Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Առաջին Մնացորդաց գիրքէն աչքառու կէտեր

Առաջին Մնացորդաց գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Առաջին Մնացորդաց գիրքէն աչքառու կէտեր

ՇՈՒՐՋ 77 տարի է որ Հրեաները բաբելոնական գերութենէն հայրենիք վերադարձած են։ Իսկ Զօրաբաբէլ կառավարիչին վերակառուցանած տաճարին վրայ այժմ 55 տարի անցած է։ Հրեաներուն վերադարձին գլխաւոր պատճառն էր՝ Երուսաղէմի մէջ ճշմարիտ պաշտամունքին վերահաստատումը։ Սակայն ժողովուրդը Եհովայի պաշտամունքին նախանձախնդիր չէ։ Քաջալերութեան հրատապ կարիք կայ, իսկ Աստուածաշունչի Ա. Մնացորդաց գիրքը զայն կը հայթայթէ։

Ծննդաբանական արձանագրութիւններէն զատ, Ա. Մնացորդաց գիրքը շուրջ 40 տարի կը ծածկէ, Սաւուղ թագաւորին մահէն մինչեւ Դաւիթ թագաւորի մահը։ Եզրաս քահանան այս գիրքը գրեց Հ.Դ.Ա. 460–ին։ Ա. Մնացորդաց գիրքը մեզ կը հետաքրքրէ, քանի որ տաճարին մէջ կատարուած պաշտամունքին եւ Մեսիայի զարմին մասին մանրամասնութիւններ կը ներկայացնէ։ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին մէկ մասը ըլլալով, անոր պատգամը մեր հաւատքը կը զօրացնէ եւ Աստուածաշունչի մեր հասկացողութիւնը կը խորացնէ։—Եբրայեցիս 4։12

ԱՆՈՒՆՆԵՐ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՂ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

(Ա. Մնացորդաց 1։1–9։44)

Ծննդաբանական մանրամասն տեղեկութիւնները որ Եզրաս կը մէկտեղէ, անհրաժեշտ են առնուազն երեք պատճառներով. վստահ ըլլալու թէ միայն լիազօր տղամարդիկ քահանայութեան մէջ կը ծառայեն, տոհմային ժառանգութիւնը սահմանելու եւ Մեսիայի զարմին արձանագրութիւնը պահպանելու համար։ Արձանագրութիւնը կ’ուրուագծէ Հրեաներուն պատմական անցեալը, հասնելով մինչեւ առաջին մարդը։ Տասը սերունդ կայ Ադամէն մինչեւ Նոյ, եւ յաւելեալ տասը սերունդ՝ մինչեւ Աբրահամ։ Իսմայէլի որդիները, Աբրահամի հարճին՝ Քետուրայի որդիները եւ Եսաւի որդիները թուելէ ետք, գիրքը կը կեդրոնանայ Իսրայէլի 12 որդիներուն սերնդաբանութեան վրայ։—Ա. Մնացորդաց 2։1

Յուդայի զարմը մանրամասնօրէն կը յիշուի, քանի որ կապ ունի Դաւիթ թագաւորի հետ։ Աբրահամէն մինչեւ Դաւիթ 14 սերունդ կայ, եւ յաւելեալ 14 սերունդ՝ մինչեւ Բաբելոնի տարագրութիւնը։ (Ա. Մնացորդաց 1։27, 34. 2։1-15. 3։1-17. Մատթէոս 1։17) Ապա Եզրաս Յորդանանի արեւելեան կողմը գտնուող իւրաքանչիւր տոհմին զարմը կը թուէ, եւ Ղեւիի որդիներուն ծննդաբանութիւնը կը ներկայացնէ։ (Ա. Մնացորդաց 5։1-24. 6։1) Անկէ ետք, Յորդանան գետի արեւմտեան կողմը գտնուող կարգ մը տոհմերուն ամփոփումը եւ Բենիամինի ամբողջ զարմը կը տրուին։ (Ա. Մնացորդաց 8։1) Բաբելոնի գերութենէն ետք Երուսաղէմի առաջին բնակիչներուն անուններն ալ կը նշուին։—Ա. Մնացորդաց 9։1-16

