Ամբարտաւան սիրտ զարգացնելէ զգուշացի՛ր
Ամբարտաւան սիրտ զարգացնելէ զգուշացի՛ր
«Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ»։—ՅԱԿՈԲՈՒ 4։6
1. Պատշաճ հպարտութեան մէկ օրինակը տուր։
ԴԷՊՔ մը սիրտդ հպարտութեամբ լեցուցա՞ծ է։ Մեզմէ շատեր այդ հաճելի զգացումը ունեցած են։ Որոշ չափով հպարտ զգալը սխալ չէ։ Օրինակ, երբ Քրիստոնեայ ծնողներ իրենց աղջնակին լաւ վարքին ու ծանր աշխատանքին մասին դպրոցական տեղեկագիր մը կը կարդան, իրենց դէմքը խոր գոհունակութիւն կ’արտացոլացնէ։ Պօղոս առաքեալ եւ իր ընկերակիցները հպարտացան իրենց հաստատած նոր ժողովքով, քանի որ եղբայրները հաւատարմօրէն հալածանքի տոկացին։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։1, 6. 2։19, 20. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։1, 4
2. Հպարտ զգալը ինչո՞ւ սովորաբար անփափաքելի է։
2 Նախորդ օրինակներէն կը տեսնենք թէ հպարտութիւնը կրնայ բերկրանքի զգացում ցոյց տալ, որ բան մը ընելէ կամ ստանալէ յառաջ կու գայ։ Սակայն շատ յաճախ հպարտութիւնը կ’արտացոլացնէ անպատշաճ ինքնահամարում,– գերազանցութեան զգացում՝ տաղանդներուն, դրսերեւոյթին, հարստութեան կամ դիրքին պատճառով։ Անիկա յաճախ կը ցուցաբերուի յոխորտ վերաբերմունքով։ Քրիստոնեաներ ըլլալով, այսպիսի՛ հպարտութենէ պէտք է զգուշանանք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ եսասիրութեան ընդածին հակում ունինք, որ մեր նախահօրմէն՝ Ադամէ ժառանգած ենք։ (Ծննդոց 8։21) Հետեւաբար մեր սիրտը կրնայ դիւրաւ մեզ մոլորեցնել, որ սխալ պատճառներով հպարտանանք։ Օրինակ, Քրիստոնեաները պէտք է մերժեն հպարտանալ իրենց ցեղով, հարստութեամբ, ուսումով, ձիրքերով կամ իրագործումներով։ Այսպիսի բաներէ յառաջ եկած հպարտութիւնը անպատշաճ է եւ Եհովայի աչքին՝ տհաճելի։—Երեմեայ 9։23. Գործք 10։34, 35. Ա. Կորնթացիս 4։7. Գաղատացիս 5։26. 6։3, 4
3. Ի՞նչ է ամբարտաւանութիւնը, եւ Յիսուս անոր մասին ի՞նչ ըսաւ։
3 Անպատշաճ հպարտութիւնը մերժելու ուրիշ պատճառ մըն ալ կայ։ Եթէ թոյլ տանք որ մեր սիրտին մէջ աճի, անիկա կրնայ հպարտութեան շատ արհամարհելի մէկ տեսակը դառնալ, որ կը կոչուի ամբարտաւանութիւն։ Ի՞նչ է ամբարտաւանութիւնը։ Գերակայ զգալէ զատ, ամբարտաւան անհատը ուրիշները կ’արհամարհէ ու ստորադաս կը նկատէ։ (Ղուկաս 18։9. Յովհաննու 7։47-49) Յիսուս «ամբարտաւանութիւն»ը դրաւ այն վատ յատկութիւններուն կարգին, որոնք «սրտէն» կ’ելլեն ու «կը պղծեն մարդը»։ (Մարկոս 7։20-23) Արդ, Քրիստոնեաները կը գիտակցին թէ կենսական է որ ամբարտաւան սիրտ զարգացնելէ խուսափին։
4. Աստուածաշունչի մէջ յիշուած կարգ մը ամբարտաւան անհատներու օրինակները նկատի առնելը, ի՞նչպէս կրնայ օգնել մեզի։
