Աստուծոյ հետ քալէ եւ բարիք հնձէ
Աստուծոյ հետ քալէ եւ բարիք հնձէ
«Հով սերմանեցին, փոթորիկ պիտի հնձեն»։—ՈՎՍԵԱՅ 8։7, ԱՎ
1. Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի հետ քալել։
ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ շրջան մը կտրելը աւելի ապահով կ’ըլլայ փորձառու առաջնորդի մը ընկերակցութեամբ։ Խոհեմութիւն է անոր հետ քալել, քան՝ առանձին։ Մենք որոշ չափով այսպիսի կացութեան մը մէջ ենք։ Եհովա առաջարկած է մեզ առաջնորդել ներկայ չար աշխարհին մեծ անապատին մէջ։ Խոհեմութիւն է իրեն հետ քալել, քան՝ փորձել առանձին ընթանալ։ Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ հետ քալել։ Իր Խօսքին մէջ իր հայթայթած ուղղութեան հետեւելով։
2. Այս յօդուածը ի՞նչ պիտի քննարկէ։
2 Նախորդ յօդուածը նկատի առաւ Ովսեայ 1-5–րդ գլուխներուն բովանդակած այլաբանական թատերախաղը։ Ինչպէս տեսանք, այդ թատերախաղը դասեր կը ներկայացնէ, որոնք կրնան մեզի օգնել Աստուծոյ հետ քալելու։ Այժմ քննարկենք 6-9–րդ գլուխներուն կարգ մը աչքառու կէտերը։ Բայց նախ այս չորս գլուխներուն ամփոփումը նկատի առնենք։
Ակնարկ մը նետել
3. Ովսեայ 6-9–րդ գլուխները ամփոփէ՛։
3 Եհովա Ովսէէն ղրկեց գլխաւորաբար Իսրայէլի հիւսիսային տասը–ցեղեան թագաւորութեան մարգարէութիւն ընելու համար։ Այդ ազգը, որուն նաեւ կ’ակնարկուէր Եփրեմ՝ իր գլխաւոր տոհմին անունով, Աստուծմէ հեռացած էր։ Ովսեայ 6-9–րդ գլուխները ցոյց կու տան թէ ժողովուրդը անհաւատարմութիւն ցուցաբերեց, Եհովայի ուխտը չյարգելով եւ չարութիւն գործելով։ (Ովսեայ 6։7) Անոնք աշխարհային զինակցութեան վստահեցան, փոխանակ Եհովայի վերադառնալու։ Որովհետեւ շարունակ չար բաներ սերմանեցին, չար բաներ պիտի հնձէին, այսինքն՝ աննպաստ դատավճիռ շուտով պիտի ստանային։ Բայց Ովսէէի մարգարէութիւնը նաեւ սրտաշէն պատգամ մը կը բովանդակէ։ Ժողովուրդը կրնա՛ր Եհովայի վերադառնալ եւ ողորմութիւն ստանալ, եթէ սրտանց զղջար։
4. Ովսէէի մարգարէութենէն ի՞նչ գործնական դասեր նկատի պիտի առնենք։
4 Ովսեայ գիրքին այս չորս գլուխներէն կրնանք յաւելեալ ուղղութիւն ձեռք ձգել, որ կրնայ մեզի օգնել Աստուծոյ հետ քալելու։ Նկատի առնենք չորս գործնական դասեր. (1) իսկական զղջումը կը ցուցաբերուի գործերով, եւ ո՛չ միայն խօսքերով. (2) զոհերը առանձին չեն հաճեցներ Աստուած. (3) Եհովա կը վշտանայ երբ իր երկրպագուները իրմէ հեռանան. եւ (4) բարի բաներ հնձելու համար, բարի բաներ պէտք է սերմանենք։
Իսկական զղջումը ի՛նչպէս կը դրսեւորուի
5. Ովսեայ 6։1-3–ի միտք բանին տո՛ւր։