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։18—Ո՞վ էր Սաղայի հայրը,– Կայնա՞ն թէ Արփաքսադ։ (Ղուկաս 3։35, 36) Արփաքսադ Սաղայի հայրն էր։ (Ծննդոց 10։24. 11։12) Ղուկաս 3։36–ի մէջ յիշուած «Կայնան» բառը, հաւանաբար «Քաղդէացիներ» բառին մէկ աղաւաղումն է։ Այդ պարագային, սկզբնական բնագրին մէջ պիտի կարդայինք՝ «որ Քաղդէացի Արփաքսադի»։ Կամ, թերեւս Կայնան եւ Արփաքսադ անունները կ’ակնարկեն նո՛յն անձին։ Միւս կողմէ, պէտք չէ անտեսենք այն իրողութիւնը թէ «որ Կայնանի» արտայայտութիւնը կարգ մը ձեռագիրներու մէջ չի գտնուիր։

2։15—Դաւիթ Յեսսէի եօ՞թներորդ որդին էր։ Ո՛չ։ Յեսսէ ութ որդիներ ունէր, եւ Դաւիթ կրտսերագոյնն էր։ (Ա. Թագաւորաց 16։10, 11. 17։12) Ակներեւօրէն, Յեսսէի որդիներէն մէկը մահացաւ, առանց ոեւէ զաւակ ունենալու։ Եզրաս անոր անունը զանց ըրաւ, քանի որ ազգաբանական արձանագրութեան վրայ ազդեցութիւն պիտի չունենար։

3։17Ղուկաս 3։27–ն ինչո՞ւ Յեքոնիայի որդիին՝ Սաղաթիէլի կ’ակնարկէ որպէս Ներիի որդին։ Յեքոնիա Սաղաթիէլի հայրն էր։ Ըստ երեւոյթին, Սաղաթիէլ ամուսնացած էր Ներիի աղջկան հետ։ Ուստի Ղուկաս Ներիի փեսային ակնարկեց որպէս Ներիի որդին, ճիշդ ինչպէս ըրաւ Յովսէփի պարագային, զինք Մարիամի հօր՝ Հեղիի որդին կոչելով։—Ղուկաս 3։23

3։17-19—Զօրաբաբէլ, Փադայիա եւ Սաղաթիէլ իրարու հետ ի՞նչ ազգականական կապ ունէին։ Զօրաբաբէլ Փադայիայի որդին էր, որ Սաղաթիէլի եղբայրն էր։ Սակայն Աստուածաշունչը երբեմն Զօրաբաբէլը կը սեպէ Սաղաթիէլի որդին։ (Մատթէոս 1։12. Ղուկաս 3։27) Պատճառը հաւանաբար այն է թէ Փադայիայի մահէն ետք, Սաղաթիէլ ինք մեծցուց Զօրաբաբէլը։ Կամ, թերեւս Սաղաթիէլ մեռաւ առանց զաւակ ունենալու եւ Փադայիա տագրի պարտաւորութիւնը հատուցանելով՝ Զօրաբաբէլը ծնաւ։—Բ. Օրինաց 25։5-10

5։1, 2—Յովսէփի համար անդրանկութեան իրաւունքը ստանալը ի՞նչ նշանակեց։ Անիկա նշանակեց որ Յովսէփ ժառանգութենէն երկու բաժին ստացաւ։ (Բ. Օրինաց 21։17) Այսպէս ան երկու տոհմի հայր եղաւ,– Եփրեմ ու Մանասէ։ Իսկ Իսրայէլի միւս որդիներէն իւրաքանչիւրը միայն մէկ տոհմի հայր եղաւ։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։1–9։44. Իսկական մարդոց ծննդաբանութիւնները կ’ապացուցանեն թէ ճշմարիտ պաշտամունքի ամբողջ կարգադրութիւնը հիմնուած է ո՛չ թէ առասպելներու վրայ, այլ՝ իրողութիւններու վրայ։

