Ովսէէի մարգարէութիւնը մեզի կ’օգնէ Աստուծոյ հետ քալելու
Ովսէէի մարգարէութիւնը մեզի կ’օգնէ Աստուծոյ հետ քալելու
«Տէրոջը ետեւէն պիտի երթան»։—ՈՎՍԵԱՅ 11։10
1. Ովսեայ գիրքը ի՞նչ այլաբանական թատերախաղ կը բովանդակէ։
ԳՐԱՒԻՉ դերակատարներով ու հետաքրքրաշարժ նիւթերով յատկանշուած թատերախաղերը կը սիրե՞ս։ Աստուածաշունչի Ովսեայ գիրքը այլաբանական թատերախաղ մը կը բովանդակէ։ * Այս թատերախաղը Աստուծոյ մարգարէին՝ Ովսէէի ընտանեկան կացութիւնը կը նկարագրէ եւ կապ ունի այն այլաբանական ամուսնութեան հետ, որ Եհովա կնքեց վաղեմի Իսրայէլի հետ՝ Մովսիսական Օրէնքի ուխտին միջոցով։
2. Ովսէէի մասին ի՞նչ գիտենք։
2 Ովսեայ գիրքին առաջին գլուխը այս թատերախաղին ենթահողը կը ներկայացնէ։ Ըստ երեւոյթին, Ովսէէ ապրեցաւ Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան մէջ (նաեւ կոչուեցաւ Եփրեմ, որ իր գլխաւոր տոհմն էր)։ Ան մարգարէացաւ Իսրայէլի վերջին եօթը կառավարիչներուն իշխանութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ՝ Յուդայի Ոզիա, Յովաթամ, Աքազ ու Եզեկիա թագաւորներուն օրերուն։ (Ովսեայ 1։1) Ուստի Ովսէէ առնուազն 59 տարի մարգարէացաւ։ Թէեւ Ովսեայ գիրքը ամբողջացաւ Հ.Դ.Ա. 745–էն քիչ ետք, բայց տակաւին յատկանշական է այսօր, երբ միլիոնաւորներու բռնած ընթացքը ներդաշնակ է սա խօսքին հետ. «Տէրոջը ետեւէն պիտի երթան»։—Ովսեայ 11։10
Ակնարկ մը նետել բովանդակութեան վրայ
3, 4. Ովսեայ 1-5–րդ գլուխներուն բովանդակութիւնը ամփոփէ։
3 Ովսեայ գիրքին 1-5–րդ գլուխներուն ամփոփումը պիտի զօրացնէ մեր վճռակամութիւնը Աստուծոյ հետ քալելու, հաւատք ընծայելով եւ հետամուտ ըլլալով իր կամքին հետ ներդաշնակ եղող ընթացքի մը։ Իսրայէլի թագաւորութեան բնակիչները հոգեւոր շնութեամբ յանցաւոր ըլլալով հանդերձ, Աստուած անոնց պիտի ողորմէր եթէ զղջային։ Այս կէտը լուսաբանուեցաւ իր կնոջ՝ Գոմերի հետ Ովսէէի վարուելակերպով։ Ովսէէի որդի մը ծնանելէն ետք, Գոմեր ըստ երեւոյթին երկու ապօրինի զաւակ ունեցաւ։ Այսուհանդերձ Ովսէէ զինք վերադարձուց, ինչպէս Եհովա յօժար էր զղջացող Իսրայելացիներուն ողորմելու։—Ովսեայ 1։1–3։5
4 Եհովա Իսրայէլի դէմ օրինական դատ ունէր, քանի որ երկրին մէջ ճշմարտութիւն, կարեկցութիւն կամ Աստուծոյ ճանաչումը չկար։ Ան թէ՛ կռապաշտ Իսրայէլը եւ թէ կամակոր Յուդայի թագաւորութիւնը պիտի պատժէր։ Սակայն երբ Աստուծոյ ժողովուրդը «նեղութեան մէջ» ըլլային, Եհովան պիտի փնտռէին։—Ովսեայ 4։1–5։15
Թատերախաղը կը սկսի
5, 6. (ա) Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան մէջ պոռնկութիւնը որքա՞ն լայնատարած էր։ (բ) Վաղեմի Իսրայէլին տրուած ազդարարութիւնը ինչո՞ւ մեզի համար կարեւորութիւն ունի։
