Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յառաջդիմական ու յարմարող ծառաներ եղէք

Յառաջդիմական ու յարմարող ծառաներ եղէք

Յառաջդիմական ու յարմարող ծառաներ եղէք

«Բոլորին հետ ամէն ինչ եղայ, որպէսզի ա՛նպայման ոմանք փրկեմ»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 9։22, ԱՎ

1, 2. (ա) Պօղոս առաքեալ ի՞նչ կերպերով ազդու քարոզիչ մըն էր։ (բ) Պօղոս իր նշանակումին հանդէպ իր կեցուածքը ի՞նչպէս նկարագրեց։

ԱՆ ՀԱՆԳԻՍՏ կը զգար թէ՛ մտաւորականներու եւ թէ աննշան վրանագործներու հետ։ Ան կրցաւ համոզել ե՛ւ Հռովմէացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ե՛ւ Փռիւգացի գիւղացիներ։ Իր գրութիւնները խթանեցին թէ՛ ազատամիտ Յոյները, թէ՛ պահպանողական Հրեաները։ Անոր պատճառաբանութիւնը անհերքելի էր, իսկ զգացական մօտեցումը՝ ազդեցիկ։ Ան ջանաց ամէն անհատի հետ հասարակաց գետին գտնել, որպէսզի ոմանք Քրիստոսի բերէ։—Գործք 20։21

2 Ան Պօղոս առաքեալն էր,– անտարակոյս ազդու եւ յառաջդիմական քարոզիչ մը։ (Ա. Տիմոթէոս 1։12) Ան Յիսուսէ յանձնարարութիւն ստացաւ որ ‘Իր անունը կրէ հեթանոսներուն ու թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ’։ (Գործք 9։15) Այս նշանակումին հանդէպ անոր կեցուածքը ի՞նչ էր։ Ան ըսաւ. «Բոլորին հետ ամէն ինչ եղայ, որպէսզի ա՛նպայման ոմանք փրկեմ։ Եւ ասիկա կ’ընեմ աւետարանին համար, որ հաղորդակից ըլլամ անոր»։ (Ա. Կորնթացիս 9։19-23, ԱՎ) Պօղոսի օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ, որ մեր քարոզչութեան եւ ուսուցման մէջ աւելի ազդու ըլլանք։

Փոխուած մարդ մը մարտահրաւէրը դիմագրաւեց

3. Կրօնափոխութենէ առաջ, Պօղոս ի՞նչպէս վարուեցաւ Քրիստոնեաներուն հետ։

3 Պօղոս միշտ երկայնամիտ ու նկատառո՞ւ անձ մըն էր, այնպէս որ իր ստացած նշանակումին յարմար էր։ Բնաւ երբեք։ Կրօնամոլութիւնը պատճառ եղած էր որ Սօղոս (ինչպէս Պօղոս նախապէս կը ճանչցուէր) Քրիստոսի հետեւորդները վայրագօրէն հալածէր։ Երիտասարդ Սօղոս Ստեփանոսի սպաննուելուն կամակից էր, ապա անգթօրէն Քրիստոնեաները հետապնդեց։ (Գործք 7։57, 59. 8։3. Ա. Տիմոթէոս 1։13) Ան շարունակեց «Տէրոջը աշակերտներուն դէմ սպառնալիք եւ մահ փչել»։ Երուսաղէմի մէջ հաւատացեալները հետապնդելը բաւարար չսեպելով, ան սկսաւ իր ատելավառ արշաւը տարածել դէպի հիւսիս, մինչեւ Դամասկոս։—Գործք 9։1, 2

