«Արթուն կեցէք». դատաստանին ժամը հասաւ
«Արթուն կեցէք». դատաստանին ժամը հասաւ
Այս ուսումնասիրութեան յօդուածին տեղեկութիւնները հիմնուած են Արթո՛ւն կեցէք գրքոյկին վրայ, որ 2004/2005–ի ընթացքին համայն աշխարհի մէջ տեղի ունեցած նահանգային համաժողովներուն լոյս տեսաւ։
«Արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 24։42
1, 2. Յիսուս իր գալուստը ի՞նչ բանի նմանցուց։
Ի՞ՆՉ կ’ընէիր եթէ գիտնայիր թէ գող մը սկսած է շրջանիդ տուները կողոպտել։ Սիրելիներդ ու թանկարժէք իրերդ պաշտպանելու համար, գերուշադիր եւ արթուն կը մնայիր, քանի որ գողը իր գալու ժամանակը չի ծանուցաներ, այլ՝ գաղտնաբար ու անակնկալօրէն կու գայ։
2 Մի քանի առիթներով, Յիսուս որպէս օրինակ գործածեց գողին որդեգրած մեթոտները։ (Ղուկաս 10։30. Յովհաննու 10։10) Վերջին ժամանակի ընթացքին, դատաստան գործադրելէ առաջ, տեղի ունենալիք դէպքերուն առնչութեամբ Յիսուս սա ազդարարութիւնը տուաւ. «Արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ։ Բայց այս գիտցէք, թէ եթէ տանտէրը գիտնար թէ գիշերուան որ պահուն գողը կու գայ, արթուն կը կենար եւ թող չէր տար որ իր տունը ծակեն»։ (Մատթէոս 24։42, 43) Այսպէս Յիսուս իր գալուստը նմանցուց գողի մը գալուն,– անակնկալ։
3, 4. (ա) Իր գալուստին նկատմամբ Յիսուսի ազդարարութեան ուշադրութիւն ընծայելը ի՞նչ կը պարփակէ։ (բ) Ի՞նչ հարցումներ կը յարուցուին։
3 Լուսաբանութիւնը տեղին էր, քանի որ Յիսուսի գալուստին ճշգրիտ թուականը պիտի չգիտցուէր։ Նոյն մարգարէութեան մէջ, Յիսուս ըսած էր. «Այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի հրեշտակները, հապա միայն իմ Հայրս»։ (Մատթէոս 24։36) Ուստի Յիսուս իր ունկնդիրները յորդորեց. «Պատրաստ կեցէք»։ (Մատթէոս 24։44) Յիսուսի ազդարարութեան ականջ տուողները պատրաստ պիտի ըլլային, պատշաճօրէն վարուելով, առանց նկատի առնելու թէ ե՛րբ պիտի գար Եհովայի դատաստանը գործադրելու համար։
4 Կարգ մը կարեւոր հարցումներ կը յարուցուին. Յիսուսի ազդարարութիւնը միայն աշխարհայի՞ն մարդոց համար է, թէ ոչ ճշմարիտ Քրիստոնեաներն ալ պէտք է ‘արթուն կենան’։ Ինչո՞ւ ստիպողական է ‘արթուն կենալ’, եւ ասիկա ի՞նչ կը պարփակէ։
Ազդարարութիւնը որո՞նց ուղղուած է
5. Ի՞նչպէս գիտենք թէ «արթուն կեցէք» զգուշացումը ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն կը կիրարկուի։
5 Վստահաբար ճիշդ է թէ Տէրոջ գալուստը աշխարհիկ մարդոց համար գողի պէս պիտի ըլլայ, որոնք մօտալուտ աղէտին մասին տրուած ազդարարութեան ականջ չեն կախեր։ (Բ. Պետրոս 3։3-7) Սակայն ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն մասին։ Պօղոս առաքեալ հաւատակիցներուն գրեց. «Դուք աղէկ գիտէք թէ Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2) Մեր միտքին մէջ կասկած չկայ թէ ‘Տէրոջ օրը պիտի հասնի’։ Բայց ասիկա արթուն կենալու մեր կարիքը կը նուազեցնէ՞։ Նկատի առ թէ Յիսուս իր աշակերտներո՛ւն ըսաւ. «Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր»։ (Մատթէոս 24։44) Նախապէս, երբ իր աշակերտները կը յորդորէր որ Թագաւորութիւնը յարատեւաբար փնտռեն, Յիսուս զգուշացուց. «Պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը՝ որ դուք չէք կարծեր»։ (Ղուկաս 12։31, 40) Յստակ չէ՞ որ Յիսուս իր հետեւորդները ի մտի ունէր, երբ զգուշացուց. «Արթուն կեցէք»։
6. Ինչո՞ւ պէտք է ‘արթուն կենանք’։
6 Ինչո՞ւ պէտք է ‘արթուն կենանք’ եւ ‘պատրաստ կենանք’։ Յիսուս բացատրեց. «Եթէ երկու Մատթէոս 24։40, 41) Անոնք որ պատրաստ կը կենան, ‘պիտի առնուին’ կամ փրկուին, երբ անբարեպաշտ աշխարհը կործանուի։ Ուրիշներ պիտի ‘ձգուին’ որ բնաջնջուին, քանի որ անձնասիրաբար իրենց շահերուն հետամուտ եղան։ Հաւանաբար անոնց մէջ ըլլան անհատներ, որոնք լուսաւորուելէ ետք, չշարունակեցին արթուն կենալ։
հոգի արտի մը մէջ ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի. եւ եթէ երկու կին մէկ աղօրիքով աղալու վրայ գտնուին, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի»։ (7. Վախճանին ե՛րբ գալը չգիտնալը մեզի թոյլ կու տայ ի՞նչ ընելու։
7 Այս հին դրութեան վախճանին ճիշդ օրը չգիտնալը մեզի պատեհութիւն կու տայ ապացուցանելու թէ շիտակ շարժառիթով Աստուծոյ կը ծառայենք։ Ի՞նչպէս։ Թերեւս թուի թէ վախճանը հեռաւոր ապագային է։ Ցաւօք սրտի, այսպէս մտածող Քրիստոնեաներէն ոմանք թոյլ տուած են որ Եհովայի ծառայութեան հանդէպ իրենց նախանձախնդրութիւնը պաղի։ Բայց մեր կատարած նուիրումով, մենք մեզ անվերապահօրէն Եհովայի ներկայացուցած ենք, իրեն ծառայելու համար։ Եւ շատ լաւ գիտենք որ վերջին վայրկեանին ցուցաբերուած նախանձախնդրութիւնը Եհովան պիտի չտպաւորէ, քանի որ սիրտին մէջինը կը տեսնէ։—Ա. Թագաւորաց 16։7
8. Եհովայի հանդէպ սէրը ի՞նչպէս մեզ կը մղէ արթուն կենալու։
8 Որովհետեւ իսկապէս Եհովան կը սիրենք, բերկրանքով իր կամքը կը կատարենք։ (Սաղմոս 40։8. Մատթէոս 26։39) Եւ կ’ուզենք յաւիտեան Եհովայի ծառայել։ Այս հեռանկարը նուազ թանկարժէք չի դառնար եթէ ստիպուինք մեր ակնկալածէն քիչ մը աւելի սպասել։ Ամէն բանէ առաջ, արթուն կը կենանք քանի որ Եհովայի օրը իր նպատակին իրագործման մէջ յատկանշական դէպք մը պիտի ըլլայ։ Աստուած հաճեցնելու մեր անկեղծ փափաքը մեզ կը մղէ որ իր Խօսքին խրատները կիրարկենք ու իր Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք։ (Մատթէոս 6։33. Ա. Յովհաննու 5։3) Այժմ նկատի առնենք թէ արթուն կենալը ի՛նչպէս պէտք է ազդէ մեր կայացուցած որոշումներուն եւ ամէնօրեայ ապրելակերպին։
Կեանքդ դէպի ո՞ւր կ’ընթանայ
9. Ինչո՞ւ ստիպողական է որ աշխարհային մարդիկը ներկայ ժամանակներուն նշանակութիւնը ըմբռնեն։
