Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երկրորդ Մնացորդաց գիրքէն աչքառու կէտեր

Երկրորդ Մնացորդաց գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Երկրորդ Մնացորդաց գիրքէն աչքառու կէտեր

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ Բ. Մնացորդաց գիրքը կը սկսի՝ խօսելով Սողոմոնի իշխանութեան մասին Իսրայէլի վրայ, իսկ կ’աւարտի՝ նշելով Բաբելոնիայի մէջ աքսորեալ Հրեաներուն ուղղուած Կիւրոս թագաւորին խօսքերը. «Եհովա Աստուած . . . ինծի պատուիրեց որ Յուդայի Երուսաղէմի մէջ անոր տուն մը շինեմ։ Ձեր մէջ ով որ անոր ժողովուրդէն է, իր Եհովա Աստուածը իրեն հետ ըլլայ ու թող մեկնի [դէպի Երուսաղէմ]»։ (Բ. Մնացորդաց 36։23) Գիրքը Եզրաս քահանայի կողմէ ամբողջացաւ Հ.Դ.Ա. 460–ին, եւ կը ծածկէ 500 տարի,– Հ.Դ.Ա. 1037–էն մինչեւ Հ.Դ.Ա. 537։

Պարսկաստանի Կիւրոս թագաւորին հրովարտակը կարելի կը դարձնէ որ Հրեաները Երուսաղէմ վերադառնան ու Եհովայի պաշտամունքը վերահաստատեն։ Սակայն բաբելոնական գերութեան երկար տարիները ժխտական ազդեցութիւն ունեցած են։ Վերադարձող աքսորեալները իրենց ազգային պատմութեան մասին գիտութիւն չունին։ Ուստի Բ. Մնացորդաց գիրքը վառ կերպով կ’ամփոփէ Դաւիթէ սերած թագաւորներուն հետ կապ ունեցող դէպքերը։ Պատմութիւնը մեզ ալ կը հետաքրքրէ, քանի որ ճշմարիտ Աստուծոյ հնազանդելուն օրհնութիւնները ու չհնազանդելուն հետեւանքները ցցուն կ’ընէ։

ԹԱԳԱՒՈՐ ՄԸ ՏՈՒՆ ԿԸ ՇԻՆԷ ԵՀՈՎԱՅԻ

(Բ. Մնացորդաց 1։1–9։31)

Եհովա Սողոմոն թագաւորի կը շնորհէ ինչ որ սրտանց խնդրեց,– իմաստութիւն ու գիտութիւն,– ինչպէս նաեւ հարստութիւն ու փառք։ Թագաւորը Եհովայի համար շքեղ տուն մը կը կառուցանէ Երուսաղէմի մէջ, իսկ ժողովուրդը ‘զուարթ սիրտով կ’ուրախանայ’։ (Բ. Մնացորդաց 7։10) Սողոմոն «հարստութեան ու իմաստութեան կողմանէ՝ երկրի բոլոր թագաւորներէն մեծ» կ’ըլլայ։—Բ. Մնացորդաց 9։22

Իսրայէլի վրայ 40 տարի իշխելէ ետք, Սողոմոն ‘իր հայրերուն հետ կը քնանայ, ու անոր տեղ իր որդին՝ Ռոբովամ թագաւոր կ’ըլլայ’։ (Բ. Մնացորդաց 9։31) Եզրաս չի տեղեկագրեր Սողոմոնի խոտորումը ճշմարիտ պաշտամունքէն։ Թագաւորին վերաբերեալ յիշուած միակ բացասական կէտերն են՝ անխոհեմօրէն Եգիպտոսէն բազմաթիւ ձիեր բերելը եւ Փարաւոնի աղջկան հետ ամուսնանալը։ Այսպէս ժամանակագիրը դրական տեսակէտով պատմութիւնը կը ներկայացնէ։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

