Արդարութիւն փնտռելը մեզ պիտի պաշտպանէ
Արդարութիւն փնտռելը մեզ պիտի պաշտպանէ
‘Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ արդարութիւնը’։—ՄԱՏԹԷՈՍ 6։33
1, 2. Քրիստոնեայ երիտասարդուհի մը ի՞նչ որոշում կայացուց եւ ինչո՞ւ։
ԱՍԻՈՅ մէջ, Քրիստոնեայ երիտասարդուհի մը պետական մէկ գրասենեակին մէջ քարտուղարութիւն կ’ընէր։ Ան խղճամիտ էր,– կանուխ գործի կու գար եւ գործին ժամանակը չէր վատներ։ Սակայն իր գործը մնայուն չըլլալով, վերաքննութեան ենթարկուեցաւ։ Բաժանմունքին տնօրէնը երիտասարդուհիին ըսաւ թէ զինք մնայուն պաշտօնեայ կ’ընէ եւ նոյնիսկ իր դիրքը կը բարձրացնէ, պայմանաւ որ իրեն հետ անբարոյութիւն գործէ։ Ան բոլորովին մերժեց առաջարկը, աչք առնելով գործէն արձակուիլը։
2 Այդ Քրիստոնեայ երիտասարդուհին անիրատե՞ս էր։ Ո՛չ, ան բծախնդրաբար Յիսուսի խօսքին կը հետեւէր. ‘Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ արդարութիւնը’։ (Մատթէոս 6։33) Ան արդար սկզբունքներուն հետեւիլը նկատեց շա՜տ աւելի կարեւոր, քան՝ սեռային անբարոյութիւն գործելով ձեռք ձգուած որեւէ առաւելութիւն։—Ա. Կորնթացիս 6։18
Արդարութեան կարեւորութիւնը
3. Ի՞նչ է արդարութիւնը։
3 «Արդարութիւն»ը կը նշէ բարոյական ուղղամտութեան ու պարկեշտութեան վիճակ։ Աստուածաշունչին մէջ, Յունարէն ու Եբրայերէն բառերը կը հաղորդեն «ուղիղութեան» կամ «շիտակութեան» գաղափարը։ Անիկա ինքնարդարութիւն չէ,– մէկը ի՛ր չափանիշներով ինքզինք դատէ։ (Ղուկաս 16։15) Անիկա ուղիղութիւն է՝ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն։ Անիկա Աստուծո՛յ արդարութիւնն է։—Հռովմայեցիս 1։17. 3։21
4. Արդարութիւնը Քրիստոնեային համար ինչո՞ւ կարեւոր է։
4 Արդարութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է։ Քանի որ Եհովա՝ «արդար Աստուածը», իր ժողովուրդին կը հաճի երբ արդարութիւն կը գործեն։ (Սաղմոս 4։1, ՆԱ. Առակաց 2։20-22. Ամբակումայ 1։13) Անարդարութիւն գործող ոեւէ անհատ իրեն հետ սերտ յարաբերութիւն չի կրնար ունենալ։ (Առակաց 15։8) Ատոր համար Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսը յորդորեց. «Երիտասարդական ցանկութիւններէն ալ փախի՛ր ու գնա՛ արդարութեան [եւ այլ էական յատկութիւններու] ետեւէ»։ (Բ. Տիմոթէոս 2։22) Նաեւ ատոր համար Պօղոս «արդարութեան զրահը» պարփակեց, երբ թուեց մեր հոգեւոր սպառազինութեան զանազան մասերը։—Եփեսացիս 6։14
5. Անկատար արարածները ի՞նչպէս կրնան արդարութիւն փնտռել։
