Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եսթերայ գիրքէն աչքառու կէտեր

Եսթերայ գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Եսթերայ գիրքէն աչքառու կէտեր

ԾՐԱԳՐԻՆ ձախողութիւնը անկարելի է։ Հրեաները բոլորովին պիտի ջարդուին։ Կանխորոշ օրուան մը մէջ, Հնդկաստանէն մինչեւ Եթովպիա տարածուող կայսրութեան մէջ ապրող բոլոր Հրեաները պիտի բնաջնջուին։ Այսպէս կը խորհի ծրագրողը։ Սակայն անոր միտքէն կարեւոր կէտ մը վրիպած է։ Երկինքի Աստուածը կրնայ իր ընտրեալ ժողովուրդը որեւէ վտանգաւոր կացութենէ ազատել։ Այս ազատումը արձանագրուած է Աստուածաշունչի Եսթերայ գիրքին մէջ։

Մուրթքէ անունով տարեց Հրեայի մը կողմէ գրուած Եսթերայ գիրքը, շուրջ 18 տարի կը ծածկէ, Պարսկաստանի Ասուերոս կամ Քսերքսես Ա. թագաւորին իշխանութեան ընթացքին։ Այս շշմեցուցիչ պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ Եհովա ի՛նչպէս իր ժողովուրդը կը փրկէ թշնամիներուն դաւադրութիւններէն, նոյնիսկ եթէ իր ծառաները հսկայ կայսրութեան մը մէջ ցրուած են։ Ներկայիս, այդ իրողութիւնը արդարեւ Եհովայի ժողովուրդին հաւատքը կը զօրացնէ, որոնք 235 երկիրներու մէջ սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանեն իրեն։ Ասկէ զատ, Եսթերայ գիրքին ներկայացուցած անձնաւորութիւնները մեզի կը հայթայթեն դրական ու ժխտական օրինակներ։ Արդարեւ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ»։—Եբրայեցիս 4։12

ԹԱԳՈՒՀԻՆ ՊԷՏՔ Է ՄԻՋԱՄՏԷ

(Եսթերայ 1։1–5։14)

Իր իշխանութեան երրորդ տարին (493 Հ.Դ.Ա.), Ասուերոս թագաւոր խնճոյք մը կը սարքէ։ Վաշթի թագուհին, որ իր գեղեցկութեան համար համբաւաւոր է, թագաւորին տհաճութեան կ’արժանանայ ու իր դիրքը կը կորսնցնէ։ Բոլոր գեղեցիկ կոյսերէն Հրէուհի Ադասսան կ’ընտրուի, որպէսզի անոր տեղը առնէ։ Իր զարմիկին՝ Մուրթքէի պատուէրին անսալով, ան իր ազգութիւնը չի յայտներ ու կը գործածէ իր պարսկական անունը՝ Եսթեր։

Ժամանակ մը ետք, թագաւորը Համան անունով մեծամիտ մարդ մը կը բարձրացնէ ու վարչապետ կը նշանակէ։ Որովհետեւ ‘Մուրթքէ չի ծռիր ու չ’երկրպագեր’ իրեն, Համան կը զայրանայ եւ կը ծրագրէ Պարսկական Կայսրութեան մէջ եղող բոլոր Հրեաները բնաջնջել։ (Եսթերայ 3։2) Համան թագաւորը կը համոզէ, եւ Ասուերոս հրովարտակ կը հանէ որ այս ջարդը կատարուի։ Մուրթքէ ‘քուրձ կը հագնի եւ վրան մոխիր կը ցանէ’։ (Եսթերայ 4։1) Այժմ Եսթեր պէտք է միջամտէ։ Ան թագաւորն ու վարչապետը խնճոյքի կը հրաւիրէ։ Երբ անոնք սիրով ներկայ կը գտնուին, Եսթեր կը խնդրէ որ յաջորդ օրը դարձեալ իր սարքելիք խնճոյքին գան։ Համան ուրախ է։ Սակայն ան կը կատղի, քանի որ Մուրթքէ կը մերժէ զինք պատուել, ուստի կը ծրագրէ զինք սպաննել՝ խնճոյքէն առաջ։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։2-5—Կոչունքը 180 օ՞ր տեւեց։ Համարը չ’ըսեր թէ կոչունքը այդքան երկար տեւեց, այլ կը նշէ թէ 180 օր թագաւորը իր թագաւորութեան փառաւոր հարստութիւնը եւ իր մեծութեան հոյակապ շքեղութիւնը իշխանաւորներուն ցոյց տուաւ։ Թերեւս թագաւորը այս երկարատեւ առիթը օգտագործեց իր թագաւորութեան փառքը ցուցադրելու, որպէսզի մեծամեծները տպաւորէ ու համոզէ թէ ինք կրնայ իր ծրագիրները իրագործել։ Այս պարագային, 2 եւ 5–րդ համարները կ’ակնարկեն 7 օրուան կոչունքին, որ տեղի ունեցաւ 180 օր համախմբուելէ ետք։

