Սիրոյ օրէնք՝ սիրտերու մէջ
Սիրոյ օրէնք՝ սիրտերու մէջ
«Իմ օրէնքս անոնց ներսիդին պիտի դնեմ ու զանիկա անոնց սրտին վրայ պիտի գրեմ»։—ԵՐԵՄԵԱՅ 31։33
1, 2. (ա) Այժմ ի՞նչ պիտի քննարկենք։ (բ) Եհովա ի՞նչպէս ինքզինք յայտնեց Սինա լերան վրայ։
ՆԱԽՈՐԴ երկու յօդուածներուն մէջ սորվեցանք թէ երբ Մովսէս Սինա լեռնէն իջաւ, իր երեսին մորթը լուսափայլ եղած էր, Եհովայի փառքը արտացոլացնելով։ Նաեւ նկատի առինք Մովսէսի երեսը ծածկող քօղը։ Այժմ քննարկենք յարակից նիւթ մը, որ ներկայիս Քրիստոնեաներուն համար նշանակութիւն ունի։
2 Երբ Մովսէս լերան վրայ էր, Եհովայէ հրահանգներ ստացաւ։ Իսկ Սինա լերան առջեւ համախմբուած Իսրայելացիներուն, Աստուած ինքզինք ապշեցուցիչ կերպով յայտնեց։ «Որոտումներ ու կայծակներ կ’ըլլային եւ թանձր ամպ մը կար լերանը վրայ ու խիստ սաստիկ փողի ձայն մը եւ բանակին մէջ եղած բոլոր ժողովուրդը զարհուրեցաւ։ . . . Սինա լեռը բոլորովին կը մխար, վասն զի Տէրը անոր վրայ կրակով իջաւ ու անոր մուխը հնոցի մուխի պէս կ’ելլէր եւ բոլոր լեռը սաստիկ կը դողար»։—Ելից 19։16-18
3. Եհովա Տասը Պատուիրանները ի՞նչ միջոցով Իսրայէլի տուաւ, եւ ժողովուրդը ի՞նչ բան ըմբռնեց։
3 Եհովա հրեշտակի մը միջոցով խօսեցաւ ժողովուրդին, հայթայթելով ինչ որ հետագային կոչուեցաւ Տասը Պատուիրանները։ (Ելից 20։1-17) Ուստի կասկած պիտի չըլլար որ այս օրէնքները Ամենակալին կողմէ էին։ Եհովա այդ պատուիրանները քարէ տախտակներու վրայ գրեց, բայց Մովսէս զանոնք կոտրտեց, երբ տեսաւ որ Իսրայելացիները ոսկի հորթը կը պաշտէին։ Եհովա պատուիրանները դարձեալ քարէ տախտակներու վրայ գրեց։ Այս անգամ, երբ Մովսէս քարէ տախտակները շալկած լեռնէն իջաւ, իր երեսին մորթը լուսափայլ էր։ Այդ ժամանակ, բոլորը պիտի հասկնային թէ այս օրէնքները մեծ նշանակութիւն ունէին։—Ելից 32։15-19. 34։1, 4, 29, 30
4. Տասը Պատուիրանները ինչո՞ւ մեծ կարեւորութիւն ունէին։
4 Սկիզբը՝ խորանին, իսկ ետքը՝ տաճարին Սրբութիւն Սրբութեանց բաժանմունքին մէջ
գտնուող ուխտին տապանակին մէջ զետեղուեցան երկու տախտակները, որոնց վրայ Տասը Պատուիրանները գրուած էին։ Անոնք Մովսիսական Օրէնքի ուխտին հիմնական սկզբունքները կազմեցին եւ աստուածպետական վարչութեան հիմը դրին։ Անոնք ապացուցանեցին թէ Եհովա մասնայատուկ ժողովուրդի մը՝ ընտրեալ ժողովուրդի մը հետ կը վերաբերէր։5. Իսրայէլի տրուած Աստուծոյ օրէնքները ի՞նչ կերպերով Իր սէրը ցոյց տուին։