5 Աստուած Ովսէէի հրամայեց. «Գնա՛, քեզի պոռնկո՛ղ կին մը ու պոռնկութեա՛ն զաւակներ առ, քանի որ երկիրը Տէրոջմէն հեռանալով՝ չափազանց պոռնկեցաւ»։ (Ովսեայ 1։2, ԱՎ) Իսրայէլի մէջ պոռնկութիւնը որքա՞ն լայնատարած էր։ Մեզի կ’ըսուի. «Պոռնկութեան ոգին [տասը–ցեղեան թագաւորութեան ժողովուրդը] մոլորեցուց, իրենց Աստուծմէն հեռանալով պոռնկեցան։ . . . Ձեր աղջիկները կը պոռնկին, ու ձեր հարսերը շնութիւն կ’ընեն։ . . . Հայրերը իրե՛նք պոռնիկներուն հետ կը մեկուսանան, ու բոզերուն [կամ՝ կռապաշտական պոռնկութեան վերապահուած կիներուն] հետ կը զոհեն»։—Ովսեայ 4։12-14, ԱՎ
6 Իսրայէլի մէջ պոռնկութիւնը լայնատարած էր թէ՛ բառացի եւ թէ հոգեւոր առումով։ Հետեւաբար Եհովա Ովսեայ 1։4. 4։9) Այս ազդարարութիւնը մեզի համար կարեւորութիւն ունի, քանի որ Եհովա անբարոյութիւն գործողներն ու անմաքուր պաշտամունքի միջամուխ եղողները պիտի պատժէ։ Բայց Աստուծոյ հետ քալողները մաքուր պաշտամունքի իր չափանիշներուն գոհացում կու տան եւ կը գիտակցին թէ «ամէն պոռնիկ . . . Քրիստոսին ու Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ ժառանգութիւն չունի»։—Եփեսացիս 5։5. Յակոբու 1։27
Իսրայելացիները ‘պիտի պատժէր’։ (7. Գոմերի հետ Ովսէէի ամուսնութիւնը ի՞նչ խորհրդանշեց։
7 Երբ Ովսէէ Գոմերի հետ ամուսնացաւ, բացայայտ է որ ան կոյս էր եւ որպէս հաւատարիմ կին «անոր որդի մը ծնաւ»։ (Ովսեայ 1։3) Ինչպէս այլաբանական թատերախաղը ցոյց տուաւ, Հ.Դ.Ա. 1513–ին Իսրայելացիները եգիպտական ստրկութենէ ազատագրելէն քիչ ետք, Աստուած անոնց հետ ուխտ մը ըրաւ, որ անարատ ամուսնութեան համաձայնագրի մը նման էր։ Այս ուխտին հաւանութիւն տալով, Իսրայէլ խոստացաւ հաւատարիմ ըլլալ իր «ամուսին»ին՝ Եհովայի։ (Եսայեայ 54։5, ԱՎ) Այո, Գոմերի հետ Ովսէէի անարատ ամուսնութիւնը խորհրդանշեց Իսրայէլի հետ Աստուծոյ այլաբանական ամուսնութիւնը։ Բայց հարցերը որքա՜ն փոխուեցան։
8. Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութիւնը ի՞նչպէս գոյացաւ, եւ ի՞նչ կրնաս ըսել անոր պաշտամունքին մասին։
8 Ովսէէի կինը «դարձեալ յղացաւ ու աղջիկ մը ծնաւ»։ Հաւանաբար Գոմեր շնութիւն գործելով յղացաւ ու ծնունդ տուաւ այս աղջկան ու հետագային երկրորդ մանչի մը։ (Ովսեայ 1։6, 8) Որովհետեւ Գոմեր Իսրայէլը խորհրդանշեց, թերեւս հարց տաս. ‘Իսրայէլ ի՞նչպէս շնութիւն ըրաւ’։ Հ.Դ.Ա. 997–ին, Իսրայէլի տոհմերէն տասը տոհմ, Յուդայի ու Բենիամինի հարաւային տոհմերէն բաժնուեցան։ Իսրայէլի հիւսիսային տասը–ցեղեան թագաւորութեան մէջ հորթի պաշտամունքը հաստատուեցաւ, որպէսզի ժողովուրդը Յուդա չերթայ Եհովան պաշտելու համար Երուսաղէմի տաճարին մէջ։ Շուայտանքով յատկորոշուած Բահաղի պաշտամունքը Իսրայէլի մէջ արմատացաւ։
9. Ինչպէս Ովսեայ 1։6–ի մէջ նախագուշակուած էր, Իսրայէլի ի՞նչ պատահեցաւ։
