Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Քննեցէք ձեր անձերը»

«Քննեցէք ձեր անձերը»

«Քննեցէք ձեր անձերը»

«Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք. քննեցէք ձեր անձերը»։—Բ. Կորնթացիս 13։5

1, 2. (ա) Մեր հաւատալիքներուն նկատմամբ անվստահ ըլլալը, ի՞նչպէս կրնայ մեզի ազդել։ (բ) Առաջին դարու Կորնթոսի մէջ, ի՞նչ կացութիւն թերեւս պատճառ եղաւ որ ոմանք իրենց քալելիք ճամբային նկատմամբ անվստահ ըլլան։

ԳԻՒՂԱՅԻՆ շրջան կտրող մարդ մը երկճիւղ ճամբայի առջեւ կը գտնուի։ Վստահ չըլլալով թէ ո՛ր ուղին պէտք է բռնէ, ան անցորդներուն կը հարցնէ ուղղութիւններուն մասին, բայց հակասական տեղեկութիւններ կը ստանայ։ Շփոթութեան մատնուելով, ան չի կրնար ճամբորդութիւնը շարունակել։ Մեր հաւատալիքներուն շուրջ կասկածներ ունենալը կրնայ նոյն կերպով մեզի ազդել։ Այս անորոշութիւնը կրնայ որոշումներ կայացնելու մեր կարողութիւնը տկարացնել, պատճառ ըլլալով որ մեր քալելիք ճամբային նկատմամբ վստահ չըլլանք։

2 Պարագայ մը ծագեցաւ, որ կրնար այսպիսի ազդեցութիւն մը ունենալ առաջին դարու յունական Կորնթոս քաղաքի քրիստոնէական ժողովքին մէջ կարգ մը անհատներու վրայ։ «Ամենէն երեւելի առաքեալներ»ը Պօղոս առաքեալի հեղինակութիւնը հարցականի տակ կը դնէին, ըսելով. «Անոր թուղթերը . . . ծանր ու զօրաւոր են, բայց անոր մարմնին երեւոյթը տկար է ու խօսքը՝ անարգ»։ (Բ. Կորնթացիս 10։7-12. 11։5, 6) Հաւանաբար այս տեսակէտը պատճառ եղաւ որ Կորնթոսի ժողովքին անդամներէն ոմանք իրենց քալելիք ճամբային նկատմամբ անվստահ ըլլան։

3, 4. Կորնթացիներուն տրուած Պօղոսի յորդորը ինչո՞ւ մեզ պէտք է հետաքրքրէ։

3 Հ.Դ. 50–ին երբ Կորնթոս կ’այցելէր, Պօղոս ժողովքը հաստատեց։ Ան «հոն տարի մը ու վեց ամիս կեցաւ ու Աստուծոյ խօսքը անոնց կը սորվեցնէր»։ Արդարեւ «Կորնթացիներէն շատեր ալ լսելով հաւատացին ու մկրտուեցան»։ (Գործք 18։5-11) Պօղոս Կորնթոսի մէջ գտնուող իր հաւատակիցներուն հոգեւոր բարօրութեամբ խորապէս հետաքրքրուած էր։ Ասկէ զատ, Կորնթացիները իրեն նամակ գրած էին, որոշ հարցերու շուրջ խրատ խնդրելով։ (Ա. Կորնթացիս 7։1) Ուստի ան ընտիր յորդորներ տուաւ անոնց։

4 Պօղոս գրեց. «Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք. քննեցէք ձեր անձերը»։ (Բ. Կորնթացիս 13։5) Այս խրատը կիրարկելը Կորնթոսի եղբայրներուն պիտի օգնէր որ իրենց քալելիք ճամբային նկատմամբ անվստահ ըլլալէն խուսափէին։ Այսօր անիկա կրնայ նոյն կերպով մեզի օգտել։ Ուստի ի՞նչպէս կրնանք Պօղոսի խրատին հետեւիլ։ Ի՞նչպէս կրնանք փորձել թէ հաւատքին մէ՛ջն ենք կամ ոչ։ Եւ ի՞նչ կը պարփակէ մեր անձերը քննելը։

«Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք»

5, 6. Ի՞նչ չափանիշ ունինք փորձելու համար թէ հաւատքին մէ՛ջն ենք կամ ոչ, եւ անիկա ինչո՞ւ իտէալ չափանիշն է։

5 Փորձի մը մէջ, սովորաբար ենթակայ կամ առարկայ մը կը փորձուի, չափի կամ չափանիշի մը համաձայն։ Այս պարագային, փորձի առարկան հաւատքը չէ,– մեր ընդունած բոլո՛ր հաւատալիքները։ Փորձի ենթական մենք ենք՝ անհատապէս։ Փորձը կատարելու համար, կատարեալ չափանիշ մը ունինք։ Սաղմոսերգու Դաւիթի կողմէ յօրինուած սաղմոս մը կ’ըսէ. «Տէրոջը օրէնքը կատարեալ է, հոգին կը նորոգէ. Տէրոջը վկայութիւնը ճշմարիտ է, տգէտը իմաստուն կ’ընէ։ Տէրոջը կանոնները շիտակ են, սիրտը կ’ուրախացնեն։ Տէրոջը պատուիրանքները պայծառ են, աչքերուն լոյս կու տան»։ (Սաղմոս 19։7, 8) Աստուածաշունչը կը բովանդակէ Եհովայի կատարեալ օրէնքներն ու շիտակ կանոնները, իր ճշմարիտ վկայութիւնն ու պայծառ պատուիրանքները։ Անոր մէջ գտնուող պատգամը, փորձ մը կատարելու իտէալ չափանիշն է։

6 Աստուծմէ ներշնչուած այդ պատգամին մասին Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, որ կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները»։ (Եբրայեցիս 4։12) Այո, Աստուծոյ խօսքը կրնայ փորձարկել մեր սիրտը,– մեր ներքին իսկական անձը։ Ի՞նչպէս կրնանք այս խորաթափանց ու զօրաւոր պատգամը անձնապէս կիրարկել։ Սաղմոսերգուն բացայայտօրէն կերպը կը նշէ՝ ըսելով. «Երանելի է այն մարդը, . . . [որուն] հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ»։ (Սաղմոս 1։1, 2) «Աստուծոյ օրէնք»ը կը գտնուի Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ։ Եհովայի Խօսքը կարդալէն հաճոյք պէտք է առնենք։ Արդարեւ զայն մեղմաձայն կարդալու կամ անոր վրայ խոկալու համար ժամանակ պէտք է յատկացնենք։ Երբ ասիկա կ’ընենք, անոր ըսածներուն պէտք է թոյլ տանք որ մեզ,– փորձի ենթակաները,– փորձարկեն։

7. Մեր անձերը հաւատքին մէջ ըլլալը կամ չըլլալը փորձելու գլխաւոր կերպը ի՞նչ է։

7 Ուրեմն, մեր անձերը հաւատքին մէջ ըլլալը կամ չըլլալը փորձելու գլխաւոր կերպն է՝ Աստուծոյ Խօսքը կարդալ ու անոր վրայ խոկալ, եւ քննել թէ մեր վարքը ո՛ր տարողութեամբ մեր սորվածին համաձայն է։ Ուրախ ենք որ Աստուծոյ Խօսքը հասկնալու համար բաւական օգնութիւն ունինք։

8. «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին գրականութիւնները ի՞նչպէս կրնան մեզի օգնել մեր անձերը փորձելու թէ հաւատքին մէ՛ջն ենք կամ ոչ։

