Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Բոլոր լեզուներէն» անհատներ բարի լուրը կը լսեն

«Բոլոր լեզուներէն» անհատներ բարի լուրը կը լսեն

«Բոլոր լեզուներէն» անհատներ բարի լուրը կը լսեն

«Ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ [պիտի] ըսեն. ‘Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է’»։—ԶԱՔԱՐԵԱՅ 8։23

1. Եհովա ի՞նչպէս իտէալ ժամանակն ու վայրը հայթայթեց, զանազան լեզուներէ ու ազգերէ անհատներու քարոզելու համար։

ԺԱՄԱՆԱԿՆ ու վայրը իտէալ էին։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէի օրն էր։ Շաբաթներ առաջ, լայնատարած Հռովմէական Կայսրութեան առնուազն 15 շրջաններէ Հրեաներ ու նորադարձներ Երուսաղէմ եկած էին Պասեքը տօնելու համար։ Այդ օրը անոնցմէ հազարաւորներ,– ո՛չ թէ շփոթութեամբ ինչպէս վաղեմի Բաբելոնի մէջ, այլ՝ հասկնալով,– մտիկ ըրին սովորական մարդոց, որոնք սուրբ հոգիով լեցուած՝ կայսրութեան մէջ խօսուող բազմաթիւ լեզուներով բարի լուրը կը յայտարարէին։ (Գործք 2։1-12) Այս դէպքը նշեց քրիստոնէական ժողովքին ծնունդը եւ բազմալեզու, միջազգային դաստիարակչական գործի մը սկիզբը, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի։

2. Յիսուսի աշակերտները Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին ի՞նչպէս ‘զարմացուցին’ իրենց ունկնդիրները։

2 Յիսուսի աշակերտները հաւանաբար կրնային աշխարհաբար Յունարէնը խօսիլ, որ այդ օրերուն սովորական լեզուն էր։ Անոնք նաեւ կը գործածէին տաճարին մէջ խօսուած Եբրայերէն լեզուն։ Սակայն Պէնտէկոստէի օրը, անոնք ունկնդիրները ‘զարմացուցին’, անոնց մայրենի լեզուներով խօսելով։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Իրենց մայրենի լեզուով լսած կենսական ճշմարտութիւնները իրենց սիրտին դպան։ Այդ օրը, աշակերտներու խմբակը մեծցաւ, ունենալով աւելի քան 3,000 անդամ։—Գործք 2։37-42

3, 4. Քարոզչութիւնը ի՞նչպէս տարածուեցաւ երբ աշակերտները Երուսաղէմէ, Հրէաստանէ ու Գալիլիայէ դուրս ելան։

3 Այդ նշանակալից դէպքէն քիչ ետք, Երուսաղէմի մէջ հալածանքի ալիք մը սկսաւ, իսկ «ցիրուցան եղածները կը պտըտէին ու խօսքը կը քարոզէին»։ (Գործք 8։1-4) Օրինակ, Գործք Առաքելոց 8–րդ գլուխին մէջ կը կարդանք Փիլիպպոսի մասին, որ ըստ երեւոյթին յունախօս աւետարանիչ մըն էր։ Ան քարոզեց Սամարացիներուն եւ Եթովպիացի բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը, որ Քրիստոսի վերաբերեալ պատգամին ընդառաջեց։—Գործք 6։1-5. 8։5-13, 26-40. 21։8, 9

4 Երբ Քրիստոնեաները Երուսաղէմէ, Հրէաստանէ ու Գալիլիայէ դուրս ելան եւ բնակելու նոր շրջաններ փնտռեցին, էթնիքական ու լեզուական խոչընդոտներ դիմագրաւեցին։ Անոնցմէ ոմանք հաւանաբար միայն Հրեաներուն քարոզեցին։ Բայց Ղուկաս աշակերտ կը տեղեկագրէ. «Անոնցմէ ոմանք Կիպրացի եւ Կիւրենացի մարդիկ էին, որոնք երբ Անտիոք մտան, Հելլենացիներուն հետ կը խօսէին՝ Տէր Յիսուսը քարոզելով»։—Գործք 11։19-21

