Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ փառքը պիտի արտացոլացնե՞ս

Աստուծոյ փառքը պիտի արտացոլացնե՞ս

Աստուծոյ փառքը պիտի արտացոլացնե՞ս

«Մենք . . . Տիրոջ փառքը կ’արտացոլացնենք հայելիի մը պէս»։—Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 3։18, Անթիլիաս

1. Մովսէս ի՞նչ տեսաւ, եւ անկէ ետք ի՞նչ պատահեցաւ։

ՏԵՍԻԼՔԸ՝ մարդ արարածի մը տեսած ամենէն ահարկու տեսիլքներէն մէկն էր։ Սինա լերան վրայ մինչ առանձին էր, Մովսէսի շնորհուեցաւ իր արտասովոր խնդրանքը, տեսնելով ինչ որ ոեւէ մարդ երբեք տեսած չէր,– Եհովայի փառքը։ Անշուշտ ան ուղղակիօրէն Եհովան չտեսաւ, քանի որ Աստուծոյ երեւոյթը ա՛յնքան փառաւոր է որ մարդ չի կրնար զինք տեսնել ու ողջ մնալ։ Ուստի, որոշապէս հրեշտակային ներկայացուցիչ մը գործածելով, Եհովա իր «ձեռքով» Մովսէսը ծածկեց որպէս պաշտպանակ, մինչեւ որ անցաւ։ Ապա Եհովա անոր թոյլ տուաւ որ աստուածային փառքի այս յայտնութեան վերջալոյսը տեսնէ։ Եհովա հրեշտակի մը միջոցով նաեւ խօսեցաւ Մովսէսի հետ։ Անկէ ետք, Աստուածաշունչը կը նկարագրէ պատահածը՝ ըսելով. «Մովսէս լեռնէն իջաւ . . . իր երեսին մորթին լուսափայլ ըլլալը չէր գիտեր, երբ Տէրը իրեն հետ խօսեցաւ»։—Ելից 33։18–34։7, 29

2. Պօղոս առաքեալ ի՞նչ գրեց Քրիստոնեաներուն արտացոլացուցած փառքին մասին։

2 Պահ մը երեւակայէ որ Մովսէսի հետ այդ լերան վրայ էիր։ Ի՜նչ հետաքրքրական պիտի ըլլար Ամենակալին շլացուցիչ շքեղութիւնը տեսնել եւ իր խօսքերը լսել։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում մը պիտի ըլլար Օրէնքի ուխտի միջնորդին՝ Մովսէսի հետ Սինա լեռնէն իջնելը։ Սակայն գիտէի՞ր թէ որոշ կերպերով ճշմարիտ Քրիստոնեաները Մովսէսէ աւելի Աստուծոյ փառքը կ’արտացոլացնեն։ Այս միտք գրգռող իրողութիւնը կը գտնուի Պօղոս առաքեալի գրած մէկ նամակին մէջ։ Ան գրեց թէ օծեալ Քրիստոնեաները ‘Տէրոջ փառքը կ’արտացոլացնեն հայելիի մը պէս’։ (Բ. Կորնթացիս 3։7, 8, 18, Անթիլիաս) Առումով մը, երկրային յոյս ունեցող Քրիստոնեաներն ալ Աստուծոյ փառքը կ’արտացոլացնեն։