4 Ամբարտաւան անհատներու վերաբերեալ Աստուածաշունչի կարգ մը հատուածները նկատի առնելը, քեզի կ’օգնէ ամբարտաւանութենէ խուսափելու։ Այսպէս աւելի ի վիճակի պիտի ըլլաս անպատշաճ հպարտութեան զգացումները նկատելու, որոնք թերեւս մէջդ են կամ ժամանակի ընթացքին զարգանան։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ մերժելու այն գաղափարները կամ զգացումները, որոնք կրնան ամբարտաւան սիրտ մը մէջտեղ բերել։ Հետեւաբար, ժխտականօրէն պիտի չազդուիս, երբ Աստուած իր ազդարարութեան համաձայն գործէ. «Այն ատեն քու մէջէդ պիտի վերցնեմ քու յոխորտանքովդ հրճուողները, եւ անգա՛մ մըն ալ պիտի չխրոխտանաս իմ սուրբ լերանս վրայ»։—Սոփոնեայ 3։11, ԱՎ
Աստուած ամբարտաւաններուն կ’ընդդիմանայ
5, 6. Փարաւոն ի՞նչպէս ամբարտաւանութիւն ցուցաբերեց, եւ հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։
5 Ամբարտաւանութեան հանդէպ Եհովայի տեսակէտը նաեւ բացայայտ կը դառնայ, երբ նկատի առնենք Փարաւոնի նման հզօր կառավարիչներու հետ իր գործառնութիւնը։ Կասկած չկայ Ելից 5։1, 2
որ Փարաւոն ամբարտաւան սիրտ ունէր։ Ինքզինք պաշտամունքի արժանի աստուած մը նկատելով, ան իրեն ծառայող Իսրայելացիները կ’արհամարհէր։ Երբ խնդրանք ներկայացուեցաւ որ Իսրայելացիներուն թոյլատրէ որ անապատին մէջ Եհովայի տօն կատարեն, Փարաւոն ամբարտաւանօրէն պատասխանեց. «Եհովան ո՞վ է, որ անոր խօսքին մտիկ ընելով՝ Իսրայէլին թուլատրեմ»։—6 Եգիպտոսի վրայ վեց պատուհասներ գալէ ետք, Եհովա Մովսէսի միջոցով Փարաւոնի ըսաւ. «Դուն տակաւին իմ ժողովուրդիս դէմ կենալով՝ պիտի չարձակե՞ս զանոնք»։ (Ելից 9։17) Ապա Մովսէս եօթներորդ պատուհասը ծանուցանեց,– կարկուտ՝ որ երկիրը աւերեց։ Տասներորդ հարուածէն ետք, երբ Իսրայելացիները հազիւ սկսան Եգիպտոսէ դուրս ելլել, Փարաւոն իր միտքը փոխեց եւ զիրենք հալածեց։ Ի վերջոյ, Փարաւոն եւ իր բանակը ծուղակը ինկան։ Պահ մը երեւակայէ թէ անոնց միտքէն ի՜նչ բաներ անցան, մինչ Կարմիր ծովու ջուրերը սկսան իրենց վրայ հաւաքուիլ։ Փարաւոնի ամբարտաւանութեան հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։ Անոր ընտիր զօրքը ըսաւ. «Փախչինք Իսրայէլի երեսէն, վասն զի ահա Եհովա անոնց համար մեզի հետ կը պատերազմի»։—Ելից 14։25
7. Բաբելոնի կառավարիչները ի՞նչպէս ամբարտաւանութիւն ցուցաբերեցին։
7 Այլ ամբարտաւան կառավարիչներ ալ Եհովայի ձեռքով նուաստացան։ Անոնցմէ մէկն էր Սենեքերիմ՝ Ասորեստանի թագաւորը։ (Եսայեայ 36։1-4, 20. 