Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի համբերութիւնը ընդօրինակէ՛

Եհովայի համբերութիւնը ընդօրինակէ՛

Եհովայի համբերութիւնը ընդօրինակէ՛

«Տէրը չի յապաղիր իր խոստումը գործադրելու մէջ, . . . հապա՝ համբերատար է»։—Բ. ՊԵՏՐՈՍ 3։9, ԱՎ

1. Եհովա ի՞նչ աննման պարգեւ մը ներկայացուցած է մարդոց։

ԵՀՈՎԱ մեզի առաջարկած է բան մը, որ ո՛չ ոք կրնայ մատուցանել։ Անիկա շատ հրապուրիչ ու թանկագին է, բայց ո՛չ կը գնուի, ո՛չ ալ կը շահուի։ Անիկա յաւիտենական կեանքի պարգեւն է,– շատերուս համար՝ դրախտային երկրի վրայ անվերջ կեանք վայելել։ (Յովհաննու 3։16) Ի՜նչ ցնծութիւն։ Չքացած պիտի ըլլան շատ վիշտ պատճառող բաները, ինչպէս՝ պայքարները, բռնութիւնը, աղքատութիւնը, ոճիրը, հիւանդութիւնը եւ նոյնիսկ մահը։ Աստուծոյ Թագաւորութեան սիրալիր իշխանութեան ներքեւ, մարդիկ կատարեալ խաղաղութեամբ ու միութեամբ պիտի ապրին։ Որքա՜ն կը տենչանք այդ Դրախտին։—Եսայեայ 9։6, 7. Յայտնութիւն 21։4, 5

2. Եհովա ինչո՞ւ տակաւին Սատանայի իրերու դրութիւնը մէջտեղէն չէ վերցուցած։

2 Եհովա ինք ալ անձկագին կը սպասէ այն ժամանակին, երբ երկրի վրայ Դրախտը պիտի հաստատէ, քանի որ արդարութիւնն ու իրաւունքը կը սիրէ։ (Սաղմոս 33։5) Ան հաճոյք չ’առներ դիտելով աշխարհ մը, որ իր արդար սկզբունքներուն հանդէպ անտարբեր կամ հակառակ է, իր հեղինակութիւնը կ’արհամարհէ ու իր ժողովուրդը կը հալածէ։ Այսուհանդերձ, վաւերական պատճառներով ան տակաւին Սատանայի իրերու չար դրութիւնը մէջտեղէն չէ վերցուցած։ Այդ պատճառները իր գերիշխանութիւնը պարփակող բարոյական հարցերու հետ կապ ունին, որոնց լուծման համար՝ յատկապէս գրաւիչ յատկութիւն մը կը ցուցաբերէ, որ ներկայիս շատեր չունին,– համբերութիւն։

3. (ա) Աստուածաշունչին մէջ «համբերութիւն» թարգմանուած Յունարէն ու Եբրայերէն բառերուն իմաստը ի՞նչ է։ (բ) Ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։

3 Աստուածաշունչի բնագրին մէջ Յունարէն բառ մը կայ, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «հոգիի երկարութիւն», եւ յաճախ թարգմանուած է՝ «երկայնամտութիւն» ու «համբերութիւն»։ Եբրայերէն եւ Յունարէն «համբերութիւն» բառը կը հաղորդէ ինքնազսպումի ու հանդարտաբարոյութեան գաղափարը։ Եհովայի համբերութիւնը ի՞նչպէս մեզի կ’օգտէ։ Եհովայի ու իր հաւատարիմ ծառաներուն համբերատարութենէն ի՞նչ կը սորվինք։ Ի՞նչպէս գիտենք թէ Եհովայի համբերութիւնը սահման ունի։

