Եհովա բնա՛ւ պիտի չթողու քեզ
Եհովա բնա՛ւ պիտի չթողու քեզ
ՀՐԷԱՍՏԱՆԻ մէջ Քրիստոնեաները սաստիկ հակառակութիւն կը դիմագրաւէին, եւ իրենց շուրջ գտնուող մարդոց նիւթապաշտական տեսակէտին դէմ ստիպուած էին պայքարիլ։ Զիրենք քաջալերելու համար, Պօղոս առաքեալ մէջբերեց Իսրայելացիներուն ուղղուած Եհովայի խօսքերը, երբ Խոստացեալ երկիրը մտնելու վրայ էին։ Ան գրեց. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ»։ (Եբրայեցիս 13։5. Բ. Օրինաց 31։6) Անտարակոյս այս խոստումը զօրացուց առաջին դարու Եբրայեցի Քրիստոնեաները։
Նոյն խոստումը մեզ պէտք է զօրացնէ, որ կարենանք ներկայ «չար ժամանակներ»ուն բերած մտահոգութիւններուն հետ գլուխ ելլել։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Եթէ Եհովայի վստահինք ու ըստ այնմ վարուինք, ան մեզի նեցուկ պիտի կանգնի նոյնիսկ ամենադժուար պարագաներու ներքեւ։ Տեսնելու համար թէ Եհովա ի՛նչպէս կը յարգէ այս խոստումը, նկատի առնենք այն պարագան՝ երբ մէկը յանկարծ իր ապրուստի միջոցը կը կորսնցնէ։
Անակնկալ պարագաներ դիմագրաւել
Անգործներուն թիւը հետզհետէ կ’աւելնայ համայն աշխարհի մէջ։ Լեհական պարբերաթերթի մը համաձայն, անգործութիւնը կը համարուի «ընկերատնտեսական ամենադժուար խնդիրներէն մէկը»։ Ճարտարարուեստական երկիրները բացառութիւն չեն կազմեր։ Օրինակ, նոյնիսկ Տնտեսական Համագործակցութեան ու Զարգացման Կազմակերպութեան անդամներուն մէջ, 2004–ին անգործներուն թիւը արդէն «32 միլիոնը անցած էր, գերազանցելով 1930–ական թուականներուն Տնտեսական Մեծ Ձախորդութեան ընթացքին արձանագրուած թիւը»։ Լեհաստանի մէջ, Վիճակագրութեան Կեդրոնական Գրասենեակը տեղեկագրեց թէ Դեկտեմբեր 2003–ին երեք միլիոն անգործներ կային,– «աշխատող դասակարգին 18 տոկոսը»։ Իսկ աղբիւր մը նշեց թէ 2002–ին Հարաւային Ափրիկէի մէջ, Ափրիկեցիներուն 47,8 տոկոսը անգործ էր։
Անակնկալօրէն գործէն արձակուիլը եւ յանկարծ անգործ դառնալը իսկական սպառնալիք են շատերուն համար, ի ներառեալ Եհովայի ծառաները։ «Ժամանակ ու դիպուած» կը պատահին ոեւէ անհատի։ (Ժողովողի 9։11) Թերեւս մղուինք սաղմոսերգու Դաւիթի խօսքը կրկնելու. «Սրտիս նեղութիւնները շատցան»։ (Սաղմոս 25։17) Պիտի կարենա՞ս այս տհաճ պարագաներուն հետ գլուխ ելլել։ Անոնք կրնան զգացական, հոգեւոր, եւ նիւթական բարօրութեանդ ազդել։ Եթէ անգործ ես, կրնա՞ս դարձեալ ոտքերուդ վրայ կայնիլ։
Զգացական ճնշումին հետ գլուխ ելլել
«Գործը կորսնցնելը կը նեղացնէ ամենէն շատ տղամարդիկը», քանի որ սովորաբար կը նկատուին ընտանիքին ապրուստ ճարողը, կը բացատրէ հոգեբան Եանուշ Վիթզինսքի։ Ան ըսաւ թէ անգործութիւնը կրնայ տղամարդուն «յուզումները ծայրայեղ փոփոխութիւններու ենթարկել», բարկութենէն մինչեւ յուսահատութիւն։ Գործէն արձակուած հայրը կրնայ իր ինքնահամարումը կորսնցնել եւ սկսիլ «իր ընտանիքին հետ վիճիլ»։