2։14—Արուեստագէտին մօր մասին տրուած տեղեկութիւնը ինչո՞ւ կը տարբերի Գ. Թագաւորաց 7։14–ի նշածէն։ Գ. Թագաւորաց գիրքը արուեստագէտին մօր կ’ակնարկէ որպէս «Նեփթաղիմի ցեղէն որբեւարի կին», քանի որ այդ ցեղին պատկանող տղամարդու մը հետ ամուսնացած էր։ Բայց կինը Դանի ցեղէն էր։ Ամուսինին մահէն ետք, ան Տիւրացի տղամարդու մը հետ ամուսնացաւ, եւ այսպէս արհեստագէտը ծնաւ։

2։18. 8։10—Այս համարները կ’ըսեն թէ գործը կատարող ժողովուրդին վրայ հսկող վերակացուներուն ու պետերուն թիւը՝ 3,600 եւ 250 էր, մինչդեռ Գ. Թագաւորաց 5։16 եւ 9։23 կը նշեն թէ անոնց թիւը՝ 3,300 եւ 550 էր։ Թիւերը ինչո՞ւ իրարմէ կը տարբերին։ Կը թուի թէ տարբերութեան պատճառը այն է թէ գործակալները նոյն կերպով չեն դասակարգուած։ Թերեւս Բ. Մնացորդաց գիրքը կը խօսի 3,600 ոչ–Իսրայելացի եւ 250 Իսրայելացի գործակալներու մասին, մինչ Գ. Թագաւորաց գիրքը կը նշէ 3,300 վերահսկիչներ եւ 550 գլխաւոր վերակացուներ։ Ամէն պարագայի, գործակալներուն ընդհանուր թիւը՝ 3,850 էր։

4։2-4—Ձուլածոյ ծովուն տակ ինչո՞ւ եզներու նմանութիւններ կային։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, եզները զօրութեան խորհրդանշան են։ (Եզեկիէլ 1։10. Յայտնութիւն 4։6, 7) Զանոնք ընտրելը յարմար էր, քանի որ 12 պղինձէ եզներուն վրայ դրուած էր հսկայ «ծովը», որ շուրջ 30 թոն կը կշռէր։ Այս նպատակով պղինձէ եզներ շինելը որեւէ կերպով չբեկանեց երկրորդ պատուիրանը, որ արգիլեց պաշտամունքի առարկաներ շինելը։—Ելից 20։4, 5

4։5—Ձուլածոյ ծովը որքա՞ն ջուր կրնար պարունակել։ Երբ ամբողջովին լեցուէր, ձուլածոյ ծովը կրնար առնել երեք հազար մար, կամ շուրջ 66,000 լիթր։ Սակայն, ըստ երեւոյթին, սովորաբար անոր միայն երկու երրորդը ջուր կը լեցնէին, ինչպէս Գ. Թագաւորաց 7։26–ը կ’ըսէ. «[Ծովը] երկու հազար մար [44,000 լիթր] կ’առնէր»։

5։4, 5, 10—Սկզբնական խորանին ո՞ր կարասին Սողոմոնի տաճարին մաս կազմեց։ Սկզբնական վկայութեան խորանէն միայն Տապանակը դրուեցաւ Սողոմոնի տաճարին մէջ։ Տաճարը կառուցուելէ ետք, խորանը Գաբաւոնէն փոխադրուեցաւ Երուսաղէմ եւ ակներեւաբար հոն պահուեցաւ։—Բ. Մնացորդաց 1։3, 4

Դասեր՝ մեզի համար.

1։11, 12. Սողոմոնի խնդրանքը ցոյց տուաւ Եհովայի թէ թագաւորին սիրտին փափաքն էր իմաստութիւն ու գիտութիւն ձեռք ձգել։ Արդարեւ Աստուծոյ ուղղուած մեր աղօթքները կը յայտնեն մեր սիրտին փափաքած բաները, ուստի խոհեմութիւն է որ անոնց բովանդակութիւնը վերլուծենք։

6։4. Եհովայի հաւատարիմ սէրն ու բարութիւնը սրտանց գնահատելը մեզ պէտք է մղէ զինք օրհնելու,– այսինքն՝ խանդաղատանքով ու երախտագիտութեամբ զինք փառաբանելու։

