Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շարունակէ՛ ընթանալ ա՛յնպէս՝ ինչպէս Յիսուս Քրիստոս ընթացաւ

Շարունակէ՛ ընթանալ ա՛յնպէս՝ ինչպէս Յիսուս Քրիստոս ընթացաւ

Շարունակէ՛ ընթանալ ա՛յնպէս՝ ինչպէս Յիսուս Քրիստոս ընթացաւ

«Ո՛վ որ կ’ըսէ թէ կը բնակի անոր [Աստուծոյ] մէջ, պարտաւոր է ընթանալ ա՛յնպէս՝ ինչպէս ա՛ն [Յիսուս] ընթացաւ»։—Ա. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2։6, ԱՎ

1, 2. Յիսուսի ուշադրութեամբ նայիլը ի՞նչ կը պարփակէ։

«ՊՕՂՈՍ առաքեալ գրեց. «Համբերութեամբ ընթանանք դէպի մրցասպարէզ, որ բացուած է մեր առջեւ. [«ուշադրութեամբ», ՆԱ] նայինք Յիսուսին՝ հաւատքի զօրագլուխին [«Գլխաւոր Գործակալին», ՆԱ], զայն կատարեալ դարձնողին»։ (Եբրայեցիս 12։1, 2, Երուսաղէմ) Հաւատարմութեան ընթացքին հետեւիլը կը պահանջէ որ ուշադրութեամբ Յիսուս Քրիստոսի նայինք։

2 «Ուշադրութեամբ նայիլ» թարգմանուած բնագրային բառը, ինչպէս գործածուած է քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, կը նշանակէ՝ «ուշադրութիւնը ուղղել առանց ցրուածութեան», «աչքը հեռացնել բանէ մը՝ ուրիշը տեսնելու համար», «աչքը բանի մը սեւեռել»։ Աշխատասիրութիւն մը կը նշէ. «Այդ րոպէին որ Յոյն վազորդը մարզադաշտին մէջ իր ուշադրութիւնը կը հեռացնէ վազքէն ու նպատակակէտէն եւ կը նայի հանդիսատեսներուն, իր արագութիւնը կը դանդաղի։ Նոյնն է պարագան Քրիստոնեային»։ Ցրուածութիւնը կրնայ մեր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը խափանել։ Ուշադրութեամբ պէտք է նայինք Յիսուս Քրիստոսի։ Իսկ Գլխաւոր Գործակալին մէջ ի՞նչ կը փնտռենք։ «Գլխաւոր Գործակալ» թարգմանուած Յունարէն բառը կը նշանակէ «գլխաւոր առաջնորդ, մէկը որ որեւէ բանի մէջ առաջնորդութիւն կ’առնէ, եւ օրինակ կը հանդիսանայ»։ Յիսուսի ուշադրութեամբ նայիլը կը պահանջէ իր օրինակին հետեւիլ։

3, 4. (ա) Ընթանալը ա՛յնպէս՝ ինչպէս Յիսուս Քրիստոս ընթացաւ, ի՞նչ կը պահանջէ մեզմէ։ (բ) Ո՞ր հարցումները մեր ուշադրութեան արժանի են։

3 Աստուածաշունչը կը նշէ. «Ո՛վ որ կ’ըսէ թէ կը բնակի անոր [Աստուծոյ] մէջ, պարտաւոր է ընթանալ ա՛յնպէս՝ ինչպէս ա՛ն [Յիսուս] ընթացաւ»։ (Ա. Յովհաննու 2։6, ԱՎ) Աստուծոյ միացած պէտք է մնանք՝ Յիսուսի պատուէրները պահելով, ինչպէս ինք իր Հօր պատուէրները պահեց։—Յովհաննու 15։10

4 Ուստի ընթանալը ա՛յնպէս՝ ինչպէս Յիսուս ընթացաւ, կը պահանջէ որ զինք մօտէն դիտենք որպէս Գլխաւոր Առաջնորդը եւ իր քայլերուն սերտօրէն հետեւինք։ Այս ուղղութեամբ նկատի առնուելիք կարեւոր հարցումներն են. ներկայիս Քրիստոս ի՞նչպէս մեզ կ’առաջնորդէ։ Անոր ընթանալու կերպը ընդօրինակելը ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեզի։ Յիսուս Քրիստոսի ձգած նմոյշին յարիլը ի՞նչ օգուտներ կը բերէ։

