Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոնեաները Եհովայի փառքը կ’արտացոլացնեն

Քրիստոնեաները Եհովայի փառքը կ’արտացոլացնեն

Քրիստոնեաները Եհովայի փառքը կ’արտացոլացնեն

«Երանի՜ է ձեր աչքերուն, որոնք կը տեսնեն ու ձեր ականջներուն, որոնք կը լսեն»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 13։16

1. Սինա լերան մօտ, Մովսէսի հանդէպ Իսրայելացիներուն հակազդեցութիւնը ի՞նչ հարցում կը յարուցանէ։

ՍԻՆԱ լերան մօտ հաւաքուած Իսրայելացիները ամէն պատճառ ունէին Եհովայի մօտենալու։ Իրականութեան մէջ, ան հզօր ձեռքով զիրենք Եգիպտոսէն ազատագրած էր, անոնց կարիքները կը հոգար՝ անապատին մէջ ուտելիք ու ջուր հայթայթելով, եւ անոնց յաղթանակ շնորհած էր յարձակող Ամաղեկացիներուն վրայ։ (Ելից 14։26-31. 16։2–17։13) Սինա լերան առջեւ բանակելէ ետք, ժողովուրդը որոտումներէն ու փայլատակումներէն սարսռաց։ Ժամանակ մը ետք, Մովսէս Սինա լեռնէն իջաւ ու անոնք տեսան որ իր դէմքը Եհովայի փառքը կ’արտացոլացնէր։ Սակայն փոխանակ հիացմունքով ու գնահատութեամբ ընդառաջելու, անոնք Մովսէսի «մօտենալու վախցան» ու ետ քաշուեցան։ (Ելից 19։10-19. 34։30) Անոնք ինչո՞ւ վախցան դիտելու Եհովայի փառքին արտացոլացումը, որ իրենց համար շատ բաներ ըրած էր։

2. Իսրայելացիները ինչո՞ւ վախցան, երբ Մովսէսի արտացոլացուցած Աստուծոյ փառքը տեսան։

2 Իսրայելացիներուն վախը հաւանաբար կապ ունէր նախապէս պատահած դէպքի մը հետ։ Երբ անոնք դիտումնաւոր կերպով անհնազանդ գտնուելով ոսկի հորթ մը շինեցին, Եհովա զիրենք կրթեց։ (Ելից 32։4, 35) Անոնք Եհովայի կրթութենէն սորվեցան ու զայն գնահատեցի՞ն։ Մեծամասնութիւնը չգնահատեց։ Իր կեանքի վերջաւորութեան, Մովսէս ոսկի հորթին միջադէպը եւ Իսրայելացիներուն անհնազանդութեան այլ արարքները յիշեց։ Ան ժողովուրդին ըսաւ. «Ձեր Տէր Աստուծոյն հրամանին անհնազանդութիւն ըրիք ու անոր չհաւատալով՝ անոր խօսքին մտիկ չըրիք։ Ձեզ ճանչցած օրէս ի վեր Տէրոջը անհնազանդ էք»։—Բ. Օրինաց 9։15-24

3. Մովսէս քօղը ի՞նչպէս գործածեց։

3 Նկատի առ թէ Մովսէս Իսրայելացիներուն ցուցաբերած վախին ի՛նչպէս հակազդեց։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Մովսէս մինչեւ անոնց հետ խօսիլը լմնցնելը՝ իր երեսը քօղ դրաւ։ Բայց Մովսէս [խորանը] Տէրոջը առջեւ, անոր հետ խօսելու մտած ատենը, մինչեւ դուրս ելլելը քօղը կը վերցնէր, ետքը դուրս կ’ելլէր ու իրեն պատուիրուածը Իսրայէլի որդիներուն կը յայտնէր։ Իսրայէլի որդիները Մովսէսին նայեցան տեսան թէ՝ անոր երեսին մորթը լուսափայլ էր։ Մովսէս իր երեսը քօղով կը ծածկէր, մինչեւ [Եհովայի] հետ խօսելու մտնելը»։ (Ելից 34։33-35) Մովսէս երբեմն ինչո՞ւ իր երեսը քօղով կը ծածկէր։ Ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Պատասխանները կրնան մեզի օգնել Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը արժեւորելու։