4. Պօղոս իր նշանակումը կատարելու համար ի՞նչ ճշդում պէտք էր ընէր։

4 Քրիստոնէութեան հանդէպ Պօղոսի բուռն ատելութեան պատճառը հաւանաբար իր համոզումն էր, թէ այս նոր կրօնքը Հրէականութիւնը պիտի ապականէր, օտար ու անփափաքելի գաղափարներ ներմուծելով։ Իրականութեան մէջ, Պօղոս «Փարիսեցի» մըն էր, որ կը նշանակէ՝ «զատուած»։ (Գործք 23։6) Ան որքա՜ն ցնցուած ըլլալու էր, իմանալով թէ Աստուած զինք ընտրեց Քրիստոսը քարոզելու հեթանոսներո՛ւն։ (Գործք 22։14, 15. 26։16-18) Փարիսեցիները կը մերժէին նոյնիսկ ուտել անոնց հետ, որոնք մեղաւոր կը նկատէին։ (Ղուկաս 7։36-39) Անկասկած իր կողմէ մեծ ջանք պահանջեց որ իր տեսակէտը փոխէ եւ Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակէ, որ է՝ ամէն տեսակ մարդիկ պէտք է փրկուին։—Գաղատացիս 1։13-17

5. Մեր ծառայութեան մէջ ի՞նչպէս կրնանք Պօղոսը ընդօրինակել։

5 Թերեւս մենք ալ ստիպուինք նոյնը ընել։ Մինչ մեր միջազգային ու բազմալեզու դաշտին մէջ զանազան մարդոց կը հանդիպինք, գիտակից ջանք պէտք է թափենք որ մեր կեցուածքը քննենք ու կանխադատութենէ ձերբազատուինք։ (Եփեսացիս 4։22-24) Կը գիտակցինք կամ ոչ, մեր ընկերային միջավայրը եւ մեր ստացած կրթութիւնը մեզ կը կաղապարեն։ Անոնք կրնան մեր մէջ տեսակէտներ ու կեցուածքներ քանդակել, որոնք նախապաշարումի եւ կանխադատութեան վրայ հիմնուած ու անթեք են։ Այսպիսի կարծիքներ պէտք է փոխենք, եթէ կ’ուզենք ոչխարանման անհատներ գտնել ու անոնց օգնել։ (Հռովմայեցիս 15։7) Պօղոս ասիկա ըրաւ։ Ան իր ծառայութիւնը ընդարձակելու մարտահրաւէրը ընդունեց եւ սէրէ մղուած՝ ուսուցանելու հմտութիւններ զարգացուց, որոնք ընդօրինակուելու արժանի են։ Արդարեւ, «հեթանոսներուն առաքեալ»ին ծառայութիւնը ուսումնասիրելը ցոյց կու տայ թէ ան քարոզելու եւ ուսուցանելու մէջ ուշադիր, դիւրաթեք ու հնարամիտ էր։ *Հռովմայեցիս 11։13

Յառաջդիմական քարոզիչի մը գործունէութիւնները

6. Պօղոս իր ունկնդիրներուն ենթահողը ի՞նչպէս նկատի կ’առնէր, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

6 Պօղոս իր ունկնդիրներուն հաւատալիքներն ու ենթահողը նկատի կ’առնէր։ Երբ Ագրիպպաս Բ. թագաւորին կը խօսէր, ան ընդունեց թէ թագաւորը ‘Հրեաներուն բոլոր սովորութիւնները եւ խնդիրները աղէկ գիտէր’։ Ապա ան Ագրիպպասի հաւատալիքներուն մասին իր գիտութիւնը հմտօրէն գործածեց եւ այնպիսի նիւթեր քննարկեց, որոնք թագաւորը շատ լաւ կը հասկնար։ Պօղոսի պատճառաբանութիւնը ա՛յնքան յստակ ու համոզիչ էր, որ Ագրիպպաս ըսաւ. «Քիչ մնաց որ զիս համոզես Քրիստոնեայ ըլլալու»։—Գործք 26։2, 3, 27, 28

7. Պօղոս ի՞նչպէս դիւրաթեքութիւն ցոյց տուաւ, երբ Լիւստրայի մէջ ամբոխի մը կը քարոզէր։

7 Պօղոս նաեւ դիւրաթեք էր։ Նկատէ թէ իր մօտեցումը որքա՜ն տարբեր էր, երբ փորձեց Լիւստրա քաղաքին մէջ ամբոխը համոզել որ զինք ու Բառնաբասը որպէս չաստուածներ չպաշտեն։ Կ’ըսուի թէ անոնք, որ Լիկայոներէն կը խօսէին, միւսներէն աւելի տգէտ ու աւելորդապաշտ էին։ Գործք Առաքելոց 14։13-17–ի համաձայն, Պօղոս ճշմարիտ Աստուծոյ գերակայութիւնը ապացուցանելու համար, ստեղծագործութեան եւ առատ բերքերուն ակնարկեց։ Պատճառաբանութիւնը դիւրահասկնալի էր եւ ըստ երեւոյթին կրցաւ «ժողովուրդը զսպել, որ [Պօղոսի ու Բառնաբասի] զոհ չմատուցանեն»։

