Չարը բարին շրջապատած է
Չարը բարին շրջապատած է
ՆԵՐԿԱՅ աշխարհին մէջ, այդպէս կը թուի թէ քիչե՛ր պատրաստ են ուրիշներու ի նպաստ զոհողութիւններ ընելու։ Սակայն ոմանք տակաւին կ’ուզեն ձեւով մը ուրիշներուն օգտել։ Ամէն տարի, բազմաթիւ անհատներ միլիառաւոր տոլարներ կը տրամադրեն իրենց սեպած լաւ դատերուն։ Օրինակ, 2002–ին Բրիտանիոյ մէջ, աննախընթաց կերպով 13 միլիառ ամերիկեան տոլար նուիրուեցաւ բարեգործական հաստատութիւններու։ Կարօտեալներուն օգնութեան համար, 1999–էն ի վեր տասը առատաձեռն մարդասէրներ տուած են կամ խոստացած են տալ՝ աւելի քան 38 միլիառ ամերիկեան տոլար։
Բարեսիրական գործիչներու կատարած կարգ մը բարի գործերը կը պարփակեն՝ քիչ եկամուտ ունեցող ընտանիքներուն բժշկական պարտամուրհակները վճարել, միածնողներու զաւակներուն կրթութիւն ապահովել, զարգացումի վրայ եղող երկիրներու մէջ ախտազերծումի արշաւներուն համար հիմնադրամ պատրաստել, երախաներուն յանձնել իրենց առաջին գիրքը, աղքատ երկիրներու մէջ հողագործներուն բազմասեր անասուններ հայթայթել եւ բնական աղէտներու զոհերուն նիւթական օգնութիւն հասցնել։
Վերոնշեալ իրողութիւնները ցոյց կու տան թէ մարդիկ ուրիշներուն բարիք ընելու կարողութիւնը ունին։ Սակայն ցաւալի է որ կան նաեւ մարդիկ, որոնք անպատում չարիքներ կը գործեն։
Չարութիւնը կ’աւելնայ
Բ. Աշխարհամարտը վերջ գտնելէն ի վեր, մօտաւորապէս 50 ցեղասպանութիւն եւ քաղաքական պատճառ ունեցող զանգուածային ոճիր արձանագրուած են։ Պարբերաթերթ մը (American Political Science Review) կ’ըսէ. «Այս դէպքերը առնուազն 12 միլիոն կեանք խլած են եւ աւելի քան 22 միլիոն քաղաքացիներ սպաննած են,– 1945–էն ի վեր ներքին ու միջազգային պատերազմներու բոլոր զոհերէն աւելի»։
Ի. դարու երկրորդ կէսին ընթացքին, Գամպոտիայի մէջ քաղաքական պատճառներով աւելի քան 2,2 միլիոն հոգի սպաննուեցաւ։ Ռուանտայի մէջ էթնիքական ատելութիւնը պատճառ եղաւ որ աւելի քան 800,000 տղամարդ, կին եւ մանուկ սպաննուին։ Պոսնիոյ մէջ կրօնական ու քաղաքական դրդումով տեղի ունեցած մարդասպանութիւնները աւելի քան 200,000 կեանք խլեցին։
Վերջերս կատարուած չարագործութիւններ բնորոշելով, Միացեալ Ազգերու ընդհանուր քարտուղարը 2004–ին ըսաւ. «Իրաքի մէջ, քաղաքացիներ անգթօրէն կը կոտորուին, իսկ օգնութիւն մատակարարող գործիչներ, լրագրողներ եւ այլ քաղաքացիներ պատանդ կը բռնուին ու ամենէն վայրագ մեթոտներով կը սպաննուին։ Միւս կողմէ, Իրաքցի բանտարկեալներ ամօթալիօրէն կ’անարգուին։ Տարֆորի մէջ,
բազմութիւններ կը տեղահանուին, անոնց տուները կը քանդուին, եւ բռնաբարութիւնը կը գործածուի որպէս դիտումնաւոր ռազմավարութիւն։ Ուկանտայի հիւսիսը, երախաներ կը հաշմուին եւ կը հարկադրուին բաժին բերել անպատում բռնարարքներու մէջ։ Պեսլանի մէջ, երախաներ պատանդ կը բռնուին ու անողորմօրէն կը ջարդուին»։Նոյնիսկ այդպէս կոչուած զարգացած երկիրներու մէջ, ատելաբար գործուած ոճիրները կ’աւելնան։ Օրինակ, 2004–ին լրագիր մը (Independent News) տեղեկագրեց թէ Բրիտանիոյ մէջ «վերջին տասնամեակին՝ ցեղային դրդումով կատարուած յարձակումներու զոհ գացողներուն թիւը տասնըմէկ անգամ աւելցած է»։
Շատ բարիք ընելու կարողութիւնը ունեցող մարդիկ ինչո՞ւ այսպիսի չար արարքներ կը գործեն։ Օրին մէկը չարիքէ զերծ պիտի ըլլա՞նք։ Ինչպէս յաջորդ յօդուածը ցոյց կու տայ, Աստուածաշունչը այս կնճռոտ հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխան կը հայթայթէ։