Քրիստոնեաները ի՛նչպէս Աստուծոյ փառքը կ’արտացոլացնեն

3. Ի՞նչպէս Եհովան ճանչցած ենք, Մովսէսի մատչելի չեղող կերպերով։

3 Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ փառքը արտացոլացնել։ Մենք Եհովան չենք տեսած եւ իր ձայնը չենք լսած այն կերպով որ Մովսէս տեսաւ ու լսեց։ Սակայն Եհովան ճանչցած ենք, Մովսէսի մատչելի չեղող կերպերով։ Յիսուս որպէս Մեսիա յայտնուեցաւ Մովսէսի մահէն շուրջ 1,500 տարի ետք։ Հետեւաբար Մովսէս չէր կրնար գիտնալ թէ Օրէնքը ի՛նչպէս պիտի կատարուէր Յիսուսի ձեռքով, որ մեռաւ՝ մարդիկը մեղքի ու մահուան սոսկալի կեղեքումէն փրկելու համար։ (Հռովմայեցիս 5։20, 21. Գաղատացիս 3։19) Ասկէ զատ, Մովսէս միայն սահմանափակ կերպով կրնար Եհովայի փառաւոր նպատակը ըմբռնել, որ առնչուած է Մեսիական Թագաւորութեան ու անոր բերելիք երկրային դրախտին։ Արդ, Եհովայի փառքը կը տեսնենք, ո՛չ թէ բառացի աչքերով, այլ՝ աստուածաշնչական ուսուցումներուն վրայ հիմնուած հաւատքի աչքերով։ Ասկէ զատ, Եհովայի ձայնը լսած ենք, ո՛չ թէ հրեշտակի մը միջոցով, այլ՝ Աստուածաշունչին, յատկապէս Աւետարաններուն ընդմէջէն, որոնք գեղեցիկ կերպով Յիսուսի ուսուցումներն ու ծառայութիւնը կը նկարագրեն։

4. (ա) Օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս Աստուծոյ փառքը կ’արտացոլացնեն։ (բ) Երկրային յոյս ունեցողները ի՞նչ կերպերով կրնան Աստուծոյ փառքը արտացոլացնել։

4 Թէեւ Քրիստոնեաները Աստուծոյ փառքը չեն արտացոլացներ իրենց դէմքէն արձակուող ճառագայթներով, սակայն անոնք պայծառ դէմքով ուրիշներուն կը խօսին Եհովայի փառահեղ անձնաւորութեան ու նպատակներուն մասին։ Մեր օրուան մասին խօսելով, Եսայի մարգարէն նախագուշակեց թէ Աստուծոյ ժողովուրդը ‘[Եհովայի] փառքը ազգերու մէջ պիտի պատմեն’։ (Եսայեայ 66։19) Իսկ Բ. Կորնթացիս 4։1, 2–ի մէջ, կը կարդանք. «Այս պաշտօնը ստացանք . . . ուստի . . . կը հրաժարինք ամօթալի ծածուկ բաներէն ու խորամանկութիւնով չենք վարուիր եւ խարդախութիւն չենք ըներ Աստուծոյ խօսքին մէջ. հապա ճշմարտութիւնը յայտնելով՝ անձերնիս կը ներկայացնենք մարդոց խղճմտանքին՝ Աստուծոյ առջեւ»։ Պօղոս մասնաւորաբար օծեալ Քրիստոնեաներուն կ’ակնարկէր, որոնք են «ծառաները նոր Ուխտին»։ (Բ. Կորնթացիս 3։6, Անթիլիաս) Բայց անոնց ծառայութեան շնորհիւ անհամար անհատներ՝ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ձեռք ձգած են։ Երկու խումբերուն ծառայութիւնը կը պարփակէ Եհովայի փառքը արտացոլացնել, ո՛չ միայն իրենց ուսուցումով, այլեւ՝ իրենց ապրելակերպով։ Մենք Ամենաբարձր Աստուծոյ փառքը արտացոլացնելու պատասխանատուութիւնը եւ առանձնաշնորհումը ունինք։

5. Մեր հոգեւոր բարգաւաճութիւնը ի՞նչ կ’ապացուցանէ։

5 Այսօր Աստուծոյ Թագաւորութեան փառաւոր բարի լուրը կը քարոզուի բովանդակ աշխարհի մէջ, ինչպէս Յիսուս նախագուշակեց։ (Մատթէոս 24։14) Ամէն ազգէ, ցեղէ, ժողովուրդէ եւ լեզուէ անհատներ խանդավառօրէն բարի լուրին ընդառաջած են եւ իրենց կեանքը փոփոխութեան ենթարկած են, Աստուծոյ կամքը կատարելու համար։ (Հռովմայեցիս 12։2. Յայտնութիւն 7։9) Նախկին Քրիստոնեաներուն նման, անոնք չեն կրնար չխօսիլ իրենց տեսածին ու լսածին մասին։ (Գործք 4։20) Մարդկային պատմութեան մէջ աննախընթաց թիւ մը՝ աւելի քան վեց միլիոն հոգի, այսօր Աստուծոյ փառքը կ’արտացոլացնեն։ Դուն անոնցմէ մէ՞կն ես։ Աստուծոյ ժողովուրդին հոգեւոր բարգաւաճութիւնը Եհովայի օրհնութեան ու պաշտպանութեան համոզիչ ապացոյց մըն է։ Մեզի դէմ շարուած հզօր ուժերուն ի տես, աւելի ակներեւ կը դառնայ թէ Եհովայի հոգին մեր վրայ է։ Այժմ նկատի առնենք թէ պարագան ինչո՛ւ այդպէս է։

