Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւնդ որքա՞ն անխախտ է
Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւնդ որքա՞ն անխախտ է
«Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 6։33
1, 2. Երիտասարդ մը գործի նկատմամբ ի՞նչ քայլ առաւ եւ ինչո՞ւ։
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ մը փափաքեցաւ իր ժողովքին մէջ աւելի պիտանի ըլլալ։ Խնդիրը այն էր թէ իր աշխարհային գործը արգելք կը հանդիսանար որ կանոնաւորաբար ժողովներուն ներկայ գտնուէր։ Ան այս հարցը ի՞նչպէս լուծեց։ Իր կեանքը պարզեց, իր գործէն հրաժարեցաւ եւ շատ չանցած գործ մը գտաւ, որ իր քրիստոնէական գործունէութիւնները չէր խանգարեր։ Այսօր, ան ա՛լ աւելի նուազ կը վաստկի, բայց տակաւին իր ընտանիքին կարիքները կը լեցնէ եւ շատ աւելի կարող է ժողովքին թիկունք կանգնելու։
2 Կ’ըմբռնե՞ս թէ ան ինչո՛ւ այդ քայլը առաւ։ Եթէ անոր պարագան ունենայիր, նման քայլ մը կ’առնէի՞ր։ Գովելիօրէն, բազմաթիւ Քրիստոնեաներ այդպէս վարուած են, իրենց վստահութիւնը ցոյց տալով Յիսուսի սա խոստումին հանդէպ. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։ (Մատթէոս 6։33) Անոնք ապահովութեան համար Եհովայի կը վստահին, քան՝ այս աշխարհին։—Առակաց 3։23, 26
3. Ոմանք ինչո՞ւ կրնան հարց տալ թէ այսօր Աստուծոյ Թագաւորութիւնը առաջ խնդրելը գործնակա՛ն է կամ ոչ։
3 Ներկայ դժուար ժամանակներուն ի տես, թերեւս ոմանք երիտասարդին կայացուցած որոշումը իմաստուն չնկատեն։ Այսօր, մարդկութեան մէկ մասը չափազանց աղքատութենէ կը տառապի, մինչ միւս մասը՝ պատմութեան մէջ ամենաբարձր կենսամակարդակը կը վայելէ։ Աղքատ երկիրներու մէջ ապրողներուն մեծամասնութիւնը, իրենց կեանքը քիչ մը դիւրացնելու համար իրենց ներկայացուած որեւէ պատեհութիւն իսկոյն կ’օգտագործեն։ Միւս կողմէ, հարուստ երկիրներու մէջ շատեր կը ջանան իրենց կենսամակարդակը պահպանել, հակառակ տկար տնտեսութեան, գործերու անկայունութեան եւ խստապահանջ գործատէրերուն։ Ապրուստ ճարելը աւելի դժուար դառնալով, ոմանք թերեւս հարց տան. ‘Տակաւին գործնակա՞ն է Թագաւորութիւնը առաջ խնդրել’։ Այս հարցումին պատասխանելու համար, նկատի առ թէ Յիսուս որո՛նց հետ կը խօսէր։
«Հոգ մի՛ ընէք»
4, 5. Յիսուս ի՞նչպէս լուսաբանեց թէ տրամաբանական է որ Աստուծոյ ժողովուրդը ամէնօրեայ հոգերով չափազանց չմտահոգուի։
4 Յիսուս Գալիլիոյ մէջ էր, ուր զանազան վայրերէ եկած բազմութեան մը կը խօսէր։ (Մատթէոս 4։25) Անոնց մէջ թերեւս քիչեր հարուստ էին, բայց հաւանաբար մեծամասնութիւնը աղքատ էր։ Այսուհանդերձ Յիսուս զիրենք յորդորեց որ առաջնահերթութիւն չտան նիւթական հարստութիւն ձեռք ձգելուն, այլ՝ հոգեւոր գանձ դիզելուն, որ շատ աւելի արժէքաւոր է։ (Մատթէոս 6։19-21, 24) Ան ըսաւ. «Հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, կամ ի՛նչ պիտի խմէք. ոչ ալ ձեր մարմիններուն համար թէ ի՛նչ պիտի հագնիք. չէ՞ որ կեանքը կերակուրէն աւելի է ու մարմինը հագուստէն»։—Մատթէոս 6։25
