Հիմա ժամանակն է վճռականօրէն գործելու
Հիմա ժամանակն է վճռականօրէն գործելու
«Դուք մինչեւ ե՞րբ երկու մտքի վրայ պիտի կաղաք»։—Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 18։21
1. Ի՞նչ բան մեր ժամանակը անցեալէն շատ տարբեր կը դարձնէ։
ԿԸ ՀԱՒԱՏԱ՞Ս թէ Եհովա միակ ճշմարիտ Աստուածն է։ Կը հաւատա՞ս նաեւ թէ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները մեր օրերուն կ’ակնարկեն որպէս Սատանայի չար դրութեան «վերջին օրերը»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Ուրեմն պիտի համաձայնիս թէ ամէն ժամանակէ աւելի, հիմա՛ վճռականօրէն գործելու կարիք կայ։ Մարդկային պատմութեան մէջ երբեք ա՛յսքան շատ կեանքեր վտանգի մէջ չեն եղած։
2. Աքաաբ թագաւորի իշխանութեան ընթացքին, Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան մէջ ի՞նչ տեղի ունեցաւ։
2 Հ.Դ.Ա. տասներորդ դարուն, Իսրայէլ ազգը լուրջ որոշում մը կայացնելու էր։ Անոնք որո՞ւ պիտի ծառայէին։ Աքաաբ թագաւոր, իր հեթանոս կնոջ՝ Յեզաբէլի ազդեցութեամբ, Բահաղի պաշտամունքը յառաջացուց Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան մէջ։ Բահաղ արգասաբերութեան չաստուած էր, որ ենթադրաբար անձրեւ ու առատ հունձք կ’ապահովէր։ Անոր երկրպագուներէն շատեր իր կուռքին համբոյր կը ղրկէին կամ կը ծնրադրէին։ Բահաղը մղելու որ իրենց բերքն ու խաշինքը օրհնէ, անոր երկրպագուները կռապաշտական պոռնկութեան վերապահուած անհատներու հետ անբարոյութիւն կը գործէին։ Անոնք նաեւ սովորութիւն ունէին որ իրենք զիրենք կտրատեն մինչեւ որ իրենց վրայ արիւն հոսի։—Գ. Թագաւորաց 18։28
3. Բահաղի պաշտամունքը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ։
3 Շուրջ 7,000 Իսրայելացիներ մերժեցին բաժին բերել այս կռապաշտ, անբարոյ ու վայրագ պաշտամունքին մէջ։ (Գ. Թագաւորաց 19։18) Անոնք հաւատարմօրէն կառչեցան Եհովա Աստուծոյ հետ իրենց ուխտեալ յարաբերութեան, իսկ ասոր համար հալածուեցան։ Օրինակ, Յեզաբէլ թագուհին Եհովայի մարգարէներէն շատեր սպաննեց։ (Գ. Թագաւորաց 18։4, 13) Այս դժուարին պարագաներուն պատճառով, Իսրայելացիներուն մեծամասնութիւնը միջդաւանական պաշտամունք մատուցանեց, փորձելով թէ՛ Եհովան եւ թէ Բահաղը հաճեցնել։ Բայց Իսրայելացիի մը համար հաւատուրացութիւն էր Եհովայէ հեռանալը եւ չաստուած մը պաշտելը։ Եհովա խոստացած էր Իսրայելացիները օրհնել, եթէ զինք սիրէին ու իր պատուիրաններուն հնազանդէին։ Ան նաեւ ազդարարած էր որ եթէ իրեն «բացարձակ պաշտամունք» չմատուցանէին, պիտի բնաջնջուէին։—Բ. Օրինաց 5։6-10. 28։15, 63
4. Յիսուս եւ իր առաքեալները ի՞նչ նախագուշակեցին թէ պիտի պատահէր Քրիստոնեաներուն մէջ եւ ասիկա ի՞նչպէս կատարուած է։
