Օգնութիւն՝ մեր զգացումները զսպելու համար
Օգնութիւն՝ մեր զգացումները զսպելու համար
ԵՐԲԵՄՆ կը զգա՞ս թէ բացասական զգացումներու գերի դարձած ես։ Դիւրա՞ւ կը նեղուիս, կը բարկանաս կամ կ’ընդվզիս։ Կեանքի հոգերը քեզ կը ծանրաբեռնե՞ն։ Ի՞նչ բան կրնայ օգնել։
Զգացական հակազդեցութիւնները մարդկային փորձառութեան անբաժան մէկ մասն են։ Երբ պատշաճօրէն ղեկավարուին, անոնք կեանքը աւելի հետաքրքրական կը դարձնեն։ Սակայն Աստուածաշունչը կը հաստատէ թէ «հարստահարութիւնը իմաստունը կը խենթացնէ»։ (Ժողովողի 7։7, ԱՎ) Աշխարհի մը մէջ, ուր բռնութիւնը եւ արկածները շատ սովորական են, ո՞վ զգացականօրէն չէ ազդուած իր շուրջը տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն։ Միւս կողմէ, Սուրբ Գրութիւնները նաեւ կ’ըսեն. «Մարդս իր գործերովը ուրախ ըլլալէ զատ ուրիշ աղէկութիւն մը չունի»։ (Ժողովողի 3։22) Ուստի կեանքը աւելի հաճոյալի դարձնելու համար, պէտք է սորվինք ուրախ ըլլալ՝ դրական զգացումներ մշակելով։ Ի՞նչպէս կրնանք օգտաշատ զգացումներ սնուցանել եւ վնասակար զգացումները նուաճել։
Գործնական քայլեր առնելը յաճախ կը նուազեցնէ մեր բացասական զգացումներուն ուժգնութիւնը։ Օրինակ, երբ մտահոգուինք այնպիսի հարցերու մասին, որոնք չենք կրնար հակակշռի տակ առնել, աւելի լաւ չէ՞ որ մեր սովորամոլութիւնը կամ միջավայրը փոխենք, քան՝ մտատանջութեան մէջ ընկղմինք։ Քալելով պտըտիլը, հանդարտեցուցիչ երաժշտութիւն մը ունկնդրելը, մարզանք ընելը կամ կարիքաւորի մը բարիք ընելը, կրնայ որոշ չափով մեզ հանգստացնել եւ ուրախացնել։—Գործք 20։35
Սակայն բացասական խորհուրդները վանելու լաւագոյն կերպն է՝ Ստեղծիչին վստահիլ։ Երբ ժխտական մտածումը կը յարատեւէ, աղօթքով ‘մեր ամէն հոգը Աստուծոյ վրայ պէտք է ձգենք’։ (Ա. Պետրոս 5։6, 7) Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է . . . ։ Արդարին նեղութիւնները շատ են, բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա»։ (Սաղմոս 34։18, 19) Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուած կրնայ մեր ‘օգնականն ու փրկիչը’ ըլլալ։ (Սաղմոս 40։17) Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով եւ խոկալով այն վառ օրինակներուն վրայ, որոնք ցոյց կու տան Իր ծառաներուն բարօրութեամբ Աստուծոյ հետաքրքրուիլը։