Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն ի՞նչ ապագայ կ’ուզէք
Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն ի՞նչ ապագայ կ’ուզէք
«Երիտասարդներ եւ կոյս աղջիկներ . . . բոլորը թող Տէրոջը անունը օրհնեն»։—Սաղմոս 148։12, 13
1. Ծնողները իրենց զաւակներուն նկատմամբ ի՞նչ մտահոգութիւններ ունին։
ԲՆԱԿԱՆ է որ ծնողներ իրենց զաւակներուն ապագայով խորապէս հետաքրքրուին։ Մանկիկին ծնած վայրկեանէն,– կամ նոյնիսկ առաջ,– ծնողները կը սկսին մտահոգութիւն յայտնել անոր բարօրութեան մասին։ Ան առողջ պիտի ըլլա՞յ։ Ան բնական կազմ պիտի ունենա՞յ։ Մինչ երախան կը մեծնայ, այլ մտահոգութիւններ կ’աւելնան։ Ընդհանրապէս ծնողները իրենց զաւակներուն համար միայն լաւագոյն բանը կ’ուզեն։—Ա. Թագաւորաց 1։11, 27, 28. Սաղմոս 127։3-5
2. Շատ մը ծնողներ ինչո՞ւ կը խորհին թէ իրենց զաւակները լա՛ւ կեանք պէտք է վայելեն երբ մեծնան։
2 Սակայն ներկայ աշխարհին մէջ, դժուար է որ ծնողներ լաւագոյն բանը հայթայթեն իրենց զաւակներուն։ Ծնողներէն շատեր նեղ օրեր տեսած են,– պատերազմներ, քաղաքական խռովք, տնտեսական դժուարութիւններ, ֆիզիքական կամ զգացական վէրքեր, եւայլն։ Բնական է որ անոնք սրտանց փափաքին որ իրենց զաւակները այսպիսի բաներէ զերծ մնան։ Հարուստ երկիրներու մէջ, թերեւս ծնողներ տեսնեն թէ իրենց բարեկամներուն եւ ազգականներուն տղաքն ու աղջիկները, արհեստագիտական ասպարէզներու մէջ կը յառաջդիմեն եւ երեւութապէս յաջող կեանք կը վայելեն։ Հետեւաբար անոնք կը զգան թէ ստիպուած են ամէն բան ընել, որպէսզի իրենց զաւակներն ալ երբ մեծնան՝ կարենան վայելել հանգիստ ու ապահով կեանք,– լա՜ւ կեանք։—Ժողովողի 3։13
Լաւ կեանք ընտրել
3. Քրիստոնեաները ի՞նչ ընտրութիւն ըրած են։
3 Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդները ըլլալով, Քրիստոնեաները ընտրած են իրենց կեանքը Եհովայի նուիրել։ Անոնք ականջ տուած են Յիսուսի խօսքին. «Եթէ մէկը կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ ամէն օր իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ»։ (Ղուկաս 9։23. 14։27) Արդարեւ Քրիստոնեային կեանքը անձնազոհութիւն կը պարփակէ, բայց աղքատութեամբ կամ թշուառութեամբ յատկորոշուած չէ։ Ընդհակառակը, անիկա երջանիկ ու գոհացուցիչ կեանք է,– լա՜ւ կեանք,– քանի որ տա՛լ կը պարփակէ, եւ ինչպէս Յիսուս ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։—Գործք 20։35
4. Յիսուս իր հետեւորդները յորդորեց որ ի՞նչ բանի հետամուտ ըլլան։
