Բանսարկուն քեզի համար իրակա՞ն է
Բանսարկուն քեզի համար իրակա՞ն է
ՍՈՒՐԲ Գրութիւնները Բանսարկուն կը նկարագրեն որպէս իրական անձ մը։ Ան մարդոց անտեսանելի է այն նոյն պատճառով որ մարդուն աչքը Աստուած չի տեսներ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուած Հոգի է»։ (Յովհաննու 4։24) Բանսարկուն հոգեղէն արարած մըն է։ Սակայն Ստեղծիչին հակառակը, ան սկիզբ ունի։
Մարդուն ստեղծագործութենէն շա՜տ առաջ, Եհովա Աստուած անհամար հոգեղէն արարածներ ստեղծեց։ (Յոբայ 38։4, 7) Աստուածաշունչին մէջ անոնք հրեշտակներ կոչուած են։ (Եբրայեցիս 1։13, 14) Աստուած զանոնք կատարեալ ստեղծեց,– ո՛չ մէկը չար առանձնայատկութիւն մը ունէր։ Ի՞նչպէս Բանսարկուն մէջտեղ եկաւ։ «Բանսարկու» բառը կը նշանակէ «զրպարտիչ», եւ կ’ակնարկէ անհատի մը որ ուրիշներու մասին չարամտօրէն սուտեր կը խօսի։ «Սատանայ» կը նշանակէ «Հակառակորդ», կամ ընդդիմադիր։ Ինչպէս պարկեշտ անհատ մը գողութիւն ընելով ինքզինք գող կը դարձնէ, Աստուծոյ կատարեալ հոգեղէն որդիներէն մէկը անպատշաճ ցանկութեան մը տեղի տալով՝ ինքզինք Սատանայ ու Բանսարկու դարձուց։ Աստուածաշունչը ինքնափտութեան մասին հետեւեալը կ’ըսէ. «Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած. անկէ յետոյ ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի եւ մեղքը որ կատարուի՝ մահ կը ծնանի»։—Յակոբու 1։14, 15
Ակներեւաբար այս է պատահածը։ Երբ Եհովա Աստուած ստեղծեց առաջին մարդկային զոյգը՝ Ադամն ու Եւան, Աստուծոյ դէմ ըմբոստանալու վրայ եղող հրեշտակը ասոր ուշադրութիւն ընծայեց։ Ան գիտցաւ թէ Եհովա Ադամի ու Եւայի պատուիրեց երկիրը արդար մարդոցմով լեցնել, որոնք Ստեղծիչը պիտի պաշտէին։ (Ծննդոց 1։28) Այս հրեշտակը պատիւ ու կարեւորութիւն ձեռք ձգելու կարելիութիւն մը նշմարեց։ Ագահութենէ մղուած, ան ցանկաց ի՛նչ որ իրաւացիօրէն Ստեղծիչին կը պատկանի,– մարդոց կողմէ պաշտուիլ։ Փոխանակ այս անպատշաճ ցանկութիւնը մերժելու, Աստուծոյ այս հոգեղէն որդին զայն սնուցանեց, մինչեւ որ մղուեցաւ ստելու եւ ապստամբելու։ Նկատի առ թէ ան ի՛նչ ըրաւ։
Ըմբոստ հրեշտակը առաջին կնոջ՝ Եւայի հետ խօսելու համար օձ մը գործածեց։ Օձը Եւայի հարցուց. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ ‘պարտէզին որեւէ ծառէն մի՛ ուտէք’»։ Երբ Եւա Աստուծոյ պատուէրը եւ անհնազանդութեան պատիժը նշեց, օձը ըսաւ. «Ո՛չ թէ ‘անշուշտ պիտի մեռնիք’։ Որովհետեւ Աստուած գիտէ թէ այն օրը երբ [պարտէզին մէջտեղը եղող ծառին պտուղէն] ուտէք՝ ձեր աչքերը պիտի բացուին, եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։ (Ծննդոց 3։1-5, ԱՎ) Ան այսպէս պնդեց թէ Աստուած ճշմարտութիւնը չէր խօսած Ադամի ու Եւայի։ Այդ ծառին պտուղէն ուտելով, Եւա ենթադրաբար Աստուծոյ պէս պիտի ըլլար, բարին ու չարը որոշելու հեղինակութիւնը ունենալով։ Ասիկա առաջին սուտն էր։ Զայն խօսելով, այդ հրեշտակը զրպարտիչ դարձաւ, ինչպէս նաեւ՝ Աստուծոյ հակառակորդ։ Ուստի Աստուածաշունչը Աստուծոյ այս թշնամին կը բնորոշէ որպէս «առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի»։—Յայտնութիւն 12։9
