Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ հետ քալէ այս խռովալից ժամանակներուն մէջ

Աստուծոյ հետ քալէ այս խռովալից ժամանակներուն մէջ

Աստուծոյ հետ քալէ այս խռովալից ժամանակներուն մէջ

«Ենովք Աստուծոյ հետ քալեց եւ չէր գտնուեր, քանզի Աստուած առաւ զանիկա»։—ԾՆՆԴՈՑ 5։24

1. Ի՞նչ բաներ մեր ժամանակները աղիտալի կը դարձնեն։

ԽՌՈՎԱԼԻՑ ժամանակներ։ Այս արտայայտութիւնը վառ կերպով կը նկարագրէ խռովարարութեան ու բռնութեան տարիները, որ մարդկութիւնը տեսած է 1914–էն՝ Մեսիական Թագաւորութեան ծնունդէն ի վեր, երբ «վերջին օրերը» սկսան։ Աղէտներ, ինչպէս՝ սովեր, հիւանդութիւններ, երկրաշարժներ ու պատերազմներ, աննախընթաց տարողութեամբ մարդկութիւնը հարուածած են։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1. Յայտնութիւն 6։1-8) Եհովայի երկրպագուները բացառութիւն չեն կազմած։ Որոշ չափով, բոլորս ստիպուած ենք ներկայ դժուարութիւններուն եւ անորոշ կացութեան դիմանալ։ Տնտեսական ճնշումները, քաղաքական վերիվայրումները, ոճիրը, հիւանդութիւնը եւ նման բաներ, կեանքը շատ դժուարացուցած են։

2. Եհովայի ծառաները ի՞նչ մարտահրաւէրներ դիմագրաւած են։

2 Ասկէ զատ, Եհովայի ծառաներէն շատեր կրկին անգամ բիրտ հալածանքի ենթարկուած են, մինչ Սատանան շարունակած է պատերազմ մղել անոնց դէմ, ‘որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները կը պահեն ու Յիսուսին վկայութիւնը ունին’։ (Յայտնութիւն 12։17) Թէեւ բոլորս ուղղակի հալածանք չենք կրած, սակայն բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաները ստիպուած են Բանսարկուի եւ մարդկութեան մէջ իր յառաջացուցած հոգիին դէմ պայքարիլ։ (Եփեսացիս 2։2. 6։12) Միշտ պէտք է արթուն մնանք որ այդ հոգիէն չազդուինք, քանի որ անոր կը հանդիպինք գործատեղը, դպրոցը եւ ամէնուրեք ուր շփման մէջ կու գանք մարդոց հետ, որոնք մաքուր պաշտամունքով հետաքրքրուած չեն։

Աստուծոյ հետ քալէ եւ ո՛չ թէ՝ ազգերուն հետ

3, 4. Քրիստոնեաները ի՞նչ կերպով աշխարհէն տարբեր են։

3 Առաջին դարու Քրիստոնեաներն ալ այս աշխարհի հոգիին դէմ պայքարեցան, շատ տարբեր դառնալով քրիստոնէական ժողովքէն դուրս եղողներէն։ Պօղոս այս տարբերութիւնը նկարագրեց, երբ գրեց. «Սա՛ կը յայտարարեմ ու Տէրոջմով կը վկայեմ, որ դուք այլեւս չընթանաք այնպէս՝ ինչպէս ուրիշ հեթանոսները կ’ընթանան, իրենց միտքին ունայնութեան մէջ։ Անոնց միտքը խաւարած է, եւ իրենք ուծացած են Աստուծոյ կեանքէն՝ իրենց մէջ եղած անգիտութեան եւ իրենց սիրտին կուրութեան պատճառով։ Անզգայ դարձած՝ անձնատուր եղան ցոփութեան, որպէսզի ամէն տեսակ անմաքրութիւն գործեն ագահութեամբ»։—Եփեսացիս 4։17-19, ԱՎ

