Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իսկական խոնարհութիւն մշակէ

Իսկական խոնարհութիւն մշակէ

Իսկական խոնարհութիւն մշակէ

«Վշտացած [«խոնարհ», ՆԱ] ժողովուրդը դո՛ւն կ’ազատես»։—Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 22։28

1, 2. Աշխարհի կառավարիչներէն շատեր հասարակաց ի՞նչ բան ունեցած են։

ԲՈՒՐԳԵՐԸ կը վկայեն վաղեմի Եգիպտոսի կառավարիչներուն մասին։ Պատմութեան մէջ նաեւ դեր խաղցած են՝ Ասորեստանցի Սենեքերիմը, Յոյն Մեծն Աղեքսանդրը եւ Հռովմէացի Յուլիոս կայսրը։ Այս բոլոր կառավարիչները հասարակաց բան մը ունէին։ Անոնց արձանագրութիւնները չեն յայտներ թէ իսկապէս խոնարհ էին։—Մատթէոս 20։25, 26

2 Կրնա՞ս երեւակայել որ վերոյիշեալ կառավարիչներէն մէկը սովորաբար կը ջանար իր իշխանութեան ծիրին մէջ կարիքաւոր հպատակները գտնել ու մխիթարել։ Անշուշտ ոչ։ Ո՛չ ալ կրնաս երեւակայել որ անոնք սրտաբեկ քաղաքացիներու համեստ տուները կ’այցելէին, զանոնք քաջալերելու համար։ Աննշան մարդոց հանդէպ անոնց կեցուածքը որքա՜ն տարբեր է տիեզերքի Գերիշխանին՝ Եհովա Աստուծոյ կեցուածքէն։

Խոնարհութեան մեծագոյն Տիպարը

3. Գերագոյն Իշխանը ի՞նչպէս կը վարուի իր մարդկային հպատակներուն հետ։

3 Եհովա անքննելիօրէն մեծ ու բարձր է, բայց իր «աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ»։ (Բ. Մնացորդաց 16։9) Եհովա ի՞նչ կ’ընէ երբ նուաստ երկրպագուներ կը գտնէ, որոնք զանազան փորձութիւններու պատճառով սրտաբեկ են։ Ան իր սուրբ հոգիով այսպիսիներու ‘հետ կ’ըլլայ’, ‘որպէսզի նուաստներուն հոգին վերապրեցնէ, ու ճմլուած սիրտերը վերապրեցնէ’։ (Եսայեայ 57։15, ԱՎ) Ուստի իր վերակենդանացած երկրպագուները ի վիճակի կ’ըլլան վերստին իրեն ուրախութեամբ ծառայելու։ Աստուծոյ կողմէ ի՜նչ խոնարհութիւն։

4, 5. (ա) Սաղմոսերգուն Աստուծոյ իշխելու կերպին նկատմամբ ի՞նչպէս զգաց։ (բ) «Չքաւոր»ին օգնելու համար Աստուծոյ ‘ցածնալը’ ի՞նչ նշանակութիւն ունի։

4 Տիեզերքի մէջ ո՛չ ոք Գերիշխան Տէրոջ նման ինքզինք խոնարհեցուցած է, մեղաւոր մարդոց օգնելու համար։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Տէրը բարձրացած է բոլոր ազգերէն վեր. անոր փառքը երկինքէն վեր է։ Ո՞վ կայ Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն պէս, որ բարձրութեան մէջ կը բնակի, բայց կը ցածնայ՝ երկինքի ու երկրի մէջ եղած բաները տեսնելու համար։ Ան չքաւորը հողէն կը վերցնէ, եւ աղքատը աղբիւսէն կը բարձրացնէ»։—Սաղմոս 113։4-7, ԱՎ

5 Եհովա անարատ ու սուրբ է, եւ հետեւաբար՝ ‘ամբարտաւանութենէ’ զերծ։ (Մարկոս 7։22, 23) ‘Ցածնալ’ բառը կրնայ սա գաղափարը հաղորդել. իջնել անհատի մը մակարդակին, որ ընկերային գետնի վրայ ստորադաս է, կամ՝ վար գալ դիրքէն կամ բարձր աստիճանէն, աննշան մէկու մը հետ գործառնութիւն ունենալու համար։ Սաղմոս 113։6–ը որքա՜ն գեղեցիկ կերպով կը նկարագրէ մեր խոնարհ Աստուածը, որ սիրալիր ուշադրութիւն կ’ընծայէ իր անկատար երկրպագուներուն կարիքներուն։—Բ. Թագաւորաց 22։36

