Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հաւատքո՛վ ընթացիր, եւ ո՛չ թէ տեսողութեամբ

Հաւատքո՛վ ընթացիր, եւ ո՛չ թէ տեսողութեամբ

Հաւատքո՛վ ընթացիր, եւ ո՛չ թէ տեսողութեամբ

«Հաւատքո՛վ կ’ընթանանք, եւ ո՛չ թէ տեսողութեամբ»։—Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 5։7, ԱՎ

1. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Պօղոս առաքեալ հաւատքով ընթացաւ, եւ ո՛չ թէ տեսողութեամբ։

ԹՈՒԱԿԱՆԸ Հ.Դ. 55 է։ Շուրջ 20 տարի անցած է այն ժամանակէն, երբ Քրիստոնեաները հալածող Սօղոս անունով մարդ մը Քրիստոնէութիւնը ընդունեց։ Ան թոյլ չէ տուած որ այս երկար ժամանակը Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատքը պակսեցնէ կամ տկարացնէ։ Թէեւ իր աչքերը երկնային իրականութիւնները չեն տեսած, սակայն ան հաւատքի մէջ հաստատ է։ Ուստի երկնային յոյս ունեցող օծեալ Քրիստոնեաներուն գրելով, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Հաւատքո՛վ կ’ընթանանք, եւ ո՛չ թէ տեսողութեամբ»։—Բ. Կորնթացիս 5։7, ԱՎ

2, 3. (ա) Ի՞նչպէս կ’ապացուցանենք թէ հաւատքով կ’ընթանանք։ (բ) Տեսողութեամբ ընթանալը ի՞նչ կը նշանակէ։

2 Հաւատքով ընթանալը անվերապահ վստահութիւն կը պահանջէ՝ մեր կեանքը ուղղելու Աստուծոյ կարողութեան վրայ։ Լիովին համոզուած պէտք է ըլլանք թէ ան իրապէս գիտէ թէ ի՛նչ բան մեր լաւագոյն շահերուն կը ծառայէ։ (Սաղմոս 119։66) Երբ որոշումներ կը կայացնենք եւ անոնց համաձայն կը գործենք, «չերեւցած բաներ»ը հաշուի կ’առնենք։ (Եբրայեցիս 11։1) Անոնք կը պարփակեն խոստացուած ‘նոր երկինքն ու նոր երկիրը’։ (Բ. Պետրոս 3։13) Միւս կողմէ, տեսողութեամբ ընթանալը կը նշանակէ կենցաղ մը հետապնդել, որ ղեկավարուած է միայն այն բաներով որ կը զգանք մեր ֆիզիքական զգայարանքներուն միջոցով։ Ասիկա վտանգաւոր է, քանի որ կրնայ պատճառ ըլլալ որ Աստուծոյ կամքը բոլորովին անտեսենք։—Սաղմոս 81։12. Ժողովողի 11։9

3 Ըլլանք երկնային յոյս ունեցող «պզտիկ հօտ»էն թէ երկրային յոյս ունեցող «ուրիշ ոչխարներ»էն, իւրաքանչիւրս հաւատքո՛վ եւ ո՛չ թէ տեսողութեամբ ընթանալու յորդորին պէտք է անսանք։ (Ղուկաս 12։32. Յովհաննու 10։16) Նկատի առնենք թէ այս ներշնչեալ խրատին հետեւիլը ի՛նչպէս պիտի պաշտպանէ մեզ՝ «մեղքին ժամանակաւոր զուարճութեան» անձնատուր ըլլալէ, նիւթապաշտութեան որոգայթէն եւ ներկայ իրերու դրութեան վախճանը անտեսելէ։ Նաեւ պիտի քննարկենք տեսողութեամբ ընթանալուն վտանգները։—Եբրայեցիս 11։25

«Մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը» մերժենք

4. Մովսէս ի՞նչ ընտրեց, եւ ինչո՞ւ։

4 Երեւակայէ թէ Ամրամի որդին՝ Մովսէս ինչպիսի՛ կեանք կրնար վայելել։ Վաղեմի Եգիպտոսի մէջ արքայազուններու հետ մեծցած ըլլալով, Մովսէս կրնար զօրութիւն, հարստութիւն եւ հեղինակութիւն ձեռք ձգել։ Ան թերեւս խորհէր. ‘Ես Եգիպտացիներուն թանկարժէք իմաստութեամբ կրթուած եմ, եւ զօրաւոր եմ խօսքերով ու գործերով։ Եթէ շարունակեմ թագաւորական ընտանիքին հետ կապ պահել, կրնամ դիրքս գործածել՝ հարստահարուած Եբրայեցի եղբայրներուս օգտակար ըլլալու համար’։ (Գործք 7։22) Բայց ան ընտրեց «Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ»։ Ինչո՞ւ։ Ի՞նչ բան Մովսէսը մղեց որ Եգիպտոսի հրամցուցած բոլոր բաները մերժէ։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Հաւատքով [Մովսէս] Եգիպտոսը թողուց ու չվախցաւ թագաւորին բարկութենէն. վասն զի համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր»։ (Եբրայեցիս 11։24-27) Հաւատալով թէ Եհովա վստահաբար արդարութիւնը կը վարձատրէ, Մովսէս մեղքին դէմ դրաւ ու անոր ժամանակաւոր զուարճութիւնը մերժեց։

5. Մովսէսի օրինակը ի՞նչպէս կը քաջալերէ մեզ։

5 Մենք ալ դժուար որոշումներ պէտք է կայացնենք կարգ մը հարցերու շուրջ, ինչպէս՝ ‘Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետ լիովին ներդաշնակ չեղող որոշ սովորութիւններէ պէ՞տք է հրաժարիմ։ Պէ՞տք է ընդունիմ պաշտօն մը, որ նիւթական առաւելութիւններ ունի, բայց հոգեւոր յառաջդիմութեանս արգելք պիտի հանդիսանայ’։ Մովսէսի օրինակը մեզ կը քաջալերէ որ այս աշխարհի անհեռատեսութիւնը արտացոլացնող ընտրութիւններ չընենք, այլ՝ Եհովա Աստուծոյ՝ ‘Անտեսանելիին’ հեռատես իմաստութեան հաւատք ընծայենք։ Մովսէսի նման, աւելի արժեւորենք Եհովայի բարեկամութիւնը, քան՝ աշխարհի հրամցուցած մէկ բանը։

6, 7. (ա) Եսաւ ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ կը նախընտրէր տեսողութեամբ ընթանալ։ (բ) Եսաւ ի՞նչ ազդարարական օրինակ հանդիսացաւ։

6 Մովսէսի հակապատկերն էր Եսաւ, նահապետ Իսահակի որդին։ Եսաւ անմիջական բաւարարութիւնը նախընտրեց։ (Ծննդոց 25։30-34) ‘Աստուծոյ պարգեւները արհամարհող ըլլալով’, ան «կերակուրի մը համար» իր անդրանկութեան իրաւունքներէն հրաժարեցաւ։ (Եբրայեցիս 12։16, Անթիլիաս) Ան նկատի չառաւ թէ իր ծննդեան իրաւունքը ծախելու որոշումը ի՛նչպէս պիտի ազդէր Եհովայի հետ իր յարաբերութեան կամ իր զարմին։ Ան հոգեւոր տեսողութիւն չունենալով, Աստուծոյ թանկագին խոստումները անտեսեց ու անարժէք նկատեց։ Արդարեւ Եսաւ տեսողութեամբ ընթացաւ, եւ ո՛չ թէ հաւատքով։

7 Եսաւ մեզի համար ազդարարական օրինակ կը հանդիսանայ։ (Ա. Կորնթացիս 10։11) Երբ մեծ կամ պզտիկ որոշումներ պիտի կայացնենք, Սատանայի աշխարհի պրոպականդով պէտք չէ հրապուրուինք, որ կ’ըսէ թէ ուզածդ հիմա՛ պէտք է ձեռք ձգես։ Մենք մեզի հարց տանք. ‘Կայացուցած որոշումներս կը յայտնե՞ն Եսաւի ունեցած հակումները։ Եթէ հիմա՛ ուզած բաներուս հետամուտ ըլլամ, հոգեւոր շահերը երկրորդական տեղ պիտի դրուի՞ն։ Ընտրութիւններս կը վտանգե՞ն Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնս եւ ապագայ վարձատրութիւնս։ Ուրիշներուն ինչպիսի՞ օրինակ կը հանդիսանամ’։ Եթէ մեր ընտրութիւնները սրբազան բաներուն հանդէպ գնահատութիւն կ’արտացոլացնեն, Եհովա մեզ պիտի օրհնէ։—Առակաց 10։22

