Եհովա մեր Հովիւն է
Եհովա մեր Հովիւն է
«Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ»։—ՍԱՂՄՈՍ 23։1
1-3. Ինչո՞ւ զարմանալի չէ որ Դաւիթ Եհովան նմանցուց հովիւի մը։
Ի՞ՆՉՊԷՍ կը նկարագրես այն կերպը, որով Եհովա իր ժողովուրդին հոգ կը տանի։ Ի՞նչ համեմատութիւն կը գործածես՝ հաղորդելու համար իր հաւատարիմ ծառաներուն հանդէպ Եհովայի ցուցաբերած գորովալից հոգածութիւնը։ Աւելի քան 3,000 տարի առաջ, սաղմոսերգու Դաւիթ թագաւոր գեղեցիկ կերպով Եհովան նկարագրեց, իր նախկին ասպարէզին հիման վրայ նմանութիւն մը գործածելով։
2 Դաւիթ իր պատանեկութեան ընթացքին հովիւ էր, ուստի ոչխարներուն հոգ տանելու մասին լաւ գաղափար ունէր։ Ան գիտէր որ առանձին ձգուած ոչխարները դիւրաւ կը կորսուին, կը գողցուին կամ գազաններու կողմէ կը յօշոտուին։ (Ա. Թագաւորաց 17։34-36) Եթէ հոգածու հովիւ չունին, անոնք թերեւս իրենց արօտավայրն ու ուտելիքը չեն գտներ։ Անկասկած Դաւիթ հաճոյքով կը մտաբերէր այն ժամանակները, երբ ոչխարները կ’առաջնորդէր, կը պաշտպանէր ու կը կերակրէր։
3 Զարմանալի չէ որ Դաւիթ հովուութիւնը յիշեց, երբ ներշնչուեցաւ նկարագրելու համար թէ Եհովա ի՛նչպէս իր ժողովուրդը կը հոգայ։ Դաւիթի կողմէ յօրինուած 23–րդ սաղմոսը կը սկսի սա խօսքով. «Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ»։ Այժմ նկատի առնենք թէ այս խօսքը ինչո՛ւ տեղին է։ Ապա 23–րդ սաղմոսին օգնութեամբ, պիտի տեսնենք թէ Եհովա ի՛նչ կերպերով իր երկրպագուներուն հոգ կը տանի, ինչպէս հովիւ մը իր ոչխարներուն հոգ կը տանի։—Ա. Պետրոս 2։25
Յարմար համեմատութիւն
4, 5. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կը նկարագրէ ոչխարին առանձնայատկութիւնները։
4 Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, Եհովա բազմաթիւ տիտղոսներ կը կրէ, բայց «Հովիւ» անուանումը մեծապէս գթասրտութիւն կը հաղորդէ։ (Սաղմոս 80։1) Աւելի լաւ հասկնալու համար թէ Եհովա ինչո՛ւ տեղին ըլլալով կոչուած է Հովիւ, օգտակար է որ երկու բան գիտնանք. առաջին՝ ոչխարին բնաւորութիւնը, իսկ երկրորդ՝ բարի հովիւին պարտականութիւններն ու յատկութիւնները։
5 Աստուածաշունչը յաճախ կ’ակնարկէ ոչխարին առանձնայատկութիւններուն, զայն նկարագրելով որպէս հովիւին գորովին իսկոյն ընդառաջող (Բ. Թագաւորաց 12։3), ոչ–նախայարձակ (Եսայեայ 53։7), եւ անպաշտպան։ (Միքիայ 5։8) Գրող մը, որ երկար տարիներ ոչխարաբուծութեամբ զբաղեցաւ, նշեց. «Ոչխարները չեն կրնար ‘պարզապէս իրենք զիրենք հոգալ’, ինչպէս ոմանք կ’ենթադրեն։ Ուրիշ անասուններէ աւելի, անոնք կը պահանջեն անվերջ ուշադրութիւն ու բծախնդիր խնամք»։ Ողջ մնալու համար, այս անպաշտպան արարածները հոգածու հովիւի մը կարիք ունին։—Եզեկիէլ 34։5