9 Երբ Գոմեր հաւանաբար ապօրինի եղող աղջկան ծնունդ տուաւ, Աստուած Ովսէէի ըսաւ. «Անոր անունը Լօրուհամա [այսինքն՝ «Գթութիւն չգտած»] դի՛ր, քանզի ա՛լ պիտի չողորմիմ Իսրայէլի տանը. հապա զանիկա բոլորովին պիտի վերցնեմ»։ (Ովսեայ 1։6) Եհովա ‘զանոնք վերցուց’, երբ Ասորեստանցիները Իսրայելացիները գերութեան տարին Հ.Դ.Ա. 740–ին։ Սակայն Աստուած Յուդայի երկու–ցեղեան թագաւորութեան ողորմեցաւ եւ զայն փրկեց առանց աղեղի, սուրի, պատերազմի, ձիերու կամ ձիաւորներու։ (Ովսեայ 1։7) Հ.Դ.Ա. 732–ին, մէկ գիշերուան մէջ, միայն մէկ հրեշտակ մեռցուց 185,000 Ասորեստանցի զինուոր, որոնք Յուդայի մայրաքաղաքին՝ Երուսաղէմի կը սպառնային։—Դ. Թագաւորաց 19։35
Իսրայէլի դէմ Եհովայի օրինական դատը
10. Գոմերի շնութիւնը ի՞նչ բան լուսաբանեց։
10 Գոմեր Ովսէէն ձգեց ու «պոռնկող կին մը» եղաւ, ուրիշ տղամարդու մը հետ կենակցելով։ Ասիկա մատնանշեց Իսրայէլի թագաւորութեան քաղաքական դաշնակցութիւններ կնքելը կռապաշտ ազգերու հետ եւ անոնց ապաւինիլը։ Փոխանակ իր նիւթական օրհնութիւններուն վարկը Եհովայի տալու, Իսրայէլ զանոնք այդ ազգերուն չաստուածներուն վերագրեց եւ Աստուծոյ հետ իր ամուսնական ուխտը դրժեց՝ սուտ պաշտամունքի միջամուխ ըլլալով։ Զարմանալի չէ որ Եհովա հոգեւորապէս շնացող ազգին դէմ օրինական դատ ունէր։—Ովսեայ 1։2. 2։2, 12, 13
11. Երբ Եհովա թոյլ տուաւ որ Իսրայէլ եւ Յուդա աքսորուին, Օրէնքի ուխտին ի՞նչ պատահեցաւ։
11 Իսրայէլ իր Ամուսինը ձգելուն համար ի՞նչ պատիժ կրեց։ Աստուած պատճառ եղաւ որ ան Բաբելոնիայի ‘անապատը տարուի’, որ Ասորեստանը նուաճեց, ուր Իսրայելացիները աքսորուած էին Հ.Դ.Ա. 740–ին։ (Ովսեայ 2։14) Բայց տասը–ցեղեան թագաւորութեան վերջ դնելով, Եհովա Իսրայէլ ազգին 12 տոհմերուն հետ իր ամուսնական ուխտը չջնջեց։ Իրականութեան մէջ, երբ Աստուած թոյլ տուաւ որ Բաբելոնացիները Հ.Դ.Ա. 607–ին Երուսաղէմը կործանեն եւ Յուդայի ժողովուրդը գերեվարեն, Մովսիսական Օրէնքի ուխտը չեղեալ չսեպեց, որով Իսրայէլ ազգի 12 տոհմերը իրեն հետ այլաբանական ամուսնութեան մը մէջ մտած էին։ Այդ յարաբերութիւնը խզուեցաւ միայն երբ Հրեայ առաջնորդները Յիսուս Քրիստոսը մերժեցին եւ զինք մահուան մատնեցին Հ.Դ. 33–ին։—Կողոսացիս 2։14
Եհովա Իսրայէլը կը յորդորէ
12, 13. Ովսեայ 2։6-8–ի միտք բանին ի՞նչ է, եւ այս խօսքերը ի՞նչպէս կիրարկուեցան Իսրայէլի։
12 Աստուած Իսրայէլը յորդորեց որ «հեռացնէ իր պոռնկութիւնները», բայց ան ուզեց իր հոմանիներուն հետեւիլ։ (Ովսեայ 2։2, 5, ԱՎ) Եհովա ըսաւ. «Հետեւաբար ահա՛ ես փուշերով պիտի փակեմ իր ճամբան. զայն պիտի ցանկապատեմ, որպէսզի իր շաւիղները չգտնէ։ Ան իր հոմանիները պիտի հետապնդէ, սակայն անոնց պիտի չհասնի. զանոնք պիտի փնտռէ, բայց պիտի չգտնէ. ուստի պիտի ըսէ. ‘Երթամ եւ առաջին ամուսինիս վերադառնամ, քանի որ այն ատեն աւելի լաւ վիճակի մէջ էի՝ քան հիմա’։ Ան գիտակցած չէր թէ ե՛ս իրեն կու տայի ցորենը, քաղցուն ու իւղը. ե՛ս կը շատցնէի իր արծաթն ու ոսկին, որոնք Բահաղի ընծայեցին»։—Ովսեայ 2։6-8, ԱՎ