8. Պօղոս ի՞նչ կերպերով ցոյց տուաւ թէ դիւրաթեք էր, հակառակ որ երբեմն զօրաւոր զգացումներ ունէր։

8 Անշուշտ Պօղոս կատարեալ չէր եւ երբեմն որոշ բաներու հանդէպ խոր զգացումներ ունէր։ Օրինակ, առիթով մը երբ նուաստացուցիչ եւ անիրաւ կերպով իրեն զարկին, ան անարգական խօսք մը ուղղեց Անանիա անունով Հրեայի մը, որ զարնելու հրամանը տուաւ։ Բայց իմանալով թէ ան քահանայապետն էր, Պօղոս անմիջապէս ներողութիւն խնդրեց։ (Գործք 23։1-5) Աթէնքի մէջ, սկիզբը «իր հոգին անհանգիստ էր ներսիդին, վասն զի քաղաքը բոլորովին կռապաշտութեան մէջ ընկղմած կը տեսնէր»։ Սակայն Արէսի բլուրին վրայ իր ներկայացուցած ճառին մէջ, Պօղոս այս անհանգստութիւնը ցոյց չտուաւ։ Ան հասարակաց գետին պատրաստեց, «անծանօթ Աստուծոյ» յատկացուած զոհասեղանին ակնարկելով ու Աթենացիներուն մէկ բանաստեղծին խօսքը մէջբերելով։—Գործք 17։16-28

9. Զանազան ունկնդիրներու հետ վարուելով, Պօղոս ի՞նչպէս հնարամտութիւն ցուցաբերեց։

9 Զանազան ունկնդիրներու հետ վարուելով, Պօղոս արտակարգ հնարամտութիւն ցուցաբերեց։ Ան իր ունկնդիրներուն մտածելակերպը ձեւաւորող մշակոյթն ու միջավայրը նկատի առաւ։ Երբ Հռովմի մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն գրեց, ան քաջատեղեակ էր թէ անոնք աշխարհակալ պետութեան մայրաքաղաքին մէջ կ’ապրէին։ Իր յղած նամակին գլխաւոր կէտերէն մէկը այն էր, թէ Քրիստոսի փրկելու զօրութիւնը կը յաղթէ Ադամի մեղքին ապականելու զօրութեան։ Ան Հռովմէացիներուն խօսեցաւ՝ զանոնք հետաքրքրող կերպով մը։—Հռովմայեցիս 1։4. 5։14, 15

10, 11. Պօղոս իր օրինակները ի՞նչպէս իր ունկնդիրներուն յարմարցուց։ (Տես նաեւ ստորանիշը։)

10 Պօղոս ի՞նչ ըրաւ երբ ուզեց իր ունկնդիրներուն աստուածաշնչական խոր ճշմարտութիւններ բացատրել։ Առաքեալը հոգեւոր խրթին գաղափարներ յստակացնելու համար սովորական ու դիւրահասկնալի օրինակներ գործածելու մէջ հմուտ էր։ Օրինակ, ան գիտէր թէ Հռովմի բնակիչները քաջածանօթ էին ամբողջ Հռովմէական Կայսրութեան մէջ գոյութիւն ունեցող ստրկական դրութեան։ Իրականութեան մէջ, ան կը գրէր անհատներու, որոնցմէ շատեր հաւանաբար ստրուկներ էին։ Հետեւաբար ան ստրկութեան օրինակը գործածեց, կա՛մ մեղքի եւ կամ արդարութեան հպատակելու անհատին ընտրութեան մասին իր զօրաւոր պատճառաբանութեան թիկունք կանգնելու համար։—Հռովմայեցիս 6։16-20