6. Աստուածաշունչի բառարան մը ի՞նչպէս կը բացատրէ վաղեմի հովիւին սովորական օրը։
6 Վաղեմի հովիւին սովորական օրը ի՞նչպէս էր։ Աստուածաշունչի բառարան մը կը բացատրէ. «Ան առտու կանուխ հօտը փարախէն դուրս կը հանէր, եւ զայն կ’առաջնորդէր դէպի արօտավայրը։ Հոն, ամբողջ օրը անոնց վրայ կը հսկէր, հոգ տանելով որ ո՛չ մէկը մոլորի, իսկ եթէ պատահէր որ ոչխար մը հօտէն հեռանար, ան անխոնջօրէն կը ջանար զայն գտնել ու հօտին միացնել։ . . . Իրիկնադէմին ան հօտը փարախ կը վերադարձնէր, եւ դրան առջեւ զանոնք կը համրէր մինչ իր ցուպին տակէն կ’անցնէին, վստահ ըլլալու համար թէ ո՛չ մէկ ոչխար կորսուած է։ . . . Յաճախ ան կը ստիպուէր գիշերը փարախին վրայ հսկել, որպէսզի ոչխարները գազաններուն կամ խորամանկ գողերուն զոհը չդառնան»։ *
7. Հովիւը երբեմն ինչո՞ւ յաւելեալ համբերութիւն ու քնքշութիւն կը ցուցաբերէր։
7 Ատեն–ատեն ոչխարները յաւելեալ համբերութիւն ու քնքշութիւն կը պահանջէին, մանաւանդ յղի մաքիները եւ գառնուկները։ (Ծննդոց 33։13) Աստուածաշնչական աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Գառնուկները յաճախ կը ծնէին փարախէն հեռու տեղ մը։ Հովիւը մօտէն կը հսկէր անօգնական մօր վրայ, եւ ծնած գառը կը վերցնէր ու զայն շալկելով փարախ կը տանէր։ Առաջին օրերը գառը քալելու կարող չըլլալով, հովիւը զայն կը կրէր իր թեւերով կամ իր հանդերձին ծալքով»։ (Եսայեայ 40։10, 11) Բացորոշ է թէ լաւ հովիւին համար անհրաժեշտ էին թէ՛ զօրաւոր եւ թէ նուրբ յատկութիւնները։
8. Դաւիթ Եհովայի վստահելու ի՞նչ պատճառներ կու տայ։
8 «Տէրը իմ հովիւս է»,– մեր երկնաւոր Հօր յարմարող նկարագրութիւն մը չէ՞։ Մինչ 23–րդ սաղմոսը կը քննարկենք, պիտի տեսնենք թէ Աստուած ի՛նչպէս կը հոգայ մեզ՝ հովիւի մը ցուցաբերած զօրութեամբ ու քնքշութեամբ։ Առաջին համարին մէջ, Դաւիթ վստահութիւն կը յայտնէ թէ Աստուած Իր ոչխարներուն հարկ եղած բոլոր հայթայթումները պիտի ընէ, որպէսզի «բանի մը կարօտութիւն» չունենան։ Յաջորդ համարներուն մէջ, Դաւիթ իր վստահութեան համար երեք պատճառ կու տայ. Եհովա Իր ոչխարները կ’առաջնորդէ, կը պաշտպանէ եւ կը կերակրէ։ Զանոնք մէկ առ մէկ քննարկենք։
«Զիս կ’առաջնորդէ»
9. Դաւիթ ի՞նչ խաղաղ տեսարան մը կը նկարագրէ, իսկ ոչխարները ի՞նչպէս հոն կը գտնուին։