Եհովայի համբերութիւնը նկատի առ

4. Եհովայի համբերութեան վերաբերեալ, Պետրոս առաքեալ ի՞նչ գրեց։

4 Եհովայի համբերութեան վերաբերեալ, Պետրոս առաքեալ գրեց. «Սիրելինե՛ր, սա՛ մէ՛կ բանը թող թաքուն չմնայ ձեզմէ, թէ Տէրոջ քով՝ մէկ օրը հազար տարուան պէս է, ու հազար տարին՝ մէկ օրուան պէս։ Տէրը չի յապաղիր իր խոստումը գործադրելու մէջ, ինչպէս ոմանք յապաղած կը համարեն, հապա՝ համբերատար է մեզի հանդէպ. որովհետեւ կը փափաքի որ ո՛չ մէկը կորսուի, հապա՝ բոլորը ընդունին ապաշխարութիւնը»։ (Բ. Պետրոս 3։8, 9, ԱՎ) Հոս երկու կէտեր նշուած են, որոնք կրնան մեզի օգնել Եհովայի համբերութիւնը հասկնալու։

5. Ժամանակի նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը ի՞նչպէս կ’ազդէ իր գործերուն։

5 Առաջին կէտը այն է, թէ Եհովա ժամանակը տարբեր կերպով կը նկատէ։ Յաւիտեան Ապրողին համար՝ հազար տարին մէկ օրուան պէս է։ Ժամանակը զինք չի կաշկանդեր, ո՛չ ալ կը ճնշէ, բայց ան գործի լծուելու մէջ դանդաղ չէ։ Անսահման իմաստութիւն ունենալով, Եհովա ճշգրտօրէն գիտէ թէ խնդրոյ առարկայ բոլոր անհատներուն օգտին համար գործի լծուելու լաւագոյն ժամանակը ե՛րբ է, եւ համբերութեամբ անոր կը սպասէ։ Մինչ այդ, ան իր ծառաներուն տառապանքին հանդէպ անտարբեր չէ։ Ան «գթած ողորմութիւն» ունեցող Աստուած է,– սիրոյ մարմնացումը։ (Ղուկաս 1։78. Ա. Յովհաննու 4։8) Ան կրնայ ամբողջովին ու վերջնականապէս ջնջել որեւէ վնաս, որ տառապանքի այս ժամանակաւոր թոյլտուութիւնը կը պատճառէ։—Սաղմոս 37։10

6. Աստուծոյ նկատմամբ ի՞նչ բան պէտք չէ եզրակացնենք եւ ինչո՞ւ։

6 Անշուշտ դիւրին չէ սպասել բանի մը, որուն կը տենչանք։ (Առակաց 13։12) Երբ մէկը իր խոստումը արագօրէն չի կատարեր, ուրիշներ կրնան եզրակացնել թէ զայն յարգելու միտում չունի։ Բայց Աստուծոյ մասին այսպէս խորհիլը ի՜նչ անխոհեմութիւն է։ Եթէ Աստուծոյ համբերութիւնը յապաղում սեպենք, ժամանակին սահիլը դիւրաւ կրնայ պատճառ ըլլալ որ կասկածի ու վհատութեան տեղի տանք եւ հոգեւորապէս քնատ դառնանք։ Աւելի գէշը, թերեւս մեզ մոլորեցնեն անոնք, որոնցմէ Պետրոս զգուշացուց,– ծաղրողները, որոնք անհաւատ են ու հեգնաբար կ’ըսեն. «Ո՞ւր մնաց Քրիստոսի երկրորդ գալստեան խոստումը։ Մեր հայրերը մեռան եւ դեռ ամէն ինչ կը մնայ եղածին պէս, ինչպէս որ էր ստեղծագործութենէն ի վեր»։—Բ. Պետրոս 3։4, Անթիլիաս

7. Եհովայի համբերութիւնը ի՞նչպէս կապ ունի իր փափաքին հետ որ մարդիկ զղջան։

7 Երկրորդ կէտը այն է, թէ Եհովա համբերատար է քանի որ կը փափաքի որ բոլորը զղջան։ Անոնք որ յամառօրէն կը մերժեն իրենց վատ ընթացքէն հեռանալ, Եհովայի ձեռքով մահապատիժի պիտի ենթարկուին։ Սակայն Աստուած չարին մահէն չ’ախորժիր։ Ան կ’ուրախանայ երբ մարդիկ զղջան, իրենց գէշ ճամբաները լքեն ու շարունակեն ապրիլ։ (Եզեկիէլ 33։11) Ուստի ան համբերատար է եւ իր ծառաները կը ղրկէ որ աշխարհի տարածքին բարի լուրը յայտարարեն, այնպէս որ մարդիկ ողջ մնալու ամէն պատեհութիւն ունենան։