5 Ովսէէի մարգարէութիւնը զղջումի ու ողորմութեան մասին շատ բան կը սորվեցնէ մեզի։ Ովսեայ 6։1-3–ի մէջ (ԱՎ) կը կարդանք. «Եկէ՛ք, Տէրո՛ջ վերադառնանք, քանի որ ի՛նք բզքտեց, եւ ի՛նք մեզ պիտի բուժէ. ի՛նք զարկաւ, եւ ի՛նք մեր վէրքերը պիտի փաթթէ։ Երկու օրէն մեզ պիտի վերապրեցնէ, երրորդ օրը մեզ պիտի կանգնեցնէ, եւ անոր առջեւ պիտի ապրինք։ Տէրը պիտի ճանչնանք, ու զայն ճանչնալու հետամուտ պիտի ըլլանք. անոր ելքը արշալոյսի պէս որոշ է. ան մեզի պիտի գայ տեղատարափի պէս, երկիրը թրջող վերջին անձրեւին պէս»։
6-8. Իսրայէլի զղջումը ինչո՞ւ ընդունելի չէր։
6 Այդ համարներուն մէջ արձանագրուած խօսքերը ո՞վ ըսաւ։ Ոմանք զանոնք կը վերագրեն անհաւատարիմ Իսրայելացիներուն եւ կ’ըսեն թէ անհնազանդ ժողովուրդը կեղծ զղջում կը յայտնէր ու Աստուծոյ ողորմութիւնը կը շահագործէր։ Իսկ ուրիշներ կ’ըսեն թէ խօսողը Ովսէէ մարգարէն էր, ժողովուրդին թախանձելով որ Եհովայի վերադառնայ։ Ո՛վ որ ալ ըլլայ խօսողը, կարեւոր հարցումը այն է՝ թէ Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան ժողովուրդը ընդհանուր առմամբ Եհովայի վերադարձա՞ւ, հարազատ զղջում ցուցաբերելով։ Պատասխանը՝ ո՛չ է։ Ովսէէի միջոցով Եհովա կ’ըսէ. «Քեզի ի՞նչ ընեմ, ո՛վ Եփրեմ, քեզի ի՞նչ ընեմ, ո՛վ Յուդա. որովհետեւ ձեր բարեպաշտութիւնը առտուան ամպին պէս է, կանուխ իջած ցօղին պէս՝ որ կ’անհետանայ»։ (Ովսեայ 6։4, ԱՎ) Ասիկա որքա՜ն կը վկայէ Աստուծոյ ժողովուրդին ողբալի հոգեւոր կացութեան։ Հաւատարիմ սէրը գրեթէ անհետացած էր,– առտուան մշուշին պէս, որ շուտով կը ցնդի երբ արեւը կը ծագի։ Թէեւ ժողովուրդը զղջացած կը թուէր, բայց Եհովա ողորմելու հիմ չգտաւ։ Ի՞նչ էր խնդիրը։
7 Իսրայէլի զղջումը սրտանց չէր։ Ովսեայ 7։14–ը (ԱՎ) կը յայտնէ Եհովայի տհաճութիւնը, ըսելով. «Երբ իրենց անկողինին վրայ կը գոռային, իրենց սիրտով ինծի չաղաղակեցին»։ 16–րդ համարը կ’աւելցնէ. «Անոնք կը վերադառնան, բայց, ո՛չ Ամենաբարձրին»։ Ժողովուրդը չէր ուզեր Ամենաբարձրին՝ Եհովայի պաշտամունքին վերադառնալ, իրեն հետ իրենց յարաբերութիւնը վերահաստատելու համար հարկ եղած փոփոխութիւնները ընելով։ Անոնք իրապէս չուզեցին Աստուծոյ հետ քալել։
8 Իսրայէլի զղջումը այլ խնդիր մըն ալ ունէր։ Ժողովուրդը կը շարունակէր բազմաթիւ մեղքեր գործել,– ինչպէս՝ խարդախութիւն, սպանութիւն, գողութիւն, կռապաշտութիւն եւ օտար ազգերու հետ անխոհեմ դաշնակցութիւններ կնքել։ Ովսեայ 7։4–ի մէջ, ժողովուրդը նմանցուած է «տաք թոնիրի», ակներեւօրէն քանի որ անոնց մէջ չար ցանկութիւններ կը բոցավառուէին։ Այս ողբալի հոգեւոր կացութեան ի տես, ժողովուրդը ողորմութեան արժանի՞ էր։ Բնաւ երբեք։ Ովսէէ ըմբոստ ժողովուրդին ուշադրութեան կը յանձնէ թէ Եհովա «անոնց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ, անոնց մեղքերը պիտի հատուցանէ»։ (Ովսեայ 9։9, ԱՎ) Այո, Աստուած անոնց պիտի չողորմէր։