13 Թէեւ Իսրայէլ իր հոմանիները եղող ազգերէն օգնութիւն խնդրեց, սակայն անոնցմէ ո՛չ մէկը կրցաւ անոր ձեռք տալ։ Կարծես թէ ան մացառներով շրջապատուած էր, այնպէս որ անոնք չկրցան իրեն օգնութիւն հասցնել։ Երեք տարի պաշարելէ ետք, Ասորեստանցիները անոր մայրաքաղաքը՝ Սամարիան գրաւեցին Հ.Դ.Ա. 740–ին, եւ տասը–ցեղեան թագաւորութիւնը երբեք չվերահաստատուեցաւ։ Գերի բռնուած Իսրայելացիներէն քիչե՛ր պիտի անդրադառնային թէ վիճակները որքա՜ն լաւ էին, երբ իրենց նախահայրերը Եհովայի կը ծառայէին։ Այդ մնացորդը Բահաղի պաշտամունքը պիտի մերժէր եւ Եհովայի հետ վերանորոգուած ուխտեալ յարաբերութիւն պիտի փնտռէր։
Թատերախաղին վրայ այլ ակնարկ մը նետել
14. Ովսէէ ինչո՞ւ Գոմերի հետ ամուսնական յարաբերութիւնը վերահաստատեց։
14 Ովսէէի ընտանեկան պարագաներուն եւ Եհովայի հետ Իսրայէլի յարաբերութեան միջեւ եղած կապակցութիւնը լիովին հասկնալու համար, սա խօսքերը նկատի առ. «Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Դա՛րձեալ գնա, իր հոմանիէն սիրուած շնացեալ կին մը սիրէ’»։ (Ովսեայ 3։1, ԱՎ) Ովսէէ այս հրամանին հնազանդեցաւ, Գոմերը գնելով այն մարդէն՝ որուն հետ կը կենակցէր։ Ապա Ովսէէ զինք լրջօրէն յորդորեց. «Երկար ժամանակ հաւատարի՛մ կեցիր ինծի հանդէպ. մի՛ պոռնկիր, ուրիշ մարդու մի՛ ըլլար»։ (Ովսեայ 3։2, 3) Գոմեր տրուած խրատին ընդառաջեց, եւ Ովսէէ անոր հետ ամուսնական յարաբերութիւնը վերահաստատեց։ Ասիկա ի՞նչպէս կիրարկուեցաւ Իսրայէլի եւ Յուդայի ժողովուրդին հետ Աստուծոյ գործառնութիւններուն։
15, 16. (ա) Ի՞նչպէս Աստուծոյ կրթուած ժողովուրդը կրնար իր ողորմութեան արժանանալ։ (բ) Ովսեայ 2։18–ը ի՞նչպէս կատարուած է։
15 Մինչ Իսրայէլէ ու Յուդայէ աքսորուած Իսրայելացիները Բաբելոնի մէջ էին, Աստուած իր մարգարէները գործածեց՝ ‘անոնց քաղցրութեամբ խօսելու’ համար։ Աստուծոյ ողորմութեան արժանանալու համար, իր ժողովուրդը զղջալու էր եւ իր Ամուսինին վերադառնալու էր, ինչպէս Գոմեր իր ամուսինին վերադարձաւ։ Ապա Եհովա իր կրթուած կնոջանման ազգը բաբելոնական «անապատ»էն դուրս հանելով, ետ Յուդա ու Երուսաղէմ պիտի վերադարձնէր։ (Ովսեայ 2։14, 15, ԱՎ) Ան այդ խոստումը կատարեց Հ.Դ.Ա. 537–ին։
16 Աստուած սա խոստումն ալ կատարեց. «Այն օրը՝ դաշտի գազաններուն հետ, երկնքի թռչուններուն հետ ու երկրի սողուններուն հետ ուխտ պիտի ընեմ։ Երկրէն աղեղը, սուրն ու պատերազմը պիտի վերցնեմ, զանոնք ապահովութեամբ պիտի պառկեցնեմ»։ (Ովսեայ 2։18) Հայրենիք վերադարձած Հրեայ մնացորդը ապահովութեամբ ապրեցաւ, առանց անասուններէն վախնալու։ Այս մարգարէութիւնը նաեւ կատարուեցաւ Հ.Դ. 1919–ին, երբ հոգեւոր Իսրայէլի մնացորդը ազատագրուեցաւ «Մեծ Բաբելոն»էն՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութենէն։ Այժմ անոնք հոգեւոր դրախտի մը մէջ ապահովութեամբ կը բնակին ու կեանքը կը վայելեն իրենց ընկերակիցներուն հետ, որոնք կը յուսան երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ։ Այս ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն մէջ անասնական առանձնայատկութիւններ գոյութիւն չունին։—Յայտնութիւն 14։8. Եսայեայ 11։6-9. Գաղատացիս 6։16
