Աստուծոյ հետ պիտի քալե՞ս
Աստուծոյ հետ պիտի քալե՞ս
‘Խոնարհութիւնով քու Աստուծոյդ հետ քալէ’։—Միքիայ 6։8
1, 2. Մեզի հանդէպ Եհովայի զգացումները ի՞նչպէս կարելի է նմանցնել ծնողի մը զգացումներուն, որ իր զաւակին քալել կը սորվեցնէ։
ԾՆՈՂԻՆ երկարած թեւերուն հասնելու համար, մանկիկը երերալով իր առաջին քայլերը կը նետէ։ Այս պահը կրնայ աննշան թուիլ, բայց մօր ու հօր համար, անիկա յատկանշական ու խոստմնալից դէպք է։ Ծնողները անձկագին կ’ակնկալեն իրենց զաւակին հետ ձեռք–ձեռքի քալել, գալիք ամիսներուն եւ տարիներուն։ Անոնք կը յուսան երախան առաջնորդել եւ անոր աջակցիլ բազմաթիւ կերպերով ու երկա՜ր ժամանակ։
2 Եհովա Աստուած իր երկրային զաւակներուն հանդէպ նման զգացումներ ունի։ Իր ժողովուրդին՝ Իսրայէլի կամ Եփրեմի մասին, ան ըսաւ. «Ե՛ս Եփրեմի քալել սորվեցուցի. զանոնք իրենց բազուկներէն կը բռնէի, . . . զանոնք մարդու լարերով, սիրոյ կապերով քաշեցի»։ (Ովսեայ 11։3, 4, ԱՎ) Հոս Եհովա ինքզինք կը նկարագրէ որպէս սիրալիր ծնող մը, որ համբերութեամբ զաւակին քալել կը սորվեցնէ եւ զայն կը բռնէ, երբ իյնալու վրայ ըլլայ։ Եհովա՝ լաւագոյն Ծնողը՝ սաստիկ փափաք ունի որ մեզի քալել սորվեցնէ։ Ան նաեւ բերկրանքով մեզի կ’ընկերակցի, մինչ կը շարունակենք յառաջդիմել։ Ինչպէս մեր գլխաւոր համարը ցոյց կու տայ, Աստուծոյ հետ կրնա՛նք քալել։ (Միքիայ 6։8) Բայց ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ հետ քալել։ Ինչո՞ւ Աստուծոյ հետ քալելու կարիք ունինք։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի է։ Եւ Աստուծոյ հետ քալելով ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելենք։ Այս չորս հարցումները մէկ առ մէկ նկատի առնենք։
Աստուծոյ հետ քալել ի՞նչ կը նշանակէ
3, 4. (ա) Աստուծոյ հետ քալելը ինչո՞ւ անսովոր նկարագրութիւն մըն է։ (բ) Աստուծոյ հետ քալել ի՞նչ կը նշանակէ։
3 Անշուշտ մարդ արարածը բառացիօրէն չի կրնար քալել Եհովայի հետ, որ հոգեղէն էակ է։ (Ելից 33։20. Յովհաննու 4։24) Ուստի, երբ Աստուածաշունչը կը խօսի Աստուծոյ հետ քալող մարդոց մասին, այլաբանական լեզու կը գործածէ։ Անիկա անսովոր նկարագրութիւն մը կը ներկայացնէ, որ ո՛չ ազգային ու մշակութային ենթահողով եւ ո՛չ ալ ժամանակով սահմանափակուած է։ Արդարեւ, այն գաղափարը թէ երկու անհատ միասնաբար կը քալեն, ըմբռնելի է բոլո՛ր մարդոց կողմէ՝ ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ։ Այս նկարագրութիւնը ջերմութիւն ու մտերմութիւն կը հաղորդէ, այնպէս չէ՞։ Աստուծոյ հետ քալելը կը պարփակէ այսպիսի զգացումներ, բայց այժմ աւելի մասնայատուկ կերպով բացատրենք։
