Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մենք մեր Եհովա Աստուծոյն անունով պիտի քալենք

Մենք մեր Եհովա Աստուծոյն անունով պիտի քալենք

Մենք մեր Եհովա Աստուծոյն անունով պիտի քալենք

«Մենք յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք»։—ՄԻՔԻԱՅ 4։5

1. Նոյի օրերուն բարոյական կացութիւնը ի՞նչպէս էր, իսկ Նոյ ի՞նչպէս տարբեր էր։

ԵՆՈՎՔ Աստուածաշունչին մէջ յիշուած առաջին անձն է որ Աստուծոյ հետ քալեց, իսկ երկրորդ անձը՝ Նոյ։ Արձանագրութիւնը մեզի կ’ըսէ. «Նոյ իր դարուն մարդոցը մէջ արդար ու կատարեալ մարդ մըն էր. Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց»։ (Ծննդոց 6։9) Նոյի ժամանակ, մարդկութիւնը ընդհանուր առմամբ արդէն մաքուր պաշտամունքէն խոտորած էր։ Գէշ կացութիւնը աւելի վատթարացաւ, երբ անհաւատարիմ հրեշտակներ կիներու հետ անբնականօրէն ամուսնացան ու Նեֆիլիմներ կոչուած սերունդ մը յառաջ բերին, որոնք «զօրաւոր ու անուանի մարդիկ էին»։ Զարմանալի չէ որ երկիրը բռնութեամբ լեցուեցաւ։ (Ծննդոց 6։2, 4, 11) Այսուհանդերձ Նոյ անթերի եւ «արդարութեան քարոզիչ» էր։ (Բ. Պետրոս 2։5) Երբ Աստուած իրեն պատուիրեց որ կեանքի պահպանման համար տապան մը շինէ, Նոյ հնազանդեցաւ եւ «ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս»։ (Ծննդոց 6։22) Արդարեւ Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց։

2, 3. Նոյ մեզի համար ի՞նչ ընտիր օրինակ հանդիսացաւ։

2 Պօղոս Նոյը պարփակեց հաւատարիմ վկաներու իր ցանկին մէջ, երբ գրեց. «Հաւատքով Նոյ պատգամ առնելով Աստուծմէ՝ դեռ չերեւցած բաներուն համար՝ վախնալով տապանը շինեց իր տունը փրկելու համար, որով աշխարհս դատապարտեց եւ ժառանգորդ եղաւ այն արդարութեանը, որ հաւատքով կ’ըլլայ»։ (Եբրայեցիս 11։7) Ի՜նչ հոյակապ օրինակ մը։ Վստահ ըլլալով թէ Եհովայի խօսքերը պիտի իրականանան, Նոյ իր ժամանակը, կորովը եւ նիւթական միջոցները գործածեց, Աստուծոյ հրամանները կատարելու համար։ Նոյնպէս ներկայիս շատեր աշխարհային պատեհութիւնները կը մերժեն եւ իրենց ժամանակը, կորովը ու նիւթական միջոցները կը գործածեն, Եհովայի պատուէրներուն հնազանդելով։ Անոնց հաւատքը ուշագրաւ է, եւ իրենց ու ուրիշներու փրկութեան պիտի առաջնորդէ։—Ղուկաս 16։9. Ա. Տիմոթէոս 4։16

3 Նոյի եւ իր ընտանիքին համար հաւատք ունենալը դժուար ըլլալու էր, ինչպէս էր պարագան Ենովքի,– Նոյի մեծ–հօր հայրը, որուն մասին նախորդ յօդուածը քննարկեց։ Նոյի օրերուն ալ ճշմարիտ երկրպագուները փոքրամասնութիւն կը կազմէին,– միայն ութ հոգի հաւատարիմ գտնուեցան ու Ջրհեղեղէն վերապրեցան։ Նոյ վայրագ ու անբարոյ աշխարհի մը մէջ արդարութիւն քարոզեց։ Ասկէ զատ, ան եւ իր ընտանիքը փայտէ հսկայ տապան մը շինեցին, առ ի պատրաստութիւն համաշխարհային ջրհեղեղի մը, թէեւ ո՛չ ոք նախապէս այսպիսի ջրհեղեղ մը տեսած էր։ Ասիկա զիրենք դիտողներուն շատ տարօրինակ թուելու էր։