5 Անշուշտ ո՛չ մէկ մարդ բառին բուն առումով արդար է։ Բոլորն ալ Ադամէն անկատարութիւն կը ժառանգեն, եւ բոլորն ալ ի ծնէ մեղաւոր ու անարդար են։ Այսուհանդերձ Յիսուս ըսաւ թէ արդարութիւն պէտք է փնտռենք։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի է։ Յիսուս իր կատարեալ կեանքը տուաւ որպէս փրկանք մեզի համար, եւ այդ զոհագործութեան հաւատք ընծայելով, Եհովա մեր մեղքերը կը ներէ։ (Մատթէոս 20։28. Յովհաննու 3։16. Հռովմայեցիս 5։8, 9, 12, 18) Այդ հիման վրայ, երբ Եհովայի արդար չափանիշները կը սորվինք եւ զանոնք պահելու համար մեր լաւագոյնը կ’ընենք,– աղօթքով օգնութիւն խնդրելով մեր տկարութիւնները յաղթահարելու համար,– Եհովա մեր պաշտամունքը կ’ընդունի։ (Սաղմոս 1։6. Հռովմայեցիս 7։19-25. Յայտնութիւն 7։9, 14) Ասիկա ի՜նչ մխիթարական է։
Անարդար աշխարհի մը մէջ՝ արդար ըլլալ
6. Նախկին Քրիստոնեաներուն համար, աշխարհը ինչո՞ւ վտանգաւոր վայր մըն էր։
6 Երբ Յիսուսի աշակերտները «մինչեւ երկրին ծայրերը» իր վկաները ըլլալու յանձնարարութիւնը ստացան, անոնք դժուար կացութիւն մը Գործք 1։8) Անոնց նշանակուած ամբողջ թաղամասը Սատանայի՝ «չարին զօրութեան ներքեւ» էր։ (Ա. Յովհաննու 5։19, ՆԱ) Աշխարհը անոր յառաջացուցած չար հոգիով վարակուած էր եւ Քրիստոնեաները այս ապականիչ ազդեցութեան պիտի ենթարկուէին։ (Եփեսացիս 2։2) Ուստի իրենց համար աշխարհը վտանգաւոր վայր մըն էր։ Միայն առա՛ջ խնդրելով Աստուծոյ արդարութիւնը, անոնք պիտի կարենային տոկալ ու իրենց ուղղամտութիւնը պահել։ Մեծամասնութիւնը տոկաց, բայց ոմանք ‘արդարութեան ճամբայէն’ շեղեցան։—Առակաց 12։28. Բ. Տիմոթէոս 4։10
դիմագրաւեցին։ (7. Ի՞նչ պատասխանատուութիւններ կը պահանջեն որ Քրիստոնեան ապականիչ ազդեցութիւններու դիմադրէ։
7 Ներկայիս աշխարհը Քրիստոնեաներուն համար ապահո՞վ վայր մըն է։ Բնաւ երբեք։ Անիկա այժմ շա՜տ աւելի ապականած է, քան՝ առաջին դարուն։ Ասկէ զատ, Սատանան դէպի երկիր վռնտուած է եւ կատաղի պատերազմ կը մղէ օծեալ Քրիստոնեաներուն դէմ, կնոջ ‘միւս զաւակներուն հետ, որոնք Աստուծոյ պատուիրանները կը պահեն ու Յիսուսի վկայութիւնը ունին’։ (Յայտնութիւն 12։12, 17) Սատանան նաեւ կը յարձակի ոեւէ մէկու վրայ, որ այդ «զաւակներուն» թիկունք կը կանգնի։ Քրիստոնեաները չեն կրնար աշխարհէն պահուըտիլ։ Անոր մաս չկազմելով հանդերձ, անոնք ստիպուած են անոր մէջ ապրիլ։ (Յովհաննու 17։15, 16) Անոնք ստիպուած են անոր մէջ քարոզել, որպէսզի պարկեշտամիտ անհատներ գտնեն ու աշակերտեն։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Ուստի Քրիստոնեաները այս աշխարհի ապականիչ ազդեցութիւններուն պէտք է դիմադրեն։ Նկատի առնենք չորս ազդեցութիւն։
Անբարոյութեան որոգայթը
8. Իսրայելացիները ինչո՞ւ Մովաբացիներուն չաստուածները սկսան պաշտել։
8 Անապատին մէջ 40 տարի թափառիլը վերջանալու վրայ էր, երբ Իսրայելացիներէն շատեր արդարութեան ճամբայէն խոտորեցան։ Անոնք Եհովայի փրկութեան արարքներուն ականատես եղած էին եւ շուտով Խոստացեալ Երկիրը պիտի մտնէին։ Այսուհանդերձ, այդ ճակատագրական պահուն, անոնք սկսան Մովաբացիներուն չաստուածները պաշտել։ Ինչո՞ւ։ Անոնք «մարմնի ցանկութեան» անձնատուր եղան։ (Ա. Յովհաննու 2։16) Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Ժողովուրդը Մովաբի աղջիկներուն հետ սկսաւ պոռնկութիւն ընել»։—Թուոց 25։1