11 Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Հռովմէացիներուն քով, ստրկատէրը կրնար ստրուկ մը կատարելապէս ազատ արձակել, կամ՝ ստրուկը իր տիրոջ վճարում ընելով կրնար իր ազատութիւնը գնել։ Ստրուկը նաեւ կրնար ազատ արձակուիլ, եթէ աստուծոյ մը սեփականութիւնը դառնար»։ Վարձքի մը փոխարէն, ազատագրուած ստրուկը կրնար շարունակել իր տիրոջ ծառայել։ Բացայայտ է որ Պօղոս այս սովորութեան ակնարկեց, երբ գրեց անհատին ընտրութեան մասին թէ ո՞ր տիրոջ պիտի հնազանդէր,– մեղքի՛ն թէ արդարութեան։ Հռովմի Քրիստոնեաները մեղքէ ազատագրուած էին եւ Աստուծոյ սեփականութիւնը եղած էին։ Անոնք Աստուծոյ ծառայելու ազատ էին, բայց կրնային նախկին տիրոջ՝ մեղքին ծառայել, եթէ ուզէին։ Այս պարզ ու ծանօթ օրինակը զանոնք պիտի մղէր հարց տալու. ‘Ո՞ր տիրոջ կը ծառայեմ’։ *

Պօղոսի օրինակէն սորվիլ

12, 13. (ա) Մեր զանազան ունկնդիրներուն սիրտին հասնելու համար, ներկայիս ի՞նչ ջանք կը պահանջուի։ (բ) Տարբեր ենթահողերէ անհատներու քարոզելու ատեն, ի՞նչ բան ազդու գտած ես։

12 Պօղոսի նման, ուշադիր, դիւրաթեք ու հնարամիտ պէտք է ըլլանք, որպէսզի մեր զանազան ունկնդիրներուն սիրտին հասնինք։ Ունկնդիրներուն օգնելու որ բարի լուրը ըմբռնեն, կ’ուզենք աւելին ընել քան՝ հարեւանցի այցելել, նախապատրաստուած պատգամ մը ներկայացնել կամ աստուածաշնչական հրատարակութիւն մը յանձնել։ Կը ջանանք զատորոշել անոնց կարիքներն ու մտահոգութիւնները, սիրած ու չսիրած բաները, վախերն ու կանխադատութիւնները։ Թէեւ անիկա բաւական մտածում ու ջանք կը պահանջէ, բայց Թագաւորութեան հրատարակիչները համայն աշխարհի մէջ սրտանց կ’ընեն զայն։ Օրինակ, Հունգարիոյ մէջ Եհովայի Վկաներու մասնաճիւղը կը տեղեկագրէ. «Եղբայրները օտարազգիներուն սովորութիւններն ու կենսաոճը կը յարգեն եւ չեն ակնկալեր որ անոնք տեղական սովորութիւններուն յարմարին»։ Վկաները այլուր կը ջանան նոյնը ընել։

13 Ծայրագոյն Արեւելքի մէկ երկրին մէջ, ժողովուրդին մեծամասնութիւնը հետաքրքրուած է առողջութեամբ, մանկակրթութեամբ եւ ուսումով։ Հոն Թագաւորութեան հրատարակիչները կը փորձեն այդ նիւթերը ցցուն ընել, փոխանակ խօսելու աշխարհի վատթարացած կացութեան մասին կամ ընկերային բարդ հարցերու շուրջ։ Նմանապէս, Միացեալ Նահանգներու մեծ քաղաքներէն մէկուն մէջ, հրատարակիչները նկատեցին թէ որոշ թաղամասի մը մէջ մարդիկ մտահոգութիւն կը յայտնեն փտածութեան, կառագնացութեան խճողումին եւ ոճիրին նկատմամբ։ Ուստի Վկաները յաջողապէս կը գործածեն այդ նիւթերը, աստուածաշնչական խօսակցութիւններ սկսելու համար։ Աստուածաշունչի ազդու ուսուցիչները, ի՛նչ նիւթ ալ ընտրեն, կը ջանան դրական ու քաջալերական մնալ, շեշտելով Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելուն գործնական արժէքը եւ Աստուծոյ ներկայացուցած պայծառ հեռանկարները։—Եսայեայ 48։17, 18. 52։7

