Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչով հետաքրքրուիլը կը գնահատուի

Աստուածաշունչով հետաքրքրուիլը կը գնահատուի

Աստուածաշունչով հետաքրքրուիլը կը գնահատուի

ՄԱՐԻԱՆՆԱ Իտալիայի հարաւը բնակող Եհովայի Վկայ մըն է, որ 18 տարեկան է եւ երկրորդական վարժարանը պիտի աւարտէ։ Իր դպրոցին մէջ ուրիշ Վկաներ ալ կան։

Մարիաննա կը գրէ. «Մի քանի տարիէ ի վեր, Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր գրքոյկէն օրուան համարը կը կարդանք դադարի ընթացքին։ Ասիկա կրնայինք ընել միայն ուսուցչարանին մօտ եղող նրբանցքի մը մէջ, որ շատ հանդարտ տեղ մը չէր։ Ուսուցիչներէն շատեր մեզ կը նկատէին, եւ ոմանք կանգ կ’առնէին, տեսնելու համար թէ ի՛նչ կ’ընէինք։ Յաճախ պատեհութիւնը օգտագործելով անոնց հարցումներուն կը պատասխանէինք։ Միջին հաշուով, օրական մէկ ուսուցիչ կանգ կ’առնէր։ Շատեր մտիկ ըրին օրուան համարի քննարկումը եւ գնահատեցին հոգեւոր բաներու հանդէպ մեր ունեցած հետաքրքրութիւնը։ Անգամ մը, փոխ–տնօրէնը մեզ հրաւիրեց որ օրուան համարը քննարկենք ուսուցչարանին մէջ։

«Ժամանակ մը ետք, ուսուցիչս տնօրէնէն խնդրեց որ օրուան համարի քննարկումը ընենք դասարանի մը մէջ, ուր նուազ աղմուկ կայ, փոխանակ նրբանցքին մէջ։ Տնօրէնը արտօնութիւն տուաւ, եւ ուսուցիչս ամբողջ դասարանին առջեւ մեզ գովեց, մեր ընտիր օրինակին համար։ Բոլորս շատ ուրախ ենք որ Եհովա մեզի շնորհուած է այս մեծ առանձնաշնորհումը»։