9 Ներկայիս շատեր կը գիտակցին թէ լուրջ խնդիրները եւ ահռելի դէպքերը ամէնօրեայ երեւոյթներ դարձած են, եւ թերեւս իրենց կեանքի ընթացքէն դժգոհ են։ Սակայն անոնք աշխարհի վիճակներուն իսկական նշանակութիւնը գիտե՞ն։ Անոնք կ’անդրադառնա՞ն թէ «իրերու դրութեան վախճանին» մէջ կ’ապրինք։ (Մատթէոս 24։3, ՆԱ) Անոնք կ’ըմբռնե՞ն թէ եսամոլ, վայրագ ու անբարեպաշտ կեցուածքներուն ընդհանրութիւնը, ներկայ ժամանակները կը բնորոշէ որպէս «վերջին օրերը»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Շատ անհրաժեշտ է որ անոնք այս բոլոր բաներուն նշանակութիւնը հասկնան ու իրենց ապրելակերպը զննեն։
10. Ի՞նչ պէտք է ընենք վստահ ըլլալու համար թէ արթուն կը կենանք։
Ղուկաս 21։34-36. Կողոսացիս 2։8) Պէտք է շարունակենք ցոյց տալ թէ մեր ամբողջ սիրտով Եհովայի կը վստահինք եւ մեր խելքին չենք ապաւինիր։ (Առակաց 3։5) Այս կերպով, ամուր պիտի բռնենք ‘ճշմարիտ կեանքը’,– յաւիտենական կեանքը Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ։—Ա. Տիմոթէոս 6։12, 19
10 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Ամէն օր որոշումներ պէտք է կայացնենք, որոնք կապ ունին մեր գործին, առողջութեան, ընտանիքին եւ պաշտամունքին հետ։ Գիտենք Աստուածաշունչին ըսածը եւ կը ջանանք զայն կիրարկել։ Ուստի լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Թոյլ տուա՞ծ եմ կեանքի մտահոգութիւններուն որ զիս հոգեւոր նպատակակէտերէս շեղեցնեն։ Թոյլ կու տա՞մ աշխարհային փիլիսոփայութեան կամ մտածումին որ ընտրութիւններս որոշէ’։ (11-13. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ այն դէպքերէն, որոնք տեղի ունեցան (ա) Նոյի օրերուն, եւ (բ) Ղովտի օրերուն։
11 Աստուածաշունչը բազմաթիւ ազդարարական օրինակներ կը բովանդակէ, որոնք կրնան մեզի օգնել արթուն կենալու։ Նկատի առ Նոյի օրերը։ Աստուած առաջուընէ կարգադրեց որ ազդարարութիւն տրուի։ Բայց Նոյէն ու իր ընտանիքէն զատ, մարդիկ անհոգ գտնուեցան։ (Բ. Պետրոս 2։5) Ասոր նկատմամբ Յիսուս ըսաւ. «Ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Քանզի ինչպէս էին այն օրերը ջրհեղեղէն առաջ՝ կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ, չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։37-39) Ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Եթէ մեզմէ մէկը սկսած է թոյլ տալ աշխարհիկ հետաքրքրութիւններուն,– նոյնիսկ կեանքի սովորական գործունէութիւններուն,– որ հոգեւոր գործունէութիւններուն տեղը առնեն, որոնք Աստուծոյ յորդորին համաձայն մեր կեանքին մէջ առաջնակարգ տեղը պէտք է գրաւեն, իր այս կացութեան մասին լրջօրէն պէտք է մտածէ։—Հռովմայեցիս 14։17