9. Ովսէէի խօսքերէն ի՞նչ կը սորվինք զղջումի ու ողորմութեան մասին։
9 Ովսէէի խօսքերէն ի՞նչ կը սորվինք զղջումի ու ողորմութեան մասին։ Անհաւատ Իսրայելացիներուն ազդարարական օրինակը մեզի կը սորվեցնէ թէ Եհովայի ողորմութենէն օգտուելու համար, սրտանց պէտք է զղջանք։ Այսպիսի զղջում մը ի՞նչպէս կը դրսեւորուի։ Արցունքները կամ խօսքերը չեն կրնար Եհովան խաբել։ Իսկական զղջումը գործերով յայտնի կ’ըլլայ։ Ողորմութիւն ստանալու համար, յանցագործը բոլորովին պէտք է լքէ իր մեղաւոր ընթացքը եւ ներդաշնակէ իր կեանքը Եհովայի պաշտամունքին բարձր չափանիշներուն հետ։
Զոհերը առանձին Եհովան չեն հաճեցներ
10, 11. Ինչպէս Իսրայէլի պարագան ցոյց տուաւ, ինչո՞ւ զոհերը առանձին Եհովան չեն հաճեցներ։
10 Այժմ նկատի առնենք երկրորդ դաս մը, որ կրնայ մեզի օգնել Եհովայի հետ քալելու,– Ովսեայ 6։6–ը (ԱՎ) կ’ըսէ. «Ես [Եհովա] կարեկցութենէ կ’ախորժիմ, եւ ո՛չ թէ զոհէ, ու ողջակէզներէն աւելի՝ Աստուծոյ ճանաչումէն»։ Նկատէ թէ Եհովա կ’ախորժի կարեկցութենէ,– սիրտին մէկ յատկութիւնը,– եւ Աստուծոյ ճանաչումէն։ Բայց թերեւս հարց տաս. ‘Այս համարը ինչո՞ւ կ’ըսէ թէ Եհովա «զոհ»էն ու «ողջակէզներէն» չ’ախորժիր։ Ասոնք Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ պահանջուած չէի՞ն’։
զոհերը առանձին Աստուած չեն հաճեցներ։11 Օրէնքին ներքեւ զոհեր ու ընծաներ պահանջուած էին, բայց Ովսէէի ժամանակակիցները լուրջ խնդիր մը ունէին։ Բացայայտ է որ կարգ մը Իսրայելացիներ այս զոհերը կը մատուցանէին առ ի պարտականութիւն, բարեպաշտութիւն ցուցադրելով։ Նոյն ատեն, անոնք մեղքերու անձնատուր կ’ըլլային։ Անոնք իրենց մեղաւորութեամբ յայտնեցին թէ իրենց սիրտը հաւատարիմ սէրէ զերծ է։ Անոնք նաեւ ցոյց տուին թէ Աստուծոյ ճանաչումը կը մերժէին, քանի որ անոր համաձայն չէին ապրեր։ Եթէ ժողովուրդը պատշաճ սիրտի վիճակ չունէր եւ շիտակ ապրելակերպին չէր հետեւեր, անոր զոհերը ի՞նչ արժէք ունէին։ Եհովա Աստուած անոնց զոհերը զզուելի նկատեց։
12. Այսօր, Ովսեայ 6։6–ը ի՞նչ ազդարարութիւն կը ներկայացնէ մարդոց։