Անաչառ Աստուած՝ բոլորին համար պատգամ մը ունի

5. Եհովայի անաչառութիւնը ի՞նչպէս բացորոշ է՝ բարի լուրին կապակցաբար։

5 Այդ զարգացումները Աստուծոյ ուղիներուն հետ ներդաշնակ են, քանի որ ան անաչառ է։ Այլ ազգերու հանդէպ իր տեսակէտը ճշդելու համար Եհովայի օգնութիւնը ստանալէ ետք, Պետրոս առաքեալ գնահատութեամբ նշեց. «Ճշմարտութեամբ կը հասկնամ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։ (Գործք 10։34, 35. Սաղմոս 145։9) Քրիստոնեաները նախապէս հալածող Պօղոս առաքեալ երբ յայտարարեց թէ «Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին», ան վերահաստատեց թէ Աստուած կողմնակալութենէ զերծ է։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4) Ստեղծիչին անաչառութիւնը բացորոշ է, քանի որ Թագաւորութեան յոյսը մատչելի է ոեւէ անհատի, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոր սեռը, ցեղը, ազգութիւնը կամ լեզուն։

6, 7. Աստուածաշունչի ո՞ր մարգարէութիւնները նախագուշակեցին թէ բարի լուրը բազմաթիւ լեզուներով ու համայն աշխարհի մէջ պիտի տարածուէր։

6 Այս միջազգային ընդարձակումը դարեր առաջ նախագուշակուած էր։ Դանիէլի մարգարէութեան համաձայն, Յիսուսի «իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն տրուեցաւ, որպէս զի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն»։ (Դանիէլ 7։14) Այն իրողութիւնը թէ այս պարբերաթերթը 151 լեզուներով կը հրատարակուի եւ աշխարհի տարածքին կը բաշխուի, քեզ կարող դարձնելով որ Եհովայի Թագաւորութեան մասին կարդաս, ցոյց կու տայ Աստուածաշունչի այդ մարգարէութեան կատարումը։

7 Աստուածաշունչը նախագուշակեց ժամանակ մը, երբ զանազան լեզուներէ անհատներ իր կենսատու պատգամը պիտի լսէին։ Նկարագրելով թէ ճշմարիտ պաշտամունքը ի՛նչպէս բազմաթիւ մարդիկ պիտի հրապուրէր, Զաքարիա մարգարէացաւ. «Այն օրերը ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ մէկուն քղանցքը պիտի բռնեն՝ այսինքն Հրեայ եղող մարդուն [«Աստուծոյ Իսրայէլ»ին մաս կազմող՝ հոգիէն օծուած Քրիստոնեային] քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. ‘Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է’»։ (Զաքարեայ 8։23. Գաղատացիս 6։16) Իսկ տեսիլքի մը մէջ իր տեսածը պատմելով, Յովհաննէս առաքեալ ըսաւ. «Տեսայ մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն, որոնք աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էին»։ (Յայտնութիւն 7։9) Այս մարգարէութիւններուն կատարումը տեսած ենք։

Ամէն տեսակ մարդոց քարոզել

8. Մերօրեայ ո՞ր իրողութիւնը պահանջած է որ մեր վկայութեան գործին մէջ ճշդումներ ընենք։

8 Ներկայիս մարդիկ հետզհետէ աւելի կը տեղափոխուին։ Համաշխարհայնացումը գաղթի նոր շրջանի մը սկիզբ տուած է։ Բազմութիւններ պատերազմի գօտիներէ ու տնտեսապէս խեղդուած շրջաններէ փոխադրուած են աւելի կայուն վայրեր, նիւթապէս ապահով կեանք փնտռելով։ Շատ մը երկիրներու մէջ, գաղթականներու եւ ապաստանեալներու ներխուժումը օտարախօս ներգաւառներ մէջտեղ բերած է։ Օրինակ, Ֆինլանտայի մէջ աւելի քան 120 լեզու կը խօսուի, իսկ Աւստրալիոյ մէջ՝ աւելի քան 200։ Միացեալ Նահանգներու միայն Սան Տիէկօ քաղաքին մէջ, աւելի քան 100 լեզու կարելի է լսել։

9. Մեր թաղամասին մէջ օտարախօսներուն ներկայութիւնը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։