5 Յիսուսի մտիկ ընողներէն շատերուն համար, այս խօսքերը թերեւս անգործնական թուեցան։ Անոնք գիտէին որ եթէ ծանր չաշխատէին, իրենց ընտանիքները պիտի տուժէին։ Սակայն Յիսուս անոնց ուշադրութեան յանձնեց թռչունները, որոնք օրը օրին կ’ապրին, իսկ Եհովա զանոնք կը հոգայ։ Յիսուս նաեւ ցոյց տուաւ թէ Եհովա ի՛նչպէս դաշտի շուշաններուն հոգ կը տանի, որոնցմէ մէկուն պէս չհագուեցաւ Սողոմոն իր ամբողջ փառաւորութեան մէջ։ Եթէ Եհովա թռչուններուն ու ծաղիկներուն հոգ կը տանի, Մատթէոս 6։26-30) Ինչպէս Յիսուս ըսաւ, մեր կեանքը եւ մարմինը շա՜տ աւելի կարեւոր են, քան՝ մեր կեանքը պահպանելու համար մեր գնած ուտելիքը ու մեր մարմինը ծածկելու համար մեր գնած հագուստը։ Եթէ մեր բոլոր ջանքերը յատկացնենք պարզապէս ուտելիք ու հագուելիք ապահովելու, եւ Եհովայի ծառայութեան ոչինչ տրամադրենք, կեանքին բուն նպատակէն շեղած կ’ըլլանք։—Ժողովողի 12։13
ո՜րչափ աւելի՝ մեզի՛։ (Հաւասարակշռուած տեսակէտ
6. (ա) Քրիստոնեաները ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին։ (բ) Քրիստոնեաները լիովին որո՞ւ կը վստահին։
6 Անշուշտ Յիսուս իր ունկնդիրները չքաջալերեց որ չաշխատին եւ Աստուծոյ սպասեն որ ձեւով մը իրենց ընտանիքը կերակրէ։ Նոյնիսկ թռչունները իրենց ու իրենց ձագերուն համար ուտելիք պէտք է փնտռեն։ Ուստի Քրիստոնեաները պէտք էր աշխատէին եթէ կ’ուզէին ուտել։ Անոնք ընտանեկան պատասխանատուութիւններուն հոգ պէտք էր տանէին։ Քրիստոնեայ ծառաներն ու ստրուկները իրենց տիրակալներուն համար փութաջանութեամբ պէտք էր աշխատէին։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։10-12. Ա. Տիմոթէոս 5։8. Ա. Պետրոս 2։18) Պօղոս առաքեալ իր ապրուստը ճարելու համար, յաճախ որպէս վրանագործ աշխատեցաւ։ (Գործք 18։1-4. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։9) Այսուհանդերձ այդ Քրիստոնեաները ապահովութեան համար աշխարհային գործին չվստահեցան։ Անոնք Եհովայի վստահեցան, ուրիշներուն անծանօթ եղող ներքին խաղաղութիւն վայելելով։ Սաղմոսերգուն ըսաւ. «Տէրոջ վստահողները Սիոն լերան պէս են, որ չ’երերար, հապա յաւիտեան կը կենայ»։—Սաղմոս 125։1, ԱՎ
7. Եհովայի հաստատօրէն չվստահողի մը տեսակէտը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։
7 Ոեւէ անհատ որ հաստատօրէն Եհովայի չի վստահիր, կրնայ տարբեր կերպով մտածել։ Մարդոց մեծամասնութիւնը նիւթական հարստութիւնը կը նկատէ ապահովութիւն գլխաւոր բանալի մը։ Հետեւաբար, ծնողներ իրենց զաւակները քաջալերած են որ իրենց երիտասարդութեան սկիզբի տարիները յատկացնեն բարձր ուսում ձեռք ձգելու, յուսալով լաւ վճարուած պաշտօններու տիրանալ։ Տխրօրէն, կարգ մը Քրիստոնեայ ընտանիքներ այս կեցուածքին համար սուղ գին վճարած են, իրենց զաւակները իրենց հոգեւոր հայեցակէտը կորսնցնելով ու նիւթապաշտական նպատակակէտեր հետապնդելու սկսելով։