Էտէմ անունով երկու զաւակի տէր Քրիստոնեայ մը կը բացատրէ թէ ի՛նչ զգաց երբ իր գործը կորսնցուց. «Դիւրաւ կ’ընդվզէի. ամէն բան զիս կը զայրացնէր։ Նոյնիսկ գիշերը կ’երազէի միայն գործի մասին, եւ թէ ի՛նչպէս հոգ պիտի տանիմ զաւակներուս ու կնոջս, որ նոյնպէս անակնկալօրէն գործէն արձակուած էր»։ Երբ Ռիշարտ եւ Մարիոլա, որոնք աղջնակ մը ունին, իրենց եկամուտի աղբիւրը կորսնցուցին, դրամատունէն մեծ գումար մը փոխ առած էին։ Կինը կը պատմէ. «Յարատեւաբար տագնապի մէջ էի, քանի որ խիղճս կ’ըսէր թէ այդ փոխառութիւնը սխալ քայլ մըն էր։ Շարունակ կը մտածէի թէ այս բոլորին մէջ յանցաւորը ես եմ»։ Այսպիսի պարագաներ դիմագրաւելով, դիւրաւ կրնանք բարկանալ, մտահոգուիլ, դառնանալ կամ ընկճուիլ։ Արդ, ի՞նչպէս կրնանք բացասական յուզումները հակակշռի տակ առնել։
Աստուածաշունչը դրական կեցուածք մը պահպանելու կերպին մասին ազդու խրատներ կու տայ։ Պօղոս առաքեալ յորդորեց. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Աղօթքով Եհովայի դիմելը մեզի պիտի տայ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը», մտքի անդորր վիճակ մը, որ իրեն հանդէպ մեր հաւատքին վրայ հիմնուած է։ Էտէմի կինը՝ Իրենա կ’ըսէ. «Մեր աղօթքներուն մէջ, Եհովայի խօսեցանք մեր կացութեան մասին եւ թէ ի՛նչպէս մեր կեանքը աւելի պարզ պիտի դարձնենք։ Ամուսինս, որ դիւրաւ մտահոգուելու հակամէտ է, սկսաւ զգալ թէ լուծում մը վաղահաս է»։
Եթէ յանկարծ անգործ դարձած ես, ի վիճակի ես Յիսուս Քրիստոսի Լերան Քարոզին մէջ ըսած խօսքերը կիրարկելու. «Հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, կամ ի՛նչ պիտի խմէք. ոչ ալ ձեր մարմիններուն համար թէ ի՛նչ պիտի հագնիք. . . . առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։ (Մատթէոս 6։25, 33) Ռիշարտ եւ Մարիոլա այս խրատը կիրարկեցին՝ իրենց յուզումները զսպելու համար։ Մարիոլա կ’ըսէ. «Ամուսինս միշտ զիս կը մխիթարէր ու կը շեշտէր թէ Եհովա մեզ պիտի չլքէ»։ Ամուսինը կ’աւելցնէ. «Միշտ միասնաբար աղօթելով, Աստուծոյ եւ իրարու աւելի մօտեցանք, եւ ասիկա հարկ եղած մխիթարութիւնը հայթայթեց»։
Աստուծոյ սուրբ հոգին ալ մեզի պիտի օգնէ դիմանալու։ Հոգին մեր մէջ կ’արտադրէ ժուժկալութիւն, որ կրնայ մեզ ու մեր զգացումները հանդարտ վիճակի մէջ պահել։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Ասիկա կարելի է, քանի որ Յիսուս խոստացաւ որ «Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։—Ղուկաս 11։13. Ա. Յովհաննու 5։14, 15
Հոգեւոր կարիքներդ մի՛ անտեսեր