4։9, 10. Գաբէս ջերմեռանդօրէն աղօթեց որ Աստուած իր հողամասը խաղաղութեամբ մեծցնէ, որպէսզի անոր մէջ յաւելեալ աստուածավախ մարդիկ ապրին։ Եհովա անոր խնդրանքը իրագործեց։ Մենք ալ սրտանց պէտք է աղօթենք յաւելումներու համար, մինչ աշակերտելու գործին նախանձախնդրօրէն կը մասնակցինք։

5։10, 18-22. Սաւուղ թագաւորի օրերուն, Յորդանանի արեւելքը գտնուող տոհմերը Հագարացիներուն վրայ յաղթանակ տարին, թէեւ Հագարացիները թիւով իրենց կրկնապատիկն էին։ Անոնք յաղթեցին քանի որ իրենց կտրիճները Եհովայի ապաւինեցան եւ օգնութեան համար իրեն դիմեցին։ Եհովայի հանդէպ լման վստահութիւն ունենանք, մինչ կը շարունակենք մեր հոգեւոր պատերազմը մղել սոսկալի թշնամիներու դէմ։—Եփեսացիս 6։10-17

9։26, 27. Ղեւտացի դռնապանները մեծ վստահութիւն պահանջող պաշտօն մը ստանձնած էին։ Անոնց յանձնուած էր տաճարին սուրբ վայրերուն մուտքին բանալին։ Անոնք հաւատարմաբար ամէն օր դռները կը բանային։ Մեզի վստահուած է մեր թաղամասի մարդոց հասնելու եւ զանոնք Եհովայի պաշտամունքին առաջնորդելու պատասխանատուութիւնը։ Ղեւտացի դռնապաններուն պէս վստահելի պէտք չէ՞ ըլլանք։

ԴԱՒԻԹ ՈՐՊԷՍ ԹԱԳԱՒՈՐ Կ’ԻՇԽԷ

(Ա. Մնացորդաց 10։1–29։30)

Պատմութիւնը կը սկսի Սաւուղ թագաւորին եւ իր երեք որդիներուն մահով, Գեղբուէ լերան մօտ Փղշտացիներուն դէմ մղուած պատերազմին մէջ։ Յեսսէի որդին՝ Դաւիթ կը թագաւորէ Յուդայի տոհմին վրայ։ Բոլոր տոհմերէն մարդիկ Քեբրոն կու գան եւ զինք ամբողջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր կը հռչակեն։ (Ա. Մնացորդաց 11։1-3) Շատ չանցած, ան Երուսաղէմը կը գրաւէ։ Հետագային, Իսրայելացիները ուխտին տապանակը Երուսաղէմ կը բերեն «ուրախութեան աղաղակով, շեփորի ձայնով, . . . տաւիղներ ու քնարներ զարնելով»։—Ա. Մնացորդաց 15։28