8 Եհովա «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին գրականութիւններուն միջոցով ուսուցումներ ու ցուցմունքներ հայթայթած է, որոնք Սուրբ Գրութիւնները կը բացատրեն։ (Մատթէոս 24։45) Օրինակ, նկատի առ Եհովայի մօտեցիր գիրքին շատ մը գլուխներուն վերջաւորութեան գտնուող «Հարցումներ՝ խորհրդածութեան համար» շրջանակը։ * Գիրքին այս յատկանշական երեսակը, անձնական խորհրդածութեան ի՜նչ հոյակապ պատեհութիւններ կը հայթայթէ։ Մեր պարբերաթերթերուն՝ Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի մէջ լոյս տեսած բազմաթիւ նիւթերն ալ մեզի կ’օգնեն մեր անձերը փորձելու թէ հաւատքին մէ՞ջն ենք։ Դիտարան–ի վերջին թիւերուն մէջ Առակաց գիրքին վերաբերեալ հրատարակուած յօդուածներուն մասին Քրիստոնեայ կին մը ըսաւ. «Այս յօդուածները շատ գործնական կը գտնեմ։ Անոնք ինծի կ’օգնեն քննելու թէ խօսելակերպս, վարքս ու կեցուածքս իրապէս Եհովայի արդար չափանիշներուն համաձա՞յն են»։

9, 10. Եհովայի ո՞ր կարգադրութիւնները մեզի կ’օգնեն որ մեր անձերը փորձենք թէ հաւատքին մէ՛ջն ենք կամ ոչ։

9 Բաւական ուղղութիւն եւ քաջալերութիւն նաեւ կը ստանանք ժողովքային հանդիպումներուն ու համաժողովներուն մէջ։ Ասոնք մաս կը կազմեն այն հոգեւոր հայթայթումներուն, որ Աստուած ըրած է անոնց համար, որոնց մասին Եսայի մարգարէացաւ. «Վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռը լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի, բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, բոլոր հեթանոսները հեղեղի պէս պիտի դիմեն անոր։ Շատ ժողովուրդներ պիտի երթան ու ըսեն. ‘Եկէ՛ք, Եհովային լեռը . . . ելլենք, որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք»։ (Եսայեայ 2։2, 3) Եհովայի ճամբաներուն մասին այսպիսի ուսուցում մը ունենալը, վստահաբար օրհնութիւն է։

10 Նաեւ, պէտք չէ անտեսենք այն խրատները որ կը ստանանք հոգեւոր որակումներ ունեցողներէն, ի ներառեալ երէցները։ Անոնց մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Եղբա՛յրներ, եթէ մէկը ոեւէ յանցանքով բռնուելու ըլլայ, դուք որ հոգեւոր էք, այնպիսին հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերէք։ Քու անձիդ ալ զգուշութիւն ըրէ որ չըլլայ թէ փորձութեան մէջ իյնաս»։ (Գաղատացիս 6։1) Որքա՜ն կը գնահատենք այս կարգադրութիւնը որ մեր ընթացքը ուղղելու կը նպաստէ։

11. Մեր անձերը փորձելը թէ հաւատքին մէ՛ջն ենք կամ ոչ, ի՞նչ կը պահանջէ։

11 Մեր գրականութիւնները, քրիստոնէական ժողովները եւ նշանակուած տղամարդիկը,– Եհովայի կողմէ եղած հիանալի կարգադրութիւններ են։ Սակայն մեր անձերը փորձելը թէ հաւատքին մէ՞ջն ենք, ինքնաքննութիւն կը պահանջէ։ Ուստի, երբ մեր գրականութիւնները կը կարդանք կամ աստուածաշնչական խրատ մը մտիկ կ’ընենք, մենք մեզի հարց պէտք է տանք. ‘Ես այսպէ՞ս եմ։ Ասիկա կ’ընե՞մ։ Քրիստոնէական բոլո՛ր հաւատալիքներուն կը կառչի՞մ’։ Այս կարգադրութիւններուն միջոցով մեր ստացած տեղեկութիւններուն հանդէպ մեր կեցուածքն ալ կ’ազդէ մեր հոգեւոր վիճակին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Շնչաւոր մարդը Աստուծոյ Հոգիին բաները չընդունիր, վասն զի անոնք իրեն յիմարութիւն են . . . ։ Բայց ան որ հոգեւոր է՝ ամէն բան կը քննէ»։ (Ա. Կորնթացիս 2։14, 15) Պէտք չէ՞ ջանանք դրական ու հոգեւոր տեսակէտ մը պահպանել մեր գիրքերուն, պարբերաթերթերուն ու այլ գրականութիւններուն մէջ մեր կարդացած բաներուն հանդէպ, եւ ժողովներուն ու երէցներուն միջոցով մեր լսած բաներուն հանդէպ։