Յիսուս ինչո՛ւ խոնարհ էր

6. Եհովայի խոնարհութեան մեծագոյն արարքը ի՞նչ էր։

6 Աստուծոյ խոնարհութեան ու սիրոյն մեծագոյն արարքը՝ իր սիրելի անդրանիկ Որդին ղրկելն էր, որ երկրի վրայ ծնէր ու մեծնար, մարդկութիւնը փրկելու համար։ (Յովհաննու 3։16) Յիսուս իր երկնաւոր Հօր մասին մեզի ճշմարտութիւնը սորվեցուց եւ ապա իր կատարեալ մարդկային կեանքը զոհեց՝ «աշխարհի մեղքը» վերցնելու համար։ (Յովհաննու 1։29. 18։37) Կատարելապէս իր Հօր անձնաւորութիւնը արտացոլացնելով, ի ներառեալ՝ Եհովայի խոնարհութիւնը, Յիսուս Աստուծոյ պահանջածը կամովին կատարեց, մտացի արարածներուն մէջ՝ խոնարհութեան ու սիրոյն մեծագոյն օրինակը հանդիսանալով։ Բոլորը Յիսուսի խոնարհութիւնը չգնահատեցին, եւ իր թշնամիները զինք «մարդոց ամենէն նուաստը» նկատեցին։ (Դանիէլ 4։17, ԱՎ) Այսուհանդերձ Պօղոս առաքեալ անդրադարձաւ որ իր հաւատակիցները պէտք է ընդօրինակեն Յիսուսը, եւ իրարու հետ խոնարհութեամբ վարուին։—Ա. Կորնթացիս 11։1. Փիլիպպեցիս 2։3, 4

7, 8. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս սորվեցաւ խոնարհ ըլլալ։ (բ) Յիսուս ի՞նչ կոչ ըրաւ։

7 Պօղոս Յիսուսի ուշագրաւ օրինակը ցցուն ըրաւ, ըսելով. «Ունեցէ՛ք այն մտածումը՝ որ Քրիստոս Յիսուսի մէջ էր. Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով՝ ան յափշտակութիւն մը չհամարեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը, հապա ունայնացուց ինքզինք, իր վրայ առաւ ծառայի մը կերպարանքը եւ նմանեցաւ մարդոց. գտնուելով մարդկային կերպարով՝ խոնարհեցուց ինքզինք ու հնազանդ եղաւ մինչեւ մահ, նոյնիսկ՝ խաչին մահը»։—Փիլիպպեցիս 2։5-8, ԱՎ

8 Ոմանք կրնան հարց տալ. ‘Յիսուս ի՞նչպէս սորվեցաւ խոնարհ ըլլալ’։ Ան այս սքանչելի յատկութիւնը ձեռք ձգեց՝ անհամար դարեր իր երկնաւոր Հօր հետ սերտօրէն ընկերակցելով, որոնց ընթացքին ծառայեց որպէս Աստուծոյ «ճարտարապետ»ը, ամէն բան ստեղծելու մէջ։ (Առակաց 8։30) Եդեմի մէջ տեղի ունեցած ըմբոստութենէն ետք, Աստուծոյ Անդրանիկը նկատեց իր Հօր խոնարհ գործառնութիւնները մեղաւոր մարդոց հետ։ Ուստի երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս իր Հօր խոնարհութիւնը արտացոլացուց եւ կոչ ըրաւ. «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք»։—Մատթէոս 11։29. Յովհաննու 14։9

9. (ա) Յիսուս երախաներուն մէջ ի՞նչ բան գրաւիչ գտաւ։ (բ) Մանուկ մը գործածելով, Յիսուս ի՞նչ դաս սորվեցուց։