Քրիստոս իր հետեւորդները ի՛նչպէս կ’առաջնորդէ

5. Յիսուս երկինք համբառնալէ առաջ, իր հետեւորդներուն ի՞նչ խոստացաւ։

5 Երկինք համբառնալէ առաջ, յարուցեալ Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն երեւցաւ եւ անոնց կարեւոր գործ մը նշանակեց։ Ան ըսաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք»։ Այդ ատեն Գլխաւոր Առաջնորդը նաեւ խոստացաւ անոնց հետ ըլլալ, մինչ այս նշանակումը կը կատարեն, ըսելով. «Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Յիսուս Քրիստոս ի՞նչպէս իր հետեւորդներուն հետ է ներկայիս՝ իրերու դրութեան վախճանին։

6, 7. Յիսուս ի՞նչպէս սուրբ հոգիին միջոցով մեզ կ’առաջնորդէ։

6 Յիսուս ըսաւ. «Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ մտքերնիդ պիտի բերէ»։ (Յովհաննու 14։26) Այսօր, Յիսուսի անունով ղրկուած սուրբ հոգին մեզ կ’առաջնորդէ ու կը զօրացնէ։ Անիկա մեզ հոգեւորապէս կը լուսաւորէ եւ մեզի կ’օգնէ «Աստուծոյ խորունկ բաներ»ը հասկնալու։ (Ա. Կորնթացիս 2։10) Ասկէ զատ, աստուածային սա յատկութիւնները՝ «սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն [«հաւատք», Երուսաղէմ], հեզութիւն, ժուժկալութիւն», «հոգիին պտուղ»ն են։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Սուրբ հոգիին օգնութեամբ, կրնանք այս յատկութիւնները մշակել։

7 Մինչ Սուրբ Գրութիւնները կ’ուսումնասիրենք եւ կը ջանանք մեր սորվածը կիրարկել, Եհովայի հոգին մեզի կ’օգնէ որ աճինք իմաստութեան, խորատեսութեան, հասկացողութեան, գիտութեան, դատողութեան եւ խորհելու կարողութեան մէջ։ (Առակաց 2։1-11) Սուրբ հոգին նաեւ մեզի կ’օգնէ որ փորձութիւններու տոկանք։ (Ա. Կորնթացիս 10։13. Բ. Կորնթացիս 4։7. Փիլիպպեցիս 4։13) Քրիստոնեաներուն յորդոր կը տրուի որ ‘իրենց անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրեն’։ (Բ. Կորնթացիս 7։1) Առանց սուրբ հոգիին օգնութեան, իրապէս կրնա՞նք Աստուծոյ սրբութեան կամ մաքրութեան պահանջին գոհացում տալ։ Այսօր, մեզ առաջնորդելու համար Յիսուսի գործածած մէկ միջոցն է սուրբ հոգին, որ իր տրամադրութեան տակ դրուած է Եհովա Աստուծոյ կողմէ։—Մատթէոս 28։18

8, 9. Քրիստոս ի՞նչպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կը գործածէ առաջնորդութիւն հայթայթելու համար։

8 Նկատի առ ուրիշ միջոց մը, որով Քրիստոս ներկայիս ժողովքը կ’առաջնորդէ։ Իր ներկայութեան եւ իրերու դրութեան վախճանին մասին խօսելով, Յիսուս ըսաւ. «Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէս զի ատենին անոնց կերակուր տայ։ Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատեն պիտի տեսնէ թէ այնպէս ըրած է։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա»։—Մատթէոս 24։3, 45-47

9 «Տէրը»՝ Յիսուս Քրիստոսն է։ «Ծառան»՝ երկրի վրայ օծեալ Քրիստոնեաներուն խումբն է։ Այս ծառայ դասակարգին վստահուած է Յիսուսի երկրային շահերուն հոգ տանիլ եւ ատենին հոգեւոր կերակուր հայթայթել։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» դասակարգէն որակեալ տեսուչներու խմբակ մը կը կազմէ Կառավարիչ Մարմինը, որ կը ծառայէ իբրեւ ծառայ դասակարգին ներկայացուցիչը։ Անոնք կ’ուղղեն Թագաւորութեան համաշխարհային քարոզչութիւնը եւ ատենին հոգեւոր կերակուրին մատակարարուիլը։ Ուստի Քրիստոս ժողովքը կ’առաջնորդէ հոգիէն օծուած «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին եւ անոր Կառավարիչ Մարմինին միջոցով։