4 Յիսուսի օրերուն մարդիկ շատ դժուար պարագաներու ներքեւ կ’ապրէին։ Իրենց ապրուստը ճարելէ զատ, անոնք ստիպուած էին Հռովմէացիներու բիրտ իշխանութեան եւ ձեւապաշտ կրօնականներու կեղեքիչ բեռին տոկալ։ (Մատթէոս 23։2-4) Այսուհանդերձ, Յիսուսի մասին լսողներէն շատեր ուրախութեամբ լքեցին իրենց անձնական հետապնդումները,– նոյնիսկ ասպարէզը,– եւ իր հետեւորդները եղան։ (Մատթէոս 4։18-22. 9։9. Կողոսացիս 4։14) Այս աշակերտները իրենց ապագան կը վտանգէի՞ն։ Նկատի առ Յիսուսի խօսքը. «Ով որ թողուց տուներ կամ եղբայրներ կամ քոյրեր կամ հայր կամ մայր կամ կին կամ որդիներ կամ արտեր իմ անուանս համար, հարիւրապատիկ պիտի առնէ եւ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ»։ (Մատթէոս 19։29) Յիսուս իր հետեւորդները հաւաստիացուց թէ երկնաւոր Հայրը գիտէր իրենց պէտքերը։ Ուստի ան զիրենք յորդորեց. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։—Մատթէոս 6։31-33
5. Կարգ մը ծնողներ ի՞նչպէս կը նկատեն Յիսուսի երաշխիքը թէ Աստուած Իր ծառաները պիտի հոգայ։
5 Այսօր պարագաները շատ տարբեր չեն։ Եհովա մեր կարիքները գիտէ, եւ Թագաւորութեան շահերը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը դնողները, մանաւանդ լիաժամ ծառայութեան հետամուտ եղողները, նոյն երաշխիքը ունին թէ ան պիտի հոգայ զիրենք։ (Մաղաքեայ 3։6, 16. Ա. Պետրոս 5։7) Սակայն այս ուղղութեամբ կարգ մը ծնողներ անվստահ են։ Մէկ կողմէ, անոնք կը փափաքին որ իրենց զաւակները Եհովայի ծառայութեան մէջ յառաջդիմեն, եւ հետագային թերեւս լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեն։ Միւս կողմէ, նկատելով աշխարհի տնտեսական կացութիւնը եւ գործ գտնելու դժուարութիւնը, անոնք կը խորհին թէ կարեւոր է որ պատանիները նա՛խ լաւ ուսում ստանան, այնպէս որ փափաքելի գործի մը համար հարկ եղած որակումները պիտի ունենան, կամ ի պահանջել հարկին, առնուազն բան մը պիտի ունենան, որուն կրնան կռթնիլ։ Այսպիսի ծնողներու համար, լաւ ուսում յաճախ կը նշանակէ բարձրագոյն ուսում։
Ապագային համար պատրաստուիլ
6. Այս յօդուածին մէջ «բարձրագոյն ուսում» արտայայտութիւնը ի՞նչ կերպով գործածուած է։
6 Ուսման դրութիւնը երկրէ երկիր կը տարբերի։ Օրինակ, Միացեալ Նահանգներու մէջ, պետական դպրոցները 12 տարի հիմնական ուսում կը հայթայթեն։ Անկէ ետք, աշակերտները կ’ընտրեն քոլէճ կամ համալսարան երթալ՝ չորս տարի կամ աւելի, ձեռք ձգելով համալսարանի Ա. աստիճան (պսակաւոր) կամ յաւելեալ մասնագիտութիւններ՝ բժշկութեան, իրաւաբանութեան, երկրաչափութեան վերաբերեալ, եւայլն։ Այս համալսարանական ուսման կ’ակնարկէ «բարձրագոյն ուսում» արտայայտութիւնը այս յօդուածին մէջ։ Միւս կողմէ, արհեստից ու արուեստից վարժարաններ կան, որոնք կարճ դասընթացքներ կը մատուցանեն եւ շրջանաւարտները վկայական կը ստանան։
7. Երկրորդականի աշակերտները ի՞նչ ճնշումներու կ’ենթարկուին։