Դասերը լրջօրէն նկատի առ
17-19. (ա) Մեզի յորդոր կը տրուի որ Աստուծոյ ո՞ր յատկութիւնները ընդօրինակենք։ (բ) Եհովայի ողորմութիւնն ու կարեկցութիւնը ի՞նչպէս պէտք է ազդեն մեզի։
17 Աստուած ողորմած ու կարեկից է. մենք ալ այդպէս պէտք է ըլլանք։ Ովսեայ գիրքին առաջին գլուխները այս դասը կը սորվեցնեն։ (Ովսեայ 1։6, 7. 2։23) Զղջացող Իսրայելացիներուն ողորմելու Աստուծոյ կամեցողութիւնը ներդաշնակ է սա ներշնչեալ առակին հետ. «Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ, բայց զանոնք խոստովանողն ու մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ»։ (Առակաց 28։13) Զղջացող յանցագործներուն համար սաղմոսերգուին խօսքերն ալ մխիթարական են. «Աստուծոյ հաճելի զոհը՝ կոտրած հոգին է. կոտրած ու ճմլուած սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես արհամարհեր»։—Սաղմոս 51։17, ԱՎ
18 Ովսէէի մարգարէութիւնը մեր պաշտած Աստուծոյն կարեկցութիւնն ու ողորմութիւնը աչքառու կը դարձնէ։ Նոյնիսկ եթէ ոմանք իր արդար ճամբաներէն դուրս ելլեն, կրնան զղջալ ու իրենց ընթացքը փոխել։ Եթէ ասիկա ընեն, Եհովա զանոնք կ’ընդունի։ Ան Իսրայէլ ազգին զղջացող անդամներուն ողորմեցաւ, որուն հետ այլաբանօրէն ամուսնացած էր։ Թէեւ անոնք Եհովայի չհնազանդեցան եւ «Իսրայէլի Սուրբը նեղացուցին», սակայն ‘ան ողորմած ըլլալով՝ կը յիշէր թէ անոնք մարմին են’։ (Սաղմոս 78։38-41) Այս ողորմութիւնը մեզ պէտք է մղէ որ շարունակենք մեր կարեկից Աստուծոյն՝ Եհովայի հետ քալել։
19 Իսրայէլի մէջ մարդասպանութիւնը, գողութիւնը, շնութիւնը եւ նման մեղքեր լայնատարած ըլլալով հանդերձ, Եհովա ‘անոր քաղցրութեամբ խօսեցաւ’։ (Ովսեայ 2։14, ԱՎ. 4։2) Եհովայի ողորմութեան ու կարեկցութեան վրայ խոկալով, մեր սիրտը պէտք է ոգեւորուի եւ իրեն հետ մեր յարաբերութիւնը՝ զօրանայ։ Հետեւաբար մենք մեզի հարց տանք. ‘Ի՞նչպէս կրնամ Եհովայի ողորմութիւնն ու կարեկցութիւնը աւելի լաւ կերպով ընդօրինակել՝ ուրիշներու հետ իմ գործառնութիւններուս մէջ։ Եթէ զիս վիրաւորած հաւատակից մը ներում խնդրէ, Աստուծոյ պէս ներելու պատրա՞ստ եմ’։—Սաղմոս 86։5
20. Օրինակ մը տո՛ւր, որ ցոյց կու տայ թէ աստուածատուր յոյսին պէտք է վստահինք։
20 Աստուած իսկական յոյս կու տայ։ Օրինակ, ան խոստացաւ. «Պիտի տամ անոր . . . Աքովրի հովիտը իբր յոյսի դուռ»։ (Ովսեայ 2։15, ԱՎ) Եհովայի վաղեմի կնոջանման կազմակերպութիւնը ստոյգ յոյս ունէր թէ իր հայրենիքին մէջ պիտի վերահաստատուէր, ուր «Աքովրի հովիտը» կը գտնուէր։ Հ.Դ.Ա. 537–ին այդ խոստումին կատարուիլը, մեր դիմաց Եհովայի դրած հաստատ յոյսով ուրախանալու վաւերական պատճառ կու տայ մեզի։