1։8—Ի՞նչ կերպով խմելիքի նկատմամբ «բռնադատող չկար»։ Այնպէս կը թուի որ Պարսիկները այսպիսի հաւաքոյթներու մէջ սովորաբար զիրար կը պարտադրէին որ որոշ քանակ մը խմեն։ Այս առիթով, Ասուերոս թագաւոր բացառութիւն մը ըրաւ։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Անոնք որքան որ ուզէին կրնային խմել, քիչ թէ շատ»։

1։10-12—Վաշթի թագուհին ինչո՞ւ մերժեց թագաւորին առջեւ գալ։ Կարգ մը ուսումնականներ կը թելադրեն թէ թագուհին մերժեց գալ, քանի որ չուզեց թագաւորին գինով հիւրերուն առջեւ ինքզինք նուաստացնել։ Կամ, թերեւս արտաքին գեղեցկութիւն ունեցող այս թագուհին իսկապէս հլու չէր։ Թէեւ Աստուածաշունչը անոր շարժառիթը չի նշեր, սակայն իմաստունները խորհեցան թէ իր ամուսինին չհնազանդիլը լուրջ հարց մըն էր եւ թէ անոր գէշ օրինակը պիտի ազդէր բոլոր կիներուն Պարսկաստանի նահանգներուն մէջ։

2։14-17—Եսթեր թագաւորին հետ անբարոյ սեռային յարաբերութիւններ ունեցա՞ւ։ Ո՛չ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ թագաւորին քով գացող կիները, առտուն միւս կանանոցը կը վերադառնային, թագաւորին ներքինիին՝ «հարճերուն պահապան»ին հսկողութեան տակ։ Արդ, թագաւորին հետ գիշերը անցընող կիները, իր հարճերը կամ երկրորդական կիները դարձան։ Սակայն Եսթեր թագաւորը տեսնելէ ետք, հարճերուն տունը չտարուեցաւ։ Երբ ան Ասուերոսի առջեւ բերուեցաւ, «թագաւորը Եսթերը բոլոր կիներէն աւելի սիրեց ու անիկա անոր առջեւ բոլոր աղջիկներէն աւելի սէր ու շնորհք գտաւ»։ (Եսթերայ 2։17) Ան ի՞նչպէս Ասուերոսի առջեւ «սէր ու շնորհք գտաւ»։ Ա՛յն կերպով որ ուրիշներու հաճութիւնը ստացած էր։ «Աղջիկը [Հեգէի] հաճելի եղաւ ու անոր առջեւ շնորհք գտաւ»։ (Եսթերայ 2։8, 9) Եսթեր Հեգէի հաճութիւնը շահեցաւ՝ միմիայն իր արտաքին երեւոյթին ու լաւ յատկութիւններուն հիման վրայ։ Իրականութեան մէջ, «Եսթեր բոլոր զինք տեսնողներուն առջեւ շնորհք գտաւ»։ (Եսթերայ 2։15) Նմանապէս, թագաւորը Եսթերի մէջ իր տեսած բաներով տպաւորուեցաւ ու սկսաւ զինք սիրել։

3։2. 5։9—Մուրթքէ ինչո՞ւ մերժեց Համանի ծնրադրութիւն ընել։ Սխալ բան մը չէր որ Իսրայելացին մեծաւորի մը բարձր դիրքը ընդունելով երկրպագութիւն ընէր։ Սակայն Համանի պարագան տարբեր էր։ Ան Ագագացի էր, հաւանաբար՝ Ամաղեկացի, եւ Եհովա վճռած էր Ամաղէկը բնաջնջել։ (Բ. Օրինաց 25։19) Համանի ծնրադրութիւն ընելը, Մուրթքէի համար պիտի նշանակէր Եհովայի հանդէպ իր ուղղամտութիւնը բեկանել։ Ան բացարձակապէս մերժեց, ըսելով թէ Հրեայ մըն էր։—Եսթերայ 3։3, 4

Դասեր՝ մեզի համար.