4 Հաւատարիմ Ենովքի ու Նոյի մասին ինչո՞ւ ըսուած է թէ Աստուծոյ հետ քալեցին։ (Ծննդոց 5։24. 6։9) Աստուածաշունչին մէջ, «քալել» բառը յաճախ կը նշանակէ որոշ ընթացքի մը հետեւիլ։ Ենովք ու Նոյ ընթացք մը ընտրեցին, որ Եհովա Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ էր։ Աշխարհային մարդոց հակառակը, անոնք առաջնորդութեան համար Եհովայի դիմեցին եւ իր ուղղութեան հնազանդեցան, իրեն վստահելով։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Եհովա անոնց որոշումները ինք կը կայացնէր։ Ո՛չ։ Ան մարդուն ազատ կամք տուած է, եւ կ’ուզէ որ այս պարգեւը գործածենք մեր ‘բանաւորութեան’ հետ մէկտեղ։ (Հռովմայեցիս 12։1) Սակայն որոշումներ կայացնելու ատեն, խոնարհաբար թոյլ կու տանք որ մեր բանաւորութիւնը առաջնորդուի Եհովայի միտքով, որ գերակայ է։ (Առակաց 3։5, 6. Եսայեայ 55։8, 9) Այո, Եհովայի սերտ ընկերակցութեամբ կը քալենք կեանքի ճանապարհին մէջ։
5. Յիսուս ինչո՞ւ խօսեցաւ կեանքին վրայ կանգուն մը աւելցնելու մասին։
5 Աստուածաշունչը յաճախ կեանքը կը ներկայացնէ որպէս ճամբորդութիւն կամ ճեմ։ Այս համեմատութիւնը կարգ մը պարագաներուն ուղղակի է, իսկ այլ պարագաներուն՝ անուղղակի։ Օրինակ, Յիսուս ըսաւ. «Ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը իր հասակին [«կեանքին», ՆԱ] վրայ կանգուն մը աւելցնել»։ (Մատթէոս 6։27) Թերեւս հարց տաս թէ Յիսուս ինչո՞ւ նշեց «կեանքին» վրայ, որ ժամանակով կը չափուի, «կանգուն մը» աւելցնել, որ երկայնութեան չափ է։ * Բացայայտ է որ Յիսուս կեանքը կը նմանցնէր ճամբորդութեան մը։ Իրականութեան մէջ, ան սորվեցուց թէ մտահոգուիլը՝ կեանքի ընթացքիդ վրայ պզտիկ քայլ մը իսկ աւելցնելու պիտի չնպաստէ։ Սակայն պէ՞տք է եզրակացնենք թէ այդ ճամբորդութեան երկարութեան նկատմամբ ոչինչ կրնանք ընել։ Բնաւ երբեք։ Ասիկա մեզ երկրորդ հարցումին կը բերէ. ինչո՞ւ Աստուծոյ հետ քալելու կարիք ունինք։
Ինչո՞ւ Աստուծոյ հետ քալելու կարիք ունինք
6, 7. Անկատար մարդիկը ի՞նչ մեծ կարիք ունին, եւ զայն լեցնելու համար ինչո՞ւ Եհովայի պէտք է դիմենք։
6 Պատճառներէն մէկը բացատրուած է Երեմեայ 10։23–ի մէջ. «Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ Ուստի մարդը իր կեանքի ընթացքը ուղղելու ո՛չ կարողութիւն, ո՛չ ալ իրաւունք ունի։ Մենք առաջնորդութեան մեծ կարիք ունինք։ Անոնք որ Աստուծմէ անկախ ըլլալով կը պնդեն իրենց ընտրած ընթացքին հետեւիլ, Ադամի ու Եւայի ըրած սխալը կ’ընեն։ Առաջին զոյգը ուզեց ի՛նք որոշել թէ իրեն համար ի՛նչ բան բարի է եւ ի՛նչ բան չար է։ (Ծննդոց 3։1-6) Մենք այդ իրաւունքը պարզապէս չունինք։
7 Կեանքի ընթացքին առաջնորդութեան կարիքը չե՞ս զգար։ Ամէն օր, մեծ ու փոքր որոշումներ կը դիմագրաւենք։ Անոնցմէ ոմանք դժուար են եւ կրնան թէ՛ մեր եւ թէ մեր սիրելիներուն ապագային ազդել։ Սակայն մեզմէ շա՜տ մեծ եւ իմաստուն մէկը, այս որոշումները կայացնելու մէջ մեզի սիրալիր ուղղութիւն տալու պատրաստ է։ Ցաւօք սրտի, ներկայիս շատեր կը նախընտրեն իրենց դատողութեան վստահիլ եւ իրենց քայլերը իրե՛նք ուղղել։ Անոնք Առակաց 28։26–ի մէջ նշուած ճշմարտութիւնը կ’անտեսեն. «Իր սրտին ապաւինողը անմիտ է, բայց իմաստութեամբ քալողը պիտի ազատի»։ Եհովա կ’ուզէ որ մարդկային խաբեբայ սիրտին վստահելէն յառաջ եկած աղէտներէն խուսափինք։ (Երեմեայ 17։9) Ան կ’ուզէ որ իմաստութեամբ քալենք, իրեն վստահինք որպէս մեր իմաստուն Առաջնորդը եւ Ուսուցիչը։ Այսպէս ընելով, մեր կեանքի ընթացքը ապահով, գոհացուցիչ եւ իմաստալից կ’ըլլայ։