6։18-21. Թէեւ որեւէ կառոյց չի կրնար Աստուած պարունակել, բայց տաճարը որպէս Եհովայի պաշտամունքին կեդրոնը պիտի ծառայէր։ Այսօր, Եհովայի Վկաներու Թագաւորութեան Սրահները ճշմարիտ պաշտամունքի կեդրոններ են։

6։19, 22, 32. Եհովա դիւրամատչելի էր բոլորին,– թագաւորէն մինչեւ ազգին աննշան անդամները, նոյնիսկ օտարազգիին՝ որ անկեղծօրէն իրեն կը դիմէր։ *Սաղմոս 65։2

ԴԱՒԻԹԻ ՍԵՐՈՒՆԴԷՆ ԵՂՈՂ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐ

(Բ. Մնացորդաց 10։1–36։23)

Իսրայէլի միացեալ թագաւորութիւնը երկուքի կը բաժնուի,– հիւսիսային տասը–ցեղեան թագաւորութիւնը եւ Յուդայի ու Բենիամինի հարաւային երկու–ցեղեան թագաւորութիւնը։ Ամբողջ Իսրայէլի մէջ քահանաներն ու Ղեւտացիները թիկունք կը կանգնին ո՛չ թէ ազգայնականութեան, այլ՝ Թագաւորութեան ուխտին, եւ դիրք կը բռնեն Սողոմոնի որդիին՝ Ռոբովամի կողքին։ Տաճարը կառուցուելէն աւելի քան 30 տարի ետք, անոր գանձերը կը բռնագրաւուին։

Ռոբովամի յաջորդող 19 թագաւորներէն հինգը հաւատարիմ են, երեքը լաւ սկիզբ ունենալէ ետք անհաւատարիմ կը դառնան, մէկը իր սխալ ընթացքը կը սրբագրէ, իսկ մնացեալ թագաւորները Եհովայի առջեւ չարիք կը գործեն։ * Եհովայի ապաւինող հինգ թագաւորներուն գործունէութիւնները կ’ընդգծուին։ Երուսաղէմի մէջ Եհովայի պաշտամունքին վերահաստատումով հետաքրքրուած Հրեաները վստահաբար քաջալերուեցան, տեղեկանալով թէ ի՛նչպէս Եզեկիա տաճարի ծառայութիւնները վերականգնեց եւ Յովսիա մեծ Պասեքի մը համար կարգադրութիւններ ըրաւ։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

13։5—«Աղի ուխտ» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։ Իր պահպանելու յատկութեան համար, աղը մշտականութեան եւ անփոփոխելիութեան խորհրդանշան դարձաւ։ Ուստի «աղի ուխտ» արտայայտութիւնը պարտաւորիչ համաձայնութիւն կը մատնանշէ։

14։2-5. 15։17—Ասա թագաւոր բոլո՞ր «բարձր տեղերը» վերցուց։ Ըստ երեւոյթին՝ ո՛չ։ Թերեւս Ասա վերցուց միայն չաստուածներու պաշտամունքին յատկացուած բարձր տեղերը, եւ ձգեց այն տեղերը՝ ուր մարդիկ Եհովան կը պաշտէին։ Նաեւ հաւանական է որ Ասայի իշխանութեան վերջաւորութեան բարձր տեղեր դարձեալ շինուեցան։ Զանոնք վերցուց իր որդին՝ Յովսափատ։ Բայց բարձր տեղերը բոլորովին չանհետացան, նոյնիսկ Յովսափատի իշխանութեան ընթացքին։—Բ. Մնացորդաց 17։5, 6. 20։31-33

15։9. 34։6—Իսրայէլի թագաւորութիւնը բաժնուելով, Շմաւոնի տոհմին դիրքը ի՞նչ եղաւ։ Յուդայի մէջ որպէս ժառանգ ունենալով ներգաւառներ, Շմաւոնի տոհմը աշխարհագրականօրէն կը գտնուէր Յուդայի ու Բենիամինի թագաւորութեան մէջ։ (Յեսուայ 19։1) Սակայն կրօնական ու քաղաքական գետնի վրայ, Շմաւոնի տոհմը յարեցաւ հիւսիսային թագաւորութեան։ (Գ. Թագաւորաց 11։30-33. 12։20-24) Ուստի Շմաւոն տասը–ցեղեան թագաւորութեան մէկ մասը սեպուեցաւ։