8. Քրիստոնեաները ի՞նչ հաւասարակշռութիւն կը պահպանեն։
8 Ուստի իմաստուն Քրիստոնեաները կը գիտակցին թէ Յիսուսի խրատը նո՛յնքան կիրարկելի է ներկայիս, որքան առաջին դարուն, Ժողովողի 7։12
եւ կը ջանան հաւասարակշռութիւն մը պահպանել։ Նոյնիսկ եթէ հարկադրուած են աշխարհային գործին երկար ժամեր տրամադրել, որպէսզի աստուածաշնչական պատասխանատուութիւններու հոգ տանին, անոնք բնաւ թոյլ չեն տար որ դրամ շահելու կարիքը պատճառ ըլլայ որ աւելի կարեւոր եղող հոգեւոր բաները անտեսեն։—Չմտահոգուելու վերաբերեալ յաւելեալ խրատ
9. Յիսուս լիովին Եհովայի վստահողները ի՞նչպէս կը հաւաստիացնէ։
9 Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս ունկնդիրները յորդորեց. «Հոգ մի՛ ընէք՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ Ի՞նչ պիտի խմենք, կամ Ի՞նչ պիտի հագնինք’։ Քանզի այդ բոլոր բաները հեթանոսները կը խնդրեն. վասն զի ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են»։ (Մատթէոս 6։31, 32) Ի՜նչ քաջալերական խօսքեր։ Եթէ լիովին Եհովայի վստահինք, ան միշտ մեզի նեցուկ պիտի կանգնի։ Յիսուսի խօսքերը նաեւ զգաստացուցիչ են, մեզի յիշեցնելով թէ նիւթական բաներու հետամուտ ըլլալը «հեթանոսներ»ուն յատուկ է, որոնք ճշմարիտ Քրիստոնեաներ չեն։
10. Երբ երիտասարդ մը Յիսուսէ խրատ խնդրեց, Յիսուս ի՞նչպէս երեւան հանեց թէ ան ի՛նչ բան աւելի կը սիրէր։
10 Առիթով մը, մեծահարուստ երիտասարդ մը Յիսուսի հարցուց թէ ի՛նչ պէտք է ընէ յաւիտենական կեանք ունենալու համար։ Յիսուս անոր յիշեցուց Օրէնքին պահանջները, որ դեռ ի զօրու էր։ Երիտասարդը ըսաւ. «Ատոնք ամէնքը մանկութենէս ի վեր պահեր եմ. ալ ի՞նչ բան կը պակսի»։ Յիսուսի պատասխանը թերեւս անգործնական թուեցաւ շատերուն։ Ան ըսաւ. «Եթէ կ’ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա ունեցածդ ծախէ, տուր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս»։ (Մատթէոս 19։16-21) Երիտասարդը տրտմած գնաց, քանի որ իր հարստութենէն հրաժարելու գաղափարը չկրցաւ ընդունիլ։ Ան իր ստացուածքները Եհովայէ աւելի կը սիրէր։
11, 12. (ա) Յիսուս հարստութեան վերաբերեալ ի՞նչ զգաստացուցիչ խօսքեր ըսաւ։ (բ) Ստացուածքները ի՞նչպէս կրնան Եհովայի ծառայութեան արգելք հանդիսանալ։
11 Ապա Յիսուս անսպասելի խօսք մը ըսաւ. «Հարուստը դժուարաւ պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը։ . . . Դիւրին է որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ»։ (Մատթէոս 19։23, 24) Յիսուս ըսել ուզե՞ց թէ ո՛չ մէկ հարուստ Թագաւորութիւնը պիտի ժառանգէ։ Ո՛չ, քանի որ ան աւելցուց. «Աստուծոյ կողմէ ամէն բան կարելի է»։ (Մատթէոս 19։25, 26) Արդարեւ Եհովայի օգնութեամբ կարգ մը հարուստներ այն ատեն օծեալ Քրիստոնեաներ եղան։ (Ա. Տիմոթէոս 6։17) Սակայն Յիսուս վաւերական պատճառով մը այս անակնկալ խօսքը ըսաւ։ Ան ազդարարութիւն մը կու տար։