8. Մեղքին ու անկատարութեան պատճառով, բնականաբար մարդոց վախճանը ի՞նչ է, սակայն Եհովա մեզի համար ի՞նչ կ’ուզէ։
8 Ուրիշ պատճառ մը թէ ինչո՛ւ Աստուծոյ հետ քալելու կարիք ունինք, կապ ունի մեր քալելիք ճամբուն երկարութեան հետ։ Աստուածաշունչը անհաճելի ճշմարտութիւն մը կը նշէ։ Առումով մը, բոլոր անկատար մարդիկը դէպի նոյն վախճանը կ’ընթանան։ Ծերութեան դժուարութիւնները նկարագրելով, Ժողովողի 12։5–ը կ’ըսէ. «Մարդ իր յաւիտենական տունը կ’երթայ ու լացողները փողոցներուն մէջ պիտի շրջին»։ Ի՞նչ է այս «յաւիտենական տունը»։ Գերեզմանը, ուր բնականաբար կ’երթանք՝ մեղքին ու անկատարութեան պատճառով։ (Հռովմայեցիս 6։23) Սակայն Եհովա մեզի համար աւելին կ’ուզէ, քան՝ կարճատեւ ու տագնապալից ներկայ կեանքը։ (Յոբայ 14։1) Միայն Աստուծոյ հետ քալելով կրնանք ակնկալել որ քալենք ինչպէս նպատակադրած էր,– յաւիտեան։ Ասիկա ուզածդ չէ՞։ Ուրեմն Հօրդ հետ պէտք է քալես։
Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ հետ քալել
9. Եհովա ինչո՞ւ երբեմն իր ժողովուրդէն կը հեռանար, սակայն Եսայեայ 30։20–ի համաձայն, ան ի՞նչ երաշխիք տուաւ։
9 Մեր բծախնդիր ուշադրութեան արժանի է երրորդ հարցումը. ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ հետ քալել։ Պատասխանը կը գտնենք Եսայեայ 30։20, 21–ի մէջ. «Քու ուսուցիչներդ [«Մեծ Ուսուցիչդ», ՆԱ] անգամ մըն ալ պիտի չհեռանան [«չհեռանայ», ՆԱ], հապա քու աչքերդ քու ուսուցիչներդ [«Մեծ Ուսուցիչդ», ՆԱ] պիտի տեսնեն։ Երբ աջ կողմը կամ ձախ կողմը խոտորելու ըլլաս, քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. ‘Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք’»։ Այս քաջալերական հատուածին մէջ, 20–րդ համարի խօսքերը թերեւս Եհովայի ժողովուրդին յիշեցուցին թէ երբ իրեն դէմ ըմբոստացան, իրենցմէ հեռացաւ։ (Եսայեայ 1։15. 59։2) Սակայն հոս Եհովա ներկայացուած է որպէս իր հաւատարիմ ժողովուրդին դիմաց կանգնած, ինչպէս ուսուցիչ մը իր աշակերտներուն դիմաց կը կանգնի եւ ցոյց կու տայ թէ ի՛նչ կ’ուզէ որ սորվին։
10. Ի՞նչ առումով ‘ականջներդ ետեւէդ խօսք մը կը լսեն’, որ Մեծ Ուսուցիչէդ եկած է։
10 Տարբեր նկարագրութիւն մը կը տրուի 21–րդ համարին մէջ, ուր Եհովա իր ժողովուրդին ետեւէն կը քալէ եւ ուղղութիւններ կու տայ, շիտակ ճամբան նշելով։ Աստուածաշունչի ուսումնականներ մեկնաբանած են թէ այս արտայայտութիւնը կը յիշեցնէ այն հովիւը որ երբեմն իր ոչխարներուն ետեւէն կ’երթայ, եւ զանոնք ուղղելու եւ շիտակ ճամբուն մէջ պահելու համար բարձր ձայն կ’արձակէ։ Այս նկարագրութիւնը ի՞նչպէս կը կիրարկուի մեզի։ Երբ առաջնորդութեան համար Աստուծոյ Խօսքին կը դիմենք, կը կարդանք խօսքեր որոնք հազարաւոր