12 Ներկայիս, Ովսէէի խօսքերը ազդարարութիւն մը կը ներկայացնեն եկեղեցասէրներէն շատերուն։ Անոնք Աստուծոյ զոհեր կը մատուցանեն՝ կրօնական սովորութիւններ կատարելով։ Բայց անոնց պաշտամունքը չնչին ազդեցութիւն ունի իրենց առօրեայ վարքին վրայ։ Այսպիսի անհատներ իրապէս Աստուած կը հաճեցնե՞ն, եթէ իրենց սիրտը զիրենք չի մղեր որ իր մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգեն եւ այդ գիտութիւնը կիրարկեն, մեղաւոր արարքներէ ետ կենալով։ Ո՛չ ոք թող երեւակայէ թէ կրօնական արարքները առանձին Աստուած կը հաճեցնեն։ Եհովա չ’ախորժիր անոնցմէ, որոնք կը ջանան իր հաճութիւնը շահիլ ձեւական պաշտամունք մատուցանելով, փոխանակ իրապէս իր Խօսքին համաձայն ապրելու։—Բ. Տիմոթէոս 3։5
13. Մենք ինչպիսի՞ զոհեր կը մատուցանենք, բայց անոնց արժէքին նկատմամբ ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք։
13 Որպէս ճշմարիտ Քրիստոնեաներ, չենք մոռնար թէ զոհերը առանձին Աստուած չեն հաճեցներ։ Ճիշդ է որ Եհովայի չենք մատուցաներ անասնական զոհեր։ Այսուհանդերձ «գովաբանութեան զոհ [կը] մատուցանենք Աստուծոյ, այսինքն՝ իր անունը դաւանող շրթունքներուն պտուղը»։ (Եբրայեցիս 13։15, ԱՎ) Կենսական է որ Ովսէէի օրուան մեղաւոր Իսրայելացիներուն նման չըլլանք, խորհելով թէ հոգեւոր զոհեր Աստուծոյ մատուցանելը կրնայ յանցագործութիւնները ծածկել։ Նկատի առ պատանուհիի մը օրինակը, որ գաղտնօրէն սեռային անբարոյութիւն կը գործէր։ Հետագային ան խոստովանեցաւ. «Դաշտի ծառայութիւնս աւելցուցի, խորհելով թէ ասիկա ձեւով մը մեղքերս պիտի ծածկէր»։ Ասիկա կամակոր Իսրայելացիներուն ըրածին կը նմանէր։ Սակայն Եհովա մեր գովաբանութեան զոհը կ’ընդունի, միայն եթէ անոր կ’ընկերակցին պատշաճ սիրտի մղում եւ բարեպաշտ վարք։
Եհովա կը վշտանայ՝ երբ իր երկրպագուները զինք լքեն
14. Ովսէէի մարգարէութիւնը ի՞նչ կը յայտնէ Աստուծոյ զգացումներուն մասին։
14 Ովսեայ 6-9–րդ գլուխներէն նաեւ կը սորվինք թէ Եհովա ի՛նչպէս կը զգայ երբ իր երկրպագուները իրմէ հեռանան։ Աստուած ե՛ւ զօրաւոր, ե՛ւ նուրբ զգացումներ ունի։ Ան կ’ուրախանայ ու կը կարեկցի, երբ անհատներ զղջում կը յայտնեն։ Սակայն, երբ իր ժողովուրդը անզեղջ է, ան խիստ ու վճռական քայլեր կ’առնէ։ Մեր բարօրութեամբ խորապէս հետաքրքրուած ըլլալով, Աստուած կ’ուրախանայ երբ հաւատարմօրէն իրեն հետ կը քալենք։ Սաղմոս 149։4–ը կ’ըսէ. «Տէրը իր ժողովուրդը կը հաւնի»։ Այսուհանդերձ, Աստուած իր անհաւատարիմ ծառաներուն հանդէպ ի՞նչպէս կը զգայ։
15. Ովսեայ 6։7–ի համաձայն, կարգ մը Իսրայելացիներ ի՞նչպէս կը վարուէին։