37։36-38) Բաբելոնացիները Ասորեստանը նուաճելէ ետք, Բաբելոնացի երկու ամբարտաւան թագաւորներ ալ նուաստացան։ Մտաբերէ Բաղտասար թագաւորին կոչունքը, որուն ընթացքին ինք ու իր մեծամեծները Եհովայի տաճարէն հանուած անօթներով գինի խմեցին եւ Բաբելոնի չաստուածները դրուատեցին։ Այդ ատեն մարդու ձեռքի մատներ երեւցան եւ պատին վրայ պատգամ մը գրեցին։ Գրութիւնը մեկնելով, Դանիէլ մարգարէն Բաղտասարին յիշեցուց. «Բարձրեալն Աստուած քու հօրդ Նաբուգոդոնոսորին թագաւորութիւն . . . տուաւ. բայց, երբ անոր սիրտը հպարտացաւ ու անոր հոգին ամբարտաւանութեամբ լեցուեցաւ, իր թագաւորութեան աթոռէն ինկաւ ու պատիւը անկէ առնուեցաւ։ . . . Դո՛ւն, ո՛վ Բաղտասար, անոր որդին, քու սիրտդ չխոնարհեցուցիր, թէեւ այս բոլորը գիտէիր»։ (Դանիէլ 5։3, 18, 20, 22) Նոյն գիշերը Մարա–պարսկական բանակը Բաբելոնը նուաճեց, եւ Բաղտասար սպաննուեցաւ։—Դանիէլ 5։30
8. Եհովա ամբարտաւաններու հետ ի՞նչպէս վարուած է։
8 Նաեւ խորհէ այլ ամբարտաւաններու մասին, որոնք Եհովայի ժողովուրդը արհամարհեցին. Փղշտացի հսկայ Գողիաթը, Պարսիկ վարչապետ Համանը եւ Հրէաստանի վրայ իշխող Հերովդէս Ագրիպպաս թագաւորը։ Անոնց ամբարտաւանութեան պատճառով, Աստուած զանոնք նուաստացուց ու մահուան յանձնեց։ (Ա. Թագաւորաց 17։42-51. Եսթերայ 3։5, 6. 7։10. Գործք 12։1-3, 21-23) Այդ ամբարտաւաններուն հետ Եհովայի վարուած կերպը կ’ընդգծէ սա ճշմարտութիւնը. «Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւն ու կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ»։ (Առակաց 16։18) Արդարեւ կասկած չկայ թէ «Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ»։—Յակոբու 4։6
9. Տիւրոսի թագաւորները ի՞նչպէս դաւաճան դարձան։
9 Եգիպտոսի, Ասորեստանի եւ Բաբելոնի կառավարիչներուն հակառակը, Տիւրոսի թագաւորը Բ. Թագաւորաց 5։11. Բ. Մնացորդաց 2։11-16) Դժբախտաբար, ժամանակ մը ետք, Տիւրոսի թագաւորները Եհովայի ժողովուրդին թշնամի դարձան։ Ի՞նչ պատճառով։—Սաղմոս 83։3-7. Յովելեայ 3։4-6. Ամովսայ 1։9, 10
ատեն մը Աստուծոյ ժողովուրդին օգնեց։ Դաւիթի եւ Սողոմոնի իշխանութեան ընթացքին, ան հմուտ արհեստաւորներ ու նիւթեր հայթայթեց, պալատներ ու Աստուծոյ տաճարը կառուցանելու համար։ («Սիրտդ խրոխտացաւ»
10, 11. (ա) Ո՞վ կարելի է համեմատել Տիւրոսի թագաւորներուն հետ։ (բ) Ի՞նչ բան փոխեց Տիւրոսի թագաւորներուն վերաբերմունքը Իսրայէլի հանդէպ։
10 Եհովա Եզեկիէլ մարգարէն ներշնչեց որ Տիւրոսի արքայական ցեղը քօղազերծէ ու դատապարտէ։ «Տիւրոսի թագաւորին» ուղղուած այդ պատգամը արտայայտութիւններ կը բովանդակէ, որոնք կը յարմարին թէ՛ Տիւրեան հարստութեան եւ թէ բուն դաւաճանին՝ Սատանայի, որ «ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ»։ (Եզեկիէլ 28։12. Յովհաննու 8։44) Ատեն մը Սատանան Եհովայի երկնային որդիներէն բաղկացած կազմակերպութեան մէջ հաւատարիմ հոգեղէն արարած մըն էր։ Եհովա Աստուած Եզեկիէլի միջոցով նշեց Տիւրեան հարստութեան եւ Սատանայի ուծացման հիմնական պատճառը.