տարիներ առաջ գրուած են։ Այլաբանօրէն խօսելով, անոնք ժամանակի հոսանքին մէջ մեր ետեւէն կու գան։ Այսուհանդերձ, անոնք ներկայիս ժամանակայարմար են, ինչպէս էին՝ երբ գրուեցան։ Աստուածաշունչի խրատները կրնան մեզի ուղղութիւն տալ մեր առօրեայ որոշումներուն մէջ, եւ կրնան մեզի օգնել որ մեր կեանքի ապագայ ընթացքը ծրագրենք։ (Սաղմոս 119։105) Այս խրատները սրտանց փնտռելով ու կիրարկելով, կ’ապացուցանենք թէ Եհովա մեր Առաջնորդն է ու անոր հետ կը քալենք։
11. Երեմեայ 6։16–ի համաձայն, Եհովա իր ժողովուրդին համար ի՞նչ սրտապնդիչ նկարագրութիւն մը տուաւ, բայց անոնք ի՞նչպէս ընդառաջեցին։
11 Իրապէս թոյլ կու տա՞նք որ Աստուծոյ Խօսքը մեզ սերտօրէն առաջնորդէ։ Կարեւոր է որ երբեմն կանգ առնենք ու մենք մեզ պարկեշտօրէն քննենք։ Նկատի առ համար մը որ պիտի օգնէ մեզի ասիկա ընելու. «Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. ‘Կայնեցէ՛ք ճամբաներուն վրայ ու նայեցէ՛ք, հարցուցէ՛ք հնադարեան շաւիղներուն մասին՝ թէ ո՛րն է բարօրութեան Երեմեայ 6։16, ԱՎ) Այս խօսքերը մեր միտքը կը բերեն ճամբորդ մը, որ խաչմերուկի քով կանգ կ’առնէ եւ ուղղութիւն կը խնդրէ։ Հոգեւոր առումով, Իսրայէլի մէջ Եհովայի ըմբոստ ժողովուրդը համանման բան մը պէտք էր ընէր։ Անոնք «հնադարեան շաւիղներուն» պէտք էր վերադառնային։ «Բարօրութեան ճամբան» այն էր, որուն մէջ իրենց հաւատարիմ նախահայրերը քալեցին, բայց ազգը անկէ յիմարօրէն խոտորեցաւ։ Ցաւօք սրտի, Իսրայէլ Եհովայի տուած այս սիրալիր յիշեցումին յամառօրէն ընդառաջեց։ Նոյն համարը կ’ըսէ. «Բայց անոնք պատասխանեցին. ‘Անոր մէջէն պիտի չքալենք’»։ Սակայն արդի ժամանակներուն, Աստուծոյ ժողովուրդը տարբեր կերպով ընդառաջած է այդ խրատին։
ճամբան, եւ քալեցէ՛ք անոր մէջէն, որպէսզի հանգիստ գտնէք ձեր անձերուն’»։ (12, 13. (ա) Քրիստոսի օծեալ հետեւորդները Երեմեայ 6։16–ի խրատին ի՞նչպէս ընդառաջած են։ (բ) Մեր ներկայ ընթացքին նկատմամբ ի՞նչպէս կրնանք մենք մեզ քննել։
12 ԺԹ. դարու վերջին տարիներէն սկսեալ, Քրիստոսի օծեալ հետեւորդները Երեմեայ 6։16–ի խրատը կիրարկած են։ Որպէս դասակարգ, անոնք «հնադարեան շաւիղներուն» սրտանց վերադառնալու մէջ առաջնորդութիւն առած են։ Հաւատուրաց Քրիստոնեայ Աշխարհին հակառակը, անոնք հաւատարմօրէն կառչած են «ողջամիտ խօսքերուն օրինակ»ին, որ Յիսուս Քրիստոս հաստատեց եւ Հ.Դ. առաջին դարու իր հաւատարիմ հետեւորդները վեր բռնեցին։ (Բ. Տիմոթէոս 1։13) Մինչեւ օրս, օծեալները իրարու եւ «ուրիշ ոչխարներ»ուն կ’օգնեն որ հետամուտ ըլլան այն օգտակար ու երջանկաբեր ապրելակերպին, որ Քրիստոնեայ Աշխարհը լքած է։—Յովհաննու 10։16