21. Աստուծոյ հետ քալելու մէջ գիտութիւնը ի՞նչ դեր կը խաղայ։
21 Աստուծոյ հետ յարատեւ քալելու համար, պէտք է շարունակենք իր մասին գիտութիւն ստանալ եւ զայն կիրարկել մեր կեանքին մէջ։ Եհովայի գիտութիւնը Իսրայէլի մէջ չկար։ (Ովսեայ 4։1, 6) Այսուհանդերձ ոմանք աստուածային ուսուցումը մեծապէս արժեւորեցին, անոր համաձայն գործեցին ու շա՜տ օրհնուեցան։ Անոնցմէ էին Ովսէէ եւ Եղիայի օրերուն Բահաղի առջեւ չծնրադրած 7,000 անհատները։ (Գ. Թագաւորաց 19։18. Հռովմայեցիս 11։1-4) Աստուածային հրահանգները գնահատելը մեզի պիտի օգնէ որ շարունակենք Աստուծոյ հետ քալել։—Սաղմոս 119։66. Եսայեայ 30։20, 21
22. Հաւատուրացութիւնը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։
22 Եհովա իր ժողովուրդին մէջ առաջնորդութիւն առնող տղամարդոցմէ կ’ակնկալէ հաւատուրացութիւնը Ովսեայ 5։1–ը կ’ըսէ. «Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ քահանաներ ու մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ Իսրայէլի տուն ու ականջ տուէ՛ք, ո՛վ թագաւորի տուն, վասն զի ձեզի համար դատաստան կայ։ Քանզի դուք Մասփայի մէջ՝ որոգայթ եւ Թաբօրի վրայ տարածուած վարմ եղաք»։ Հաւատուրաց առաջնորդները Իսրայելացիներուն համար որոգայթ ու վարմ էին, զանոնք կռապաշտութեան հրապուրելով։ Թաբօր լեռը եւ Մասփա կոչուած վայրը, հաւանաբար այսպիսի սուտ պաշտամունքի կեդրոններ էին։
մերժել։23. Ովսեայ 1-5–րդ գլուխներուն քննարկութենէն ի՞նչպէս օգտուեցար։
23 Արդ, Ովսէէի մարգարէութիւնը մեզի ցոյց տուաւ թէ Եհովա ողորմած Աստուած է, որ յոյս կու տայ եւ կ’օրհնէ անոնք որ իր ցուցմունքները կը կիրարկեն ու հաւատուրացութիւնը կը մերժեն։ Վաղեմի զղջացող Իսրայելացիներուն նման, Եհովան փնտռենք եւ միշտ ջանանք զինք հաճեցնել։ (Ովսեայ 5։15) Ասիկա ընելով, բարիք պիտի հնձենք եւ պիտի ունենանք այն անբաղդատելի ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը, որ հաւատարմօրէն Աստուծոյ հետ քալող բոլոր անհատները կը վայելեն։—Սաղմոս 100։2. Փիլիպպեցիս 4։6, 7
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 1 Այլաբանական թատերախաղ մը ներկայացուած է Գաղատացիս 4։21-26–ի մէջ։ Մանրամասնութիւններու համար, տես՝ Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, Հատոր 2, էջ 693-694, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Գոմերի հետ Ովսէէի ամուսնութիւնը ի՞նչ խորհրդանշեց։
• Եհովա Իսրայէլի դէմ ինչո՞ւ օրինական դատ ունէր։
• Ովսեայ 1-5–րդ գլուխներէն յատկապէս ի՞նչ սորվեցար։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 10]
Գիտե՞ս թէ Ովսէէի կինը ո՛վ կը ներկայացնէ
[Նկար՝ էջ 11]
Հ.Դ.Ա. 740–ին, Ասորեստանցիները Սամարիան նուաճեցին
[Նկար՝ էջ 12]
Ուրախ ժողովուրդ մը իր հայրենիքը կը վերադառնայ