Անակնկալօրէն գործէն արձակուիլը սկիզբը կրնայ նոյնիսկ ամենէն հաւասարակշռուած Ծննդոց 46։34) Մովսէս իր նոր պարագաներուն պէտք էր յարմարէր։ Յաջորդ 40 տարիներու ընթացքին, ան թոյլ տուաւ որ Եհովա զինք կաղապարէ եւ պատրաստէ հետագայ նոր նշանակումներու համար։ (Ելից 2։11-22. Գործք 7։29, 30. Եբրայեցիս 11։24-26) Դժուարութիւններ դիմագրաւելով հանդերձ, Մովսէս հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնացած մնաց, Եհովայի մարզումը ընդունելով։ Երբեք թոյլ չտանք որ տհաճ պայմանները մեր հոգեւոր արժանիքները շուքի մէջ ձգեն։
Քրիստոնեան վհատեցնել, բայց մեր հոգեւոր կարիքները պէտք չէ անտեսենք։ Օրինակ, նկատի առ 40 տարեկան Մովսէսը, որուն ամբողջ կեանքը փոխուեցաւ երբ ազնուապետական դիրքը կորսնցուց եւ հովիւ եղաւ,– Եգիպտացիներուն աչքին գարշելի գործ մը։ (Թէեւ յանկարծաբար մեր գործը կորսնցնելը կրնայ ցնցիչ ըլլալ, սակայն ժամանակը կրնանք օգտագործել որ Եհովա Աստուծոյ ու իր ժողովուրդին հետ մեր կապերը ամրացնենք։ Վերոյիշեալ Էտէմ այդպէս ըրաւ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ ես ու կինս մեր գործերը կորսնցուցինք, երբեք մեր միտքէն չանցաւ քրիստոնէական ժողովներէ բացակայիլ կամ քարոզչութեան մասնակցիլը նուազեցնել։ Այս կեցուածքը մեզ պաշտպանեց որ վաղուան մասին չափազանց չմտահոգուինք»։ Ռիշարտ նմանապէս կ’արտայայտուի. «Առանց ժողովներուն ու ծառայութեան, բնաւ պիտի չկարենայինք դիմանալ. վստահաբար մտատանջութիւնը մեզ պիտի սպառէր։ Ուրիշներու հետ հոգեւոր խօսակցութիւններ ունենալը շինիչ է, քանի որ մեր ուշադրութիւնը անո՛նց կարիքներուն վրայ կը կեդրոնացնէ»։—Փիլիպպեցիս 2։4
Այո, փոխանակ գործի մասին մտահոգուելու, փորձէ յաւելեալ ժամանակը գործածել հոգեւոր գործունէութիւններու համար, անձնական ուսումնասիրութիւնդ աւելցնելով, ժողովքային գործունէութիւններու մասնակցելով կամ ծառայութիւնդ ընդարձակելով։ Անգործ անհատին կեանքը վարելու տեղ, ընելիք շատ բան պիտի Ա. Կորնթացիս 15։58
ունենաս «Տէրոջը գործին մէջ», ուրախութիւն բերելով թէ՛ քեզի եւ թէ Թագաւորութեան պատգամին ընդառաջող անհատին։—Ընտանիքիդ նիւթապէս հոգ տանիլ
Սակայն հոգեւոր սնունդը պարապ ստամոքսը չի լեցներ։ Հետեւեալ սկզբունքը ի մտի պէտք է ունենանք. «Եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8) Էտէմ կ’ըսէ. «Թէեւ ժողովքի եղբայրները շուտով մեր ֆիզիքական կարիքները կը հոգան, բայց որպէս Քրիստոնեաներ պարտաւոր ենք գործ փնտռել»։ Կրնանք Եհովայի ու իր ժողովուրդին աջակցութեան վստահիլ, բայց երբեք պէտք չէ մոռնանք որ նախաձեռնութիւնը պէտք է առնենք գործ մը գտնելու համար։