8. Իսրայէլ ազգին հետ Աստուծոյ գործառնութիւնները ի՞նչպէս կը յայտնեն իր համբերութիւնը։

8 Վաղեմի Իսրայէլ ազգին հետ Աստուծոյ գործառնութիւններն ալ կը յայտնեն իր համբերութիւնը։ Դարեր շարունակ ան անոնց անհնազանդութեան հանդուրժեց։ Իր մարգարէներուն միջոցով, կրկին անգամ զիրենք յորդորեց. «Ձեր չար ճամբաներէն դարձէ՛ք եւ իմ պատուիրանքներս ու կանոններս պահեցէ՛ք այն ամէն օրէնքին համեմատ, որ ձեր հայրերուն պատուիրեցի ու իմ ծառաներուս մարգարէներուն՝ միջոցով ձեզի ղրկեցի»։ Արդի՞ւնքը։ Ցաւօք սրտի, անոնք «մտիկ չըրին»։—Դ. Թագաւորաց 17։13, 14

9. Յիսուսի համբերութիւնը ի՞նչպէս իր Հօր համբերութիւնը արտացոլացուց։

9 Ի վերջոյ, Եհովա իր Որդին ղրկեց, որ անխոնջօրէն Հրեաներուն կոչ ըրաւ որ Աստուծոյ հետ հաշտուին։ Յիսուսի համբերութիւնը կատարելապէս արտացոլացուց իր Հօր համբերութիւնը։ Ստոյգ գիտնալով որ քիչ ետք պիտի սպաննուէր, Յիսուս ողբաց. «Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, որ կը կոտորէիր մարգարէները եւ կը քարկոծէիր Աստուծոյ քեզի ղրկած մարդիկը. քանի՜ անգամ ուզեցի որդիներդ հաւաքել, ինչպէս հաւը իր ձագերը կը հաւաքէ թեւերուն տակ, բայց դո՛ւք, Երուսաղէմի բնակիչներ, չուզեցիք»։ (Մատթէոս 23։37, Անթիլիաս) Այս սրտաշարժ խօսքերը դաժան դատաւորի մը խօսքերը չեն, որ անհատներ պատժելու մեծ ցանկութիւն ունի, հապա սիրալիր բարեկամի մը՝ որ մարդոց հետ համբերութեամբ կը վարուի։ Յիսուս իր երկնաւոր Հօր նման ուզեց որ մարդիկ զղջան ու աննպաստ դատավճիռէն խուսափին։ Ոմանք իր ազդարարութիւններուն ընդառաջեցին եւ ազատեցան այն ահռելի դատաստանէն, որ Հ.Դ. 70–ին Երուսաղէմի վրայ եկաւ։—Ղուկաս 21։20-22

10. Աստուծոյ համբերութիւնը ի՞նչ կերպով մեզի օգտած է։

10 Աստուծոյ համբերութիւնը սքանչելի բան մը չէ՞։ Մարդկութիւնը ընդհանուր առմամբ անհնազանդ ըլլալով հանդերձ, Եհովա իւրաքանչիւրիս եւ միլիոնաւորներու թոյլ տուած է որ զինք ճանչնանք ու փրկութեան յոյսը ընդունինք։ Պետրոս հաւատակից Քրիստոնեաներուն գրեց. «Փրկութի՛ւն համարեցէք մեր Տէրոջ համբերատարութիւնը»։ (Բ. Պետրոս 3։15, ԱՎ) Երախտապարտ չե՞նք որ Եհովայի համբերութիւնը մեր դիմաց փրկութեան ճամբան բացած է։ Չե՞նք աղօթեր որ Եհովա շարունակէ մեզի հետ համբերութեամբ վարուիլ, մինչ օրէ օր իրեն կը ծառայենք։—Մատթէոս 6։12