4 Ներկայիս Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ համանման կացութիւն մը գոյութիւն ունի։ Եկեղեցասէրներ կը դաւանին Քրիստոնեայ ըլլալ, բայց անոնց տօները, վարքը եւ հաւատալիքները Աստուածաշունչի ուսուցումներուն կը հակասեն։ Յեզաբէլի նման, Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները Եհովայի Վկաները հալածելու մէջ առաջնորդութիւն կ’առնեն։ Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները նաեւ երկար ժամանակ պատերազմներուն թիկունք կանգնած են, պատասխանատու ըլլալով միլիոնաւոր եկեղեցասէրներու մահուան։ Այսպիսի կրօնական աջակցութիւն աշխարհիկ կառավարութիւններուն, Աստուածաշունչին մէջ բնորոշուած է որպէս հոգեւոր պոռնկութիւն։ (Յայտնութիւն 18։2, 3) Ասկէ զատ, Քրիստոնեայ Աշխարհը հետզհետէ ա՛լ աւելի կը հանդուրժէ բառացի պոռնկութեան, նոյնիսկ իր կղերներուն մէջ։ Յիսուս Քրիստոս եւ իր առաքեալները այս մեծ հաւատուրացութիւնը նախագուշակեցին։ (Մատթէոս 13։36-43. Գործք 20։29, 30. Բ. Պետրոս 2։1, 2) Քրիստոնեայ Աշխարհի աւելի քան մէկ միլիառ յարողներուն ի՞նչ վախճան կը սպասէ։ Իսկ Եհովայի ճշմարիտ երկրպագուները ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին անոնց եւ սուտ կրօնքին կողմէ մոլորած միւս մարդոց հանդէպ։ Այս հարցումներուն յստակ պատասխանները կ’առնենք, քննելով այն շշմեցուցիչ իրադարձութիւնները, որոնցմով ‘Իսրայէլէն Բահաղը բնաջնջուեցաւ’։—Դ. Թագաւորաց 10։28
Աստուծոյ սէրը իր կամակոր ժողովուրդին հանդէպ
5. Եհովա ի՞նչպէս իր կամակոր ժողովուրդին հանդէպ սիրալիր հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց։
5 Իրեն անհաւատարիմ եղողները պատժելէն Եհովա Աստուած չ’ախորժիր։ Սիրալիր Հայր մը ըլլալով, ան կ’ուզէ որ չարերը զղջան ու դարձի գան։ (Եզեկիէլ 18։32. Բ. Պետրոս 3։9) Ուստի Եհովա բազմաթիւ մարգարէներ գործածեց Աքաաբի ու Յեզաբէլի օրերուն, Իր ժողովուրդը զգուշացնելու համար Բահաղի պաշտամունքին հետեւանքներէն։ Եղիան անոնցմէ մէկն էր։ Առաջուընէ ծանուցանուած կործանարար երաշտէ մը ետք, Եղիա Աքաաբ թագաւորին ըսաւ որ Կարմեղոս լերան վրայ հաւաքէ Իսրայելացիներն ու Բահաղի մարգարէները։—Գ. Թագաւորաց 18։1, 19
6, 7. (ա) Եղիա ի՞նչպէս յայտնեց Իսրայէլի հաւատուրացութեան բուն պատճառը։ (բ) Բահաղի մարգարէները ի՞նչ ըրին։ (գ) Եղիա ի՞նչ ըրաւ։
6 Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Եհովայի մէկ զոհասեղանին մօտ, որ ‘փլցուած’ էր՝ հաւանաբար Յեզաբէլը հաճեցնելու համար։ (Գ. Թագաւորաց 18։30) Ցաւօք սրտի, հոն գտնուող Իսրայելացիները վստահ չէին թէ ո՛վ հարկ եղած անձրեւը տեղացնելու կարողութիւն ունէր,– Եհովա՞ն թէ Բահաղը։ Բահաղը ներկայացուցին 450 մարգարէներ, իսկ Եհովան ներկայացուց միայն մէկ մարգարէ՝ Եղիան։ Անոնց բուն խնդիրը յայտնելով, Եղիա ժողովուրդին հարցուց. «Դուք մինչեւ ե՞րբ երկու մտքի վրայ պիտի կաղաք»։ Ապա, ան բացայայտօրէն հարցը նշեց. «Եթէ Եհովա Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք, իսկ եթէ Բահաղ Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք»։ Վարանոտ Իսրայելացիները մղելու որ Եհովայի բացարձակ պաշտամունք մատուցանեն, Եղիա աստուածութեան փորձ մը առաջարկեց։ Երկու զուարակ որպէս զոհ պիտի մատուցանուէին, մէկը Եհովայի համար, իսկ միւսը՝ Բահաղի։ Ճշմարիտ Աստուածը իր զոհը կրակով պիտի սպառէր։ Բահաղի մարգարէները իրենց զոհը պատրաստեցին, ապա երկար ժամեր կանչեցին. «Ո՛վ Բահաղ, մեզի պատասխան տուր»։ Երբ Եղիա սկսաւ զիրենք ծաղրել, անոնք իրենք զիրենք կտրատեցին մինչեւ որ իրենց վրայ արիւն հոսեցաւ, եւ բարձր ձայնով պոռացին, բայց պատասխան տուող չկար։—Գ. Թագաւորաց 18։21, 26-29
7 Այժմ Եղիայի կարգը եկաւ։ Նախ ան Եհովայի զոհասեղանը նորոգեց եւ անոր վրայ զուարակին կտորները դրաւ։ Ապա, ան հրամայեց որ չորս սափոր լեցուն ջուր թափեն ողջակէզին վրայ։ Ասիկա երեք անգամ ըրին, մինչեւ որ զոհասեղանը շրջապատող խրամը ջուրով լեցուեցաւ։ Եղիա աղօթեց. «Ո՛վ Եհովա Աստուած Աբրահամի, Իսահակի եւ Իսրայէլի, այսօր թող գիտցուի թէ Իսրայէլի մէջ դո՛ւն ես Աստուած ու ես քու ծառադ եմ եւ այս բոլոր բաները քու խօսքովդ ըրի։ Ինծի պատասխան տուր, ո՛վ Տէր, ինծի պատասխան տուր ու այս ժողովուրդը թող գիտնայ թէ դո՛ւն ես Աստուած, ո՛վ Տէր եւ թէ անոնց սիրտը ետ դարձնողը դո՛ւն ես»։—Գ. Թագաւորաց 18։30-37
8. Աստուած Եղիայի աղօթքին ի՞նչպէս պատասխանեց եւ մարգարէն ի՞նչ քայլ առաւ։
8 Ճշմարիտ Աստուածը պատասխանեց՝ երկինքէն կրակ իջեցնելով, որ ողջակէզն ու զոհասեղանը այրեց, իսկ խրամին մէջի ջուրն ալ լափեց։ Պահ մը երեւակայէ թէ ասիկա Իսրայելացիներուն վրայ ի՛նչ ազդեցութիւն ունեցաւ։ Անոնք «երեսի վրայ ինկան ու ըսին. ‘Եհովան է Աստուած, Եհովան է Աստուած’»։ Եղիա յաւելեալ վճռական քայլ մը առաւ, Իսրայելացիներուն հրամայելով. «Բահաղին մարգարէները բռնեցէք ու անոնցմէ մարդ մը թող չազատի»։ Ապա Բահաղի 450 մարգարէներն ալ Կարմեղոս լերան ստորոտը սպաննուեցան։—Գ. Թագաւորաց 18։38-40
9. Ճշմարիտ երկրպագուները տակաւին ի՞նչպէս փորձի ենթարկուեցան։
9 Այդ անմոռանալի օրը, Եհովա երկրի վրայ անձրեւ տեղացուց,– առաջին անգամ ըլլալով երեք ու կէս տարուան մէջ։ (Յակոբու 5։17, 18) Կրնաս երեւակայել Իսրայելացիներուն խօսակցութեան նիւթը, մինչ իրենց տուները կը վերադառնային. Եհովա իր աստուածութիւնը ջատագոված էր։ Սակայն Բահաղի երկրպագուները ձեռնթափ չեղան, եւ Յեզաբէլ շարունակեց Եհովայի ծառաները հալածել։ (Գ. Թագաւորաց 19։1, 2. 21։11-16) Այսպէս Աստուծոյ ժողովուրդին ուղղամտութիւնը դարձեալ փորձի ենթարկուեցաւ։ Անոնք Եհովայի բացարձակ պաշտամունք մատուցանած պիտի ըլլայի՞ն, երբ Բահաղի երկրպագուներուն դէմ իր դատաստանի օրը գար։
Հիմա՛ վճռականօրէն գործէ
10. (ա) Արդի ժամանակներուն, օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչ ըրած են։ (բ) Յայտնութիւն 18։4–ի մէջ գտնուած պատուէրին հնազանդիլը ի՞նչ կը նշանակէ։
