Ո՞վ կրնայ աշխարհը իրապէս փոխել
Ո՞վ կրնայ աշխարհը իրապէս փոխել
«Աղքատները մեզի կ’ըսեն թէ ամէն բանէ առաջ, խաղաղութիւն ու ապահովութիւն կ’ուզեն, ապա պատեհութիւններ՝ իրենց կեանքը բարելաւելու համար։ Անոնք ազգային ու միջազգային արդար դրութիւններ կ’ուզեն, որպէսզի իրենց ջանքերը ի դերեւ չելլեն՝ բարգաւաճ երկիրներու եւ հարուստ ընկերութիւններու տիրական զօրութեան պատճառով»։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ բարեսիրական գործակալութեան մը տնօրինուհին այդ կերպով նկարագրեց աղքատներուն յոյսերն ու տենչերը։ Իրականութեան մէջ, անոր խօսքերը նաեւ կը յայտնեն աշխարհի ողբերգութիւններուն եւ անիրաւութիւններուն զոհ գացող բոլոր անհատներուն փափաքը։ Բոլորն ալ կը տենչան ապրիլ աշխարհի մը մէջ, որ իսկական խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն կը վայելէ։ Այսպիսի աշխարհ մը պիտի գոյանա՞յ։ Ո՞վ հարկ եղած զօրութիւնն ու կարողութիւնը ունի, որ այս անարդար աշխարհը փոխէ։
Փոխելու ջանքեր
Շատեր փորձած են փոխել։ Օրինակ, 19–րդ դարուն, Ֆլորանս Նայթինկէյլ անունով Անգլիացի հիւանդապահուհի մը իր ամբողջ կեանքը նուիրեց, հիւանդներուն մաքուր ու կարեկից խնամք հայթայթելու համար։ Իր օրերուն, երբ հականեխիչ դեղեր ու մանրէասպաններ տակաւին չէին գործածուեր, հիւանդանոցներու մէջ մատուցուած խնամքը խեղճ էր։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Հիւանդապահուհիները անուս ու աղտոտ էին, եւ վատ համբաւ ունէին որպէս գինով ու անբարոյ անհատներ»։ Հիւանդապահութեան մարզին մէջ փոփոխութիւն մտցնելու Ֆլորանս Նայթինկէյլի ջանքերը յաջողութեամբ պսակուեցա՞ն։ Այո՛։ Նմանապէս, անհամար հոգածու ու այլասէր անհատներ յատկանշական յաջողութիւն արձանագրած են բազմաթիւ մարզերու մէջ, ինչպէս՝ գրագիտութեան, ուսման, բժշկութեան, պատսպարումի, եւ ուտելիք ապահովելու մէջ։ Որպէս արդիւնք, անբարենպաստ վիճակի մէջ եղող միլիոնաւորներու կեանքին որակը կարեւոր բարեփոխումներու ենթարկուած է։
Այսուհանդերձ կարելի չէ անտեսել սա անախորժ իրողութիւնը. միլիոնաւոր մարդիկ տակաւին կը տառապին պատերազմէ, ոճիրէ, հիւանդութենէ, սովէ եւ այլ աղիտալի դէպքերէ։ Իրլանտական բարեգործական գործակալութիւն մը կ’ըսէ թէ «աղքատութիւնը ամէն օր 30,000 հոգի կը սպաննէ»։ Նոյնիսկ ստրկութիւնը, որուն դէմ բազմաթիւ բարեկարգիչներ երկար ժամանակ պայքարեցան, տակաւին գոյութիւն ունի։ Գիրք մը (Disposable People—New Slavery in the Global Economy) կը նշէ. «Ներկայիս աւելի ստրուկներ կան, քան՝ Ափրիկէէն գողցուած բոլոր ստրուկները անդրատլանտեան ստրկավաճառութեան ժամանակ»։