«Քննեցէք ձեր անձերը»

12. Մեր անձերը քննելը ի՞նչ կը պարփակէ։

12 Մեր անձերը քննելը կը պարփակէ մենք մեզ վերլուծել։ Այո, կրնանք ճշմարտութեան մէջ ըլլալ, բայց մեր հոգեւորականութեան մակարդակը ի՞նչ է։ Մեր անձերը քննելը կը պարփակէ ստուգել թէ հոգեւորապէս հասուն ենք ու հոգեւոր կարգադրութիւնները իսկապէս կը գնահատենք։

13. Եբրայեցիս 5։14–ի համաձայն, ի՞նչ բան մեր հասունութիւնը կ’ապացուցանէ։

13 Ի՞նչ բան մեր քրիստոնէական հասունութիւնը կ’ապացուցանէ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնց զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են [«ըմբռնելու կարողութիւնը մարզուած է», ՆԱ] բարին ու չարը զանազանել»։ (Եբրայեցիս 5։14) Մեր հասուն ըլլալը կ’ապացուցանենք՝ մեր ըմբռնելու կարողութիւնը մարզելով։ Ճիշդ ինչպէս մարզիկ մը իր մարմնին որոշ մկանները պէտք է մարզէ, զանոնք յաճախ գործածելով, որպէսզի կարենայ իր հետեւած մարզանքին մէջ յառաջդիմել, նոյնպէս մեր ըմբռնելու կարողութիւնը պէտք է մարզենք, զայն գործածելով Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելու համար։

14, 15. Ինչո՞ւ լուրջ ջանք պէտք է թափենք Աստուծոյ Խօսքին խորունկ բաները ուսումնասիրելու համար։

14 Սակայն մեր ըմբռնելու կարողութիւնը մարզելէ առաջ, գիտութիւն պէտք է ձեռք ձգենք։ Այս ուղղութեամբ, փութաջան անձնական ուսումնասիրութիւնը էական է։ Երբ կանոնաւորաբար անձնական ուսումնասիրութիւն կ’ընենք,– մանաւանդ Աստուծոյ Խօսքին խորունկ բաներուն մասին,– մեր ըմբռնելու կարողութիւնը կը բարելաւուի։ Տարիներու ընթացքին, Դիտարան–ի մէջ բազմաթիւ ծանր նիւթեր քննարկուած են։ Ի՞նչպէս կը հակազդենք, երբ յօդուած մը խորունկ ճշմարտութիւններ կը քննարկէ։ Զայն կ’անտեսե՞նք, պարզապէս քանի որ անոր մէջ «քանի մը դժուարիմաց խօսքեր կը գտնուին»։ (Բ. Պետրոս 3։16) Ընդհակառակը, յաւելեալ ջանք կը թափենք ըսուածը հասկնալու համար։—Եփեսացիս 3։18

15 Իսկ եթէ անձնական ուսումնասիրութիւն ընելը դժուար կը թուի մեզի, կենսական է որ ջանանք անոր հանդէպ ախորժակ մշակել։ * (Ա. Պետրոս 2։2) Հասունութեան դիմելը կը պահանջէ որ հաստատուն կերակուրով,– Աստուծոյ Խօսքին խորունկ ճշմարտութիւններով,– սնուցանուինք։ Այլապէս մեր ըմբռնելու կարողութիւնը սահմանափակ պիտի մնայ։ Սակայն մեր հասունութիւնը ապացուցանելու համար, ըմբռնելու կարողութիւն ունենալը բաւարար չէ։ Առօրեայ կեանքին մէջ ի գործ պէտք է դնենք այն գիտութիւնը, որ ժրաջան անձնական ուսումնասիրութեամբ ձեռք կը ձգենք։

