Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Նէեմեայ գիրքէն աչքառու կէտեր

Նէեմեայ գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Նէեմեայ գիրքէն աչքառու կէտեր

ԵԶՐԱՍԱՅ գիրքին վերջին նշած դէպքերուն վրայ 12 տարի անցած է։ «Երուսաղէմը նորէն շինելու հրամանը ելլել»ու վրայ է, որ կը նշէ Մեսիայի առաջնորդող 70 եօթնեակին սկիզբը։ (Դանիէլ 9։24-27) Նէեմեայ գիրքը կը պատմէ թէ ի՛նչպէս Աստուծոյ ժողովուրդը Երուսաղէմի պարիսպը վերակառուցանեց։ Անիկա աւելի քան 12 տարի կը ծածկէ,– Հ.Դ.Ա. 456–էն մինչեւ որոշ ժամանակ մը՝ Հ.Դ.Ա. 443–էն ետք։

Նէեմիա կառավարիչին կողմէ գրուած այս գիրքը, հետաքրքրաշարժ կերպով կը տեղեկագրէ թէ ի՛նչպէս ճշմարիտ պաշտամունքը կը բարձրացուի, երբ վճռակամ քայլերուն կը միանայ ամբողջական վստահութիւն Եհովա Աստուծոյ հանդէպ։ Անիկա յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ Եհովա հարցերը այնպէս մը կ’ուղղէ որ իր կամքը կատարուի։ Անիկա նաեւ զօրաւոր ու քաջարի առաջնորդի մը պատմութիւնն է։ Նէեմեայ գիրքին պատգամը բոլոր ճշմարիտ երկրպագուներուն համար թանկարժէք դասեր կը հայթայթէ, քանի որ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ»։—Եբրայեցիս 4։12

‘ՊԱՐԻՍՊԸ ԼՄՆՑԱՒ’

(Նէեմեայ 1։1–6։19)

Նէեմիա Շուշան մայրաքաղաքն է, վստահութիւն պահանջող դիրքի մը վրայ ծառայելով Արտաշէս Լոնկիմանուս թագաւորին։ Ան խորապէս կը խռովի, երբ կը լսէ թէ իր հայրենակիցները «մեծ նեղութեան ու անարգութեան մէջ են ու Երուսաղէմի պարիսպը փլած եւ անոր դռները կրակով այրուած են»։ Ան ջերմեռանդ աղօթքով Աստուծոյ առաջնորդութիւնը կը խնդրէ։ (Նէեմեայ 1։3, 4) Ժամանակ մը ետք, թագաւորը Նէեմիայի տխրութիւնը կը նկատէ եւ անոր կ’արտօնէ Երուսաղէմ երթալ։

Երուսաղէմ հասնելէ ետք, Նէեմիա գիշերուան մէջ պարիսպը կը զննէ, ապա Հրեաներուն կը յայտնէ պարիսպը վերակառուցանելու իր ծրագիրը։ Շինարարութիւնը կը սկսի, բայց անոր դէմ հակառակութիւն կը ծագի։ Նէեմիայի խիզախ առաջնորդութեան ներքեւ, ‘պարիսպը կ’աւարտի’։—Նէեմեայ 6։15