Ի՞նչ բան ի դերեւ հանած է մարդոց ջանքերը որ ամբողջական ու մնայուն փոփոխութիւն բերեն։ Անիկա պարզապէս հարուստ եւ հեղինակաւոր դասակարգին տիրական զօրութի՞ւնն է, թէ ոչ՝ աւելին պարփակուած է։
Փոփոխութեան արգելք հանդիսացող ազդակներ
Աստուծոյ Խօսքին համաձայն, արդար աշխարհ մը յառաջ բերելու մարդուն ջանքերուն մեծագոյն արգելք հանդիսացողը Բանսարկուն է։ Յովհաննէս առաքեալ մեզի կ’ըսէ թէ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Իրականութեան մէջ, հիմա իսկ Սատանան ‘բոլոր աշխարհ կը մոլորեցնէ’։ (Յայտնութիւն 12։9) Որքան ատեն որ անոր վնասակար ազդեցութիւնը առկայ է, չարութեան ու անիրաւութեան զոհեր պիտի ըլլան։ Ի՞նչ բան յառաջ բերաւ այս ցաւալի կացութիւնը։
Մեր առաջին ծնողքին՝ Ադամի ու Եւայի երկիր մը շնորհուեցաւ, որ ամբողջ մարդկային ընտանիքին համար կատարեալ դրախտային բնակարան մը պիտի ըլլար,– «շատ բարի» աշխարհ մը։ (Ծննդոց 1։31) Սակայն Սատանան իրերը փոփոխութեան ենթարկեց։ Ան տղամարդոց ու կիներու համար օրէնքներ դնելու Աստուծոյ իրաւունքը հարցականի տակ դրաւ։ Ան դաւանեցաւ թէ Աստուծոյ իշխելու կերպը անարդար էր։ Ան Ադամն ու Եւան մղեց անկախ ընթացք մը ընտրելու, այնպէս որ իրե՛նք որոշեն թէ ի՛նչ բան բարի է եւ ի՛նչ բան չար է։ (Ծննդոց 3։1-6) Ասիկա մէջտեղ բերաւ մեղքն ու անկատարութիւնը,– արդար աշխարհ մը յառաջ բերելու երկրորդ խոչընդոտ մը։—Հռովմայեցիս 5։12
Աստուած ինչո՞ւ թոյլ տուաւ
Ոմանք հարց կու տան. ‘Բայց Աստուած ինչո՞ւ թոյլ տուաւ որ մեղքն ու
անկատարութիւնը զարգանան։ Ան ինչո՞ւ իր անսահման ոյժը չգործածեց ըմբոստները բնաջնջելու եւ նոր սկիզբ տալու’։ Ասիկա պարզ լուծում մը կը թուի։ Սակայն ոյժ գործածելը լուրջ հարցումներ կը յարուցանէ։ Ճիշդ չէ՞ որ հեղինակութիւնը չարաչար գործածելը աշխարհի աղքատներուն ու կեղեքուածներուն տառապանքին գլխաւոր մէկ պատճառն է։ Արդարասիրտ մարդոց միտքին մէջ հարցումներ չե՞ն ծագիր, երբ միահեծան մը իր հեղինակութիւնը գործածելով իր քաղաքականութեան հետ համամիտ չեղող անհատները բնաջնջէ։Ուղղաբարոյ անհատները հաւաստիացնելու համար թէ Ինք հեղինակութիւնը չարաչար գործածող բռնակալ մը չէ, Աստուած ընտրեց Սատանայի եւ ըմբոստ մարդոց թոյլ տալ որ միայն սահմանափակ ժամանակ մը աստուածային օրէնքներէն ու սկզբունքներէն անկախ գործեն։ Ժամանակը պիտի փաստէր թէ Աստուծոյ իշխելու կերպը միակ շիտակ կերպն է, եւ ցոյց պիտի տար թէ մեր վրայ իր դրած արգելքները մեր օգտին կը ծառայեն։ Իրականութեան մէջ, Աստուծոյ իշխանութեան դէմ ըմբոստանալը աղիտալի հետեւանքներ ունեցած է, փաստելով թէ Աստուած լիովին արդարացի է որ շուտով իր հզօր ոյժը գործածէ ամբողջ չարութիւնը չքացնելու համար։—Ծննդոց 18։23-32. Բ. Օրինաց 32։4. Սաղմոս 37։9, 10, 38