Նիւթապաշտութեան որոգայթէն խուսափինք

8. Լաւոդիկէի Քրիստոնեաները ի՞նչ ազդարարութիւն ստացան, եւ ասիկա ինչո՞ւ մեզ կը հետաքրքրէ։

8 Առաջին դարու վերջաւորութեան, Յովհաննէս առաքեալին տրուած յայտնութեան մը մէջ, փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոս Փոքր Ասիայի մէջ գտնուող Լաւոդիկէի ժողովքին ազդարարական պատգամ մը ուղղեց նիւթապաշտութեան դէմ։ Թէեւ Լաւոդիկէի Քրիստոնեաները նիւթապէս հարուստ էին, սակայն հոգեւորապէս սնանկացած էին։ Փոխանակ հաւատքով ընթանալու մէջ յարատեւելու, անոնք թոյլ տուին որ նիւթական ստացուածքները իրենց հոգեւոր տեսողութիւնը աղօտեն։ (Յայտնութիւն 3։14-18) Նիւթապաշտութիւնը ներկայիս համանման ազդեցութիւն ունի։ Անիկա մեր հաւատքը կը տկարացնէ եւ պատճառ կ’ըլլայ որ չշարունակենք ‘համբերութիւնով վազել մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը’։ (Եբրայեցիս 12։1) Եթէ զգոյշ չըլլանք, «այս կեանքին ցանկութիւններ»ը կրնան հոգեւոր գործունէութիւնները բոլորովին ‘խեղդել’։—Ղուկաս 8։14

9. Գոհունակութիւնը եւ հոգեւոր կերակուրը գնահատելը ի՞նչպէս կը պաշտպանեն մեզ։

9 Հոգեւորապէս պաշտպանուելու համար գոհունակութիւն պէտք է մշակենք, քան թէ ջանանք այս աշխարհը լիովին գործածել եւ նիւթապէս հարստանալ։ (Ա. Կորնթացիս 7։31. Ա. Տիմոթէոս 6։6-8) Երբ հաւատքո՛վ ընթանանք եւ ո՛չ թէ տեսողութեամբ, ներկայ հոգեւոր դրախտին մէջ ուրախ կ’ըլլանք։ Սննդարար հոգեւոր կերակուրը վայելելով, չե՞նք մղուիր ‘սրտի ուրախութեամբ ցնծալու’։ (Եսայեայ 65։13, 14) Ասկէ զատ, Աստուծոյ հոգիին պտուղը ցուցաբերողներուն հետ ընկերակցիլը մեզի հաճոյք կը պատճառէ։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Որքա՜ն կենսական է որ Եհովայի հոգեւոր հայթայթումներով գոհունակութիւն ու թարմացում զգանք։

10. Մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է ուղղենք։

10 Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Նիւթական բաները կեանքիս մէջ ի՞նչ տեղ կը գրաւեն։ Նիւթական ստացուածքներս կը գործածեմ զեղխ կեանք մը վարելո՞ւ թէ ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջացնելու համար։ Ինծի մեծագոյն գոհունակութիւնը կու տան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը եւ քրիստոնէական ժողովներուն մէջ ընկերակցութի՞ւնը թէ քրիստոնէական պատասխանատուութիւններէ զերծ եղող շաբաթավերջերը։ Բազմաթիւ շաբաթավերջեր զբօսանքի՞ կը տրամադրեմ, փոխանակ զանոնք գործածելու դաշտի ծառայութեան եւ ճշմարիտ պաշտամունքի վերաբերեալ այլ գործունէութիւններու համար’։ Հաւատքով ընթանալը կը նշանակէ Թագաւորութեան գործին մէջ զբաղած մնալ, Եհովայի խոստումներուն լիովին վստահելով։—Ա. Կորնթացիս 15։58