9, 10. Ներկայիս ո՞ր կացութիւնը կենսական կը դարձնէ որ մարմնաւոր սխալ ցանկութիւններուն ապականիչ ազդեցութիւնը միշտ ի մտի ունենանք։
9 Այս դէպքը կը յայտնէ թէ ի՛նչպէս մարմնաւոր սխալ ցանկութիւնները կրնան անզգոյշ անհատները ապականել։ Լաւ կ’ըլլայ որ անկէ դաս մը սորվինք, մանաւանդ քանի որ անբարոյութիւնը ներկայիս ընդհանուր առմամբ ընդունելի կենսաոճ կը նկատուի։ (Ա. Կորնթացիս 10։6, 8) Միացեալ Նահանգներէն տեղեկագրութիւն մը կ’ըսէ. «Մինչեւ շուրջ 1970, կենակցութիւնը [այսինքն՝ չամուսնացած զոյգ մը միասին ապրիլը] ապօրինի էր Ամերիկեան բոլոր նահանգներուն մէջ։ Այժմ անիկա սովորական է։ Առաջին անգամ ամուսնացողներուն կէսէն աւելին, նախապէս կը կենակցին»։ Այսպիսի անբարոյ սովորութիւններ միայն մէկ երկրի սահմանափակուած չեն։ Անոնք աշխարհի չորս կողմը գոյութիւն ունին, եւ տխրօրէն, կարգ մը Քրիստոնեաներ հոսանքին հետեւած են, նոյնիսկ քրիստոնէական ժողովքին մէջ իրենց կեցուածքը կորսնցնելով։—Ա. Կորնթացիս 5։11
10 Ասկէ զատ, ամէնուրեք անբարոյութիւնը կը քարոզուի։ Շարժապատկերներն ու հեռատեսիլի յայտագիրները կը թելադրեն թէ բոլորովին ընդունելի է որ պատանիներ ամուսնութենէն առաջ սեռային յարաբերութիւն ունենան։ Միասեռականութիւնը որպէս բնական կը ներկայացուի։ Իսկ կարգ մը յայտագիրներ բացայայտօրէն կը ցուցադրեն սեռային արարքները։ Համացանցն ալ զեղուն է դիւրամատչելի պոռնկագրութեամբ։ Օրինակ, լրագրի մը սիւնակագիրը տեղեկագրեց թէ իր եօթը տարեկան տղան դպրոցէն տուն գալով, խանդավառօրէն իրեն պատմեց թէ դպրոցակից մը ցանցակայքի մը հանդիպած էր, որ սեռային արարքներ գործող մերկ կիներ կը ցուցադրէ։ Հայրը սարսափեցաւ։ Սակայն քանի՞ երախաներ այսպիսի կայքեր այցելած են, առանց իրենց ծնողքին բան մը ըսելու։ Ասկէ զատ, քանի՞ ծնողներ գիտեն իրենց զաւակներուն խաղցած տեսաերիզի խաղերուն բովանդակութիւնը։ Ժողովրդական խաղերէն շատեր կը բովանդակեն զզուելի անբարոյութիւն, դիւապաշտութիւն ու բռնութիւն։
11. Ընտանիք մը ի՞նչպէս կրնայ աշխարհի անբարոյութենէն պաշտպանուիլ։
11 Ընտանիք մը ի՞նչպէս կրնայ այս նուաստացած «ժամանց»ին դիմադրել։ Առա՛ջ Աստուծոյ արդարութիւնը խնդրելով, մերժելով որեւէ անբարոյ բանի միջամուխ ըլլալ։ (Բ. Կորնթացիս 6։14. Եփեսացիս 5։3) Այն ծնողները որոնք իրենց զաւակներուն գործունէութեան վրայ կը վերահսկեն եւ անոնց մէջ Եհովայի ու իր արդար օրէնքներուն հանդէպ սէր կը քանդակեն, զանոնք կ’ամրապնդեն պոռնկագրութեան, պոռնկագրական տեսաերիզի խաղերու, անբարոյ շարժապատկերներու եւ այլ պիղծ փորձութիւններու դէմ։—Բ. Օրինաց 6։4-9 *