9 Որովհետեւ Յիսուս իսկապէս խոնարհ էր, երախաները իրմէ չէին վախնար, եւ իրեն կը մօտենային։ Իսկ ինք անոնց հանդէպ գուրգուրանք ցուցաբերեց եւ անոնց ուշադրութիւն ընծայեց։ (Մարկոս 10։13-16) Յիսուս երախաներուն մէջ ի՞նչ բան շատ գրաւիչ գտաւ։ Վստահաբար անոնք բաղձալի յատկութիւններ ունէին, որոնք իր չափահաս աշակերտներէն ոմանք միշտ չցուցաբերեցին։ Իրողութիւն է թէ երախաները չափահասները իրենցմէ գերադաս կը նկատեն, եւ ասոր համար բազմաթիւ հարցումներ կ’ուղղեն։ Այո, շատ մը չափահասներու հակառակը, երախաները ուսուցանուելու ընդունակ են եւ հպարտանալու հակամէտ չեն։ Առիթով մը, Յիսուս մանուկ մը կայնեցուց իր հետեւորդներուն մէջտեղ ու ըսաւ. «Եթէ դարձի չգաք ու մանուկներու պէս չըլլաք, բնա՛ւ պիտի չմտնէք երկինքի թագաւորութիւնը»։ Ապա շարունակեց. «Ո՛վ որ կը խոնարհեցնէ ինքզինք՝ այս փոքր մանուկին պէս, անիկա՛ է մեծագոյնը երկինքի թագաւորութեան մէջ»։ (Մատթէոս 18։3, 4, ԱՎ) Յիսուս սա կանոնը նշեց. «Ամէն ով որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»։—Ղուկաս 14։11. 18։14. Մատթէոս 23։12

10. Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

10 Այդ ճշմարտութիւնը կարեւոր հարցումներ կը յարուցանէ։ Յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու մեր հեռանկարը մասամբ կախեալ է իսկական խոնարհութիւն մշակելէն, բայց Քրիստոնեաները ինչո՞ւ խոնարհ ըլլալը երբեմն դժուար կը գտնեն։ Ինչո՞ւ մեր հպարտութիւնը նուաճելն ու խոնարհութեամբ փորձութիւններու հակազդելը մարտահրաւէր է։ Իսկ ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ իսկական խոնարհութիւն մշակելու։—Յակոբու 4։6, 10

Ինչո՛ւ դժուար է խոնարհ ըլլալ

11. Ինչո՞ւ զարմանալի չէ որ խոնարհ ըլլալու համար պայքար կը մղենք։

11 Եթէ խոնարհ ըլլալու համար պայքար կը մղես, առանձին չես։ 1920–ին, այս պարբերաթերթը խոնարհութեան վերաբերեալ Աստուածաշունչի խրատը քննարկեց ու մեկնաբանեց. «Այսպէս տեսնելով թէ Տէրը խոնարհութիւնը շա՜տ կ’արժեւորէ, բոլոր ճշմարիտ աշակերտները պէտք է մղուին այս յատկութիւնը մշակելու ամէն օր»։ Ապա անկեղծօրէն նշեց. «Հակառակ Սուրբ Գրութիւններուն տուած այս բոլոր յորդորներուն, անոնք որ Տէրոջ ժողովուրդին կը միանան ու կ’որոշեն անոր ճամբային հետեւիլ, անկատար մարդկային բնոյթին պատճառով՝ որեւէ յատկութենէ աւելի խոնարհութեան նկատմամբ դժուարութիւն կը գտնեն եւ պայքար կը մղեն»։ Ասիկա ուշադրութեան կը յանձնէ պատճառներէն մէկը թէ ինչո՛ւ ճշմարիտ Քրիստոնեաները կը պայքարին խոնարհ ըլլալու համար,– մեր մեղաւոր մարդկային բնոյթը անտեղի փառքի կը տենչայ, սերած ըլլալով մեղաւոր ամոլէ մը՝ Ադամ ու Եւա, որոնք եսասիրական տենչանքի տեղի տուին։—Հռովմայեցիս 5։12

12, 13. (ա) Աշխարհը ի՞նչ կերպով քրիստոնէական խոնարհութեան խոչընդոտ մըն է։ (բ) Ո՞վ աւելի կը դժուարացնէ խոնարհութիւն մշակելը։