14. Ի՞նչ կերպերով կարելի է յարմարիլ մարդոց կարիքներուն ու պարագաներուն։

14 Նաեւ օգտալից է որ ծառայութեան մէջ այլազան մօտեցումներ գործածենք, քանի որ մարդիկ մշակութային, կրթական ու կրօնական շա՜տ տարբեր ենթահողեր ունին։ Նոյն մօտեցումը չենք գործածեր խօսելու համար ե՛ւ աստուածամերժ անհատի մը հետ, ե՛ւ մէկու մը հետ, որ Ստեղծիչին գոյութեան կը հաւատայ՝ բայց Աստուածաշունչին չի հաւատար։ Այն ներկայացումը որ կը գործածենք անհատի մը հետ, որ բոլոր կրօնական հրատարակութիւնները պրոպականդի միջոց կը նկատէ, նոյնը չէ որ կը գործածենք Աստուածաշունչի սորվեցուցածները ընդունող անհատին հետ։ Դիւրաթեքութեան հարկ կայ նաեւ, մարդոց ուսման զանազան մակարդակներուն ի տես։ Հմուտ ուսուցիչները պիտի գործածեն պարագային յարմար եղող պատճառաբանութիւն եւ լուսաբանութիւններ։—Ա. Յովհաննու 5։20

Օգնութիւն՝ նոր քարոզիչներուն

15, 16. Ինչո՞ւ նոր քարոզիչներ մարզելու կարիք կայ։

15 Պօղոս միայն իր ուսուցանելու մեթոտները բարելաւելով հետաքրքրուած չէր։ Ան ջանաց երիտասարդները մարզել, ինչպէս՝ Տիմոթէոս եւ Տիտոս, որ ազդու քարոզիչներ դառնան։ (Բ. Տիմոթէոս 2։2. 3։10, 14. Տիտոս 1։4) Այսօր ալ մարզում հայթայթելու եւ ստանալու հրատապ կարիք կայ։

16 1914–ին, համայն աշխարհի մէջ մօտաւորապէս 5,000 Թագաւորութեան հրատարակիչներ կային. ներկայիս, ամէն շաբաթ շուրջ 5,000 նորեկներ կը մկրտուին։ (Եսայեայ 54։2, 3. Գործք 11։21) Երբ նորեկներ քրիստոնէական ժողովքին կ’ընկերակցին եւ ծառայութեան մասնակցելու փափաք կը յայտնեն, անոնց մարզում եւ ուղղութիւն պէտք է տրուին։ (Գաղատացիս 6։6) Կենսական է որ աշակերտները ուսուցանելու եւ մարզելու մէջ Տէր Յիսուսի մեթոտները գործածենք։ *

17, 18. Ի՞նչպէս կրնանք նորեկներուն օգնել որ ինքնավստահութեամբ ծառայեն։

17 Յիսուս պարզապէս ամբոխ մը գտնելով չըսաւ իր առաքեալներուն որ սկսին անոնց խօսիլ։ Ան նախ քարոզչութեան կարիքը ընդգծեց եւ քաջալերեց որ անոր մասին յարատեւաբար աղօթեն։ Ապա ան երեք հիմնական բաներ հայթայթեց. ընկերակից մը, նշանակուած թաղամաս մը եւ պատգամ մը։ (Մատթէոս 9։35-38. 10։5-7. Մարկոս 6։7. Ղուկաս 9։2, 6) Մենք ալ նոյնը կրնանք ընել։ Նպատակայարմար է որ ջանանք այս կերպով մարզել անոնք որ մեր օգնութեան կարիք ունին, ինչպէս՝ մեր զաւակը, նոր աշակերտ մը կամ որոշ ժամանակ քարոզչութեան չմասնակցող անհատ մը։