Շրջապատի ճնշումին վտանգը
12. Առաջին դարուն ի՞նչ խնդիր ծագեցաւ։
12 Երբ Փոքր Ասիոյ Լիւստրա քաղաքին մէջ էր, Պօղոս հրաշալիօրէն մարդ մը բուժեց։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Ժողովուրդը, երբ Պօղոսին ըրածը տեսաւ, ձայներնին վերցնելով՝ Լիկայոներէն ըսին. ‘Աստուածները մարդոց նմանութիւնով մեզի իջեր են’։ Բառնաբասը Դիոս կը կոչէին եւ Պօղոսը՝ Հերմէս, վասն զի անիկա էր գլխաւոր խօսողը»։ (Գործք 14։10, 11) Շատ չանցած, այս նոյն ամբոխը ուզեց Պօղոսն ու Բառնաբասը սպաննել։ (Գործք 14։18) Բացայայտ է թէ այդ մարդիկը շրջապատի ճնշումին շատ ընդունակ էին։ Այդպէս կը թուի թէ երբ այդ շրջանէն ոմանք Քրիստոնեայ դարձան, իրենց աւելորդապաշտական հակումներէն չձերբազատուեցան։ Կողոսայի մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս «հրեշտակներու պաշտամունք»ին դէմ զգուշացուց։—Կողոսացիս 2։18
13. Քրիստոնեան ո՞ր սովորութիւններէն պէտք է խուսափի եւ ասիկա ընելու համար ի՞նչպէս կրնայ զօրութիւն գտնել։
13 Ներկայիս ճշմարիտ Քրիստոնեաներն ալ պէտք է խուսափին այն ժողովրդական սովորութիւններէն, որոնք քրիստոնէական սկզբունքները բեկանող կրօնական սուտ գաղափարներու վրայ հիմնուած են։ Օրինակ, կարգ մը երկիրներու մէջ, ծննդեան ու մահուան հետ առնչուած բազմաթիւ սովորական արարողութիւններ հիմնուած են այն սուտին վրայ, թէ Ժողովողի 9։5, 10) Որոշ երկիրներու մէջ սովորութիւն է աղջնակներու սեռային գործարանները խեղել։ * Անիկա անգութ ու անհարկի սովորութիւն մըն է, որ իրենց զաւակներուն հանդէպ Քրիստոնեայ ծնողքին ցուցաբերելիք սիրալիր հոգատարութեան հետ աններդաշնակ է։ (Բ. Օրինաց 6։6, 7. Եփեսացիս 6։4) Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան համայնքի ճնշումներուն ընդդիմանալ եւ այսպիսի սովորութիւններ լքել։ Եհովայի հանդէպ լման վստահութիւն ունենալով։ (Սաղմոս 31։6) Արդար Աստուածը պիտի զօրացնէ եւ հոգայ զանոնք որ սրտանց իրեն համար կ’ըսեն. «Իմ ապաւէնս ու իմ բերդս է, իմ Աստուածս՝ որուն կը վստահիմ»։—Սաղմոս 91։2, ԱՎ. Առակաց 29։25
մահէն վերապրող հոգի մը ունինք։ (Եհովան մի՛ մոռնար
14. Իսրայելացիները Խոստացեալ Երկիր մտնելէ քիչ առաջ, Եհովա անոնց ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ։
14 Իսրայելացիները Խոստացեալ Երկիր մտնելէ քիչ առաջ, Եհովա զանոնք զգուշացուց որ զինք չմոռնան։ Ան ըսաւ. «Զգուշացի՛ր որ Տէրը, քու Աստուածդ, չմոռնաս՝ չպահելով անոր պատուիրանները, դատավճիռներն ու կանոնները, որ այսօր քեզի կը պատուիրեմ։ Երբ ուտես ու կշտանաս, վայելչագեղ տուներ կառուցանես եւ բնակիս անոնց մէջ, ու երբ արջառներդ եւ ոչխարներդ բազմանան, նաեւ արծաթդ ու ոսկիդ շատնան եւ ամբողջ ունեցածդ շատնայ, սիրտդ թող չգոռոզանայ ու մի՛ մոռնար Տէրը՝ քու Աստուածդ»։—Բ. Օրինաց 8։11-14, ԱՎ
15. Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովան չենք մոռնար։
15 Կարելի՞ է որ ներկայիս նման բան մը պատահի։ Այո՛, եթէ սխալ առաջնահերթութիւններ ունինք։ Առա՛ջ խնդրելով Աստուծոյ արդարութիւնը, մաքուր պաշտամունքը մեր կեանքին մէջ կարեւորագոյն բանը պիտի ըլլայ։ Պօղոսի յորդորանքին համաձայն, ‘ժամանակը ծախու պիտի առնենք’ եւ ստիպողականութեան զգացումով պիտի ծառայենք։ (Կողոսացիս 4։5. Բ. Տիմոթէոս 4։2) Սակայն եթէ ժողովներուն ներկայ գտնուիլը եւ դաշտի ծառայութիւնը մեզի համար աւելի նուազ կարեւոր են քան՝ զբօսանքը կամ հաճոյքը, կրնանք Եհովան մոռնալ,– մեր կեանքին մէջ զինք երկրորդական նկատել։ Պօղոս ըսաւ թէ վերջին օրերուն, մարդիկ պիտի ըլլային «աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։4) Անկեղծ Քրիստոնեաները կանոնաւորաբար իրենք զիրենք կը քննեն, վստահ ըլլալու համար թէ այդ մտածելակերպէն չեն ազդուած։—Բ. Կորնթացիս 13։5
Անկախ հոգիէ զգուշացի՛ր
16. Եւա եւ Պօղոսի օրերուն կարգ մը անհատներ ի՞նչ սխալ հոգի ցուցաբերեցին։
16 Եդեմի մէջ, Սատանան կրցաւ անկախ ըլլալու անձնասէր ցանկութիւնը արթնցնել Եւայի մէջ։ Եւա ուզեց շիտակի ու սխալի նկատմամբ իր անձնական որոշումները կայացնել։ (Ծննդոց 3։1-6) Առաջին դարուն, Կորնթոսի ժողովքին մէջ ոմանք համանման անկախ հոգի ունէին։ Անոնք խորհեցան թէ Պօղոսէ աւելի լաւ գիտէին, իսկ ան հեգնականօրէն զանոնք կոչեց՝ «ամենէն երեւելի առաքեալներ»։—Բ. Կորնթացիս 11։3-5. Ա. Տիմոթէոս 6։3-5
17. Ի՞նչպէս կրնանք անկախ հոգի զարգացնելէ խուսափիլ։
17 Ներկայ աշխարհին մէջ, շատեր ‘յանդուգն ու գոռոզ’ են, եւ կարգ մը Քրիստոնեաներ այդ մտածելակերպէն ազդուած են։ Ոմանք նոյնիսկ Բ. Տիմոթէոս 3։4. Փիլիպպեցիս 3։18) Երբ հարցը մաքուր պաշտամունքին կը վերաբերի, կենսական է որ առաջնորդութեան համար Եհովայի դիմենք եւ համագործակցինք «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին ու ժողովքի երէցներուն հետ։ Այս կերպով՝ արդարութիւն կը փնտռենք ու անկախ հոգի զարգացնելէ կը պաշտպանուինք։ (Մատթէոս 24։45-47. Սաղմոս 25։9, 10. Եսայեայ 30։21) Օծեալներուն ժողովքը «ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւն»ն է։ Եհովա զայն հայթայթած է՝ մեզ պաշտպանելու եւ առաջնորդելու համար։ (Ա. Տիմոթէոս 3։15) Անոր կենսական դերին գիտակցիլը պիտի օգնէ մեզի որ ‘բան մը սնապարծութեամբ չընենք’, Եհովայի արդար կամքին խոնարհաբար ենթարկուելով։—Փիլիպպեցիս 2։2-4. Առակաց 3։4-6
ճշմարտութեան հակառակորդներ դարձած են։ (Յիսուսը ընդօրինակէ՛
18. Մեզի քաջալերութիւն տրուած է որ Յիսուսը ի՞նչպէս ընդօրինակենք։