Դաւիթ ճշմարիտ Աստուծոյ համար տուն մը շինելու փափաք կը յայտնէ։ Եհովա այդ առանձնաշնորհումը Սողոմոնի կը վերապահէ, իսկ Դաւիթի հետ ուխտ կ’ընէ՝ թագաւորութեան մը համար։ Մինչ Դաւիթ Իսրայէլի թշնամիներուն դէմ իր արշաւը կը շարունակէ, Եհովա բազմաթիւ յաղթանակներ կու տայ անոր։ Ապօրինի մարդահամար մը 70,000 հոգիի մահուան պատճառ կ’ըլլայ։ Եհովայի զոհասեղան մը կառուցանելու նկատմամբ հրեշտակային ուղղութիւն ստանալէ ետք, Դաւիթ Յեբուսացի Ոռնային կալը կը գնէ։ Ան կը սկսի «խիստ շատ պատրաստութիւն» տեսնել, որ այդ վայրին մէջ Եհովայի համար ‘մեծ ու բարձր’ տուն մը կառուցանուի։ (Ա. Մնացորդաց 22։5) Դաւիթ Ղեւտացիներուն ծառայութիւնները կը կազմակերպէ,– մանրամասնօրէն նկարագրուած են։ Թագաւորն ու ժողովուրդը տաճարին համար առատաձեռն նուիրատուութիւններ կ’ընեն։ 40 տարի իշխելէ ետք, Դաւիթ կը մեռնի՝ «կեանքէն, մեծութենէն ու փառքէն իր բաղձանքը առած եւ անոր տեղ իր որդին Սողոմոն թագաւոր» կ’ըլլայ։—Ա. Մնացորդաց 29։28

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

11։11—Ինչո՞ւ սպաննուածներուն թիւը 300 է եւ ոչ թէ՝ 800, ինչպէս Բ. Թագաւորաց 23։8 կը նշէ։ Դաւիթի երեք զօրավարներուն գլխաւորն էր Յեսբաամ կամ Յօսէբ–Բասեբեթ։ Միւս երկու զօրաւորներն էին՝ Եղիազար եւ Սամմա։ (Բ. Թագաւորաց 23։8-11) Երկու արձանագրութիւնները տարբեր թիւեր կու տան, հաւանաբար քանի որ նոյն մարդուն կատարած տարբեր արարքներուն կ’ակնարկեն։

11։20, 21—Աբեսսայի դիրքը ի՞նչ էր, Դաւիթի երեք գլխաւոր զօրավարներուն հետ համեմատած։ Աբեսսան Դաւիթի ծառայող երեք գլխաւոր զօրավարներէն չէր։ Սակայն ինչպէս Բ. Թագաւորաց 23։18, 19–ի մէջ ըսուած է (ՆԱ), ան 30 ռազմիկներու պետ էր եւ աւելի հռչակաւոր էր քան՝ անոնցմէ ոեւէ մէկը։ Աբեսսայի համբաւը երեք գլխաւոր զօրավարներուն համբաւին հետ կը մրցէր, քանի որ Յեսբաամի հզօր արարքին նման արարք մը գործեց։

12։8—Ի՞նչ կերպով Գադեաններուն դէմքը «առիւծի դէմքի կը նմանէր»։ Այս կտրիճները Դաւիթի կողքին էին անապատին մէջ։ Անոնց մազերը երկննալով, անոնք վայրենի ու առիւծանման երեւոյթ ստացած էին։

13։5—Ի՞նչ է «Եգիպտոսի Սիովր»ը։ Քանի որ «Սիովր» Եբրայերէն լեզուով հիմնականօրէն կը նշանակէ «գետ», ոմանք խորհած են թէ անիկա կ’ակնարկէ Նեղոս գետին մէկ ճիւղին։ Անոնք նաեւ կը խորհին թէ Ծննդոց 15։18–ի մէջ յիշուած «Եգիպտոսի գետ»ը կ’ակնարկէ այս նոյն գետին։ Սակայն Թուոց 34։5–ի մէջ գործածուած է Եբրայերէն տարբեր բառ մը որ կը նշանակէ «հեղեղատ»։ Հետեւաբար, ընդհանուր առմամբ ընդունուած է թէ «Եգիպտոսի Սիովր»ը «Եգիպտոսի հեղեղատ»ն է,– երկար ու նեղ հովիտ մը, որ Խոստացեալ Երկրին հարաւ–արեւմտեան սահմանը կը նշէ։—Թուոց 34։2, 5

16։30—Ի՞նչ կը նշանակէ Եհովայի երեսէն ‘սարսափիլ’ (ԱՎԱնիկա կը նշանակէ Եհովայի հանդէպ մեծ ակնածանք ու խոր յարգանք ունենալ։

16։1, 37-40. 21։29, 30. 22։19—Տապանակը Երուսաղէմ բերուելէն մինչեւ տաճարին կառուցուիլը, Իսրայէլի մէջ պաշտամունքի ի՞նչ կարգադրութիւն ի զօրու մնաց։ Երբ Դաւիթ Տապանակը Երուսաղէմ բերաւ եւ զայն իր կանգնած վրանին մէջ զետեղեց, արդէն Տապանակը երկար տարիներ խորանին մէջ չէր։ Տապանակը Երուսաղէմի մէջ շարունակեց այդ վրանին մէջ մնալ։ Իսկ խորանը Գաբաւոնի մէջ էր, ուր Սադովկ քահանայապետն ու իր եղբայրները Օրէնքին համաձայն զոհեր կը մատուցանէին։ Այս կարգադրութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ որ Երուսաղէմի տաճարին շինութիւնը ամբողջացաւ։ Երբ տաճարը պատրաստ եղաւ, խորանը Գաբաւոնէն Երուսաղէմ բերուեցաւ, եւ Տապանակը տաճարի Սրբութիւն Սրբութեանց բաժանմունքին մէջ դրուեցաւ։—Գ. Թագաւորաց 8։4, 6

Դասեր՝ մեզի համար.

13։11. Երբ մեր ջանքերը ձախողին, փոխանակ բարկանալու եւ Եհովան մեղադրելու, պարագան պէտք է վերլուծենք եւ փորձենք թերացումի պատճառները տեսնել։ Անկասկած Դաւիթ այս մէկը ըրաւ։ Ան իր սխալէն սորվեցաւ, եւ հետագային յաջողեցաւ Տապանակը Երուսաղէմ բերել, պատշաճ մեթոտը գործածելով։ *

14։10, 13-16. 22։17-19. Միշտ Եհովայի պէտք է դիմենք աղօթքով եւ իր առաջնորդութիւնը խնդրենք, մեր հոգեւորականութեան ազդող որեւէ քայլ առնելէ առաջ։

16։23-29. Եհովայի պաշտամունքը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը պէտք է դնենք։

18։3. Եհովա իր խոստումները կը կատարէ։ Դաւիթի միջոցով ան կատարեց իր խոստումը՝ որ Աբրահամի զարմին տայ ամբողջ Քանանի երկիրը, «Եգիպտոսի գետէն մինչեւ մեծ գետը, այսինքն Եփրատ գետը»։—Ծննդոց 15։18. Ա. Մնացորդաց 13։5

21։13-15. Եհովա հրեշտակին հրամայեց որ պատուհասը կասեցնէ, քանի որ Ինք իր ժողովուրդին տառապանքը կը զգայ։ Արդարեւ «անոր գթութիւնը խիստ շատ է»։ *

22։5, 9. 29։3-5, 14-16. Եհովայի տաճարը շինելու յանձնարարութիւնը չունենալով հանդերձ, Դաւիթ առատաձեռնութեան հոգի ցուցաբերեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ գիտակցեցաւ թէ իր ամբողջ ունեցածը կը պարտի Եհովայի բարութեան։ Երախտագիտութեան նոյն զգացումը մեզ պէտք է մղէ առատաձեռնութեան հոգի ունենալու։

24։7-18. Դաւիթի հաստատած 24 քահանայական դասերու կարգադրութիւնը ի զօրու էր, երբ Եհովայի հրեշտակը Յովհաննէս Մկրտիչի հօր՝ Զաքարիայի երեւցաւ եւ ծանուցանեց Յովհաննէսի մօտալուտ ծնունդը։ «Աբիայի դասակարգութենէն» ըլլալով, Զաքարիա այդ ատեն տաճարին մէջ կը ծառայէր։ (Ղուկաս 1։5, 8, 9) Ճշմարիտ պաշտամունքը կապ ունի պատմական,– եւ ո՛չ թէ դիցաբանական,– անձնաւորութիւններու հետ։ Այսօր ճոխ օրհնութիւններ կը քաղենք, երբ Եհովայի լաւ–կազմակերպուած պաշտամունքին առնչութեամբ հաւատարմօրէն կը համագործակցինք «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հետ։—Մատթէոս 24։45