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։1. 2։1—Այս երկու համարներուն մէջ նշուած «քսաներորդ տարին» հաշուըւած է նո՞յն սկզբնական կէտէն։ Այս համարները կ’ակնարկեն Արտաշէս թագաւորին իշխանութեան 20–րդ տարուան։ Բայց հաշուելու տարբեր մեթոտներ գործածուած են։ Պատմական ապացոյցները կը յայտնեն թէ Արտաշէս Հ.Դ.Ա. 475–ին գահ բարձրացաւ։ Բաբելոնի դպիրները սովորաբար Պարսկաստանի թագաւորներուն իշխանութեան տարիները կը հաշուէին Նիսանէն Նիսան (Մարտ/Ապրիլ), ուստի Արտաշէսի իշխանութեան առաջին տարին սկսաւ Հ.Դ.Ա. 474–ի Նիսանին, իսկ Նէեմեայ 2։1–ի մէջ նշուած 20–րդ տարին՝ Հ.Դ.Ա. 455–ի Նիսանին։ Տրամաբանականօրէն, Նէեմեայ 1։1–ի մէջ նշուած Քասղեւ (Նոյեմբեր/Դեկտեմբեր) ամիսը, նախորդ տարուան՝ Հ.Դ.Ա. 456–ի Քասղեւն էր։ Նէեմիա կ’ըսէ թէ այս ամիսը նաեւ կ’իյնայ Արտաշէսի իշխանութեան 20–րդ տարուան մէջ։ Թերեւս այս պարագային, ան տարիները կը հաշուէր միապետին գահակալուած թուականէն սկսեալ, կամ՝ այն կերպով որ ներկայիս Հրեաները կը կոչեն քաղաքացիական տարի, որ կը սկսի Թիշրի ամսուն (Սեպտեմբեր/Նոյեմբեր)։ Ամէն պարագայի, Հ.Դ.Ա. 455–ին էր որ Երուսաղէմը վերաշինելու հրահանգը տրուեցաւ։

4։17, 18—Անհատ մը ի՞նչպէս կրնար իր մէկ ձեռքով վերակառուցանելու գործը կատարել։ Բեռնակիրը դիւրաւ կրնար իր գլխուն կամ ուսին վրայ դրուած բեռը մէկ ձեռքով հաւասարակշռել, մինչ «միւս ձեռքով զէնքը կը բռնէր»։ Կառուցանողը, որ իր գործը կատարելու համար իր երկու ձեռքերը կը գործածէր, «իր սուրը մէջքը կապած՝ կը գործէր»։ Եթէ թշնամին յարձակէր, անոնք պատրաստ էին անմիջապէս դէմ դնելու։

5։7—Նէեմիա ինչո՞ւ «ազնուականներն ու ոստիկանները յանդիմանեց»։ Այս մարդիկը իրենց ազգակիցներէն վաշխ կ’առնէին, Մովսիսական Օրէնքը բեկանելով։ (Ղեւտացւոց 25։36. Բ. Օրինաց 23։19) Ասկէ զատ, փոխ տուողները բարձր տոկոս կը պահանջէին։ Եթէ ամէն ամիս «հարիւրէն մէկը» կը պահանջուէր, ուրեմն տարեկան տոկոսը 12 առ հարիւր էր։ (Նէեմեայ 5։11) Ժողովուրդէն ասիկա պահանջելը անգթութիւն էր, քանի որ անոնք արդէն տուրքերու եւ ուտելիքի պակասի պատճառով ծանրաբեռնուած էին։ Ուստի Նէեմիա հարուստները յանդիմանեց, Աստուծոյ Օրէնքը գործածելով։

6։5—Սանաբաղատ ինչո՞ւ Նէեմիայի «բաց թուղթ» ուղարկեց, երբ գաղտնի նամակները սովորաբար կնքուած պարկի մէջ կը դրուէին։ Սանաբաղատ թերեւս մտադրած էր հանրածանօթ դարձնել բաց նամակին բովանդակած սուտ ամբաստանութիւնները, յուսալով որ Նէեմիա զայրանայ ու շինարարութիւնը կասեցնէ, որպէսզի ինքզինք պաշտպանէ։ Կամ, Սանաբաղատ թերեւս խորհեցաւ թէ նամակին բովանդակութիւնը ա՛յնքան պիտի վախցնէր Հրեաները, որ գործը բոլորովին պիտի դադրեցնէին։ Նէեմիա չվհատեցաւ եւ հանդարտօրէն շարունակեց Աստուծոյ կողմէ նշանակուած իր գործը։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։4. 2։4. 4։4, 5. Երբ դժուար պարագաներ դիմագրաւենք կամ կարեւոր որոշումներ պիտի կայացնենք, ‘ստէպ աղօթքի կենանք’ եւ աստուածպետական ուղղութեան հետ ներդաշնակ գործենք։—Հռովմայեցիս 12։12

1։11–2։8. 4։4, 5, 15, 16. 6։16. Եհովա իր ծառաներուն սրտաբուխ աղօթքներուն կը պատասխանէ։—Սաղմոս 86։6, 7