10. Երէցները ի՞նչպէս պէտք է նկատենք, եւ ինչո՞ւ։

10 Քրիստոսի առաջնորդութեան ուրիշ մէկ յայտնաբերումն են՝ որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկը,– Քրիստոնեայ երէցները կամ տեսուչները։ Անոնք տրուած են «սուրբերուն կատարելութեանը համար, պաշտօնին գործին համար, Քրիստոսին մարմնին շինութեանը համար»։ (Եփեսացիս 4։8, 11, 12) Անոնց նկատմամբ Եբրայեցիս 13։7–ն կ’ըսէ. «Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խօսքը ձեզի խօսեցան եւ անոնց վարմունքին վախճանին նայելով իրենց հաւատքին նմանեցէք»։ Երէցները ժողովքին մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնեն, եւ քանի որ Քրիստոս Յիսուսը կ’ընդօրինակեն, անոնց հաւատքը ընդօրինակուելու արժանի է։ (Ա. Կորնթացիս 11։1) Երէցներու կարգադրութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը կրնանք ցուցաբերել, ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդոց’ հնազանդելով ու ենթարկուելով։—Եբրայեցիս 13։17

11. Քրիստոս ներկայիս ի՞նչ միջոցներով իր հետեւորդները կ’առաջնորդէ, եւ ի՞նչ կը պարփակէ ընթանալը ա՛յնպէս՝ ինչպէս ինք ընթացաւ։

11 Այո, Յիսուս Քրիստոս ներկայիս իր հետեւորդները կ’առաջնորդէ՝ սուրբ հոգիին, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին եւ ժողովքի երէցներուն միջոցով։ Մեր ընթանալը ա՛յնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս ընթացաւ, կը պարփակէ ըմբռնել իր առաջնորդելու կերպը եւ անոր ենթարկուիլ, ինչպէս նաեւ կը պահանջէ որ իր քալուածքը ընդօրինակենք։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ՝ օրինակ տալով ձեզի, որպէսզի իր հետքերով քալէք»։ (Ա. Պետրոս 2։21, Անթիլիաս) Յիսուսի կատարեալ օրինակին հետեւիլը ի՞նչ կերպով պէտք է ազդէ մեզի։

Հեղինակութիւնդ բանաւորութեա՛մբ գործածէ

12. Քրիստոսի օրինակին ո՞ր երեսակը յատկապէս կը հետաքրքրէ ժողովքի երէցները։

12 Թէեւ Յիսուս իր Հօրմէն անբաղդատելի հեղինակութիւն ստացած էր, սակայն զայն բանեցնելու մէջ բանաւոր էր։ Ժողովքին բոլոր անդամները,– յատկապէս տեսուչները,– ‘իրենց բանաւորութիւնը ամէն մարդու յայտնի պէտք է ընեն’։ (Փիլիպպեցիս 4։5, ՆԱ. Ա. Տիմոթէոս 3։2, 3) Որովհետեւ երէցները ժողովքին մէջ որոշ չափով հեղինակութիւն ունին, էական է որ զայն գործածելու մէջ Քրիստոսի ոտնահետքերուն հետեւին։

13, 14. Երէցները ի՞նչ կերպով կրնան Քրիստոսը ընդօրինակել, երբ ուրիշները կը քաջալերեն որ Աստուծոյ ծառայեն։