9 Որպէս Քրիստոնեայ քարոզիչներ, օտարախօսներուն ներկայութիւնը մեր ծառայութեան արգելք կը նկատե՞նք։ Բնաւ երբեք։ Զայն կը սեպենք մեր քարոզչութեան թաղամասին ցանկալի ընդարձակում մը,– ‘ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ արտեր’։ (Յովհաննու 4։35) Կը ջանանք իրենց հոգեւոր պէտքը գիտակցող անհատները հոգալ, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց ազգութիւնը կամ լեզուն։ (Մատթէոս 5։3) Որպէս արդիւնք, ամէն տարի ‘բոլոր լեզուներէն’ հետզհետէ աւելցող թիւով անհատներ Քրիստոսի աշակերտներ կ’ըլլան։ (Յայտնութիւն 14։6) Օրինակ, Օգոստոս 2004–ին, բարի լուրի քարոզչութիւնը կը կատարուէր Գերմանիոյ մէջ շուրջ 40 լեզուով, Աւստրալիոյ մէջ շուրջ 30 լեզուով (18 լեզուով միայն տասը տարի առաջ), իսկ Յունաստանի մէջ գրեթէ 20 լեզուով։ Աշխարհի տարածքին Եհովայի Վկաներուն շուրջ 80 տոկոսը կը խօսի միջազգային լեզուէն՝ Անգլերէնէն տարբեր լեզու մը։

10. Իւրաքանչիւր հրատարակիչ «բոլոր ազգեր»էն անհատներ աշակերտելու մէջ ի՞նչ դեր կը խաղայ։

10 Արդարեւ, «բոլոր ազգեր»էն անհատներ աշակերտելու Յիսուսի հրամանը կը կատարուի։ (Մատթէոս 28։19) Եհովայի Վկաները այդ յանձնարարութիւնը սրտանց ընդունելով գործունեայ են 235 երկիրներու մէջ եւ հրատարակութիւններ կը բաշխեն աւելի քան 400 լեզուով։ Թէեւ Եհովայի կազմակերպութիւնը մարդոց քարոզելու համար հարկ եղած հրատարակութիւնները կը հայթայթէ, սակայն Թագաւորութեան իւրաքանչիւր հրատարակիչ նախաքայլը պէտք է առնէ Աստուածաշունչի պատգամը «ամէն տեսակ մարդոց» հաղորդելու, այն լեզուով որ լաւագոյնս կը հասկնան։ (Յովհաննու 1։7, ՆԱ) Այս միասնական ջանքերը կարելի կը դարձնեն որ միլիոնաւոր օտարախօսներ բարի լուրէն օգտուին։ (Հռովմայեցիս 10։14, 15) Այո, իւրաքանչիւրս կենսական դեր մը կը խաղանք։

Մարտահրաւէրը դիմագրաւել

11, 12. (ա) Ի՞նչ մարտահրաւէրներ պէտք է դիմագրաւենք, իսկ սուրբ հոգին ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի։ (բ) Մարդոց քարոզելը իրենց մայրենի լեզուով, ինչո՞ւ յաճախ օգտակար է։

11 Այսօր, Թագաւորութեան հրատարակիչներէն շատեր կը տենչան այլ լեզու մը սորվիլ, բայց չեն կրնար Աստուծոյ հոգիին հրաշալի պարգեւներուն ապաւինիլ կամ զանոնք ակնկալել։ (Ա. Կորնթացիս 13։8) Նոր լեզու մը սորվիլը հսկայ ձեռնարկ է։ Նոյնիսկ երկրորդ լեզու մը խօսողները թերեւս ստիպուին իրենց մտածելակերպն ու մօտեցումը ճշդել, որպէսզի Աստուածաշունչի պատգամը գրաւիչ դարձնեն անոնց, որոնք այդ լեզուն կը խօսին բայց տարբեր ենթահող ու մշակոյթ ունին։ Ասկէ զատ, նոր գաղթականները յաճախ երկչոտ են. անոնց մտածելակերպը հասկնալը շատ ջանքի կը կարօտի։

12 Այսուհանդերձ սուրբ հոգին Եհովայի ծառաներուն մէջ կը ներգործէ, որպէսզի օտարախօսներուն օգնեն։ (Ղուկաս 11։13) Փոխանակ մեզ հրաշալի լեզուական կարողութիւններով օժտելու, սուրբ հոգին կը սրէ մեր փափաքը որ օտարախօսներու հետ հաղորդակցինք։ (Սաղմոս 143։10) Եթէ անհատին անծանօթ եղող լեզուով քարոզենք կամ ուսուցանենք, թերեւս կարենանք Աստուածաշունչի պատգամը անոր միտքին հասցնել. սակայն սիրտի՛ն հասնելու համար, յաճախ հարկ կայ որ անոր մայրենի լեզուն գործածենք,– որ իր խորագոյն տենչերը, շարժառիթներն ու յոյսերը կ’արտայայտէ։—Ղուկաս 24։32