Ի՞նչ նախաձեռնութիւն։ Էտէմ կը բացատրէ. «Ձեռքերդ ծալլած մի՛ սպասեր որ Աստուած հրաշք մը գործէ։ Երբ գործ կը փնտռես, մի՛ վարանիր ինքզինքդ որպէս Եհովայի Վկայ ներկայացնելու։ Սովորաբար գործատէրերը այս մէկը կը գնահատեն»։ Ռիշարտ սա խրատը կու տայ. «Բոլոր ծանօթներդ տեղեակ պահէ թէ գործ կը փնտռես, գործ ապահովելու գործակալութեան հետ կապ պահէ, ծանուցումները աչքէ անցուր, ինչպէս՝ ‘Կ’ուզուի, անկարող մէկու մը հոգ տանող կին’. կամ՝ ‘Ժամանակաւոր աշխատանք՝ ելակ քաղել’։ Շարունակէ փնտռել։ Դժուարահաճ մի՛ ըլլար, նոյնիսկ եթէ պիտի աշխատիս գործ մը որ անարգ կը նկատուի կամ փափաքիդ համաձայն չէ»։
Այո, ‘Տէրը օգնականդ է’։ Ան ‘բնաւ քեզ պիտի չթողու ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգէ’։ (Եբրայեցիս 13։5, 6) Չափազանց մտահոգուելու պէտք չունիս։ Սաղմոսերգու Դաւիթ գրեց. «Տէրո՛ջ յանձնէ քու ճամբադ, անո՛ր վստահէ, եւ ան պիտի գործէ»։ (Սաղմոս 37։5, ԱՎ) ‘Մեր ճամբան Եհովայի յանձնելը’ կը նշանակէ թէ իրեն կ’ապաւինինք եւ բաները իր կերպով կ’ընենք, նոյնիսկ երբ պարագաները մեզի համար աննպաստ կը թուին։
Էտէմ ու Իրենա իրենց կարիքները լեցուցին՝ պատուհաններ ու աստիճաններ մաքրելով եւ խնայող ըլլալով։ Անոնք նաեւ կանոնաւորաբար այցելեցին գործ ապահովելու գործակալութիւնը։ Իրենա կ’ըսէ. «Օգնութիւնը միշտ կը հասնէր ճիշդ ատենին»։ Ամուսինը կ’աւելցնէ. «Փորձառաբար նկատեցինք թէ աղօթքներուն մէջ մեր յիշած կէտերը միշտ Աստուծոյ կամքին համաձայն չէին։ Ուստի սորվեցանք իր իմաստութեան ապաւինիլ եւ մեր հասկացողութեան համաձայն չգործել։ Աւելի լաւ է հանդարտօրէն սպասել Աստուծոյ հայթայթելիք լուծումին»։—Յակոբու 1։4
Ռիշարտ եւ Մարիոլա առժամեայ գործեր աշխատեցան, բայց միեւնոյն ատեն քարոզեցին այն թաղամասերուն մէջ, ուր կարիքը աւելի մեծ էր։ Ռիշարտ կ’ըսէ. «Երբեք անօթի չմնացինք, քանի որ ճիշդ ատենին հարկ եղած գործը կը գտնէինք։ Մերժեցինք լաւ–վճարուած աշխատանքներ, որոնք կրնային մեր աստուածպետական պատասխանատուութիւններուն խոչընդոտ հանդիսանալ։ Նախընտրեցինք Եհովայի սպասել»։ Անոնք կը հաւատան թէ Եհովա իրենց օգնեց որ շատ աժան գինով բնակարան մը վարձեն, եւ Ռիշարտ ի վերջոյ գործ մը գտաւ։
Ապրուստի միջոցը կորսնցնելը կրնայ շատ վշտագին ըլլալ, բայց ինչո՞ւ զայն չնկատես պատեհութիւն մը, տեսնելու համար թէ Եհովա բնաւ քեզ պիտի չթողու։ Ան քեզ կը հոգայ։ (Ա. Պետրոս 5։6, 7) Ան Եսայի մարգարէին միջոցով խոստացած է. «Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ»։ (Եսայեայ 41։10) Երբեք թոյլ մի՛ տար որ անակնկալ դէպք մը, ի ներառեալ գործի կորուստը, քեզ անդամալուծէ։ Ամէն կարելիդ ըրէ, իսկ մնացեալը Եհովայի յանձնէ։ Եհովայի սպասէ, նոյնիսկ «լռութեամբ»։ (Ողբք 3։26) Ճոխ օրհնութիւններ պիտի վայելես։—Երեմեայ 17։7
[Նկար՝ էջ 29]
Ժամանակը գործածէ հոգեւոր գործունէութիւններու համար
[Նկարներ՝ էջ 30]
Խնայող եղիր, եւ գործ փնտռելու ժամանակ դժուարահաճ մի՛ ըլլար