12 Երկրորդ պատճառը այն է թէ շրջապատուած ենք աշխարհով մը որ մարդիկը կը քաջալերէ որ ջանան ուրիշներէն գերադաս ըլլալ։ Անոր նպատակակէտերէն մէկն է՝ գոհացնել մեղաւոր «մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը»։ (Ա. Յովհաննու 2։16) Փոխանակ այս աշխարհային ցանկութիւնները իրենց տիրապետելու, Յիսուսի աշակերտները ջանք կը թափեն որ պարզ աչք պահեն ու Աստուծոյ կամքը կատարելու վրայ կեդրոնացած մնան։—Մատթէոս 6։22-24, 31-33. Ա. Յովհաննու 2։17

13 Յաւելեալ պատճառ մըն է թէ ամբարտաւանութեան ծագում տուողը՝ Բանսարկուն այս աշխարհին վրայ կ’իշխէ։ (Բ. Կորնթացիս 4։4. Ա. Տիմոթէոս 3։6) Սատանան իր գէշ յատկութիւնները կը յառաջացնէ։ Օրինակ, ան ուզեց Յիսուսի կողմէ պաշտուիլ, անոր տալով «աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ու անոնց փառքը»։ Միշտ խոնարհ մնալով, Յիսուս հաստատօրէն մերժեց Բանսարկուին առաջարկը։ (Մատթէոս 4։8, 10) Նոյնպէս, Սատանան Քրիստոնեաները կը փորձէ որ փառք փնտռեն։ Բայց խոնարհ Քրիստոնեաները կը ջանան Յիսուսի օրինակին հետեւիլ, փառքն ու պատիւը Աստուծոյ ուղղելով։—Մարկոս 10։17, 18

Իսկական խոնարհութիւն մշակել ու ցուցաբերել

14. Ի՞նչ է «կեղծ խոնարհութիւն»ը։

14 Կողոսացիներուն ուղղուած նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ զգուշացուց ուրիշները տպաւորելու նպատակով խոնարհ ըլլալ ձեւացնելէ։ Պօղոս ասիկա նկարագրեց որպէս «կեղծ խոնարհութիւն»։ Անոնք որ կը ձեւացնեն խոնարհ ըլլալ, հոգեւոր անհատներ չեն, եւ առանց անդրադառնալու ցոյց կու տան թէ իրապէս հպարտութենէ «տարուած են»։ (Կողոսացիս 2։18, 23, Անթիլիաս) Յիսուս կեղծ խոնարհութեան օրինակներ նշեց։ Ան Փարիսեցիները դատապարտեց, քանի որ ցուցամոլօրէն կ’աղօթէին ու իրենց երեսները կը խաթարէին, որպէսզի երեւնային մարդոց թէ ծոմ կը պահէին։ Ասոր հակառակը, մեր աղօթքները Աստուծոյ առջեւ արժէք ունենալու համար, խոնարհութեամբ պէտք է մատուցուին։—Մատթէոս 6։5, 6, 16

15. (ա) Խոնարհամտութիւն պահպանելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։ (բ) Խոնարհութեան մի քանի ընտիր օրինակներ թուէ։

15 Իսկական խոնարհամտութիւն պահպանելու համար, Քրիստոնեաները կը կեդրոնանան Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի վրայ, որոնք խոնարհութեան լաւագոյն օրինակներն են։ Ասիկա ընելը կը պարփակէ կանոնաւորաբար ուսումնասիրել Աստուածաշունչը եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հրատարակութիւնները, որոնք զայն կը բացատրեն։ (Մատթէոս 24։45) Քրիստոնեայ տեսուչներուն համար այս ուսումնասիրութիւնը կենսական է, ‘որպէսզի իրենց սիրտը իրենց եղբայրներուն վրայ չհպարտանայ’։ (Բ. Օրինաց 17։19, 20. Ա. Պետրոս 5։1-3) Խորհրդածէ այն բազմաթիւ անհատներուն մասին, որոնք իրենց խոնարհ վերաբերմունքին համար օրհնուեցան, ինչպէս՝ Հռութ, Աննա, Եղիսաբէթ, եւ ուրիշներ։ (Հռութայ 1։16, 17. Ա. Թագաւորաց 1։11, 20. Ղուկաս 1։41-43) Նաեւ մտածէ այն կարկառուն տղամարդոց մասին, որոնք Եհովայի ծառայութեան մէջ խոնարհ մնացին, ինչպէս՝ Դաւիթ, Յովսիա, Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Պօղոս առաքեալ։ (Բ. Մնացորդաց 34։1, 2, 19, 26-28. Սաղմոս 131։1. Յովհաննու 1։26, 27. 3։26-30. Գործք 21։20-26. Ա. Կորնթացիս 15։9) Իսկ արդի ժամանակներուն ալ քրիստոնէական ժողովքին մէջ կը գտնենք խոնարհութեան տիպարներ։ Այս օրինակներուն վրայ խոկալով, ճշմարիտ Քրիստոնեաները օգնութիւն պիտի ստանան որ ‘իրարու հանդէպ խոնարհութիւն ունենան’։—Ա. Պետրոս 5։5, Երուսաղէմ