9 Առաջին՝ Եհովա իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէ։ Դաւիթ կը գրէ. «Զիս դալար մարգագետիններու մէջ կը պառկեցնէ, հանդարտ ջուրերու քով կը տանի։ Անձս կը վերանորոգէ. զիս կ’առաջնորդէ արդարութեան արահետներուն մէջ՝ իր անունին համար»։ (Սաղմոս 23։2, 3, ԱՎ) Խոտաւէտ արօտի մէջ խաղաղօրէն պառկած հօտ,– այսպիսով Դաւիթ կը նկարագրէ գոհունակութիւնը, թարմացումն ու ապահովութիւնը։ «Մարգագետին» թարգմանուած Եբրայերէն բառը՝ «հաճելի վայր» կրնայ նշանակել։ Շատ հաւանական է որ ոչխարները առանձին չեն կրնար թարմացուցիչ վայր մը գտնել, ուր խաղաղօրէն կրնան պառկիլ։ Անոնց հովիւն է որ զիրենք կ’առաջնորդէ դէպի «հաճելի վայր» մը։
10. Աստուած մեզի հանդէպ իր վստահութիւնը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ։
10 Ներկայիս Եհովա ի՞նչպէս կ’առաջնորդէ մեզ։ Կերպերէն մէկը՝ օրինակ հանդիսանալով։ Իր Խօսքը մեզ կը յորդորէ որ ‘Աստուծոյ նմանող ըլլանք’։ (Եփեսացիս 5։1) Այս խօսքին կապակցաբար կը յիշուին՝ քաղցրութիւն, ներում եւ սէր։ (Եփեսացիս 4։32. 5։2) Վստահաբար Եհովա այս ջերմ յատկութիւնները ցոյց տալու մէջ լաւագոյն օրինակն է։ Զինք ընդօրինակելու պատուէրը անիրատեսակա՞ն է։ Ո՛չ։ Իրականութեան մէջ, այս ներշնչեալ խրատը՝ մեզի հանդէպ իր վստահութեան սքանչելի մէկ արտայայտութիւնն է։ Ի՞նչպէս։ Մենք Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ենք, այսինքն՝ բարոյական յատկութիւններով եւ հոգեւորութեամբ օժտուած ենք։ (Ծննդոց 1։26) Ուստի Եհովա գիտէ թէ հակառակ մեր անկատարութիւններուն, իր դրսեւորած յատկութիւնները մշակելու կարողութիւն ունինք։ Պահ մը խորհէ. մեր սիրալիր Աստուածը վստահ է թէ կրնանք իրեն նման ըլլալ։ Եթէ իր օրինակին հետեւինք, ան մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի ‘հաճելի վայր’ մը, այլաբանօրէն խօսելով։ Այս վայրագ աշխարհին մէջ ‘ապահովութեամբ պիտի բնակինք’ ու Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալէն յառաջ եկած խաղաղութիւնը պիտի վայելենք։—Սաղմոս 4։8. 29։11
11. Իր ոչխարները առաջնորդելու նկատմամբ, Եհովա ի՞նչ նկատի կ’առնէ, եւ ի՞նչ բան ասիկա կ’ապացուցանէ։
11 Եհովա քնքշութեամբ ու համբերութեամբ մեզ կ’առաջնորդէ։ Հովիւը իր ոչխարներուն սահմանափակումները նկատի առնելով՝ ‘իրենց ոտքովը կը քալէ’։ (Ծննդոց 33։14) Եհովա նոյնպէս իր ոչխարները կ’առաջնորդէ անոնց քալելու արագութեան համաձայն։ Ան մեր կարողութիւններն ու պարագաները նկատի կ’առնէ։ Իրականութեան մէջ, ան արագութիւնը կը ճշդէ, մեր կարողութենէն վեր եղող բաներ երբեք չպահանջելով։ Ան կը պահանջէ որ անձնուէր ըլլանք։ (Կողոսացիս 3։23) Իսկ եթէ տարեց ես ու այլեւս չես կրնար առաջուան գործունէութիւններդ շարունակել, կամ եթէ լուրջ հիւանդութիւն մը քեզ կը կաշկանդէ, անձնուէր ըլլալու պահանջը