«Արթո՛ւն կեցէք»
Բանսարկուի ըսած սուտը իր նպատակը իրագործեց։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Կինը՝ տեսնելով թէ ծառը լաւ էր ուտելիքի համար, փափաքելի՝ աչքերուն, եւ ցանկալի՝ ուշիմ ըլլալու համար, առաւ անոր պտուղէն ու կերաւ։ Նաեւ իրեն հետ եղող իր ամուսինին տուաւ. ա՛ն ալ կերաւ»։ (Ծննդոց 3։6, ԱՎ) Եւա Սատանայի հաւատաց եւ Աստուծոյ չհնազանդեցաւ։ Իր դրդումով՝ Ադամ ալ Աստուծոյ օրէնքը բեկանեց։ Այսպէս Բանսարկուն պատճառ եղաւ որ առաջին մարդկային զոյգը Աստուծոյ դէմ ըմբոստանայ։ Անկէ ի վեր, Սատանան մարդկային գործունէութիւններուն վրայ ազդեցութիւն բանեցուցած է, իր նպատակակէտը ըլլալով՝ մարդիկը ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքէն հեռացնել եւ անոնց կողմէ պաշտուիլ։ (Մատթէոս 4։8, 9) Հետեւաբար Սուրբ Գրութիւնները կը զգուշացնեն. «Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասն զի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ»։—Ա. Պետրոս 5։8
Աստուածաշունչը որքա՜ն յստակօրէն կը նկարագրէ Բանսարկուն որպէս իրական հոգեղէն անձ մը,– հրեշտակ մը որ ապականեցաւ ու վտանգաւոր դարձաւ։ Արթուն մնալու առաջին էական քայլն է՝ ընդունիլ թէ ան իրապէս գոյութիւն ունի։ Բայց զգաստ ըլլալն ու արթուն կենալը աւելին կը պարփակեն։ Նաեւ կարեւոր է գիտնալ Սատանայի «խորհուրդներ»ն ու մարդիկը մոլորեցնելու իր մեթոտները։ (Բ. Կորնթացիս 2։11) Ի՞նչ են անոր հնարքները, եւ ի՞նչպէս կրնանք անոնց դէմ հաստատուն կայնիլ։
Բանսարկուն մարդուն ներգոյ կարիքը կը շահագործէ
Բանսարկուն աշխարհի սկիզբէն ի վեր մարդիկը դիտած է։ Ան գիտէ մարդուն կազմուածքը,– անոր կարիքները, հետաքրքրութիւններն ու ցանկութիւնները։ Ան նաեւ գիտէ թէ մարդը հոգեւոր կարիքով ստեղծուած է, եւ զայն խորամանկօրէն կը շահագործէ։ Ի՞նչպէս։ Մարդկութիւնը կրօնական ստութիւններով սնուցանելով։ (Յովհաննու 8։44) Աստուծոյ մասին շատ մը կրօնական ուսուցումներ հակասական եւ շփոթեցուցիչ են։ Քու կարծիքով, ասիկա որո՞ւ նպատակին կը ծառայէ։ Ներհակ ուսուցումները չեն կրնար բոլորն ալ շիտակ ըլլալ։ Ուստի կարելի չէ՞ որ բազմաթիւ կրօնական ուսուցումներ Սատանայի կողմէ յատկապէս ծրագրուած ու գործածուած են, մարդիկը մոլորեցնելու համար։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը անոր կ’ակնարկէ որպէս «այս աշխարհի աստուածը», որ մարդոց միտքերը կուրցուցած է։—Բ. Կորնթացիս 4։4
Աստուածային ճշմարտութիւնը կրօնական խաբէութիւններէն մեզ կը պաշտպանէ։ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը կը նմանցնէ այն գօտիին, որ վաղեմի ժամանակներուն զինուորը կը կապէր՝ իր մէջքը պաշտպանելու համար։ (Եփեսացիս 6։14) Եթէ Աստուածաշունչի գիտութիւնը ստանաս եւ անոր պատգամին սերտօրէն յարիս, որպէս թէ անով գօտեպնդուած ես, կրօնական սուտերով ու սխալ գաղափարներով պիտի չմոլորիս։