16. Քրիստոնէական ծառայութիւնը ի՞նչպէս կ’օգնէ որ խոնարհ ըլլանք։

16 Քրիստոնէական ծառայութեան կանոնաւորաբար մասնակցիլն ալ մեզի կ’օգնէ խոնարհ ըլլալու։ Խոնարհամտութեան շնորհիւ կրնանք օտարներու ազդուօրէն վկայել, երբ տունէ տուն եւ այլ տեղեր կը քարոզենք, մանաւանդ եթէ տանտէրը սկիզբը Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ անտարբեր կամ կոշտ գտնուի։ Մեր հաւատալիքներուն մասին յաճախ հարցումներ կ’ուղղուին, եւ խոնարհութիւնը Քրիստոնեային կ’օգնէ որ միշտ ‘հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տայ’։ (Ա. Պետրոս 3։15) Աստուծոյ խոնարհ ծառաներ նոր թաղամասեր փոխադրուած են եւ տարբեր մշակոյթ ու կենսամակարդակ ունեցող մարդոց օգնած են։ Այս քարոզիչները թերեւս նոր լեզու մը սորվելու դժուար պարտականութիւնը խոնարհաբար դիմագրաւած են, որպէսզի կարենան աւելի օգտակար դառնալ անոնց, որոնց հետ կը փափաքին բարի լուրը բաժնել։ Անոնց ըրածը որքա՜ն գովելի է։—Մատթէոս 28։19, 20

17. Քրիստոնէական ի՞նչ պատասխանատուութիւններ խոնարհութիւն կը պահանջեն։

17 Շատեր խոնարհութեամբ կատարած են իրենց քրիստոնէական պարտականութիւնները, ուրիշներու շահերը իրենց շահերէն առաջ դնելով։ Օրինակ, խոնարհութիւն կը պահանջուի որ Քրիստոնեայ հայրը իր հետապնդումներէն ժամանակ առնէ, եւ Աստուածաշունչի ազդեցիկ ուսումնասիրութիւն մը պատրաստէ ու վարէ իր զաւակներուն հետ։ Խոնարհութիւնը նաեւ երախաներուն կ’օգնէ որ իրենց անկատար ծնողները պատուեն ու անոնց հնազանդին։ (Եփեսացիս 6։1-4) Անհաւատ ամուսին ունեցող կինը յաճախ խոնարհութիւն պահանջող պարագաներ կը դիմագրաւէ, մինչ կը ջանայ «երկիւղած եւ պարկեշտ վարք»ով իր կողակիցը շահիլ։ (Ա. Պետրոս 3։1, 2) Խոնարհութիւնն ու անձնազոհ սէրը նաեւ արժէքաւոր են, երբ մեր հիւանդ ու տարեց ծնողներուն կարիքները սիրալիրօրէն կը հոգանք։—Ա. Տիմոթէոս 5։4

Խոնարհութիւնը խնդիրներ կը լուծէ

18. Խոնարհութիւնը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել խնդիրներ լուծելու։