15 Անհաւատարիմ Իսրայելացիներուն ակնարկելով, Եհովա կ’ըսէ. «Անոնք Ադամի [կամ՝ ուրիշ մարդոց] պէս ուխտը անտեսեցին, ինծի անհաւատարիմ եղան»։ (Ովսեայ 6։7, ԱՎ) ‘Անհաւատարիմ ըլլալ’ թարգմանուած Եբրայերէն բառը նաեւ կը նշանակէ «նենգօրէն վարուիլ»։ Մաղաքեայ 2։10-16–ի մէջ, նոյն Եբրայերէն բառը գործածուած է նկարագրելու համար կարգ մը Իսրայելացիներու անհաւատարմութիւնը իրենց կողակիցներուն հանդէպ։ Ովսեայ 6։7–ի մէջ այս արտայայտութեան գործածութեան նկատմամբ աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ թէ անիկա ‘ամուսնութեան վերաբերեալ փոխաբերութիւն մըն է’ եւ կը նշէ կացութիւն մը, ‘որուն մէջ սէրը ոտնակոխուած է’։
16, 17. (ա) Աստուծոյ ու Իսրայէլ ազգին միջեւ եղած ուխտին հանդէպ, Իսրայէլ ի՞նչպէս վարուեցաւ։ (բ) Մեր արարքներուն նկատմամբ ի՞նչ պէտք չէ մոռնանք։
16 Եհովա Իսրայէլը նկատեց իր այլաբանական կինը, ազգին հետ իր ըրած ուխտին հիման վրայ։ Ուստի իր ժողովուրդը այդ ուխտին պայմանները անտեսելով, կարծես թէ շնութիւն գործեց։ Աստուած հաւատարիմ ամուսինի մը պէս էր, բայց իր ժողովուրդը զինք լքեց։
17 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Աստուած կարեւոր հարց կը սեպէ թէ իրեն հետ կը քալե՞նք թէ ոչ։ Պէտք չէ մոռնանք թէ «Աստուած սէր է» եւ թէ մեր արարքները իրեն կ’ազդեն։ (Ա. Յովհաննու 4։16) Եթէ սխալ ընթացքի մը հետամուտ ըլլանք, կրնանք Եհովայի ցաւ պատճառել եւ վստահաբար զինք պիտի զայրացնենք։ Ասիկա միշտ ի մտի ունենալը մեծապէս կ’օգնէ որ փորձութեան տեղի չտանք։
Ի՛նչպէս կրնանք բարիք հնձել
18, 19. Ովսեայ 8։7–ն ի՞նչ սկզբունք կը բովանդակէ, եւ Իսրայելացիներուն պարագային անիկա ի՞նչպէս կիրարկուեցաւ։
18 Նկատի առնենք Ովսէէի մարգարէութենէն չորրորդ դաս մը,– ի՛նչպէս կրնանք բարիք հնձել։ Իսրայելացիներուն եւ անոնց անհաւատ ընթացքին յիմարութեան ու ունայնութեան նկատմամբ, Ովսէէ կը գրէ. «Հով սերմանեցին, փոթորիկ պիտի հնձեն»։ (Ովսեայ 8։7, ԱՎ) Ահաւասիկ ի մտի ունենալիք սկզբունք մը. հիմա մեր ըրած բաներուն եւ հետագային մեզի պատահելիք բաներուն միջեւ ուղղակի կապ կայ։ Անհաւատարիմ Իսրայելացիներուն պարագային այս սկզբունքը ի՞նչպէս կիրարկուեցաւ։
19 Մեղք գործելը սովորութիւն դարձնելով, այդ Իսրայելացիները գէշ բաներ կը սերմանէին։ Անոնք պիտի կարենայի՞ն այս ընթացքին մէջ յարատեւել առանց վատ հետեւանքներ հնձելու։ Վստահաբար անոնք աննպաստ դատավճիռին պիտի ենթարկուէին։ Ովսեայ 8։13–ը կ’ըսէ. «[Եհովա] անոնց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ եւ անոնց մեղքերը պիտի պատժէ»։ Իսկ Ովսեայ 9։17–ի մէջ կը կարդանք. «Իմ Աստուածս զանոնք պիտի մերժէ, քանի որ իրեն մտիկ չըրին. ուստի ազգերու մէջ թափառական պիտի ըլլան»։ Եհովա Իսրայելացիներուն մեղքերը պիտի հատուցանէր։ Անոնք գէշ բաներ սերմանելով, գէշ բաներ պիտի հնձէին։ Անոնց դէմ Աստուծոյ դատաստանը ի գործ դրուեցաւ Հ.Դ.Ա. 740–ին, երբ Ասորեստանցիները Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութիւնը տապալեցին եւ անոր բնակիչները գերութեան տարին։