Չօգտագործուած պատեհութիւններ

4. Մովսէսի քօղ գործածելուն մասին Պօղոս առաքեալ ի՞նչ բացատրութիւն տուաւ։

4 Պօղոս առաքեալ բացատրեց թէ Մովսէսի քօղ գործածելը կապ ունէր Իսրայելացիներուն միտքին ու սիրտի վիճակին հետ։ Պօղոս գրեց. «Իսրայէլի որդիները չէին կրնար Մովսէսին երեսին նայիլ՝ անոր երեսին պայծառութեան համար . . . ։ Անոնց մտքերը կուրցան»։ (Բ. Կորնթացիս 3։7, 14) Ի՜նչ ցաւալի կացութիւն։ Իսրայելացիները Եհովայի ընտրեալ ժողովուրդն էին, եւ ան կ’ուզէր որ իրեն մօտենային։ (Ելից 19։4-6) Բայց անոնք Աստուծոյ փառքին արտացոլացման ակնապիշ նայելու վարանեցան։ Փոխանակ սիրալիր անձնուիրութիւն ցուցաբերելով իրենց սիրտն ու միտքը Եհովայի դարձնելու, անոնք որոշ չափով իրմէ հեռացան։

5, 6. (ա) Մովսէսի օրուան Իսրայելացիներուն ի՞նչ զուգահեռ մը կար առաջին դարուն։ (բ) Յիսուսի մտիկ ընողներուն եւ մտիկ չընողներուն միջեւ ի՞նչ հակադրութիւն կար։

5 Ասոր վերաբերեալ զուգահեռ մը կը գտնենք Հ.Դ. առաջին դարուն։ Երբ Պօղոս Քրիստոնեայ դարձաւ, արդէն Օրէնքի ուխտը փոխարինուած էր նոր ուխտով, որուն միջնորդը Մեծագոյն Մովսէսը՝ Յիսուս Քրիստոսն էր։ Թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով, Յիսուս Եհովայի փառքը կատարելապէս արտացոլացուց։ Պօղոս յարուցեալ Յիսուսի մասին գրեց. «Ան [Աստուծոյ] փառքին լոյսն [«արտացոլացումն», ՆԱ] է եւ իր էութեան՝ բուն պատկերը»։ (Եբրայեցիս 1։3) Հրեաները ի՜նչ հոյակապ պատեհութիւն մը ունէին։ Անոնք կրնային յաւիտենական կեանքի խօսքերը լսել ուղղակի Աստուծոյ Որդիին բերանէն։ Ցաւալի է որ Յիսուսի քարոզած անհատներուն մեծամասնութիւնը իրեն մտիկ չըրաւ։ Անոնց մասին խօսելով, Յիսուս մէջբերեց Եսայիի միջոցով Եհովայի տուած մարգարէութիւնը. «Այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ եւ իրենց ականջներովը ծանր լսեցին ու աչքերնին գոցեցին, որպէս զի չըլլայ թէ աչքերով տեսնեն եւ ականջներով լսեն եւ սրտով իմանան ու դարձի գան եւ ես զանոնք բժշկեմ»։—Մատթէոս 13։15. Եսայեայ 6։9, 10

6 Այդ Հրեաներուն հակապատկերն էին Յիսուսի աշակերտները, որոնց մասին ան ըսաւ. «Երանի՜ է ձեր աչքերուն, որոնք կը տեսնեն ու ձեր ականջներուն, որոնք կը լսեն»։ (Մատթէոս 13։16) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները կը տենչան Եհովան ճանչնալ ու իրեն ծառայել։ Անոնք Աստուածաշունչի յայտնած Իր կամքը բերկրանքով կը կատարեն։ Որպէս արդիւնք, օծեալ Քրիստոնեաները նոր ուխտին ծառայութեամբ Եհովայի փառքը կ’արտացոլացնեն. ուրիշ ոչխարներն ալ իր փառքը կ’արտացոլացնեն։—Բ. Կորնթացիս 3։6, 18