աւելի յատկանշական կը դառնայ։ Կարելի չէ գտնել երկու անձեր, որոնք լիովին իրարու պէս են։ Անձնուիրաբար ծառայել կը նշանակէ՝ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ ամբողջ զօրութիւնդ եւ կորովդ գործածել ա՛յն լման տարողութեամբ որ քեզի համար կարելի է։ Հակառակ մեր արագութեան ազդող տկարութիւններուն, Եհովա մեր սրտագին պաշտամունքը կ’արժեւորէ։—Մարկոս 12։29, 30
12. Մովսիսական Օրէնքին մէջ ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ թէ Եհովա իր ոչխարները կ’առաջնորդէ անոնց քալելու արագութեան համաձայն։
12 Լուսաբանելու համար թէ Եհովա իր ոչխարները կ’առաջնորդէ անոնց քալելու արագութեան համաձայն, նկատի առ թէ Մովսիսական Օրէնքին մէջ յանցանքի պատարագներուն մասին ի՛նչ ըսուած է։ Եհովա երախտապարտ սիրտէ բխած ընտիր ընծաներ կ’ուզէր, բայց մատուցանողին կարողութեան համաձայն։ Օրէնքը ըսաւ. «Եթէ ոչխար կամ այծ բերելու կարող չըլլայ, . . . երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ թող բերէ Տէրոջը, . . . իսկ եթէ . . . աղաւնիի երկու ձագ բերելու ալ կարող չըլլայ, այն ատեն . . . բարակ ալիւր թող բերէ»։ (Ղեւտացւոց 5։7, 11) Ասիկա ցոյց կու տայ թէ Աստուած ընծայ բերողին կարողութենէն վեր եղող բան մը չպահանջեց։ Որովհետեւ Աստուած չի փոխուիր, մխիթարական է գիտնալ թէ մեր կարողութեան սահմանէն դուրս եղող բաներ երբեք չի պահանջեր. ան ուրախութեամբ կ’ընդունի ինչ որ կրնա՛նք տալ։ (Մաղաքեայ 3։6) Այս հասկացող Հովիւին կողմէ առաջնորդուիլը ի՜նչ բերկրանք է։
«Չարէն պիտի չվախնամ, վասն զի դուն ինծի հետ ես»
13. Սաղմոս 23։4–ի մէջ, Դաւիթ ի՞նչպէս աւելի մտերմաբար կը խօսի, եւ ասիկա ինչո՞ւ զարմանալի չէ։
13 Դաւիթ իր վստահութեան համար երկրորդ պատճառ մը կու տայ. Եհովա իր ոչխարները կը պաշտպանէ։ Կը կարդանք. «Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, չարէն պիտի չվախնամ, վասն զի դուն ինծի հետ ես, քու ցուպդ ու գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն»։ (Սաղմոս 23։4) Այժմ Դաւիթ աւելի մտերմաբար կը խօսի ու խօսքը Եհովայի կ’ուղղէ՝ «դուն» դերանունը գործածելով։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ Դաւիթ կը նշէ թէ Աստուած ի՛նչպէս իրեն օգնեց թշուառութեան տոկալու։ Դաւիթ բազմաթիւ ձորեր կտրած էր,– երբ իր կեանքն իսկ վտանգի տակ էր։ Բայց վախը զինք չէր պատած, քանի որ Աստուած իրեն հետ էր,– Իր ‘ցուպով’ ու ‘գաւազանով’, պատրաստ՝ գործի լծուելու ի պահանջել հարկին։ Այս պաշտպանութիւնը վայելելը մխիթարեց Դաւիթը եւ անտարակոյս զինք աւելի մօտեցուց Եհովայի։ *