2։10, 20. 4։12-16. Եսթեր Եհովայի հասուն երկրպագուի մը տուած ուղղութիւնն ու խրատը ընդունեց։ Խոհեմութիւն է որ ‘մեր առաջնորդներուն մտիկ ընենք ու անոնց հնազանդինք’։—Եբրայեցիս 13։17

2։11. 4։5. «Իւրաքանչիւրը թող նկատի չառնէ միայն իր շահը, այլ նաեւ ուրիշներո՛ւնը»։—Փիլիպպեցիս 2։4, ԱՎ

2։15. Եսթեր համեստութիւն ու ժուժկալութիւն ցուցաբերեց, Հեգէի հայթայթածէն զատ յաւելեալ գոհարեղէն կամ շքեղ հանդերձներ չխնդրելով։ «Սրտին ծածուկ մարդը անեղծութիւնով հեզ ու հանդարտ հոգին» էր, որ Եսթերը թագաւորին հաճութեան արժանացուց։—Ա. Պետրոս 3։4

2։21-23. Եսթեր եւ Մուրթքէ վերին ‘իշխանութիւններուն հնազանդելու’ մէջ լաւ օրինակներ էին։—Հռովմայեցիս 13։1

3։4. Եսթերի նման, կարգ մը պարագաներուն խոհեմութիւն է որ մեր ինքնութիւնը չյայտնենք։ Սակայն, երբ կարեւոր հարցերու նկատմամբ դիրք բռնելու կարիք կայ, ինչպէս Եհովայի գերիշխանութիւնը եւ մեր ուղղամտութիւնը, անվախօրէն յայտնե՛նք թէ Եհովայի Վկայ ենք։

4։3. Երբ փորձութիւններ դիմագրաւենք, աղօթքով Եհովայէ զօրութիւն եւ իմաստութիւն պէտք է խնդրենք։

4։6-8. Մուրթքէ ջանաց օրինական լուծում մը գտնել Համանի դաւադրութեամբ յառաջ եկած սպառնալիքին։—Փիլիպպեցիս 1։7

4։14. Եհովայի հանդէպ Մուրթքէի վստահութիւնը օրինակելի էր։

4։16. Լիովին Եհովայի ապաւինելով, Եսթեր հաւատարմօրէն ու քաջաբար ձեռք առաւ իր կեանքին սպառնացող հարց մը։ Կենսական է որ սորվինք Եհովայի ապաւինիլ եւ ո՛չ թէ մեր անձին։

5։6-8. Ասուերոսի հաճութիւնը շահելու համար, Եսթեր խոհեմութեամբ զինք երկրորդ կոչունքի մը հրաւիրեց։ Մենք ալ ուշիմութեամբ պէտք է վարուինք։—Առակաց 14։15

ԻՐԱՐԱՅԱՋՈՐԴ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄՆԵՐ

(Եսթերայ 6։1–10։3)

Իրարայաջորդ իրադարձութիւնները կացութիւնը բոլորովին կը փոխեն։ Համան Մուրթքէի համար պատրաստած փայտին վրայ կը կախուի, իսկ Մուրթքէ վարչապետ կ’ըլլայ։ Հրեաները ջարդելու ծրագիրն ալ խափանելու համար քայլեր կ’առնուին։

Հաւատարիմ Եսթեր դարձեալ խիզախօրէն կը խօսի։ Իր կեանքը վտանգելով, ան թագաւորին կը ներկայանայ ու կ’աղաչէ որ Համանի մտածած չարիքը կերպով մը խափանէ։ Ասուերոս ճարը գիտէ։ Ուստի, երբ ջարդին որոշուած օրը կու գայ, ո՛չ թէ Հրեաները, այլ՝ անոնց վնաս հասցնել ուզողները կը սպաննուին։ Մուրթքէ Փուրիմի տօնը կը հաստատէ, ամէն տարի այս մեծ ազատումը յիշատակելու համար։ Ասուերոս թագաւորէն ետք երկրորդ դիրքը գրաւելով, Մուրթքէ ‘իր ժողովուրդին բարօրութիւնը կը փնտռէ, եւ իր ամբողջ զարմին խաղաղութեան համար կը խօսի’։—Եսթերայ 10։3, ԱՎ