Բարի լուրը ինչո՛ւ ծածկուած է

7. Ինչո՞ւ զարմանալի չէ որ շատեր բարի լուրը կը մերժեն։

7 Ինչպէս տեսանք, թէ՛ Յիսուսի օրերուն եւ թէ Մովսէսի օրերուն, Իսրայելացիներուն մեծամասնութիւնը իրենց ներկայացուած եզական պատեհութիւնը մերժեցին։ Նոյնն է պարագան ներկայիս։ Չենք զարմանար որ մարդոց մեծամասնութիւնը մեր քարոզած բարի լուրը կը մերժէ։ Պօղոս գրեց. «Եթէ մեր աւետարանը ծածկուած ալ է, կորսուածներուն համար ծածկուած է. որոնց մէջ այս աշխարհի աստուածը անհաւատներուն մտքերը կուրցուց»։ (Բ. Կորնթացիս 4։3, 4) Բարի լուրը քօղարկելու Սատանայի ջանքերէն զատ, շատեր իրենց երեսը կը ծածկեն, քանի որ չեն ուզեր տեսնել։

8. Տգիտութիւնը ի՞նչ կերպով շատերը կուրցուցած է, իսկ ի՞նչպէս կրնանք այս վիճակէն խուսափիլ։

8 Տգիտութիւնը շատերու այլաբանական աչքերը կուրցուցած է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ազգերուն «իմացականութիւնը խաւարած է ու օտարացած են Աստուծոյ կեանքէն, իրենց մէջ եղած տգիտութեան պատճառով»։ (Եփեսացիս 4։18) Քրիստոնեայ ըլլալէն առաջ, Պօղոս՝ որ Օրէնքին քաջատեղեակ էր, տգիտութեան պատճառով ա՛յնքան կուրցած էր որ Աստուծոյ ժողովքը հալածեց։ (Ա. Կորնթացիս 15։9) Այսուհանդերձ Եհովա ճշմարտութիւնը յայտնեց անոր։ Պօղոս կը բացատրէ. «Ողորմութիւն գտայ սա՛ պատճառով, որ Յիսուս Քրիստոս նախ ի՛մ վրաս ցոյց տայ իր համբերատարութիւնը, տիպար ըլլալու անոնց որ պիտի հաւատային իրեն՝ յաւիտենական կեանքի համար»։ (Ա. Տիմոթէոս 1։16, ԱՎ) Պօղոսի նման, շատեր որ նախապէս Աստուծոյ ճշմարտութեան հակառակեցան, այժմ Իրեն կը ծառայեն։ Ասիկա լաւ պատճառ մըն է որ շարունակենք վկայել նոյնիսկ հակառակորդներուն։ Մինչ այդ, կանոնաւորաբար Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելով եւ անոր իմաստը ըմբռնելով, տգիտութեամբ չենք վարուիր ու Եհովայի հաճութիւնը չենք կորսնցներ։

9, 10. (ա) Առաջին դարու Հրեաները ի՞նչպէս ուսուցանուելու անընդունակ եւ իրենց տեսակէտներուն մէջ անթեք էին։ (բ) Այսօր Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ անոր զուգահեռը կա՞յ. բացատրէ։