4. Յիսուս Նոյի ժամանակակիցներուն ո՞ր թերացումը աչքառու դարձուց։

4 Հետաքրքրական է որ Յիսուս երբ Նոյի օրերուն ակնարկեց, չխօսեցաւ բռնութեան, սուտ կրօնքին կամ անբարոյութեան մասին, որոնք լուրջ հարցեր էին։ Անոր աչքառու դարձուցած սխալը այն էր՝ թէ մարդիկ մերժեցին տրուած ազդարարութեան ուշադրութիւն ընծայել։ Ան ըսաւ թէ մարդիկ «կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ»։ Ուտել, խմել, ամուսնանալ եւ ամուսնութեան տալ,– ասոնց մէջ ի՞նչ սխալ կայ։ Անոնք պարզապէս «բնական» կեանք կը վարէին։ Բայց ջրհեղեղ պիտի գար, եւ Նոյ արդարութիւն կը քարոզէր։ Անոր խօսքերն ու վարքը իրենց համար ազդարարութիւն պէտք էր ըլլային։ Այսուհանդերձ անոնք «չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց»։—Մատթէոս 24։38, 39

5. Նոյ եւ իր ընտանիքը ո՞ր յատկութիւններուն կարիք ունէին։

5 Այդ ժամանակները աչքէ անցընելով, կը նկատենք թէ Նոյի ընթացքը իմաստութիւն էր։ Սակայն Ջրհեղեղէն առաջ, ուրիշներէ տարբեր ըլլալը քաջութիւն կը պահանջէր, եւ զօրաւոր համոզումի հարկ կար, որպէսզի Նոյ եւ իր ընտանիքը հսկայ տապանը շինէին եւ զայն անասունի տեսակներով լեցնէին։ Արդեօք այս փոքրաթիւ հաւատարիմներէն ոմանք երբեմն փափաքեցա՞ն աչքի չզարնել եւ պարզապէս «բնական» կեանք վարել։ Նոյնիսկ եթէ այսպիսի գաղափարներ անոնց միտքէն անցան, իրենց ուղղամտութեան կառչած մնացին։ Շատ տարիներ ետք,– շատ աւելի քան՝ իրերու այս դրութեան մէջ մեր տոկացած տարիները,– Նոյ իր հաւատքին շնորհիւ Ջրհեղեղէն վերապրեցաւ։ Միւս կողմէ, Եհովա դատաստան գործադրեց բոլոր անոնց վրայ որ «բնական» կեանք կ’ապրէին եւ իրենց ապրած ժամանակներուն նշանակութեան ուշադրութիւն չէին ընծայեր։

Բռնութիւնը դարձեալ մարդկութիւնը կը տառապեցնէ

6. Ջրհեղեղէն ետք, ի՞նչ կացութիւն գոյատեւեց։

6 Ջրհեղեղին ջուրերը քաշուելէն ետք, մարդկութիւնը նոր սկիզբ ունեցաւ։ Սակայն մարդիկ տակաւին անկատար էին եւ «մարդուն սրտին խորհուրդը» շարունակեց ‘իր մանկութենէն չար ըլլալ’։ (Ծննդոց 8։21) Ասկէ զատ, թէեւ դեւերը այլեւս չէին կրնար մարդկային մարմիններ հագնիլ, սակայն դեռ շատ գործունեայ էին։ Անբարեպաշտ մարդկութեան աշխարհը շուտով ցոյց տուաւ թէ «Չարին մէջ մխրճուած է», եւ ինչպէս է պարագան այսօր՝ ճշմարիտ երկրպագուները ստիպուած էին «Սատանային հնարքներուն» դէմ դնել։—Ա. Յովհաննու 5։19, ԱՎ. Եփեսացիս 6։11, 12

