Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Տէրոջ ճամբաները ուղիղ են»

«Տէրոջ ճամբաները ուղիղ են»

«Տէրոջ ճամբաները ուղիղ են»

«Տէրոջ ճամբաները ուղիղ են, արդարները անոնց մէջ պիտի քալեն»։—ՈՎՍԵԱՅ 14։9, ԱՎ

1, 2. Եհովա Իսրայելացիներուն ինչպիսի՞ սկիզբ տուաւ, բայց անոնց ի՞նչ պատահեցաւ։

ԵՀՈՎԱ Մովսէս մարգարէի օրերուն, շիտակ սկիզբ մը տուաւ Իսրայելացիներուն։ Սակայն Հ.Դ.Ա. ութերորդ դարուն սկիզբը, անոնց կացութիւնը շատ վատթարացած էր՝ լուրջ յանցանքներ գործելով, ինչպէս կը յստակացնեն Ովսեայ 10-14–րդ գլուխները։

2 Իսրայէլի սիրտը կեղծաւոր դարձած էր։ Այդ տասը–ցեղեան թագաւորութեան բնակիչները ‘ամբարշտութիւն ցանեցին եւ անիրաւութիւն հնձեցին’։ (Ովսեայ 10։1, 13, ԱՎ) Եհովա ըսաւ. «Երբ Իսրայէլը մանուկ էր, զանիկա կը սիրէի ու իմ որդիս Եգիպտոսէն կանչեցի»։ (Ովսեայ 11։1) Թէեւ Աստուած Իսրայելացիները եգիպտական ստրկութենէն ազատագրեց, բայց անոնք իրեն հետ ստութեամբ ու նենգութեամբ վարուեցան։ (Ովսեայ 11։12) Հետեւաբար Եհովա յորդորեց. «Քու Աստուծոյդ . . . դարձիր, ողորմութիւնն ու իրաւունքը պահէ»։—Ովսեայ 12։6

3. Ըմբոստ Սամարիայի ի՞նչ պիտի պատահէր, բայց Իսրայելացիները ի՞նչպէս կրնային ողորմութիւն ստանալ։

3 Ըմբոստ Սամարիան ու անոր թագաւորը աղիտալի վախճան պիտի ունենային։ (Ովսեայ 13։11, 16) Բայց Ովսեայ գիրքին վերջին գլուխը սա աղերսանքով կը սկսի. «Ո՛վ Իսրայէլ, վերադարձի՛ր Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ»։ Եթէ Իսրայելացիները զղջալով ներում խնդրէին, Աստուած անոնց պիտի ողորմէր։ Անշուշտ անոնք պէտք էր ընդունէին թէ «Տէրոջ ճամբաները ուղիղ են» եւ անոնց մէջ քալէին։—Ովսեայ 14։1-6, 9, ԱՎ

4. Ովսէէի մարգարէութենէն ի՞նչ սկզբունքներ նկատի պիտի առնենք։

4 Ովսէէի մարգարէութեան այս հատուածը բազմաթիւ սկզբունքներ կը բովանդակէ, որոնք կրնան մեզի օգնել Աստուծոյ հետ քալելու։ Նկատի պիտի առնենք հետեւեալները. (1) Եհովա անկեղծ պաշտամունք կը պահանջէ, (2) Աստուած իր ժողովուրդին հանդէպ հաւատարիմ սէր կը ցուցաբերէ, (3) յարատեւաբար Եհովայի պէտք է յուսանք, (4) Եհովայի ճամբաները միշտ ուղիղ են, եւ (5) մեղաւորները կրնա՛ն Եհովայի վերադառնալ։

Եհովա անկեղծ պաշտամունք կը պահանջէ

5. Աստուած մեզմէ ինչպիսի՞ ծառայութիւն կ’ակնկալէ։

5 Եհովա մեզմէ կ’ակնկալէ որ մաքուր ու անկեղծ կերպով սրբազան ծառայութիւն մատուցանենք իրեն։ Իսրայէլ անպէտ «որթատունկ» մը դարձած էր։ Իսրայէլի բնակիչները բագինները բազմապատկած էին եւ նոյնիսկ արձաններ կանգնեցուցած էին,– թերեւս կոթողներ՝ պիղծ պաշտամունքի մէջ գործածուելու համար։ Եհովա այս բագինները պիտի փլցնէր ու արձանները պիտի կործանէր։—Ովսեայ 10։1, 2

6. Աստուծոյ հետ քալելու համար, ո՞ր առանձնայատկութենէն զերծ պէտք է ըլլանք։

6 Եհովայի ծառաներուն մէջ կեղծաւորութիւնը տեղ չունի։ Բայց Իսրայելացիներուն ի՞նչ պատահած էր։ ‘Անոնց սիրտը փոփոխական դարձած էր’։ Թէեւ ատենօք անոնք Եհովայի հետ ուխտի մը մէջ մտած էին որպէս իրեն նուիրուած ժողովուրդ, բայց ան զիրենք կեղծաւորութեամբ յանցաւոր գտաւ։ Ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։ Եթէ Աստուծոյ նուիրուած ենք, կեղծաւոր պէտք չէ ըլլանք։ Առակաց 3։32–ը (ԱՎ) կը զգուշացնէ. «Խարդախ մարդը Տէրոջ առջեւ գարշելի է, բայց իր մտերմութիւնը ուղիղներուն հետ է»։ Աստուծոյ հետ քալելու համար պէտք է սէր ցուցաբերենք՝ «սուրբ սրտով ու բարի խղճմտանքով եւ անկեղծ հաւատքով»։—Ա. Տիմոթէոս 1։5

Աստուած իր ժողովուրդին հանդէպ հաւատարիմ սէր կը ցուցաբերէ

7, 8. (ա) Ի՞նչ պարագաներու ներքեւ կրնանք Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը վայելել։ (բ) Ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ լուրջ մեղք մը գործած ենք։

7 Անկեղծ եւ ուղիղ կերպով Եհովան պաշտելով, իր հաւատարիմ սիրոյն կ’արժանանանք։ Կամակոր Իսրայելացիներուն ըսուեցաւ. «Արդարութեա՛մբ սերմանեցէք ձեզի, եւ կարեկցութեա՛մբ հնձեցէք. մշակեցէ՛ք ձեր խոպան հողերը, քանի ատենն է Տէրը փնտռելու, մինչեւ որ գայ ու ձեր վրայ արդարութիւն տեղացնէ»։—Ովսեայ 10։12, ԱՎ

8 Երանի թէ Իսրայելացիները զղջային եւ Եհովան փնտռէին։ Այն ատեն ան ուրախութեամբ ‘անոնց վրայ արդարութիւն պիտի տեղացնէր’։ Եթէ լուրջ մեղք մը գործած ենք, Եհովան փնտռե՛նք, աղօթքով իրմէ ներում խնդրելով եւ Քրիստոնեայ երէցներէն հոգեւոր օգնութիւն հայցելով։ (Յակոբու 5։13-16) Նաեւ խնդրենք Աստուծոյ սուրբ հոգիին առաջնորդութիւնը, քանի որ «ա՛ն որ իր մարմինին համար կը սերմանէ, այդ մարմինէն ապականութիւն պիտի հնձէ. իսկ ա՛ն որ Հոգիին համար կը սերմանէ, այդ Հոգիէն յաւիտենական կեանք պիտի հնձէ»։ (Գաղատացիս 6։8, ԱՎ) ‘Հոգիին համար սերմանելով’, պիտի շարունակենք Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը վայելել։

9, 10. Ովսեայ 11։1-4–ը ի՞նչպէս կը կիրարկուի Իսրայէլի։

9 Կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա իր ծառաներուն հետ միշտ սիրալիր կերպով կը վարուի, ինչպէս Ովսեայ 11։1-4–ը (ԱՎ) կ’ապացուցանէ. «Երբ Իսրայէլ մանուկ էր, զինք կը սիրէի, եւ իմ որդիս Եգիպտոսէն կանչեցի։ . . . Բահաղներո՛ւն զոհ կը մատուցանէին ու կուռքերո՛ւն խունկ կը ծխէին։ Ե՛ս Եփրեմի [Իսրայելացիներուն] քալել սորվեցուցի. զանոնք իրենց բազուկներէն կը բռնէի, սակայն չգիտցան թէ ե՛ս զիրենք կը բուժէի։ Զանոնք մարդու լարերով, սիրոյ կապերով քաշեցի, եւ անոնց վիզէն լուծը հանողներու պէս եղայ իրենց. անոնց քաղցրութեամբ կերցուցի»։

10 Հոս Իսրայէլը մանուկի մը նմանցուած է։ Եհովա սիրալիրօրէն Իսրայելացիներուն քալել սորվեցուց, իրենց բազուկներէն բռնելով։ Եւ ան շարունակեց զանոնք «սիրոյ կապերով» քաշել։ Ի՜նչ սրտագրաւ տեսարան մը։ Երեւակայէ որ ծնող մըն ես եւ զաւակիդ կ’օգնես իր առաջին քայլերը առնելու։ Թեւերդ բացած ես։ Իսկ վաղեմի ժամանակներուն, հաւանաբար պարաններ պիտի գործածէիր, որպէսզի զաւակդ զանոնք բռնէր ու գետին չիյնար։ Քեզի հանդէպ Եհովայի սէրը նոյնքան քնքուշ է։ Ան ուրախութեամբ քեզ «սիրոյ կապերով» կ’առաջնորդէ։

11. Աստուած ի՞նչ կերպով ‘լուծը հանողի մը պէս եղաւ’։

11 Եհովա Իսրայելացիներուն ‘վիզէն լուծը հանողներու պէս եղաւ իրենց, եւ անոնց քաղցրութեամբ կերցուց’։ Աստուած այն անհատին պէս վարուեցաւ, որ լուծը կը հանէր կամ ետեւ կը հրէր, որպէսզի անասունը կարենար հանգիստ կերպով ուտել։ Երբ Իսրայէլի ժողովուրդը Եհովայի ենթարկուելու լուծը թօթափեց, իր թշնամիներուն կեղեքիչ լուծին տակ մտաւ։ (Բ. Օրինաց 28։45, 48. Երեմեայ 28։14) Երբեք մեր գլխաւոր թշնամիին՝ Սատանայի ճիրաններուն մէջ չիյնանք եւ անոր կեղեքիչ լուծէն չտառապինք։ Փոխարէն, շարունակե՛նք հաւատարմօրէն մեր սիրառատ Աստուծոյն հետ քալել։

Յարատեւաբար Եհովայի յուսա՛

12. Ովսեայ 12։6–ի համաձայն, Աստուծոյ հետ շարունակ քալելու համար, մեզմէ ի՞նչ պահանջուած է։

12 Աստուծոյ հետ միշտ քալելու համար, յարատեւաբար իրեն պէտք է յուսանք։ Իսրայելացիներուն ըսուեցաւ. «Քու Աստուծոյդ . . . դարձիր, ողորմութիւնն ու իրաւունքը պահէ ու միշտ քու Աստուծոյդ յուսա»։ (Ովսեայ 12։6) Իսրայէլի բնակիչները կրնային իրենց զղջումն ու Եհովայի վերադառնալը ապացուցանել՝ հաւատարիմ սէր ցոյց տալով, արդարութիւն գործադրելով եւ ‘մի՛շտ Աստուծոյ յուսալով’։ Առանց հաշուի առնելու թէ որքան ժամանակ Աստուծոյ հետ քալած են, պէտք է վճռենք հաւատարիմ սէր ցոյց տալ, արդարութիւն գործադրել եւ մի՛շտ Աստուծոյ յուսալ։—Սաղմոս 27։14

13, 14. Պօղոս ի՞նչպէս կը կիրարկէ Ովսեայ 13։14–ը, Եհովայի յուսալու ի՞նչ պատճառ տալով մեզի։

13 Իսրայելացիները պարփակող Ովսէէի մարգարէութիւնը Աստուծոյ յուսալու մասնայատուկ պատճառ մը կու տայ մեզի։ Եհովա ըսաւ. «Զանոնք գերեզմանին ձեռքէն պիտի փրկեմ, զանոնք մահուանէ պիտի ազատեմ։ Ըսէ՛, ո՛վ մահ, ո՞ւր է քու տանջանքդ. ըսէ՛, ո՛վ գերեզման, ո՞ւր է աւերումդ»։ (Ովսեայ 13։14) Եհովա այդ ատեն Իսրայելացիները բառացի մահէն պիտի չազատէր, բայց ի վերջոյ մահը յաւիտեան մէջտեղէն պիտի վերցնէր եւ անոր յաղթանակը պիտի փճացնէր։

14 Իր խօսքը օծեալ Քրիստոնեաներուն ուղղելով, Պօղոս Ովսէէի մարգարէութենէն մէջբերեց ու գրեց. «Երբ այս ապականացու մարմինը հագնի անապականութիւն, եւ այս մահկանացուն հագնի անմահութիւն, այն ատեն պիտի իրագործուի այն խօսքը՝ որ գրուեցաւ. ‘Մահը ընկղմեցաւ յաղթութեան մէջ’։ ‘Մա՛հ, ո՞ւր է խայթոցդ. դժո՛խք, ո՞ւր է յաղթութիւնդ’։ Մահուան խայթոցը մեղքն է, ու մեղքին զօրութիւնը՝ Օրէնքը։ Բայց շնորհակալութի՛ւն Աստուծոյ, որ մեզի յաղթութիւն կու տայ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով»։ (Ա. Կորնթացիս 15։54-57, ԱՎ) Եհովա Յիսուսի յարութիւն տուաւ, մխիթարական երաշխիք մը հայթայթելով թէ Աստուծոյ յիշողութեան մէջ եղողները պիտի յարուցանուին։ (Յովհաննու 5։28, 29) Եհովայի յուսալու ի՜նչ բերկրալի պատճառ մը։ Յարութեան յոյսէն զատ, ուրիշ բան մըն ալ մեզ կը մղէ Աստուծոյ հետ քալելու։

Եհովայի ճամբաները միշտ ուղիղ են

15, 16. Սամարիայի նկատմամբ ի՞նչ նախագուշակուած էր, եւ մարգարէութիւնը ի՞նչպէս կատարուեցաւ։

15 Մեր համոզումը թէ «Տէրոջ ճամբաները ուղիղ են», մեզի կ’օգնէ որ շարունակենք Աստուծոյ հետ քալել։ Սամարիայի բնակիչները Աստուծոյ արդար ճամբաներուն մէջ չքալեցին։ Հետեւաբար անոնք իրենց մեղքին եւ անհաւատութեան հետեւանքները պիտի կրէին, ինչպէս նախագուշակուեցաւ. «Սամարիա պիտի աւերուի, քանի որ իր Աստուծոյն դէմ ընդվզեցաւ. անոնք սուրով պիտի իյնան, անոնց երախաները գետին պիտի զարնուին, ու յղի կիները պիտի ճեղքուին»։ (Ովսեայ 13։16, ԱՎ) Պատմական արձանագրութիւնները ցոյց կու տան թէ Ասորեստանցիները, որոնք Սամարիան նուաճեցին, այսպիսի ահաւոր ու գազանային արարքներ կրնային կատարել։

16 Սամարիան Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր։ Սակայն հոս, Սամարիա անունը կրնայ ակնարկել այդ թագաւորութեան ամբողջ երկրամասին։ (Գ. Թագաւորաց 21։1) Հ.Դ.Ա. 742–ին, Ասորեստանի Սաղմանասար Ե. թագաւորը Սամարիա քաղաքը պաշարեց։ Հ.Դ.Ա. 740–ին Սամարիա նուաճուեցաւ, եւ անոր կարկառուն բնակիչներէն շատեր Միջագետք ու Մարաստան աքսորուեցան։ Տակաւին անորոշ է թէ ո՛վ Սամարիան գրաւեց,– Սաղմանասար Ե. թէ անոր յաջորդը՝ Սարգոն Բ.։ (Դ. Թագաւորաց 17։1-6, 22, 23. 18։9-12) Սակայն Սարգոնի արձանագրութիւնները կը նշեն թէ 27,290 Իսրայելացի տարագրուեցաւ դէպի Վերին Եփրատ եւ Մարաստան։

17. Փոխանակ Աստուծոյ չափանիշները արհամարհելու, ի՞նչ պէտք է ընենք։

17 Սամարիայի բնակիչները սուղ գին մը վճարեցին, քանի որ Եհովայի ուղիղ ճամբաներուն համաձայն չընթացան։ Որպէս նուիրուած Քրիստոնեաներ, մենք ալ դառն հետեւանքներէ պիտի տառապինք, եթէ մեղք գործելը սովորութիւն դարձնենք, Աստուծոյ արդար չափանիշները արհամարհելով։ Երբեք այսպիսի չար ընթացքի հետամուտ չըլլանք։ Փոխարէն, իւրաքանչիւրս Պետրոս առաքեալի սա խրատը կիրարկենք. «Չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը չարչարուի իբրեւ մարդասպան կամ գող կամ չարագործ կամ իբրեւ ուրիշի բանին խառնուող. բայց եթէ չարչարուի իբրեւ Քրիստոնեայ՝ թող չամչնայ, հապա ատոր համար թող Աստուծոյ փառք տայ»։—Ա. Պետրոս 4։15, 16

18. Ի՞նչպէս կրնանք շարունակել ‘Աստուծոյ փառք տալ’։

18 Կը շարունակենք ‘Աստուծոյ փառք տալ’, իր ուղիղ ճամբաներուն մէջ քալելով, փոխանակ՝ ամէն բան մե՛ր ուզած կերպով ընելու։ Կայէն մարդասպանութիւն գործեց, քանի որ անկախօրէն ընթացաւ ու ականջ չկախեց Եհովայի ազդարարութեան թէ մեղքը շուտով իր վրայ պիտի խոյանար։ (Ծննդոց 4։1-8) Բաղաամ Մովաբի թագաւորէն պարգեւներ ընդունեց, բայց ի զուր փորձեց Իսրայէլը անիծել։ (Թուոց 24։10) Եւ Աստուած Ղեւտացի Կորխը եւ ուրիշներ մահուան մատնեց, քանի որ Մովսէսի ու Ահարոնի հեղինակութեան դէմ ըմբոստացան։ (Թուոց 16։1-3, 31-33) Վստահաբար չենք ուզեր ‘Կայէնի ատելավառ ճամբայէն’ երթալ, «Բաղաամի մոլորութեան» մէջ իյնալ կամ «Կորխի հակաճառութեամբ» կորսուիլ։ (Յուդա 11, ԱՎ) Սակայն եթէ մեղանչենք, Ովսէէի մարգարէութիւնը մեզ կը մխիթարէ։

Մեղաւորները կրնա՛ն Եհովայի վերադառնալ

19, 20. Զղջացող Իսրայելացիները ի՞նչ զոհեր կրնային մատուցանել։

19 Նոյնիսկ անոնք որ լուրջ մեղք մը գործելով սայթաքած են, կրնան Եհովայի վերադառնալ։ Ովսեայ 14։1, 2–ի մէջ (ԱՎ), սա աղերսանքը կը գտնենք. «Ո՛վ Իսրայէլ, վերադարձի՛ր Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ, որովհետեւ քու անօրէնութեանդ պատճառով գայթեցար։ Խօսքե՛ր առէք ձեզի հետ ու Տէրո՛ջ վերադարձէք. ըսէ՛ք անոր. ‘Ներէ՛ բոլոր անօրէնութիւնները, եւ բարութեա՛մբ ընդունէ մեզ, ու մեր շրթունքներուն զոհերը պիտի մատուցանենք քեզի’»։

20 Զղջացող Իսրայելացիները կրնային Աստուծոյ մատուցանել ‘իրենց շրթունքներուն զոհերը’,– անկեղծ փառաբանութիւններ։ Պօղոս այս մարգարէութեան ակնարկեց, երբ Քրիստոնեաները յորդորեց որ ‘գովաբանութեան զոհ մատուցանեն Աստուծոյ, այսինքն՝ իր անունը դաւանող շրթունքներուն պտուղը’։ (Եբրայեցիս 13։15, ԱՎ) Ներկայիս ի՜նչ առանձնաշնորհում մըն է Աստուծոյ հետ քալել եւ այսպիսի զոհեր մատուցանել։

21, 22. Զղջացող Իսրայելացիները ի՞նչ վերահաստատում պիտի վայելէին։

21 Այն Իսրայելացիները որոնք իրենց կամակոր ընթացքը լքեցին ու Աստուծոյ վերադարձան, իրեն մատուցանեցին ‘իրենց շրթունքներուն զոհերը’։ Այսպէս անոնք հոգեւորապէս վերահաստատուեցան, ինչպէս Եհովա խոստացած էր Ովսեայ 14։4-7–ի մէջ (ԱՎ). «Անոնց ուխտադրժութիւնը պիտի բուժեմ, զանոնք յօժարակամ պիտի սիրեմ, քանի որ իմ բարկութիւնս անոնցմէ հեռացաւ։ Ցօղի պէս պիտի ըլլամ Իսրայէլի. ան շուշանի պէս պիտի ծաղկի, եւ իր արմատները Լիբանանի մայրիներուն պէս պիտի արձակէ։ Անոր մատաղատունկերը պիտի տարածուին. ան ձիթենիին փառաւորութիւնը պիտի ունենայ, ու Լիբանանի բուրմունքը։ Անոր հովանիին տակ բնակողները պիտի վերադառնան, ցորենի պէս պիտի վերակենդանանան, եւ որթատունկի պէս պիտի բողբոջին. անոնք Լիբանանի գինիին համբաւը պիտի ունենան»։

