Բարին ի՛նչպէս պիտի յաղթէ չարին
Բարին ի՛նչպէս պիտի յաղթէ չարին
Դաւիթ թագաւոր առաքինի մարդ մըն էր։ Ան Աստուծոյ հանդէպ խոր սէր ունէր, արդարութեան հանդէպ՝ տենչ եւ խեղճ մարդոց հանդէպ՝ գուրգուրանք։ Այսուհանդերձ, ան իր վստահելի ծառային կնոջ՝ Բերսաբէի հետ շնութիւն գործեց։ Իսկ իմանալէ ետք թէ Բերսաբէ յղի է, Դաւիթ կարգադրեց անոր ամուսինին սպանութիւնը։ Ապա ան Բերսաբէի հետ ամուսնացաւ, փորձելով իր ոճիրները ծածկել։—Բ. Թագաւորաց 11։1-27
ԲԱՑԱՅԱՅՏ է թէ մարդիկ շատ բարիք ընելու կարողութիւնը ունին։ Ուստի անոնք ինչո՞ւ չափազանց չարիք կը գործեն։ Աստուածաշունչը հիմնական պատճառներ կը նշէ։ Անիկա նաեւ կը յայտնէ թէ Աստուած ի՛նչպէս Քրիստոս Յիսուսի միջոցով չարը միանգամ ընդմիշտ պիտի չքացնէ։
Չարութիւն գործելու հակում
Դաւիթ թագաւոր ինք չար արարքներուն մէկ պատճառը բնորոշեց։ Իր ոճիրները երեւան հանուելէ ետք, ան իր արարքներուն համար լման պատասխանատուութիւնը ընդունեց։ Ապա խղճահարութեամբ ան գրեց. «Ահա ես անօրէնութիւնով ծնայ ու իմ մայրս մեղքով յղացաւ զիս»։ (Սաղմոս 51։5) Բնաւ Աստուծոյ նպատակը չէր որ մայրեր մեղաւոր զաւակներ ծնանէին։ Սակայն երբ Եւա, ապա Ադամ ընտրեցին Աստուծոյ դէմ ըմբոստանալ, անոնք անմեղ զաւակներ ծնանելու կարողութիւնը կորսնցուցին։ (Հռովմայեցիս 5։12) Մինչ անկատար մարդկութիւնը բազմացաւ, բացայայտ դարձաւ թէ մարդը չարութիւն գործելու հակում ունի, ինչպէս Ծննդոց 8։21–ը կ’ըսէ թէ «մարդուն սրտին խորհուրդը իր մանկութենէն չար է»։
Եթէ չսանձուի, չարութեան հակումը կ’առաջնորդէ ‘պոռնկութեան, թշնամութիւններու, կռիւներու, նախանձներու, բարկութիւններու, հակառակութիւններու, երկպառակութիւններու, բաժանումներու, չար նայուածքներու’, եւ այլ քանդիչ վարքի, որ Աստուածաշունչը կը կոչէ Գաղատացիս 5։19-21) Դաւիթ թագաւորին պարագային, ան մարմնաւոր տկարութեան տեղի տուաւ եւ պոռնկութիւն գործեց, դուռ բանալով բռնարարքներու։ (Բ. Թագաւորաց 12։1-12) Ան կրնար իր անբարոյ հակումին դէմ դնել։ Բայց շարունակելով Բերսաբէի ցանկալ, Դաւիթ ըրաւ ի՛նչ որ հետագային Յակոբոս աշակերտ նկարագրեց. «Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած. անկէ յետոյ ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի եւ մեղքը որ կատարուի՝ մահ կը ծնանի»։—Յակոբու 1։14, 15
«մարմնին գործերը»։ (Նախորդ յօդուածին մէջ նշուած զանգուածային ոճիրը, բռնաբարութիւնն ու կողոպուտը ծայրայեղ օրինակներ են, որոնք ցոյց կու տան թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ մարդիկ թոյլ կու տան սխալ ցանկութիւններուն որ իրենց արարքները ղեկավարեն։
Տգիտութիւնը կը հրահրէ չարութիւնը