9 Շատերու հոգեւոր տեսողութիւնը աղօտ է, քանի որ ուսուցանուելու անընդունակ եւ իրենց տեսակէտներուն մէջ անթեք են։ Բազմաթիւ Հրեաներ Յիսուսը եւ իր ուսուցումները մերժեցին, քանի որ Մովսիսական Օրէնքին յամառօրէն կառչեցան։ Անշուշտ բացառութիւններ կային։ Օրինակ, Յիսուսի յարութենէն ետք, ‘քահանաներէն շատեր նոր հաւատքին յարեցան’։ (Գործք 6։7) Այսուհանդերձ, Հրեաներուն մեծամասնութեան ակնարկելով, Պօղոս գրեց. «Մինչեւ այսօր, երբ Մովսէսին գիրքը կը կարդան, անոնց սրտին վրայ ծածկոց մը կը կենայ»։ (Բ. Կորնթացիս 3։15) Պօղոս հաւանաբար գիտէր ինչ որ Յիսուս նախապէս ըսած էր Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն. «Գրքերը քննեցէք, վասն զի կը կարծէք թէ անոնցմով կրնաք յաւիտենական կեանք ունենալ։ Ահա բուն անոնք են, որ ինծի համար կը վկայեն»։ (Յովհաննու 5։39) Սուրբ Գրութիւնները բծախնդրաբար քննելը անոնց օգնած պէտք էր ըլլար ըմբռնելու թէ Յիսուս Մեսիան էր։ Սակայն Հրեաները իրենց անձնական գաղափարները ունէին, եւ նոյնիսկ Աստուծոյ հրաշագործ Որդին չկրցաւ զիրենք տարհամոզել։

10 Այսօր Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ շատեր նոյն կեցուածքը ունին։ Առաջին դարու Հրեաներուն նման, անոնք «Աստուծոյ հանդէպ նախանձախնդիր են. միայն թէ այս նախանձախնդրութիւնը հիմնուած չէ Աստուծոյ ճշմարիտ ծանօթութեան վրայ»։ (Հռովմայեցիս 10։2, Անթիլիաս) Ոմանք թէեւ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն, չեն ուզեր անոր ըսածներուն հաւատալ։ Անոնք կը մերժեն ընդունիլ թէ Եհովա իր ժողովուրդին կը սորվեցնէ՝ օծեալ Քրիստոնեաներէ բաղկացած իր հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին միջոցով։ (Մատթէոս 24։45) Սակայն մենք կ’ընդունինք որ Եհովա իր ժողովուրդին կ’ուսուցանէ եւ թէ աստուածային ճշմարտութեան հասկացողութիւնը միշտ աստիճանական եղած է։ (Առակաց 4։18) Եհովայի կողմէ ուսուցանուելով, ի՜նչ օրհնութիւն է որ գիտենք իր կամքն ու նպատակը։

11. Բաղձալից մտածմունքը ի՞նչպէս արգելք հանդիսացած է ճշմարտութիւնը ընդունելու։

11 Ուրիշներ բաղձալից մտածմունքով կուրցած են։ Նախագուշակուած էր թէ ոմանք պիտի ծաղրէին Աստուծոյ ժողովուրդը եւ Յիսուսի ներկայութեան մասին անոնց յայտարարած պատգամը։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Անոնք որոնց ուզածը այս է, այն բանը մոռցեր են», թէ Աստուած Նոյի օրուան աշխարհին վրայ ջրհեղեղ բերաւ։ (Բ. Պետրոս 3։3-6) Նմանապէս բազմաթիւ դաւանեալ Քրիստոնեաներ իսկոյն կ’ընդունին թէ Եհովա կը ցուցաբերէ ողորմութիւն, քաղցրութիւն եւ ներողամտութիւն, բայց կ’անտեսեն կամ կը մերժեն այն իրողութիւնը, թէ ան յանցաւորը ամենեւին անպատիժ չի թողուր։ (Ելից 34։6, 7) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները լրջօրէն կը ջանան հասկնալ ի՛նչ որ Աստուածաշունչը իրապէս կը սորվեցնէ։