Վախճանը մեր աչքին առջեւ պահենք

11. Հաւատքով ընթանալը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ վախճանը մեր աչքին առջեւ պահենք։

11 Հաւատքով ընթանալը մեզի կ’օգնէ որ մէկդի կենանք այն մարմնաւոր տեսակէտներէն թէ վախճանը շա՜տ հեռու է կամ բնա՛ւ պիտի չգայ։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ծաղրող սկեպտիկներուն հակառակը, կը զատորոշենք թէ ինչպէս աշխարհի իրադարձութիւնները կը կատարեն մեր օրերուն նկատմամբ Աստուծոյ Խօսքին նախագուշակածը։ (Բ. Պետրոս 3։3, 4) Օրինակ, ընդհանուր առմամբ մարդոց կեցուածքն ու վերաբերմունքը չե՞ն ապացուցաներ թէ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Հաւատքի աչքերով կը տեսնենք թէ աշխարհի ընթացիկ դէպքերը պարզապէս ինքզինք կրկնող պատմութիւն չեն, այլ՝ Քրիստոսի ‘գալուստին ու աշխարհիս վերջին նշանը’ կը կազմեն։—Մատթէոս 24։1-14

12. Ղուկաս 21։20, 21–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը, առաջին դարուն ի՞նչպէս կատարուեցան։

12 Նկատի առ Հ.Դ. առաջին դարուն տեղի ունեցած դէպք մը, որ մեր օրերուն զուգահեռ մը ունի։ Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդները զգուշացուց. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է։ Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին ու անոր մէջ եղողները թող հեռանան»։ (Ղուկաս 21։20, 21) Այս մարգարէութեան առ ի կատարում, Հ.Դ. 66–ին Սեսդիոս Գաղիոսի հրամանատարութեան ներքեւ եղող հռովմէական բանակները Երուսաղէմը պաշարեցին։ Բայց բանակները անակնկալօրէն քաշուեցան, հոն գտնուող Քրիստոնեաներուն առիթ ընծայելով որ ‘լեռները փախչին’։ Հ.Դ. 70–ին հռովմէական զօրքը վերադարձաւ, Երուսաղէմ քաղաքին վրայ յարձակեցաւ ու անոր տաճարը կործանեց։ Յովսեպոս կը տեղեկագրէ թէ աւելի քան մէկ միլիոն Հրեայ մեռաւ եւ 97,000 հոգի գերի տարուեցաւ։ Այդ հրէական իրերու դրութեան վրայ աստուածային դատաստանը գործադրուեցաւ։ Անոնք որ հաւատքով ընթացան ու Յիսուսի ազդարարութեան ուշադրութիւն ըրին, աղէտէն խուսափեցան։

13, 14. (ա) Ի՞նչ դէպքեր շուտով տեղի պիտի ունենան։ (բ) Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարման նկատմամբ ինչո՞ւ արթուն պէտք է մնանք։

13 Մեր օրերուն նման բան մը տեղի ունենալու վրայ է։ Միացեալ Ազգերուն մաս կազմող կարգ մը տարրերը, աստուածային դատաստանը ի գործ դնելու մէջ դեր պիտի ունենան։ Ինչպէս առաջին դարու հռովմէական բանակներուն նպատակն էր՝ Փաքս Ռոմանա (Հռովմէական Խաղաղութիւն) պահպանել, ներկայ Միացեալ Ազգերուն նպատակն է՝ խաղաղութիւնը պահող գործիք մը ըլլալ։ Թէեւ հռովմէական բանակները ջանացին այն ժամանակ ծանօթ աշխարհին մէջ յարաբերական ապահովութիւն հաստատել, սակայն անոնք Երուսաղէմը կործանող ոյժը դարձան։ Նմանապէս այսօր, Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ցոյց կու տան թէ Միացեալ Ազգերուն պատկանող զինուած ուժեր, կրօնքը պիտի նկատեն խռովարար տարր մը եւ գործի պիտի լծուին կործանելու համար արդի Երուսաղէմը՝ Քրիստոնեայ Աշխարհը՝ եւ Մեծ Բաբելոնի մնացեալ մասը։ (Յայտնութիւն 17։12-17) Այո, սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը կործանումի սեմին կը գտնուի։