11 «Դուն Աստուծոյ դրախտին՝ Եդեմի մէջ էիր. քու ծածկոցդ բոլոր պատուական քարերէն էին . . . դուն օծուած ու ծածկող քերովբէ մըն էիր . . . դուն ընթացքիդ մէջ անթերի էիր ստեղծուած օրէդ մինչեւ այն օրը՝ երբ քու վրադ անիրաւութիւն գտնուեցաւ։ Առուտուրիդ ճոխութեան համար՝ քու մէջդ բռնութեամբ լեցուցին, ու մեղանչեցիր. ես ալ քեզ . . . բնաջնջեցի, ո՛վ ծածկող քերովբէ։ Քու գեղեցկութեանդ համար սիրտդ խրոխտացաւ, քու փառահեղութեանդ պատճառով իմաստութիւնդ ապականեցիր»։ (Եզեկիէլ 28։13-17, ԱՎ) Այո, ամբարտաւանութիւնը մղեց Տիւրոսի թագաւորները որ Եհովայի ժողովուրդին հետ բռնութեամբ վարուին։ Տիւրոս առեւտրական կեդրոն մը ըլլալով եւ իր գեղեցիկ արտադրութիւններուն շնորհիւ չափազանց հարստացաւ։ (Եսայեայ 23։8, 9) Տիւրոսի թագաւորները յոխորտ դառնալով, սկսան Աստուծոյ ժողովուրդը հարստահարել։
12. Ի՞նչ պատճառով Սատանան դաւաճան դարձաւ, եւ ան շարունակած է ի՞նչ ընել։
12 Նմանապէս, այն հոգեղէն արարածը որ Սատանայ եղաւ, աստուածատուր որեւէ նշանակում կատարելու համար հարկ եղած իմաստութիւնը ունէր։ Փոխանակ երախտապարտ ըլլալու, ան ‘հպարտացաւ’ եւ սկսաւ Աստուծոյ իշխելու կերպը արհամարհել։ (Ա. Տիմոթէոս 3։6) Ան չափազանց ինքնահաւան դարձաւ ու բուռն փափաք ունեցաւ որ Ադամի ու Եւայի կողմէ պաշտուի։ Այս չար ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղքին ծնունդ տուաւ։ (Յակոբու 1։14, 15) Սատանան Եւան հրապուրեց որ Աստուծոյ արգիլած ծառին պտուղէն ուտէ, ապա անոր միջոցով Ադամն ալ մղեց արգիլուած պտուղը ուտելու։ (Ծննդոց 3։1-6) Այսպէս առաջին մարդկային զոյգը իրենց վրայ իշխելու Աստուծոյ իրաւունքը մերժեցին եւ Սատանայի երկրպագուները դարձան։ Անոր ամբարտաւանութիւնը սահման չունի։ Ան փորձած է հրապուրել երկնային ու երկրային բոլոր մտացի արարածները, ի ներառեալ՝ Յիսուս Քրիստոսը, որ Եհովայի գերիշխանութիւնը մերժելով զինք պաշտեն։—Մատթէոս 4։8-10. Յայտնութիւն 12։3, 4, 9
13. Ամբարտաւանութիւնը ի՞նչ պտուղ տուած է։
13 Այսպէս կրնաս տեսնել թէ ամբարտաւանութիւնը ծագում կ’առնէ Սատանայէն, եւ մեղքի, տառապանքի ու փտածութեան հիմնական պատճառն է։ Որպէս «այս աշխարհի աստուածը», Սատանան կը շարունակէ յառաջացնել ամբարտաւանութիւնն ու անպատշաճ հպարտութիւնը։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Ան գիտէ թէ իր ժամանակը կարճ է, ուստի ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն դէմ պատերազմ կը մղէ։ Անոր նպատակակէտն է զանոնք Աստուծմէ հեռացնել, որ անձնասէր, մեծամիտ ու ամբարտաւան դառնան։ Աստուածաշունչը նախագուշակեց թէ այսպիսի եսասիրական յատկութիւններ այս «վերջին օրեր»ուն սովորական պիտի ըլլային։—Բ. Տիմոթէոս 3։1, 2. Յայտնութիւն 12։12, 17
14. Եհովա իր մտացի արարածներուն հետ ո՞ր կանոնին համաձայն կը վարուի։