16։13, 14—Ասայի դիակը այրեցի՞ն։ Ո՛չ։ Արձանագրութիւնը դիակիզութեան չ’ակնարկեր, այլ պարզապէս կ’ըսէ թէ «անոր վրայ խիստ շատ խունկեր ծխեցին»։

35։3—Սուրբ Տապանակը ո՞ւր էր, երբ Յովսիա զայն տաճար փոխադրեց։ Թերեւս չար թագաւորներէն մէկը Տապանակը տեղափոխած էր կամ Յովսիա զայն ապահով տեղ մը դրած էր՝ տաճարի հիմնական նորոգութեան ընթացքին, բայց Աստուածաշունչը բան մը չ’ըսեր։ Սողոմոնի օրերէն ետք, ասիկա միակ պատմական ակնարկումն է Տապանակին, նշելով թէ Յովսիա զայն տաճար բերաւ։

Դասեր՝ մեզի համար.

13։13-18. 14։11, 12. 32։9-23. Եհովայի ապաւինելու կարեւորութեան մասին ի՜նչ ընտիր դաս մը կրնանք սորվիլ։

16։1-5, 7. 18։1-3, 28-32. 21։4-6. 22։10-12. 28։16-22. Օտարականներու կամ անհաւատներու հետ դաշնակցիլը գէշ հետեւանքներ ունի։ Խոհեմութիւն է աշխարհայիններու հետ անհարկի կապեր չունենալ։—Յովհաննու 17։14, 16. Յակոբու 4։4

16։7-12. 26։16-21. 32։25, 26. Ամբարտաւանութիւնը պատճառ եղաւ որ Ասա թագաւոր իր կեանքին վերջին տարիներուն ընթացքին գէշ կերպով վարուի։ Ամբարտաւան հոգի ունենալը Ոզիայի անկման առաջնորդեց։ Եզեկիա անխոհեմաբար եւ թերեւս հպարտօրէն վարուեցաւ, երբ Բաբելոնի պատգամաւորներուն ցուցուց իր գանձատունը։ (Եսայեայ 39։1-7) Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ. «Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւն ու կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ»։—Առակաց 16։18

16։9. Եհովա իրեն կատարեալ սիրտով յարողներուն կ’օգնէ, եւ անոնց ի նպաստ իր ոյժը գործածելու պատրաստ է։

18։12, 13, 23, 24, 27. Միքիայի նման, Եհովայի ու իր նպատակներուն մասին խիզախօրէն ու համարձակութեամբ պէտք է խօսինք։

19։1-3. Եհովա մեր մէջ բարի բաներ կը փնտռէ, նոյնիսկ երբ մեզի դէմ զայրանալու պատճառ ունի։

20։1-28. Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա թոյլ պիտի տայ որ զինք գտնենք, երբ խոնարհաբար իրմէ ուղղութիւն խնդրենք։—Առակաց 15։29

20։17. ‘Տէրոջ փրկութիւնը տեսնելու’ համար, պէտք է ‘ներկայանանք’՝ նախանձախնդրաբար Աստուծոյ Թագաւորութեան զօրավիգ կանգնելով։ Փոխանակ խնդիրները մեր կերպով լուծելու, հանդարտ պէտք է ‘կենանք’՝ անվերապահօրէն Եհովայի վստահելով։

24։17-19. 25։14. Կռապաշտութիւնը Յովասի ու իր որդիին՝ Ամասիայի համար թակարդ մըն էր։ Այսօր, կռապաշտութիւնը նոյնքան հրապուրիչ է, մանաւանդ անոր խորամանկ ձեւերը՝ ընչաքաղցութիւնն ու ազգայնականութիւնը։—Կողոսացիս 3։5. Յայտնութիւն 13։4