4 Այդ խօսքերը վառ կերպով կը նկարագրեն այս աշխարհի հոգեւոր ու բարոյական թանձր խաւարը,– թէ՛ Պօղոսի եւ թէ մեր օրերուն։ Ինչպէս էր պարագան առաջին դարուն, Քրիստոնեաները այսօր ‘չեն ընթանար այնպէս՝ ինչպէս ուրիշ ազգերը կ’ընթանան’։ Ընդհակառակը, անոնք Աստուծոյ հետ քալելու հիանալի առանձնաշնորհումը կը վայելեն։ Թերեւս ոմանք հարց տան թէ տրամաբանակա՞ն է ըսել թէ աննշան ու անկատար մարդիկ Եհովայի հետ կը քալեն։ Սակայն Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ անոնք կրնան ասիկա ընել։ Ասկէ զատ, Եհովա անոնցմէ կ’ակնկալէ որ իրեն հետ քալեն։ Հ.Դ.Ա. ութերորդ դարուն, Միքիա մարգարէն հետեւեալ ներշնչեալ խօսքերը գրեց. «Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել ու խոնարհութիւնով քու Աստուծոյդ հետ քալել»։Միքիայ 6։8

Ի՞նչպէս եւ ինչո՞ւ Աստուծոյ հետ քալել

5. Անկատար մարդը ի՞նչպէս կրնայ Աստուծոյ հետ քալել։

5 Ի՞նչպէս կրնանք ամենազօր ու անտեսանելի Աստուծոյ հետ քալել։ Բացորոշ է թէ այն կերպով չէ որ մարդոց հետ կը քալենք։ Աստուածաշունչին մէջ «քալել» արտայայտութիւնը կրնայ նշանակել՝ «որոշ ընթացքի մը հետեւիլ»։ * Հետեւաբար կը հասկնանք թէ Աստուծոյ հետ քալողը կը հետեւի ապրելակերպի մը, որ Աստուած ուրուագծած է եւ զինք կը հաճեցնէ։ Այս ընթացքին հետամուտ ըլլալը մեզ տարբեր կը դարձնէ մեր շուրջը գտնուող մարդոցմէ։ Այսուհանդերձ անիկա Քրիստոնեային միակ պատշաճ ընտրութիւնն է։ Ինչո՞ւ։ Բազմաթիւ պատճառներ կան։

6, 7. Աստուծոյ հետ քալելը ինչո՞ւ լաւագոյն ընթացքն է։

6 Նախ, Եհովա մեր Ստեղծիչը, մեր կեանքին Աղբիւրը եւ մեր գոյատեւութեան հարկ եղած բոլոր բաները Հայթայթողն է։ (Յայտնութիւն 4։10) Հետեւաբար, միայն ինք իրաւունք ունի մեզի ըսելու թէ ի՛նչպէս պէտք է քալենք։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ հետ քալելը ամենէն օգտակար ընթացքն է։ Իրեն հետ քալողներուն համար, Եհովա մեղքերու թողութեան կարգադրութիւն ըրած է եւ յաւիտենական կեանքի ստոյգ յոյսը ներկայացուցած է։ Մեր սիրառատ երկնաւոր Հայրը նաեւ իմաստուն խրատներ կը հայթայթէ, որոնք իրեն հետ քալողներուն կ’օգնեն յաջող կեանք վարելու, թէպէտ անկատար են եւ Սատանայի հեղինակութեան ենթարկուած աշխարհին մէջ կ’ապրին։ (Յովհաննու 3։16. Բ. Տիմոթէոս 3։15, 16. Ա. Յովհաննու 1։8. 2։25. 5։19) Աստուծոյ հետ քալելու յաւելեալ պատճառ մըն է՝ թէ կ’ուզենք ժողովքին խաղաղութեան ու միութեան նպաստել։—Կողոսացիս 3։15, 16

7 Վերջապէս, եւ ամենէն կարեւորը, երբ Աստուծոյ հետ կը քալենք, ցոյց կու տանք թէ Եդեմի պարտէզին մէջ ծագած գերիշխանութեան հարցին մէջ ի՛նչ դիրք բռնած ենք։ (Ծննդոց 3։1-6) Մեր կենցաղով կ’ապացուցանենք թէ ամբողջովին Եհովայի կողմն ենք, եւ անվախօրէն կը յայտարարենք թէ միայն ի՛նք իրաւացի Գերիշխանն է։ (Սաղմոս 83։18) Այսպէս ներդաշնակ կը վարուինք մեր աղօթքին հետ, թէ Աստուծոյ անունը սրբացուի եւ իր կամքը կատարուի։ (Մատթէոս 6։9, 10) Աստուծոյ հետ քալել ընտրողները որքա՜ն խոհեմ են։ Անոնք կրնան վստահ ըլլալ թէ շիտակ ուղղութեամբ կ’ընթանան, քանի որ Եհովա «միա՛կ իմաստուն»ն է, եւ երբեք չի սխալիր։—Հռովմայեցիս 16։27, ԱՎ