11. Եհովայի համբերութիւնը հասկնալով, պիտի մղուինք ի՞նչ ընելու։

11 Հասկնալով թէ Եհովա ինչո՛ւ համբերատար է, համբերութեամբ կը սպասենք իր բերելիք փրկութեան ու երբեք չենք եզրակացներ թէ կը յապաղի իր խոստումը գործադրելու մէջ։ (Ողբք 3։26) Մինչ կը շարունակենք Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուն համար աղօթել, վստահ ենք որ Աստուած գիտէ այս աղօթքին պատասխանելու լաւագոյն ժամանակը։ Ասկէ զատ, կը մղուինք Եհովան ընդօրինակելու, աստուածահաճոյ համբերութիւն ցուցաբերելով՝ մեր եղբայրներուն ու քարոզած մարդոց հետ մեր գործառնութեանց մէջ։ Մենք ալ չենք փափաքիր որ մէկը կորսուի, այլ՝ կ’ուզենք որ մարդիկ զղջան եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը ունենան։—Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4

Մարգարէներուն համբերութիւնը նկատի առ

12, 13. Յակոբու 5։10–ի համաձայն, Եսայի մարգարէն ի՞նչպէս համբերութիւն ցուցաբերեց։

12 Եհովայի համբերութիւնը նկատի առնելը կ’օգնէ մեզի որ այս յատկութիւնը ե՛ւ գնահատենք, ե՛ւ մշակենք։ Անկատար մարդոց համար դիւրին չէ համբերութիւն մշակել, բայց կարելի է։ Կրնանք Աստուծոյ վաղեմի ծառաներէն սորվիլ, ինչպէս Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Ե՛ղբայրներս, չարչարանքներու եւ համբերութեան համար օրինակ առէք մարգարէները, որոնք Տէրոջը անունովը խօսեցան»։ (Յակոբու 5։10) Մխիթարական ու քաջալերական է գիտնալ թէ ուրիշներ յաջողապէս դիմագրաւած են ի՛նչ որ մենք դիմագրաւելու ենք։

13 Օրինակ, Եսայի մարգարէն վստահաբար իր նշանակումին մէջ համբերութեան կարիք ունէր։ Եհովա ասիկա նշեց, անոր ըսելով. «Գնա՛, ըսէ՛ այս ժողովուրդին. ‘Շատ պիտի լսէք՝ բայց պիտի չհասկնաք, շատ պիտի տեսնէք՝ բայց պիտի չգիտնաք’։ Այս ժողովուրդին սիրտը ընդարմացո՛ւր, անոր ականջները ծանրացո՛ւր եւ աչքերը գոցէ՛, որպէսզի իր աչքերով չտեսնէ, ականջներով չլսէ, սիրտով չհասկնայ, եւ դարձի չգայ ու չբուժուի»։ (Եսայեայ 6։9, 10, ԱՎ) Ժողովուրդը չընդառաջելով հանդերձ, Եսայի առնուազն 46 տարի Եհովայի ազդարարական պատգամները համբերութեամբ յայտարարեց։ Նմանապէս, համբերութիւնը մեզի պիտի օգնէ բարի լուրի քարոզչութեան մէջ յարատեւելու, թէեւ շատեր ականջ չեն տար։

14, 15. Ի՞նչ բան Երեմիայի օգնեց նեղութիւններու եւ վհատութեան հետ գլուխ ելլելու։

14 Մարգարէները իրենց ծառայութեան ընթացքին նաեւ դիմագրաւեցին հալածանքը։ Երեմիա կոճղի մէջ դրուեցաւ, բանտարկուեցաւ եւ գուբ նետուեցաւ։ (Երեմեայ 20։2. 37։15. 38։6) Ան չարչարուեցաւ այն ժողովուրդին ձեռքով, որուն կ’ուզէր օգնել։ Սակայն ան ո՛չ դառնացաւ, ո՛չ ալ փորձեց վրէժ լուծել։ Ան տասնամեակներ շարունակ համբերութեամբ տոկաց։