7 Ներկայ հոսանքը այն է՝ որ երկրորդականը իր աշակերտները պատրաստէ բարձրագոյն ուսման։ Այս ուղղութեամբ, բազմաթիւ վարժարաններ կը կեդրոնանան ակադեմական նիւթերու վրայ, որպէսզի աշակերտները կարենան համալսարանի մուտքի քննութիւններուն մէջ բարձր նիշեր բերել, եւ շեշտ չեն դներ այն դասընթացքներուն վրայ, որոնք աշակերտները պիտի զինեն գործի մարզին համար։ Այսօր երկրորդականի աշակերտներուն վրայ մեծ ճնշում կը բանեցուի՝ ուսուցիչներու, խրատատուներու եւ դասընկերներու կողմէ, որպէսզի լաւագոյն համալսարանները մտնեն, ուր կրնան այնպիսի վկայականներ ձեռք ձգել, որոնք ճամբան կը հարթեն խոստմնալից ու լաւ–վճարուած գործերու։
8. Քրիստոնեայ ծնողները ի՞նչ ընտրութիւններ կը դիմագրաւեն։
8 Արդ, Քրիստոնեայ ծնողները ի՞նչ կրնան ընել։ Անշուշտ անոնք կ’ուզեն որ իրենց զաւակները դպրոցին մէջ յաջողին եւ անհրաժեշտ հմտութիւնները սորվին, որ հետագային կարենան իրենք զիրենք հոգալ։ (Առակաց 22։29) Բայց անոնք պէ՞տք է թոյլ տան որ իրենց զաւակները մրցակցութեան հոգիէն ազդուին ու ջանան նիւթապէս յառաջդիմել։ Անոնք իրենց զաւակներուն առջեւ ինչպիսի՞ նպատակակէտեր կը դնեն, թէ՛ խօսքով եւ թէ անձնական օրինակով։ Ծնողներէն ոմանք շատ ծանր կ’աշխատին եւ կը խնայեն, որպէսզի կարենան իրենց զաւակները բարձրագոյն ուսումնական օճախները ղրկել։ Իսկ ուրիշներ այս նպատակին համար պարտքերու տակ կը մտնեն։ Սակայն այս որոշումին ծախսը միայն տոլարով ու սէնթով չի հաշուըւիր։ Նկատի առ թէ ներկայիս բարձրագոյն ուսման հետամուտ ըլլալը ի՛նչ ծախսի կը նայի։—Ղուկաս 14։28-33
Բարձրագոյն ուսման հետամուտ ըլլալու ծախսը
9. Բարձրագոյն ուսման նիւթական ծախսին մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։
9 Երբ ծախքի մասին կը խորհինք, սովորաբար դրամական ծախսերը մեր միտքէն կ’անցնին։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, կառավարութիւնը կ’երաշխաւորէ բարձրագոյն ուսումը եւ որակեալ աշակերտները կրթաթոշակ չեն վճարեր։ Սակայն շատ մը երկիրներու մէջ, բարձրագոյն ուսման ծախսը շատ բարձր է եւ հետզհետէ կ’աւելնայ։ Օրաթերթի մը (New York Times) մէկ յօդուածը կը նշէ. «Բարձրագոյն ուսումը սովորաբար կը նկատուէր պատեհութիւններու աղբիւր։ Այժմ անիկա ունեւորներուն եւ նուազ ունեւորներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող խրամատը կը հաստատէ»։ Ուրիշ խօսքով, որակաւոր բարձրագոյն ուսումը արագօրէն կը դառնայ հարուստ ու հեղինակաւոր մարդոց ծիրը, որոնք իրենց զաւակները անոր կ’ենթարկեն, վստահ ըլլալու համար թէ անոնք ալ ընկերութեան հարուստ ու հեղինակաւոր դասակարգէն պիտի ըլլան։ Քրիստոնեայ ծնողները իրենց զաւակներուն համար այս նպատակակէտը պէ՞տք է ընտրեն։—Փիլիպպեցիս 3։7, 8. Յակոբու 4։4
10. Բարձրագոյն ուսումը ի՞նչպէս սերտօրէն առնչուած է ներկայ դրութիւնը յառաջացնելու հետ։
