Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հաւատարիմ ըլլալը օգուտներ ունի

Հաւատարիմ ըլլալը օգուտներ ունի

Հաւատարիմ ըլլալը օգուտներ ունի

ԿԱՐԳ մը երկիրներու մէջ, երախաները կը սիրեն խաղընկերը նեղել, փշաւոր բոյս մը անոր բուրդէ վերնաշապիկին փակցնելով։ Փուշերը բուրդին կը կպչին, եւ խաղընկերը ի՛նչ որ ալ ընէ,– քալել, վազել, թօթուիլ կամ ցատկել,– անոնք կախուած կը մնան։ Անոնցմէ ձերբազատուելու միակ միջոցն է՝ զանոնք մէկ առ մէկ հանել։ Երախաները ասիկա հաճելի խաղ կը նկատեն։

Անշուշտ ամէնքը չեն սիրեր իրենց հագուստին վրայ փշաւոր բոյս ունենալ, բայց ամէն ոք կը հիանայ անոր կպչունութեան վրայ։ Հաւատարիմ անհատը համանման յատկութիւն մը ունի։ Ան ուրիշի մը հետ մշտատեւ յարաբերութիւն կը պահէ։ Նոյնիսկ դժուար պայմաններու ներքեւ, ան այդ յարաբերութեան պարտականութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն հաւատարմօրէն կը կառչի։ «Հաւատարմութիւն» բառը կը յիշեցնէ կարգ մը արժանիքներ, ինչպէս՝ անկեղծութիւն, ուղղամտութիւն եւ անձնուիրութիւն։ Թէեւ կը գնահատես ուրիշներու հաւատարմութիւնը քեզի հանդէպ, սակայն պէտք է վճռես հաւատարիմ ըլլալ,– որո՞նց։

Ամուսնութեան մէջ հաւատարմութիւն՝ հիմնական կարիք մը

Ամուսնութեան մէջ հաւատարմութիւնը կենսական է, բայց ցաւօք սրտի, հազուագիւտ է։ Իրենց ամուսնական ուխտերուն հաւատարիմ մնացող ամուսինն ու կինը,– այսինքն՝ որոնք միասին կը մնան ու մէկը միւսին բարօրութեան համար կ’աշխատի,– երջանկութիւն եւ ապահովութիւն գտնելու համար կարեւոր քայլ մը առած են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարդը հաւատարմութիւն ցուցաբերելու եւ ստանալու կարիքով ստեղծուած է։ Եդեմի պարտէզին մէջ Ադամի ու Եւայի ամուսնութեան վերաբերեալ, Աստուած յայտարարեց. «Այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի»։ Նոյնը կնոջ պիտի կիրարկուէր. ան իր ամուսինին պէտք էր յարէր։ Ամուսինն ու կինը իրարու հաւատարիմ պէտք էր ըլլային եւ իրարու հետ համագործակցէին։—Ծննդոց 2։24. Մատթէոս 19։3-9

Անշուշտ ասիկա հազարաւոր տարիներ առաջ էր, բայց կը նշանակէ՞ թէ ամուսնութեան մէջ հաւատարմութիւնը ներկայիս հնաձեւ է։ Շատեր պիտի պատասխանեն՝ ո՛չ։ Գերմանիայի մէջ հետազօտիչներ գտան թէ մարդոց 80 տոկոսը, ամուսնութեան մէջ հաւատարմութիւնը շատ կարեւոր կը նկատէ։ Երկրորդ փորձագիտանք մը կատարուեցաւ, տղամարդոց ու կիներու ամենէն փափաքելի յատկանիշները երեւան հանելու համար։ Խումբ մը տղամարդոցմէ խնդրուեցաւ որ թուեն թէ կնոջ ունեցած ո՛ր հինգ յատկութիւններուն վրայ մեծապէս կը հիանան, իսկ խումբ մը կիներ նշեցին տղամարդուն մէջ իրենց փնտռած հինգ յատկութիւնները։ Թէ՛ տղամարդիկը եւ թէ կիները ամենէն շատ հաւատարմութիւնը արժեւորեցին։