Կարելի չէ Աստուծոյ ժողովուրդը լռեցնել

6. Եհովայի կողքին դիրք բռնելը ինչո՞ւ հաւատք եւ քաջութիւն կը պահանջէ։

6 Ենթադրէ որ դատարան կանչուեցար, անողորմ ոճրագործի մը դէմ վկայելու համար։ Գիտես թէ ոճրագործը հզօր կազմակերպութիւն մը ունի եւ ամէն միջոց պիտի գործածէ որ զինք չքօղազերծես։ Այս ոճրագործին դէմ վկայելու համար քաջ պէտք է ըլլաս եւ վստահութիւն ունենաս թէ հեղինակութիւնները քեզ պիտի պաշտպանեն։ Մենք համանման պարագայի մը մէջ ենք։ Եհովայի ու իր նպատակներուն մասին քարոզելով, Բանսարկուի դէմ կը վկայենք, զինք քօղազերծելով որպէս ոճրագործ ու ստախօս, որ ամբողջ աշխարհը կը մոլորեցնէ։ (Յովհաննու 8։44. Յայտնութիւն 12։9) Որպէսզի դիրք բռնես Եհովայի կողքին եւ Բանսարկուի դէմ, հարկ է որ հաւատք եւ քաջութիւն ունենաս։

7. Սատանան ի՞նչ հեղինակութիւն ունի, եւ կը ջանայ ի՞նչ ընել։

7 Անշուշտ Եհովա Գերագոյն Էակն է։ Անոր զօրութեան հետ բաղդատած, Սատանայի զօրութիւնը ոչինչ է։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա թէ՛ կարող է եւ թէ կը փափաքի մեզ պաշտպանել, մինչ հաւատարմօրէն իրեն կը ծառայենք։ (Բ. Մնացորդաց 16։9) Սակայն Սատանան դեւերուն եւ Աստուծմէ օտարացած մարդկային աշխարհին իշխանն է։ (Մատթէոս 12։24, 26. Յովհաննու 14։30) Երկրագունդի շրջակայքը արգելափակուած եւ «շատ բարկացած» ըլլալով, Սատանան դառնապէս կը հակառակի Եհովայի ծառաներուն, եւ իր իշխանութեան ներքեւ եղող աշխարհը կը գործածէ՝ ջանալով բարի լուրը քարոզողները լռեցնել։ (Յայտնութիւն 12։7-9, 12, 17) Ի՞նչպէս։ Առնուազն երեք կերպերով։

8, 9. Սատանան ինչպիսի՞ սէր կ’օգտագործէ, եւ ինչո՞ւ մեր ընկերակիցները բծախնդրաբար պէտք է ընտրենք։

8 Կեանքի հոգերը միջոց մըն են, որով Սատանան կը փորձէ մեզ զբաղեցնել։ Այս վերջին օրերուն մէջ, մարդիկ դրամասէր, անձնասէր եւ հաճոյասէր են։ Անոնք Աստուծոյ հանդէպ սէր չունին։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-4) Կեանքի ամէնօրեայ հարցերով կլանուած ըլլալով, մարդոց մեծամասնութիւնը մեր քարոզած բարի լուրին ուշադրութիւն չ’ընծայեր։ Անոնք պարզապէս հետաքրքրուած չեն Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվելով։ (Մատթէոս 24։37-39) Այս կեցուածքը կրնայ փոխանցիկ ըլլալ, մեզ աստիճանաբար հոգեւոր թմրածութեան մատնելով։ Եթէ նիւթական բաներու եւ կեանքի հաճոյքներու հանդէպ սէր մշակենք, Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը պիտի պաղի։—Մատթէոս 24։12