7. Յետ–Ջրհեղեղեան աշխարհին մէջ բռնութիւնը ի՞նչպէս վերելք արձանագրեց։

7 Առնուազն Նեբրովթի ժամանակէն սկսեալ, յետ–Ջրհեղեղեան երկիրը անգամ մը եւս մարդկային բռնութեան թատերաբեմը դարձաւ։ Բնակչութեան թիւը բարձրանալով եւ արուեստագիտութիւնը յառաջդիմելով, ժամանակի ընթացքին այդ բռնութիւնը աւելցած է։ Սկիզբը սուրը, նիզակը, աղեղն ու նետը, եւ մարտակառքը գործածուեցան։ Ապա մէջտեղ եկան պատրուգաւոր հրազէնը, թնդանօթը, եւ 20–րդ դարու սկիզբը՝ հրացանն ու գերակատար հրետանին։ Ա. Աշխարհամարտին ընթացքին աւելի վախազդու զէնքեր գործածուեցան, ինչպէս՝ օդանաւը, հրասայլը, սուզանաւը եւ թունաւոր կազը, միլիոնաւորներու կեանքը խլելով։ Ասիկա չակնկալուա՞ծ բան մըն էր։ Ո՛չ։

8. Յայտնութիւն 6։1-4–ը ի՞նչպէս կատարուած է։

8 1914–ին, Յիսուս գահակալուեցաւ որպէս Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան Թագաւորը, եւ ‘տէրունական օրը’ սկսաւ։ (Յայտնութիւն 1։10) Յայտնութիւն գիրքին մէջ տեղեկագրուած տեսիլքի մը մէջ, Յիսուս կը տեսնուի որպէս ճերմակ ձիու վրայ նստած յաղթական թագաւոր։ Իրեն կը հետեւին այլ ձիաւորներ, իւրաքանչիւրը ներկայացնելով մարդկութիւնը հարուածող պատուհաս մը։ Ձիաւորներէն մէկը շառագոյն ձիու վրայ նստած է, եւ անոր «իշխանութիւն տրուեցաւ որ երկրէն խաղաղութիւնը վերցնէ, որպէս զի իրար սպաննեն։ Անոր մեծ սուր մը տրուեցաւ»։ (Յայտնութիւն 6։1-4) Այս ձին ու իր ձիաւորը պատերազմ կը խորհրդանշեն, իսկ մեծ սուրը կը պատկերացնէ արդի պատերազմին ու անոր զօրաւոր զէնքերուն աննախընթաց կործանարարութիւնը։ Ներկայիս այս զէնքերը կը պարփակեն՝ կորիզային սարքեր, որոնցմէ ամէն մէկը կրնայ տասնեակ հազարաւորներ սպաննել, եւ զանոնք կրող հրթիռներ, որոնք կրնան հազարաւոր քիլոմեթրներ հեռու գտնուող թիրախներ հարուածել, եւ զանգուածային կործանում պատճառող քիմիական ու կենսաբանական գերակատար զէնքեր։

Եհովայի ազդարարութիւններուն ուշադրութիւն կ’ընծայենք

9. Ներկայ աշխարհը ի՞նչպէս կը նմանի նախաջրհեղեղեան աշխարհին։

9 Նոյի օրերուն, Եհովա մարդկութեան վրայ կործանում բերաւ, չարակամ մարդոց չափազանց բռնութեան պատճառով, որ Նեֆիլիմներուն կողմէ հրահրուած էր։ Իսկ այսօր, երկրի վրայ նուա՞զ բռնութիւն կայ։ Վստահաբար ո՛չ։ Ասկէ զատ, ինչպէս էր պարագան Նոյի օրերուն, մարդիկ իրենց առօրեայ գործերով կը զբաղին, ջանալով «բնական» կեանք վարել ու մերժելով տրուած ազդարարութիւններուն ուշադրութիւն ընծայել։ (Ղուկաս 17։26, 27) Ուստի, որեւէ պատճառ կա՞յ կասկածելու թէ Եհովա անգամ մը եւս մարդկութեան վրայ կործանում պիտի բերէ։ Ո՛չ։

10. (ա) Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն մէջ ո՞ր ազդարարութիւնը կրկին անգամ տրուած է։ (բ) Ներկայիս միակ իմաստուն ընթացքը ի՞նչ է։