Պօղոս առաքեալի փորձառութիւնը ցցուն կ’ընէ երկրորդ պատճառ մը, թէ մարդիկ ինչո՛ւ չար բաներ կը գործեն։ Երբ Պօղոս մահացաւ, ան համբաւաւոր էր որպէս ազնիւ ու կարեկից մարդ մը։ Ան անձնուրացաբար իր Քրիստոնեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն ծառայութեան տրամադրուած էր։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։8, 9) Սակայն նախապէս երբ ճանչցուած էր Սօղոս անունով, ան այս խումբին դէմ ‘սպառնալիք եւ մահ կը փչէր’։ (Գործք 9։1, 2) Պօղոս նախկին Քրիստոնեաներուն դէմ գործուած չար արարքներուն ինչո՞ւ հանդուրժեց ու մասնակցեցաւ։ Ան կ’ըսէ. ‘անգիտութեան մէջ գտնուելով ըրի’։ (Ա. Տիմոթէոս 1։13, Երուսաղէմ) Այո, Պօղոս նախապէս ‘Աստուծոյ հանդէպ նախանձախնդիր էր, միայն թէ այս նախանձախնդրութիւնը հիմնուած չէր Աստուծոյ ճշմարիտ ծանօթութեան վրայ’։—Հռովմայեցիս 10։2, Անթիլիաս
Պօղոսի նման, բազմաթիւ անկեղծ մարդիկ չար արարքներ գործած են, որովհետեւ Աստուծոյ կամքին մասին ճշգրիտ գիտութիւն չունին։ Օրինակ, Յիսուս իր հետեւորդները զգուշացուց. «Ժամանակ ալ պիտի գայ, որ ամէն ո՛վ որ ձեզ սպաննէ, այնպէս պիտի սեպէ թէ Աստուծոյ պաշտամունք կը մատուցանէ»։ (Յովհաննու 16։2) Եհովայի այժմու Վկաները փորձառաբար գիտեն Յիսուսի խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը։ Շատ մը երկիրներու մէջ, անոնք հալածուած են եւ նոյնիսկ սպաննուած են՝ Աստուծոյ ծառայել դաւանող անհատներու կողմէ։ Բացորոշ է թէ այսպիսի սխալ նախանձախնդրութիւն չի հաճեցներ ճշմարիտ Աստուածը։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։6
Չարին ծագում տուողը
Յիսուս չարին գոյութեան գլխաւոր պատճառը բնորոշեց։ Իր խօսքը զինք սպաննել մտադրող կրօնական առաջնորդներուն ուղղելով, ան ըսաւ. «Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կ’ուզէք ընել։ Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր»։ (Յովհաննու 8։44) Սատանան անձնասէր պատճառներով Ադամն ու Եւան հրապուրեց որ Աստուծոյ դէմ ըմբոստանան։ Այդ ըմբոստութիւնը ամբողջ մարդկութեան վրայ մեղքն ու մահը բերաւ։
Յոբի հետ Սատանայի վերաբերած կերպը, ա՛լ աւելի քօղազերծեց անոր ատելավառ տրամադրութիւնը։ Երբ Եհովա Սատանայի արտօնեց Յոբի ուղղամտութիւնը փորձի ենթարկել, ան չգոհացաւ Յոբը զրկելով իր ստացուածքներէն, այլ նաեւ անոր տասը զաւակներուն մահուան պատճառ եղաւ։ (Յոբայ 1։9-19) Վերջին տասնամեակներուն, մարդկութիւնը աւելի շատ չարութիւն տեսած է մարդկային անկատարութեան ու տգիտութեան պատճառով, նաեւ քանի որ Սատանան մարդկային հարցերուն աւելի խառնուած է։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ Բանսարկուն «վար ձգուեցաւ . . . իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ»։ Նոյն մարգարէութիւնը ճշգրտօրէն նախագուշակեց թէ ասիկա «երկրին» աննախընթաց «վայ» պիտի բերէր։ Թէեւ Սատանան չի կրնար մարդիկը ստիպել որ չար արարքներ գործեն, սակայն ան ‘բոլոր աշխարհ մոլորեցնելու’ մէջ վարպետ է։—Յայտնութիւն 12։9, 12
Չարութիւն գործելու հակումը վերցնել