13 Յիսուս իր աշակերտներուն սահմանափակումները հաշուի առաւ, եւ անոնց կարողութենէն վեր եղող բաներ չպահանջեց։ (Յովհաննու 16։12) Առանց ճնշում բանեցնելու, Յիսուս իր հետեւորդները քաջալերեց որ Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ ‘ջանք ընեն’։ (Ղուկաս 13։24) Ան ասիկա ըրաւ՝ առաջնորդութիւնը առնելով եւ անոնց սիրտին կոչ ընելով։ Նոյնպէս այսօր, Քրիստոնեայ երէցները ուրիշները ամչցնելով չեն մղեր որ Աստուծոյ ծառայեն, այլ՝ զանոնք կը քաջալերեն որ Եհովայի, Յիսուսի եւ մարդոց հանդէպ սէրէ մղուած ծառայեն։—Մատթէոս 22։37-39

14 Յիսուս իրեն վստահուած հեղինակութիւնը չարաչար չգործածեց, մարդոց կեանքը ղեկավարելով։ Ան ո՛չ անհասանելի չափանիշներ դրաւ, ո՛չ ալ՝ անհամար կանոններ։ Անոր մեթոտն էր ուրիշները խթանել՝ անոնց սիրտին հասցնելով Մովսիսական Օրէնքի սկզբունքները։ (Մատթէոս 5։27, 28) Յիսուս Քրիստոսը ընդօրինակելով, երէցները ետ կը կենան կամայական կանոններ դնելէ կամ իրենց անձնական տեսակէտները պնդելէ։ Հագուելակերպի ու յարդարանքի կամ զբօսանքի ու ժամանցի հարցերուն մէջ, երէցները կը ջանան ուրիշներու սիրտին հասնիլ, գործածելով աստուածային սկզբունքներ, ինչպէս՝ անոնք որ նշուած են Միքիայ 6։8, Ա. Կորնթացիս 10։31-33 եւ Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10–ի մէջ։

Կարեկից ու ներո՛ղ եղիր

15. Յիսուս իր աշակերտներուն թերացումներուն ի՞նչպէս հակազդեց։

15 Քրիստոս իր աշակերտներուն թերացումներն ու սխալները ձեռք առնելու կերպին մէջ մեզի օրինակ հանդիսացաւ։ Նկատի առ երկու դէպք, որոնք տեղի ունեցան իր մարդկային կեանքին վերջին գիշերը։ Գեթսեմանի հասնելէ ետք, Յիսուս ‘իրեն հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոսը ու Յովհաննէսը’, եւ անոնց ըսաւ որ ‘արթուն մնան’։ Ապա «քիչ մը առջեւ երթալով՝ իր երեսին վրայ գետինը ինկաւ եւ աղօթք ըրաւ»։ Երբ վերադարձաւ, ան «զանոնք քնացած գտաւ»։ Ի՞նչպէս հակազդեց։ Ան ըսաւ. «Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար»։ (Մարկոս 14։32-38) Փոխանակ Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը խստօրէն յանդիմանելու, ան կարեկցութիւն ցուցաբերեց։ Նոյն գիշերը, Պետրոս երեք անգամ Յիսուսը ուրացաւ։ (Մարկոս 14։66-72) Անկէ ետք, Յիսուս Պետրոսի հետ ի՞նչպէս վարուեցաւ։ «Տէրը յարութիւն առաւ ու Սիմոնին [Պետրոսի] երեւցաւ»։ (Ղուկաս 24։34) Ան «երեւցաւ Կեփասին», կ’ըսէ Աստուածաշունչը, «ու ետքը տասներկուքին»։ (Ա. Կորնթացիս 15։5) Փոխանակ ընդվզելու, Յիսուս զղջացող առաքեալին ներեց եւ զօրացուց։ Հետագային, Յիսուս մեծ պատասխանատուութիւններ յանձնեց Պետրոսի։—Գործք 2։14. 8։14-17. 10։44, 45

16. Ի՞նչպէս կրնանք ընթանալ ա՛յնպէս՝ ինչպէս Յիսուս ընթացաւ, երբ մեր հաւատակիցները մեզ յուսախաբ ընեն կամ ձեւով մը մեզ վիրաւորեն։

