Անարդար աշխարհ մը
Անարդար աշխարհ մը
ԿԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆԻ՞Ս որ անարդար աշխարհի մը մէջ կ’ապրինք։ Վստա՛հաբար։ Արդարեւ, ի՛նչ որ ալ ըլլան մեր տաղանդները եւ իմաստութեամբ որքա՛ն ալ ծրագրենք մեր կեանքը, երաշխիք չունինք որ պիտի հարստանանք, պիտի յաջողինք կամ նոյնիսկ ուտելիք պիտի ունենանք։ Յաճախ արդիւնքը կ’ըլլայ ի՛նչ որ իմաստուն Սողոմոն թագաւոր ըսաւ. «Հացը իմաստուններուն չէ, հարստութիւնը խելացիներուն չէ, նաեւ շնորհքը գիտուններուն չէ»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «ժամանակ ու դիպուած կը պատահին բոլորին»։—Ժողովողի 9։11, ԱՎ
‘Երբ ձախորդութեան ժամանակը յանկարծ հասնի’
Այո, «ժամանակ ու դիպուած», որ յաճախ կը նշանակէ՝ սխալ վայրը գտնուիլ անյարմար ժամանակին, շատ անգամ ի դերեւ կը հանէ մեր լաւ պատրաստուած ծրագիրները եւ յոյսերը։ Ըստ Սողոմոնի, «ինչպէս ձուկերը ձախորդութեան ուռկանով կը բռնուին, եւ ճնճղուկները վարմի մէջ կը բռնուին, նոյնպէս ալ մարդոց որդիները որոգայթի մէջ կ’իյնան, երբ ձախորդութեան ժամանակը յանկարծ իրենց վրայ հասնի»։ (Ժողովողի 9։12, ԱՎ) Օրինակ, միլիոնաւորներ անխոնջօրէն կը հերկեն ու կը ցանեն, իրենց ընտանիքին ուտելիք հայթայթելու համար, բայց յանկարծ «ձախորդութեան ժամանակը» իրենց վրայ կ’իյնայ, անձրեւ չգալով ու երաշտը տիրելով։
Ուրիշներ կը փորձեն օգնել, բայց նոյնիսկ համաշխարհային ընկերութեան հայթայթած օգնութիւնը «ձախորդութեան ժամանակ»ի զոհ գացողներուն, յաճախ անարդար կը թուի։ Օրինակ, գլխաւոր բարեսիրական գործակալութիւն մը կ’ըսէ թէ վերջերս սովի դէմ մղուած պայքարին մէջ, մէկ տարուան ընթացքին «ամբողջ Ափրիկէ ստացաւ միայն Ծոցի պատերազմին տրամադրուած դրամին մէկ հինգերորդը»։ Արդարութի՞ւն էր որ հարուստ երկիրները այսպիսի գումար մը յատկացնէին, ամբողջ ցամաքամասի մը մէջ սովին պատճառած տառապանքը թեթեւցնելու համար։ Իսկ արդարութի՞ւն է որ շատեր նիւթապէս բարգաւաճ կեանք կը վարեն, մինչ երկրի բնակիչներուն քառորդը բացարձակ աղքատութեան մէջ է, եւ ամէն տարի միլիոնաւոր երախաներ կը մեռնին կանխարգիլելի հիւանդութիւններով։ Վստահաբար ո՛չ։
Անշուշտ «ժամանակ ու դիպուած»էն զատ, ուրիշ բաներ ալ դեր ունին որ «ձախորդութեան ժամանակը» յանկարծ մարդոց վրայ հասնի։
Ներկայիս սարսափելի բռնարարքներ համատարած են եւ մեզի պատահելիք բաներ կ’որոշեն։ Օրինակ, 2004–ի աշնան, Պեսլանի մէջ, Հիւսիսային Օսեթիա, հարիւրաւոր մարդիկ սպաննուեցան, ի ներառեալ դպրոցական երախաներ, քանի որ ահաբեկիչներ ու անվտանգութեան ուժեր վայրագ կռիւի բռնուեցան։ Ճիշդ է որ մեծապէս դիպուածի հարց էր թէ այդ ողբերգութեան մէջ որո՛նք մեռան կամ որո՛նք վերապրեցան, բայց այս «ձախորդութեան ժամանակ»ին հիմնական պատճառը մարդկային պայքարն էր։Աշխարհը միշտ այսպէս պիտի մնա՞յ
Անիրաւութիւններու մասին խօսելով, ոմանք կ’ըսեն. «Բայց կեանքը միշտ այդպէս է։ Անիկա միշտ այդպէս եղած է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ»։ Ըստ անոնց, զօրաւորը միշտ պիտի հարստահարէ տկարը, եւ հարուստը միշտ պիտի շահագործէ աղքատը։ Ասիկա եւ «ժամանակ ու դիպուած»ը, կ’ըսեն անոնք, մեզի պիտի ազդեն այնքան ատեն որ մարդկային ընտանիքը կը գոյատեւէ։
Սակայն աշխարհը իրապէս այսպէս պէ՞տք է ըլլայ։ Պիտի գա՞յ ժամանակ մը, երբ իրենց կարողութիւնները ուշիմութեամբ ու իմաստութեամբ գործածողները իրենց ծանր աշխատանքին համար արդար վարձատրութիւն ստանան։ Ո՞վ կրնայ անարդար աշխարհին մնայուն փոփոխութիւն բերել։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումներուն կը պատասխանէ։
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 3]
MAXIM MARMUR/AFP/Getty Images