10 Արդի ժամանակներուն, օծեալ Քրիստոնեաները Եղիայի գործին նման գործ մը կատարած են։ Տպագրուած էջով եւ բերանացի, անոնք Քրիստոնեայ Յայտնութիւն 18։4
Աշխարհին մաս կազմող եւ չկազմող բոլոր ազգերը զգուշացուցած են սուտ կրօնքի վտանգէն։ Որպէս արդիւնք, միլիոնաւորներ վճռական քայլ առնելով սուտ կրօնքին հետ իրենց կապերը խզած են։ Անոնք իրենց կեանքը Եհովայի նուիրած են ու Յիսուս Քրիստոսի մկրտուած աշակերտները եղած են։ Այո, անոնք սուտ կրօնքէն դուրս ելլելու վերաբերեալ Աստուծոյ ստիպողական կոչին անսացած են. «Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս, որպէս զի ատոր մեղքերուն հաղորդակից չըլլաք ու ատոր հարուածներէն բաժին չառնէք»։—11. Եհովայի հաճութիւնը վայելելու համար ի՞նչ բանի կարիք կայ։
11 Ուրիշ միլիոնաւոր, Եհովայի Վկաներուն հաղորդած աստուածաշնչական պատգամով հրապուրուած ըլլալով հանդերձ, դեռ վստահ չեն թէ ի՛նչ պէտք է ընեն։ Անոնցմէ ոմանք ատեն–ատեն քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ կը գտնուին, ինչպէս՝ Տէրունական Ընթրիքին կամ նահանգային համաժողովի նիստերուն։ Բոլոր այսպիսիները կը յորդորենք որ ուշադրութեամբ մտածեն Եղիայի խօսքին մասին. «Մինչեւ ե՞րբ երկու մտքի վրայ պիտի կաղաք»։ (Գ. Թագաւորաց 18։21) Փոխանակ տնտնալու, անոնք հիմա՛ վճռական քայլ պէտք է առնեն եւ նախանձախնդրաբար ջանան Եհովայի նուիրուած ու մկրտուած երկրպագու մը ըլլալ։ Անոնց յաւիտենական կեանքի հեռանկարը վտանգի տակ է։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-9
12. Կարգ մը մկրտուած Քրիստոնեաներ ի՞նչ վտանգաւոր վիճակի մէջ են եւ ի՞նչ պէտք է ընեն։
12 Ցաւալի է որ կարգ մը մկրտուած Քրիստոնեաներ իրենց պաշտամունքին մէջ անկանոն կամ անգործունեայ դարձած են։ (Եբրայեցիս 10։23-25. 13։15, 16) Ոմանք իրենց նախանձախնդրութիւնը կորսնցուցած են հետեւեալ պատճառներով. հալածանքի վախ, ապրուստ ճարելու մտահոգութիւն, հարստանալու ետեւէ ըլլալ կամ անձնասէր հաճոյքներու հետամուտ ըլլալ։ Յիսուս զգուշացուցած էր թէ այս բաները իր հետեւորդներէն ոմանք պիտի գայթակղեցնէին, խեղդէին եւ որոգայթի մէջ ձգէին։ (Մատթէոս 10։28-33. 13։20-22. Ղուկաս 12։22-31. 21։34-36) Փոխանակ ‘երկու մտքի վրայ կաղալու’, անոնք ‘նախանձախնդիր պէտք է ըլլան ու ապաշխարեն’, վճռական քայլ առնելով Աստուծոյ իրենց նուիրումը կատարելու համար։—Յայտնութիւն 3։15-19
Սուտ կրօնքի յանկարծական վախճանը
13. Նկարագրէ Իսրայէլի կացութիւնը, երբ Յէու թագաւոր օծուեցաւ։