12 Պահ մը խորհէ նաեւ Ղովտի օրերուն մասին։ Սոդոմ, ուր Ղովտ ու իր ընտանիքը կ’ապրէին, նիւթապէս բարգաւաճ բայց բարոյապէս սնանկ քաղաք մըն էր։ Եհովա իր հրեշտակները ղրկեց զայն կործանելու համար։ Անոնք Ղովտն ու իր ընտանիքը յորդորեցին որ Սոդոմէն փախչին ու ետեւ չնային։ Հրեշտակներուն տուած քաջալերանքին ընդառաջելով, անոնք քաղաքէն հեռացան։ Սակայն, ըստ երեւոյթին, Ղովտի կինը շարունակեց իր ձգած տան մասին մտածել, եւ անհնազանդ գտնուելով ետեւ նայեցաւ, ուստի իր կեանքը կորսնցուց։ (Ծննդոց 19։15-26) Մարգարէաբար Յիսուս ազդարարեց. «Մտքերնիդ բերէք Ղովտին կինը»։ Այս ազդարարութեան համաձայն կը վարուի՞նք։—Ղուկաս 17։32
13 Աստուածային ազդարարութիւններուն ուշադրութիւն ընողները խնայուեցան, ինչպէս՝ Նոյ ու իր ընտանիքը եւ Ղովտ ու իր աղջիկները։ (Բ. Պետրոս 2։9) Այս օրինակները ո՛չ միայն ազդարարութիւն կը հայթայթեն, այլեւ՝ ազատագրութեան քաջալերական պատգամ կը հաղորդեն արդարութիւն սիրողներուն։ Ասիկա մեր սիրտը ստոյգ յոյսով կը լեցնէ թէ Աստուծոյ խոստացած ‘նոր երկինքն ու նոր երկիրը’ պիտի գան, «որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։—Բ. Պետրոս 3։13
«Դատաստանին ժամը հասաւ»
14, 15. (ա) Դատաստանին «ժամը» ի՞նչ կը պարփակէ։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք ‘Աստուծմէ վախնալ ու անոր փառք տալ’։
14 Մինչ արթուն կը կենանք, Յայտնութիւն 1։10, ԱՎ) Յայտնութիւնը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ հրեշտակ մը, որուն վստահուած է «յաւիտենական աւետարանը»։ Ան բարձրաձայն կը յայտարարէ. «Վախցէ՛ք Աստուծմէ եւ փա՜ռք տուէք անոր, որովհետեւ անոր դատաստանին ժամը հասաւ»։ (Յայտնութիւն 14։6, 7, ԱՎ) Դատաստանին այդ «ժամը» կարճ ժամանակամիջոց մըն է, եւ կը պարփակէ այդ մարգարէութեան մէջ նկարագրուած դատաստաններուն թէ՛ յայտարարութիւնը եւ թէ գործադրութիւնը։ Այժմ այդ ժամանակամիջոցին մէջ կ’ապրինք։
ի՞նչ կրնանք ակնկալել։ Յայտնութիւն գիրքը կ’ուրուագծէ թէ Աստուծոյ նպատակը ի՛նչպէս քայլ առ քայլ պիտի կատարուի։ Գիրքին ըսածին համաձայն գործելը կենսական է, եթէ կ’ուզենք պատրաստ կենալ։ Մարգարէութիւնը վառ կերպով կը նկարագրէ դէպքեր, որոնք տեղի պիտի ունենային «Տէրոջ օրը», որ սկսաւ 1914–ին, երբ երկինքի մէջ Քրիստոս գահակալուեցաւ։ (15 Դատաստանին ժամը վերջանալէ առաջ, հիմա մեզի յորդոր տրուած է. «Վախցէ՛ք Աստուծմէ եւ փա՜ռք տուէք անոր»։ Ասիկա ի՞նչ կը պարփակէ։ Աստուծոյ հանդէպ պատշաճ վախ ունենալը մեզ պէտք է մղէ չարութենէ ետ կենալու։ (Առակաց 8։13) Եթէ Աստուած կը պատուենք, խոր յարգանքով իրեն մտիկ պիտի ընենք։ Զբաղած ըլլալով հանդերձ, իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար պիտի կարդանք։ Քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուելու իր խրատը պիտի չնսեմացնենք։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութեան բարի լուրը նախանձախնդրաբար ծանուցանելու առանձնաշնորհումը պիտի արժեւորենք։ Ամէն ժամանակ եւ մեր ամբողջ սիրտով Եհովայի պիտի վստահինք։ (Սաղմոս 62։8) Գիտակցելով թէ Եհովան տիեզերքի Գերիշխանն է, զինք կը պատուենք՝ կամովին իր իշխանութեան ենթարկելով մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։ Այս կերպերով իսկապէս Աստուծմէ կը վախնաս եւ իրեն փառք կու տա՞ս։
16. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Յայտնութիւն 14։8–ի մէջ նշուած դատաստանը Մեծ Բաբելոնի դէմ, արդէն կատարուած է։
16 Յայտնութիւն գիրքին 14–րդ գլուխը կը շարունակէ նկարագրել յաւելեալ դէպքեր, որոնք դատաստանին ժամուն տեղի պիտի ունենան։ Նախ կը յիշուի Մեծ Բաբելոնը՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը. «Անոր ետեւէն ուրիշ հրեշտակ մը եկաւ ու ըսաւ. ‘Ինկա՜ւ, ինկա՜ւ մեծ Բաբելոնը’»։ (Յայտնութիւն 14։8) Այո, Աստուծոյ տեսանկիւնէն դիտուած, Մեծ Բաբելոնը արդէն ինկած է։ 1919–ին, Եհովայի օծեալ ծառաները ազատագրուեցան բաբելոնական վարդապետութիւններու եւ սովորութիւններու ստրկութենէն, որոնք հազարաւոր տարիներ անհատներու եւ ազգերու տիրապետած են։ (Յայտնութիւն 17։1, 15) Այնուհետեւ անոնք կրնային ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջացնելու նուիրուիլ։ Արդարեւ, անկէ ի վեր Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի աշխարհածաւալ քարոզչութիւնը տեղի կ’ունենայ։—Մատթէոս 24։14
17. Մեծ Բաբելոնէն դուրս ելլելը ի՞նչ կը պարփակէ։
Յայտնութիւն 18։21) Ուստի Աստուածաշունչը բոլոր մարդիկը կը յորդորէ. «Ելէ՛ք ատոր [Մեծ Բաբելոնի] մէջէն, . . . որպէս զի ատոր մեղքերուն հաղորդակից չըլլաք»։ (Յայտնութիւն 18։4, 5) Ի՞նչպէս Մեծ Բաբելոնէն դուրս կ’ելլենք։ Ասիկա սուտ կրօնքին հետ մեր կապերը խզելէն աւելին կը պարփակէ։ Բաբելոնական ազդեցութիւնը շօշափելի է շատ մը ժողովրդական տօներու եւ սովորութիւններու մէջ, սեռի հանդէպ աշխարհի թոյլատու կեցուածքին մէջ, ոգեհարցութիւն պարփակող ժամանցին յառաջդիմութեան մէջ,– շարքը երկար է։ Արթուն կենալու համար, կենսական է որ մեր արարքներով ու սիրտի փափաքներով ապացուցանենք թէ ամէն կերպով իսկապէս Մեծ Բաբելոնէն անջատ ենք։
17 Սակայն Մեծ Բաբելոնի դէմ Աստուծոյ դատաստանը յաւելեալ երեսակներ ունի։ Անոր վերջնական կործանումը շուտով տեղի պիտի ունենայ։ (18. Յայտնութիւն 14։9, 10–ն նկատի առնելով, աչալուրջ Քրիստոնեաները ի՞նչ բանէ կը խուսափին։
18 Յայտնութիւն 14։9, 10–ի մէջ, ‘դատաստանին ժամուն’ ուրիշ մէկ երեսակը նկարագրուած է։ Ուրիշ հրեշտակ մը կ’ըսէ. «Ով որ գազանին ու անոր պատկերին երկրպագութիւն ընէ եւ դրոշմը իր ճակատին վրայ կամ իր ձեռքին վրայ ընդունի, անիկա Աստուծոյ սրտմտութեան գինիէն պիտի խմէ»։ Ինչո՞ւ։ ‘Գազանն ու անոր պատկերը’ մարդկային իշխանութեան խորհրդանիշներ են, որոնք Եհովայի գերիշխանութիւնը չեն ընդունիր։ Աչալուրջ Քրիստոնեաները իրենց