14. Եհովայի պաշտպանութեան նկատմամբ Աստուածաշունչը ի՞նչ երաշխիք կու տայ մեզի, բայց ասիկա ի՞նչ չի նշանակեր։
14 Եհովա ներկայիս ի՞նչպէս կը պաշտպանէ իր ոչխարները։ Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ դիւային եւ մարդկային հակառակորդները բնաւ պիտի չկարենան իր ոչխարները բնաջնջել։ (Եսայեայ 54։17. Բ. Պետրոս 2։9) Սակայն ասիկա չի նշանակեր թէ մեր Հովիւը մեզ ամէն չարիքէ պիտի պաշտպանէ։ Մարդկային սովորական նեղութիւնները կը քաշենք եւ ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն վրայ եկած հակառակութիւնն ալ կը դիմագրաւենք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12. Յակոբու 1։2) Երբեմն ‘մահուան շուքի ձորին մէջ կը պտըտինք’։ Օրինակ, հալածանքի կամ ծանր հիւանդութեան մը պատճառով կրնանք մահուան սեմին հասնիլ։ Կամ, թերեւս մեր սիրելիներէն մէկը մահամերձ ըլլայ կամ նոյնիսկ մահանայ։ Ամենէն մռայլ պահերուն իսկ մեր Հովիւը մեզի հետ է, եւ մեզ պիտի պաշտպանէ։ Ի՞նչպէս։
15, 16. (ա) Եհովա ի՞նչ կերպերով մեզի կ’օգնէ մեր դիմագրաւած խոչընդոտները ձեռք առնելու։ (բ) Փորձառութիւն մը պատմէ որ ցոյց կու տայ թէ Եհովա ի՛նչպէս կ’օգնէ մեզի դժուար ժամանակներուն։
15 Եհովա հրաշալի միջամտութիւն չի խոստանար։ * Բայց կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա մեզի պիտի օգնէ որ մեր դիմագրաւած որեւէ խոչընդոտ յաղթահարենք։ Ան կրնայ մեզ իմաստութեամբ օժտել որ «զանազան փորձութիւններու» հետ գլուխ ելլենք։ (Յակոբու 1։2-5, ԱՎ) Հովիւը իր ցուպը կամ գաւազանը կը գործածէ ո՛չ միայն գիշատիչները հեռացնելու, այլեւ՝ իր ոչխարները մշտելու համար, որ շիտակ ուղղութեան մէջ մնան։ Եհովա կրնայ մեզ «մշտել», թերեւս հաւատակիցի մը միջոցով, աստուածաշնչական խրատ մը կիրարկելու, որ կրնայ մեր կացութիւնը հիմնականօրէն փոխել։ Ասկէ զատ, Եհովա կրնայ մեզի զօրութիւն տալ որ տոկանք։ (Փիլիպպեցիս 4։13) Իր սուրբ հոգիին միջոցով, ան կրնայ մեզ զինել «անսահման զօրութեամբ»։ (Բ. Կորնթացիս 4։7, Անթիլիաս) Աստուծոյ հոգին մեզ կարող կը դարձնէ որ մեր վրայ Սատանայի բերած որեւէ փորձութեան տոկանք։ (Ա. Կորնթացիս 10։13) Մխիթարական չէ՞ գիտնալ թէ Եհովա միշտ պատրաստ է մեզի օգնելու։