13 Ինչ որ տեղի ունեցաւ Իսրայէլի մէջ, Կարմեղոս լերան վրայ աստուածութեան հարցը լուծուելէն շուրջ 18 տարի ետք, ցոյց կու տայ թէ ինչո՛ւ հրատապ է որ մարդիկ հիմա՛ վճռական քայլ առնեն։ Բահաղի պաշտամունքին դէմ Եհովայի դատաստանի օրը, յանկարծաբար ու անսպասելիօրէն եկաւ Եղիայի յաջորդին՝ Եղիսէի ծառայութեան ընթացքին։ Աքաաբ թագաւորին որդին՝ Յովրամ Իսրայէլի վրայ կ’իշխէր, իսկ Յեզաբէլ մայր թագուհին էր։ Եղիսէ գաղտնաբար իր ծառան ղրկեց ու Իսրայէլի բանակին սպարապետը՝ Յէուն, նոր թագաւոր օծեց։ Այդ ժամանակ Յէու Յորդանանի արեւելեան կողմն էր, Ռամովթ–Գաղաադի մէջ, եւ Իսրայէլի թշնամիներուն դէմ պատերազմ կը մղէր։ Յովրամ թագաւոր Մակեդդովի մօտ՝ Յեզրայէլի մէջ էր, իր վէրքերէն բուժուելու համար։—Դ. Թագաւորաց 8։29–9։4
14, 15. Յէու ի՞նչ յանձնարարութիւն ստացաւ եւ ի՞նչպէս ընդառաջեց։
14 Եհովա Յէուի հրամայեց. «Քու տիրոջդ Աքաաբին տունը պիտի զարնես, որպէս զի իմ ծառաներուս՝ մարգարէներուն՝ արիւնին ու Տէրոջը բոլոր ծառաներուն արիւնին վրէժը առնեմ Յեզաբէլէն։ Աքաաբին բոլոր տունը բնաջինջ պիտի ըլլայ . . . Յեզրայէլի ագարակին մէջ շուները Յեզաբէլը պիտի ուտեն ու զանիկա թաղող պիտի չըլլայ»։—Դ. Թագաւորաց 9։7-10
15 Յէու վճռական մարդ մըն էր։ Անյապաղ ան իր կառքը նստաւ ու Յեզրայէլ գնաց։ Յեզրայէլի մէկ դէտը Յէուի ընթացքը զատորոշեց եւ Յովրամ թագաւորին իմացուց։ Ան ալ իր կառքով դուրս ելաւ՝ Յէուն դիմաւորելու։ Երբ իրարու հանդիպեցան, Յովրամ հարցուց. «Ո՛վ Յէու, խաղաղութի՞ւն է»։ Յէու պատասխանեց. «Ի՞նչպէս խաղաղութիւն ըլլայ, քանի որ քու մօրդ Յեզաբէլին պոռնկութիւններն ու կախարդութիւնները կը շատնան»։ Ապա, թագաւորը փախչելէ առաջ, Յէու իր աղեղը քաշեց ու նետը ուղղեց անոր սիրտին, զայն սպաննելով։—Դ. Թագաւորաց 9։20-24
16. (ա) Յեզաբէլի ներքինիները յանկարծաբար ի՞նչ կացութիւն դիմագրաւեցին։ (բ) Յեզաբէլի վերաբերեալ Եհովայի խօսքը ի՞նչպէս կատարուեցաւ։
16 Առանց ժամանակ կորսնցնելու, Յէու իր կառքով դէպի քաղաք ուղղուեցաւ։ Չափազանց շպարուած Յեզաբէլ պատուհանէն նայեցաւ ու սպառնական խօսքով զինք բարեւեց։ Յէու զայն անտեսելով՝ զօրակցութիւն խնդրեց. «Ինծի հետ ո՞վ կայ, ո՞վ»։ Այժմ Յեզաբէլի ծառաները վճռական քայլ առնելու էին։ Երկու–երեք ներքինիներ Դ. Թագաւորաց 9։30-37
իրենց գլուխը պատուհանէն դուրս հանեցին։ Անմիջապէս անոնց հաւատարմութիւնը փորձի տակ դրուեցաւ, երբ Յէու հրամայեց. «Զանիկա վա՛ր նետեցէք»։ Անոնք Յեզաբէլը վար նետեցին, եւ Յէուի ձիերն ու կառքը զայն կոխկռտեցին։ Այսպէս Իսրայէլի մէջ Բահաղի պաշտամունքը հրահրողը իր արժանի վախճանին հասաւ։ Երբ զայն թաղելու գացին, արդէն շուները անոր մարմինը կերած էին, ինչպէս մարգարէացուած էր։—17. Յեզաբէլի վրայ Աստուծոյ դատաստանը, ո՞ր ապագայ դէպքին հանդէպ մեր հաւատքը պէտք է զօրացնէ։
17 «Մեծ Բաբելոն» անունը կրող այլաբանական պոռնիկը համանման ահռելի վախճան մը պիտի ունենայ։ Պոռնիկը կը ներկայացնէ Սատանայի աշխարհին սուտ կրօնքները, որոնք ծագում առած են վաղեմի Բաբելոն քաղաքին մէջ։ Սուտ կրօնքին կործանումէն ետք, Եհովա Աստուած իր ուշադրութիւնը պիտի դարձնէ Սատանայի աշխարհին ոչ–կրօնական տարրերը կազմող բոլոր մարդոց։ Անոնք ալ պիտի բնաջնջուին, ճամբան հարթելով արդար նոր աշխարհի մը։—Յայտնութիւն 17։3-6. 19։19-21. 21։1-4