15 Հալածանքն ու ծաղրանքը Երեմիան չլռեցուցին, եւ մեզ ալ չեն լռեցներ։ Անշուշտ, երբեմն կրնանք վհատիլ, ինչպէս Երեմիա վհատեցաւ։ Ան գրեց. «Տէրոջ խօսքը ամբողջ օրը նախատինքի եւ ծանակի կ’ենթարկէ զիս։ Եթէ ըսեմ. ‘Զինք պիտի չյիշատակեմ, անգա՛մ մըն ալ իր անունով պիտի չխօսիմ’, սիրտիս մէջ կրակ մը կը վառի, ու ոսկորներուս մէջ կը փակուի. զայն կրելու համար կը հիւծիմ, բայց չեմ կրնար»։ (Երեմեայ 20։8, 9, ԱՎ) Նկատէ թէ երբ ան ժողովուրդին հեգնանքին վրայ կեդրոնացաւ, իր ուրախութիւնը կորսնցուց, բայց երբ իր ուշադրութիւնը դարձուց պատգամին գեղեցկութեան ու կարեւորութեան, իր ուրախութիւնը վերարծարծուեցաւ։ Ասկէ զատ, Եհովա «զօրաւոր ախոյեանի պէս» Երեմիայի հետ էր, զինք զօրացնելով որ նախանձախնդրաբար ու խիզախօրէն Աստուծոյ խօսքը յայտարարէր։—Երեմեայ 20։11

16. Ի՞նչպէս կրնանք բարի լուրի քարոզչութեան մէջ մեր ուրախութիւնը պահպանել։

16 Երեմիա մարգարէն իր գործին մէջ ուրախութիւն գտա՞ւ։ Անտարակոյս։ Ան Եհովայի ըսաւ. «Երբ քու խօսքերդ գտայ՝ զանոնք կերայ. քու խօսքդ սիրտիս բերկրանք եւ ուրախութիւն եղաւ՝ որովհետեւ քու անունովդ կոչուեցայ, ո՛վ Տէր, զօրքերո՛ւ Աստուած»։ (Երեմեայ 15։16, ԱՎ) Երեմիա ճշմարիտ Աստուածը ներկայացնելու եւ անոր խօսքը քարոզելու իր առանձնաշնորհումին համար ուրախացաւ։ Մենք ալ կրնանք ցնծալ։ Ասկէ զատ, հրեշտակներուն նման, կ’ուրախանանք որ աշխարհի տարածքին շատեր Թագաւորութեան պատգամը կ’ընդունին, կը զղջան եւ յաւիտենական կեանքի ճամբային մէջ կը սկսին քալել։—Ղուկաս 15։10

«Յոբի համբերութիւնը»

17, 18. Յոբ ի՞նչպէս համբերեց, իսկ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

17 Վաղեմի մարգարէներուն մասին խօսելէ ետք, Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Դուք լսեցի՛ք Յոբի համբերութեան մասին, եւ տեսա՛ք Տէրոջ անոր շնորհած վախճանը, որովհետեւ Տէրը բազմագութ է, եւ արգահատող»։ (Յակոբու 5։11, ԱՎ) Հոս «համբերութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառը եւ նախորդ համարին մէջ «համբերութեան» Յունարէն բառը իրարմէ տարբեր են։ Անոնց տարբերութիւնը բացատրելով, ուսումնական մը գրեց. «Առաջինը կ’ակնարկէ այն համբերութեան, երբ մարդիկ մեզ կ’անարգեն, իսկ երկրորդը՝ այն համբերութեան, երբ դժուար պարագաներէ կը տառապինք առանց ձեռնթափ ըլլալու»։

18 Յոբ խորապէս տառապեցաւ։ Ան նիւթապէս սնանկացաւ, իր զաւակները կորսնցուց եւ ցաւալի հիւանդութեան մը բռնուեցաւ։ Զինք ճնշեցին սուտ ամբաստանութիւններ, թէ Եհովա զինք կը պատժէր։ Ան իր վիճակին համար ողբաց եւ նոյնիսկ հասկցուց թէ Աստուծմէ աւելի արդար էր։ (Յոբայ 35։2) Սակայն Յոբ երբեք իր հաւատքը չկորսնցուց եւ իր ուղղամտութիւնը չբեկանեց։ Ան Աստուծոյ չհայհոյեց, Սատանան յուսախաբ ընելով։ (Յոբայ 1։11, 21) Արդի՞ւնքը։ Եհովա «Յոբին վերջը առաջինէն աւելի օրհնեց»։ (Յոբայ 42։12) Եհովա անոր առողջութիւնը վերահաստատեց, անոր հարստութիւնը կրկնապատկեց, եւ անոր շնորհեց ճոխ ու երջանիկ կեանք մը՝ սիրելիներուն հետ։ Յոբ հաւատարմօրէն համբերելով կրցաւ նաեւ լիովին հասկնալ Եհովան։