Այո, հաւատարմութիւնը յաջող ամուսնութեան զօրաւոր հիմին մէկ մասն է։ Այսուհանդերձ հաւատարմութիւնը յաճախ աւելի կը գովաբանուի, քան՝ կը գործադրուի։ Օրինակ, բազմաթիւ երկիրներու մէջ ամուսնալուծման բարձր տոկոսը կ’ապացուցանէ լայնատարած անհաւատարմութիւնը։ Ամոլները ի՞նչպէս կրնան այս հոսանքին դէմ դնել եւ իրարու հաւատարիմ մնալ։

Հաւատարմութիւնը ամուսնութիւնը մնայուն կը դարձնէ

Հաւատարմութիւնը կը ցուցաբերուի, երբ կողակիցները իրարու հանդէպ իրենց նուիրումը հաստատելու պատեհութիւններ կը փնտռեն։ Օրինակ, սովորաբար աւելի լաւ է ըսել «մեր», քան՝ «իմ»,– «մեր բարեկամները», «մեր զաւակները», «մեր տունը», «մեր փորձառութիւնները», եւայլն։ Երբ ամուսինը եւ կինը ծրագիրներ կ’ընեն ու որոշումներ կը կայացնեն,– բնակարանի, գործի, երախաներու կրթութեան, զբօսանքի, արձակուրդի կամ կրօնական գործունէութիւններու վերաբերեալ,– իրարու զգացումներն ու կարծիքները հաշուի պէտք է առնեն։—Առակաց 11։14. 15։22

Հաւատարմութիւնը կը ցուցաբերուի, երբ մէկ կողակիցը միւսին զգալ կու տայ թէ իրեն կարիք ունի։ Ամուսնացած անհատը անապահով կը զգայ, երբ իր կողակիցը հակառակ սեռին պատկանող մէկու մը հետ չափազանց բարեկամական կերպով վարուի։ Աստուածաշունչը տղամարդը կը խրատէ որ ‘իր երիտասարդութեան կնոջ’ յարի։ Ամուսինը թոյլ պէտք չէ տայ որ իր սիրտը այլ կնոջմով հրապուրուի։ Ան վստահաբար սեռային անբարոյութենէ պէտք է խուսափի։ Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ. «Կնոջ մը հետ շնութիւն ընողը պակասամիտ է. ասիկա ընողը իր անձը կը փճացնէ»։ Կինն ալ պէտք է կառչի հաւատարմութեան այս նոյն բարձր չափանիշին։—Առակաց 5։18. 6։32, ԱՎ

Ամուսնութեան մէջ հաւատարիմ ըլլալու համար ջանք թափելը կ’արժէ՞։ Այո՛։ Անիկա ամուսնութիւնը աւելի կայուն ու մնայուն կը դարձնէ, եւ իւրաքանչիւր կողակից անձնապէս կ’օգտուի։ Օրինակ, երբ ամուսինը հաւատարմօրէն իր կնոջ բարօրութեամբ կը հետաքրքրուի, կինը ապահով զգալով՝ իր լաւագոյն յատկութիւնները կը ցուցաբերէ։ Նոյնն է պարագան ամուսինին։ Իր կնոջ հաւատարիմ մնալու իր վճռակամութիւնը կ’օգնէ որ արդար սկզբունքներուն կառչի իր կեանքին բոլոր մարզերուն մէջ։

Եթէ ամուսինը եւ կինը դժուար կացութեան մը մատնուին, հաւատարմութիւնը անոնց ապահովութեան զգացում պիտի տայ։ Միւս կողմէ, անհաւատարիմ զոյգերը յաճախ խնդիրներուն կը հակազդեն՝ բաժանում կամ ամուսնալուծում պահանջելով։ Այս քայլը փոխանակ խնդիրները լուծելու, շատ անգամ նոր խնդիրներու դուռ կը բանայ։ 1980–ական թուականներուն, նորաձեւութեան հանրածանօթ խորհրդատու մը իր կնոջմէն ու զաւակներէն բաժնուեցաւ։ Ան երջանկութիւն գտա՞ւ։ Քսան տարի ետք, ան խոստովանեցաւ թէ բաժանումը իրեն «առանձնութիւն, խռովութիւն եւ անքնութիւն պատճառեց։ Ան կը տենչար իր զաւակներուն ‘գիշեր բարի’ ըսել»։