16, 17. Յակոբոս աշակերտ «խօսքը գործադրողներ» ըլլալու նկատմամբ ի՞նչ յորդոր կու տայ։

16 Կրնանք մեր անձերը նաեւ քննել՝ նկատի առնելով ճշմարտութեան հանդէպ մեր գնահատութեան արտայայտութիւնները,– մեր հաւատքի գործերը։ Ինքնաքննութեան այս մարզը նկարագրելու համար ազդու օրինակ մը գործածելով, Յակոբոս աշակերտ կ’ըսէ. «Խօսքը գործադրողնե՛ր եղէ՛ք, եւ ո՛չ թէ միայն լսողներ՝ դուք ձեզ խաբելով։ Արդարեւ, եթէ մէկը միայն լսէ խօսքը ու չգործադրէ, կը նմանի մարդու մը՝ որ հայելիի մէջ կը դիտէ իր բնական երեսը, որովհետեւ կը դիտէ ինքզինք ու կ’երթայ, եւ իսկոյն կը մոռնայ թէ ի՛նչպէս էր։ Բայց ա՛ն որ ակնկառոյց կը նայի ազատութեան կատարեալ Օրէնքին ու կը կենայ անոր մէջ,– ո՛չ թէ մոռացկոտ լսող մը ըլլալով, հապա՝ գործը կատարող մը,– երանելի պիտի ըլլայ իր ըրածին մէջ»։—Յակոբու 1։22-25, ԱՎ

17 Յակոբոս կ’ըսէ. ‘Աստուծոյ խօսքին հայելիին ակնկառոյց նայիր, եւ դուն քեզ արժեւորէ։ Ասիկա յարատեւաբար ըրէ եւ Աստուծոյ խօսքին լոյսին տակ դուն քեզ մանրակրկիտ զննէ։ Ապա, նկատած բաներդ անմիջապէս մի՛ մոռնար, այլ՝ հարկ եղած սրբագրութիւնները ըրէ’։ Այս խրատին հետեւիլը երբեմն դժուար է։

18. Յակոբոսի խրատին հետեւիլը երբեմն ինչո՞ւ դժուար է։

18 Օրինակ, նկատի առ Թագաւորութեան քարոզչութեան մասնակցելու պահանջը։ Պօղոս գրեց. «Սրտով կը հաւատայ մէկը արդարանալու համար ու բերնով կը խոստովանի [«հանրային յայտարարութիւն կ’ընէ», ՆԱ] փրկուելու համար»։ (Հռովմայեցիս 10։10) Փրկուելու համար մեր բերանով հանրային յայտարարութիւն ընելը կարգ մը ճշդումներ կը պահանջէ։ Մեզմէ շատեր քարոզչութեան մասնակցիլը դիւրին չեն գտներ։ Նախանձախնդիր քարոզիչ ըլլալը եւ մեր կեանքին մէջ քարոզչութեան մեծ կարեւորութիւն տալը, ա՛լ աւելի փոփոխութիւններ ու զոհողութիւններ կը պահանջեն։ (Մատթէոս 6։33) Բայց այս աստուածատուր գործը կատարողներ ըլլալով կ’ուրախանանք, քանի որ Եհովայի փառք կը բերէ։ Ուստի Թագաւորութիւնը նախանձախնդրաբար կը ծանուցանե՞ս։