10 Ջրհեղեղէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ, Ենովք մեր օրերուն տեղի ունենալիք կործանումին մասին մարգարէացաւ։ (Յուդա 14, 15) Յիսուս ալ մօտալուտ ‘մեծ նեղութեան’ մասին խօսեցաւ։ (Մատթէոս 24։21) Այլ մարգարէներ այդ ժամանակին մասին ազդարարեցին։ (Եզեկիէլ 38։18-23. Դանիէլ 12։1. Յովելեայ 2։31, 32) Եւ Յայտնութիւն գիրքին մէջ, այդ վերջնական կործանումին մասին վառ նկարագրութիւն մը կը կարդանք։ (Յայտնութիւն 19։11-21) Մենք անհատապէս Նոյը կ’ընդօրինակենք եւ արդարութիւնը կը քարոզենք։ Եհովայի ազդարարութիւններուն ուշադրութիւն կ’ընծայենք եւ մեր դրացիներուն սիրալիրօրէն կ’օգնենք որ նոյնը ընեն։ Հետեւաբար, Նոյի նման, Աստուծոյ հետ կը քալենք։ Արդարեւ կենսական է որ կեանք փափաքող իւրաքանչիւր անհատ շարունակէ Աստուծոյ հետ քալել։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել, ամէն օր ճնշումներ դիմագրաւելով հանդերձ։ Աստուծոյ նպատակին կատարման հանդէպ զօրաւոր հաւատք պէտք է մշակենք։—Եբրայեցիս 11։6

Շարունակէ Աստուծոյ հետ քալել խռովալից ժամանակներուն մէջ

11. Ի՞նչ կերպով առաջին դարու Քրիստոնեաները կ’ընդօրինակենք։

11 Առաջին դարուն, օծեալ Քրիստոնեաներուն մասին կը խօսուէր որպէս «այն ճամբուն» հետեւողներ։ (Գործք 9։2) Եհովայի ու Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ հաւատքը կը կազմէր անոնց ամբողջ ապրելակերպին առանցքը։ Անոնք իրենց Տէրոջ ճամբային հետեւեցան։ Այսօր հաւատարիմ Քրիստոնեաները նոյնը կ’ընեն։

12. Յիսուս ամբոխը հրաշալիօրէն կերակրելէ ետք ի՞նչ պատահեցաւ։

12 Հաւատքին կարեւորութիւնը կը տեսնուի դէպքի մը մէջ, որ տեղի ունեցաւ Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին։ Առիթով մը, Յիսուս հրաշալիօրէն շուրջ 5,000 մարդ կերակրեց։ Բազմութիւնը զարմացաւ եւ ուրախացաւ։ Սակայն նկատի առ թէ ետքը ի՛նչ պատահեցաւ։ Կը կարդանք. «Մարդիկը, երբ Յիսուսին ըրած հրաշքը տեսան, ըսին. ‘Ասիկա է ճշմարտապէս այն մարգարէն, որ աշխարհ պիտի գար’։ Յիսուս գիտնալով թէ պիտի գան զինք յափշտակեն, որպէս զի զինք թագաւոր ընեն, նորէն մինակը լեռը գնաց»։ (Յովհաննու 6։10-15) Յիսուս այդ գիշեր ուրիշ վայր մը ճամբորդեց։ Ան մերժելով թագաւոր ըլլալ, հաւանաբար շատերը յուսախաբ ըրաւ, քանի որ ցոյց տուած էր թէ թագաւոր ըլլալու որակեալ էր՝ բաւարար իմաստութիւն եւ մարդոց ֆիզիքական կարիքները լեցնելու զօրութիւն ունենալով։ Սակայն Եհովայի որոշած ժամանակը դեռ չէր եկած որ ան սկսէր թագաւորել։ Ասկէ զատ, Յիսուսի Թագաւորութիւնը երկնային էր, եւ ո՛չ թէ՝ երկրային։

13, 14. Շատեր ի՞նչ տեսակէտ յայտնեցին, եւ անոնց հաւատքը ի՞նչպէս փորձի ենթարկուեցաւ։