9 Այս պատճառով, Քրիստոնեաները բծախնդրաբար կ’ընտրեն իրենց ընկերակիցները։ Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Իմաստուններուն հետ ընթացողը իմաստուն կ’ըլլայ, իսկ անմիտներուն բարեկամացողը չարիքի կը հանդիպի»։ (Առակաց 13։20, ԱՎ) Թող Աստուծոյ փառքը արտացոլացնողներուն հետ ‘ընթանանք’, իսկ ասիկա ընելը ի՜նչ հաճելի է։ Երբ մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ կը հաւաքուինք՝ ժողովներուն եւ այլ առիթներով, կը քաջալերուինք անոնց սիրով, հաւատքով, ուրախութեամբ եւ իմաստութեամբ։ Այս օգտակար ընկերակցութիւնը կը զօրացնէ մեր վճռակամութիւնը, որ մեր ծառայութեան մէջ յարատեւենք։

10. Սատանան ի՞նչ կերպերով ծաղրանքը գործածած է Աստուծոյ փառքը արտացոլացնողներուն դէմ։

10 Ծաղրանքը երկրորդ կերպն է, որով Սատանան կը փորձէ արգելք հանդիսանալ, որ բոլոր Քրիստոնեաները Աստուծոյ փառքը չարտացոլացնեն։ Այս ռազմավարութիւնը պէտք չէ զարմացնէ մեզ։ Երկրի վրայ իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս Քրիստոս ծաղրանքի առարկայ դարձաւ,– զինք քամահրեցին ու նախատեցին, վրան խնդացին ու նոյնիսկ թքնեցին։ (Մարկոս 5։40. Ղուկաս 16։14. 18։32) Նախկին Քրիստոնեաներն ալ հեգնանքի առարկայ դարձան։ (Գործք 2։13. 17։32) Եհովայի այժմու ծառաները համանման նախատինք կը դիմագրաւեն։ Ըստ Պետրոս առաքեալի, անոնք սուտ մարգարէներ պիտի կոչուէին։ Ան նախագուշակեց. «Վերջին օրերը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ պիտի քալեն եւ պիտի ըսեն. ‘Ո՞ւր է անոր գալուն խոստումը, վասն զի . . . դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր’»։ (Բ. Պետրոս 3։3, 4) Աստուծոյ ծառաները կը ծաղրուին իբրեւ անիրատես մարդիկ։ Աստուածաշունչի բարոյական չափանիշները հնաձեւ կը նկատուին։ Շատերուն համար, մեր քարոզած պատգամը յիմարութիւն է։ (Ա. Կորնթացիս 1։18, 19) Քրիստոնեաներ ըլլալով, կը ծաղրուինք դպրոցը ու գործին մէջ, եւ երբեմն նոյնիսկ ընտանեկան շրջանակէն ներս։ Առանց վհատելու, կը շարունակենք մեր քարոզչութեամբ Աստուծոյ փառքը արտացոլացնել, Յիսուսի պէս գիտնալով թէ Աստուծոյ Խօսքը ճշմարտութիւն է։—Յովհաննու 17։17

11. Սատանան ի՞նչպէս հալածանքը գործածած է, փորձելով Քրիստոնեաները լռեցնել։

11 Հակառակութիւնը կամ հալածանքը երրորդ ռազմավարութիւնն է, որով Բանսարկուն կը փորձէ մեզ լռեցնել։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Ձեզ նեղութեան պիտի մատնեն եւ ձեզ պիտի սպաննեն ու իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք»։ (Մատթէոս 24։9) Արդարեւ որպէս Եհովայի Վկաներ, երկրի շատ մը մասերուն մէջ կատաղի հալածանք դիմագրաւած ենք։ Գիտենք որ Եհովա վաղուց նախագուշակեց թէ իրեն ծառայողներուն եւ Բանսարկուին ծառայողներուն միջեւ ատելութիւն կամ թշնամութիւն պիտի զարգանար։ (Ծննդոց 3։15) Նաեւ գիտենք որ փորձութեան ներքեւ ուղղամտութիւն պահելով, Եհովայի տիեզերական գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալուն կը վկայենք։ Այս գիտութիւնը մեզ կտրիճ կը դարձնէ, նոյնիսկ ամենադժուար պարագաներուն ներքեւ։ Հալածանքը երբեք չի կրնար մեզ մնայուն կերպով լռեցնել, եթէ վճռած մնանք Աստուծոյ փառքը արտացոլացնել։

12. Ինչո՞ւ ուրախ պէտք է ըլլանք, մինչ Սատանայի հակառակութեան դիմաց հաւատարիմ կը մնանք։