14 Իր կարգին, Յիսուս Քրիստոս խիզախօրէն քօղազերծեց Սատանայի ամբարտաւանութեան հետեւանքները։ Առնուազն երեք առիթով եւ ինքնարդար թշնամիներու ներկայութեան, Յիսուս նշեց այն կանոնը՝ որով Եհովա մարդկութեան հետ կը վարուի. «Ամէն ով որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»։—Ղուկաս 14։11. 18։14. Մատթէոս 23։12
Սիրտդ ամբարտաւանութենէ պաշտպանէ՛
15, 16. Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ Հագար ամբարտաւան դառնայ։
15 Թերեւս նկատեցիր թէ ամբարտաւանութեան վերոյիշեալ օրինակները կարկառուն մարդիկ կը պարփակէին։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ սովորական մարդիկ ամբարտաւան դառնալու հակամէտ չեն։ Բնաւ երբեք։ Նկատի առ Աբրահամի ընտանիքին մէջ պատահած դէպք մը։ Աբրահամ ժառանգորդ արու զաւակ չունէր, իսկ իր կինը՝ Սառա, զաւակ ծնանելու տարիքը անցուցած էր։ Այս պարագային սովորական էր որ այրը երկրորդ կին մը առնէր եւ զաւակ բերէր։ Աստուած այս ամուսնութիւններուն հանդուրժեց, քանի որ տակաւին իր ժամանակը չէր եկած որ ճշմարիտ երկրպագուներուն մէջ ամուսնութեան վերաբերեալ իր սկզբնական չափանիշը վերահաստատէր։—Մատթէոս 19։3-9
16 Իր կնոջ խօսքը մտիկ ընելով, Աբրահամ հաւանեցաւ զաւակ մը բերել՝ Սառայի Եգիպտացի աղախինին՝ Հագարի միջոցով։ Աբրահամի երկրորդական կինը ըլլալով, Հագար յղացաւ։ Ան իր պատուական դիրքին համար փոխանակ խորապէս երախտապարտ ըլլալու, թոյլ տուաւ որ իր սիրտը ամբարտաւան դառնայ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երբ [Հագար] իր յղի ըլլալը տեսաւ, իր տիրուհին իր աչքերուն անարգուեցաւ»։ Այս կեցուածքը խնդիրներ յարուցանեց Աբրահամի ընտանիքին մէջ, եւ Սառա Հագարը վռնտեց։ Բայց լուծումը մատչելի էր։ Աստուծոյ հրեշտակը Հագարը խրատեց. «Վերադարձի՛ր քու տիրուհիիդ, եւ անոր ձեռքին տակ խոնարհէ՛»։ (Ծննդոց 16։4, 9, ԱՎ) Բացայայտ է որ Հագար այս խրատին անսաց, Սառայի հանդէպ իր վերաբերմունքը ճշդեց եւ ժողովուրդի մը նախամայրը եղաւ։
17, 18. Ինչո՞ւ բոլորս ամբարտաւանութենէ պէտք է զգուշանանք։
17 Հագարի պարագան ցոյց կու տայ թէ երբ անհատին վիճակը բարելաւուի, ամբարտաւանութիւնը կրնայ գլուխ ցցել։ Դասը այն է թէ Քրիստոնեան որ մաքուր սիրտով Աստուծոյ ծառայած է, կրնա՛յ ամբարտաւան դառնալ՝ հարստութիւն կամ հեղինակութիւն ձեռք ձգելէ ետք, եւ եթէ ուրիշներ զինք գովեն իր յաջողութեան, իմաստութեան կամ տաղանդին համար։ Այո, Քրիստոնեան գերուշադիր պէտք է ըլլայ որ ամբարտաւանութիւնը իր սիրտէն հեռու պահէ, մանաւանդ երբ յաջողութիւն կ’արձանագրէ կամ յաւելեալ պատասխանատուութիւն կը ստանայ։
18 Ամբարտաւանութենէ խուսափելու ամենէն զօրաւոր պատճառը, այս յատկութեան հանդէպ Աստուծոյ տեսակէտն է։ Իր Խօսքը կ’ըսէ. «Ամբարտաւան աչքերը եւ հպարտ սիրտը եւ ամբարիշտներուն լոյսը մեղք են»։ (Առակաց 21։4) Հետաքրքրական է որ Աստուածաշունչը յատկապէս կը զգուշացնէ «այս աշխարհի մէջ հարուստ եղող» Քրիստոնեաները որ «մեծամիտ չըլլան»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։17, ԱՎ. Բ. Օրինաց 8։11-17) Հարուստ չեղող Քրիստոնեաները պէտք է խուսափին «չար աչք» ունենալէ, եւ պէտք չէ մոռնան թէ ամբարտաւանութիւնը կրնայ զարգանալ ոեւէ անհատի մէջ,– հարուստ թէ աղքատ։—Մարկոս 7։21-23. Յակոբու 4։5