16 Այո, ի՛նչ մութ ձորի մէջ ալ գտնուինք, ստիպուած չենք զայն առանձին կտրել։ Մեր Հովիւը մեզի հետ է, մեզի օգնելով շատ մը կերպերով, որոնք սկիզբը թերեւս լիովին չըմբռնենք։ Նկատի առ Քրիստոնեայ երէցի մը փորձառութիւնը, որ ուղեղի քաղցկեղ ունէր։ «Կը խոստովանիմ թէ սկիզբը հարց տուի թէ արդեօք Եհովա ինծի դէմ բարկացա՞ծ է, կամ զիս կը սիրէ՞։ Բայց վճռեցի Եհովայէ չհեռանալ, եւ մտահոգութիւններս իրեն յայտնեցի։ Ան ինծի օգնեց, յաճախ զիս մխիթարելով եղբայրներուս ու քոյրերուս միջոցով։ Շատեր օգտակար գաղափարներ ներկայացուցին, թէ ի՛նչպէս անձամբ լուրջ հիւանդութեան հետ գլուխ ելած էին։ Անոնց հաւասարակշռուած մեկնաբանութիւնները ինծի յիշեցուցին թէ քաշած բաներս անսովոր չէին։ Գործնական օժանդակութիւնը, ի ներառեալ օգնելու սրտագրաւ առաջարկներ, զիս հաւաստիացուց թէ Եհովայի հաճութիւնը չէի կորսնցուցած։ Անշուշտ պէտք է շարունակեմ պայքարիլ հիւանդութեանս դէմ, թէեւ չեմ գիտեր թէ ի՛նչ արդիւնքի պիտի հասնիմ։ Բայց համոզուած եմ որ Եհովա ինծի հետ է եւ պիտի շարունակէ ինծի օգնել այս փորձութեան ընթացքին»։
«Սեղան կը պատրաստես իմ առջեւս»
17. Սաղմոս 23։5–ի մէջ Դաւիթ ի՞նչպէս կը նկարագրէ Եհովան, եւ ասիկա ինչո՞ւ հովիւի օրինակին հետ ներդաշնակ է։
17 Այժմ Դաւիթ իր Հովիւին վստահելու երրորդ պատճառ մը կը նշէ. Եհովա իր ոչխարները առատաձեռնօրէն կը կերակրէ։ Դաւիթ կը գրէ. «Սեղան կը պատրաստես իմ առջեւս իմ թշնամիներուս դիմաց. իմ գլուխս իւղով կ’օծես, իմ բաժակս խիստ լեցուն է»։ (Սաղմոս 23։5) Այս համարին մէջ, Դաւիթ իր Հովիւը կը նկարագրէ որպէս առատաձեռն հիւրընկալ, որ առատ ուտելիք ու խմելիք կը հայթայթէ։ Երկու օրինակները,– հոգածու հովիւ եւ առատաձեռն հիւրընկալ,– հակասական չեն։ Արդարեւ լաւ հովիւը պէտք է գիտնայ ջրոտ ու խոտաւէտ վայրերը, որպէսզի իր հօտը ‘բանի մը կարօտութիւն չունենայ’։—Սաղմոս 23։1, 2
18. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովա առատաձեռն հիւրընկալ է։
18 Մեր Հովիւը նաեւ առատաձեռն հիւրընկա՞լ է։ Ասոր վրայ կասկած չկայ։ Պահ մը խորհէ մեր վայելած հոգեւոր կերակուրին որակին, քանակին եւ այլազանութեան մասին։ Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին միջոցով, Եհովա մեզի հայթայթած է օգտակար հրատարակութիւններ եւ ճոխ յայտագիրներ՝ ժողովներու ու համաժողովներու մէջ,– մեր հոգեւոր կարիքները լեցնելով։ (Մատթէոս 24։45-47) Վստահաբար հոգեւոր կերակուրի պակաս չկայ։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» միլիոնաւոր Աստուածաշունչեր եւ Աստուածաշունչը սերտելու նպաստող հրատարակութիւններ արտադրած է՝ 413 լեզուներով։ Եհովայի հայթայթած այս հոգեւոր սնունդը մեծապէս այլազան է,– «կաթ»էն՝ Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումներէն՝ մինչեւ «հաստատուն կերակուրը»՝ հոգեւոր խորունկ տեղեկութիւնները։ (Եբրայեցիս 5։11-14) Որպէս արդիւնք, երբ խնդիրներ դիմագրաւենք կամ որոշումներ պիտի կայացնենք, մեզի հարկ եղած տեղեկութիւնները սովորաբար կը գտնենք։ Առանց այս հոգեւոր կերակուրին, մեր կացութիւնը ի՞նչ պիտի ըլլար։ Արդարեւ մեր Հովիւը մեծագոյն հայթայթիչն է։—Եսայեայ 25։6. 65։13