13 Ատենին հոգեւոր կերակուր հայթայթելով, հաւատարիմ ծառայ դասակարգը միլիոնաւորներու օգնած է որ «հնադարեան շաւիղներ»ը գտնեն եւ Աստուծոյ հետ քալեն։ (Մատթէոս 24։45-47) Եթէ այս միլիոնաւորներուն մէջ կը գտնուիս, ի՞նչ կրնաս ընել որ չհեռանաս եւ անձնական ընթացքիդ դարձեալ չհետեւիս։ Խոհեմութիւն է որ պարբերաբար կանգ առնես եւ քննես կեանքիդ ընթացքը։ Եթէ Աստուածաշունչը եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւնները հաւատարմօրէն կը կարդաս եւ օծեալներուն կողմէ պատրաստուած ուսուցման յայտագիրներուն ներկայ կը գտնուիս, ուրեմն մարզում կը ստանաս որ Աստուծոյ հետ քալես։ Իսկ քեզի տրուած խրատը խոնարհաբար կիրարկելով, արդարեւ Աստուծոյ հետ կը քալես, «հնադարեան շաւիղներուն» հետեւելով։
Քալենք որպէս թէ ‘տեսնելով Անտեսանելին’
14. Եթէ Եհովա մեզի համար իրական է, մեր անձնական որոշումները ի՞նչպէս կ’ապացուցանեն զայն։
14 Որպէսզի Եհովայի հետ քալենք, ան մեզի համար իրական պէտք է ըլլայ։ Մտաբերէ թէ Եհովա վաղեմի Իսրայէլի մէջ գտնուող հաւատարիմները հաւաստիացուց թէ իրենցմէ չէր հեռացած։ Ներկայիս, ան նոյնպէս ինքզինք կը յայտնէ իր ժողովուրդին որպէս Մեծ Ուսուցիչը։ Եհովա քեզի համար իրակա՞ն է, որպէս թէ քու առջեւդ կենալով քեզի կը սորվեցնէ։ Այս հաւատքը անհրաժեշտ է, եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ հետ քալել։ Մովսէս այսպիսի հաւատք ունենալով «համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր»։ (Եբրայեցիս 11։27) Եհովա մեզի համար իրական ըլլալով, իր զգացումները հաշուի կ’առնենք, երբ որոշումներ կը կայացնենք։ Օրինակ, պիտի չմտածենք յանցագործութեան միջամուխ ըլլալ եւ ապա մեր մեղքերը Քրիստոնեայ երէցներէն կամ ընտանիքի անդամներէն գաղտնի պահել։ Փոխարէն, կը ջանանք Աստուծոյ հետ քալել, նոյնիսկ երբ ո՛չ մէկ մարդ մեզ կը տեսնէ։ Վաղեմի Դաւիթ թագաւորին նման, կը վճռենք. «Իմ տանս մէջ սիրտիս պարկեշտութեամբ պիտի ընթանամ»։—Սաղմոս 101։2, ԱՎ
15. Մեր Քրիստոնեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ ընկերակցիլը ի՞նչպէս կ’օգնէ որ մեզի համար Եհովա ա՛լ աւելի իրական դառնայ։
15 Եհովա կը հասկնայ որ մենք անկատար ու մարմնաւոր արարածներ ենք, եւ երբեմն մեր չտեսած բանին հաւատալու դժուարութիւն ունինք։ (Սաղմոս 103։14) Ան մեծապէս կ’օգնէ մեզի այս տկարութիւնը յաղթահարելու։ Օրինակ, ան երկրի բոլոր ազգերէն հաւաքած է «ժողովուրդ մը՝ կրելու համար իր անունը»։ (Գործք 15։14, ԱՎ) Մինչ միութեամբ միասնաբար կը ծառայենք, զիրար կը զօրացնենք։ Երբ կը լսենք որ Եհովա հոգեւոր եղբօր մը կամ քրոջ մը ի՛նչպէս օգնած է որոշ տկարութիւն մը յաղթահարելու կամ դժուար փորձութիւն մը յաջողապէս դիմագրաւելու, ան մեզի համար ա՛լ աւելի իրական կը դառնայ։—Ա. Պետրոս 5։9
16. Յիսուսի մասին սորվիլը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի Աստուծոյ հետ քալելու։
16 Գլխաւորաբար Եհովա մեզի տուած է իր Որդիին օրինակը։ Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինծմով»։ (Յովհաննու 14։6) Յիսուսի երկրային կեանքը ուսումնասիրելը աչքառու կը դարձնէ Եհովայի իրական ըլլալը։ Ամէն ինչ որ Յիսուս ըսաւ կամ ըրաւ, իր երկնաւոր Հօր անձնաւորութեան ու կերպերուն կատարեալ արտացոլացումն էր։ (Յովհաննու 14։9) Երբ որոշումներ պիտի կայացնենք, ուշադրութեամբ եւ աղօթքով պէտք է խորհինք թէ Յիսուս հարցերը ի՛նչպէս ձեռք պիտի առնէր, եւ այսպէս Քրիստոսի քայլերուն կը հետեւինք։ (Ա. Պետրոս 2։21) Որպէս արդիւնք, Աստուծոյ հետ կը քալենք։