12 Եթէ անհատ մը այդ հարուստ երիտասարդին պէս իր ստացուածքներուն կառչի, անոնք կրնան արգելք հանդիսանալ որ ամբողջ սիրտով Եհովայի ծառայէ։ Ասիկա կը կիրարկուի ե՛ւ անոնց որ արդէն հարուստ են, ե՛ւ անոնց «որ հարստանալ կ’ուզեն»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10) Նիւթական բաներուն չափազանց վստահիլը կրնայ պատճառ ըլլալ որ անհատը նուազ ‘գիտակցի իր հոգեւոր պէտքին’։ (Մատթէոս 5։3, ՆԱ) Որպէս արդիւնք, ան կրնայ Եհովայի օգնութիւնը նուազ փնտռել։ (Բ. Օրինաց 6։10-12) Ան թերեւս ակնկալէ որ ժողովքը իրեն հանդէպ մասնայատուկ վերաբերմունք ցուցաբերէ։ (Յակոբու 2։1-4) Եւ ան կրնայ իր ժամանակին մեծ մասը անցընել իր հարստութիւնը վայելելով, քան՝ Եհովայի ծառայելով։
Շիտակ տեսակէտը մշակէ
13. Լաւոդիկեցիները ի՞նչ սխալ տեսակէտ մը ունէին։
13 Առաջին դարու Լաւոդիկէի ժողովքը ստացուածքներու հանդէպ սխալ տեսակէտ ունէր։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Կ’ըսես. ‘Ես հարուստ եմ ու մեծցայ եւ բանի մը կարօտ չեմ’։ Բայց չես գիտեր թէ դուն խեղճ ու թշուառական ես եւ աղքատ ու կոյր ու մերկ»։ Լաւոդիկեցիներուն հարստութիւնը չէր որ իրենց այս խղճալի հոգեւոր վիճակին հասցուցած էր, հապա անոնց վստահիլը հարստութեան, քան՝ Եհովայի։ Հետեւաբար անոնք հոգեւորապէս գաղջ էին, եւ Յիսուս զիրենք ‘իր բերնէն դուրս փսխելու’ վրայ էր։—Յայտնութիւն 3։14-17
14. Եբրայեցի Քրիստոնեաները ինչո՞ւ Պօղոսի գովասանքին արժանացան։
14 Միւս կողմէ, Պօղոս Եբրայեցի Քրիստոնեաները Եբրայեցիս 10։34) Անոնք իրենց ինչքը կորսնցնելով չընկճուեցան, այլ՝ իրենց ուրախութիւնը պահպանեցին, քանի որ կառչած մնացին իրենց ամենաթանկագին, «լաւագոյն եւ մնայուն» ստացուածքին։ Յիսուսի առակին մէջ յիշուած վաճառականին նման, որ ամէն բան զոհեց թանկագին մարգարիտի մը համար, անոնք վճռած էին ամէն գնով պինդ բռնել Թագաւորութեան յոյսը։ (Մատթէոս 13։45, 46) Ի՜նչ ընտիր կեցուածք մը։
գովեց, նախապէս տեղի ունեցած հալածանքին ընթացքին իրենց յայտնած կեցուածքին համար։ Ան ըսաւ. «Իմ կապերուս մէջ ինծի չարչարակից եղաք ու ձեր ստացուածքին կողոպտուիլը ուրախութեամբ ընդունեցիք, գիտնալով որ լաւագոյն եւ մնայուն ստացուածքներ ունիք ձեզի երկինքը»։ (15. Լիպերիոյ մէջ Քրիստոնեայ երիտասարդուհի մը ի՞նչպէս Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դրաւ։