5 Այդ օրէնքները Եհովայի մասին շատ բան յայտնեցին, յատկապէս իր սէրը իր ժողովուրդին հանդէպ։ Անոնք իրենց հնազանդողներուն համար ի՜նչ թանկագին պարգեւ մըն էին։ Ուսումնական մը գրեց. «Մարդակերտ ո՛չ մէկ բարոյական դրութիւն, անկէ առաջ թէ ետք, . . . կրնայ ձեւով մը մօտենալ, հաւասարիլ կամ գերազանցել Աստուծոյ այս տասը խօսքերը»։ Ընդհանուր Մովսիսական Օրէնքին մասին խօսելով, Եհովա ըսաւ. «Եթէ իրաւցնէ իմ ձայնիս հնազանդիք ու իմ ուխտս պահէք, դուք ինծի սեպհական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերէն. վասն զի բոլոր երկիր իմս է։ Դուք ինծի քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ մը պիտի ըլլաք»։—Ելից 19։5, 6
Սիրտին վրայ գրուած օրէնք
6. Ո՞ր օրէնքը աւելի արժէքաւոր էր, քան՝ քարէ տախտակներու վրայ գրուած օրէնքները։
6 Այո, այդ աստուածային օրէնքները մեծ արժէք ունէին։ Սակայն գիտէի՞ր թէ օծեալ Քրիստոնեաները քարէ տախտակներու վրայ գրուած օրէնքներէն շա՜տ աւելի արժէքաւոր բան մը ունին։ Եհովա նախագուշակեց թէ նոր ուխտ մը պիտի հաստատէր, որ Իսրայէլ ազգին հետ ըրած Օրէնքի ուխտէն տարբեր պիտի ըլլար։ «Իմ օրէնքս անոնց ներսիդին պիտի դնեմ ու զանիկա անոնց սրտին վրայ պիտի գրեմ»։ (Երեմեայ 31։31-34) Նոր ուխտին Միջնորդը՝ Յիսուս անձամբ իր հետեւորդներուն օրինագիրք մը չտուաւ։ Ան Եհովայի օրէնքը իր աշակերտներուն միտքին ու սիրտին մէջ քանդակեց, իր ըսած ու ըրած բաներով։
7. «Քրիստոսին օրէնքը» նախ որո՞ւն տրուեցաւ, իսկ հետագային ո՞վ զայն ընդունեց։
7 Այս օրէնքը կոչուած է «Քրիստոսին օրէնքը»։ Անիկա նախ տրուեցաւ ո՛չ թէ Յակոբէ սերած Իսրայէլ ազգին, այլ՝ հոգեւոր ազգի մը, «Աստուծոյ Իսրայէլ»ին։ (Գաղատացիս 6։2, 16. Հռովմայեցիս 2։28, 29) Հոգիէն օծուած Քրիստոնեաները կը կազմեն Աստուծոյ Իսրայէլը։ Ժամանակի ընթացքին, անոնց միացաւ բոլոր ազգերէն «մեծ բազմութիւն մը», որ նաեւ կը փնտռէ Եհովան պաշտել։ (Յայտնութիւն 7։9, 10. Զաքարեայ 8։23) «Մէկ հօտ» «մէկ հովիւ»ի ներքեւ ըլլալով, երկու խումբերն ալ «Քրիստոսին օրէնքը» կ’ընդունին ու անոր թոյլ կու տան որ ղեկավարէ ամէն ինչ որ կ’ընեն։—Յովհաննու 10։16
8. Մովսիսական Օրէնքին ու Քրիստոսի օրէնքին միջեւ ի՞նչ տարբերութիւն կայ։
8 Մարմնաւոր Իսրայելացիներուն հակառակը, որոնք ի ծնէ Մովսիսական Օրէնքին ենթարկուած կ’ըլլային, Քրիստոնեաները իրենց ընտրութեամբ Քրիստոսի օրէնքին ներքեւ կը մնան, ցեղի կամ ծննդավայրի նման ազդակներ անկարեւոր ըլլալով։ Անոնք Եհովայի ու
իր ճամբաներուն մասին կը սորվին ու կը տենչան իր կամքը ընել։ Աստուծոյ օրէնքը ‘իրենց ներսիդին դրուած’ ու ‘իրենց սիրտին վրայ գրուած’ ըլլալով, օծեալ Քրիստոնեաները Աստուծոյ կը հնազանդին ո՛չ թէ քանի որ անհնազանդները կը պատժէ, ո՛չ ալ պարզապէս պարտականութեան զգացումէ մղուած։ Շա՜տ աւելի էական ու զօրաւոր բան մը կը կազմէ անոնց հնազանդութեան հիմը։ Իսկ ուրիշ ոչխարներուն անդամներն ալ հնազանդ են, քանի որ Աստուծոյ օրէնքը իրենց սիրտին մէջ է։Սիրոյ վրայ հիմնուած օրէնքներ
9. Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ սէրը Եհովայի օրէնքներուն բուն էութիւնը կը կազմէ։
9 Եհովայի բոլոր օրէնքներուն եւ կանոններուն բուն էութիւնը կարելի է ամփոփել մէկ բառով՝ սէր։ Սէրը մաքուր պաշտամունքին անհրաժեշտ մէկ մասը միշտ եղած է եւ միշտ պիտի ըլլայ։ Երբ Յիսուսի հարցուեցաւ թէ Օրէնքին մեծագոյն պատուիրանը ի՛նչ էր, ան պատասխանեց. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ»։ Իսկ երկրորդն էր՝ «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։ Ապա ան ըսաւ. «Այս երկու պատուիրանքէն կախուած են բոլոր օրէնքը եւ մարգարէները»։ (Մատթէոս 22։35-40) Այսպիսով Յիսուս ցոյց տուաւ թէ ո՛չ միայն Օրէնքը եւ իր Տասը Պատուիրանները, այլեւ՝ բոլոր Եբրայերէն Գրութիւնները սիրոյ վրայ հիմնուած էին։
10. Ի՞նչպէս գիտենք թէ սէրը Քրիստոսի օրէնքին կորիզը կը կազմէ։
10 Աստուծոյ ու դրացիին հանդէպ սէրը, Քրիստոնեաներուն սիրտին մէջ եղած օրէնքին ալ կորիզը կը կազմէ՞։ Անշո՛ւշտ։ Քրիստոսի օրէնքը կը պարփակէ Աստուծոյ հանդէպ սրտագին սէր եւ նոր պատուիրան մը,– Քրիստոնեաները իրարու հանդէպ անձնուրաց սէր պէտք է ունենան։ Անոնք պէտք է Յովհաննու 13։34, 35. 15։12, 13) Յիսուս նոյնիսկ անոնց սորվեցուց որ իրենց թշնամիները սիրեն։—Մատթէոս 5։44
սիրեն ինչպէս Յիսուս սիրեց, եւ կամովին իր կեանքը տուաւ իր բարեկամներուն համար։ Ան իր աշակերտներուն սորվեցուց որ Աստուած սիրեն եւ զիրար սիրեն, ինչպէս ինք սիրեց զիրենք։ Իրարու հանդէպ անոնց ցուցաբերած ուշագրաւ սէրը, ճշմարիտ Քրիստոնեաները բնորոշող գլխաւոր յատկութիւնն է։ (11. Յիսուս ի՞նչպէս Աստուծոյ ու մարդկութեան հանդէպ սէր ցուցաբերեց։
11 Յիսուս սէր ցուցաբերելու մէջ կատարեալ օրինակ հանդիսացաւ։ Երբ երկինքը հզօր հոգեղէն արարած մըն էր, ան սիրով ընդունեց երկրի վրայ իր Հօր շահերը յառաջացնելու պատեհութիւնը։ Իր մարդկային կեանքը զոհելէ զատ, որ ուրիշներ կարենան յաւիտեան ապրիլ, ան մարդոց ցոյց տուաւ թէ ի՛նչպէս պէտք է ապրին։ Ան խոնարհ, քաղցր ու նկատառու էր, եւ ծանրաբեռնուած ու հարստահարուած անհատներուն օգնեց։ Ան նաեւ «յաւիտենական կեանքի խօսքեր» հաղորդեց, անխոնջօրէն ուրիշներուն օգնելով որ Եհովան ճանչնան։—Յովհաննու 6։69
12. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Աստուծոյ հանդէպ սէրը եւ դրացիին հանդէպ սէրը, իրարու սերտօրէն առնչուած են։