Որպէսզի չարութիւնը մարդկային ընկերութենէն վերջնականապէս չքացուի, պէտք է վերջ գտնեն՝ չարութիւն գործելու մարդուն բնածին հակումը, ճշգրիտ գիտութիւն չունենալը եւ Սատանայի ազդեցութիւնը։ Նախ, ի՞նչպէս կարելի է մեղք գործելու մարդուն բնածին հակումը իր սիրտէն հեռացնել։
Ո՛չ վիրաբոյժ մը, ո՛չ ալ մարդակերտ դեղ մը կրնայ այդ բանը ընել։ Սակայն Եհովա Աստուած ժառանգուած մեղքին ու անկատարութեան համար բուժում մը հայթայթած է բոլոր անոնց, որոնք կ’ուզեն զայն ընդունիլ։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Յիսուս Քրիստոսին արիւնը մեզ ամէն մեղքէ կը սրբէ»։ (Ա. Յովհաննու 1։7) Կատարեալ մարդը՝ Յիսուս կամաւորաբար իր կեանքը զոհելով, «մեր մեղքերը իր մարմնովը խաչափայտին վրայ վերցուց, որպէս զի մենք մեղքերէն ազատինք ու արդարութեան համար ապրինք»։ (Ա. Պետրոս 2։24) Յիսուսի զոհաբերական մահը, Ադամի չար արարքին հետեւանքները պիտի հակակշռէր։ Պօղոս կ’ըսէ թէ Քրիստոս Յիսուս «իր անձը ամենուն տեղ փրկանք տուաւ»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։6) Այո, Քրիստոսի մահուան շնորհիւ բոլոր մարդիկ պատեհութիւն ունին որ Ադամի կորսնցուցած կատարելութիւնը վերստին ձեռք ձգեն։
Սակայն թերեւս հարց տաս. ‘Եթէ 2,000 տարի առաջ Յիսուսի մահը կարելի դարձուց որ մարդկութիւնը վերստին կատարելութիւն ձեռք ձգէ, ինչո՞ւ չարութիւնն ու մահը տակաւին գոյութիւն ունին’։ Այս հարցումին պատասխանը կ’օգնէ չարութեան երկրորդ պատճառը վերցնելու,– Աստուծոյ նպատակներուն մասին մարդուն տգիտութիւնը։
Բարութիւնը ճշգրիտ գիտութեամբ կ’ուռճանայ
Չարութիւնը բնաջնջելու համար՝ այժմ Եհովայի ու Յիսուսի ըրած բաներուն մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգելը կրնայ անկեղծ անհատի մը օգնել, որ չար արարքներուն չհանդուրժէ կամ ‘Աստուծոյ դէմ չմարտնչի’։ (Գործք 5։38, 39) Եհովա Աստուած պատրաստ է՝ անցեալին տգիտութեամբ գործուած յանցանքները անտեսելու։ Աթէնքի մէջ խօսելով, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Աստուած տգիտութեան ատենները անտես ընելով՝ հիմա ամէն տեղ կը պատուիրէ բոլոր մարդոց, որ ապաշխարեն։ Վասն զի ինք օր մը սահմանեց, որուն մէջ աշխարհս արդարութեամբ պիտի դատէ այն մարդուն ձեռքով՝ որ որոշեց ու ամենուն հաւատացուց՝ զանիկա մեռելներէն յարուցանելով»։—Գործք 17։30, 31
Պօղոս իր փորձառութենէն գիտէր թէ Յիսուս յարութիւն առած էր, քանի որ յարուցեալ Յիսուս անձամբ իրեն հետ խօսեցաւ եւ զինք կասեցուց նախկին Քրիստոնեաները հալածելէ։ (Գործք 9։3-7) Անմիջապէս որ Պօղոս Աստուծոյ նպատակներուն մասին ճշգրիտ գիտութիւն ստացաւ, ան փոխուեցաւ եւ բարի անհատ մը դարձաւ, Քրիստոսը ընդօրինակելով։ (Ա. Կորնթացիս 11։1. Կողոսացիս 3։9, 10) Ասկէ զատ, Պօղոս ‘արքայութեան աւետարանը’ նախանձախնդրօրէն քարոզեց։ (Մատթէոս 24։14) Իր մահէն ու յարութենէն ետք, շուրջ 2,000 տարուան ընթացքին, Քրիստոս մարդկութեան մէջէն ընտրած է անհատներ, որոնք Պօղոսի նման իրեն հետ պիտի իշխեն Թագաւորութեան մէջ։—Յայտնութիւն 5։9, 10