կեցուածքներուն եւ արարքներուն վերաբերեալ զգոյշ են որ չազդուին կամ դրոշմ չստանան իբրեւ ստրուկներ անոնց, որ կը մերժեն ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի իշխելու բացարձակ իրաւունքը ընդունիլ։ Քրիստոնեաները գիտեն թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արդէն երկինքի մէջ հաստատուած է, մարդկային բոլոր իշխանութիւններուն վերջ պիտի դնէ եւ ինք յաւիտեան պիտի մնայ։—Դանիէլ 2։44
Ստիպողականութեան զգացումդ մի՛ կորսնցներ
19, 20. (ա) Մինչ վերջին օրերուն վերջաւորութեան կը մօտենանք, վստահաբար Սատանան ի՞նչ պիտի փորձէ ընել։ (բ) Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։
19 Մինչ վերջին օրերուն վերջաւորութեան կը մօտենանք, ճնշումներն ու փորձութիւնները պիտի աւելնան։ Այնքան ատեն որ այս հին դրութեան մէջ կ’ապրինք եւ մեր անկատարութենէն կը տառապինք, պիտի շարունակենք նեղութիւններ քաշել, ինչպէս՝ վատառողջութիւն, ծերութիւն, սիրելիներու կորուստ, վիրաւորանք, յուսախաբութիւն քանի որ մարդիկ մեր քարոզչութեան հանդէպ անտարբեր կը գտնուին, եւ նման բաներ։ Երբեք մի՛ մոռնար որ Սատանան կ’ուզէ մեր դիմագրաւած ճնշումները շահագործել, մեզ մղելու որ ձեռնթափ ըլլանք,– բարի լուրը քարոզելը դադրեցնենք կամ Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն ապրելէ հրաժարինք։ (Եփեսացիս 6։11-13) Հիմա մեր ապրած ժամանակներուն նկատմամբ մեր ստիպողականութեան զգացումը կորսնցնելու ժամանակը չէ։
20 Յիսուս գիտէր թէ մեծ ճնշումի պիտի ենթարկուէինք որ հեղգանանք, ուստի մեզ խրատեց. «Արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։42) Արդ, գերուշադիր մնանք թէ ժամանակի հոսանքին մէջ ո՛ւր ենք։ Սատանայի հնարքներէն զգուշանանք, որոնք կրնան պատճառ ըլլալ որ դանդաղինք կամ հրաժարինք։ Վճռենք Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը նախանձախնդրութեամբ եւ հաստատամտութեամբ քարոզել։ Ամէն գնով, ստիպողականութեան մեր զգացումը պահպանենք, մինչ Յիսուսի ազդարարութեան կ’անսանք. «Արթուն կեցէք»։ Այս բոլորը ընելով, Եհովայի փառք պիտի բերենք եւ իր յաւիտենական օրհնութիւնները վայելելու հեռանկարը պիտի ունենանք։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Ի՞նչպէս գիտենք թէ ‘արթուն կենալու’ Յիսուսի ազդարարութիւնը կը կիրարկուի ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն։
• Աստուածաշունչին մէջ ի՞նչ ազդարարական օրինակներ մեզի կ’օգնեն ‘արթուն կենալու’։
• Ի՞նչ է դատաստանին ժամը, եւ անիկա վերջ գտնելէ առաջ՝ ի՞նչ պէտք է ընենք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 23]
Յիսուս իր գալուստը նմանցուց գողի մը գալուն
[Նկար՝ էջ 24]
Մեծ Բաբելոնի կործանումը մօտ է
[Նկարներ՝ էջ 25]
Վճռենք աւելի մեծ նախանձախնդրութեամբ ու հաստատամտութեամբ քարոզել