Մարդուն հոգեւոր հակումը զինք առաջնորդած է անյայտ ծիրը հետախուզելու, ենթարկուելով Սատանայի այլ խաբէական հնարքի մը։ Արտասովոր եւ խորհրդաւոր բաներու վերաբերեալ մարդուն հետաքրքրասիրութիւնը շահագործելով, Սատանան ոգեհարցութիւնը գործածած է՝ շատերը իր հակակշռին տակ առնելու համար։ Ինչպէս որսորդը իր զոհը խայծով կը հրապուրէ, Սատանան կը գործածէ բախտագուշակութիւնը, աստղաբաշխութիւնը, քնէածութիւնը, կախարդութիւնը, ձեռնագուշակութիւնը եւ մոգութիւնը, համայն աշխարհի մէջ մարդիկ հրապուրելու եւ ծուղակը ձգելու համար։—Ղեւտացւոց 19։31. Սաղմոս 119։110
Ի՞նչպէս կրնաս ոգեհարցութեան թակարդէն խուսափիլ։ Բ. Օրինաց 18։10-12–ը (ԱՎ) կ’ըսէ. «Ձեր մէջ թող չգտնուի ոեւէ մէկը՝ որ իր որդին կամ աղջիկը կրակէ անցընէ, կամ դիւթութիւն, կամ գուշակութիւն, կամ հմայութիւն, եւ կամ կախարդութիւն ընէ. նաեւ թովիչ, կամ վհուկ, կամ նշանագէտ, եւ կամ մեռելահարցուկ թող չգտնուի։ Արդարեւ ո՛վ որ այս բաները կ’ընէ՝ Տէրոջ առջեւ գարշելի է. այս գարշութիւններո՛ւն պատճառով Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ առջեւէդ կը վտարէ զանոնք»։
Աստուածաշնչական խրատը շեշտակի է. ոգեհարցութեան հետ ո՛չ մէկ կապ ունեցիր։ Եթէ ոգեհարցութեամբ կը զբաղէիր եւ այժմ կ’ուզես անկէ ձերբազատուիլ, կրնաս Եփեսոսի նախկին Քրիստոնեաներուն օրինակին հետեւիլ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ անոնք «Տէրոջ խօսքը» ընդունելէ ետք, «դիւթութիւն կիրարկողներէն շատեր՝ միասին կը բերէին իրենց գիրքերը, ու կ’այրէին բոլորին առջեւ։ Երբ հաշուեցին անոնց գինը, գտան թէ յիսուն հազար կտոր արծաթ կ’արժէր»։ (Գործք 19։19, 20, ԱՎ) Այդ գիրքերը սուղ ըլլալով հանդերձ, Եփեսոսի Քրիստոնեաները չվարանեցան զանոնք փճացնելու։
Սատանան մարդկային տկարութիւնները կ’օգտագործէ
Կատարեալ հրեշտակ մը Բանսարկու ու Սատանայ դարձաւ, քանի որ ինքնահաւանութեան անձնատուր եղաւ։ Ան նաեւ պատճառ եղաւ որ Եւա հպարտութեամբ ու անձնասիրաբար տենչայ Աստուծոյ պէս ըլլալ։ Այսօր, Սատանան շատերը իր ճիրաններուն մէջ կը պահէ, անոնց մէջ հպարտութեան զգացումը արթնցնելով։ Օրինակ, ոմանք կը խորհին թէ իրենց ցեղը, ազգատոհմը կամ ազգութիւնը աւելի լաւ է, քան՝ միւսները։ Ասիկա որքա՜ն կը հակասէ Աստուածաշունչի Գործք 10։34, 35) Աստուածաշունչը յստակօրէն կ’ըսէ. «[Աստուած] միակ մարդէ մը ամբողջ մարդկութիւնը յառաջ բերաւ»։—Գործք 17։26, Անթիլիաս
ուսուցումին։ (Մեր մէջ հպարտութիւն արթնցնելու Սատանայի ջանքին դէմ ազդուօրէն պաշտպանուելու բանալին՝ խոնարհութիւնն է։ Աստուածաշունչը կը յորդորէ մեզ որ ‘մեր մասին աւելի բարձր համարում չունենանք՝ քան ինչ որ պէտք է մտածենք’։ (Հռովմայեցիս 12։3, ԱՎ) Ան նաեւ կ’ըսէ. «Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։ (Յակոբու 4։6) Կեանքիդ մէջ խոնարհութիւն եւ աստուածահաճոյ այլ յատկութիւններ ցուցաբերելը, Սատանայի ջանքերուն դէմ դնելու ազդու կերպ մըն է։