14 Սուտ կրօնքին կործանումը մեծ նեղութեան սկսիլը պիտի նշէ։ Մեծ նեղութեան վերջին հանգրուանին, իրերու այս չար դրութեան մնացեալ տարրերը պիտի կործանին։ (Մատթէոս 24։29, 30. Յայտնութիւն 16։14, 16) Հաւատքով ընթանալը մեզ արթուն կը պահէ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարման նկատմամբ։ Մենք չենք խաբուիր՝ խորհելով թէ Միացեալ Ազգերուն նման մարդակերտ գործակալութիւն մը, իսկական խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն բերելու Աստուծոյ միջոցն է։ Ուստի մեր կենցաղը ցոյց պէտք չէ՞ տայ թէ համոզուած ենք որ «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է»։—Սոփոնեայ 1։14

Տեսողութեամբ ընթանալը որքա՞ն վտանգաւոր է

15. Աստուծոյ օրհնութիւնները վայելելով հանդերձ, Իսրայէլ ազգը ի՞նչ ծուղակի մէջ ինկաւ։

15 Վաղեմի Իսրայէլի փորձառութիւնները ցոյց կու տան թէ տեսողութեամբ ընթանալը կրնայ անհատին հաւատքը տկարացնել։ Իսրայելացիները Եգիպտոսի չաստուածները նուաստացնող տասը պատուհասներուն ականատես եղան ու Կարմիր ծովը տպաւորիչ կերպով կտրեցին։ Այսուհանդերձ անոնք անհնազանդ գտնուելով ոսկի հորթ մը շինեցին եւ սկսան զայն պաշտել։ Անոնք անհամբեր դարձան ու Մովսէսի սպասելէ ձանձրացան, որ «ուշացաւ լեռնէն իջնելու»։ (Ելից 32։1-4) Անհամբերութիւնը զիրենք մղեց տեսանելի կուռք մը պաշտելու։ Անոնց տեսողութեամբ ընթանալը նախատինք բերաւ Եհովայի վրայ ու պատճառ եղաւ որ «ժողովուրդէն երեք հազար մարդու չափ իյնան»։ (Ելից 32։25-29) Որքա՜ն ցաւալի է երբ այսօր Եհովայի երկրպագու մը որոշումներ կը կայացնէ, որոնք Եհովայի հանդէպ եւ Իր խոստումները կատարելու իր կարողութեան հանդէպ անվստահութիւն ցոյց կու տան։

16. Արտաքին երեւոյթները ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան Իսրայելացիներուն վրայ։

16 Ուրիշ կերպերով ալ արտաքին երեւոյթները բացասական ազդեցութիւն ունեցան Իսրայելացիներուն վրայ։ Տեսողութեամբ ընթանալը պատճառ եղաւ որ իրենց թշնամիներէն սարսափին։ (Թուոց 13։29, 33. Բ. Օրինաց 1։28) Նաեւ, անոնք Մովսէսի աստուածատուր հեղինակութիւնը հարցականի տակ դրին ու իրենց վիճակէն դժգոհեցան։ Այս անհաւատութիւնը ճամբան հարթեց որ նախընտրեն դեւերու իշխանութեան ենթարկուած Եգիպտոսը, քան՝ Խոստացեալ Երկիրը։ (Թուոց 14։1-4. Սաղմոս 106։24) Եհովա որքա՜ն ցաւ զգացած ըլլալու էր, տեսնելով թէ ինչպէս իր ժողովուրդը զինք բոլորովին չյարգեցին որպէս իրենց անտեսանելի Թագաւորը։

17. Սամուէլի օրերուն ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ Իսրայելացիները Եհովայի առաջնորդութիւնը մերժեն։

17 Սամուէլ մարգարէին օրերուն ալ Իսրայէլ ազգը տեսողութեամբ ընթանալու ծուղակին մէջ ինկաւ։ Անոնք սկսան տեսանելի թագաւոր մը ուզել։ Թէեւ Եհովա ապացուցանած էր թէ ինք իրենց Թագաւորն էր, սակայն ասիկա իրենց համար բաւարար չէր որ հաւատքով ընթանային։ (Ա. Թագաւորաց 8։4-9) Ի վնաս իրենց, անոնք անմտօրէն մերժեցին Եհովայի անթերի առաջնորդութիւնը, նախընտրելով շրջակայ ազգերուն պէս ըլլալ։—Ա. Թագաւորաց 8։19, 20