1։4. 4։19, 20. 6։3, 15. Թէեւ Նէեմիա քնքուշ զգացումներու տէր անհատ մըն էր, բայց ընտիր օրինակ հանդիսացաւ որպէս գործունեայ ու արդարութեան կողքին դիրք բռնող մարդ։

1։11–2։3. Նէեմիայի ուրախութեան գլխաւոր աղբիւրը մատռուակի պատուաւոր դիրքը չէր, այլ՝ ճշմարիտ պաշտամունքին յառաջդիմութիւնը։ Եհովայի պաշտամունքը եւ անոր յառաջացման նպաստող բաները մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը եւ ուրախութեան բուն աղբիւրը պէտք չէ՞ ըլլան։

2։4-8. Եհովա պատճառ եղաւ որ Արտաշէս Նէեմիայի արտօնէ Երուսաղէմ երթալ ու պարիսպը վերակառուցանել։ Առակաց 21։1–ը կ’ըսէ. «Թագաւորին սիրտը ջուրի վտակներու պէս է Տէրոջ ձեռքին մէջ, զանիկա ո՛ր կողմը ուզէ կը դարձնէ»։

3։5, 27. Ճշմարիտ պաշտամունքին ի նպաստ կատարուած աննշան աշխատանքները մեր արժանապատուութիւնը նուաստացնող բաներ պէտք չէ նկատենք, ինչպէս Թեկուացիներուն «մեծերը» ըրին։ Կրնանք հասարակ Թեկուացիները ընդօրինակել, որոնք յօժարափոյթ աշխատեցան։

3։10, 23, 28-30. Թէեւ ոմանք կրնան փոխադրուիլ հո՛ն՝ ուր Թագաւորութիւնը ծանուցանողներու աւելի մեծ կարիք կայ, բայց շատերս ճշմարիտ պաշտամունքին թիկունք կը կանգնինք մեր տան մօտ, Թագաւորութեան Սրահներու շինարարութեան եւ շտապ օգնութեան մէջ բաժին բերելով եւ գլխաւորաբար Թագաւորութեան քարոզչութեան մասնակցելով։

4։14. Երբ հակառակութիւն դիմագրաւենք, մենք ալ կրնանք վախը յաղթահարել, ի մտի ունենալով «Տէրը, որ մեծ ու ահեղ է»։

5։14-19. Քրիստոնեայ տեսուչներուն համար, Նէեմիա կառավարիչը խոնարհութեան, անձնազոհութեան ու խոհականութեան հոյակապ օրինակ մըն է։ Աստուծոյ Օրէնքը պարտադրելու մէջ նախանձախնդիր ըլլալով հանդերձ, ան չփորձեց անձնասէր շահերու համար ուրիշներու վրայ տիրել։ Ան հարստահարութիւն կրողներով ու աղքատներով հետաքրքրուեցաւ։ Առատաձեռն ըլլալու մէջ, Նէեմիա Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն համար ուշագրաւ օրինակ մը հանդիսացաւ։

«Ո՛Վ ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՄ, ԶԻՍ ՔԱՂՑՐՈՒԹԵԱՄԲ ՅԻՇԷ՛»

(Նէեմեայ 7։1–13։31)

Երուսաղէմի պարիսպը ամբողջանալէն անմիջապէս ետք, Նէեմիա դռները կը կանգնեցնէ ու քաղաքին ապահովութեան համար կարգադրութիւններ կ’ընէ։ Ան կը սկսի ժողովուրդին ծննդաբանական արձանագրութիւնը պատրաստել։ Ամբողջ ժողովուրդը «Ջուրի դրանը առջեւի հրապարակը» հաւաքուելով, Եզրաս քահանան Մովսէսի Օրէնքին գիրքը կը կարդայ, իսկ Նէեմիա ու Ղեւտացիները կը բացատրեն զայն։ (Նէեմեայ 8։1) Ապա անոնք Տաղաւարահարաց Տօնը ուրախութեամբ կը տօնակատարեն։