20. Իսրայելացիներուն փորձառութիւնը ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։
20 Այդ Իսրայելացիներուն փորձառութիւնը հիմնական ճշմարտութիւն մը կը սորվեցնէ մեզի. ի՛նչ որ կը սերմանենք, զա՛յն ալ պիտի հնձենք։ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կ’ազդարարէ. «Մի՛ խաբուիք, Աստուած ծաղր չ’ըլլար։ Վասն զի ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ»։ (Գաղատացիս 6։7, 8) Եթէ վատ բաներ սերմանենք, վատ բաներ պիտի հնձենք։ Օրինակ, անոնք որ անբարոյութեան անձնատուր կ’ըլլան, դառն հետեւանքներ պիտի հնձեն։ Անզեղջ յանցագործին ապերջանիկ ապագայ կը սպասէ։
21. Ի՞նչպէս կրնանք բարի բաներ հնձել։
21 Արդ, ի՞նչպէս կրնանք բարի բաներ հնձել։ Հետեւեալ պարզ օրինակը կը լուսաբանէ. եթէ հողագործ մը ուզէ ցորեն հնձել, գարի կը սերմանէ՞։ Անշուշտ ոչ։ Ան պէտք է սերմանէ ի՛նչ որ կ’ուզէ հնձել։ Նոյնպէս, եթէ կ’ուզենք բարի բաներ հնձել, բարի բաներ պէտք է սերմանենք։ Կ’ուզե՞ս շարունակել բարի բաներ հնձել,– հիմա գոհացուցիչ կեանք՝ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանքի հեռանկարով։ Եթէ այո՛, պէտք է շարունակես բարի բաներ սերմանել՝ Աստուծոյ հետ քալելով եւ իր արդար չափանիշներուն համաձայն ապրելով։
22. Ովսեայ 6-9–րդ գլուխներէն ի՞նչ դասեր սորվեցանք։
22 Ովսեայ 6-9–րդ գլուխներէն չորս դասեր սորվեցանք, որոնք կրնան մեզի օգնել Աստուծոյ հետ քալելու. (1) իսկական զղջումը գործերով կը դրսեւորուի. (2) զոհերը առանձին Աստուած չեն հաճեցներ. (3) Եհովա կը վշտանայ երբ իր երկրպագուները իրմէ հեռանան. եւ (4) բարի բաներ հնձելու համար, բարի բաներ պէտք է սերմանենք։ Ովսեայ գիրքին վերջին հինգ գլուխները ի՞նչպէս կրնան մեզի օգնել Աստուծոյ հետ քալելու։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Հարազատ զղջումը ի՞նչպէս կը դրսեւորուի։
• Զոհերը առանձին ինչո՞ւ մեր երկնաւոր Հայրը չեն հաճեցներ։
• Աստուած ի՞նչպէս կը զգայ երբ իր երկրպագուները զինք լքեն։
• Ի՞նչ պէտք է սերմանենք, որպէսզի բարի բաներ հնձենք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 15]
Իսրայէլի հաւատարիմ սէրը առտուան ամպին պէս անհետացաւ
[Նկար՝ էջ 15]
Իսրայէլի չար ցանկութիւնները թոնիրի մը պէս կը բոցավառուէին
[Նկար՝ էջ 16]
Եհովա ինչո՞ւ իր ժողովուրդին զոհերը մերժեց
[Նկար՝ էջ 17]
Բարի բաներ հնձելու համար, բարի բաներ պէտք է սերմանենք