Հաւատարմութիւն՝ ծնողներուն եւ զաւակներուն միջեւ

Երբ ծնողները իրարու հաւատարիմ են, մեծ հաւանականութիւն կայ որ իրենց զաւակները այս յատկութիւնը մշակեն։ Հետագային, հաւատարիմ ու սիրառատ ընտանիքի մէջ մեծցած երախաները, աւելի դիւրաւ պիտի կարենան իրենց պատասխանատուութիւնները կրել կողակիցին եւ տարիքոտ ծնողներուն հանդէպ։—Ա. Տիմոթէոս 5։4, 8

Անշուշտ կարգ մը պարագաներուն, երախաները ծնողներէն առաջ անկարող կը դառնան ու մնայուն հոգատարութեան կարիք կ’ունենան։ Եհովայի Վկայ եղող Հէրպէրթի եւ Կէրթրուտի պարագան այս էր աւելի քան 40 տարի։ Անոնց տղան՝ Տիթմըր, իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան մկանային հիւծումէ տառապեցաւ։ Նոյեմբեր 2002–ին իր մահէն եօթը տարի առաջ, Տիթմըր սկսաւ գիշեր–ցերեկ խնամքի կարիք ունենալ։ Ծնողքը սիրով հոգացին անոր կարիքները, եւ նոյնիսկ տան մէջ բժշկական կազմածք զետեղեցին ու բժշկական մարզում ստացան։ Ընտանեկան հաւատարմութեան ի՜նչ ընտիր օրինակ։

Հաւատարմութիւնը բարեկամութեան համար կենսական է

«Առանց կողակիցի, անհատ մը կրնայ երջանիկ ըլլալ, բայց առանց բարեկամի՝ դժուար է երջանիկ ըլլալ», կ’ըսէ Պիրկիթ։ Թերեւս համաձայն գտնուիս։ Ըլլաս ամուսնացած թէ ամուրի, լաւ բարեկամի մը հաւատարմութիւնը պիտի ջերմացնէ սիրտդ եւ պիտի ճոխացնէ կեանքդ։ Անշուշտ եթէ ամուսնացած ես, կողակիցդ ամենամտերիմ բարեկամդ պէտք է ըլլայ։

Բարեկամը պարզապէս ծանօթ մը չէ։ Կրնանք բազմաթիւ ծանօթներ ունենալ,– դրացիներ, պաշտօնակիցներ, եւ ուրիշներ՝ որոնց ատեն–ատեն կը հանդիպինք։ Իսկական բարեկամութիւնը ժամանակ, կորով եւ զգացական յանձնառութիւն կը պահանջէ։ Մէկու մը բարեկամը ըլլալը պատիւ է։ Բարեկամութիւնը օգուտներ կը բերէ, բայց պատասխանատուութիւններ ալ կը պարփակէ։

Մեր բարեկամներուն հետ լաւ հաղորդակցութիւն ունենալը անհրաժեշտ է։ Երբեմն կարիքը կը պարտադրէ այս հաղորդակցութիւնը, ինչպէս Պիրկիթ կը բացատրէ. «Եթէ մեզմէ մէկը խնդիրի մը մէջ իյնայ, ես եւ բարեկամուհիս շաբաթը մէկ կամ երկու անգամ հեռախօսով կը խօսակցինք։ Մխիթարական է գիտնալ թէ ան մատչելի է եւ մտիկ ընելու պատրաստ է»։ Հեռաւորութիւնը արգելք չի հանդիսանար բարեկամութեան։ Կէրտա եւ Հելկա իրարմէ հազարաւոր քիլոմեթրներ հեռու կ’ապրին, բայց աւելի քան 35 տարի է որ լաւ բարեկամներ են։ Կէրտա կը բացատրէ. «Կանոնաւորաբար կը նամակցինք, փորձառութիւններ պատմելով եւ մեր ամենաներքին զգացումները արտայայտելով, ըլլան ուրախ թէ տխուր։ Երբ Հելկայէ նամակ ստանամ, չափազանց կ’ուրախանամ։ Մենք պարզապէս նոյն մտածելակերպը ունինք»։