18 Աստուածաշունչը Յիսուսի մասին մարգարէաբար կ’ըսէ. «Արդարութիւնը կը սիրես ու անօրէնութիւնը կ’ատես»։ (Սաղմոս 45։7. Եբրայեցիս 1։9) Ընդօրինակուելիք ի՜նչ ընտիր կեցուածք։ (Ա. Կորնթացիս 11։1) Յիսուս ո՛չ միայն Եհովայի ուղիղ չափանիշները գիտէր, այլեւ կը սիրէր զանոնք։ Ուստի, երբ Սատանան անապատին մէջ զինք փորձեց, Յիսուս անվարանօրէն ու հաստատօրէն մերժեց ‘արդարութեան ճամբայէն’ շեղիլ։—Առակաց 8։20. Մատթէոս 4։3-11
19, 20. Արդարութիւն փնտռելու լաւ արդիւնքները ի՞նչ են։
19 Ճիշդ է որ մարմնին պիղծ ցանկութիւնները կրնան զօրաւոր ըլլալ։ (Հռովմայեցիս 7։19, 20) Բայց եթէ արդարութիւնը մեզի համար թանկագին է, ասիկա մեզ պիտի ամրացնէ չարութեան դէմ։ (Սաղմոս 119։165) Արդարութեան հանդէպ խոր սէրը մեզ պիտի պաշտպանէ, երբ փորձութիւն դիմագրաւենք։ (Առակաց 4։4-6) Մի՛ մոռնար թէ փորձութեան տեղի տալը, Սատանայի յաղթանակ շնորհել կը նշանակէ։ Որքա՜ն աւելի լաւ է անոր ընդդիմանալ եւ յաղթանակը Եհովայի շնորհել։—Առակաց 27։11. Յակոբու 4։7, 8
20 Ճշմարիտ Քրիստոնեաները արդարութիւն փնտռելով, «արդարութեան պտուղներով լեցուած [են] Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով՝ Աստուծոյ փառքին ու գովեստին համար»։ (Փիլիպպեցիս 1։10, 11) Անոնք «նո՛ր մարդը» կը հագնին, որ «ստեղծուած է արդարութեամբ եւ ճշմարիտ սրբութեամբ՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն»։ (Եփեսացիս 4։24, ԱՎ) Անոնք Եհովայի կը պատկանին եւ կ’ապրին իրեն ծառայելու, եւ ո՛չ թէ իրենց անձերը հաճեցնելու համար։ (Հռովմայեցիս 14։8. Ա. Պետրոս 4։2) Ասիկա է որ կը ղեկավարէ անոնց խորհուրդներն ու արարքները։ Անոնք իրենց երկնաւոր Հօր սիրտը որքա՜ն կ’ուրախացնեն։—Առակաց 23։24
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 11 Ընտանիքը անբարոյ ազդեցութիւններէ պաշտպանելու մասին, ծնողներուն ներկայացուած են արժէքաւոր թելադրութիւններ՝ Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը գիրքին մէջ, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
^ պարբ. 13 Իգական սեռային գործարաններու խեղումը նախապէս կը կոչուէր՝ էգերու թլփատութիւն։
Կրնա՞ս բացատրել
• Արդարութիւն փնտռելը ինչո՞ւ կենսական է։
• Անկատար Քրիստոնեան ի՞նչպէս կրնայ արդարութիւն փնտռել։
• Քրիստոնեան աշխարհի ո՞ր կարգ մը բաներէն պէտք է խուսափի։
• Արդարութիւն փնտռելը ի՞նչպէս կը պաշտպանէ մեզ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 28]
Յիսուսի հետեւորդներուն համար, աշխարհը վտանգաւոր վայր մըն էր
[Նկար՝ էջ 29]
Եհովան սիրել սորված երախաները անբարոյութեան դէմ ամրապնդուած պիտի ըլլան
[Նկար՝ էջ 30]
Իսրայելացիներէն ոմանք Եհովան մոռցան, Խոստացեալ Երկրին մէջ հարստանալէ ետք
[Նկար՝ էջ 31]
Յիսուսի նման, Քրիստոնեաները անօրէնութիւնը կ’ատեն