12 Աշխարհի հրապոյրին դէմ կը դնե՞ս, եւ ի հեճուկս ծաղրանքին ու հակառակութեան՝ հաւատարիմ կը մնա՞ս։ Ուրեմն, ուրախանալու պատճառ ունիս։ Յիսուս իրեն հետեւողներուն երաշխիք տուաւ, ըսելով. «Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար։ Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասն զի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. քանզի այս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները»։ (Մատթէոս 5։11, 12) Համբերատարութիւնդ կ’ապացուցանէ թէ Եհովայի հզօր սուրբ հոգին վրադ հանգչած է, քեզ զօրացնելով որ իր փառքը արտացոլացնես։—Բ. Կորնթացիս 12։9

Եհովայի օգնութեամբ տոկալ

13. Քրիստոնէական ծառայութեան մէջ մեր տոկալուն գլխաւոր պատճառը ի՞նչ է։

13 Ծառայութեան մէջ մեր տոկալուն գլխաւոր պատճառը այն է, թէ Եհովան կը սիրենք եւ իր փառքը արտացոլացնելէն հաճոյք կ’առնենք։ Մարդիկ իրենց սիրած ու յարգած անհատները ընդօրինակելու հակում ունին, եւ ո՛չ ոք ընդօրինակուելու աւելի արժանի է քան՝ Եհովա Աստուած։ Իր մեծ սիրոյն շնորհիւ, ան իր Որդին երկիր ղրկեց որ ճշմարտութեան վկայէ ու հնազանդ մարդկութիւնը փրկէ։ (Յովհաննու 3։16. 18։37) Աստուծոյ նման, կ’ուզենք որ ամէն տեսակ մարդիկ զղջան ու փրկուին,– այս պատճառով անոնց կը քարոզենք։ (Բ. Պետրոս 3։9) Այս փափաքը եւ Աստուած ընդօրինակելու մեր վճռակամութիւնը մեզ կը մղեն որ մեր ծառայութեամբ իր փառքը արտացոլացնելու մէջ յարատեւենք։

14. Եհովա ի՞նչպէս կը զօրացնէ մեզ, որ ծառայութեան մէջ տոկանք։

14 Սակայն քրիստոնէական ծառայութեան մէջ տոկալու մեր զօրութեան աղբիւրը Եհովան է։ Ան մեզ կը կազդուրէ ու կ’ամրացնէ իր հոգիին, իր կազմակերպութեան եւ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցով։ Եհովա ‘համբերութիւն’ կը շնորհէ անոնց, որոնք իր փառքը արտացոլացնելու յօժար են։ Ան մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ, եւ մեզ իմաստութեամբ կ’օժտէ որ փորձութիւններու հետ գլուխ ելլենք։ (Հռովմայեցիս 15։5. Յակոբու 1։5) Ասկէ զատ, Եհովա թոյլ չի տար որ փորձութեան մը ենթարկուինք, որուն անկարելի է տոկալ։ Եթէ Եհովայի վստահինք, ան ելք մը պիտի տայ, որպէսզի շարունակենք իր փառքը արտացոլացնել։—Ա. Կորնթացիս 10։13

15. Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ որ տոկանք։

15 Մեր ծառայութեան մէջ տոկալը կ’ապացուցանէ թէ Աստուծոյ հոգին մեր վրայ է։ Բացատրենք. ենթադրէ որ մէկը քեզմէ կը խնդրէ տունէ տուն ձրիաբար հաց բաժնել։ Քեզի կ’ըսուի թէ ծախսերը դուն պիտի հոգաս եւ անոր պիտի յատկացնես անձնական ժամանակդ։ Ասկէ զատ, շուտով կ’իմանաս թէ միայն քիչեր պիտի ուզեն բաժնած հացդ ունենալ, իսկ ոմանք գործունէութեանդ պիտի հակառակին։ Կը խորհի՞ս թէ կրնաս այս պարտականութեան մէջ յարատեւել ամիսէ ամիս, տարիէ տարի։ Հաւանաբար ո՛չ։ Այսուհանդերձ, թերեւս տարիներ եւ նոյնիսկ տասնամեակներ բարի լուրը ծանուցանած ես, ծախսերը հոգալով ու անձնական ժամանակդ տրամադրելով։ Ինչո՞ւ։ Պատճառը այն չէ՞ որ Եհովան կը սիրես, եւ ան իր հոգիով ջանքերդ օրհնած է, օգնելով որ տոկաս։ Վստա՛հաբար։