8. Ենովքի ու Նոյի ժամանակները ի՞նչպէս համանման էին մեր ժամանակներուն։

8 Սակայն ի՞նչպէս կարելի է քրիստոնէավայել ընթացքը պահել, երբ ժամանակները խռովալից են եւ մարդոց մեծամասնութիւնը Եհովայի ծառայելով հետաքրքրուած չէ։ Պատասխանը բացայայտ պիտի դառնայ, նկատի առնելով վաղեմի հաւատարիմներ, որոնք իրենց ուղղամտութիւնը պահեցին շատ դժուար ժամանակներու մէջ, ինչպէս՝ Ենովքն ու Նոյը, որոնց ապրած օրերը համանման էին մեր օրերուն։ Չարութիւնը լայնատարած էր, իսկ Նոյի ժամանակ երկիրը բռնութեամբ ու անբարոյութեամբ լեցուն էր։ Այսուհանդերձ Ենովք ու Նոյ աշխարհի հոգիին դէմ դրին եւ Եհովայի հետ քալեցին։ Անոնք ի՞նչպէս կրցան ասիկա ընել։ Պատասխանը առնելու համար, այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք Ենովքի օրինակը, իսկ յաջորդ յօդուածին մէջ՝ Նոյի օրինակը։

Ենովք Աստուծոյ հետ քալեց խռովալից ժամանակներու մէջ

9. Ենովքի մասին ի՞նչ տեղեկութիւններ ունինք։

9 Ենովք Սուրբ Գրութիւններուն մէջ առաջին անհատն է, որուն մասին կ’ըսուի թէ Աստուծոյ հետ քալեց։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Ենովք Մաթուսաղան ծնանելէն ետքը . . . Աստուծոյ հետ քալեց»։ (Ծննդոց 5։22) Ապա Ենովքի կեանքի տեւողութիւնը տեղեկագրելէ ետք,– որ մեր կեանքի տեւողութեան հետ բաղդատած երկար է, բայց այդ օրերուն՝ կարճ,– արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Ենովք Աստուծոյ հետ քալեց եւ չէր գտնուեր, քանզի Աստուած առաւ զանիկա»։ (Ծննդոց 5։24) Բացայայտ է որ Եհովա Ենովքը փոխադրեց ողջերուն երկրէն՝ թոյլ տալով որ մահը համտեսէ, հակառակորդները անոր վնաս հասցնելէ առաջ։ (Եբրայեցիս 11։5, 13) Այս համառօտ համարներէն զատ, Աստուածաշունչը քիչ անգամ Ենովքի կ’ակնարկէ։ Այսուհանդերձ, մեր ունեցած տեղեկութիւններուն եւ այլ նշումներու հիման վրայ կրնանք ըսել թէ Ենովքի ժամանակները խռովալից էին։

10, 11. (ա) Ադամի ու Եւայի ըմբոստութենէն ետք, փտածութիւնը ի՞նչպէս տարածուեցաւ։ (բ) Ենովք ի՞նչ մարգարէական պատգամ քարոզեց, իսկ մարդիկ ի՞նչպէս հակազդեցին։