Մինչեւ որ Աստուած գործի լծուի, մենք անարդար դրութեան մը ներքեւ ենք, ‘մէկտեղ հառաչելով ու ծնանելու ցաւ քաշելով’։ (Հռովմայեցիս 8։22) Իրերը փոփոխութեան ենթարկելու ի՛նչ ճիգ ալ թափենք, չենք կրնար Սատանայէն ձերբազատուիլ, ո՛չ ալ կրնանք ամբողջովին արմատախիլ ընել անկատարութիւնը, որ մեր քաշած բոլոր տառապանքներուն հիմն է։ Ադամէն ժառանգուած մեղքին ազդեցութիւնները չէզոքացնելը պարզապէս մեր կարողութենէն վեր է։—Սաղմոս 49։7-9
Յիսուս Քրիստոս մնայուն փոփոխութիւն պիտի բերէ
Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ կացութիւնը բոլորովին անյոյս է։ Վստահաբար ո՛չ։ Յիսուս Քրիստոս, որ մահկանացու մարդէն շա՜տ աւելի հզօր է, մնայուն փոփոխութիւն բերելու պատասխանատուութիւնը ստացած է։ Ան Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուած է որպէս մարդկային ընտանիքին փրկութեան Առաջնորդը։—Գործք 5։31
Այժմ ան կը սպասէ Աստուծոյ որոշած «ժամանակ»ին, որպէսզի գործի լծուի։ (Յայտնութիւն 11։18) Ան ճիշդ ի՞նչ պիտի ընէ։ Անոր ձեռքով «բոլոր բաները [պիտի] կարգադրուին, որոնց համար Աստուած սկիզբէն ի վեր իր սուրբ մարգարէներուն բերնով խօսած է»։ (Գործք 3։21) Օրինակ, Յիսուս «աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը, խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի։ . . . Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը»։ (Սաղմոս 72։12-16) Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, Աստուած կը խոստանայ ‘պատերազմները դադրեցնել մինչեւ երկրի ծայրը’։ (Սաղմոս 46։9) Այս մաքրուած երկրագունդին մէջ «բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։ Հիւանդութիւններէ ազդուած բոլոր անհատները, ինչպէս՝ կոյրերը, խուլերն ու կաղերը, կատարեալ առողջութիւն պիտի վայելեն։ (Եսայեայ 33։24. 35։5, 6. Յայտնութիւն 21։3, 4) Նոյնիսկ անցեալ դարերուն մահացած անհատները պիտի օգտուին։ Ան կը խոստանայ անիրաւութեան ու հարստահարութեան զոհերը վերակենդանացնել։—Յովհաննու 5։28, 29
Յիսուս Քրիստոս մասնակի եւ ժամանակաւոր փոփոխութիւն պիտի չբերէ։ Ան արդար աշխարհի մը գոյութեան արգելք հանդիսացող բոլոր բաները պիտի չքացնէ։ Ան մեղքն ու անկատարութիւնը պիտի վերցնէ եւ Բանսարկուն ու իր ըմբոստ ընթացքին հետեւող բոլոր անհատները պիտի կործանէ։ (Յայտնութիւն 19։19, 20. 20։1-3, 9, 10) Աստուծոյ ժամանակաւորապէս թոյլատրած տառապանքը «երկրորդ անգամ պիտի չհասնի»։ (Նաւումայ 1։9, ԱՎ) Յիսուս այս էր որ ի մտի ունէր, երբ մեզի սորվեցուց աղօթել որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ եւ Աստուծոյ կամքը ըլլայ «ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։—Մատթէոս 6։10