Այլ համախմբումի մը ընթացքին, «Իսրայէլի որդիները» իրենց ազգին մեղքերը կը խոստովանին, Ղեւտացիները Իսրայէլի հետ Աստուծոյ գործառնութիւնները վերաքաղ կ’ընեն, եւ ժողովուրդը երդում կ’ընէ որ «Աստուծոյ օրէնքին մէջ քալեն»։ (Նէեմեայ 9։1, 2. 10։29) Երուսաղէմի բնակչութիւնը աւելցնելու համար վիճակ կը ձգուի, որպէսզի քաղաքէն դուրս բնակող ամէն 10 անհատէն մէկը Երուսաղէմ փոխադրուի։ Ապա պարիսպին նաւակատիքը տեղի կ’ունենայ եւ ‘Երուսաղէմի ուրախութիւնը մինչեւ հեռու տեղեր կը լսուի’։ (Նէեմեայ 12։43) Իր գալէն տասներկու տարի ետք, Նէեմիա Երուսաղէմը կը թողու եւ Արտաշէսի քով իր ունեցած պաշտօնին կը վերադառնայ։ Շատ չանցած, անմաքրութիւնը կը սպրդի Հրեաներուն մէջ։ Երուսաղէմ վերադառնալով, Նէեմիա վճռական քայլեր կ’առնէ՝ կացութիւնը սրբագրելու համար։ Ան իր անձին համար խոնարհաբար կը խնդրէ. «Ո՛վ Աստուած իմ, զիս քաղցրութեամբ յիշէ՛»։—Նէեմեայ 13։31

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

7։6-67—Զօրաբաբէլի հետ Երուսաղէմ վերադարձող մնացորդին նկատմամբ, ինչո՞ւ Նէեմիա եւ Եզրաս տարբեր անձեր ցուցակագրած են։ (Եզրասայ 2։1-65) Թերեւս պատճառը այն է թէ Եզրաս ու Նէեմիա տարբեր աղբիւրներ գործածեցին։ Օրինակ, վերադառնալ մտադրողներուն անուանացանկը հաւանաբար տարբեր էր վերադարձողներուն անուանացանկէն։ Միւս կողմէ, թերեւս կարգ մը Հրեաներ որոնք սկիզբը չկրցան իրենց ծննդաբանութիւնը հաստատել, հետագային այս մէկը ըրին։ Եզրասի ու Նէեմիայի արձանագրութիւնները կէտի մը շուրջ համաձայն են. առաջին հայրենադարձներուն թիւը 42,360 էր, ստրուկներէն ու երգիչներէն զատ։

10։34—Ինչո՞ւ ժողովուրդէն պահանջուեցաւ փայտ բերել։ Մովսիսական Օրէնքին մէջ փայտի մատուցում պահանջուած չէր։ Կարիքը պատճառ եղաւ որ այս պահանջը դրուի։ Զոհասեղանին վրայ զոհերը այրելու համար, մեծաքանակ փայտ կը սպառուէր։ Ըստ երեւոյթին, տաճարին մէջ ծառայող ոչ–Իսրայելացի Նաթանայիմներուն թիւը քիչ էր։ Ուստի վիճակ ձգուեցաւ, բաւարար փայտ ապահովելու համար։

13։6—Նէեմիա որքա՞ն ժամանակ Երուսաղէմէ հեռու էր։ Աստուածաշունչը միայն կ’ըսէ թէ «ժամանակէ մը յետոյ», Նէեմիա թագաւորէն արտօնութիւն առաւ ու Երուսաղէմ վերադարձաւ։ Ուստի անկարելի է գիտնալ թէ ան որքա՛ն ժամանակ բացակայ էր։ Երբ Երուսաղէմ վերադարձաւ, Նէեմիա նկատեց թէ քահանայութեան հարկ եղած աջակցութիւնը չէր տրուեր եւ Շաբաթի օրէնքը չէր պահուեր։ Շատեր օտար կիներու հետ ամուսնացած էին եւ անոնց զաւակները Եբրայերէն խօսիլ չէին գիտեր։ Կացութեան ա՛յսքան վատթարանալը կը թելադրէ թէ Նէեմիայի բացակայութիւնը երկար ժամանակ էր։