12. Աւանդութիւնը ի՞նչպէս մարդիկը կուրցուցած է։

12 Աւանդութիւնը բազմաթիւ եկեղեցասէրներ կուրցուցած է։ Իր օրուան կրօնական առաջնորդներուն, Յիսուս ըսաւ. «Ձեր աւանդութեան պատճառաւ Աստուծոյ պատուիրանքը խափանած էք»։ (Մատթէոս 15։6) Բաբելոնական գերութենէն ազատագրուելէ ետք, Հրեաները նախանձախնդրօրէն մաքուր պաշտամունքը վերահաստատեցին, սակայն քահանաները ամբարտաւան ու ինքնարդար դարձան, իսկ կրօնական տօները՝ ձեւական ու Աստուծոյ հանդէպ խոր յարգանքէ զուրկ։ (Մաղաքեայ 1։6-8) Յիսուսի ժամանակ, դպիրներն ու Փարիսեցիները արդէն աւելցուցած էին անհամար աւանդութիւններ Մովսիսական Օրէնքին վրայ։ Յիսուս զիրենք քօղազերծեց որպէս կեղծաւորներ, քանի որ այլեւս չէին զատորոշեր այն արդար սկզբունքները, որոնց վրայ Օրէնքը հիմնուած էր։ (Մատթէոս 23։23, 24) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները զգոյշ պէտք է ըլլան որ մարդակերտ կրօնական աւանդութիւններուն թոյլ չտան որ զիրենք մաքուր պաշտամունքէն շեղեցնեն։

‘Անտեսանելին տեսնել’

13. Մովսէս ի՞նչ երկու կերպով Աստուծոյ փառքին մէկ մասը տեսաւ։

13 Լերան վրայ Մովսէս խնդրեց Աստուծոյ փառքը տեսնել, եւ իրապէս Եհովայի փառքին վերջալոյսը տեսաւ։ Երբ ան խորանը կը մտնէր, իր երեսը քօղով չէր ծածկեր։ Ան խոր հաւատքի տէր մարդ մըն էր, որ կ’ուզէր Աստուծոյ կամքը կատարել։ Ան թէեւ տեսիլքով Եհովայի փառքին մէկ մասը տեսնելու առանձնաշնորհումը ունեցաւ, սակայն հաւատքի աչքերով արդէն Աստուած տեսած էր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Մովսէս «համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր»։ (Եբրայեցիս 11։27. Ելից 34։5-7) Եւ ան Աստուծոյ փառքը արտացոլացուց ո՛չ միայն ժամանակաւորապէս իր դէմքէն ելլող ճառագայթներով, այլեւ՝ իր ջանքերով որ Իսրայելացիներուն օգնէ Եհովան ճանչնալու եւ անոր ծառայելու։

14. Յիսուս ի՞նչպէս Աստուծոյ փառքը տեսաւ, եւ ի՞նչ բան բերկրանքով ըրաւ։

14 Երկինքի մէջ Յիսուս Աստուծոյ փառքը ուղղակի տեսաւ անհամար դարեր, նոյնիսկ տիեզերքը ստեղծուելէն առաջ։ (Առակաց 8։22, 30) Այդ ամբողջ ժամանակաշրջանին, անոնց միջեւ սիրալիր ու գորովալի յարաբերութիւն մը զարգացաւ։ Եհովա Աստուած բոլոր ստեղծագործութեան այս անդրանիկին հանդէպ արտայայտեց ամենէն գթալիր սէրն ու խանդաղատանքը։ Իսկ Յիսուս ալ իր Կենսատու Աստուծոյն հանդէպ իր խոր սէրն ու խանդաղատանքը արտայայտեց։ (Յովհաննու 14։31. 17։24) Հօր եւ Որդիին միջեւ ի՜նչ կատարեալ սէր։ Մովսէսի նման, Յիսուս բերկրանքով Եհովայի փառքը արտացոլացուց՝ իր սորվեցուցած բաներուն մէջ։