Բանսարկուն նաեւ կը ջանայ շահագործել անպատշաճ տռփական ցանկութիւններու տեղի տալու մարդկային տկարութիւնը։ Եհովա Աստուած կ’ուզէ որ մարդիկ կեանքը վայելեն, եւ երբ ցանկութիւններուն գոհացում կը տրուի իր դրած սահմանափակումներուն համաձայն, իսկական երջանկութիւն յառաջ կու գայ։ Բայց Սատանան մարդիկը կը քաջալերէ որ իրենց տենչանքը անբարոյ կերպերով գոհացնեն։ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10) Շա՜տ աւելի լաւ է միտքը կեդրոնացած պահել անարատ ու առաքինի բաներու վրայ։ (Փիլիպպեցիս 4։8) Ասիկա քեզի պիտի օգնէ մտածումներդ եւ զգացումներդ հակակշռի տակ պահելու։
Շարունակէ Բանսարկուին դիմադրել
Կրնա՞ս յաջողապէս Բանսարկուին դիմադրել։ Այո՛։ Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի»։ (Յակոբու 4։7) Երբ Սատանայի կը դիմադրես, ան անմիջապէս ձեռնթափ պիտի չըլլայ, ո՛չ ալ ետ պիտի կենայ յաւելեալ խնդիրներ յարուցանելէ, մինչ Աստուծոյ գիտութիւնը կը ստանաս։ Բանսարկուն ուրիշ յարմար «ատեն մը» դարձեալ պիտի յարձակի։ (Ղուկաս 4։13) Սակայն անկէ վախնալու պէտք չունիս։ Եթէ շարունակես անոր դիմադրել, ան պիտի չկարենայ քեզ ճշմարիտ Աստուծմէ հեռացնել։
Սակայն Բանսարկուի դիմադրելը կը պահանջէ գիտութիւն ունենալ՝ իր ինքնութեան, մարդիկը մոլորեցնելու իր կերպերուն եւ իր հնարքներէն ի՛նչպէս պաշտպանուելու մասին։ Այդ գիտութեան միակ ճշգրիտ աղբիւրն է՝ Աստուծոյ Խօսքը, Աստուածաշունչը։ Ուստի հաստատամտութեամբ սերտէ ներշնչեալ Սուրբ Գրութիւնները, եւ սորվածդ գործադրէ։ Շրջանիդ մէջ գտնուող Եհովայի Վկաները, սիրով պիտի ուզեն քեզի հետ ուսումնասիրել՝ ձրիաբար եւ ե՛րբ քեզի յարմար է։ Հաճիս չվարանիլ անոնց հետ շփման մէջ գալու կամ այս պարբերաթերթին հրատարակիչներուն գրելու։
Երբ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու սկսիս, Սատանան կրնայ հակառակութիւնը կամ հալածանքը գործածել, որպէսզի չշարունակես Աստուծոյ Խօսքէն ճշմարտութիւնը սորվիլ։ Սիրելիներէդ ոմանք կրնան բարկանալ, քանի որ Աստուածաշունչը կը սերտես, եւ անոր բովանդակած հիանալի ճշմարտութիւնները չեն գիտեր։ Ուրիշներ կրնան քեզ ծաղրել։ Բայց այս ճնշումներուն տեղի տալը Աստուած իրապէս կը հաճեցնէ՞։ Բանսարկուն կ’ուզէ քեզ վհատեցնել, որպէսզի ճշմարիտ Աստուծոյ մասին սորվելէ ետ կենաս։ Ինչո՞ւ թոյլ տաս որ Սատանան յաղթէ։ (Մատթէոս 10։34-39) Դուն անոր ոչինչ կը պարտիս, բայց Եհովայի կը պարտիս կեանքդ։ Ուստի վճռէ Բանսարկուին դիմադրել եւ ‘Եհովայի սիրտը ուրախացնել’։—Առակաց 27։11
[Նկար՝ էջ 4]
Անոնք որ Քրիստոնեայ եղան, ոգեհարցութեան վերաբերեալ իրենց գիրքերը այրեցին
[Նկար՝ էջ 5]
Հաստատօրէն վճռէ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել