Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծո՞յ թէ մարդոց կը հնազանդիս

Աստուծո՞յ թէ մարդոց կը հնազանդիս

Աստուծո՞յ թէ մարդոց կը հնազանդիս

«Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։—ԳՈՐԾՔ 5։29

1. (ա) Այս ուսումնասիրութեան գլխաւոր համարը ի՞նչ է։ (բ) Առաքեալները ինչո՞ւ ձերբակալուած էին։

ՀՐԷԱԿԱՆ բարձրագոյն ատեանին դատաւորները զայրացած ըլլալու էին։ Բանտարկեալները բանտը չէին։ Անոնք Յիսուս Քրիստոսի առաքեալներն էին, որ քանի մը շաբաթ առաջ բարձրագոյն ատեանը մահուան դատապարտեց։ Այժմ ատեանը պատրաստ էր անոր սերտ հետեւորդներուն դէմ քայլ մը առնելու։ Բայց երբ պահակները զանոնք բերելու գացին, դռները կղպուած ըլլալով հանդերձ, խուցերը դատարկ գտան։ Անոնք շուտով իմացան թէ առաքեալները Երուսաղէմի տաճարին մէջ քաջաբար Յիսուս Քրիստոսի մասին կը սորվեցնեն,– այն գործունէութիւնը՝ որուն համար ձերբակալուած էին։ Պահակները ուղղակի տաճար ուղղուեցան, առաքեալները բերին ու ատեանին ներկայացուցին։—Գործք 5։17-27

2. Հրեշտակ մը առաքեալներուն ի՞նչ պատուէր տուաւ։

2 Հրեշտակ մը առաքեալները բանտէն դուրս հանած էր, ո՛չ թէ զանոնք յաւելեալ հալածանքէ զերծանելու համար, այլ՝ որպէսզի Երուսաղէմի բնակիչները Յիսուս Քրիստոսի մասին բարի լուրը լսեն։ Ան առաքեալները հրահանգած էր որ շարունակեն ‘ժողովուրդին քարոզել այս կեանքին բոլոր խօսքերը’։ (Գործք 5։19, 20, ԱՎ) Այսպէս անոնք հնազանդ գտնուելով այդ հրամանը կը կատարէին, երբ պահակները զիրենք կալանաւորեցին։

3, 4. (ա) Երբ հրաման տրուեցաւ որ չքարոզեն, Պետրոս եւ Յովհաննէս ի՞նչպէս հակազդեցին։ (բ) Միւս առաքեալները ի՞նչպէս հակազդեցին։

3 Այս անզիջող քարոզիչներէն երկուքը՝ Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները, նախապէս ատեան բերուած էին, ինչպէս գլխաւոր դատաւորը՝ Յովսէփ Կայիափա խոժոռութեամբ անոնց յիշեցուց։ Ան ըսաւ. «Չէ՞ որ սաստիկ պատուիրեցինք ձեզի, որ [Յիսուսի] անունով չսորվեցնէք. բայց դուք Երուսաղէմը ձեր ուսմունքովը լեցուցիք»։ (Գործք 5։28) Կայիափա պէտք չէր զարմանար որ Պետրոսն ու Յովհաննէսը դարձեալ ատեանին ներկայացուած էին։ Երբ առաջին անգամ ըսուեցաւ որ չքարոզեն, երկու առաքեալները պատասխանած էին. «Եթէ Աստուծոյ առջեւ իրաւացի՛ է՝ որ Աստուծմէ աւելի ձեզի՛ մտիկ ընենք, դո՛ւք դատեցէք. որովհետեւ մենք չենք կրնար չխօսիլ մեր տեսածին ու լսածին մասին»։ Վաղեմի Երեմիա մարգարէին նման, Պետրոսն ու Յովհաննէսը չէին կրնար քարոզելու իրենց յանձնարարութիւնը չկատարել։—Գործք 4։18-20, ԱՎ. Երեմեայ 20։9

4 Այժմ, ո՛չ միայն Պետրոսն ու Յովհաննէսը, այլեւ բոլոր առաքեալները, ի ներառեալ՝ նորընտիր Մատաթիան, ատեանին առջեւ իրենց կեցուածքը յայտնելու պատեհութիւնը ունէին։ (Գործք 1։21-26) Երբ հրաման տրուեցաւ որ չքարոզեն, անոնք խիզախօրէն պատասխանեցին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։—Գործք 5։29

Աստուծո՞յ հնազանդիլ թէ մարդու

5, 6. Առաքեալները ինչո՞ւ ատեանին հրամանին չհնազանդեցան։

5 Առաքեալները օրինապահ մարդիկ էին եւ ատեանի մը դատավճիռին սովորաբար կ’ենթարկուէին։ Սակայն ո՛չ մէկ մարդ, որքա՛ն ալ հզօր ըլլայ, լիազօրութիւն ունի ուրիշի մը հրամայելու որ Աստուծոյ որոշ մէկ պատուէրին չհնազանդի։ Եհովա ‘Բարձրեալ է բոլոր երկրի վրայ’։ (Սաղմոս 83։18) Ան «բոլոր երկրի Դատաւորը», Գերագոյն Օրէնսդիրն ու յաւիտենականութեան Թագաւորն է։ Որեւէ դատավճիռ որ կը փորձէ Աստուծոյ մէկ հրամանը ջնջել, անվաւեր է՝ Աստուծոյ տեսանկիւնէն դիտուած։—Ծննդոց 18։25. Եսայեայ 33։22

6 Ընտիր օրէնսգէտներէն ոմանք այդ իրողութիւնը ընդունած են։ Օրինակ, ԺԸ. դարու հռչակաւոր Անգլիացի իրաւագէտ Ուիլիըմ Պլաքսթոն գրեց թէ մարդկային ո՛չ մէկ օրէնքի պէտք է թոյլատրուի որ հակասէ Աստուածաշունչի մէջ «յայտնուած օրէնք»ին։ Արդ, Սենետրիոնը իր հեղինակութեան սահմանէն անդին գնաց, երբ առաքեալներուն հրամայեց որ քարոզչութիւնը դադրեցնեն։ Առաքեալները պարզապէս չէին կրնար այդ հրամանը կատարել։

7. Քարոզչութիւնը ինչո՞ւ բարկացուց աւագ քահանաները։

7 Քարոզչութիւնը շարունակելու առաքեալներուն հաստատամտութիւնը աւագ քահանաները բարկացուց։ Կարգ մը քահանաներ, ի ներառեալ՝ Կայիափան, Սադուկեցիներ էին, որոնք յարութեան չէին հաւատար։ (Գործք 4։1, 2. 5։17) Այսուհանդերձ առաքեալները շարունակեցին պնդել թէ Յիսուս յարութիւն առած էր։ Ասկէ զատ, աւագ քահանաներէն ոմանք մեծ ջանք թափած էին հռովմէական իշխանութիւններուն հաճութիւնը շահելու համար։ Յիսուսի դատավարութեան ընթացքին, երբ պատեհութիւն հանդիսացաւ որ Յիսուսը ընդունին որպէս իրենց թագաւորը, աւագ քահանաները պոռացին. «Մենք Կայսրէն զատ թագաւոր չունինք»։ (Յովհաննու 19։15) * Առաքեալները ո՛չ միայն կը պնդէին թէ Յիսուս յարուցանուած էր, այլեւ կը սորվեցնէին թէ անկէ զատ «ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ»։ (Գործք 2։36. 4։12) Քահանաները մտահոգուեցան որ եթէ ժողովուրդը սկսէր յարուցեալ Յիսուսը նկատել իր Առաջնորդը, Հռովմէացիները կրնային գալ ու Հրեայ առաջնորդները թերեւս կորսնցնէին ‘իրենց տեղն ու ազգը’։—Յովհաննու 11։48, ԱՎ

8. Գամաղիէլ ի՞նչ իմաստուն խրատ տուաւ Սենետրիոնին։

8 Յիսուս Քրիստոսի առաքեալներուն համար ապագան մռայլ կը թուէր։ Սենետրիոնի դատաւորները մտադրած էին զանոնք սպաննել։ (Գործք 5։33) Սակայն իրադարձութիւնները անսպասելի ուղղութիւն առին։ Գամաղիէլ՝ Օրէնքի վարդապետ մը, կանգնեցաւ ատեանին մէջ ու իր պաշտօնակիցները զգուշացուց որ հապճեպով քայլ չառնեն։ Ան խոհեմօրէն դիտել տուաւ. «Եթէ այդ ծրագիրը կամ գործը մարդոցմէ է՝ պիտի քանդուի, իսկ եթէ Աստուծմէ է՝ չէք կրնար քանդել ատիկա»։ Ապա նշանակալից կերպով ան աւելցուց. «Որպէսզի Աստուծոյ դէմ իսկ կռուող չգտնուիք»։—Գործք 5։34, 38, 39, ԱՎ

9. Ի՞նչ բան կ’ապացուցանէ թէ առաքեալներուն գործը Աստուծմէ էր։

9 Զարմանալի է որ ատեանը Գամաղիէլի ականջ դարձուց։ Անոնք «առաքեալները կանչելով ծեծեցին եւ պատուիրելով որ անգամ մըն ալ Յիսուսին անունով չխօսին, արձակեցին զանոնք»։ Սակայն փոխանակ վախնալու, առաքեալները վճռած էին քարոզել, հրեշտակային հրամանին հնազանդելով։ Ուստի ազատ արձակուելէ ետք, անոնք «ամէն օր տաճարը ու տուներուն մէջ չէին դադարեր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ»։ (Գործք 5։40, 42) Եհովա անոնց ջանքերը օրհնեց։ Ո՞ր տարողութեամբ։ «Աստուծոյ խօսքը կ’աճէր ու աշակերտներուն թիւը խիստ կը շատնար Երուսաղէմի մէջ։ Նոյնիսկ քահանաներէն շատեր նոր հաւատքին կը յարէին»։ (Գործք 6։7) Ասիկա աւագ քահանաներուն համար որքա՜ն նեղացուցիչ ըլլալու էր։ Ապացոյցները կը կուտակուէին,– առաքեալներուն գործը արդարեւ Աստուծմէ էր։

Աստուծոյ դէմ կռուողները չեն կրնար յաջողիլ

10. Մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած, հաւանաբար Կայիափա ինչո՞ւ իր դիրքին վրայ վախ չունէր, բայց իր վստահութիւնը ինչո՞ւ անտեղի էր։

10 Առաջին դարուն, հռովմէական իշխանութիւնները կը նշանակէին Հրեայ աւագ քահանաները։ Մեծահարուստ Յովսէփ Կայիափա իր դիրքին վրայ դրուած էր Վալերիոս Կրադոսի կողմէ, եւ զայն պահեց իր նախորդներէն շատ աւելի երկար ժամանակ։ Հաւանաբար Կայիափա այս յաջողութիւնը վերագրեց իր դիւանագիտական հմտութեան եւ Պիղատոսի հետ ունեցած իր բարեկամութեան, քան՝ աստուածային նախախնամութեան։ Ամէն պարագայի, մարդոց վստահիլը զինք յուսախաբութեան մատնեց։ Առաքեալները Սենետրիոնի առջեւ ներկայանալէն երեք տարի ետք, Կայիափա հռովմէական իշխանութիւններուն հաճութիւնը կորսնցուց եւ քահանայապետական պաշտօնէն զրկուեցաւ։

11. Պոնտացի Պիղատոսի ու հրէական իրերու դրութեան ի՞նչ պատահեցաւ եւ ասկէ ի՞նչ կ’եզրակացնես։

11 Պիղատոսի անմիջական մեծը եւ Սուրիոյ կառավարիչը՝ Ղուկիոս Վիթելիոս, ինք հրամայեց Կայիափան պաշտօնազրկել, իսկ Կայիափայի մօտիկ բարեկամը՝ Պիղատոս, չկրցաւ անոր արգելք հանդիսանալ։ Իրականութեան մէջ, Կայիափայի անկումէն միայն մէկ տարի ետք, Պիղատոս պաշտօնազրկուեցաւ ու Հռովմ կանչուեցաւ, լուրջ ամբաստանութիւններ դիմագրաւելով։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Կայսրին վստահող Հրեայ առաջնորդներուն, Հռովմէացիները կործանեցի՛ն անոնց «տեղն ու ազգը»։ Ասիկա տեղի ունեցաւ Հ.Դ. 70–ին, երբ հռովմէական բանակը ամբողջովին կործանեց Երուսաղէմ քաղաքը, ի ներառեալ տաճարն ու Սենետրիոնի սրահը։ Սաղմոսերգուին խօսքերը այս պարագային որքա՜ն ճշմարիտ էին. «Մի՛ յուսաք իշխաններուն, մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ»։—Յովհաննու 11։48. Սաղմոս 146։3

12. Յիսուսի պարագան ի՞նչպէս կ’ապացուցանէ թէ Աստուծոյ հնազանդիլը իմաստուն ընթացքն է։

12 Միւս կողմէ, Աստուած յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսը նշանակեց որպէս մեծ հոգեւոր տաճարի մը Քահանայապետը։ Ո՛չ ոք կրնայ այդ նշանակումը ջնջել։ Արդարեւ, Յիսուս «ունի անփոփոխ քահանայութիւն»։ (Եբրայեցիս 2։9. 7։17, 24, ԱՎ. 9։11) Աստուած նաեւ Յիսուսը նշանակեց որպէս ողջերուն ու մեռելներուն Դատաւորը։ (Ա. Պետրոս 4։5) Այս հանգամանքով Յիսուս պիտի որոշէ թէ Յովսէփ Կայիափան ու Պոնտացի Պիղատոսը ապագայ կեանքի մը հաւանականութիւնը ունի՛ն կամ ոչ։—Մատթէոս 23։33. Գործք 24։15

Թագաւորութեան այժմու խիզախ քարոզիչներ

13. Արդի օրերուն, ո՞ր գործը մարդոցմէ էր եւ ո՞ր գործը՝ Աստուծմէ։ Ի՞նչպէս գիտես։

13 Ինչպէս առաջին դարուն, նոյնպէս մեր օրերուն ‘Աստուծոյ դէմ կռուողները’ բազմաթիւ են։ (Գործք 5։39, ԱՎ) Օրինակ, երբ Գերմանիոյ մէջ Եհովայի Վկաները մերժեցին Ատոլֆ Հիթլերը ողջունել իբրեւ իրենց առաջնորդը, Հիթլեր ուխտեց զանոնք բնաջնջել։ (Մատթէոս 23։10) Անոր մահաբեր մեքենան այս պարտականութիւնը կատարելու ատակ կը թուէր։ Նացիները յաջողեցան հազարաւոր Վկաներ ձերբակալել եւ կեդրոնացման ճամբարներ ղրկել։ Անոնք նոյնիսկ կարգ մը Վկաներ սպաննեցին։ Բայց Նացիները չկրցան՝ միայն Աստուած պաշտելու Վկաներուն վճռակամութիւնը բեկանել եւ Աստուծոյ ծառաները որպէս խումբ բնաջնջել։ Այս Քրիստոնեաներուն գործը Աստուծմէ էր, ո՛չ թէ մարդոցմէ, եւ Աստուծոյ գործը կարելի չէ քանդել։ Վաթսուն տարի ետք, Հիթլերի կեդրոնացման ճամբարներէն վերապրող հաւատարիմները տակաւին ‘իրենց բոլոր սրտով եւ անձով ու մտքով’ Եհովայի կը ծառայեն, մինչդեռ Հիթլեր ու իր Նացի կուսակցութիւնը պատմութեան սեւ էջերուն մէջ կ’ապրին։—Մատթէոս 22։37

14. (ա) Հակառակորդները ի՞նչ ջանքեր թափած են Աստուծոյ ծառաները զրպարտելու համար եւ արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ (բ) Այսպիսի ջանքեր Աստուծոյ ժողովուրդին մնայուն վնաս պիտի հասցնե՞ն։ (Եբրայեցիս 13։5, 6)

14 Նացիներու ժամանակէն ի վեր, ուրիշներ ալ միացած են Եհովայի ու իր ժողովուրդին դէմ ի զուր մղուած պատերազմին։ Եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ, կրօնական ու քաղաքական նենգամիտ տարրեր ջանացած են Եհովայի Վկաները պիտակել իբրեւ ‘վտանգաւոր աղանդ’,– առաջին դարու Քրիստոնեաներուն դէմ ուղղուած նոյն ամբաստանութիւնը։ (Գործք 28։22) Իրողութիւնը այն է թէ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանը ընդունած է Եհովայի Վկաները որպէս կրօնք եւ ո՛չ թէ՝ աղանդ։ Հակառակորդները ասիկա գիտնալով հանդերձ, կը շարունակեն Վկաները զրպարտել։ Այս մոլորեցուցիչ նկարագրութեան պատճառով, Քրիստոնեաներէն ոմանք իրենց գործէն արձակուած են։ Վկաներու զաւակներ դպրոցներու մէջ նեղ կացութիւններու մատնուած են։ Վախկոտ կալուածատէրեր, երկար տարիներ Վկաներուն վարձած սրահներուն համաձայնագիրները չեղեալ նկատած են։ Կարգ մը պարագաներուն, կառավարական գործակալութիւններ մերժած են անհատներու քաղաքացիութիւն շնորհել, պարզապէս քանի որ Եհովայի Վկաներ են։ Այսուհանդերձ Վկաները անսասան կը մնան։

15, 16. Ֆրանսայի մէջ Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս հակազդած են իրենց քրիստոնէական գործին դէմ եղած հակառակութեան եւ ինչո՞ւ կը շարունակեն քարոզել։

15 Օրինակ, Ֆրանսայի մէջ մարդիկ ընդհանուր առմամբ բանաւոր եւ անաչառ են։ Սակայն քանի մը հակառակորդներ, Թագաւորութեան գործը տկարացնելու նպատակով օրէնքներ յառաջ մղած են։ Հոն գտնուող Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս հակազդած են։ Անոնք դաշտի ծառայութեան գործունէութիւնը աննախընթաց կերպով աւելցուցած են, խայտալի արդիւնքներ ձեռք ձգելով։ (Յակոբու 4։7) Միայն վեց ամսուան ընթացքին, Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւններուն թիւը 33 տոկոս աւելցաւ։ Բանսարկուն որքա՜ն զայրացած ըլլալու է, տեսնելով որ Ֆրանսայի մէջ պարկեշտաբարոյ անհատները բարի լուրին կ’ընդառաջեն։ (Յայտնութիւն 12։17) Ֆրանսայի մէջ մեր հաւատակիցները վստահ են թէ Եսայի մարգարէին խօսքերը իրենց պարագային պիտի կիրարկուին. «Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի եւ քու դէմ դատաստանի ելլող ամէն լեզու պիտի դատապարտուի»։—Եսայեայ 54։17

16 Եհովայի Վկաները հալածանքէն չեն ախորժիր։ Սակայն, բոլոր Քրիստոնեաներուն ուղղուած Աստուծոյ պատուէրին հնազանդելով, անոնք իրենց լսած բաներուն մասին չեն կրնար չխօսիլ, ո՛չ ալ պիտի դադրին խօսելէ։ Անոնք կը ջանան բարի քաղաքացիներ ըլլալ, բայց երբ Աստուծոյ օրէնքը մարդու օրէնքին կը հակասէ, Աստուծո՛յ պէտք է հնազանդին։

Անոնցմէ մի՛ վախնաք

17. (ա) Մեր թշնամիներէն ինչո՞ւ պէտք չէ վախնանք։ (բ) Հալածիչները ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։

17 Մեր թշնամիները շատ վտանգաւոր կացութեան մը մէջ են։ Անոնք Աստուծոյ դէմ կը կռուին։ Հետեւաբար, Յիսուսի պատուէրին համաձայն, փոխանակ մեզ հալածողներէն վախնալու, անոնց համար կ’աղօթենք։ (Մատթէոս 5։44) Կ’աղօթենք որ եթէ ոմանք Տարսոնցի Սօղոսի նման տգիտութեամբ Աստուծոյ կը հակառակին, Եհովա ազնուաբար անոնց աչքերը բանայ, որպէսզի ճշմարտութիւնը տեսնեն։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Սօղոս Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալը եղաւ եւ իր օրուան հեղինակութիւններուն ձեռքով մեծապէս տառապեցաւ։ Այսուհանդերձ ան շարունակեց իր հաւատակիցներուն յիշեցնել որ «իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն հնազանդին ու հպատակին ու ամէն բարի գործերու պատրաստ գտնուին. մէկո՛ւն հայհոյութիւն չընեն [նոյնիսկ ամենէն թունդ հալածիչներուն], կռուարար չըլլան, հապա հեզահոգի, ամէն մարդու քաղցրութիւն ցուցնեն»։ (Տիտոս 3։1, 2) Եհովայի Վկաները Ֆրանսայի մէջ եւ այլուր, կը ջանան այս խրատին անսալ։

18. (ա) Եհովա իր ժողովուրդը ի՞նչ կերպերով կրնայ ազատել։ (բ) Վերջնական արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

18 Աստուած Երեմիա մարգարէին ըսաւ. «Ես քեզի հետ եմ քեզ ազատելու համար»։ (Երեմեայ 1։8) Ներկայիս Եհովա ի՞նչպէս կրնայ մեզ ազատել հալածանքէն։ Թերեւս ան Գամաղիէլի նման անաչառ դատաւոր մը մէջտեղ հանէ կամ կարգադրէ որ կաշառակեր կամ թշնամի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը յանկարծաբար փոխարինուի աւելի բանաւոր անհատով մը։ Սակայն երբեմն Եհովա թոյլ կու տայ որ իր ժողովուրդին հալածանքը շարունակուի։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12) Այս պարագային, ան միշտ մեզի պիտի շնորհէ հարկ եղած զօրութիւնը որ հալածանքին տոկանք։ (Ա. Կորնթացիս 10։13) Աստուած ի՛նչ որ ալ թոյլատրէ, վերջնական արդիւնքէն վստահ ենք,– Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ կռուողները Աստուծո՛յ դէմ կը կռուին, իսկ Աստուծոյ դէմ կռուողները պիտի չյաղթեն։

19. 2006–ի տարուան համարը ի՞նչ է, եւ ինչո՞ւ նպատակայարմար է։

19 Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ նեղութիւն ակնկալեն։ (Յովհաննու 16։33) Ասոր ի տես, Գործք Առաքելոց 5։29–ի խօսքը շա՜տ այժմէական է. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։ Եւ այս ոգեւորիչ համարը ընտրուած է իբրեւ Եհովայի Վկաներու 2006–ի տարուան համարը։ Թող վճռենք յառաջիկայ տարուան ընթացքին եւ յաւիտեան՝ ամէն գնով Աստուծոյ հնազանդիլ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 7 Այն «Կայսր»ը որ այդ ատեն աւագ քահանաները հանրապէս ընդունեցին, արհամարհելի Տիբերիոս կայսրն էր,– կեղծաւոր ու մարդասպան մը։ Ան նաեւ տխրահռչակ էր՝ իր ստորին սեռային սովորութիւններուն պատճառով։—Դանիէլ 11։15, 21

Կրնա՞ս պատասխանել

• Առաքեալները հակառակութիւնը դիմագրաւելու կերպին մէջ, ի՞նչ քաջալերական օրինակ հանդիսացան մեզի։

• Ինչո՞ւ միշտ Աստուծոյ պէտք է հնազանդինք, քան թէ՝ մարդոց։

• Մեր հակառակորդները իրապէս որո՞ւն դէմ կը կռուին։

• Հալածանքին տոկացողները ի՞նչ արդիւնք կրնան ակնկալել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Մէջբերում՝ էջ 11]

2006–ի տարուան համարը պիտի ըլլայ. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։—Գործք 5։29

[Նկար՝ էջ 9]

«Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»