Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Աստուածաշունչի համարներու ամենահին մէջբերումը»

«Աստուածաշունչի համարներու ամենահին մէջբերումը»

«Աստուածաշունչի համարներու ամենահին մէջբերումը»

ՔՍԱՆՀԻՆԳ տարի առաջ, Իսրայելացի հնախոյզներ հոյակապ յայտնագործութիւն մը ըրին։ Երուսաղէմի մէջ, Ենովմի ձորին մէկ քարայրին մէջ անոնք գտան երկու փոքր արծաթէ մագաղաթներ, որոնք Աստուածաշունչի համարներ կը բովանդակէին։ Մագաղաթներուն թուականն էր՝ Հ.Դ.Ա. 607–ին Բաբելոնի ձեռքով Երուսաղէմի կործանումէն առաջ։ Անոնք կը մէջբերէին Թուոց 6։24-26–ի մէջ արձանագրուած օրհնութիւններէն մաս մը։ Երկու մագաղաթներն ալ մի քանի անգամ գործածած են Աստուծոյ անձնական անունը՝ Եհովա։ Անոնց մասին ըսուած է թէ «վաղեմի աշխարհէն մնացած ամենահին ձեռագործ իրերն են, որոնք Եբրայերէն Աստուածաշունչէն հատուածներ կը բովանդակեն»։

Սակայն կարգ մը ուսումնականներ տրուած թուականը հարցականի տակ դրին, պատճառաբանելով թէ մագաղաթները Հ.Դ.Ա. երկրորդ դարուն գրուած էին։ Այս տարակարծութեան պատճառներէն մէկը այն էր, թէ շատ փոքր մագաղաթներուն սկզբնական լուսանկարները խեղճ էին ու թոյլ չտուին որ մանրամասնութիւնները մօտէն քննուին։ Թուականին հարցը լուծելու համար, ուսումնականներու խումբ մը նոր ուսումնասիրութեան ձեռնարկեց։ Անոնք լուսանկարչական եւ համակարգչային նորագոյն արուեստագիտութիւնը գործածեցին, մագաղաթներուն թուանշային պատկերները արտադրելու համար։ Նոր վերլուծման արդիւնքը վերջերս հրատարակուեցաւ։ Անոնք ի՞նչ եզրակացութեան յանգեցան։

Նախ, ուսումնականները կը շեշտեն թէ հնագիտական տուեալները թիկունք կը կանգնին թուականի մը՝ որ բաբելոնական աքսորէն առաջ է։ Հնագրագիտական զննութիւնը,– որ կ’ուսումնասիրէ այբուբենը՝ անոր նախկին վիճակն ու կրած փոփոխութիւնները,– կը մատնանշէ նոյն ժամանակամիջոցը, այսինքն՝ Հ.Դ.Ա. եօթներորդ դարու վերջաւորութիւնը։ Իսկ վերջապէս, ուղղագրութիւնը նկատի առնելով, այս խումբ կ’եզրակացնէ. «Մագաղաթներուն թուականը որոշելու առնչութեամբ, անոնց ուղղագրական տուեալները ներդաշնակ են հնագիտական ու հնագրագիտական ապացոյցներուն հետ»։

Պարբերաթերթ մը (Bulletin of the American Schools of Oriental Research) կ’ամփոփէ արծաթէ մագաղաթներուն կամ Քէթէֆ Ենովմի գրութիւններուն ուսումնասիրութիւնը՝ հետեւեալ կերպով. «Այսպէս կրնանք բազմաթիւ ուսումնականներուն յանգած եզրակացութիւնը հաստատել, թէ այս մագաղաթները Աստուածաշունչի համարներու ամենահին մէջբերումը կը բովանդակեն»։

[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 32]

Cave: Pictorial Archive (Near Eastern History) Est.; inscriptions: Photograph © Israel Museum, Jerusalem; courtesy of Israel Antiquities Authority