13, 14. (ա) Ոմանք ինչո՞ւ կը մղուին օտարախօս դաշտի մը մէջ ծառայելու։ (բ) Անձնազոհութեան հոգին ի՞նչպէս դրսեւորուած է։

13 Թագաւորութեան հրատարակիչներէն շատեր օտարախօս դաշտի մը մէջ քարոզելու ձեռնարկած են, երբ տեսած են թէ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան հանդէպ հոյակապ ընդառաջում կայ։ Ոմանք կ’ոգեւորուին, իրենց ծառայութիւնը աւելի դժուար ու հետաքրքրական դառնալով։ Հարաւային Եւրոպայի մէջ Եհովայի Վկաներու մէկ մասնաճիւղը կ’ըսէ. «Բազմաթիւ անհատներ որոնք Արեւելեան Եւրոպայէն եկած են, ճշմարտութեան ծարաւի են»։ Որքա՜ն գոհացուցիչ է օգնել այսպիսի ընդունակ անհատներու։—Եսայեայ 55։1, 2

14 Սակայն այս գործին մէջ իմաստալից մասնակցութիւն բերելը, հաստատամտութիւն ու անձնազոհութիւն կը պահանջէ։ (Սաղմոս 110։3) Օրինակ, կարգ մը ճափոնախօս Վկայ ընտանիքներ, մեծ քաղաքներու մէջ իրենց հանգստաւէտ տուները ձգած են ու հեռաւոր վայրեր փոխադրուած են, որպէսզի Չինացի գաղթականներու օգնեն Աստուածաշունչը հասկնալու։ Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ծովափը, հրատարակիչներ կանոնաւորաբար մէկ կամ երկու ժամ ինքնաշարժով կը ճամբորդեն, Ֆիլիփփինցիներու հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու համար։ Նորվեկիոյ մէջ, ամոլ մը Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէ Աֆղանիստանէն եկած ընտանիքի մը հետ։ Վկայ ամոլը կը գործածէ Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ գրքոյկին Անգլերէն ու Նորվեկերէն հրատարակութիւնները։ * Ընտանիքը պարբերութիւնները կը կարդայ Պարսկերէնով, որ իրենց Տէրի մայրենի լեզուին սերտօրէն յարակից է։ Անոնք կը խօսակցին Անգլերէնով ու Նորվեկերէնով։ Այս անձնազոհութեան հոգին եւ յարմարելիութիւնը մեծապէս կը վարձատրուին, երբ օտարականները բարի լուրին կ’ընդառաջեն։ *

15. Բոլորս ի՞նչպէս կրնանք օտարախօսներու քարոզել։

15 Կրնա՞ս օտարախօսներու վկայել։ Նախ նկատէ թէ թաղամասիդ մէջ սովորաբար ո՛ր օտար լեզուները կը խօսուին, ապա ձեռքի տակ պահէ այդ լեզուներով թերթիկներ կամ գրքոյկներ։ 2004–ին լոյս տեսած Բարի լուր՝ բոլոր ազգերուն գրքոյկը, արդէն Թագաւորութեան յոյսը տարածելու մէջ մեծ դեր խաղցած է, բազմաթիւ լեզուներով ներկայացուած իր պարզ ու դրական պատգամով։—Տես՝ «Բարի լուր՝ բոլոր ազգերուն», Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 2005 (Անգլերէն), էջ 32։

‘Գաղթականը սիրել’

16. Պատասխանատու եղբայրները ի՞նչպէս կրնան օտարախօսներուն անձնուրացօրէն օգնել։

16 Ուրիշ լեզու մը սորվի՛նք կամ ոչ, բոլորս կրնանք մեր շրջանին մէջ բնակող օտարականներուն հոգեւոր կրթութեան նպաստել։ Եհովա իր ժողովուրդին պատուիրեց որ ‘գաղթականը սիրեն’։ (Բ. Օրինաց 10։18, 19, ԱՎ) Օրինակ, Հիւսիսային Ամերիկայի մեծ քաղաքներէն մէկուն մէջ, հինգ ժողովքներ նոյն Թագաւորութեան Սրահին մէջ կը հաւաքուին։ Ըստ սովորութեան, անոնք իրենց ժողովներուն ժամերը կը փոխեն՝ տարին մէկ անգամ։ Բայց երբ կարգը եկաւ որ չինախօս ժողովքը հաւաքուի Կիրակի օր՝ ուշ ժամանակ, ինչ որ պիտի նշանակէր թէ ճաշարաններու մէջ աշխատող գաղթականներէն շատեր պիտի չկարենային ներկայ գտնուիլ, միւս ժողովքներուն երէցները ազնուաբար ճշդումներ ըրին, որպէսզի չինախօս ժողովքը իրեն յարմար եղող ժամանակին վարէ իր ժողովը։