12 Իրականութեան մէջ, Աստուծոյ հանդէպ սէրը եւ դրացիին հանդէպ սէրը, իրարու սերտօրէն առնչուած են։ Յովհաննէս առաքեալ նշեց. «Սէրը Աստուծմէ է։ . . . Եթէ մէկը կ’ըսէ թէ ‘Ես Աստուած կը սիրեմ’ ու իր եղբայրը ատէ, անիկա ստախօս է. քանզի ան որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ որ կը տեսնէ, Աստուած՝ որ չի տեսներ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել»։ (Ա. Յովհաննու 4։7, 20) Եհովա սիրոյ թէ՛ աղբիւրը եւ թէ մարմնացումն է։ Ան ամէն բան սէրէ մղուած կ’ընէ։ Մենք կը սիրենք, քանի որ իր պատկերով ստեղծուած ենք։ (Ծննդոց 1։27) Դրացիին հանդէպ սէր ցոյց տալով, Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը կը ցուցաբերենք։
Սիրել կը նշանակէ՝ հնազանդիլ
13. Որպէսզի Աստուած սիրենք, նախ ի՞նչ պէտք է ընենք։
13 Ի՞նչպէս կրնանք անտեսանելի Աստուածը սիրել։ Էական առաջին քայլն է՝ զինք ճանչնալ։ Չենք կրնար իսկապէս օտար մը սիրել կամ անոր վստահիլ։ Ուստի Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը քաջալերէ որ Աստուած ճանչնանք՝ Աստուածաշունչը կարդալով, աղօթելով եւ ընկերակցելով անոնց, որ արդէն զինք կը ճանչնան ու կը սիրեն։ (Սաղմոս 1։1, 2. Փիլիպպեցիս 4։6. Եբրայեցիս 10։25) Չորս Աւետարանները յատկապէս արժէքաւոր են, քանի որ Եհովայի անձնաւորութիւնը կը յայտնեն, ինչպէս արտացոլացուած է Յիսուս Քրիստոսի կեանքին ու ծառայութեան մէջ։ Աստուծոյ հնազանդելու եւ իր անձնաւորութիւնը ընդօրինակելու մեր փափաքը ա՛լ աւելի կը զօրանայ, երբ զինք ճանչնանք եւ մեզի հանդէպ իր ցուցաբերած սէրը գնահատենք։ Այո, Աստուծոյ հանդէպ սէրը հնազանդութիւն կը պարփակէ։
14. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Աստուծոյ օրէնքները ծանր չեն։
14 Երբ անհատ մը կը սիրենք, անոր հաւնած ու չհաւնած բաներուն քաջատեղեակ կ’ըլլանք ու ըստ այնմ կը վարուինք, չուզելով զինք տհաճեցնել։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն»։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Անոնք ո՛չ ծանր, ո՛չ ալ բազմաթիւ են։ Սէրը մեզի ուղղութիւն կու տայ։ Մենք պէտք չունինք կանոններու շարք մը գոց սորվելու, մեր իւրաքանչիւր արարքը ուղղելու համար. Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը մեզ կ’առաջնորդէ։ Եթէ Աստուած կը սիրենք, իր կամքը բերկրանքով կը կատարենք։ Այսպիսով Աստուծոյ հաւանութիւնը ձեռք կը ձգենք եւ անձամբ կ’օգտուինք, քանի որ իր ուղղութիւնը միշտ մեզի կ’օգտէ։—Եսայեայ 48։17
15. Ի՞նչ բան մեզ պիտի մղէ Եհովան ընդօրինակելու. բացատրէ։
15 Աստուծոյ սէրը մեզ կը մղէ իր յատկութիւնները ընդօրինակելու։ Երբ անհատ մը կը սիրենք, իր յատկութիւններուն վրայ կը հիանանք եւ կը փորձենք իրեն նմանիլ։ Նկատի առ Եհովայի ու Յիսուսի միջեւ եղած յարաբերութիւնը։ Անոնք երկինքի մէջ հաւանաբար միլիառաւոր տարիներ միասին էին։ Անոնց միջեւ խոր ու հարազատ սէր գոյութիւն ունէր։ Յովհաննու 14։9) Եհովայի ու իր Որդիին վերաբերեալ մեր գիտութիւնն ու գնահատութիւնը աւելցնելով, կը մղուինք անոնց նման ըլլալու։ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը եւ իր սուրբ հոգիին օգնութիւնը, մեզ կարող պիտի դարձնեն որ ‘հին մարդը իր գործերովը մեր վրայէն հանենք եւ նորը հագնինք’։—Կողոսացիս 3։9, 10. Գաղատացիս 5։22, 23