15 Ներկայիս շատեր նոյնանման ընտիր կեցուածք մը մշակած են։ Օրինակ, Լիպերիոյ մէջ Քրիստոնեայ երիտասարդուհի մը համալսարան յաճախելու հրաւէր ստացաւ, ինչ որ կը նկատուի ապահով ապագայի մէկ միջոցը։ Սակայն ան ռահվիրայ կամ լիաժամ աւետարանիչ մըն էր, եւ պիտի ծառայէր որպէս առժամեայ մասնաւոր ռահվիրայ։ Ան ընտրեց առա՛ջ Թագաւորութիւնը խնդրել եւ մնալ լիաժամ ծառայութեան մէջ։ Ան իրեն նշանակուած շրջանը գնաց ու երեք ամսուան մէջ 21 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ հաստատեց։ Այս երիտասարդ քոյրը եւ իրեն պէս հազարաւորներ նա՛խ Թագաւորութիւնը կը խնդրեն, նոյնիսկ զոհելով հաւանական նիւթական առաւելութիւնները։ Անոնք այս նիւթապաշտ աշխարհին մէջ ի՞նչպէս այս կեցուածքը կը պահպանեն։ Անոնք կարգ մը ընտիր յատկութիւններ մշակած են։ Քննարկենք մի քանի յատկութիւններ։
16, 17. (ա) Եհովայի վստահելու համար, ինչո՞ւ համեստութիւնը կարեւոր է։ (բ) Ինչո՞ւ Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ վստահութիւն պէտք է մշակենք։
16 Համեստութիւն. Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրո՛ջ վստահէ ամբողջ սիրտովդ, ու քու խելքիդ մի՛ ապաւինիր. զա՛յն ճանչցիր քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ, եւ ինք պիտի շտկէ քու ուղիներդ։ Քու աչքերուդ իմաստուն մի՛ ըլլար»։ (Առակաց 3։5-7, ԱՎ) Երբեմն որոշ ընթացք մը կրնայ աշխարհային հայեցակէտով գործնական թուիլ։ (Երեմեայ 17։9) Սակայն անկեղծ Քրիստոնեան Եհովայի կը դիմէ առաջնորդութեան համար։ (Սաղմոս 48։14) Ան համեստօրէն Եհովայի խրատը կը փնտռէ՝ ‘իր բոլոր ճամբաներուն մէջ’,– ժողովքային հարցերու, ուսման կամ աշխարհային գործին, ժամանցի, կամ որեւէ բանի մէջ։—Սաղմոս 73։24
17 Եհովայի խոստումներուն հանդէպ վստահութիւն. Պօղոս ըսաւ. «Ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ Եբրայեցիս 11։6) Եթէ Եհովայի խոստումներուն կատարման նկատմամբ կասկած ունենանք, ‘այս աշխարհը լիովին գործածելը’ կրնայ տրամաբանական թուիլ։ (Ա. Կորնթացիս 7։31) Միւս կողմէ, մեր համոզումը զօրաւոր ըլլալով, կը վճռենք առա՛ջ Թագաւորութիւնը խնդրել։ Իսկ զօրաւոր հաւատքը կարելի է կերտել՝ Եհովայի մօտենալով ե՛ւ յարատեւ ու սրտագին աղօթքներով, ե՛ւ կանոնաւոր անձնական ուսումնասիրութեամբ։ (Սաղմոս 1։1-3. Փիլիպպեցիս 4։6, 7. Յակոբու 4։8) Դաւիթ թագաւորին նման, կրնանք աղօթել. «Ես քեզի՛ վստահեցայ, ո՛վ Տէր։ Ես ըսի. ‘Դո՛ւն ես իմ Աստուածս’։ Ո՜րչափ մեծ է քու բարութիւնդ»։—Սաղմոս 31։14, 19, ԱՎ
վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ (18, 19. (ա) Ջանասիրութիւնը ի՞նչպէս Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը կը զօրացնէ։ (բ) Քրիստոնեան ինչո՞ւ զոհողութիւններ ընելու պատրաստ պէտք է ըլլայ։
18 Եհովայի ծառայութեան մէջ ժրաջանութիւն. Պօղոս Եհովայի խոստումներուն հանդէպ վստահութիւնը առնչեց ջանասիրութեան, երբ գրեց. «Կը ցանկանք որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը ցոյց տայ նոյն փութաջանութիւնը՝ մինչեւ վախճանը պահելու համար յոյսի լման վստահութիւնը»։ (Եբրայեցիս 6։11, ԱՎ) Եթէ Եհովայի ծառայութեամբ զբաղած ենք, ան մեզի նեցուկ պիտի կանգնի։ Ամէն անգամ որ իր աջակցութիւնը շօշափենք, իրեն հանդէպ մեր վստահութիւնը աւելի պիտի զօրանայ, ու «հաստատուն եւ անշարժ» պիտի ըլլանք։ (Ա. Կորնթացիս 15։58) Մեր հաւատքը կը նորոգուի եւ մեր յոյսը կը հաստատուի։—Եփեսացիս 3։16-19