10 Նոյնիսկ հո՛ն ուր բարձրագոյն ուսումը ձրի է, թերեւս թաքուն պահանջներ կան։ Օրինակ, լրագիր մը (The Wall Street Journal) կը տեղեկագրէ թէ ասիական հարաւ–արեւելեան երկրի մը մէջ, կառավարութիւնը կը վարէ «բրգաձեւ դպրոցական դրութիւն մը, որ դիտումնաւոր կերպով փայլուն աշակերտները դէպի գագաթ կը հրէ»։ «Գագաթ» հասնիլը կը նշանակէ մտնել աշխարհի ընտիր համալսարանները,– Օքսֆորտ եւ Քէմպրիճ՝ Անգլիոյ մէջ, Այվի Լիկ համալսարանները՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւայլն։ Կառավարութիւնը ինչո՞ւ այս երկարատեւ յայտագիրը կը հայթայթէ։ «Ազգային տնտեսութիւնը խթանելու համար», կ’ըսէ տեղեկագրութիւնը։ Ուսումը կրնայ ձրի ըլլալ, բայց աշակերտին վճարած գինն է՝ կեանքը տրամադրել ներկայ դրութիւնը յառաջացնելու։ Թէեւ աշխարհի մէջ այս ապրելակերպը մեծապէս փափաքելի է, սակայն Քրիստոնեայ ծնողները զայն կ’ուզե՞ն իրենց զաւակներուն համար։—Յովհաննու 15։19. Ա. Յովհաննու 2։15-17
11. Տեղեկագրութիւնները ի՞նչ ցոյց կու տան համալսարանականներուն մէջ գոյութիւն ունեցող խմիչքի չափազանց գործածութեան եւ սեռային անբարոյութեան մասին։
11 Նկատի առնուելիք յաւելեալ ազդակ մըն է՝ միջավայրը։ Ա. Կորնթացիս 5։11. 6։9, 10
Համալսարանները եւ քոլէճները նշանաւոր են որպէս գէշ վարքի կեդրոններ,– թմրեցուցիչի սխալ գործածութիւն, խմիչքի չափազանց գործածութիւն, անբարոյութիւն, խարդախութիւն, ուրիշները չարաչար աշխատցնել, եւայլն։ Նկատի առ խմիչքի չափազանց գործածութիւնը։ Առատ խմիչքով նշուող երեկոյթներուն մասին տեղեկագրելով, պարբերաթերթ մը (New Scientist) կ’ըսէ. «[Միացեալ Նահանգներու մէջ համալսարանականներուն] շուրջ 44 տոկոսը, գինովնալու նպատակով կը խմէ՝ առնուազն ամէն երկու շաբաթ անգամ մը»։ Երիտասարդները նոյն խնդիրը ունին Աւստրալիոյ, Բրիտանիոյ, Ռուսաստանի մէջ եւ այլուր։ Իսկ սեռային անբարոյութեան նկատմամբ, պարբերաթերթ մը (Newsweek) կը տեղեկագրէ թէ համալսարանականները անձնատուր կ’ըլլան ‘պատահական կենակցութեան’, որ «կը նկարագրէ մէկ անգամ տեղի ունեցած սեռային հանդիպումը,– համբոյրէն մինչեւ սեռային յարաբերութիւն,– ծանօթներու միջեւ որոնք նոյնիսկ նպատակ չունին հետագային իրարու հետ խօսելու»։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան թէ աշակերտներուն 60-80 տոկոսը այսպիսի արարքներու միջամուխ կ’ըլլայ։ Հետազօտութեամբ զբաղող կին մը կ’ըսէ. «Եթէ քոլէճ յաճախող բնական աշակերտ մըն ես, անոր անձնատուր կ’ըլլաս»։—12. Համալսարանականները ի՞նչ ճնշումներու ենթարկուած են։