19. Մեր հաւատքի գործերը ի՞նչ պէտք է պարփակեն։

19 Մեր հաւատքի գործերը ի՞նչ տարողութեամբ պէտք է ըլլան։ Պօղոս կ’ըսէ. «Ինչ որ սորվեցաք, ընդունեցիք, լսեցիք ու տեսաք իմ վրաս՝ զանո՛նք ըրէք, եւ խաղաղութեան Աստուածը պիտի ըլլայ ձեզի հետ»։ (Փիլիպպեցիս 4։9, ԱՎ) Մեր անձերը կը քննենք, երբ մեր սորվածը, ընդունածը, լսածը եւ տեսածը,– քրիստոնէական նուիրումին ու աշակերտութեան լման տարողութիւնը,– ի գործ կը դնենք։ «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք», կը հրահանգէ Եհովա՝ Եսայի մարգարէին միջոցով։—Եսայեայ 30։21

20. Ինչպիսի՞ անհատներ ժողովքին մեծ օրհնութիւն մըն են։

20 Այն տղամարդիկն ու կիները, որոնք Աստուծոյ Խօսքը ջանասիրութեամբ կ’ուսումնասիրեն, բարի լուրը նախանձախնդրաբար կը քարոզեն, իրենց ուղղամտութիւնը կը պահեն, եւ Թագաւորութեան հաւատարմօրէն զօրավիգ կը կանգնին, ժողովքին մեծ օրհնութիւն մըն են։ Անոնց ներկայութիւնը իրենց ընկերակցած ժողովքին կայունութեան կը նպաստէ։ Անոնք մեծապէս օգտակար են, յատկապէս քանի որ շատ նորեկներ կան, որոնց հոգ պէտք է տարուի։ Երբ Պօղոսի խրատին անսալով ‘մեր անձերը փորձենք թէ հաւատքին մէ՞ջն ենք, եւ մեր անձերը քննենք’, մենք ալ ուրիշներուն վրայ դրական ազդեցութիւն կ’ունենանք։

Աստուծոյ կամքը գործադրելէն ախորժիր

21, 22. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ կամքը գործադրելէն ախորժիլ։

21 Վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորը տաղերգեց. «Ո՛վ իմ Աստուածս, քու կամքդ գործադրելէն կ’ախորժիմ, ու քու Օրէնքդ իմ ներսս է»։ (Սաղմոս 40։8, ԱՎ) Դաւիթ հաճոյքով Աստուծոյ կամքը գործադրեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովայի օրէնքը անոր սիրտին մէջ էր։ Դաւիթ իր քալելիք ճամբային նկատմամբ անվստահ չէր։

22 Երբ Աստուծոյ օրէնքը մեր ներսիդին ըլլայ, մեր քալելիք ճամբային նկատմամբ անվստահ չենք ըլլար։ Աստուծոյ կամքը գործադրելէն կ’ախորժինք։ Արդ, ամէն գնով ‘ջանք ընենք’, մինչ սրտանց Եհովայի կը ծառայենք։—Ղուկաս 13։24

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 8 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 15 Ուսումնասիրելու մեթոտին մասին օգտալից թելադրութիւններու համար, տես՝ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք գիրքին 27-32–րդ էջերը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Կը յիշե՞ս

• Ի՞նչպէս կրնանք մեր անձերը փորձել թէ հաւատքին մէ՛ջն ենք կամ ոչ։

• Մեր անձերը քննելը ի՞նչ կը պարփակէ։

• Մեր քրիստոնէական հասունութիւնը ի՞նչպէս կրնանք ապացուցանել։

• Մեր հաւատքի գործերը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնեն մեր անձը արժեւորելու։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 9]

Անձդ հաւատքին մէջ ըլլալը կամ չըլլալը փորձելու գլխաւոր կերպը ի՞նչ է

[Նկար՝ էջ 10]

Մեր քրիստոնէական հասունութիւնը կ’ապացուցանենք, մեր ըմբռնելու կարողութիւնը գործածելով

[Նկարներ՝ էջ 11]

Մեր անձերը կը քննենք՝ ո՛չ թէ ‘մոռացկոտ լսող մը ըլլալով, հապա՝ խօսքը գործադրող մը’