22 Զղջացող Իսրայելացիները հոգեւորապէս պիտի բուժուէին եւ դարձեալ Աստուծոյ սէրը պիտի վայելէին։ Եհովա կազդուրիչ ցօղի նման զանոնք առատօրէն պիտի օրհնէր։ Իր վերահաստատուած ժողովուրդը «ձիթենիին փառաւորութիւնը» պիտի ունենար եւ Իր ճամբաներուն մէջ պիտի քալէր։ Որովհետեւ վճռած ենք Եհովա Աստուծոյ հետ քալել, մեզմէ ի՞նչ պահանջուած է։

Շարունակէ՛ Եհովայի ուղիղ ճամբաներուն մէջ քալել

23, 24. Ովսեայ գիրքը ո՞ր քաջալերական մարգարէութեամբ կ’եզրափակէ, եւ անիկա ի՞նչպէս կ’ազդէ մեզի։

23 Եթէ կ’ուզենք շարունակ Աստուծոյ հետ քալել, «վերին իմաստութիւնը» ի գործ պէտք է դնենք եւ միշտ իր ուղիղ ճամբաներուն համաձայն վարուինք։ (Յակոբու 3։17, 18) Ովսեայ գիրքին վերջին համարը կ’ըսէ. «Ո՞վ է իմաստուն՝ որ ասոնք հասկնայ, կամ խելացի՝ որ ասոնք գիտնայ. որովհետեւ Տէրոջ ճամբաները ուղիղ են, արդարները անոնց մէջ պիտի քալեն, բայց յանցաւորները անոնց մէջ պիտի գայթին»։—Ովսեայ 14։9, ԱՎ

24 Փոխանակ այս աշխարհի իմաստութեամբ եւ չափանիշներով առաջնորդուելու, վճռենք Աստուծոյ ուղիղ ճամբաներուն մէջ քալել։ (Բ. Օրինաց 32։4) Ովսէէ առնուազն 59 տարի ասիկա ըրաւ։ Ան աստուածային պատգամները հաւատարմօրէն հաղորդեց, գիտնալով որ իմաստուն ու խելացի անհատները պիտի հասկնային զանոնք։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Այնքան ատեն որ Եհովա թոյլ կու տայ որ վկայենք, պիտի շարունակենք փնտռել այն անհատները որ իմաստութեամբ իր շնորհքը պիտի ընդունին։ Եւ ուրախ ենք որ ասիկա կ’ընենք՝ լիովին համագործակցելով «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հետ։—Մատթէոս 24։45-47

25. Ովսէէի մարգարէութիւնը նկատի առնելը պէտք է օգնէ մեզի որ ի՞նչ ընենք։

25 Ովսէէի մարգարէութիւնը նկատի առնելը պէտք է օգնէ մեզի որ շարունակենք Աստուծոյ հետ քալել, իր խոստացեալ նոր աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանք վայելելու հեռանկարը ունենալով։ (Բ. Պետրոս 3։13. Յուդա 20, 21) Ի՜նչ հոյակապ յոյս։ Անոր իրականացումը պիտի տեսնենք, եթէ խօսքով ու գործով ապացուցանենք թէ կը հաւատանք որ «Տէրոջ ճամբաները ուղիղ են»։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Եթէ Աստուծոյ մաքուր պաշտամունք մատուցանենք, մեզի հետ ի՞նչպէս կը վարուի։

• Ինչո՞ւ յարատեւաբար Եհովայի պէտք է յուսանք։

• Ինչո՞ւ համոզուած ես որ Եհովայի ճամբաները ուղիղ են։

• Ի՞նչպէս կրնանք շարունակել Եհովայի ուղիղ ճամբաներուն մէջ քալել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 19]

Ովսէէի մարգարէութիւնը կ’օգնէ մեզի որ յարութեան վերաբերեալ Եհովայի տուած խոստումներուն յուսանք

[Նկար՝ էջ 20]

Քրիստոնեայ երէցներուն մատուցած հոգեւոր օգնութիւնը ընդունէ՛