Ի՞նչ օրհնութիւններ յառաջ կու գան
17. Եհովայի ճամբուն մէջ քալելով, մեր անձերուն ի՞նչ «հանգիստ» պիտի գտնենք։
17 Եհովա Աստուծոյ հետ քալելով, օրհնեալ կեանք մը կը վարենք։ Մտաբերէ ի՛նչ որ Եհովա իր ժողովուրդին խոստացաւ՝ «բարօրութեան ճամբան» փնտռելու վերաբերեալ։ Ան ըսաւ. «Քալեցէ՛ք անոր մէջէն, որպէսզի հանգիստ գտնէք ձեր անձերուն»։ (Երեմեայ 6։16, ԱՎ) Այս «հանգիստ»ը ի՞նչ կը նշանակէ։ Հաճոյքով ու պերճանքով լեցուն կեա՞նք։ Ո՛չ։ Եհովա շա՜տ աւելի լաւ բան մը կը հայթայթէ, որ ամենէն մեծահարուստ մարդիկը հազուադէպ կը գտնեն։ Քու անձիդ հանգիստ գտնելը կը նշանակէ՝ ներքին խաղաղութիւն, ուրախութիւն, գոհունակութիւն եւ հոգեւոր բաւարարութիւն գտնել, վստահ ըլլալով թէ կեանքի լաւագոյն ընթացքը ընտրած ես։ Այս միտքի խաղաղութիւնը բացառիկ օրհնութիւն մըն է ներկայ անտանելի աշխարհին մէջ։
18. Եհովա ի՞նչ օրհնութիւն կ’ուզէ քեզի շնորհել, իսկ ի՞նչ վճռած ես ընել։
18 Անշուշտ կեանքը ինքնին մեծ օրհնութիւն մըն է։ Նոյնիսկ կարճատեւ կեանքը աւելի լաւ է քան՝ անգոյութիւնը։ Սակայն Եհովայի նպատակը երբեք չէր որ կեանքիդ ընթացքը կարճ ըլլար, վերջ գտնելով ծերութեան ցաւերով։ Ան կ’ուզէ որ մեծագոյն օրհնութիւնը վայելես,– իրեն հետ քալես յաւիտեան։ Միքիայ 4։5–ը այս կէտը յստակօրէն կ’արտայայտէ. «Բոլոր ժողովուրդները՝ ամէն մէկը իր աստուծոյն անունովը կը քալէ, բայց մենք յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք»։ Այս օրհնութիւնը պիտի արժեւորե՞ս։ Պիտի ապրի՞ս այն կեանքը, որ Եհովա գրաւիչ կերպով կը կոչէ ‘ճշմարիտ կեանքը’։ (Ա. Տիմոթէոս 6։19) Ուրեմն, ամէն գնով վճռէ Եհովայի հետ քալել այսօր, վաղը, եւ յաւիտեան։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 5 Կարգ մը Աստուածաշունչի թարգմանութիւններ այս համարին մէջ «կանգուն» բառը կը փոխարինեն ժամանակի չափով մը, ինչպէս՝ «պահ մը» (The Emphatic Diaglott) կամ «մէկ վայրկեան» (A Translation in the Language of the People, by Charles B. Williams)։ Սակայն բնագրին մէջ գործածուած բառը որոշապէս կանգուն կը նշանակէ, որուն երկարութիւնը շուրջ 45 սանթիմեթր էր։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ հետ քալել։
• Ինչո՞ւ կը զգաս թէ Աստուծոյ հետ պէտք է քալես։
• Ի՞նչ բաներ քեզի կ’օգնեն Աստուծոյ հետ քալելու։
• Աստուծոյ հետ քալողները ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելեն։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 25]
Աստուածաշունչի էջերուն ընդմէջէն Եհովայի ձայնը կը լսենք, որ մեր ետեւէն կ’ըսէ. «Ասիկա է ճամբան»
[Նկար՝ էջ 27]
Ժողովներուն, ատենին տրուած հոգեւոր կերակուր կը ստանանք