17. Ի՞նչպէս պէտք է զգանք, երբ ոմանք որոշեն փոխադրուիլ՝ օտարախօս խումբի մը օգնելու համար։

17 Սիրալիր տեսուչները կը գովեն այն որակեալ ու հմուտ եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք կ’ուզեն փոխադրուիլ՝ օտարախօս խումբերու օգնելու համար։ Ժողովքը այս փորձառու ուսուցիչներուն բացակայութիւնը կրնայ զգալ, բայց տեսուչները Լիւստրայի եւ Իկոնիոնի երէցներուն տեսակէտը կ’որդեգրեն, որոնք արգելք չհանդիսացան որ Տիմոթէոս Պօղոսի հետ ճամբորդէ, թէեւ իրենց ժողովքներուն պիտանի էր։ (Գործք 16։1-4) Ասկէ զատ, քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն խոչընդոտ մը չեն օտարականներուն տարբեր սովորութիւնները, մտայնութիւնը կամ նիստուկացը։ Անոնք բարի լուրին համար այս այլազանութիւնը կ’ընդունին եւ լաւ յարաբերութիւններ մշակելու կերպեր կը փնտռեն։—Ա. Կորնթացիս 9։22, 23

18. Ի՞նչ մեծ ու արդիւնաւոր դուռ մը բացուած է բոլորին։

18 Ինչպէս մարգարէացուած էր, բարի լուրը կը քարոզուի «ազգերուն բոլոր լեզուներ»ով։ Օտարախօս դաշտերուն մէջ տակաւին յաւելումի մեծ կարելիութիւն կայ։ Հազարաւոր հնարամիտ հրատարակիչներ այս «մեծ ու արդիւնաւոր դուռ»էն ներս մտած են։ (Ա. Կորնթացիս 16։9) Սակայն այս թաղամասերը մշակելու համար ընելիք շատ բան կայ, ինչպէս յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 14 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 14 Յաւելեալ օրինակներու համար, տես՝ «Պզտիկ զոհողութիւնները մեծ օրհնութիւններ բերին մեզի», Դիտարան 1 Ապրիլ 2004 (Անգլերէն), էջ 24-28։

Կրնա՞ս բացատրել

• Ի՞նչպէս կրնանք Եհովան ընդօրինակել՝ բոլոր մարդոց հանդէպ անաչառ ըլլալով։

• Մեր թաղամասին մէջ գտնուող օտարախօսները ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։

• Ինչո՞ւ օգտակար է մարդոց քարոզել իրենց մայրենի լեզուով։

• Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ օտարականներով հետաքրքրուած ենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Քարտէս/Նկար՝ էջ 23]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

Հռովմ

ԿՐԵՏԷ

ԱՍԻԱ

ՓՌԻՒԳԻԱ

ՊԱՄՓԻՒԼԻԱ

ՊՈՆՏՈՍ

ԿԱՊԱԴՈՎԿԻԱ

ՄԻՋԱԳԵՏՔ

ՄԱՐԱՍՏԱՆ

ՊԱՐԹԵՒԱՍՏԱՆ

ԵՂԱՄ

ԱՐԱԲԻԱ

ԼԻՊԻԱ

ԵԳԻՊՏՈՍ

ՀՐԷԱՍՏԱՆ

Երուսաղէմ

[Ջրակոյտեր]

Միջերկրական ծով

Սեւ ծով

Կարմիր ծով

Պարսից ծոց

[Նկար]

Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Հռովմէական Կայսրութեան 15 շրջաններէ եկած մարդիկ, բարի լուրը լսեցին իրենց մայրենի լեզուով

[Նկարներ՝ էջ 24]

Բազմաթիւ օտարականներ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան լաւ կ’ընդառաջեն

[Նկար՝ էջ 25]

Թագաւորութեան Սրահի ցուցանակ՝ հինգ լեզուով