12 Գէշ միջավայրէն զատ, կայ նաեւ պարտականութիւններուն եւ քննութիւններուն ճնշումը։ Անշուշտ հարկ է որ աշակերտները սերտեն ու իրենց պարտականութիւնները կատարեն, որպէսզի չձախողին։ Ոմանք նաեւ մասնակի ժամանակով կ’աշխատին։ Մատթէոս 6։33) Աստուածաշունչը Քրիստոնեաները կը յորդորէ. «Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք, վասն զի օրերս չար են»։ (Եփեսացիս 5։15, 16) Որքա՜ն ցաւալի է որ ոմանք հաւատքէն հեռացան, քանի որ իրենց ժամանակն ու կորովը սպառող գործունէութիւններուն տեղի տուին կամ համալսարանի մէջ անաստուածաշնչական վարքի անձնատուր եղան։
Այսպէս անոնց ժամանակն ու կորովը սպառելով, ի՞նչ կը մնայ հոգեւոր գործունէութիւններուն համար։ Երբ ճնշումները աւելնան, ի՞նչ բան պիտի լքուի։ Թագաւորութեան շահերը դեռ առաջին տեղը պիտի գրաւե՞ն, թէ ոչ պիտի անտեսուին։ (13. Քրիստոնեայ ծնողները ի՞նչ հարցումներ նկատի պէտք է առնեն։
13 Ճիշդ է որ անբարոյութիւնը, գէշ վարքը եւ ճնշումները միմիայն քոլէճներուն կամ համալսարաններուն սահմանափակուած չեն։ Սակայն բազմաթիւ աշխարհային երիտասարդներ զանոնք կը նկատեն ուսման մէկ մասը եւ համալսարանական կեանքի բնական երեւոյթը։ Քրիստոնեայ ծնողները դիտմամբ իրենց զաւակները պէ՞տք է ենթարկեն այսպիսի միջավայրի մը՝ չորս տարի կամ աւելի։ (Առակաց 22։3. Բ. Տիմոթէոս 2։22) Երիտասարդներուն քաղելիք օգուտները այնքա՞ն կարեւոր են որ կ’արդարացնեն պարփակուած վտանգներուն աչք գոցելը։ Աւելի կարեւորը, համալսարանի մէջ ի՞նչ բաներ երիտասարդներուն կը սորվեցնեն թէ իրենց կեանքին մէջ առաջնակարգ տեղը պէտք է գրաւեն։ * (Փիլիպպեցիս 1։10. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21) Ծնողները լրջօրէն եւ աղօթքով նկատի պէտք է առնեն այս հարցումները, ինչպէս նաեւ՝ իրենց զաւակները ուսումի համար ուրիշ քաղաք կամ երկիր ղրկելու վտանգները։
Փոխընտրութիւնները ի՞նչ են
14, 15. (ա) Հակառակ հասարակաց կարծիքին, ներկայիս Աստուածաշունչի ո՞ր խրատը կիրարկելի է։ (բ) Երիտասարդները ո՞ր հարցումները կրնան իրենք իրենց ուղղել։
14 Ներկայիս հասարակաց կարծիքը այն է, թէ համալսարանական ուսում ստանալը միակ ընտրանքն է, որպէսզի երիտասարդները յաջողին։ Սակայն, փոխանակ ժողովրդական կարծիքին հետեւելու, Քրիստոնեաները Աստուածաշունչի սա յորդորին կ’անսան. «Մի՛ համակերպիք այս աշխարհին, հապա փոխակերպուեցէ՛ք ձեր միտքին նորոգութեամբ, որպէսզի քննէք թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի, հաճելի եւ կատարեալ է»։ (Հռովմայեցիս 12։2, ԱՎ) Վերջին ժամանակի այս վերջին հանգրուանին, Աստուծոյ կամքը ի՞նչ է իր ժողովուրդին համար, երիտասարդ թէ տարեց։ Պօղոս Տիմոթէոսը յորդորեց. «Ամէն բանի մէջ արթո՛ւն կեցիր, նեղութիւններու համբերէ՛, աւետարանիչի գործ գործէ՛, քու պաշտօնդ [«ծառայութիւնդ լիովին», ՆԱ] կատարէ՛»։ Վստահաբար ներկայիս այս խօսքերը բոլորիս կը կիրարկուին։—Բ. Տիմոթէոս 4։5
15 Փոխանակ աշխարհի նիւթապաշտական հոգիով կլանուելու, բոլորս պէտք է ‘արթուն կենանք’,– մեր հոգեւոր ընթացքին վրայ կեդրոնացած մնանք։ Եթէ երիտասարդ մըն ես, դուն քեզի հարց տուր. ‘Լաւագոյն ջանքս կը թափե՞մ՝ «ծառայութիւնս կատարելու» եւ Աստուծոյ Խօսքին որակեալ ծառայ մը դառնալու համար։ Ի՞նչ ծրագիրներ ունիմ՝ ծառայութեանս «լիովին» հետամուտ ըլլալու համար։ Նկատի առա՞ծ եմ լիաժամ ծառայութիւնը ասպարէզս դարձնել’։ Ասոնք դժուար հարցումներ են, մանաւանդ երբ տեսնես որ այլ երիտասարդներ եսասիրական հետապնդումներու անձնատուր կ’ըլլան՝ ‘մեծ բաներ փնտռելով’, որոնք փայլուն ապագայ կը խոստանան։ (Երեմեայ 45։5) Հետեւաբար, Քրիստոնեայ ծնողները իրենց զաւակներուն մատղաշ տարիքէն՝ խոհեմաբար կը հայթայթեն շիտակ հոգեւոր միջավայրն ու մարզումը։—Առակաց 22։6. Ժողովողի 12։1. Բ. Տիմոթէոս 3։14, 15
16. Քրիստոնեայ ծնողները խոհեմաբար ի՞նչպէս կրնան իրենց զաւակներուն հայթայթել շիտակ հոգեւոր միջավայրը։
16 Երկար տարիներ լիաժամ ծառայ եղող մայր մը երեք տղաք ունի։ Անդրանիկը կ’ըսէ. «Մայրս մօտէն կը հսկէր մեր ընկերակցութիւններուն վրայ։ Մեր դպրոցակիցներուն հետ չէինք ընկերակցեր. միայն ժողովքին մէջ հոգեւոր լաւ սովորութիւններ ունեցողներուն հետ կ’ընկերակցէինք։ Ան նաեւ ընկերակցութեան համար կանոնաւորաբար մեր տունը կը հրաւիրէր լիաժամ ծառաները,– միսիոնարներ, ճամբորդող տեսուչներ, Պէթէլականներ ու ռահվիրաներ։ Անոնց փորձառութիւնները մտիկ ընելով եւ անոնց ուրախութիւնը տեսնելով, մեր սիրտին մէջ լիաժամ ծառայութեան հանդէպ խոր փափաք զարգացաւ»։ Ի՜նչ ուրախութիւն է տեսնել այս երեք տղաքը լիաժամ ծառայութեան մէջ,– մէկը Պէթէլի մէջ կը ծառայէ, մէկը Ծառաներու Մարզումի Դպրոցը աւարտած է, եւ մէկը ռահվիրայ է։
17. Դպրոցական դասընթացքներ ու արհեստի մարզում ընտրելու վերաբերեալ, ծնողները իրենց զաւակներուն ի՞նչ ուղղութիւն կրնան տալ։ (Տես էջ 29–ի շրջանակը։)
17 Զօրաւոր հոգեւոր միջավայր հայթայթելէ զատ, ծնողները նաեւ սկիզբէն իրենց զաւակներուն պատշաճ ուղղութիւն պէտք է տան թէ ի՛նչ դպրոցական դասընթացքներ ու արհեստի մարզում ընտրեն։ Պէթէլի մէջ ծառայող երիտասարդ մը կ’ըսէ. «Թէ՛ հայրս եւ թէ մայրս իրենց ամուսնութենէն առաջ ու ետք ռահվիրաներ էին, եւ իրենց լաւագոյնը ըրին որ ռահվիրայական հոգին ամբողջ ընտանիքին փոխանցեն։ Երբ դպրոցական դասընթացքներ պիտի ընտրէինք կամ մեր ապագային ազդող որոշումներ պիտի կայացնէինք, անոնք միշտ մեզ կը քաջալերէին որ ընտրենք ի՛նչ որ լաւագոյն պատեհութիւնը կու տայ մեզի որ մասնակի ժամանակով գործ գտնենք ու ռահվիրայութիւն ընենք»։ Փոխանակ ակադեմական դասընթացքներ ընտրելու, որոնք համալսարանական ուսման կ’առաջնորդեն, ծնողներ ու զաւակներ նկատի պէտք է առնեն այն դասընթացքները, որոնք աստուածպետական ասպարէզ մը հետապնդելու համար օգտակար են։18. Պատանիները ի՞նչ արհեստներ կրնան նկատի առնել։