Անցեալ դարուն ընթացքին եւ մինչեւ օրս, Եհովայի Վկաները նախանձախնդրօրէն Յիսուսի յանձնարարութիւնը կատարած են. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Այս պատգամին ընդառաջողները, Քրիստոսի երկնային կառավարութեան ներքեւ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը ունին։ Յիսուս ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3) Մէկու մը օգնել որ այս գիտութիւնը ձեռք ձգէ, մեծագոյն բարիքն է որ անհատ մը կրնայ ընել ուրիշին։
Թագաւորութեան բարի լուրը ընդունողները կը ցուցաբերեն այսպիսի յատկութիւններ՝ «սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն», հակառակ զիրենք շրջապատող չարութեան։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Յիսուսը ընդօրինակելով, անոնք ‘չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն չեն հատուցաներ’։ (Հռովմայեցիս 12։17) Անհատապէս անոնք կը ջանան ‘բարիով յաղթել չարին’։—Հռովմայեցիս 12։21. Մատթէոս 5։44
Չարին վերջնական նուաճումը
Մարդիկ առանձին երբեք պիտի չկարենան չարին գլխաւորաբար թիկունք կանգնողին՝ Բանսարկուին յաղթել։ Սակայն մօտ օրէն Եհովա պիտի գործածէ Յիսուսը որ Սատանայի գլուխը ջախջախէ։ (Ծննդոց 3։15. Հռովմայեցիս 16։20) Եհովա նաեւ Քրիստոս Յիսուսի հրահանգ պիտի տայ որ բոլոր քաղաքական դրութիւնները ‘փշրէ ու հատցնէ’, որոնցմէ շատեր պատմութեան ընթացքին ահռելի չարիքներ գործած են։ (Դանիէլ 2։44. Ժողովողի 8։9) Այս մօտալուտ դատաստանի օրուան ընթացքին, բոլոր անոնք որ ‘մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր, պիտի պատժուին յաւիտենական աւերումով’։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։8, 9. Սոփոնեայ 1։14-18
Անմիջապէս որ Սատանան ու իրեն թիկունք կանգնողները մէջտեղէն վերցուին, երկինքէն Յիսուս պիտի օգնէ վերապրողներուն, որ երկիրը իր սկզբնական վիճակին վերադարձնեն։ Քրիստոս նաեւ պիտի յարուցանէ բոլոր անոնք որ վերահաստատուած երկրին վրայ ապրելու պատեհութեան արժանի են։ (Ղուկաս 23։32, 39-43. Յովհաննու 5։26-29) Ասիկա ընելով, ան մարդկութեան կրած տառապանքին կարգ մը ազդեցութիւնները պիտի ոչնչացնէ։
Եհովա մարդիկը պիտի չստիպէ որ Յիսուսի մասին եղած բարի լուրին հնազանդին։ Սակայն ան մարդոց պատեհութիւն կու տայ որ կեանքի առաջնորդող գիտութիւնը ձեռք ձգեն։ Կենսական է որ հիմա՛ այս պատեհութենէն օգտուիս։ (Սոփոնեայ 2։2, 3) Ասիկա ընելով, պիտի սորվիս ի՛նչպէս գլուխ ելլել որեւէ չարիքի հետ, որ այժմ կեանքդ կը խամրեցնէ։ Նաեւ պիտի տեսնես թէ Քրիստոս ի՛նչպէս պիտի առաջնորդէ չարութեան դէմ տարուելիք վերջնական յաղթանակը։—Յայտնութիւն 19։11-16. 20։1-3, 10. 21։3, 4
[Նկար՝ էջ 5]
Սօղոս չար արարքներուն հանդուրժեց, քանի որ ճշգրիտ գիտութիւն չունէր
[Նկար՝ էջ 7]
Մէկու մը օգնելը որ Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգէ, մեծագոյն բարիքն է որ անհատ մը կրնայ ընել ուրիշին