13 Այսուհանդերձ ամբոխը վճռականօրէն Յիսուսի հետեւեցաւ եւ զինք «ծովուն անդիի կողմը» գտաւ, ինչպէս Յովհաննէս կ’ըսէ։ Անոնք ինչո՞ւ զինք փնտռեցին, զինք թագաւոր ընելու իրենց ջանքերը խափանելէ ետք։ Շատեր մարմնաւոր տեսակէտ յայտնեցին, շեշտակիօրէն խօսելով այն նիւթական հայթայթումներուն մասին, որոնք Մովսէսի օրերուն Եհովա ըրաւ անապատին մէջ։ Անոնք ուզեցին Յիսուսի հասկցնել թէ պէտք է շարունակէ իրենց համար նիւթական հայթայթումներ ընել։ Անոնց սխալ շարժառիթները ըմբռնելով, Յիսուս սկսաւ հոգեւոր ճշմարտութիւններ սորվեցնել, որոնք կրնային անոնց մտածելակերպը սրբագրել։ (Յովհաննու 6։17, 24, 25, 30, 31, 35-40) Բայց ոմանք տրտնջացին, մանաւանդ երբ ան ըսաւ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ Որդի մարդոյ մարմինը չուտէք եւ անոր արիւնը չխմէք, ձեր անձերուն մէջ կեանք չէք ունենար’։ Ո՛վ որ իմ մարմինս ուտէ եւ իմ արիւնս խմէ, յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը»։—Յովհաննու 6։54, 55

14 Յիսուսի օրինակները յաճախ մարդիկը կը մղէին ցոյց տալու թէ իսկապէս կը փափաքէի՞ն Աստուծոյ հետ քալել կամ ոչ։ Այդ օրինակը բացառութիւն մը չէր, եւ զօրաւոր հակազդեցութիւններ յառաջ բերաւ։ Կը կարդանք. «Աշակերտներէն շատեր երբ լսեցին՝ ըսին. ‘Խիստ է այդ խօսքը, ո՞վ կրնայ ատոր մտիկ ընել’»։ Յիսուս բացատրեց թէ իր խօսքերուն հոգեւոր իմաստը պէտք է նկատի առնէին, ըսելով. «Հոգին է կենդանի ընողը, մարմինը շահ մը չ’ըներ։ Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, հոգի ու կեանք են»։ Այսուհանդերձ շատեր մտիկ չըրին, ինչպէս արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Այս պատճառաւ իր աշակերտներէն շատեր ետ գացին եւ ա՛լ իրեն հետ չէին պտըտեր»։—Յովհաննու 6։61, 64, 67

15. Յիսուսի հետեւորդներէն ոմանք ո՞ր շիտակ տեսակէտը ունէին։

15 Այսուհանդերձ Յիսուսի բոլոր աշակերտները այդ կերպով չհակազդեցին։ Ճիշդ է որ հաւատարիմ աշակերտները լիովին չհասկցան Յիսուսի ըսածը, սակայն իրեն հանդէպ անոնց վստահութիւնը անխախտ մնաց։ Այդ հաւատարիմ աշակերտներուն զգացումները արտայայտելով, Պետրոս ըսաւ. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս»։ (Յովհաննու 6։69) Ի՜նչ սքանչելի կեցուածք եւ ընտիր օրինակ։

16. Ի՞նչպէս կրնանք փորձութեան ենթարկուիլ, եւ ո՞ր պատշաճ տեսակէտը պէտք է մշակենք։

16 Ներկայիս մենք ալ կրնանք այդ նախկին աշակերտներուն պէս փորձի ենթարկուիլ։ Մեր պարագային, թերեւս ոմանք յուսախաբ ըլլան, քանի որ Եհովայի խոստումները իրենց ակնկալածին չափ շուտ չեն կատարուիր։ Թերեւս զգանք թէ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր գրականութիւններուն ներկայացուցած բացատրութիւնները դժուարահասկնալի են։ Թերեւս Քրիստոնեայ հաւատակիցի մը վարքը մեզ հիասթափեցնէ։ Այս կամ այլ պատճառներով, շիտակ պիտի ըլլա՞յ որ դադրինք Աստուծոյ հետ քալելէ։ Անշուշտ ոչ։ Յիսուսը լքող աշակերտները մարմնաւոր մտածելակերպ ունէին։ Նոյն սխալին մէջ չիյնա՛նք։

«Մենք անոնցմէ չենք՝ որ կ’ընկրկին»

17. Աստուծոյ հետ շարունակ քալելու համար, ի՞նչ օգնութիւն կրնանք ստանալ։

17 Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Աստուածաշունչի միջոցով Եհովա մեզի յստակօրէն կ’ըսէ. «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք»։ (Եսայեայ 30։21) Աստուծոյ Խօսքին հնազանդիլը մեզի կ’օգնէ որ ‘զգուշութեամբ քալենք’։ (Եփեսացիս 5։15) Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը եւ մեր սորվածին վրայ խոկալը մեզ կարող կը դարձնեն որ շարունակենք ‘ճշմարտութեամբ քալել’։ (Գ. Յովհաննու 3) Արդարեւ, ինչպէս Յիսուս ըսաւ. «Հոգին է կենդանի ընողը, մարմինը շահ մը չ’ըներ»։ Միակ վստահելի առաջնորդութիւնը՝ որով կրնանք մեր քայլերը ուղղել, հոգեւոր առաջնորդութիւնն է, որ կու գայ Եհովայի Խօսքին, իր հոգիին եւ իր կազմակերպութեան միջոցով։

18. (ա) Ոմանք անխոհեմաբար ի՞նչ կ’ընեն։ (բ) Ինչպիսի՞ հաւատք կը մշակենք։

18 Այսօր, մարմնաւոր մտածումի կամ յուսավրիպումի պատճառով դժգոհ դարձած անհատները, յաճախ կը սկսին աշխարհի մատուցած բաները լիովին օգտագործել։ Ստիպողականութեան զգացումը կորսնցնելով, անոնք ‘արթուն կենալու’ կարիքը չեն տեսներ, եւ կ’ընտրեն եսասիրական նպատակակէտեր հետապնդել, փոխանակ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնելու։ (Մատթէոս 24։42) Այդ կերպով ընթանալը շատ անխոհեմութիւն է։ Նկատի առ Պօղոս առաքեալի խօսքերը. «Մենք անոնցմէ չենք՝ որ կ’ընկրկին կորուստի համար, հապա անոնցմէ՝ որ կը հաւատան, իրենց անձին փրկութեան համար»։ (Եբրայեցիս 10։39, ԱՎ) Ենովքի եւ Նոյի նման, խռովալից ժամանակներու մէջ կ’ապրինք, բայց անոնց պէս, Աստուծոյ հետ քալելու առանձնաշնորհումը ունինք։ Ասիկա ընելով, ստոյգ ակնկալութիւնը ունինք թէ պիտի տեսնենք Եհովայի խոստումներուն կատարումը, չարութեան բնաջնջումը եւ արդար նոր աշխարհի մը հաստատումը։ Ի՜նչ հիանալի հեռանկար։

19. Միքիա ճշմարիտ երկրպագուներուն ընթացքը ի՞նչպէս կը նկարագրէ։

19 Ներշնչեալ Միքիա մարգարէն աշխարհի ազգերուն մասին ըսաւ թէ «ամէն մէկը իր աստուծոյն անունովը կը քալէ»։ Իսկ իր եւ ուրիշ հաւատարիմ երկրպագուներուն մասին ըսաւ. «Մենք յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք»։ (Միքիայ 4։5) Միքիայի նոյն վճռակամութիւնը ունենալով Եհովայի մօտիկ մնացիր, որքա՛ն ալ ժամանակները խռովալից դառնան։ (Յակոբու 4։8) Թող իւրաքանչիւրիս սրտագին փափաքը ըլլայ՝ Եհովա Աստուծոյ հետ քալել հիմա եւ յաւիտեան։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Նոյի օրերուն եւ մեր օրերուն միջեւ ի՞նչ նմանութիւններ կան։

• Նոյ եւ իր ընտանիքը ի՞նչ ընթացք բռնեցին, եւ ի՞նչպէս կրնանք անոնց հաւատքը ընդօրինակել։

• Յիսուսի հետեւորդներէն ոմանք ի՞նչ տեսակէտ յայտնեցին։

• Ճշմարիտ Քրիստոնեաները վճռած են ի՞նչ ընել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 29]

Որպէս Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ, «մենք անոնցմէ չենք՝ որ կ’ընկրկին»

[Նկար՝ էջ 30]

Նոյի օրերուն պէս, մարդիկ ներկայիս իրենց առօրեայ գործունէութիւններով զբաղած են