10 Օրինակ, նկատի առ թէ Ադամի մեղանչումէն ետք փտածութիւնը որքա՜ն արագ տարածուեցաւ մարդկութեան մէջ։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ Ադամի անդրանիկ որդին՝ Կայէն, առաջին մարդասպանը եղաւ, իր եղբայրը՝ Աբէլը սպաննելով։ (Ծննդոց 4։8-10) Աբէլի վայրագ մահէն ետք, Ադամ ու Եւա ուրիշ որդի մը ունեցան եւ զայն Սէթ կոչեցին։ Անոր մասին կը կարդանք. «Սէթ ալ որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Ենովս դրաւ։ Այն ատեն սկսան Տէրոջը անունը կանչել»։ (Ծննդոց 4։25, 26) Դժբախտաբար, անոնք հաւատուրա՛ց կերպով «սկսան Տէրոջը անունը կանչել»։ * Ենովսի ծնունդէն շատ տարիներ ետք, Կայէնի սերունդէն Ղամէք անունով մարդ մը իր երկու կիներուն համար երգ մը յօրինեց, յայտարարելով թէ զինք վիրաւորած երիտասարդ մը սպաննած էր։ Ան նաեւ ազդարարեց. «Եթէ Կայէնին համար եօթնապատիկ վրէժ առնուի, Ղամէքին համար ալ եօթանասունըեօթն անգամ»։—Ծննդոց 4։10, 19, 23, 24

11 Վերոյիշեալ իրողութիւնները ցոյց կու տան թէ Եդեմի պարտէզին մէջ Սատանայի յառաջացուցած փտածութիւնը, շուտով պատճառ եղաւ որ Ադամի զարմին մէջ չարութիւնը տարածուի։ Այսպիսի աշխարհի մը մէջ, Ենովք Եհովայի մարգարէ մըն էր, որուն ներշնչեալ ու զօրաւոր խօսքերը մինչեւ օրս ազդու են։ Յուդա կը տեղեկագրէ թէ Ենովք հետեւեալը մարգարէացաւ. «Ահա Տէրը իր բիւրաւոր սուրբերովը եկաւ, ամենուն դատաստան ընելու ու բոլոր ամբարիշտները յանդիմանելու իրենց ըրած բոլոր ամբարիշտ գործերուն համար եւ այն բոլոր խիստ խօսքերուն համար, որոնք ամբարիշտ մեղաւորները անոր դէմ խօսեցան»։ (Յուդա 14, 15) Այս խօսքերը վերջնական կատարում պիտի ունենան Արմագեդոնին։ (Յայտնութիւն 16։14, 16) Սակայն կրնանք վստահ ըլլալ թէ նոյնիսկ Ենովքի օրերուն, բազմաթիւ «ամբարիշտ մեղաւորներ» անոր մարգարէութիւնը ձանձրոյթով լսեցին, բայց Եհովա սիրալիրօրէն անոնց թոյլ չտուաւ որ մարգարէին վնասեն։

Ի՞նչ բան Ենովքը զօրացուց որ Աստուծոյ հետ քալէ

12. Ի՞նչ բան Ենովքը իր ժամանակակիցներէն տարբեր դարձուց։

12 Եդեմի պարտէզին մէջ, Ադամ ու Եւա Սատանայի մտիկ ըրին, եւ Ադամ Եհովայի դէմ ըմբոստացաւ։ (Ծննդոց 3։1-6) Անոնց որդին՝ Աբէլ տարբեր ընթացք որդեգրեց, եւ Եհովա անոր հաճեցաւ։ (Ծննդոց 4։3, 4) Դժբախտաբար, Ադամի զարմին մեծամասնութիւնը Աբէլի նման չէր։ Բացառութիւն կազմեց Ենովքը, որ հարիւրաւոր տարիներ ետք ծնաւ։ Ի՞նչ էր տարբերութիւնը Ենովքի ու Ադամէ սերած միւս բազմաթիւ անհատներուն միջեւ։ Պօղոս առաքեալ այս հարցումին պատասխանեց, երբ գրեց. «Հաւատքով Ենովք երկրէն փոխադրուեցաւ որպէս զի մահ չտեսնէ ու տեղ մը չէր գտնուեր, վասն զի Աստուած փոխադրեց զանիկա. քանզի անոր փոխադրուելէն առաջ վկայուեցաւ թէ Աստուծոյ հաճելի էր»։ (Եբրայեցիս 11։5) Ենովք նախաքրիստոնէական «վկաներու բազմութեան» մէկ մասն էր, որոնք հաւատքի ընտիր տիպարներ էին։ (Եբրայեցիս 12։1) Իր հաւատքին շնորհիւ, Ենովք կրցաւ ուղիղ վարքի մէջ տոկալ աւելի քան 300 տարի,– մեր կեանքի տեւողութեան աւելի քան երեք անգամը։