19. Ոզիա ի՞նչ կերպով իր լաւ արձանագրութիւնը աւրեց։
19 Ամբարտաւանութիւնը, ուրիշ վատ յատկութիւններու հետ մէկտեղ, կրնայ Եհովայի հետ լաւ յարաբերութիւնը կործանել։ Օրինակ, նկատի առ Ոզիա թագաւորին իշխանութեան առաջին մասը. «Ան ըրաւ ինչ որ Տէրոջ առջեւ ուղիղ է . . . Աստուած փնտռեց։ Որքան ժամանակ որ Տէրը կը փնտռէր, Աստուած անոր յաջողութիւն կու տար»։ (Բ. Մնացորդաց 26։4, 5, ԱՎ) Սակայն, ցաւօք սրտի, Ոզիա թագաւոր իր լաւ արձանագրութիւնը աւրեց, քանի որ «անոր սիրտը խրոխտացաւ՝ իր կործանումին համար»։ Ան ինքնահաւան դառնալով տաճար մտաւ որ խունկ ծխէ։ Երբ քահանաները զինք զգուշացուցին որ այս յաւակնոտ արարքը չգործէ, «Ոզիա բարկացաւ»։ Իսկ Եհովա զինք բորոտութեամբ զարկաւ, եւ մինչեւ իր կեանքին վերջը Աստուծոյ հաճութիւնը կորսնցուց։—Բ. Մնացորդաց 26։16-21, ԱՎ
20. (ա) Եզեկիա թագաւորին լաւ արձանագրութիւնը ի՞նչպէս վտանգուեցաւ։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։
20 Ոզիայի օրինակը կրնաս հակադրել Եզեկիա թագաւորին օրինակին հետ։ Առիթով մը, այս թագաւորին ընտիր արձանագրութիւնը աւրուելու վրայ էր, քանի որ «անոր սիրտը խրոխտացաւ»։ Բարեբախտաբար, «Եզեկիա իր սիրտին խրոխտութեան համար խոնարհեցաւ» եւ վերստին Աստուծոյ հաճութիւնը վայելեց։ (Բ. Մնացորդաց 32։25, 26, ԱՎ) Նկատի առ թէ Եզեկիայի ամբարտաւանութեան դարմանը խոնարհութիւնն էր։ Այո, խոնարհութիւնը ամբարտաւանութեան հակառակն է։ Հետեւաբար, յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք թէ ի՛նչպէս կրնանք քրիստոնէական խոնարհութիւն մշակել եւ պահպանել։
21. Խոնարհ Քրիստոնեաները ի՞նչ կրնան ակնկալել։
21 Չմոռնանք ամբարտաւանութեան յառաջ բերած գէշ պտուղները։ Իսկ որովհետեւ «Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ», հաստատօրէն վճռենք անպատշաճ հպարտութիւնը մերժել։ Մինչ կը ջանանք խոնարհ Քրիստոնեաներ ըլլալ, կրնանք ակնկալել Աստուծոյ մեծ օրուընէ վերապրիլ, երբ ամբարտաւանները եւ անոնց գործերը երկրէն պիտի վերցուին։ Այդ ատեն «մարդուն ամբարտաւանութիւնը պիտի ցածնայ, մարդոց հպարտութիւնը պիտի խոնարհի։ Այն օրը միայն Տէրը պիտի բարձրանայ»։—Եսայեայ 2։17
Կէտեր՝ խորհրդածութեան համար
• Ամբարտաւան անհատը ի՞նչպէս կը նկարագրես։
• Ամբարտաւանութեան ծագումը ի՞նչ է։
• Ի՞նչ բաներ կրնան պատճառ ըլլալ որ անհատ մը ամբարտաւան դառնայ։
• Ամբարտաւանութենէ ինչո՞ւ պէտք է զգուշանանք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 9]
Փարաւոն իր ամբարտաւանութեան պատճառով նուաստացաւ
[Նկար՝ էջ 10]
Հագարի բարելաւուած դիրքը պատճառ եղաւ որ ամբարտաւան դառնայ
[Նկար՝ էջ 11]
Եզեկիա խոնարհեցաւ եւ վերստին Աստուծոյ հաճութիւնը վայելեց