16 Երբ մեր հաւատակիցները մարդկային անկատարութեան պատճառով մեզ յուսախաբ ընեն կամ ձեւով մը մեզ վիրաւորեն, մենք ալ Յիսուսի նման կարեկից եւ ներող պէտք չէ՞ ըլլանք։ Պետրոս իր հաւատակիցները յորդորեց. «Ամէնքդ մէկ մտքի վրայ եղէք, կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ։ Չըլլայ որ չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանէք կամ նախատինքի փոխարէն՝ նախատինք, այլ ընդհակառակն՝ օրհնեցէ՛ք»։ (Ա. Պետրոս 3։8, 9) Իսկ եթէ անհատ մը մեզի հետ Յիսուսի նման չվարուի, մերժելով կարեկից կամ ներող ըլլալ, մենք պարտաւոր ենք Յիսուսը ընդօրինակել եւ ա՛յնպէս ընդառաջել՝ ինչպէս ինք պիտի ընդառաջէր։—Ա. Յովհաննու 3։16

Թագաւորութեան շահերը առաջի՛ն տեղը դիր

17. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Յիսուս Աստուծոյ կամքը կատարելը իր կեանքին մէջ առաջին տեղը դրաւ։

17 Դեռ ուրիշ կերպով մըն ալ պէտք է ընթանանք ա՛յնպէս՝ ինչպէս Յիսուս Քրիստոս ընթացաւ։ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը յայտարարելը կազմեց Յիսուսի կեանքին առանցքը։ Սամարիայի մէջ Սուքար քաղաքին մօտ, Սամարացի կնոջ քարոզելէ ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ»։ (Յովհաննու 4։34) Իր Հօր կամքը կատարելը Յիսուսը կազդուրեց. ուտելիքի նման՝ իրեն գոհունակութիւն ու թարմացում տուաւ։ Այո, Յիսուսը ընդօրինակելով՝ Աստուծոյ կամքը կատարելու վրայ կեդրոնացած մնալը, ճամբան կը հարթէ որ իսկապէս իմաստալից ու գոհացուցիչ կեանք մը վարենք։

18. Ի՞նչ օրհնութիւններ յառաջ կու գան, երբ զաւակներուն քաջալերութիւն կը տրուի որ լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեն։

18 Երբ ծնողներ իրենց զաւակները կը քաջալերեն որ լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեն, թէ՛ իրենք եւ թէ իրենց զաւակները բազմաթիւ օրհնութիւններ կը ստանան։ Զուգածին մանչեր ունեցող հայր մը, անոնց մատղաշ տարիքէն իրենց առջեւ ռահվիրայութեան նպատակակէտը դրաւ։ Անոնք իրենց ուսումը ամբողջացնելէ ետք, ռահվիրաներ եղան։ Իր վայելած ուրախութիւններուն մասին խոկալով, հայրը կը գրէ. «Մեր տղաքը մեզ յուսախաբ չըրին։ Երախտապարտօրէն կրնանք ըսել. ‘Տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են’»։ (Սաղմոս 127։3) Իսկ զաւակները լիաժամ ծառայութեան հետամուտ ըլլալով ի՞նչպէս կ’օգտուին։ Հինգ զաւակի տէր մայր մը կ’ըսէ. «Ռահվիրայութիւնը բոլոր զաւակներուս օգնած է որ Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն մշակեն, անոնց անձնական ուսումնասիրութեան սովորութիւնները բարելաւած է, զանոնք մարզած է որ ժամանակը իմաստութեամբ գործածեն, եւ օգնած է որ հոգեւոր բաները իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը դնեն։ Թէեւ բոլորը ստիպուած էին բազմաթիւ ճշդումներ ընել, սակայն ո՛չ մէկը իր ընտրած ճամբային համար կը զղջայ»։

19. Պատանիները ապագայի համար ի՞նչ ծրագիրներ իմաստութեամբ նկատի պէտք է առնեն։

19 Պատանինե՛ր, ապագայի համար ձեր ծրագիրները ի՞նչ են։ Կը ձգտի՞ք որոշ արհեստի մը մէջ մասնագիտանալ։ Կամ, ջանք կը թափէ՞ք որ լիաժամ ծառայութեան ասպարէզին մէջ մտնէք։ Պօղոս յորդորեց. «Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք, վասն զի օրերս չար են։ Անոր համար անմիտ մի՛ ըլլաք, հապա իմացէք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը»։—Եփեսացիս 5։15-17

Հաւատարի՛մ եղիր

20, 21. Յիսուս ի՞նչ կերպով հաւատարիմ էր, եւ ի՞նչպէս կրնանք իր հաւատարմութիւնը ընդօրինակել։