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

7։4—Հրեաներուն բնաջնջումը ի՞նչպէս ‘թագաւորին վնաս’ պիտի բերէր։ Հրեաները որպէս ստրուկներ ծախուելու կարելիութիւնը փափկանկատօրէն նշելէ ետք, Եսթեր ցոյց տուաւ թէ թագաւորը վնաս պիտի կրէր եթէ անոնք բնաջնջուէին։ Եթէ Համան ծրագրէր Հրեաները ծախել իբրեւ ստրուկներ, ասիկա թագաւորին գանձատան շատ աւելի շահ պիտի բերէր, քան՝ իր խոստացած 10,000 տաղանդ արծաթը։ Ասկէ զատ, դաւադրութեան ի գործ դրուիլը թագուհիին կորուստը պիտի նշանակէր։

7։8—Պալատականները ինչո՞ւ Համանի երեսը ծածկեցին։ Թերեւս ամօթ կամ դատապարտութիւն նշելու համար։ Աշխատասիրութեան մը համաձայն, «վաղեմի մարդիկը երբեմն անհատին գլուխը կը ծածկէին՝ մահուան դատավճիռը գործադրելէ առաջ»։

8։17—Ի՞նչ կերպով «երկրին ժողովուրդներէն շատերը Հրեայ եղան»։ Բացայայտ է որ բազմաթիւ Պարսիկներ Հրեայ նորադարձներ եղան, խորհելով թէ նոր հրովարտակը՝ Հրեաներուն հանդէպ Աստուծոյ հաճութիւնը կը նշէր։ Նոյն սկզբունքին հիման վրայ հետեւեալ մարգարէութիւնը կը կատարուի. «Ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ մէկուն քղանցքը պիտի բռնեն՝ այսինքն Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. ‘Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է’»։—Զաքարեայ 8։23

9։10, 15, 16—Թէեւ հրովարտակը Հրեաներուն արտօնութիւն տուաւ որ աւար առնեն, սակայն անոնք ինչո՞ւ աւարին ձեռք չերկարեցին։ Անոնց մերժումը բացայայտ դարձուց թէ իրենց նպատակը ինքնապաշտպանութիւն էր, եւ ո՛չ թէ հարստանալ։

Դասեր՝ մեզի համար.

6։6-10. «Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւն ու կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ»։—Առակաց 16։18

7։3, 4. Քաջաբար մենք մեզ կը ճանչցնե՞նք որպէս Եհովայի Վկաներ, նոյնիսկ եթէ ասիկա կրնայ հալածանքի դուռ բանալ։

8։3-6. Մեր թշնամիներէն պաշտպանուելու համար, կրնանք կառավարական հեղինակութիւններու եւ ատեաններու դիմել։

5. Եսթեր նրբանկատօրէն չյիշեց իր ժողովուրդը բնաջնջելու հրովարտակին մէջ թագաւորին ունեցած դերը։ Նոյնպէս, պէտք է փափկանկատ ըլլանք, երբ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կը վկայենք։

9։22. Մեր մէջ գտնուող աղքատները պէտք չէ մոռնանք։—Գաղատացիս 2։10

Եհովա «օգնութիւն ու ազատում» պիտի հայթայթէ

Մուրթքէ կը նշէ թէ աստուածային ի՛նչ նպատակով Եսթեր թագուհի եղաւ։ Վտանգի առջեւ գտնուելով, Հրեաները ծոմ կը պահեն ու աղօթքով օգնութիւն կը խնդրեն։ Թագուհին անհրաւէր թագաւորին կը ներկայանայ, եւ ամէն անգամ լաւ ընդունելութիւն կը գտնէ։ Թագաւորը ա՛յդ ճակատագրական գիշերը չի կրնար քունի անցնիլ։ Արդարեւ Եսթերայ գիրքը ցոյց կու տայ թէ Եհովա ի՛նչպէս իրադարձութիւնները կը ղեկավարէ իր ժողովուրդին օգտին համար։

Եսթերայ գիրքը յատկապէս կը քաջալերէ մեզ, մինչ «վերջին ժամանակ»ին մէջ կ’ապրինք։ (Դանիէլ 12։4) «Վերջին օրերը»,– վերջին ժամանակին վերջին հանգրուանին,– Մագոգի Գոգը՝ Բանսարկուն ամբողջական յարձակում մը պիտի կատարէ Եհովայի ժողովուրդին վրայ։ Անոր նպատակը պիտի ըլլայ՝ ճշմարիտ երկրպագուները բոլորովին բնաջնջել։ Բայց Եհովա իր երկրպագուներուն «օգնութիւն ու ազատում» պիտի հայթայթէ, ինչպէս Եսթերի օրերուն ըրաւ։—Եզեկիէլ 38։16-23. Եսթերայ 4։14

[Նկար՝ էջ 30]

Եսթեր ու Մուրթքէ՝ Ասուերոսի ներկայութեան