18. Յեզաբէլի մահէն ետք, Իսրայէլի մէջ գտնուող Բահաղի երկրպագուներուն ի՞նչ պատահեցաւ։
18 Յեզաբէլի մահէն ետք, Յէու թագաւոր անյապաղ Աքաաբի ամբողջ զարմը եւ գլխաւոր համակիրները մեռցուց։ (Դ. Թագաւորաց 10։11) Բայց տակաւին բազմաթիւ Իսրայելացիներ կային, որոնք Բահաղը կը պաշտէին։ Անոնց նկատմամբ Յէու վճռական քայլ առաւ, ‘Տէրոջ համար իր ունեցած նախանձախնդրութիւնը’ ցոյց տալով։ (Դ. Թագաւորաց 10։16) Ինքզինք Բահաղի երկրպագու մը ձեւացնելով, Յէու մեծ տօնախմբութիւն մը կարգադրեց Բահաղի տան մէջ, որ Աքաաբ կառուցանած էր Սամարիոյ մէջ։ Իսրայէլի մէջ գտնուող բոլոր Բահաղի երկրպագուները տօնին ներկայ գտնուեցան։ Չկարենալով խոյս տալ, բոլորն ալ սուրի բերանէ անցան՝ Յէուի մարդոց ձեռքով։ Աստուածաշունչը պատմութիւնը կ’եզրափակէ՝ ըսելով. «Այսպէս Յէու Իսրայէլէն բնաջինջ ըրաւ Բահաղը»։—Դ. Թագաւորաց 10։18-28
19. Եհովայի հաւատարիմ երկրպագուներու «մեծ բազմութեան» ի՞նչ հոյակապ հեռանկար մը կը սպասէ։
19 Բահաղի պաշտամունքը Իսրայէլէն արմատահան եղաւ։ Նմանապէս, այս աշխարհի սուտ կրօնքները յանկարծական ու ահռելի վախճան մը պիտի ունենան։ Դատաստանի այդ մեծ օրուան ընթացքին, որո՞ւն կողքին պիտի ըլլաս։ Հիմա՛ վճռականօրէն գործէ, յուսալով «մեծ նեղութենէն» վերապրող «մեծ բազմութենէն» մէկը ըլլալու առանձնաշնորհումը ունենալ։ Այն ատեն պիտի կարենաս ուրախութեամբ յետադարձ ակնարկ մը նետել եւ Աստուած փառաբանել, քանի որ «դատեց այն մեծ պոռնիկ, որ իր պոռնկութիւնովը երկիրը ապականեց»։ Այլ ճշմարիտ երկրպագուներու հետ միացած, պիտի երկրորդես երկնային ձայներու տաղերգած խօսքը. «Ալէլուիա՜, վասն զի մեր Ամենակալ Տէր Աստուածը թագաւորեց»։—Յայտնութիւն 7։9, 10, 14. 19։1, 2, 6
Հարցումներ՝ խորհրդածութեան համար
• Վաղեմի Իսրայէլը ի՞նչպէս սկսաւ Բահաղը պաշտել։
• Աստուածաշունչը ի՞նչ մեծ հաւատուրացութիւն նախագուշակեց, եւ այդ մարգարէութիւնը ի՞նչպէս կատարուած է։
• Յէու Բահաղի պաշտամունքը ի՞նչպէս արմատահան ըրաւ։
• Աստուծոյ դատաստանի օրէն վերապրելու համար, ի՞նչ պէտք է ընենք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Քարտէս՝ էջ 19]
(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)
Սոքով
Ափէկ
Քեղկաթ
Յեկնամ
Մակեդդով
Թանաք
Դօթայիմ
ՍԱՄԱՐԻԱ
Ենդովր
Սունամ
Եփրա
Յեզրայէլ
Յեբղաամ (Գեթրեմօն)
Թերսա
Բեթսամիւս
Բեթսան
Գաղաադի Յաբիս (՞)
Աբէլմաուլա
Բեթարբէլ
Ռամովթ–Գաղաադ
Լեռնագագաթներ
Կարմեղոս լեռ
Թաբօր լեռ
Մօրէ
Գեղբուէ լեռ
[Ջրակոյտեր]
Միջերկրական ծով
Գալիլիայի ծովը
[Գետ]
Յորդանան գետ
[Աղբիւր եւ ջրհոր]
Հարօդի աղբիւրը
[Նկարին աղբիւրը]
Based on maps copyrighted by Pictorial Archive (Near Eastern History) Est. and Survey of Israel
[Նկար՝ էջ 20]
Յէուի նման, Եհովայի օրէն վերապրիլ ուզող բոլոր անհատները վճռական քայլ պէտք է առնեն