«Յօժար կամքով» Եհովայի ծառայէ

Ա. Մնացորդաց գիրքը միայն ծննդաբանութիւններ չի բովանդակեր։ Անիկա նաեւ կը պատմէ թէ ինչպէս Դաւիթ ուխտին տապանակը Երուսաղէմ բերաւ, մեծ յաղթանակներ տարաւ, տաճարին շինութեան համար պատրաստութիւններ տեսաւ, եւ Ղեւտացիներու քահանայական դասերը հաստատեց։ Ա. Մնացորդացին մէջ Եզրասի արձանագրած բոլոր տեղեկութիւնները վստահաբար Իսրայելացիներուն օգտեցին, օգնելով որ տաճարին մէջ Եհովայի պաշտամունքին հանդէպ իրենց նախանձախնդրութիւնը վերանորոգեն։

Դաւիթ ի՜նչ հոյակապ օրինակ հանդիսացաւ, Եհովայի պաշտամունքը իր կեանքին մէջ առաջնագոյն տեղը դնելով։ Փոխանակ իր անձին համար մասնաւոր առանձնաշնորհումներ փնտռելու, Դաւիթ ջանաց Աստուծոյ կամքը կատարել։ Մեզի քաջալերութիւն կը տրուի որ «կատարեալ սրտով ու յօժար կամքով» Եհովայի ծառայելու իր խրատը կիրարկենք։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 3 Տապանակը Երուսաղէմ փոխադրելու Դաւիթի փորձէն ուրիշ դասեր քաղելու համար, տես՝ Դիտարան 1 Յունիս 2005, էջ 28-31։

^ պարբ. 7 Դաւիթի ապօրինի մարդահամարէն ուրիշ դասեր քաղելու համար, տես՝ Դիտարան 1 Յունիս 2005, էջ 28-31։

[Ցուցակ/Նկարներ՝ էջ 8]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

Սերունդները՝ Ադամէն մինչեւ Նոյ (1,056 տարի)

Հ.Դ.Ա. 4026 Ադամ

130 տարի ⇩

Սէթ

105 ⇩

Ենովս

90⇩

Կայնան

70 ⇩

Մաղաղիէլ

65 ⇩

Յարեդ

162 ⇩

Ենովք

65 ⇩

Մաթուսաղա

187 ⇩

Ղամէք

182 ⇩

Հ.Դ.Ա. 2970 ՆՈՅ կը ծնի

Սերունդները՝ Նոյէն մինչեւ Աբրահամ (952 տարի)

Հ.Դ.Ա. 2970 Նոյ

502 տարի ⇩

Սէմ

100 ⇩

ՋՐՀԵՂԵՂԸ Հ.Դ.Ա. 2370

Արփաքսադ

35 ⇩

Սաղա

30 ⇩

Եբեր

34 ⇩

Փաղէկ

30 ⇩

Ռագաւ

32 ⇩

Սերուգ

30 ⇩

Նաքովր

29 ⇩

Թարա

130 ⇩

Հ.Դ.Ա. 2018 ԱԲՐԱՀԱՄ կը ծնի

Աբրահամէն մինչեւ Դաւիթ՝ 14 սերունդ (911 տարի)

Հ.Դ.Ա. 2018 Աբրահամ

100 տ.

Իսահակ

60 ⇩

Յակոբ

շ. 88 ⇩

Յուդա

Փարէս

Եսրոն

Արամ

Ամինադաբ

Նաասոն

Սաղմոն

Բոոս

Ովբէդ

Յեսսէ

Հ.Դ.Ա. 1107 ԴԱՒԻԹ կը ծնի