19 Զոհողութիւններ ընելու կամեցողութիւն. Պօղոս Յիսուսի հետեւելու համար՝ խոստմնալից ասպարէզ մը զոհեց։ Բացորոշ է թէ ան շիտակ ընտրութիւնը ըրաւ, թէպէտ նիւթական գետնի վրայ երբեմն նեղութիւն քաշեց։ (Ա. Կորնթացիս 4։11-13) Եհովա շռայլ կեանք չի խոստանար, եւ երբեմն իր ծառաները դժուարութիւններու կը մատնուին։ Մեր կենսաոճը պարզելու եւ զոհողութիւններ ընելու կամեցողութիւնը կ’ապացուցանէ Եհովայի ծառայելու մեր վճռակամութեան զօրութիւնը։—Ա. Տիմոթէոս 6։6-8
20. Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղ դնողին համար, համբերութիւնը ինչո՞ւ կենսական է։
20 Համբերութիւն. Յակոբոս աշակերտ հաւատակից Քրիստոնեաները յորդորեց. «Համբերո՛ղ եղէք, ե՛ղբայրներ, մինչեւ Տէրոջը գալուստը»։ (Յակոբու 5։7) Այս սրընթաց աշխարհին մէջ, դժուար է համբերող ըլլալ։ Կ’ուզենք որ ամէն բան արագօրէն տեղի ունենայ։ Բայց Պօղոս մեզ կը յորդորէ որ նմանինք անոնց, որ «հաւատքով ու համբերութիւնով խոստումները ժառանգեցին»։ (Եբրայեցիս 6։12) Եհովայի սպասելու կամեցողութիւնը ունեցիր։ Դրախտային երկրի վրայ յաւիտենական կեանք,– վստահաբար կ’արժէ անոր սպասել։
21. (ա) Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնելով ի՞նչ ցոյց կու տանք։ (բ) Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ պիտի քննարկէ։
21 Այո, առա՛ջ Թագաւորութիւնը խնդրելու Յիսուսի խրատը գործնական է։ Ասիկա ընելով ցոյց կու տանք թէ իրապէս Եհովայի կը վստահինք եւ կ’ընտրենք միակ ապահով ապրելակերպը։ Սակայն Յիսուս նաեւ մեզ խրատեց որ ‘առաջ խնդրենք Աստուծոյ արդարութիւնը’։ Յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ թէ ինչո՛ւ յատկապէս այսօր այդ յորդորանքին կարիք կայ։
Կրնա՞ս բացատրել
• Նիւթական բաներու առնչութեամբ, Յիսուս ի՞նչ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը քաջալերեց։
• Ուղտին ու ասեղին ծակին մասին Յիսուսի տուած օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։
• Քրիստոնէական ո՞ր յատկութիւնները մեզի կ’օգնեն որ առա՛ջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը խնդրենք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 23]
Յիսուսի ունկնդիրներէն շատեր աղքատ էին
[Նկար՝ էջ 25]
Հարուստ երիտասարդը իր ստացուածքները Աստուծմէ աւելի կը սիրէր
[Նկար՝ էջ 25]
Յիսուսի առակին մէջ յիշուած վաճառականը ամէն բան զոհեց՝ թանկագին մարգարիտի մը համար
[Նկար՝ էջ 26]
Եթէ Եհովայի ծառայութեամբ զբաղած ենք, ան մեզի նեցուկ պիտի կանգնի