19. Յոբի համբերատարութենէն ի՞նչ կը սորվինք։

19 Յոբի համբերատարութենէն ի՞նչ կը սորվինք։ Յոբի նման, կրնանք հիւանդութիւններէ կամ այլ դժուարութիւններէ տառապիլ։ Թերեւս լիովին չհասկնանք թէ Եհովա ինչո՛ւ կը թոյլատրէ որ այս կամ այդ փորձութեան ենթարկուինք։ Սակայն կրնանք վստահ ըլլալ որ եթէ հաւատարիմ մնանք, պիտի օրհնուինք։ Եհովա անկասկած զինք փնտռողները կը վարձատրէ։ (Եբրայեցիս 11։6) Յիսուս ըսաւ. «Ո՛վ որ տոկայ մինչեւ վախճանը՝ անիկա՛ պիտի փրկուի»։—Մատթէոս 10։22. 24։13, ԱՎ

‘Տէրոջ օրը պիտի գայ’

20. Ինչո՞ւ վստահ ենք թէ Եհովայի օրը պիտի գայ։

20 Թէեւ Եհովա համբերատար է, բայց նաեւ արդար է եւ չարութեան յաւիտեան պիտի չհանդուրժէ։ Իր համբերութիւնը սահման ունի։ Պետրոս գրեց. ‘Աստուած առաջուան աշխարհին չխնայեց’։ Այդ անբարեպաշտ աշխարհը ջրհեղեղով կործանեցաւ, միայն Նոյ ու իր ընտանիքը վերապրելով։ Եհովա նաեւ Սոդոմն ու Գոմորը դատապարտեց ու զանոնք մոխիրի վերածեց։ Այս դատաստանները «ամբարիշտ մարդոց օրինակ» են։ Մենք ստոյգ գիտենք թէ ‘Տէրոջ օրը պիտի գայ’։—Բ. Պետրոս 2։5, 6. 3։10

21. Ի՞նչպէս կրնանք մեր համբերութիւնը ցուցաբերել, իսկ յաջորդ յօդուածը ի՞նչ նիւթ նկատի կ’առնէ։

21 Արդ, թող Եհովայի համբերութիւնը ընդօրինակենք, ուրիշներուն օգնելով որ զղջան ու փրկուին։ Նաեւ թող ընդօրինակենք մարգարէները, համբերութեամբ բարի լուրը ծանուցանելով, թէեւ շատեր ականջ չեն տար։ Ասկէ զատ, կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա մեծապէս պիտի օրհնէ մեզ, եթէ Յոբի նման համբերենք փորձութիւններու ներքեւ եւ մեր ուղղամտութիւնը պահենք։ Միւս կողմէ, մեր ծառայութիւնը ուրախութեան աղբիւր է, մինչ կը նկատենք թէ ի՛նչպէս Եհովա առատապէս կ’օրհնէ բարի լուրի քարոզչութիւնը համայն աշխարհի մէջ, ինչպէս յաջորդ յօդուածը ցոյց կու տայ։

Կը յիշե՞ս

• Եհովա ինչո՞ւ համբերատար է։

• Մարգարէներուն համբերութենէն ի՞նչ կը սորվինք։

• Յոբ ի՞նչպէս համբերութիւն ցուցաբերեց, իսկ արդիւնքը ի՞նչ էր։

• Ի՞նչպէս գիտենք թէ Եհովայի համբերութիւնը սահման ունի։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 16]

Եհովա ի՞նչպէս վարձատրեց Երեմիայի համբերութիւնը

[Նկարներ՝ էջ 17]

Եհովա ի՞նչպէս վարձատրեց Յոբի համբերութիւնը