․․․․․

․․ 803/791/791 ․․ Զաքարիա/Սեղղում/Մանայեմ

․․․․ 780/778 ․․․․ Փակէիա/Փակէէ

Յովաթամ/Աքազ ․․․․ 777/762 ․․․․․․

․․․․․․ 758 ․․․․․․ Ովսէէ

Եզեկիա ․․․․․․ 746 ․․․․․․

․․․․․․ 740 ․․․․․․ Սամարիա կը գրաւուի

Մանասէ/Ամոն/Յովսիա ․․ 716/661/659 ․․․․․․

Յովաքազ/Յովակիմ ․․․․ 628/628 ․․․․․․

Յովաքին/Սեդեկիա ․․․․ 618/617 ․․․․․․

Երուսաղէմ կը կործանի ․․․․․․ 607 ․․․․․․

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 66 Կարգ մը թուականներ կը նշեն իշխանութեան սկսած մօտաւոր տարին։

[Նկար՝ էջ 12]

Նէեման ինքզինք խոնարհեցուց եւ Եհովայի զօրութեամբ բուժուեցաւ

[Նկար՝ էջ 13]

Եղիայի ի՞նչ պատահեցաւ երբ «մրրիկով երկինք ելաւ»