20 Ընթանալը ա՛յնպէս՝ ինչպէս Յիսուս ընթացաւ, կը պահանջէ որ իր հաւատարմութիւնը ընդօրինակենք։ Յիսուսի հաւատարմութեան մասին, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով՝ ան յափշտակութիւն մը չհամարեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը, հապա ունայնացուց ինքզինք, իր վրայ առաւ ծառայի մը կերպարանքը եւ նմանեցաւ մարդոց. գտնուելով մարդկային կերպարով՝ խոնարհեցուց ինքզինք ու հնազանդ եղաւ մինչեւ մահ, նոյնիսկ՝ խաչին մահը»։ Յիսուս հաւատարմօրէն Եհովայի գերիշխանութիւնը վեր բռնեց, Իր կամքին ենթարկուելով։ Ան հնազանդ գտնուեցաւ մինչեւ իր վերջին շունչը չարչարանքի ցիցին վրայ։ ‘Այս մտածումը պէտք է ունենանք’ եւ հաւատարմօրէն Աստուծոյ կամքը կատարենք։—Փիլիպպեցիս 2։5-8, ԱՎ

21 Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն հանդէպ ալ հաւատարմութիւն ցուցաբերեց։ Հակառակ անոնց տկարութիւններուն եւ անկատարութիւններուն, Յիսուս զանոնք «մինչեւ վերջ» սիրեց։ (Յովհաննու 13։1) Նմանապէս, պէտք չէ թոյլ տանք որ մեր եղբայրներուն անկատարութիւնները պատճառ ըլլան որ քննադատական կեցուածք որդեգրենք։

Յիսուսի ձգած օրինակին կառչէ՛

22, 23. Յիսուսի ձգած օրինակին յարելով ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք։

22 Անկատար մարդիկ ըլլալով, անշուշտ չենք կրնար մեր կատարեալ Տիպարին ոտնահետքերուն ճշգրտօրէն հետեւիլ։ Այսուհանդերձ կրնանք ջանք թափել որ անոր քայլերուն սերտօրէն հետեւինք։ Ասիկա կը պահանջէ որ Քրիստոսի առաջնորդելու կերպը ըմբռնենք ու անոր ենթարկուինք, եւ անոր ձգած օրինակին յարինք։

23 Քրիստոսը ընդօրինակելը բազմաթիւ օրհնութիւններ կը բերէ։ Մեր կեանքը աւելի իմաստալից ու գոհացուցիչ կը դառնայ, քանի որ կը կեդրոնանանք Աստուծո՛յ կամքը եւ ո՛չ թէ մեր կամքը կատարելու վրայ։ (Յովհաննու 5։30. 6։38) Մաքուր խղճմտանք կ’ունենանք։ Մեր ընթացքը օրինակելի կը դառնայ։ Յիսուս բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուած անհատները հրաւիրեց որ իրեն գան ու իրենց անձերուն հանգստութիւն գտնեն։ (Մատթէոս 11։28-30) Երբ Յիսուսի օրինակին կը հետեւինք, մենք ալ մեր ընկերակցութեամբ կրնանք ուրիշները թարմացնել։ Ուստի շարունակենք ընթանալ ա՛յնպէս՝ ինչպէս Յիսուս ընթացաւ։

Կը յիշե՞ս

• Ներկայիս Քրիստոս իր հետեւորդները ի՞նչպէս կ’առաջնորդէ։

• Երէցները իրենց աստուածատուր հեղինակութիւնը գործածելու մէջ ի՞նչպէս կրնան Քրիստոսի առաջնորդութեան հետեւիլ։

• Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսի օրինակին հետեւիլ, երբ ուրիշներու թերութիւնները խնդիր յարուցանեն։

• Պատանիները ի՞նչպէս կրնան Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 19]

Քրիստոնեայ երէցները մեզի կ’օգնեն Քրիստոսի առաջնորդութեան հետեւելու

[Նկարներ՝ էջ 20]

Պատանինե՛ր, վարձահատոյց քրիստոնէական կեանքի մը համար ի՞նչ ծրագիրներ կ’ընէք