Հաւատարմութիւնը բարեկամութեան համար էական է։ Անհաւատարմութեան արարք մը կրնայ նոյնիսկ երկարատեւ յարաբերութիւնը խզել։ Բարեկամները սովորաբար զիրար կը խրատեն, նոյնիսկ գաղտնի հարցերու շուրջ։ Անոնք անկեղծօրէն կը խօսակցին, առանց վախնալու որ մէկը միւսը նսեմացնէ կամ դաւաճանէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ, ու . . . տագնապի ատեն օգնելու համար ծնած է»։—Առակաց 17։17, ԱՎ

Որովհետեւ մեր բարեկամները կ’ազդեն մեր մտածելակերպին, զգացումներուն եւ վարուելակերպին, կարեւոր է որ բարեկամութիւն մշակենք անոնց հետ, որոնց կենցաղը մեր ապրելակերպին հետ ներդաշնակ է, ունենալով նոյն հաւատալիքները, նոյն բարոյական տեսակէտը, եւ շիտակի ու սխալի նոյն չափանիշները։ Այսպիսի բարեկամներ քեզի պիտի օգնեն որ նպատակակէտերուդ հասնիս։ Ասկէ զատ, ինչո՞ւ պիտի փափաքիս բարեկամանալ մէկու մը, որուն չափանիշներն ու բարոյական արժանիքները կը մերժես։ Աստուածաշունչը շիտակ բարեկամներ ընտրելուն կարեւորութիւնը ցոյց կու տայ, երբ կ’ըսէ. «Իմաստուններուն հետ ընթացողը իմաստուն կ’ըլլայ, իսկ անմիտներուն բարեկամացողը չարիքի կը հանդիպի»։—Առակաց 13։20, ԱՎ

Հաւատարմութիւնը կարելի է սորվիլ

Երբ երախայ մը սորվի ուրիշի մը հագուստին փշաւոր բոյս մը փակցնել, հաւանաբար պիտի ուզէ ասիկա յաճախ կրկնել։ Նոյնն է պարագան հաւատարիմ անհատին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ո՛րքան աւելի հաւատարմութիւն ցուցաբերենք, ա՛յնքան աւելի դիւրին կը դառնայ։ Եթէ անհատ մը մատղաշ տարիքէն սորվի ընտանիքին մէջ հաւատարիմ ըլլալ, հետագային իրեն համար դիւրին պիտի ըլլայ հաւատարմութեան վրայ հիմնուած բարեկամութիւններ մշակել։ Յարմար ժամանակին, այս զօրաւոր ու մնայուն բարեկամութիւնները կրնան ճամբան հարթել որ ան ամուսնութեան մէջ ալ հաւատարիմ ըլլայ։ Անիկա նաեւ պիտի օգնէ իրեն որ ամենակարեւոր բարեկամութեան մէջ հաւատարիմ ըլլայ։

Յիսուս ըսաւ թէ ամենամեծ պատուիրանն է՝ Եհովա Աստուած սիրել մեր ամբողջ սիրտով, անձով, միտքով ու զօրութեամբ։ (Մարկոս 12։30) Ասիկա կը նշանակէ թէ բացարձակ հաւատարմութիւն կը պարտինք Աստուծոյ։ Եհովա Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլալը ճոխ վարձատրութիւններ կը բերէ։ Ան մեզ երբեք պիտի չլքէ կամ յուսախաբ պիտի չընէ, քանի որ ինքն իր մասին կ’ըսէ. «Ես հաւատարիմ եմ»։ (Երեմեայ 3։12, ՆԱ) Արդարեւ Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլալը մշտնջենական վարձատրութիւններ կը բերէ։—Ա. Յովհաննու 2։17

[Մէջբերում՝ էջ 5]

Լաւ բարեկամի մը հաւատարմութիւնը սիրտդ պիտի ջերմացնէ

[Նկար՝ էջ 3]

Հաւատարիմ ընտանիքի անդամները իրարու կարիքները կը հոգան