32։6, 7. Մենք ալ քաջ ու զօրաւոր պէտք է ըլլանք, մինչ ‘մեր վրայ կը հագնինք Աստուծոյ սպառազինութիւնը’ եւ հոգեւոր պատերազմ կը մղենք։—Եփեսացիս 6։11-18

33։2-9, 12, 13, 15, 16. Անհատ մը իսկական զղջում կը ցուցաբերէ, սխալ ընթացքը լքելով եւ լրջօրէն ջանալով շիտակը ընել։ Իսկական զղջումի հիման վրայ, նոյնիսկ Մանասէ թագաւորին նման չարութեամբ վարուող մը կրնայ Եհովայի ողորմութիւնը ստանալ։

34։1-3. Որեւէ ժխտական պարագայ մանկութեան ընթացքին, պայման չէ որ մեզ ետ պահէ Աստուած ճանչնալէ ու անոր ծառայելէ։ Յովսիա իր մատղաշ տարիքին թերեւս որպէս դրական ազդեցութեան աղբիւր ունէր իր զղջացած մեծ–հայրը՝ Մանասէ։ Ի՛նչ որ ալ ըլլան այն դրական ազդեցութիւնները, որոնց Յովսիա ենթարկուեցաւ, ի վերջոյ լաւ արդիւնք տուին։ Նոյնը կրնայ պատահիլ մեզի։

36։15-17. Եհովա կարեկից ու համբերատար է։ Սակայն իր կարեկցութիւնն ու համբերութիւնը սահման ունին։ Եթէ մարդիկ կ’ուզեն վերապրիլ երբ Եհովա այս իրերու չար դրութեան վերջ դնէ, անոնք Թագաւորութեան քարոզչութեան նպաստաւոր կերպով պէտք է ընդառաջեն։

36։17, 22, 23. Եհովայի խօսքը միշտ կը կատարուի։—Գ. Թագաւորաց 9։7, 8. Երեմեայ 25։9-11

Գիրք մը զինք գործի լծեց

Բ. Մնացորդաց 34։33–ը կ’ըսէ. «Յովսիա Իսրայէլի որդիներուն բոլոր երկիրներէն բոլոր գարշութիւնները վերցուց ու բոլոր Իսրայէլի մէջ գտնուողներուն իրենց Տէր Աստուծոյն ծառայութիւն ընել տուաւ»։ Ի՞նչ բան մղեց Յովսիան ասիկա ընելու։ Սափան ատենադպիրը նոր գտնուած Եհովայի Օրէնքին գիրքը Յովսիա թագաւորին բերաւ ու անոր մէջէն թագաւորին առջեւ բարձրաձայն կարդաց։ Յովսիա իր լսած բաներով ա՛յնքան տպաւորուեցաւ, որ նախանձախնդրաբար մաքուր պաշտամունքը յառաջացուց իր ամբողջ կեանքի ընթացքին։

Աստուծոյ Խօսքը կարդալը եւ մեր կարդացածին վրայ խոկալը, մեզի խորապէս կ’ազդեն։ Դաւիթէ սերած թագաւորներուն պատմութեան վրայ խոկալը մեզ կը քաջալերէ որ Եհովայի ապաւինողներուն օրինակին հետեւինք եւ անոր չապաւինողներուն վարքէն խուսափինք։ Բ. Մնացորդաց գիրքը մեզ կը խթանէ որ ճշմարիտ Աստուծոյ բացարձակ պաշտամունք տանք եւ իրեն հաւատարիմ մնանք։ Անոր պատգամը վստահաբար կենդանի ու զօրեղ է։—Եբրայեցիս 4։12

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 7 Տաճարին նաւակատիքին եւ այդ առթիւ Սողոմոնի մատուցած աղօթքին վերաբերեալ յաւելեալ կէտերու համար, տես՝ Դիտարան 1 Յուլիս 2005, էջ 8-10։

^ պարբ. 9 Յուդայի թագաւորներուն ժամանակագրական ցանկին համար, տես՝ Դիտարան 1 Օգոստոս 2005, էջ 16։

[Նկար՝ էջ 6]

Գիտե՞ս թէ ինչո՛ւ ձուլածոյ ծովուն տակ եզներու նմանութիւններ կային