Յիսուս իր երկնաւոր Հօր ա՛յնքան կատարեալ կերպով նմանեցաւ, որ իր աշակերտներուն կրցաւ ըսել. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ»։ (Գործի դրուած սէր
16. Մեր քարոզչութիւնը եւ ուսուցանելու գործունէութիւնը ի՞նչպէս սէր կը յայտնեն Աստուծոյ ու դրացիին հանդէպ։
16 Քրիստոնեաներ ըլլալով, թոյլ կու տանք որ Աստուծոյ ու դրացիին հանդէպ սէրը մեզ մղէ որ Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մասնակցինք։ Ասիկա ընելով Եհովա Աստուած կը հաճեցնենք, որ «կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4) Ուստի կրնանք ուրախութեամբ ուրիշներուն օգնել որ Քրիստոսի օրէնքը իրենց սիրտին վրայ գրուի։ Նաեւ բերկրանքով կը նկատենք թէ ինչպէս անոնց անձնաւորութիւնը փոփոխութեան կ’ենթարկուի, Եհովայի յատկութիւնները արտացոլացնելով։ (Բ. Կորնթացիս 3։18) Արդարեւ, ուրիշներուն օգնելը որ Աստուած ճանչնան, ամենէն թանկագին պարգեւն է որ կրնանք անոնց տալ։ Եհովայի բարեկամութիւնը ընդունողները կրնան զայն յաւիտեան վայելել։
17. Ինչո՞ւ խոհեմութիւն է սէր մշակել Աստուծոյ ու դրացիին հանդէպ, քան՝ նիւթական բաներու հանդէպ։
17 Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր նիւթական բաները մեծապէս կ’արժեւորուին եւ նոյնիսկ կը սիրուին։ Սակայն նիւթական բաները յաւիտենական չեն։ Անոնք կրնան գողցուիլ կամ կործանիլ։ (Մատթէոս 6։19) Աստուածաշունչը մեզ կ’ազդարարէ. «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Ա. Յովհաննու 2։16, 17) Այո, Եհովա յաւիտեան պիտի մնայ, եւ նմանապէս զինք սիրողները ու իրեն ծառայողները յաւիտեան պիտի մնան։ Հետեւաբար տրամաբանական չէ՞ Աստուծոյ ու մարդոց հանդէպ սէր մշակել, քան՝ աշխարհի հրամցուցած բաները հետապնդել, որոնք լաւագոյն պայմաններու մէջ միայն ժամանակաւոր են։
18. Միսիոնար մը ի՞նչպէս անձնուրաց սէր ցուցաբերեց։
18 Սիրոյ հետամուտ եղողները Եհովայի փառք կը բերեն։ Նկատի առ Սոնիան, որ Սենեկալի մէջ որպէս միսիոնար կը ծառայէ։ Ան Աստուածաշունչը ուսումնասիրեց Հայտի անունով կնոջ մը հետ, որուն անհաւատ ամուսինը իրեն փոխանցած էր Դիմադրողականութեան Անկման Վարակի ժահրը (HIV)։ Իր ամուսինին մահէն ետք, Հայտի մկրտուեցաւ, բայց շատ չանցած ԷՅՏԾ–ը գլուխ ցցեց, եւ անոր առողջութիւնը վատթարանալով հիւանդանոց մտաւ։ Սոնիա կը պատմէ. «Հիւանդանոցի անձնակազմը իր լաւագոյնը ըրաւ, բայց հիւանդապահներուն թիւը քիչ էր։ Ժողովքէն կամաւորներ ներկայացան, որ հիւանդանոցին մէջ անոր կարիքներուն հոգ տանին։ Երկրորդ գիշերը անցուցի խսիրի մը վրայ անոր անկողնին քով, եւ իրեն խնամք տարի մինչեւ մահանալը։ Պատասխանատու բժիշկը ըսաւ. ‘Մեր մեծագոյն խնդիրը այն է՝ թէ նոյնիսկ ազգականներ յաճախ կը լքեն իրենց ընտանիքի անդամը, երբ իմանան թէ ԷՅՏԾ ունի։ Ինչո՞ւ անձդ կը վտանգես, դուն որ անոր ազգականը չես, հայրենակիցը չես եւ նոյնիսկ մորթի նոյն գոյնը չունիս’։ Անոր բացատրեցի թէ ինծի համար Հայտին իսկապէս քոյրս է, ա՛յնքան մօտիկ՝ որքան հարազատ քոյրս։ Ան նոր քոյրս ըլլալով, իրեն հոգ տանիլը հաճոյք է ինծի համար»։ Եւ Սոնիան որեւէ վնաս չկրեց՝ Հայտիին սիրալիրօրէն հոգ տանելուն պատճառով։
19. Աստուծոյ օրէնքը մեր սիրտին մէջ ունենալով, ի՞նչ բան պէտք է օգտագործենք։
19 Եհովայի ծառաներուն մէջ անձնուրաց սիրոյ բազմաթիւ օրինակներ կը գտնուին։ Ներկայիս օրինագիրք մը չի բնորոշեր Աստուծոյ ժողովուրդը։ Փոխարէն, Եբրայեցիս 8։10–ի կատարումը կը տեսնենք. «Այս է այն ուխտը՝ որ Իսրայէլի տանը հետ պիտի ընեմ այն օրերէն յետոյ, կ’ըսէ Տէրը. իմ օրէնքներս անոնց մտքին մէջ պիտի դնեմ եւ անոնց սրտին վրայ պիտի գրեմ զանոնք ու ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան»։ Թող միշտ արժեւորենք սիրոյ օրէնքը, որ Եհովա մեր սիրտին վրայ գրած է, օգտագործելով սէր ցուցաբերելու ամէն պատեհութիւն։
20. Քրիստոսի օրէնքը ինչո՞ւ անգին ստացուածք մըն է։
20 Ի՜նչ ուրախութիւն է Աստուծոյ ծառայել այսպիսի սէր ցուցաբերող համաշխարհային եղբայրութեան մը կողքին։ Քրիստոսի օրէնքը իրենց սիրտին մէջ ունեցողները, այս անսէր աշխարհին մէջ անգին ստացուածք մը կը վայելեն։ Անոնք ո՛չ միայն Եհովայի սէրը կը վայելեն, այլեւ՝ եղբայրութեան մէջ գոյութիւն ունեցող սիրոյ զօրաւոր կապը։ «Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին»։ Եհովայի Վկաները թէպէտ շատ մը երկիրներու մէջ կ’ապրին, բազմաթիւ լեզուներ կը խօսին եւ զանազան մշակոյթներ կը ներկայացնեն, սակայն աննման կրօնական միութիւն մը ունին, որ Եհովայի հաճութիւնը կը բերէ։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Տէրը հոն [սիրով միացած ժողովուրդի մը մէջ] հաստատեց օրհնութիւնը ու կեանքը մինչեւ յաւիտեան»։—Սաղմոս 133։1-3
Կրնա՞ս պատասխանել
• Տասը Պատուիրանները որքա՞ն կարեւոր էին։
• Սիրտին վրայ գրուած օրէնքը ի՞նչ է։
• Սէրը ի՞նչ դեր կը խաղայ «Քրիստոսին օրէնք»ին մէջ։
• Աստուծոյ ու դրացիին հանդէպ մեր սէրը ի՞նչ կերպերով կրնանք ցուցաբերել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 17]
Իսրայելացիները քարէ տախտակներու վրայ գրուած օրէնքներ ունէին
[Նկարներ՝ էջ 18]
Քրիստոնեաները Աստուծոյ օրէնքը ունին իրենց սիրտին մէջ
[Նկար՝ էջ 20]
Սոնիան եւ Սենեկալցի աղջնակ մը, 2004–ի նահանգային համաժողովին մէջ