13. Ենովք ինչպիսի՞ հաւատք ունէր։

13 Պօղոս Ենովքի եւ այլ վկաներու հաւատքը նկարագրեց, երբ գրեց. «Հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը ու չերեւցած բաներուն ապացոյցն է»։ (Եբրայեցիս 11։1) Այո, հաւատքը երաշխիքներու վրայ հիմնուած ստոյգ ակնկալութիւն է, թէ մեր յուսացած բաները պիտի իրականանան։ Անիկա զօրաւոր ակնկալութիւն մը կը պարփակէ, որ մեր կեանքի առանցքին կ’ազդէ։ Այսպիսի հաւատք մը Ենովքը կարող դարձուց Աստուծոյ հետ քալելու, թէեւ զինք շրջապատող աշխարհը նոյնը չըրաւ։

14. Թերեւս Ենովքի հաւատքը հիմնուած էր ո՞ր ճշգրիտ գիտութեան վրայ։

14 Իսկական հաւատքը ճշգրիտ գիտութեան վրայ հիմնուած է։ Ենովք ի՞նչ գիտութիւն ունէր։ (Հռովմայեցիս 10։14, 17. Ա. Տիմոթէոս 2։4) Անտարակոյս ան Եդեմի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն քաջատեղեակ էր։ Ան նաեւ հաւանաբար լսած էր թէ կեանքը ի՛նչպէս էր Եդեմի պարտէզին մէջ, որ թերեւս տակաւին գոյութիւն ունէր եւ մարդիկ հոն չէին կրնար մտնել։ (Ծննդոց 3։23, 24) Ան գիտէր Աստուծոյ նպատակը, թէ Ադամի զարմը երկիրը պիտի լեցնէր ու զայն դրախտի պիտի վերածէր։ (Ծննդոց 1։28) Ասկէ զատ, Ենովք վստահաբար կ’արժեւորէր Եհովայի խոստումը, թէ Սերունդ մը յառաջ պիտի բերէր, որ Սատանայի գլուխը պիտի ջախջախէր եւ անոր խաբէութեան գէշ հետեւանքները պիտի ջնջէր։ (Ծննդոց 3։15) Արդարեւ, Յուդայի նամակին մէջ նշուած Ենովքի ներշնչեալ մարգարէութիւնը, Սատանայի սերունդին կործանման հետ կապ ունի։ Որովհետեւ Ենովք հաւատք ունէր, գիտենք թէ Եհովան պաշտեց որպէս մէկը որ «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ (Եբրայեցիս 11։6) Արդ, թէեւ Ենովք մեր ունեցած ամբողջ գիտութիւնը չունէր, անոր գիտցած բաները բաւարար էին որ հաստատ հաւատքի մը հիմը դնէր։ Այս հաւատքով ան իր ուղղամտութիւնը պահեց խռովալից ժամանակներու մէջ։

Ենովքի օրինակին հետեւէ՛

15, 16. Ի՞նչպէս կրնանք Ենովքի ընթացքին հետեւիլ։

15 Որովհետեւ Ենովքի նման կ’ուզենք Եհովան հաճեցնել ներկայ խռովալից ժամանակներուն մէջ, լաւ կ’ըլլայ որ անոր օրինակին հետեւինք։ Եհովայի ու իր նպատակին մասին ճշգրիտ գիտութիւն պէտք է ձեռք ձգենք ու իւրացնենք։ Բայց ասկէ աւելին պէտք է ընենք, թոյլ տալով որ այդ ճշգրիտ գիտութիւնը մեր ընթացքը ուղղէ։ (Սաղմոս 119։101. Բ. Պետրոս 1։19) Աստուծոյ մտածումին համաձայն պէտք է վարուինք, միշտ ջանալով զինք հաճեցնել մեր իւրաքանչիւր խորհուրդով ու արարքով։