18. Տեսողութեամբ ընթանալուն վտանգներուն մասին ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ։

18 Որպէս Եհովայի այժմու ծառաները, Աստուծոյ հետ մեր լաւ յարաբերութիւնը կ’արժեւորենք։ Մեծ փափաք ունինք անցեալի դէպքերէն քաղուած արժէքաւոր դասեր սորվելու ու մեր կեանքին մէջ կիրարկելու։ (Հռովմայեցիս 15։4) Երբ Իսրայելացիները տեսողութեամբ ընթացան, մոռցան թէ Աստուած Մովսէսի միջոցով զիրենք կ’առաջնորդէր։ Եթէ զգոյշ չըլլանք, մենք ալ կրնանք մոռնալ թէ Եհովա Աստուած ու Մեծագոյն Մովսէսը՝ Յիսուս Քրիստոս, ներկայիս քրիստոնէական ժողովքը կ’առաջնորդեն։ (Յայտնութիւն 1։12-16) Պէտք է զգուշանանք Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասին հանդէպ մարդկային տեսակէտ որդեգրելէ, որ կրնայ գանգատող հոգի յառաջ բերել ու պատճառ ըլլալ որ Եհովայի ներկայացուցիչները եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հայթայթած հոգեւոր սնունդը չգնահատենք։—Մատթէոս 24։45

Վճռենք հաւատքով ընթանալ

19, 20. Ի՞նչ վճռած ես ընել, եւ ինչո՞ւ։

19 Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ»։ (Եփեսացիս 6։12) Մեր գլխաւոր թշնամին Բանսարկուն է, իսկ անոր նպատակն է՝ Եհովայի հանդէպ մեր հաւատքը կործանել։ Ան ամէն տեսակ համոզում պիտի գործածէ որ Աստուծոյ ծառայելու մեր որոշումէն մեզ շեղեցնէ։ (Ա. Պետրոս 5։8) Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ Սատանայի դրութեան դրսերեւոյթէն չխաբուինք։ Հաւատքո՛վ ընթանալը, եւ ո՛չ թէ տեսողութեամբ։ Եհովայի խոստումներուն հանդէպ վստահութիւն ունենալը մեզ պիտի պաշտպանէ որ ‘հաւատքի վերաբերեալ նաւակոծութիւն չկրենք’։ (Ա. Տիմոթէոս 1։19) Ուստի ամէն գնով վճռենք շարունակել հաւատքով ընթանալ, Եհովայի օրհնութենէն լիովին վստահ ըլլալով։ Նաեւ ամէն ատեն աղօթք ընենք որ մօտ ապագային տեղի ունենալիք բոլոր բաներէն ազատինք։—Ղուկաս 21։36

20 Մինչ հաւատքո՛վ կ’ընթանանք եւ ո՛չ թէ տեսողութեամբ, ընտիր Տիպար մը ունինք։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք»։ (Ա. Պետրոս 2։21) Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ թէ ի՛նչպէս կրնանք անոր քայլերուն հետեւիլ։

Կը յիշե՞ս

• Հաւատքով եւ ո՛չ թէ տեսողութեամբ ընթանալու մասին, Մովսէսի ու Եսաւի օրինակէն ի՞նչ սորվեցար։

• Նիւթապաշտութենէն խուսափելու մէկ բանալին ի՞նչ է։

• Հաւատքով ընթանալը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ որ զգուշանանք այն տեսակէտէն թէ վախճանը շա՜տ հեռու է։

• Տեսողութեամբ ընթանալը ինչո՞ւ վտանգաւոր է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 13]

Մովսէս հաւատքով ընթացաւ

[Նկար՝ էջ 14]

Յաճախ զբօսանքը քեզ աստուածպետական գործունէութիւններէն հեռու կը պահէ՞

[Նկար՝ էջ 16]

Աստուծոյ Խօսքին ուշադրութիւն ընծայելը ի՞նչպէս քեզ կը պաշտպանէ