18 Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան թէ մեծ պահանջ կայ, ո՛չ թէ համալսարանաւարտներու, այլ՝ արհեստաւորներու եւ սպասարկութիւններ մատուցանողներու։ Լրագիր մը (USA Today) կը տեղեկագրէ թէ «գալիք տասնամեակներուն, աշխատողներուն 70 տոկոսը պէտք պիտի չունենայ չորս–տարուան համալսարանական վկայականի մը։ Պետական քոլէճի տուած երկու–տարուան վկայականը կամ որոշ գիտարուեստական վկայական ունենալը բաւարար պիտի ըլլայ»։ Բազմաթիւ այսպիսի հաստատութիւններ կարճ դասընթացքներ կը մատուցանեն շատ մը արհեստներու վերաբերեալ, ինչպէս՝ քարտուղարութիւն, ինքնաշարժի նորոգութիւն, համակարգիչի նորոգութիւն, կապարագործութիւն եւ վարսավիրութիւն։ Ասոնք փափաքելի՞ գործեր են։ Անշո՛ւշտ։ Թերեւս անոնք շատ գրաւիչ չեն, բայց հարկ եղած նիւթականը եւ դիւրաթեքութիւնը կ’ապահովեն անոնց՝ որոնց բուն ասպարէզը Եհովայի ծառայութիւնն է։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։8
19. Ուրախ ու գոհունակ կեանքի ամենէն ստոյգ միջոցը ի՞նչ է։
19 Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երիտասարդներ եւ կոյս աղջիկներ . . . բոլորը թող Տէրոջը անունը օրհնեն, վասն զի միայն անոր անունը բարձր է, անոր փառքը երկրէն ու երկնքէն վեր է»։ (Սաղմոս 148։12, 13) Աշխարհի մատուցած դիրքերուն եւ վարձատրութիւններուն հետ բաղդատած, Եհովայի լիաժամ ծառայելու ասպարէզը անկասկած ուրախ ու գոհունակ կեանքի ամենէն ստոյգ միջոցն է։ Ի մտի ունեցիր Աստուածաշունչի երաշխիքը. «Տէրոջ օրհնութիւնն է որ կը հարստացնէ, եւ անոր հետ ցաւ չի խառներ»։—Առակաց 10։22, ԱՎ
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 13 Տեղեկագրութիւններու համար, անոնց մասին որոնք աստուածպետական կրթութիւնը աւելի արժեւորեցին, քան՝ համալսարանական ուսումը, տես՝ Դիտարան 1 Մայիս 1982, էջ 3-6 (Անգլերէն). 15 Ապրիլ 1979, էջ 5-10 (Անգլերէն). Զարթի՛ր 8 Յունիս 1978, էջ 15. եւ 8 Օգոստոս 1974, էջ 3-7։
^ պարբ. 17 Տես՝ Զարթի՛ր 8 Հոկտեմբեր 1998, «Ապահով կեանք փնտռել», էջ 4-6, եւ 8 Մայիս 1989, «Ի՞նչ ասպարէզ պէտք է ընտրեմ», էջ 12-14։
Կրնա՞ս բացատրել
• Ապահով ապագայի համար Քրիստոնեաները ի՞նչ բանի կը վստահին։
• Քրիստոնեայ ծնողները իրենց զաւակներուն ապագային նկատմամբ ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։
• Բարձրագոյն ուսման ծախսը հաշուելու ատեն ի՞նչ բաներ նկատի պէտք է առնուին։
• Ծնողները ի՞նչպէս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ Եհովայի ծառայութեան մէջ ասպարէզ մը հետապնդեն։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Շրջանակ՝ էջ 29]
Ի՞նչ է բարձրագոյն ուսման արժէքը