13։25, 28—Հաւատուրաց Հրեաները ‘յանդիմանելէ’ զատ, Նէեմիա ուրիշ ի՞նչ սրբագրիչ քայլեր առաւ։ Նէեմիա «զանոնք նզովեց», այսինքն՝ անոնց ուղղեց Աստուծոյ Օրէնքին մէջ յիշուած դատաստանները։ Ան «անոնցմէ մէկ քանին ծեծեց», թերեւս անոնց դէմ դատական վճիռ արձակելով։ Իսկ իր ցասումին առ ի խորհրդանշան, ան ոմանց ‘մազերը փետտեց’։ Ան նաեւ Եղիասիբ քահանայապետին թոռը վռնտեց, որ Որոնացի Սանաբաղատի փեսան էր։

Դասեր՝ մեզի համար.

8։8. Որպէս Աստուծոյ Խօսքը ուսուցանողներ, զայն ‘կը մեկնենք’՝ լաւ հնչականութիւն եւ իմաստի շեշտ գործածելով, ինչպէս նաեւ Սուրբ Գրութիւնները ճշգրտօրէն բացատրելով ու անոնց կիրարկումը յստակ դարձնելով։

8։10. Անհատը «Տէրոջը ուրախութիւնը» կը վայելէ, իր հոգեւոր կարիքին գիտակցելով եւ զայն գոհացնելով ու աստուածպետական ուղղութեան հետեւելով։ Որքա՜ն կենսական է որ ժրաջանօրէն Աստուածաշունչը ուսումնասիրենք, կանոնաւորաբար քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուինք եւ նախանձախնդրաբար Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մասնակցինք։

11։2. Ժառանգական ինչքը ձգելով Երուսաղէմ փոխադրուիլը կը պարփակէր անձնական ծախսեր եւ որոշ անպատեհութիւններ։ Ասիկա ընելու յօժար եղողները անձնուրաց հոգի մը ցուցաբերեցին։ Մենք ալ կրնանք նոյն հոգին ցոյց տալ, երբ համաժողովներուն եւ այլ առիթներով ուրիշներու ծառայութիւններ մատուցանելու պատեհութիւն ներկայանայ։

12։31, 38, 40-42. Երգելը Եհովան փառաբանելու եւ մեր երախտագիտութիւնը իրեն յայտնելու ընտիր կերպ մըն է։ Քրիստոնէական ժողովներուն ամբողջ սիրտով պէտք է երգենք։

13։4-31. Արթուն պէտք է ըլլանք որ նիւթապաշտութիւնը, փտածութիւնը եւ հաւատուրացութիւնը մեր կեանքէն ներս չթափանցեն։

13։22. Նէեմիա շատ լաւ գիտէր թէ Աստուծոյ համարատու էր։ Մենք ալ պէտք է գիտակցինք թէ Եհովայի հաշիւ պիտի տանք։

Եհովայի օրհնութիւնը էական է

Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Եթէ Տէրը չշինէ տունը, զուր տեղ կ’աշխատին անոր շինողները»։ (Սաղմոս 127։1) Նէեմեայ գիրքը ի՜նչ գեղեցիկ կերպով կը լուսաբանէ այս խօսքին ճշմարիտ ըլլալը։

Դասը յստակ է։ Եթէ կ’ուզենք որ մեր մէկ ձեռնարկը յաջողի, Եհովայի օրհնութիւնը պէտք է ունենանք։ Առանց ճշմարիտ պաշտամունքը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելու, իրապէս կրնա՞նք ակնկալել որ Եհովա մեզ օրհնէ։ Արդ, Նէեմիայի նման, թող Եհովայի պաշտամունքը եւ անոր յառաջդիմութիւնը մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը դարձնենք։

[Նկար՝ էջ 28]

«Թագաւորին սիրտը ջուրի վտակներու պէս է Տէրոջ ձեռքին մէջ»

[Նկար՝ էջ 29]

Գործունեայ եւ քնքուշ զգացումներու տէր Նէեմիան Երուսաղէմ կու գայ

[Նկարներ՝ էջ 30]

Գիտե՞ս ի՛նչպէս Աստուծոյ Խօսքը ‘մեկնաբանել’