16 Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Ենովքի ժամանակ ուրիշ ո՛վ Եհովայի կը ծառայէր, բայց բացորոշ է թէ ան կա՛մ առանձին էր եւ կամ փոքրամասնութեան մը մաս կը կազմէր։ Մենք ալ աշխարհին մէջ փոքրամասնութիւն ենք, բայց չենք վհատիր։ Եհովա մեզի նեցուկ պիտի կանգնի, ո՛վ որ ալ ըլլայ հակառակորդը։ (Հռովմայեցիս 8։31) Ենովք ամբարիշտներուն կործանման մասին խիզախօրէն ազդարարեց։ Մենք ալ քաջաբար կը քարոզենք «արքայութեան այս աւետարանը», ի հեճուկս ծաղրանքի, հակառակութեան ու հալածանքի։ (Մատթէոս 24։14) Իր ժամանակակիցներուն հակառակը, Ենովք երկար չապրեցաւ։ Այսուհանդերձ ան իր յոյսը այդ աշխարհին վրայ չէր դրած, իր աչքերը սեւեռելով աւելի հոյակապ բանի մը վրայ։ (Եբրայեցիս 11։10, 35) Մենք ալ մեր աչքերը սեւեռած ենք Եհովայի նպատակին կատարման վրայ։ Հետեւաբար այս աշխարհը լիովին չենք գործածեր։ (Ա. Կորնթացիս 7։31) Փոխարէն, մեր կորովն ու նիւթական միջոցները գլխաւորաբար կը գործածենք Եհովայի ծառայութեան մէջ։

17. Ի՞նչ գիտութիւն ունինք որ Ենովք չունէր, ուստի ի՞նչ պէտք է ընենք։

17 Ենովք կը հաւատար թէ Աստուծոյ խոստացած Սերունդը, Եհովայի որոշած ժամանակին պիտի յայտնուէր։ Այժմ շուրջ 2,000 տարի անցած է այն ժամանակէն, երբ Սերունդը՝ Յիսուս Քրիստոս երեւցաւ, փրկանքը հայթայթեց, եւ մեզի ու Ենովքի նման վաղեմի հաւատարիմ վկաներուն համար ճամբան հարթեց որ յաւիտենական կեանք ժառանգենք։ Այդ Սերունդը, որ այժմ գահակալուած է որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը, Սատանան երկինքէն երկիր վռնտեց, եւ ամէնուրեք կը տեսնենք յառաջ եկած նեղութիւնները։ (Յայտնութիւն 12։12) Այո, Ենովքին մատչելի եղած գիտութենէն շատ աւելին մեզի մատչելի է։ Ուստի իրեն նման թող հաստատ հաւատք ունենանք։ Աստուծոյ խոստումներուն կատարման հանդէպ մեր վստահութիւնը թող ազդէ մեր բոլոր ըրածներուն։ Ենովքի նման, Աստուծոյ հետ քալե՛նք, խռովալից ժամանակներու մէջ ապրելով հանդերձ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 5 Տես՝ Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, Հատոր Ա., էջ 220, պարբերութիւն 6, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 10 Ենովսի օրերէն առաջ, Եհովա Ադամի հետ խօսեցաւ։ Աբէլ ընդունելի զոհ մը Եհովայի մատուցանեց։ Աստուած նոյնիսկ Կայէնի հետ հաղորդակցեցաւ, նախանձին ու բարկութեան պատճառով Աբէլի կեանքը խլելէ առաջ։ Ուստի, ո՛չ թէ մաքուր պաշտամունքով, այլ տարբեր կերպով մը «սկսան Տէրոջը անունը կանչել»։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Աստուծոյ հետ քալել ի՞նչ կը նշանակէ։

• Աստուծոյ հետ քալելը ինչո՞ւ լաւագոյն ընթացքն է։

• Ի՞նչ բան Ենովքը կարող դարձուց Աստուծոյ հետ քալելու, թէպէտ խռովալից ժամանակներու մէջ կ’ապրէր։

• Ի՞նչպէս կրնանք Ենովքը ընդօրինակել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 23]

Woman, far right: FAO photo/B. Imevbore; collapsing building: San Hong R-C Picture Company

[Նկար՝ էջ 25]

Հաւատքով՝ «Ենովք Աստուծոյ հետ քալեց»