Համալսարան յաճախողներուն մեծամասնութիւնը կ’ակնկալէ գիտական աստիճան մը ձեռք ձգել, որով կրնան լաւ վճարումով ու ապահով գործեր գտնել։ Սակայն կառավարական տեղեկագրութիւններ ցոյց կու տան թէ համալսարան յաճախողներուն միայն քառորդը վկայական ձեռք կը ձգէ վեց տարուան մէջ,– արդարեւ ողբալի յաջողութեան տոկոս։ Այսպէս ըլլալով հանդերձ, այդ վկայականը լաւ գործ կ’երաշխաւորէ՞։ Նկատի առ թէ ընթացիկ հետազօտութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ ի՛նչ կ’ըսեն։
«Հարվըրտ կամ Տիուք [համալսարանները] յաճախելը, ինքնաբերաբար աւելի լաւ գործ կամ բարձր վճարում չ’երաշխաւորեր։ . . . Ընկերութիւնները այս գործի թեկնածուներուն մասին շատ բան չեն գիտեր։ Փայլուն յանձնարարագիր մը (Այվի Լիկ համալսարաններէն վկայական մը) կրնայ լաւ տպաւորութիւն ձգել։ Բայց անկէ ետք, գործատէրը աւելի կը հետաքրքրուի թէ անհատը ի՛նչ կրնայ ընել եւ ի՛նչ չի կրնար ընել»։—Newsweek, 1 Նոյեմբեր 1999
«Թէեւ ներկայ աշխատանքները աւելի մեծ հմտութիւններ կը պահանջեն, քան՝ անցեալի աշխատանքները . . . , սակայն պահանջուած հմտութիւնները երկրորդականի մակարդակով են,– իններորդ դասարանի մակարդակով ուսողութիւն, կարդալ ու գրել . . . , եւ ո՛չ թէ համալսարանական մակարդակի հմտութիւններ։ . . . Աշակերտները պէտք չունին համալսարան երթալու որ լաւ գործ մը ձեռք ձգեն, բայց անհրաժեշտ է որ անոնք լաւ կերպով զարգացնեն երկրորդականի մակարդակով հմտութիւնները»։—American Educator, Գարուն 2004
«Համալսարաններուն մեծամասնութիւնը իրական աշխարհին հետ քայլ չի պահեր։ Անոնք աշակերտները չեն պատրաստեր յետ–համալսարանական աշխարհին մէջ աշխատաւորներ դառնալու։ Իսկ արհեստից վարժարանները . . . կը բարգաւաճին։ Անոնց աշակերտներուն թիւը 48 առ հարիւր աւելցաւ՝ 1996–էն 2000։ . . . Մինչ այդ, սուղ ու ժամանակ սպառող համալսարանական վկայականները նուազ արժէքաւոր դարձան»։—Time, 24 Յունուար 2005
«Մ.Ն. Աշխատանքի Նախարարութիւնը կ’ենթադրէ թէ 2005–ի ընթացքին, չորս տարի համալսարանական ուսում ստացողներուն առնուազն մէկ երրորդը պիտի չկարենան գործ գտնել, որ իրենց վկայականին համապատասխան է»։—The Futurist, Յուլիս/Օգոստոս 2000
Այս բոլորին ի տես, հետզհետէ աւելի դաստիարակներ լուրջ կասկածներ կը յայտնեն բարձրագոյն ուսման արժէքին շուրջ։ Վերոյիշեալ պարբերաթերթը (Futurist) կը նշէ. «Աշակերտներուն ուսում կը հայթայթենք՝ սխալ նպատակակէտեր ի մտի ունենալով»։ Միւս կողմէ, նկատի առ թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ մասին ի՛նչ կ’ըսէ. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ։ Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար»։—Եսայեայ 48։17, 18
[Նկար՝ էջ 31]
Քրիստոնեայ ծնողները խոհեմաբար իրենց զաւակներուն մատղաշ տարիքէն՝ զօրաւոր հոգեւոր միջավայր կը հայթայթեն