Յիշատակելի գործ մը

16. Մեր ծառայութեան մէջ տոկալը ի՞նչ պիտի նշանակէ մեզի եւ անոնց՝ որոնք մեզի մտիկ կ’ընեն։

16 Նոր ուխտին ծառայութիւնը անբաղդատելի պարգեւ մըն է։ (Բ. Կորնթացիս 4։7) Նմանապէս, համայն աշխարհի մէջ ուրիշ ոչխարներուն կատարած քրիստոնէական ծառայութիւնը գանձ մըն է։ Ծառայութեանդ մէջ շարունակելով տոկալ, կրնաս՝ ինչպէս Պօղոս Տիմոթէոսի գրեց, ‘քեզ ալ ապրեցնել ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն’։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16) Պահ մը խորհէ թէ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ։ Այն բարի լուրը որ կը քարոզես, ուրիշներուն պատեհութիւն կու տայ յաւիտեան ապրելու։ Բարեկամութեան զօրաւոր կապ մը կրնաս հաստատել անոնց հետ, որոնց հոգեւորապէս կ’օգնես։ Երեւակայէ թէ ի՜նչ ուրախութիւն է դրախտին մէջ մշտնջենապէս ապրիլ անոնց հետ, որոնց օգնած ես Աստուծոյ մասին սորվելու։ Վստահաբար անոնք երբեք պիտի չմոռնան իրենց օգնելու համար թափած ջանքերդ։ Արդարեւ ասիկա գոհունակութեան մեծ պատճառ մըն է։

17. Ինչո՞ւ մարդկային պատմութեան եզական ժամանակաշրջանի մը մէջ կ’ապրինք։

17 Մարդկային պատմութեան եզական ժամանակաշրջանի մը մէջ կ’ապրիս։ Բարի լուրը անգամ մը եւս պիտի չքարոզուի Աստուծմէ օտարացած աշխարհի մը մէջ։ Նոյ այսպիսի աշխարհի մը մէջ ապրեցաւ եւ տեսաւ անոր անցնիլը։ Ան որքա՜ն ուրախ ըլլալու էր որ հաւատարմօրէն Աստուծոյ կամքը կատարեց՝ տապան մը շինելով, որ իր եւ իր ընտանիքին վերապրումին առաջնորդեց։ (Եբրայեցիս 11։7) Դուն ալ կրնաս նոյն ուրախութիւնը վայելել։ Պահ մը խորհէ թէ ի՛նչ պիտի զգաս նոր աշխարհին մէջ, երբ աչքէ անցընես գործունէութիւնդ այս վերջին օրերուն ընթացքին, գիտնալով թէ ամէն կարելիդ ըրիր Թագաւորութեան շահերը յառաջացնելու համար։

18. Եհովա իր ծառաներուն ի՞նչ երաշխիք եւ քաջալերութիւն կու տայ։

18 Արդ, շարունակենք Աստուծոյ փառքը արտացոլացնել, եւ ասիկա յաւիտեան պիտի յիշենք։ Եհովան ալ կը յիշէ մեր գործերը։ Աստուածաշունչը սա քաջալերութիւնը կու տայ. «Աստուած անիրաւ չէ՝ որ մոռնայ ձեր գործը, եւ այն սէրը՝ որ ցոյց տուիք իր անունին համար, երբ սպասարկեցիք սուրբերուն ու կը սպասարկէք ալ։ Սակայն կը ցանկանք որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը ցոյց տայ նոյն փութաջանութիւնը՝ մինչեւ վախճանը պահելու համար յոյսի լման վստահութիւնը. որպէսզի դուք անփոյթ չըլլաք, հապա նմանիք անոնց՝ որ հաւատքով ու համբերատարութեամբ ժառանգեցին խոստումները»։—Եբրայեցիս 6։10-12, ԱՎ

Կրնա՞ս բացատրել

• Քրիստոնեաները ի՞նչպէս Աստուծոյ փառքը կ’արտացոլացնեն։

• Սատանան ի՞նչ ռազմավարութիւններ կը գործածէ, փորձելով Աստուծոյ ժողովուրդը լռեցնել։

• Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Աստուծոյ հոգին մեր վրայ է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 7]

Մովսէսի դէմքը փառք արտացոլացուց

[Նկար՝ էջ 8]

Աստուծոյ փառքը կ’արտացոլացնենք մեր ծառայութեան մէջ