18 Աստուծոյ բոլոր մարդկային ծառաները անկատար են։ (Յակոբու 3։2) Երբեմն, երկու Քրիստոնեաներու միջեւ անհամաձայնութիւններ կամ թիւրիմացութիւններ կրնան զարգանալ։ Թերեւս մէկը միւսին դէմ գանգատելու վաւերական պատճառ ունի։ Սովորաբար այսպիսի խնդիրներ կրնան լուծուիլ սա խրատը կիրարկելով. «Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք։ Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք»։ (Կողոսացիս 3։13, Անթիլիաս) Ճիշդ է որ այս խրատին հետեւիլը դիւրին չէ, բայց խոնարհութիւնը անհատին կ’օգնէ զայն գործադրելու։

19. Ի՞նչ պէտք է յիշենք, երբ մեզ վիրաւորող անհատի մը հետ կը խօսինք։

19 Երբեմն Քրիստոնեայ մը կրնայ խորհիլ թէ իր դժգոհութեան պատճառը լուրջ է եւ կարելի չէ զայն անտեսել։ Այս պարագային խոնարհութիւնը իրեն պիտի օգնէ որ ենթադրեալ յանցաւորին մօտենայ, խաղաղութիւնը վերահաստատելու նպատակով։ (Մատթէոս 18։15) Երբեմն Քրիստոնեաներուն միջեւ խնդիրները կը յարատեւեն, քանի որ անոնցմէ մէկը կամ երկուքը հպարտութեան պատճառով իրենց յանցանքը չեն ընդունիր, կամ՝ նախաքայլ առնողը միւսին կը մօտենայ ինքնարդար ու քննադատական կերպով։ Բայց իրապէս խոնարհ վերաբերմունքը շատ ազդեցիկ պիտի ըլլայ անհամաձայնութիւններ լուծելու մէջ։

20, 21. Խոնարհ ըլլալու լաւագոյն օգնութիւններէն մէկը ի՞նչ է։

20 Խոնարհութիւն մշակելու գլխաւոր կերպն է աղօթել՝ Աստուծոյ օգնութիւնն ու հոգին խնդրելու համար։ Բայց մի՛ մոռնար որ «Աստուած . . . խոնարհներուն շնորհք [ի ներառեալ՝ սուրբ հոգին] կու տայ»։ (Յակոբու 4։6) Ուստի, եթէ հաւատակիցի մը հետ խնդիր ունիս, աղօթքով խնդրէ Եհովայի օգնութիւնը որ խոնարհաբար ընդունիս հարցին մէջ բերած պզտիկ կամ մեծ բաժինդ։ Եթէ վիրաւորուած ես եւ քեզ վիրաւորողը անկեղծօրէն ներողութիւն կը խնդրէ, խոնարհաբար ներէ։ Եթէ ասիկա ընելը դժուար է, աղօթքով Եհովայի օգնութիւնը խնդրէ որ սիրտէդ որեւէ ամբարտաւանութիւն վանես։

21 Խոնարհութեան բերած բազմաթիւ օգուտները տեսնելով, պէտք է մղուինք այս թանկարժէք յատկութիւնը մշակելու եւ պահպանելու։ Ասիկա իրագործելու համար, Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի հոյակապ օրինակները ունինք։ Երբեք մի՛ մոռնար աստուածային երաշխիքը. «Խոնարհութիւնը եւ Տէրոջը երկիւղին վախճանը հարստութիւն, փառք ու կեանք են»։—Առակաց 22։4

Կէտեր՝ խորհրդածութեան համար

• Խոնարհութեան լաւագոյն օրինակները որո՞նք են։

• Խոնարհութիւն մշակելը ինչո՞ւ դժուար է։

• Ի՞նչ բաներ մեզի կ’օգնեն խոնարհ ըլլալու։

• Խոնարհ մնալը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 14]

Աշխարհը մարդիկը կը քաջալերէ որ ջանան ուրիշներէն գերադաս ըլլալ

[Նկարին աղբիւրը]

WHO photo by L. Almasi/K. Hemzǒ

[Նկար՝ էջ 15]

Խոնարհութիւնը մեզի կ’օգնէ որ մեր ծառայութեան մէջ օտարներուն մօտենանք

[Նկար՝ էջ 16]

Անհամաձայնութիւնները յաճախ կրնանք լուծել՝ հարցը խոնարհաբար ու սիրով ծածկելով

[Նկարներ՝ էջ 17]

Քրիստոնեաները բազմաթիւ կերպերով խոնարհութիւն ցոյց կու տան