«Տէրոջը տունը պիտի բնակիմ»
19, 20. (ա) Սաղմոս 23։6–ի մէջ Դաւիթ ի՞նչ վստահութիւն կը յայտնէ, եւ ի՞նչպէս կրնանք նոյն վստահութիւնը ունենալ։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնուի։
19 Իր Հովիւին ու Հայթայթիչին ուղիներուն մասին խորհրդածելէ ետք, Դաւիթ կ’եզրափակէ. «Յիրաւի բարերարութիւնն ու ողորմութիւնը ինծի հետ պիտի գան կեանքիս բոլոր օրերուն մէջ ու շատ օրեր Տէրոջը տունը պիտի բնակիմ»։ (Սաղմոս 23։6) Դաւիթի խօսքերը երախտագիտութեամբ ու հաւատքով լեցուած սիրտէ մը կը բխին,– երախտագիտութիւն՝ անցեալը մտաբերելով, եւ հաւատք՝ դէպի ապագան նայելով։ Այս նախկին հովիւը ապահով կը զգայ, գիտնալով թէ այնքան ատեն որ իր երկնաւոր Հովիւին մօտիկ կը մնայ, կարծես անոր տան մէջ բնակելով, միշտ պիտի վայելէ Եհովայի սիրալիր հոգատարութիւնը։
20 Որքա՜ն երախտապարտ ենք 23–րդ սաղմոսի գեղեցիկ խօսքերուն համար։ Դաւիթ ասկէ աւելի յարմար կերպ մը չէր կրնար գտնել, Իր ոչխարները առաջնորդելու, պաշտպանելու եւ կերակրելու Եհովայի կերպը նկարագրելու համար։ Դաւիթի ջերմ արտայայտութիւնները պահպանուած են, որպէսզի վստահութիւն ունենանք թէ մենք ալ կրնանք Եհովան մեր Հովիւը նկատել։ Այո, այնքան ատեն որ Եհովայի մօտիկ կը մնանք, ան որպէս սիրալիր Հովիւ մեզի հոգ պիտի տանի «շատ օրեր», նոյնիսկ յաւիտեան։ Սակայն իր ոչխարները ըլլալով, մեծ Հովիւին՝ Եհովայի հետ քալելու պատասխանատուութիւնը ունինք։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ թէ ասիկա ի՛նչ կը պարփակէ։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 13 Դաւիթ մի քանի սաղմոսներ յօրինեց, որոնց մէջ Եհովան փառաբանեց՝ զինք վտանգներէ ազատելուն համար։—Օրինակ, տես հետեւեալ սաղմոսներուն մակագրութիւնները՝ 18, 34, 56, 57, 59 եւ 63։
^ պարբ. 15 Տես՝ «Աստուածային միջամտութիւն՝ ի՞նչ կրնանք ակնկալել» խորագրով յօդուածը, Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 2003 թիւին մէջ (Անգլերէն)։
Կը յիշե՞ս
• Ինչո՞ւ տեղին է որ Դաւիթ Եհովան հովիւի մը նմանցուց։
• Եհովա ի՞նչպէս մեզ հասկացողութեամբ կ’առաջնորդէ։
• Եհովա ի՞նչ կերպերով մեզի կ’օգնէ նեղութիւններու տոկալու։
• Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովա առատաձեռն հիւրընկալ է։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 20]
Իսրայէլի մէջ գտնուող հովիւի մը նման, Եհովա իր ոչխարները կ’առաջնորդէ