Թերեւս առարկես. ‘Բայց Յիսուս չըսա՞ւ որ «աղքատները ամէն ատեն մեզի հետ պիտի ըլլան»։ Ասիկա չի՞ նշանակեր որ անիրաւութիւնն ու չքաւորութիւնը պիտի գոյատեւեն’։ (Մատթէոս 26։11) Ճիշդ է որ Յիսուս ըսաւ թէ միշտ աղքատ մարդիկ պիտի ըլլան, սակայն իր խօսքերուն բնաբանը եւ Աստուածաշունչի խոստումները ցոյց կու տան թէ ըսել ուզեց թէ ա՛յնքան ատեն որ իրերու այս դրութիւնը կը շարունակուի, միշտ աղքատ մարդիկ պիտի ըլլան։ Ան գիտէր թէ ո՛չ մէկ մարդ պիտի կարենար աշխարհը աղքատութենէ ու անիրաւութենէ ձերբազատել։ Ան նաեւ գիտէր թէ ի՛նք այս բոլորը պիտի փոխէր։ Ան մօտ ատենէն պիտի բերէ իրերու բոլորովին նոր դրութիւն մը,– «նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը», որոնց մէջ ցաւը, հիւանդութիւնը, աղքատութիւնը եւ մահը գոյութիւն պիտի չունենան։—Բ. Պետրոս 3։13. Յայտնութիւն 21։1
‘Բարերարութիւնը մի՛ մոռնաք’
Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ ուրիշներուն օգնելու համար մեր կարելին ընելը ունայն է։ Բնաւ երբեք։ Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ ուրիշներուն օգնենք, երբ դժուարութիւններ եւ նեղացուցիչ պարագաներ կը դիմագրաւեն։ Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, կարօտ եղողէն մի՛ խնայեր զանիկա»։ (Առակաց 3։27) Իսկ Պօղոս առաքեալ յորդորեց. «Բարերարութիւնը ու կարօտեալներուն ողորմութիւնը մի՛ մոռնաք»։—Եբրայեցիս 13։16
Յիսուս Քրիստոս անձամբ մեզ քաջալերեց որ ուրիշներուն օգնելու համար մեր կարելին ընենք։ Ան բարի Սամարացիին առակը պատմեց, որ ծեծուած ու կողոպտուած մարդու մը հանդիպեցաւ, եւ ‘խղճալով’ անոր վէրքերը փաթթեց ու օգնեց որ ապաքինի։ (Ղուկաս 10։29-37) Այս կարեկից Սամարացին աշխարհը չփոխեց, բայց ուրիշ անհատի մը կեանքին մէջ մեծ փոփոխութիւն մտցուց։ Մենք ալ կրնանք նոյնը ընել։
Սակայն Յիսուս Քրիստոս անհատներու օգնելէն աւելին կրնայ ընել։ Ան շուտով իսկական փոփոխութիւններ յառաջ պիտի բերէ, եւ անարդար վիճակներուն զոհերը պիտի կարենան իրենց կեանքը բարւոքել եւ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն վայելել։—Սաղմոս 4։8. 37։10, 11
Մինչ այդ, երբեք չվարանինք մեր ամէն կարելին ընելու, թէ՛ հոգեւորապէս եւ թէ նիւթապէս, ‘բարիք ընելով’ բոլոր անոնց, որոնք անարդար աշխարհի մը զոհ գացած են։—Գաղատացիս 6։10
[Նկարներ՝ էջ 5]
Ֆլորանս Նայթինկէյլ հիւանդապահութեան մարզին մէջ իսկական փոփոխութիւններ մտցուց
[Նկարին աղբիւրը]
Courtesy National Library of Medicine
[Նկարներ՝ էջ 7]
Քրիստոսի հետեւորդները ուրիշներուն բարիք պէտք է ընեն
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 4]
The Star, Johannesburg, S.A.