15. Քրիստոնեաները ի՞նչ կերպով Աստուծոյ փառքին վրայ կը խոկան։

15 Մովսէսի ու Յիսուսի նման, երկրի վրայ Աստուծոյ արդի Վկաները լրջօրէն կը խոկան Եհովայի փառքին վրայ։ Անոնք փառաւոր բարի լուրը չեն մերժած։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Երբ Տէրոջը դառնան [իր կամքը կատարելու համար], այն ատեն պիտի վերնայ այն ծածկոցը»։ (Բ. Կորնթացիս 3։16) Սուրբ Գրութիւնները կ’ուսումնասիրենք, քանի որ կ’ուզենք Աստուծոյ կամքը կատարել։ Եհովայի Որդիին ու օծեալ Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի դէմքին արտացոլացուցած փառքին վրայ կը հիանանք, եւ իր օրինակին կը հետեւինք։ Մովսէսի ու Յիսուսի նման, մեզի ծառայութեան առանձնաշնորհում մը տրուած է,– մեր պաշտած փառաւոր Աստուծոյն մասին ուրիշներուն սորվեցնել։

16. Ճշմարտութիւնը գիտնալով ի՞նչպէս օգտուած ենք։

16 Յիսուս աղօթեց. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, . . . որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն ու գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր»։ (Մատթէոս 11։25) Եհովա իր նպատակներն ու անձնաւորութիւնը կը հասկցնէ անոնց, որոնք անկեղծ ու սիրտով խոնարհ են։ (Ա. Կորնթացիս 1։26-28) Մենք իր պաշտպանող հոգատարութեան ներքեւ եկած ենք եւ մեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնէ, որպէսզի կեանքը լիովին վայելենք։ Թող Եհովայի մօտենալու ամէն պատեհութիւն օգտագործենք, գնահատելով իր ըրած կարգադրութիւնները որ զինք աւելի սերտօրէն ճանչնանք։

17. Եհովայի յատկութիւնները ի՞նչպէս կատարելապէս կը գիտնանք։

17 Պօղոս օծեալ Քրիստոնեաներուն գրեց. «Մենք բոլորս ալ, որ բաց երեսով Տիրոջ փառքը կ’արտացոլացնենք հայելիի մը պէս, նոյն այդ պատկերով կը փոխակերպուինք՝ հետզհետէ աճող փառքով մը»։ (Բ. Կորնթացիս 3։18, Անթիլիաս) Մեր յոյսը ըլլայ երկնային թէ երկրային, ո՛րքան աւելի Եհովան ճանչնանք,– Աստուածաշունչին մէջ յայտնուած իր յատկութիւններն ու անձնաւորութիւնը,– ա՛յնքան աւելի իրեն նման կ’ըլլանք։ Եթէ գնահատութեամբ խոկանք Յիսուս Քրիստոսի կեանքին, ծառայութեան եւ ուսուցումներուն վրայ, Եհովայի յատկութիւնները լիովին պիտի արտացոլացնենք։ Ի՜նչ ուրախութիւն է գիտնալ թէ փառաբանութիւն կը բերենք մեր Աստուծոյն, որուն փառքը կը ջանանք արտացոլացնել։

Կը յիշե՞ս

• Իսրայելացիները ինչո՞ւ Մովսէսի արտացոլացուցած Աստուծոյ փառքին նայելու վախցան։

• Բարի լուրը առաջին դարուն ի՞նչ կերպերով «ծածկուած» էր, իսկ ներկայիս ի՞նչպէս «ծածկուած» է։

• Աստուծոյ փառքը ի՞նչպէս կ’արտացոլացնենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 11]

Իսրայելացիները չկրցան ակնապիշ Մովսէսի դէմքին նայիլ

[Նկարներ՝ էջ 13]

Պօղոսի նման, շատեր որոնք ատեն մը Աստուծոյ ճշմարտութեան կը հակառակէին, այժմ Անոր կը ծառայեն

[Նկարներ՝ էջ 15]

Եհովայի ծառաները բերկրանքով Աստուծոյ փառքը կ’արտացոլացնեն