18 Նորեկները Թագաւորութեան պատգամը ինքնավստահութեամբ ներկայացնելու համար շատ օգնութեան կարիք ունին։ Կրնա՞ս անոնց օգնել որ պարզ ու գրաւիչ ներկայացում մը պատրաստեն եւ փորձ ընեն։ Դաշտին մէջ, առաջին խօսակցութիւնները դուն կատարելով, թոյլ տուր որ անոնք օրինակէդ սորվին, ինչպէս Գեդէօն ըրաւ՝ իր ռազմակիցներուն ըսելով. «Ինծի նայեցէ՛ք եւ այնպէս ըրէ՛ք»։ (Դատաւորաց 7։17) Անկէ ետք, նորեկին պատեհութիւն տուր որ մասնակցի։ Ջերմօրէն գովէ նորեկները իրենց թափած ջանքերուն համար, եւ երբ յարմար է, համառօտ թելադրութիւններ տուր բարելաւման համար։

19. Ի՞նչ վճռած ես ընել, մինչ կը ջանաս ծառայութիւնդ լիովին կատարել։

19 ‘Մեր սպասարկութիւնը լմա՛ն կատարելու’ համար, վճռած ենք մեր մօտեցումին մէջ աւելի դիւրաթեք ըլլալ, եւ կ’ուզենք նոր քարոզիչները մարզել որ նոյնը ընեն։ Մեր նպատակակէտին կարեւորութիւնը նկատի առնելով,– փրկութեան առաջնորդող Աստուծոյ գիտութիւնը հաղորդել,– համոզուած ենք թէ կ’արժէ ամէն ջանք թափել ‘բոլորին հետ ամէն ինչ ըլլալու, որպէսզի ա՛նպայման ոմանք փրկենք’։—Բ. Տիմոթէոս 4։5, ԱՎ. Ա. Կորնթացիս 9։22, ԱՎ

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 5 Նկատի առ հետեւեալ համարները, որոնք ցոյց կու տան այդ յատկութիւնները Պօղոսի ծառայութեան մէջ՝ Գործք Առաքելոց 13։9, 16-42. 17։2-4. 18։1-4. 19։11-20. 20։34. Հռովմայեցիս 10։11-15. Բ. Կորնթացիս 6։11-13։

^ պարբ. 11 Նոյնպէս, Աստուծոյ եւ իր հոգիէն–օծուած «որդիներուն» միջեւ նոր յարաբերութիւնը բացատրելու համար, Պօղոս օրինական հասկացութիւն մը գործածեց, որ Հռովմէական Կայսրութեան մէջ ընթերցողներուն շատ ծանօթ էր։ (Հռովմայեցիս 8։14-17) Գիրք մը (St. Paul at Rome) կ’ըսէ. «Որդեգրութիւնը հիմնականօրէն հռովմէական սովորութիւն մըն էր եւ սերտօրէն առնչուած էր ընտանիքի վերաբերեալ հռովմէական գաղափարներուն հետ»։

^ պարբ. 16 Ներկայիս, Եհովայի Վկաներու բոլոր ժողովքներուն մէջ Ռահվիրաները Ուրիշներուն կ’Օգնեն յայտագիրը մատչելի է։ Անոր շնորհիւ, լիաժամ քարոզիչներու փորձառութիւնն ու մարզումը կը փոխանցուին նուազ փորձառութիւն ունեցող հրատարակիչներուն։

Կը յիշե՞ս

• Ի՞նչ կերպերով կրնանք Պօղոսը ընդօրինակել մեր ծառայութեան մէջ։

• Մեր մտածելակերպին մէջ թերեւս ի՞նչ փոփոխութիւններ մտցնելու կարիք կայ։

• Ի՞նչպէս կրնանք մեր պատգամը դրական պահել։

• Նոր քարոզիչները ի՞նչպէս կրնան ինքնավստահութիւն ձեռք ձգել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Մէջբերում՝ էջ 27]

Պօղոս առաքեալ քարոզելու եւ ուսուցանելու մէջ ուշադիր, դիւրաթեք եւ հնարամիտ էր

[Մէջբերում՝ էջ 29]

Յիսուս իր աշակերտներուն երեք հիմնական բաներ հայթայթեց. ընկերակից մը, նշանակուած թաղամաս մը եւ պատգամ մը

[Նկարներ՝ էջ 28]

Պօղոս յարմարող ըլլալով յաջողեցաւ զանազան ունկնդիրներու սիրտին հասնիլ

[Նկար՝ էջ 30]

Ազդու քարոզիչները նկատի կ’առնեն իրենց ունկնդիրներուն մշակութային ենթահողը